Ճեսի Արլէն

ՍԵՊՀԱԿԱՆ

     Պիտի գրես, պիտի գրես, եւ անպայման խելացի բան մը դուրս պիտի բերես։

     Անկարելի է որ այդքան գիրքեր կարդալէն ետք, այդքան դասախօսութիւններ լսելէն ետք, այնչափ տեղեկութիւն կլլելէն ետք ըսելիք խելացի բան մը չունենաս։

     Միտքը՝ կղզի մը անիրականութեան ծովու մէջ. յոյս մը, որ բան մը կայ իրմէ դուրս. վստահութիւն մը, որ երբ քար կը տեսնուի, քար կայ։

     Չէ՛, այդպէս չ՚ըլլար։ Նորէն սկսէ՛։

     Պիտի գրես, պիտի գրես, անկարելի է որ այնքան համերգ լսելէն ետք, այնքան նկար տեսնելէն ետք, այնքան բանաստեղծութիւն ուտելէն ետք, գեղեցիկ բան մը ստեղծելիք չունենաս։

     Միտքը՝ փոշի մը ցօղ ծաղկի թերթի վրայ, մարդոցմէ աննկատ կը թրթռայ, քամիէն զարնուած գետին կ՚իյնայ, վայրկեան մը կը շողայ անհետանալէն առաջ։

     Ձգտիլ պատկերի, որ քեզմէ միշտ խուսափի, որ քեզմէ միշտ անդին ըլլայ. Կը մնայ փոխաբերութիւնը առանց իմաստի՝ բոլոր սորվածներուդ արդիւնքը։ Եւ ինչի՞ պիտի ծառայեն սորվածներդ. ետեւ պիտի թողուին։ Հագուստի պէս պիտի հանուին, եւ խաւարին մէջ մերկ պիտի իյնաս։ Միայն միտքդ պիտի ունենաս, որ ա՛լ քեզի չի պատկանիր։

     Ուրեմն, կրնա՞ս զանոնք կանխաւ լքել, որպէսզի միայն բնականը մնայ։ Այդպէս եղած ըլլալու է ծնած ատենդ հաւանաբար. կարելի՞ է որ նորէն այդպէս ըլլաս։ Բան մը կա՞յ սորվածներէդ դուրս, որ արտայայտել կարենաս։ Միտքդ իր սեփական միտքը ունի՞ ըսելիք ուրիշներու ըսածներէն դուրս։

     Այդ միտքը կը փնտռեմ, քիչ-քիչ կը յաջողիմ, շատ անգամ չեմ գտներ կամ կը խաբուիմ։

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 4

Your email address will not be published. Required fields are marked *

նախորդ
ՄՕՐՈՒՆ