Սագօ Արեան

ԸՍԷ ԻՆԾԻ

ԸՍԷ ինծի` մեղքս ո՞ւր է, 
     որ կառափնատան առջեւ մոռցայ եւ ինչպէս յիշատակեցի վսեմ անունդ։
     Ըսէ ինծի արեւմաղին, երբ կտոր-կտոր հայրենիք կ՚երազէի, ինչ  հայեացքով Մուսա Սատըր մը դրիր աչքերուս մէջ ու յետոյ քալեցիր, 
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս քլաշինի կոթին վրայ զմռսեցիր գաղափարիդ անունը եւ կապար առ կապար բացիր անմահութեան ճանապարհին դռները։

     Ըսէ ինծի՝ ի՛նչ հասկցար, երբ հայհոյեցիր հօրդ, կլոր ակնոց դնողներէն խորշեցար եւ ի՛նչ զգացիր Պիքֆայայի ոլորաններուն վրայ։   
     Ըսէ ինծի քանի-քանի քերթողներու մօրուքէն քաշեցիր, հոն Պուրճ- Համուտի թաց մայթերուն վրայ, երբ շաւուրմայի իւղոտ թուղթերուն վրայ ստորագրեցիր անունովդ։
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէ՛ս կը չափես կիրքիդ ընկալումը, երբ կանգուն է ան, եւ դուն տիւ ու գիշեր Տորայի ամայութեան մէջէն կը հոսիս, անձրեւի պէս կիրք՝ անունը Մատոնա փողոց, նիհար ու բարակ սրունքներով այրի ու լպիրշ սէր մը ցանելով։

     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս գտար անունս, ինչպէս թաթխեցիր գրիչդ արեամբ լեցուն կաղամարին մէջ եւ ինչպէս ճզմեցիր սիրտդ, որպէսզի պահես քեզ գալիքներու պայթումէն։

     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս մտար Կեդրոնականի մեծ շէնքի սեւ դարպասէն, գրպանիդ մէջ ելեկտրական սիկարէթին մնացորդացը եւ երազիդ մէջ ապրած Եղիային թաց աչքերը։ 

     Ամէն տեղ տիկին Նիսըն մը փնտռեցիր, փնտռեցիր ընկերներդ գրապահարանի հայագիտութեան իբրեւ թէ պահապաններ, իբրեւ թէ գիրը շարողներ, շոյողներ ու շռողներ …    
     Ըսէ ինծի՝ ինչքան Ստալին կը հոտէին այդ նեխած նրբանցքները եւ ինչքան սովետ կար անցումներուն տակ ու մարշուտքաներու մոխրագոյն պատերուն տակ։
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէ՛ս հոգացիր բանաստեղծութեան ծախսերը, ու զանոնք մէկ-մէկ ծալեցիր ու դրիր սառնարանի աջ կողմը, որպէսզի պահուին եւ հարիւր տարի ետք ալ հողէն դուրս գան ու աճին։
     Ըսէ ինծի՝ ինչքան կ’ատես Ամերիկա հրէշը եւ ինչքան կը սիրես Ալէն Կինզպըրկի սեւ ու կլոր ակնոցները։՚

     Ըսէ ինծի՝ ինչքան կը սիրես քոյրերդ, որոնք շփացած չեն ու սիրտ են մէյ մէկ։   
     Ըսէ ինծի՝ ի՛նչ գուրգուրոտ աչքերով կը նայիս կնոջդ աչքերուն, որուն բառերուն մէջ (հակառակ ընթացքով) կը հալի արեւելահայերէնի սատանան ու կ’ապրի, կը յառնէ արեւմտահայերէնի պայծառ ապագան։
     Ըսէ ինծի՝ հին թերթերու կապոցները ուր կը պահես եւ ինչքան երկար կը մտածես  բանաստեղծութեան մէջ ապրելու համար։
     Ըսէ ինծի՝ հերոսները սուրճի արեւով ինչպէս կը տանջես վէրքիդ վրայ ու կը սպասես երկար ապրումի մը պահուն, որ այս սեւ գիշերը հեռանայ։ 
     Ըսէ ինծի՝ քանի յօդուած կը մանտրես դրամատան պատուհանին առջեւ եւ քանի արձակ կը սպաննես ամէն  ապրող արեւուն հետ։
     Ըսէ ինծի՝ բանաստեղծութեան մէջ սուտ բառերը ինչպէ՛ս կը զատես Զահրատի ոսպ զատելուն պէս: 
     Փիս բանաստեղծները աջին՝ հարուստ, սիկառով, լայն ու արեւոտ գրասենեակներու մէջ, իսկ այն մեծերը՝ մայթերու տակէն ու խոնաւ մեթրոյի սալիկներուն վրայէն։
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս կը ծխես բարակ ու  բուրաւէտ սիկառդ ու աջ պատուհանէն կը նայիս Ֆրէօյտի սուրբ աւետարանին։
     Ըսէ ինծի՝ ի վերջոյ անունդ ո՛ւր կը սկսի եւ ո՛ւր կը հատնի.
     կարմիր թէյիդ մէ՞ջ, ռեհանի տերեւներուն, հոս Քիեւեանի դարպասին կամ թէ ծննդավայրիդ ամենահեռաւոր կէտին վրայ Պուրճ Համուտի, կամ ալ Պոլիս, ուր ամէն քարի տակ վրէժ մը կը պառկի։ 
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս պիտի հաւաքես Վահէ Օշականի հին յօդուածները, շարափ մը սարքես ու խմես յաւերժութեան պահին համար ։

     Եւ ըսէ ինծի՝ ինչպէս պիտի մեռնիս, որ տէրտէրներ կախ կլիր աչքերով չնային անոր երեսին, որ քսաննոց մը պիտի սահեցնէ իրենց գրպանին մէջ։     
     Ըսէ ինծի ապրելու ձեւդ, ու ես պիտի ապրիմ։
     Ես չեղայ ապրելու համար։ 
     Մահը հէչի պէս բան է, բարակ շապիկ է օգոստոսի տապերուն։
     Ըսէ ինծի, ու ես օդին մէջ ալ  «թայէր» պիտի բռնեմ խօսքդ։

Your email address will not be published. Required fields are marked *