Յարութիւն Պէրպէրեան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եւ տաղը կ՚ըլլայ…

 

Տաղը տակաւ կ՚արթննայ
ընձառիւծի պէս անգութ.
կը զգաս շարժումն իր հիմա
թաւուտին մէջ կիսամութ։

Կը փնտռես զինք անհանդարտ
քայլերով լուռ։ Տակաւին
կը փորձես զինք դուրս մղել՝
դէպի բացատը ազատ։

Խաղը այդքան կրկնուած՝
նաեւ ծանօթ է իրեն։
Կը դեգերի ջիղերուդ,
մտածումիդ կածաններուն։ Կը բանայ
այլ աշխարհ մը, անկասկած։
Կը պահուըտի բառերուն
շրջագիծին մէջ արթուն,
կը կորսուի … դուրս կու գայ
վայրերու մէջ դեռ խոպան,
կը յարձակի, կը փախչի՝
շարժումներով մշտական,
կը վերածուի
թիրախի մը շարժական։

Կը փորձեմ զինք իւրացնել,
բառերու մէջ թակարդել՝
կը յարձակի լեզուիս վրայ –

կը մնայ հոն ու … կ՚ըլլայ։

 

Գրէ՛

 

Գրէ մինչեւ
այն ատեն, որ
դեռ կը կարդան ու կը խօսին
այն լեզուն, որ հարազատ է
քեզի այնքան,
սակայն տակաւ կը կորսուի։

Գրէ՛, գրէ՛,
քանի մարդիկ կը հասկնան
բառերդ անձայն,
որոնք կարծես կ՚որբանան։

Պահեր կան, երբ
դուն կը մոռնաս
բառերը, զորս գործածած ես
դուն անցեալին
այլ վայրի մէջ, ժամանակի։

Գրէ՛ մինչեւ սահմանն այն սեւ,
երբ ժանտադէմ լռութիւնը
ամբողջովին չէ կլանած
խօսքերդ սուղ,
չես բողոքած բախտին համար անագորոյն
վիճակուած քեզ,
եւ չես նայած թախիծով խոր
սերունդի մը տարբեր, անգոյն …
Իսկ գրքերը, իրենց տիրոջ զաւակներէն,
դեռ չեն դրուած տուներէն դուրս։

 

Ցուլը

 

Կեանքը սեւ եւ ահարկու
ցուլի նման,
կոտոշները իր սրած
պիտի մղուի քեզի դէմ։

Երբեմն իր
յարձակումը անկակնկալ
շատ աւելի սուր եւ ուժգին
պիտի ըլլայ,
եւ դուն պիտի չանդրադառնաս,
թէ հարուածը ուրկէ կու գայ,
որքան ալ դուն
արագ, ճկուն
շարժումներով փորձես փախչիլ
կամ խուսափիլ
իր մահացու մանգաղներէն։

Կարծես արիւն կը վազէ վար
իր աչքերէն.
ոտքերուդ տակ
կը դղբդայ հողը արդէն,
եւ դուն կը կարծես պիտի խաղաս
կեանք-ցուլին հետ այս խաղը հին,
որ քեզ առած խորհրդաւոր,
արնակարմիր հմայքին տակ՝
քմծիծաղով լուռ, ակնդէտ
քեզ կը հսկէ
եւ կ՚արձակէ
ուղեծիրի մը մէջ այնքան
վտանգաւոր եւ անհեթեթ։

Արդ, անդադար պիտի շարժիս
եւ չկենաս՝
մինչեւ իյնաս
քայլերուն տակ
այդ սեւ շարժուն փոթորիկին
եւ սպառած
խառնուիս հողին։

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 2

Your email address will not be published. Required fields are marked *