Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

ԿԱՐՃ-ԿԱՐՃ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ

(Ան)Մահազդ

16 յուլիս 2017ին, 77 տարեկան հասակին մահացաւ George Romero, The Night of the Walking Death սարսափի դասական ժապաւէնին բեմադրիչը, եւ զոմպիի չվերածուեցաւ:

Գրաքննադատի գաղտնիքը

Տարիներով փորձեց գրել: Բայց գրածը այնքան վատ դուրս կու գար որ ինք իսկ կարդալ չէր կրնար: Հիասթափութիւնը այնքան խոր էր որ փորձեց հասկնալ թէ ինչո՛ւ այնքան վատ կը գրէր: Այդպէս էր որ վերածուեցաւ հանրածանօթ գրաքննադատի որուն յօդուածը կրնար լոյս տեսած որեւէ նոր հատորի ճակատագիրը որոշել: Ստեղծագործ գրականութիւն այլեւս չփորձեց: Ոչ ոք իմացաւ թէ պատճառը իր մասնագիտութեան բազմազբաղուածութի՞ւնն էր, թէ՞ այլեւս համոզուած էր որ ոչ մէկ գրող իր նման գիրք կարդալու համար վարձատրուելու բախտը կ’ունենայ:

Մարդկային իրաւանց վերջինը

Վերջին սիկառէթը ամէն մահապարտի իրաւունքն է թէկուզ եւ օրէնքով ծխելն արգիլուած ըլլայ:

Miseria machista

Հայելիին մէջ ինքզինք դիտելով վստահ էր որ կինը իրմէ աւելի լաւ ճաշակ ունեցած էր: Նոյնը չէր կրնար ըսել սակայն բարեկամի կողակիցին մասին:

Cogito Ergo Sum XXI century revised version

Քսանմէկերորդ դարուն վերածնած Ռընէ Տեքարթ ինքզինքին հարց տուաւ թէ իր փիլիսոփայական հանրածանօթ բանաձեւին ո՞ր բաժինը սխալ էր: Եւ քանի որ չէր կրնար կասկածի տակ դնել իր մտածելու կարողութիւնը, եզրակացուց որ սխալ էր անոր հետեւումը. մտածելու կարողութիւնը անպայման գոյութեան փաստ չէ: Այն ատեն անդրադարձաւ որ չէր վերածնած ինչպէս կը կարծէր: Ոչ ալ մտածողը ինքն էր աշխարհի մը մէջ, ուր մտածող մեքենաներուն համար գոյութեան խնդիրը բնաւ չէր դրուեր:

«Soy el sueño de un hombre muerto». Bruno Lazzaro

Քունին մէջ մահացաւ առանց երազը իր աւարտին հասցնելու:
    Հիմա երազը մղձաւանջն է անոնց որոնց կ’այցելէ եւ կը սպասէ որ զինք հասցնեն այն աւարտին, որ զինք ծնունդ տուած քունը ծրագրած էր հասցնել:

Gregor Sampa,

կամ՝ Քաֆքայի բզէզին մղձաւանջը երբ առաւօտ մը արթննալով անդրադարձաւ որ կերպարանափոխուած է մարդ արարածի:

Խաւարում (16.06.2019, 7:07AM)

16 յունիս 2019ին, կիրակի օր, Հարաւային քաղաքի ու իր արուարձաններուն բնակիչները արթնցան տեղատարափ անձրեւէն, երկինքը՝ ամպամած, փողոցը՝ մութ, եւ սոցիալական ցանցերէ իմացան որ առաւօտեան ժամը 7:07ին ելեկտրական հոսանքի ամբողջ համակարգը փլուզուած էր: Հոսանքը անջատուած էր ամբողջ երկրի տարածքին, նոյնիսկ դրացի երկիրներուն մէջ: Միայն հարաւային բեւեռի կից նահանգը զերծ մնացած էր համակարգի փլուզման հետեւանքէն. հոսանքի ապահովումը բնական էր եւ նախաձմեռնային պաղ աշնան արեւը կը փայլէր երկնքին մէջ:
    Կառավարութիւնը պատասխան չունէր համակարգի փլուզման պատճառներուն մասին: Կ’ըսէր թէ պատմականօրէն աննախընթաց էր, միաժամանակ կը վստահեցնէր, որ քանի մը ժամ յետոյ հոսանքը պիտի վերահաստատուէր:
    Անցան քանի մը ժամեր, օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, հոսանքը չվերադարձաւ, անձրեւը չդադրեցաւ: Հարաւային քաղաքի եւ արուարձաններու բնակիչներուն կեանքը նոր հունի մէջ մտաւ, փորձ եղաւ այդ մէկը բնականոնացնելու որպէս գոյավիճակ, բայց ի վերջոյ իրավիճակը պայթեցաւ քաոսացաւ: Սկսաւ դէպի աւելի հարաւ գաղթականական հոսքը: Ամենահարաւային նահանգը նախ մեծահոգաբար ընդունեց համաքաղաքացիները, յետոյ սկսաւ բանականութեան կոչ ուղղել որպէսզի հոսքը զսպուի, ի վերջոյ անկախութիւն հռչակեց, սահմանը փակեց եւ շատ արագ հսկայ պատ մը կառուցեց:
    Պատին մօտ բազմացան գաղթակայանները, մարդիկ իրենց թշուառութեան մէջ յոյս ունէին աւետեաց երկիր մտնել եւ հարկ էր իրենց կարգը սպասել: Արդարեւ, ամենահարաւային նորանկախ երկրի կառավարութիւնը արդէն կեանքի կոչած էր գաղթականներու ընդունելութեան եւ տեղաւորման ամբողջ ընթացակարգ մը: Զրահապատ փոխադրակառքեր, համաձայն նախապէս պատրաստուած անուանացանկերու, գաղթականները խումբ առ խումբ կը փոխադրէին առ աւելի հարաւ՝ բեւեռային սառցանապատը որուն բնակեցման ու ապագայ զարգացման ամբողջ ծրագիր մը կեանքի կոչուած էր:
    Պայմանները անշուշտ տաժանելի էին, բայց նկատի ունենալով բնակութեան համար հոն հասնողներէն վերապրածներուն ընդհանուր թիւը, կ’եզրակացուէր որ տաժանելի պայմանները անպայմանօրէն անտանելի կրնային չըլլալ: Ի վերջոյ, Հարաւը քաղաքակրթող պետական դէմքերէն մէկը պատմական պատգամ մը ձգած էր հեռաւոր անցեալ թուող 19րդ դարուն՝ «Կառավարելը բնակեցնել է»:
    Սառնամանիք է հարաւային բեւեռ, բայց ամէն մարդ կը յուսայ որ կլիմայական փոփոխութեան շարունակումով արագացած գլոբալ ջերմացման ազդեցութիւնը շատ շուտով պիտի հասնի մոլորակի այս տարածքը եւ սառոյցը հալելով նոր աշխարհ մը մէջտեղ պիտի գայ: Մարդկային քաղաքակրթութեան արկածախնդրութեան նոր էպոս մը գրուելու արդէն սկսած է:

Black Mirror

Կոմս Տրաքուլան մարդ արարածը չէր սիրած բնաւ: Իր սնունդի աղբիւրն էր ան, մարդկային արիւնի կարիք ունէր, այդքան միայն: Մարդ արարածին մէջ ան ո՛չ մէկ արժանիք կը տեսնէր, ընդհակառակը, դարերու ընթացքին անոր բոլոր ժխտական յատկանիշները արձանագրուած եւ արմատացած էին իր յիշողութեան մէջ: Պլաք Միրրորի գտած յաջողութիւնը սակայն Կոմս Տրաքուլան մղած էր մարդ արարածը ո՛չ միայն չսիրելու այլ՝ ատելու: Սերիալի խորագիրը ցաւոտ յիշատակը կը բերէր իր գիտնական նախահօր, որ տարիներու ժրաջան աշխատանքէ յետոյ գտած էր գաղտնիքը վամփիռներու պատկերը արտացոլող հայելին, զոր կոչած էր «Սեւ Հայելի»: Դժբախտաբար, առիթը չէր ունեցած գիւտը հանրութեան ներկայացնելու. զոհ գացած էր Աբրահամ Լինքոլնի մէկ նախահօր, որ քաղաքական ամպիցիա չունենալով եւ ստրուկներու ճակատագրին հանդէպ անտարբեր ըլլալով իր կեանքը տրամադրած էր վամփռորսորդութեան: Իր հետ տարած էր նաեւ «Սեւ Հայելի»ին գաղտնիքը: Ապերախտ մարդ արարածը ԱՄՆի 16րդ նախագահին ոճրագործի երեսն ալ հերոսացուցած էր ժապաւէնով մը, մինչ Նեթֆլիքսի վրայ արդէն իր հինգերորդ եղանակը սկսող Պլաք Միրրորին ո՛չ մէկ յայտ կը նշէր խորագրին պատմական ճշմարտութիւնը եւ արժանի տեղը կու տար իր դժբախտ նախահօր: Ոչ ալ սերիալին արտադրողներուն մտքէն անցած էր իր տեսակին հեղինակային իրաւունքը ճանչնալ խորագրի գործածութեան համար եւ իրեն պատշաճ հոնորար մը առաջարկել:

Կը կարդամ, ուրեմն՝ կամ

Գրասեղանին վրայ կը հաւաքուէին գիրքերը: Միշտ աւելի էին թիւով: Կը կարդար, մինչ դուրսը ռումբերը կը տեղային: Գիրք կարդալու ծրագիրը ապրելու ամենաանհեթեթ ապահովագրութիւնը կը թուէր ըլլալ, բայց ուրիշն ալ չկար: Տարիներ յետոյ անդրադարձաւ, որ կրնար ըլլալ որ օր մը սեղանի վրայ դրուած մոմը պատահմամբ շրջէր և գիրքերը բռնկէին: Կամ ալ տեղատարափ անձրեւը կոխէր սենեակը եւ գիրքերը այնքան թրջուէին որ անընթեռնելի ըլլային, եւ կեանքը, ռումբերուն տակ թէ այլուր, անպիտանար այնքան որքան Ռապիհ Ալամուտտինի An unnecessary womanը, զինք վերածելով Զօրայր Խալափեանի «Ոմն Սարգիս»ի, որ նոյնիսկ չհասցուց իրականացնել այն ինչ ցանկացած էր՝ «Ես կարդալով կ’ուզեմ մեռնիլ»:

The Dark Side of Order

Նշանաւոր խոհարարապետի մը նման, որ գործի աւարտէն յետոյ հասարակ Պիկ Մաք մը կ’ուտէ, Մէրի Քոնտօ, իր այդ օրուան ցանկին վրայ գտնուող բոլոր թափթփածներուն կեանքը կարգի բերելէ յետոյ, երբ տուն կը հասնի, ժպիտը կը սրբէ երեսէն եւ կարգուկանոնով բնականաբար յատկանշուած իր բնակարանը տակնուվրայ կ’ընէ: Մէրի ամէն գիշեր երջանիկ կը քնանայ: Գիտէ որ առաւօտեան սպասուհին ամէն ինչ կարգի պիտի բերէ: Ինչպէս որ իրեն սորվեցուցած էր…

Քաշէ քիթէդ տուր (the post-aspire high-end vaping kit episode)

Խորագիրը կը յիշեցնէր թէ ինչպէս ինք սկսած էր ծխել եւ գրել:
    Տողերուն հեղինակը, սակայն, կը տեղեկացնէր որ «իրական կեանքէ առնուած տուեալներու վրայ հիմնուած» իր անտիպ գրութիւնը մօտ ատենէն պիտի հրատարակուէր գրական ամսագրի մը մէջ եւ իր գրողի ասպարէզի սկիզբը պիտի ըլլար:
    Կարճ այդ գրութիւնը, «մանր պատմուածք» ժանրի ըստ հեղինակին, հետեւեալն էր.
    «Համացանցին վրայ կարդաց թեմային վերաբերեալ ամէն ինչ որ գրուած էր ե՛ւ վատ, ե՛ւ լաւ: Կայքէջերուն վրայ իրարու հետ համեմատեց առաջարկուած մակնիշները, բաղդատեց գիները, թեքնիք մանրամասնութիւնները, կարդաց սպառողներու կարծիքները, կարողական գնորդներու հարցումները: Ի վերջոյ որոշեց գնելիքը՝ aspire High-end Vaping Kit, «…a change you can taste», ինչպէս կը համոզէր ծանուցումը: Այդպէս էր որ ծխել սկսաւ, առանց շատ հասկնալու թէ ինչու իրեն հարց կու տային թէ արդեօք կը փորձէր ծխելէ հրաժարիլ»։
    Ընթերցումը աւարտելէ յետոյ մտածեց՝ «եթէ ամէն փչող ինքզինք գրող պիտի կարծէ գործ ունինք…», եւ վերադարձաւ իր գործին. համացանցին վրայ կը փնտռէր «Վէյփինկ»ի գործիքներու նորագոյն առաջարկները:
    Որոշած էր aspire High-end Vaping Kit-ը փոխարինել աւելի զարգացած տարբերակով մը: Առաջինը արդէն քանի տարիէ կը գործածէր, բայց արդէն հին պատմութիւն էր: Ոչ թէ անոր համար որ համացանցային շուկային վրայ ամէն օր նոր համի շոգիի մը հեղուկին ստեղծագործման առաջարկին տարածումը կարելի չէր նոյն այդ aspire High-end Vaping Kit գործիքով փորձել: Սակայն, բթամատին եւ ձեռքի երկու կամ երեք մատներուն միջեւ, կամ ալ նարկիլէի ծխակին նման բռնուող այդ գործիքը իր առնականութիւնը կորսնցուցած էր շոգարձակ նոր տեսակներուն համեմատած: Այս վերջինները, ըստ իր տեսած բոլոր ծանուցումներուն, անհրաժեշտաբար պէտք է ամփոփուին ափին մէջ՝ արդարացնելու համար էրգէկներուն վայել շատ աւելի առատ շոգարձակման մը գրաւչութիւնը:
    Բայց համացանցին վրայ շոգարձակման արդէն ոչ այնքան նորոյթ սովորութեան մասին լոյս տեսած բոլոր յօդուածները կը վերաբերէին անոր վնասակար բնոյթին:
    Գալիֆորնիոյ Համալսարանի վերջին ուսումնասիրութեան համաձայն, հակառակ տարածուած կարծիքին, շոգարձակումը ծխելը ձգելուն չ’օգներ: Ընդհակառակը, ամէն օր շոգարձակողները որոնք «առիթներով» ծխախոտ մը կը վառէին, «կրկնակի սպառող»ներ ըստ թեքնիք բնորոշումի մը, երեք անգամով կ’աւելցնէ թոքային հիւանդութիւններու ռիսկը: Յօդուածը համոզիչ չէր: «Ինքզինքին գրողի հովեր տուածին ըսինք որ հարցս ծխելը չէ այլ ծխել սկսիլը», տրամաբանեց եւ անցաւ միւս յօդուածին:
    Երկրորդ գրութիւնը որ երեւցաւ պաստառին վրայ առաջինին հիմնաւորումները կը հաստատէր «կրկնակի ծխող»ներուն պարագային: Կարեւորութիւն չտուաւ: «Ուզածնուն չափ թող ուսումնասիրեն, մէկը Կիրակի օրուայ սիկառէս հրաժարիլ պիտի չտայ ինծի», մտածեց: «Պատշգամիս ըլլամ երեկոյեան թէ այս լիճին ափին»:
    Եւրոպացիներն ալ ըսելիք ունին եղեր: Չի բաւեր որ Boyard, Gitanes maïs հարամ ըրին. մեզի հիմա ալ ծխախոտի դէմ քարոզարշաւի մասնագէտները Եւրոպական Միութեան օրէնքները կ’ուզեն մեկնաբանել influencer-ներուն դէմ: «Իրենց գիտնալիքն է», մտածեց: Ինք Դիմատետրի սերունդ է, քանի մը տարի վեր քանի մը տարի վար հասցուցած է ըլլալ, Ինսթակրամի չոճուխները թող զբաղին այս խնդրով:
    Միացեալ Նահանգներու նախագահը, բարեբախտաբար, խելքը գլուխը մէկն է, հէչ մէկուն խաթրին չ’ուզեր դպնալ: e-cigaretteներու ազդերու արգելքը կը բացառէր շոգիի հեղուկները: Կամ ատանկ բան մը, ինչ կարեւոր է, մտածեց առանց շատ հասկնալու թէ ինչն էր որ պիտի արգիլուէր եւ ինչն էր որ արգելքէ զերծ պիտի մնար:
    Վերջին յօդուածին խորագիրը համոզեց որ վերջ պէտք է տայ այս անիմաստ փնտռտուքին: Արժանթինցի մասնագէտ Սեպասթիան Ֆերնանտէս-Պուսիի հետ եղած հարցազրոյցէն մէջբերում մըն էր. «Ելեկտրական սիկարէթին երկար վազքի վրայ ազդեցութեանց մասին շատ բան չենք գիտեր»: Յօդուածը կարդալու պէտք չունեցաւ հասկնալու համար մէջբերման իմաստը: Քէյնէս արդէն ըսած էր. «Երկար վազքի վրայ բոլորս ալ պիտի մեռնինք»:
Աւելի մանրամասնեց համացանցային իր փնտռտուքը եւ գտաւ ուզածը. iStick Pico Melo III Mini, որուն մասին, մտածեց, նայինք եթէ կ’արժէ գրել:

Խորագիրը գրութեան մէջ

«Strangers in Beirut, we walked around, stopping for coffee, tea, beer or wine. We could barely stop talking — but, in retrospect, my favorite moments were the silent ones. (Álvaro Fernández Cruz, Universidad Carlos III de Madrid, We Weren’t Dreaming — Tiny Love Stories, The New York Times, May 7, 2019)։ Երկար խօսեցանք ծրագրին մասին: Սկիզբը գաղափարը թուեցաւ խենթութիւն: Յետոյ սկսանք դժուարութիւններու դիմագրաւման ձևերուն մասին մտածել: Լուծումները երեւացին, նաեւ՝ նոր խոչընդոտներ, եւ այսպէս չեմ յիշեր որքան ժամանակ առաւ մինչև որ սպառեցինք նիւթը: Երբ ըսելիք չմնաց լռութիւն տիրեց, պահ մըն էր միայն, բայց բաւարար որ սիրենք զիրար: Մոռցած եմ թէ ինչ ծրագրի մասին խօսեցանք: Երեւի մեր կեանքն էր միասին որ հիմա լուռ կ’ապրինք եւ ծրագրելու պէտք չունինք:

Origami blues

Գրասենեակին մէջ թէ անվերջանալի ժողովներուն ընթացքին կը ձանձրանար: Թուղթի կտորները — գնումի ստացագիր, հանրակառքի տոմս, կամ պատահկան էջ մը որ կը պատռէր տետրակէն ուր նօթեր կ’առնէր (իբր թէ) — կը ծալէր: Ծալլուած թուղթի կտորները նաւակ կ’ըլլային կամ օդանաւ: Կը մնային հոն՝ գրասեղանին վրայ կամ ժողովասենեակը: Մաքրողները կը վերցնէին զանոնք եւ աղբի տոպրակին մէջ կը նետէին: Օրերն այսպէս կ’անցնէին՝ ձանձրանալով եւ թուղթէ նաւակ, օդանաւ շինելով, որոնք երբեք ծով կամ երկինք պիտի չհասնէին: Ոչ ալ ինք, որ թուղթէ նաւակ չէր, ոչ ալ օդանաւ, բայց արդէն կը փտէր գոյութեան աղբամանին մէջ:

Shit time (Charles Bukowski)

Անմիջապէս որ արթննայ բաժակը կը լեցնէ: Կը պատահի որ գիշերը խմիչքի շիշը պարպելու հասած չըլլար, մոռացութիւնը կ’ըլլար պատճառը, բնաւ երբեք գինովութիւնը: Ընդհանրապէս, սակայն, նոր շիշ մը կը բանայ, շիշ մը որ նախորդը վերջացնելէն առաջ արդէն մօտը բերած կ’ըլլար — եւ այդ, տրամաբանօրէն, փաստ է որ եթէ գիշերը շիշին մէջ խմիչք աւելցած էր, ապա եւ մոռացութեան հետևանք էր, բնաւ երբեք գինովութեան: Բաժակը կը լեցնէ ուրեմն եւ կը յիշէ խոստումը՝ «never before noon.» Ժամացոյցին կը նայի — թէեւ գիտէ՝ «11:58.» / «we got two minutes.» Հանդիպած էին ծովեզերքը, բացօթեայ պէտքարան մը, ուր քով-քովի, պատահաբար, կը քաքնէին: Յետոյ այդ պահը վերածուած էր քերթուածի, ուր կը նշուէր իր խոստումը՝ կէսօրին խմել սկսելու:

Falsifiability in action

Գիտական վարկած մըն էր, բայց եղաւ / կ’ըլլայ իրողութիւն, որքան ալ որ ականատես վկաները դեռեւս կը սպասեն անոր ճշմարտացիութեան փաստարկումին:
    Օդերեւութաբանները, երկրաբանները, ովկիանոսագէտները, միջավայրի պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններու գիտահետազօտական բաժանմունքներու հրապարակած ուսումնասիրութիւնները… բոլո՛րը շատոնց հասած էին այն համոզումին որ կենսոլորտային պայմաններու վատթարացումը պիտի յանգէր յոռեգոյն աղէտի, ընդ որում երկրաշարժ, ծովաշարժ, յորձանուտային տեղատարափ անձրեւներ եւ հրաբխային ժայթքում միաժամանակ կը պատահէին, որու հետեւանքով ցամաքամասեր ամբողջ կը կործանէին:
    Վարկածը համոզիչ էր այնքա՛ն, որ պետութիւնները հասան այն եզրակացութեան, որ անոր իրականացման կանխարգելիչ միջոցառման մտածելն իսկ անկարելի էր, եւ, ամէն պարագայի, արդէն շատ ուշ էր, հետեւաբար որոշեցին ոչինչ ընել վարկածին հաւանականութիւնը նսեմացնելու կամ չէզոքացնելու համար, յուսալով որ ան, վերջին հաշուով, միայն վարկած մըն է, իրականութիւն չ’ըլլար, կամ իրենց երկրին չի վերաբերիր, եւ ուրեմն իրողութեան ժխտումը կրնար եւ քաղաքականօրէն ընդունելի եզրայանգում ըլլալ ոչինչ ընելու համար:
    Վարկածին ճշմարտացիութիւնը հազիւ թէ փոխեց կեանքին ընթացքը այն երկիրներուն մէջ, որոնք վարկածի սկզբնական իրականացման կործանիչ հետեւանքներէն զերծ մնացած էին: Տարբեր մարգարէներու հետեւորդները պնդեցին որ այդ բոլորը արդէն ըսուած էր, եւ հարիւրաւոր տարիներ ընթերցուող նոյն նախադասութիւնները կրկին կարդալով, ստեղծագործ բացառիկ տաղանդով մը յայտնաբերեցին պատահարի յայտնութիւնը: Պատահած / պատահող աղէտին համար պետութիւնները յանցաւոր գտան գաղթականները, ի մասնաւորի այլ աղէտի գօտիներէ աղէտէն առաջ սերածները, որոնց երկրէն վտարելու անմիջական միջոցառումներ ձեռք առին:

յաջորդ
ԸՍԷ ԻՆԾԻ