Ճէնիֆըր Մանուկեան

ԲԱԼԱՍԱՆ ՄԸ ԴԻՒՐԻՆ
ՅՈԳՆՈՂ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

     «Cinquante ans de littérature arménienne en France»Ֆրանսայի հայ գրականութեան յիսուն տարիներ») հատորը կը կարդամ իբրեւ հայ գրականութեան նախաճաշակս զարգացնող ճոխ ցուցակ մը։ Երբ անհանգիստ կը զգամ հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւն մը վերջացնելէ ետք, երբ կը ձանձրանամ հայերէն դասագիրքերու մէջ Գրիգոր Զօհրապի եւ Դանիէլ Վարուժանի նկարներուն յաճախակի երեւումէն ու երբ կը զայրանամ մաշած ու տափակ արձակ կարդալէն՝ Գրիգոր Պըլտեանի «Cinquante ans de littérature arménienne en France»ը մտավիճակս կը փոխէ, եւ կը զգամ, որ ժամանակը անբաւարար պիտի ըլլայ գիրքին մէջ նկարագրուած այս բոլոր գործերը թարգմանելու, որովհետեւ գիրքը կ՚ոգեւորէ զիս գիւտի սարսուռով մը, արեւմտահայերէնէ թարգմանութիւններու կարելիութեան սարսուռով մը։
     Արեւմտահայ գրականութեան ինքնատիպութեան հանդէպ հակասական զգացումներս կը նուազին, երբ կը կարդամ բացառիկ գրագէտներու մասին, որոնք այնքա՛ն կը հաւատային մտածողական գրականութեան, գրելու արարքին, վերլուծութեան եւ կ՚ուզէին արեւմտահայերէնը զարգացնել, արդիականացնել այնքա՛ն, որ նոյնիսկ կրցան գրական շարժում մը ստեղծել իբրեւ գաղթականներ՝ անկայուն պայմաններու մէջ։ Անոնց մասին կարդալով, կը մղուիմ Պըլտեանի աշխատանքը շարունակելու անձնական ձեւով մը՝ թարգմանութեան միջոցով։ Արդէն ես զիս կը տեսնեմ լսարանի մը առջեւ, Պըլտեանին պէս, սակայն թարգմանութիւն մը ձեռքիս, որ նպատակ ունի մոռցուած եւ հմուտ գրագէտներ ներկայացնելու թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն, որպէսզի արեւմտահայ գրականութիւնը կաթիլ առ կաթիլ մտնէ համաշխարհային գրական գիտակցութենէն ներս։
     «Cinquante ans de littérature arménienne en France» կը ներկայացնէ պատմութիւնը ֆրանսահայ յառաջապահ գրական սերունդի մը, որ կը տարուբերէր ֆրանսական եւ հայկական աշխարհներուն միջեւ՝ 1922-1972 թուականներուն։ Ան բաժանարար գիծ մը քաշած է իր եւ իր գրական «հայր»երուն միջեւ՝ սփիւռքահայ կեանքէն ներշնչուած նոր գրական արժէքներ, նիւթեր եւ ոճեր ստեղծելու համար։ Այս գրագէտները կեդրոնացած չէին անցեալի տառապանքին եւ վիշտին վրայ, զանոնք թողնելով գրութեան լուսանցքին։ Անոնք օտարութենէն չէին վախնար, ֆրանսացի գրագէտներու գործերը կը կարդային եւ անոնց ոճերն ու գաղափարները կը փորձարկէին արեւմտահայերէնով։ Անոնք չէին նայեր այլուր. իրենց տունը հաստատուած էր Սփիւռքի մէջ։ Բայց այս բեղմնաւոր, յուսավառ շրջանի հարիւրաւոր գիրքերէն միայն երկու հատը տպագրուած են անգլերէն թարգմանութեամբ՝ Նիկողոս Սարաֆեանի «Վէնսենի անտառը» եւ Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»։[1]Nigoghos Sarafian, The Bois de Vincennes, trans. Christopher Atamian (Dearborn, MI: Armenian Research Center, 2011) եւ Shahan Shahnour, Retreat without Song, trans. Mischa Kudian (London: Mashtots … Continue reading)
     Այս գրագէտներուն գործերուն մէջ նկատուող ազգայինի եւ համամարդկայինի միջեւ պրկումը արդէն թարգմանելի նախանիւթերու ազդարարութիւնը կու տայ։ Միշտ կը փնտռեմ պատմուածք մը, որ աւելի պատմէ ներքին, մարդկային, ո՛չ միայն հայկական ապրումներ։ Միշտ կը փնտռեմ պատմուածք մը, որ ընթերցողի մտքին մէջ մնայ կարդալէ ետք, թերեւս մոռնալու աստիճան, որ գործը նախ միայն հայերու ուղղուած էր, բանի որ արձակին գեղեցկութիւնը եւ իմաստութեան խորքը կ՚անհետացնեն գործին ազգային յատկութիւնները։ Այս յառաջապահները ստեղծեցին գրեթէ մոռցուած ժամանակակից գրականութիւն մը, որ հիմա թարգմանիչներու կը սպասէ։ Գործերուն նոր ընթերցողները հայեր պիտի չըլլան միայն։ Թարգմանական արարքը մեծարանքի բաժին մը ունի նաեւ տաղանդաւոր գրագէտներու հանդէպ, որոնք ընդհանրապէս գրեթէ աննշմար անցան իրենց կեանքի տեւողութեան ընթացքին, ու զանոնք կը ներկայացնէ թէ՛ ոչ-հայերու, եւ թէ այն հայերուն, որոնք յարաճուն թիւով այլալեզու կը դառնան։

…արձակին գեղեցկութիւնը եւ իմաստութեան խորքը
կ՚անհետացնեն գործին ազգային յատկութիւնները։

     «Cinquante ans de littérature arménienne en France»ին հանդիպեցայ Զապէլ Եսայեանի մասին համալսարանական առաջին աւարտաճառս գրելու ժամանակ։ Այդ ժամանակ զիս աւելի կը հետաքրքրէր Պըլտեանի՝ ֆրանսահայ գաղութի, բան թէ ֆրանսահայ գրագէտներու հետազօտութիւնը։ Սակայն, մղուած զարմանքէ, որ ուրիշ տեսակ հայ գրականութիւն մը կա՛ր, մանաւանդ սփիւռքահայ գրականութիւն մը, երկու ժամ նստայ գրադարանը եւ գիրքին ելեկտրոնական պատճէն մը ըրի։ Այնուհետեւ, այդ օրինակը ամենամաշած պատճէններէս մէկը պիտի դառնար (եթէ ելեկտրոնական պատճէն մը երբեւէ կրնայ «մաշիլ»…)։ Ան վստահելի տեղեկատու աղբիւր եղաւ երկու ուսումնասիրութեանց համար եւ ներշնչեց կատարելու նաեւ երկու անգլերէն թարգմանութիւններ՝ Նիկողոս Սարաֆեանի «Իշխանուհին» վէպէն հատուածներ եւ Զարեհ Որբունիի վէպը՝ «Թեկնածուն»։ 
     Բայց Պըլտեանի գիրքը ի՞նչպէս կը տարբերի գրական ուրիշ պատմագիրքերէ։ Ինչո՞ւ այդքան լաւ գործիք մըն է թարգմանիչի մը համար։ Նախ, ինչ որ շատ յստակօրէն կարելի է տեսնել, ան թարգմանիչին կու տայ ոչ յաճախ յիշուող գրագէտներու ցանկ մը, նո՛ր նիւթեր, նո՛ր ոճեր, որոնք արեւմտահայերէնէ բնաւ թարգմանուած չէին։ Գիրքը կը ներկայացնէ նոր գրական կանոն (canon) մը, որուն նիւթերը եւ ոճերը Օսմանեան շրջանին գրուած գործերէն աւելի ժամանակակից են, աւելի ազատագրուած են սովորոյթներէն ու աւանդութիւններէն եւ մանաւանդ՝ աւելի կապ ունին «օտար≫ երկիրներու հետ։ Այս վերջին կէտը կարեւոր է ո՛չ միայն սփիւռքահայերու համար, որոնք գրեթէ չունին ընդհանրապէս ժամանակակից գրականութիւն, որ արեւմտահայերէնով իրենց ապրումները եւ վիճակը պատմէ, բայց նա՛եւ «օտար≫ ընթերցողներու համար, որպէսզի իմանան, որ հայերը միայն անցեալին չեն պատկանիր։ Թարգմանիչը մեծ դեր կրնայ խաղալ այս մակերեսային, արտաքին տպաւորութիւնը այժմէականացնելու, կամ, եթէ չկայ արդէն, նորը ստեղծելու ուղղութեամբ։
     Բայց թարգմանիչ մը չի կրնար ամբողջութեամբ իր թարգմանելի գործը հասկնալ, եթէ գրագէտը չի ճանչնար։ «Cinquante ans de littérature arménienne en France» կարդալէ ետք, թարգմանիչը ծանօթ կ՚ըլլայ այս շրջանի գրագէտներուն կեանքի ներքին գիծերուն ու մտերիմ պահերուն։ Պըլտեանի արխիւային ընդարձակ ուսումնասիրութեան շնորհիւ, գիրքը յագեցած է գրագէտներու օրագիրներէն փրցուած տեղեկութիւններով, զրոյցներէն, հազուագիւտ ինքնակենսագրական գրուածքներէն մէջբերումներով, որոնք գրողին ընդարձակ, գրեթէ համապարփակ պատկերը կը գծեն։ Թարգմանիչը գրագէտին քաղաքական ձգտումներուն, անձնական իւրայատկութիւններուն, թշնամութիւններուն եւ սեւեռումներուն մասին կը սորվի։ Չընչին կ՚երեւի, թերեւս, բայց թարգմանիչը այս տեսակ տեղեկութիւններու պէտք ունի, եթէ տեւական յարաբերութիւն մը պիտի ստեղծէ գրագէտի մը հետ։
     Գործնական տեսակէտէն, Պըլտեանը գործերու երկար նկարագրութիւններ եւ թարգմանութիւններ կ՚ընծայէ թարգմանիչին։ Գիրքին այս անսովոր տարրը անհրաժեշտ է, որովհետեւ գործէն մաս մը կարդալով, թարգմանիչը կրնայ արագօրէն կողմնորոշուիլ, եթէ կարդալը զինք կը մղէ զայն թարգմանելու։ Եւ բանի որ առհասարակ հայերէն բնագիրներուն ձեռք բերումը դիւրին գործ մը չէ, գրական նմոյշներու ընթերցումը ժամանակի հնարաւոր կորուստէ եւ յուսախաբութենէ զերծ կը պահէ զինք։

Բայց Պըլտեանի գիրքը ի՞նչպէս կը տարբերի գրական ուրիշ
պատմագիրքերէ։ Ինչո՞ւ այդքան լաւ գործիք մըն է թարգմանիչի
մը համար։ Նախ, ինչ որ շատ յստակօրէն կարելի է
տեսնել, ան թարգմանիչին կու տայ ոչ յաճախ յիշուող
գրագէտներու ցանկ մը,
նո՛ր նիւթեր, նո՛ր ոճեր, որոնք
արեւմտահայերէնէ բնաւ թարգմանուած չէին։

     Այս նկարագրութիւններուն մէջ, Պըլտեան յաճախ կը բացատրէ, թէ գործերը ինչպէ՞ս կապուած են միջազգային գրական շարժումներուն՝ գերիրապաշտութեան, ապագայապաշտութեան, արդիապաշտութեան եւ այլն։ Այս բաղդատութիւնները օգտակար են թարգմանիչին, մանաւանդ եթէ կ՚ուզէ, որ թարգմանութիւնը ոչ-հայկական հրատարակչատան մը բովէն անցնի։ Հրատարակչատան խմբագիրները ընդհանրապէս պիտի ուզեն գիտնալ, թէ թարգմանութիւնը ի՞նչ ձեւով կրնայ հետաքրքրել ընթերցողը, թէ ան ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ այլ գրողներու ու շարժումներու հետ, եւ թէ ինչպէ՞ս կրնայ ընդգրկուիլ գրականութեան դասերուն մէջ։ Այս բոլոր հարցումներուն նախնական պատասխանները կարելի է գտնել «Cinquante ans de littérature arménienne en France»ին մէջ։[2]Իմ շարադրանքս կը կեդրոնանայ արձակին՝ վէպերու եւ պաամուածքներու վրայ, բայց այս շրջանին բանաստեղծութիւնները … Continue reading
     Պըլտեանի գերբը կրնայ նաեւ մղում հանդիսանալ ֆրանսահայ գրականութեան՝ մամուլին մէջ մնացած երկերու ժողովումին։ Սփիւռքահայ գրականութեան կարեւոր գործեր—Զարուհի Պահրիի «Լուիզէթ≫ («Ազատ խօսք≫), Վարդան Եղիշէեանի «Կամուրջին խորհուրդը≫ («Արեւ≫) եւ այլն—դեռ կը մնան անտիպ կամ թերթերու էջերուն մէջ։ Այս շրջանին աւելի ծանօթ գրագէտներու պատմուածբները եւ նորավէպերը նոյն ճակատագիրը կ՚ապրին։ Պըլտեանի ուսումնասիրութիւնը արձանագրած է այս գործերուն առաջին հրատարակութեան բոլոր անհրաժեշտ տուեալները՝ թերթերը եւ թիւերը, դիւրացնելով անոնց հաւաքումը թէ՛ թարգմանիչներուն, եւ թէ հայ բանասէրներուն ու ընթերցողներուն, որոնք կը վախնան, որ սակաւածանօթ, բայց տաղանդաւոր գրագէտներու գործերը—օրինակ՝ Հրաչ Զարդարեան, Փայլակ Սանասար, Մաննիկ Պէրպէրեան եւ Էլլէն Բիւզանդ—մոռացութեան մատնուին։
     «Cinquante ans de littérature arménienne en France»ի մէջ թէ՛ ընթերցումի, եւ թէ թարգմանութեան կոչ մը կը լսեմ։ Զանազան ճաշակներ գոհացնող գերբիր ներկայացնելով—Վազգէն Շուշանեանի սիրոյ պատմութիւնները, Նշան Պէշիկթաշլեանի աստուածաշնչական դիւցազներգութիւնները, Զարեհ Որբունիի փորձառական վէպերը, Նիկողոս Սարաֆեանի բանաստեղծական վիպակները, Ղեւոնդ Մելոյեանի proto-queer վէպերը եւ այլն—Պըլտեանի գիրքը, լռելեայն կը խթանէ նոյն տեսակ աշխատանքին շարունակութիւնը թարգմանիչներուն կողմէ։ Ան առաջին քայլը առած է մոռցուած գրագէտներու վերայայտնութիւնը ապահովելով. յաջորդ քայլը կը պատկանի թարգմանիչին։

     Քանի մը ամիս առաջ հանդարտ յետմիջօրէ մը անցուցի Ապրիլ գրատան մէջ (Լոս Անճելոս)։ Գալով նմանօրինակ մեծ հայերէն գրատուներէ զրկուած Նիւ Եորքէն, գրականութեան բաժնի դարակներէն գիրք առ գիրք անցայ՝ անակնկալ գիւտերու յոյսով։ Թարգմանութիւն մը նոր վերջացուցած էի, ոգեւորող ուրիշ գիրք մը կը փնտռէի։ Ծալապատիկ նստած գրախանութի տախտակամածին վրայ, Յակոբ եւ Վահէ Օշականի գիրքերով լեցուն վերջին գրադարակին առջեւ, ծունկերուս վրայ գտնուող դէզ մը գիրքերուն նայեցայ. Շուշանեանի, Նարդունիի եւ Պըլտեանի գործերը։ Յաջորդ թարգմանութիւններս

ԾԵ. Տարի, Թիւ 1-2

References
1 Nigoghos Sarafian, The Bois de Vincennes, trans. Christopher Atamian (Dearborn, MI: Armenian Research Center, 2011) եւ Shahan Shahnour, Retreat without Song, trans. Mischa Kudian (London: Mashtots Press, 1982
2 Իմ շարադրանքս կը կեդրոնանայ արձակին՝ վէպերու եւ պաամուածքներու վրայ, բայց այս շրջանին բանաստեղծութիւնները (էջ 409-429) եւ թատերախաղերը (էջ 347-362) նոյնպէս արժանի են թարգմանութեան։