Յարութիւն Քիւրքճեան

ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՎԻՊԱԿԱՆ ԱՐՁԱԿԻՆ ԱՌՋԵՒ

1 ՊԱՏՈՒՄԸ՝ ՊԱՏՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ, Ի ՍԿԶԲԱՆԷ

     Պըլտեանի արձակին ծննդավայրը առաջին քսանամեակի քերթողական գործերն են, ուր ան կ՚երեւի յաճախ «բանաստեղծական»ին հետ տողընդմէջ, բայց ուր միանգամայն, շատ կանուխէն,[1]Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ աերեւներու մասին. Ահեկան գրական պարբերաթերթ, 1970. թ. 3։ խնդրարկուած-մերժուած են ասոնց աւանդական սահմանումները, նաեւ՝ երկուքի անջատումը։
     Գործերու բնագրային սերտ դրացնութեան մէջէն կը հաստատենք արձակի այս տարրերու էական բանաստեղծականութիւնը։ Կը գտնուինք դէմ առ դէմ արձակի մը, որ կը կրէ կնիքը բանի՝ խօսքի ստեղծման, լեզուի եւ բառերու՝ նշանակութենէ անդին բանումին։ Եւ որ յատուկ է մանաւանդ բանաստեղծական լեզուի ընկալումին՝ 20-րդ դարու գրական առաջապահ հոսանքներու մօտ։ Ուր բառն ու նախադասութիւնը, հեռու՝ տրամաբանական շարահիւսութեան, ծառայական իմաստալխ ութեան ձգտումէն, ա՛լ կ՚ապրին ուրոյն կեանքով, կը նուաճեն ուրոյն կարգավիճակ։ Այսպէս՝ ձեւով մը վերագտնելով «կորիզային» իրենց նախնական ուժը, հաստատելով լեզուի միթական-արարողական սկզբնական պաշտօնը։
     Պէտք է դեռ նշել հոս, որ պըլտեանական պատումը ճակատում մըն է իրականին հետ, տեւական սպառնալիքի տակ՝ անկէ նուաճուելու, զայն լռելու. բայց որ «կը յաջողցնէ» խօսքը՝ բուռն ու բռնի ճիգով։ Եւ միանգամայն, տեւաբար, կը ստեղծէ վայր ու ժամանակ՝ ասքի իր աշխարհին համար։
     Սեփական խօսքի՝ բանի ստեղծման մնայուն, կրկնուող լարումը, արարչական ճիգը, կու գայ ուղղակի արձակի նշուած օրրանէն, առաջին տասնամեակներու բանաստեղծական երկերուն հետ գիրկընդխառն վիճակէն։ Միանգամայն յուշելով, անգամ մը եւս, բանաստեղծութիւն-արձակ պայմանական անջատումին մերժումը, զանցումը։
     Առճակատումէ ծնած պըլտեանական պատումը, վիպում կամ յօրինում, կրնայ տեղադրուիլ արեւմտեան գրական աշխարհի մէջ դարէ մը ի վեր փորձարկուած վիպական այն տեսակին, որ այսօր նուիրագործուած է autofiction ծանօթ եզրոյթով։ Որ, ծնած ի մէջ այլոց ինքնակենսագրութեան տեսակէն, զանցած է զայն՝ այս կամ այն չափով։ Հետեւանք՝ արձակի այս տեսակին մէկ անխուսափելի երկդիմութիւնը, տարուբերումը՝ յօրինումի ոլորտին եւ փաստացի իրականութեան ոլորտին միջեւ, բանի գրութիւնը փոխնիփոխ ստեղծում է եւ վկայութիւն, հեղինակը փոխնիփոխ վիպող եւ վկայ– ենթակայ։ Այսպիսի հարցադրում կրնայ չափով մը կատարուիլ ե՛ւ Պըլտեանի արձակին, յատկապէս՝ վէպերուն պարագային։ Կարելի է՝ որոշ հատուածներ առանձնացնելով, խօսիլ փաստական վկայութեան մասին – սակայն սահմանաճշդումի անկարելի կացութիւն դիմագրաւելու գնով։

… պըլտեանական պատումը ճակատում մըն է իրականին հետ,
տեւական սպառնալիքի տակ՝ անկէ նուաճուելու, զայն լռելու.

     Յամենայնդէպս, նման հարցադրում շահեկանութիւն չունի հոս, ներկայ մօտեցումով։ Զիս հետաքրքրողը, անգամ մը եւս, լեզուի հետ պըլտեանական առճակատումն է, սկսած՝ «Բայց ինչպէ՞ս կրնամ խօսիլ» հարցումով[2]Պըլտեան, Գրիգոր. Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար. Ա. տպ. Փասատենա, 1976։ – միանգամայն քանդում – վերստեղծում վայրի, քայքայում ու վերստեղծում՝ ժամանակի։ Արդէն իրար մատնանիշ կ՚ընեն այս երկուքը՝ վիպական յօրինում եւ վայր-ժամանակի խախտում՝ լեզուի ստեղծումով. անոնք իրարմով կ՚ըլլան՝ գրողական ամբողջ գործառոյթի ընթացքին։ Հարցադրուող-քանդուող-վերստեղծուող լեզուն է, կշռոյթ-պարբերոյթ ու շարահիւսութիւն, որ «[կը ստեղծէ] վայրը՝ ուր ըլլալ».[3]Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր. Փարիզ, 1983. էջ 7։ կը յօրինէ սեփական ժամանակ։ Եւ հակադարձաբար.։
     Ուրեմն եւ եթէ որեւէ տեղ պիտի յղուինք auto-fictiօո-ի պատումային տեսակին, ատիկա պիտի ըլլայ մօտաւոր յղում միայն, գրական ծանօթ տեսակը զանցող, կամ իր յաւելումներով զայն աւելի բնորոշ դարձնող։

     Այս ընկալումը արտաշխարհի տարրերն ու պատգամները կը կնքէ անշուշտ շեշտուած ենթակայականութեամբ. ըստ վաստակէն իսկ փոխառուած տարազի մը՝ զանոնք կ՚ընկալէ ներքին «լուսանկարում»ով։[4]Պըլտեան, Գրիգոր. Սեմեր, Ա. տպ. էջ 15։ Լուսանկարում՝ որ ենթակայ է նշուած կարգաւորիչներու՝ գրութեան լեզուի, վայրի, ժամանակի կրած շեշտակի այլափոխումներուն։ Նոյնպիսի այլափոխում պիտի կրեն ներաշխարհային աւելի խոր տարրեր – մանուկի թէ չափահասի յիշատակներն ու ցնորակերտումները՝ ֆանթազմները…։ Էական այլափոխումի այս երեւոյթը, ներքին այս չափը, dimension-ը պիտի բնորոշեմ «սեփական առասպել» եզրոյթով։
     Կեդրոնանալով-սահմանափակուելով պըլտեանական վաստակի լեզուական հարթութեան վրայ, միանգամայն կ՚առաջադրեմ երեւութաբանական պարզ քննութեամբ մը ներկայացնել խօսելու, պատմելու այս էական արարքին փուլերը, երեսները, այսինքն խուսափիլ սեփական մեկնաբանական միջամտութիւններու փորձութենէն։ Պիտի հարցադրեմ խօսքի, պատումի արարքը՝ յաջորդաբար՝ իր դրդումին մէջ, իր անկրելիութեան/անկարելիութեան մէջ, ապա՝ եւ սակայն՝ իր կենսականութեան եւ հետեւաբար բուռն առճակատումի կացութեան մէջ։ 

2 ԱՍՈՒՄԻՆ ԴՐԴՈՒՄԸ

     Ասումին, պատումին դրդիչը, առաջին անմիջական վերլուծումով, վկայելու առաջադրանքն է։ Սկզբնական իր դրսեւորումները, ըսի, անիկա կ’արձանագրէ արդէն «բանաստեղծական» գործերու մէջ, յատկապէս անոնց արձակային տարրերուն։ Այսպէս, առաջին անջատ հրատարակութիւն կայացնող «Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի մը համար» գործը լարուած է վկայութեան մնայուն ձգտումով։ Միանգամայն, «Յետ-գրութիւն» մը, հատորի աւարտին, կը շեշտէ լեզուն փոփոխելու, վերստեղծելու կարիքը. «բանալ լեզուն բրտութեան առջեւ, իր հաւանական ռիսքերով, ահա անհրաժեշտութիւնը.»։[5]Պըլտեան, Գրիգոր. Տեղագրութիւն, բ. տպ. Լոս Անճելոս, 1997. էջ 29։ Նոյն ժամանակաշրջանի այլ գործեր, աւելի պարզօրէն (թէեւ այնքա՜ն երեւութական պարզութեամբ), կը բխեցնեն վկայի ձայն ու եղանակ, ինչպէս երբ կը կարդանք՝ «ոչինչ ըսաւ կամ հաւանաբար խուլ, կոկորդէն բռնուած խօսեցաւ անլսելի. Չլսեցինք։ Յետոյ մեռաւ։ Չլսեցինք։ Յետոյ հայրիկը մեռաւ։ . Դուն։ Ծանօթ ու անծանօթ շուք մըն էիր.»։[6] Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր. Կամ– Հանդէս Վերլուծական, թ. 3-4. էջ 65։ Նոյն ժամանակաշրջանին կը պատկանին, դեռ, յայտագրային առաջադրանքի շեշտերով լարուած տեսիլքը «թանձրացեալ թրծուած ժողովեալ ժամանակագիրք»երու։[7]Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր. էջ 156։
     Վկայութեան եւ պատումի առաջադրանքով կը բնորոշուին նաեւ վէպերու նախօրեակի ուրիշ, անջատ էջեր, ինչպէս սա հատուածը՝ ծննդավայր բլուր-համայնքի ազգագրական որմնանկարի առաջին գիծերով. «Երբեք չես մոռնար ձիթաստաններու մուտքի, ձորի առաջին ծառի յամառութիւնը չմեռնելու, դիմադրելու ձեր արուարձանի, քաղաքի խուժող քարայնութեան. Կար միշտ ան մանկութեանդ աշխարհագրութեան մէջ, ինչպէս փշալարերով պաշտպանուած կանկառի ցանքերն ու արմաւենին.»։[8] Պըլտեան, Գրիգոր. «Ձիթենիի վիճակներ». Էր (Երեւան, 1992). էջ 41Սոսկ «յուշային» թուող այս հատուածի կողքին, նոյն հատորի մէջ, յատկանշական է յուշաբերման թեման արծարծող ուրիշ էջ մը՝ պղատոնական միթոսի «Էր Հայը» («Er l’Armenien») հերոսին մասին, որ խաւարի աշխարհէն դարձած՝ վերագտած է յիշողութիւնը։[9]Պըլտեան, Գրիգոր. «Հինգերորդ եզր». Էր. էջ 57-60։

… գրութիւնը փոխնիփոխ ստեղծում է եւ վկայութիւն, հեղինակը փոխնիփոխ վիպող եւ վկայ-ենթակայ։

     Բայց վկայութեան առաջադրանքը ըստ էութեան, իբրեւ յայտարարուած նպատակ, կ՚իրագործուի ուղղակի՛ վէպերուն մէջ։
     Կը յիշենք, որ առաջին վէպը՝ «Սեմեր», լուսանկարներու դիտարկումով մը եւ գլխաւոր հերոսներու՝ երեք կիներու կերպարային կանգնումով կը վկայակոչէ գերդաստանի ու համայնքի աղէտ-անցեալը, անոր մնացորդացի վերապրումը, օտարութեան մէջ տարատնկումը։ Վերժինի, Էլմոնի, Անթի քայի մէջէն աւանդուածի վկայաբերման կը հիւսուի ներկայի՝ պատմողի սեփական վկայութիւնը, իր տեսած-ապրած «բլուրի»՝ միջին-արեւելեան Սփիւռքի կեանքը նախորդ դարու կէսերուն։ Բայց էականը հոս, տակաւին, անհետացած անցեալը վերակենդանացնելու մղումն է, մարմնացած՝ հատորի մուտքին լուսանկարներու ընկերակից «Ձայն»ով. «անանկ մը ըրէ՛ որ ասոնք երեւին. ապրին…»։[10]Պըլտեան, Գրիգոր. Սեմեր. էջ 16։
     Կեանքէ վկայելու, ազգագրական որմնանկարներ կերտելու այս ձգտումը մնայուն է հետեւող վէպերուն մէջ եւս։ Անիկա պիտի անցնի «Բլուրէն» մինչեւ փիւնիկեան ոստանի այլ շրջաններն ու երեսները,[11] Պըլտեան, Գրիգոր. Նշան (Կլենտէյլ, 2000), Հարուածը (Պէյրութ, 1998), Պատկեր (Կլենտէյլ, 2003)։ ապա՝ աւելի ետք, ընդլայնի դէպի Արեւմտեան աշխարհ, որ մաս մաս, վէպէ վէպ, պիտի ներկայանայ նախ ուրուագծումով, ապա աւեյի խիտ նկարումով։[12]Պըլտեան, Գրիգոր. Անունը լեզուիս տակ (2003, Փարիզ), Երկուք (2006, Կլենտէյլ), Շրջում (2012, Երեւան)։ Հոս ա՛լ կը խառնուին արեւմտեան մեծ ոստանի՝ Փարիզի, առհասարակ Արեւմուտքի, ե՛ւ տեղական հայ համայնքներու կրկնակ բաբախումները. տիպարներ՝ ե՛ւ ուսանողական միջավայրէ, տարեկից ծանօթ ու բարեկամ, ե՛ւ երէցներ՝ հայ թէ օտար.- տիպարային պատկերաշարը Ատոմներու, Սառաներու, Ժան-Լիւքերու, պարոն Ղեւոնդներու-դասախօս, գիտահետազօտող, պաշտօնեայ, գրագէտ. ամբողջ պատկերաշար մը կենդանագիրներու, իրենց բարքերով, շնչած մթնոլորտով…։ Գագաթնակէտի հասնելու համար նորագոյն երկի մը մէջ, ուր ազգագրականը՝ թեմաթիք ներկայութենէ անդին՝ կը դառնայ մասնակից երկի հիւսուածքին, անոր մտերիմ հարցադրումներուն։[13]Պըլտեան, Գրիգոր. Կրկնագիր մարդը. Երեւան-Պէյրութ, 2015։
     Բայց երբ կը սահմանենք պըլտեանական պատումի վկայակոչական այս ձգտումը, պէտք չէ երբեք մտահան ընել սկիզբը շեշտուած մասնայատկութիւնը։ Վկայակոչում, ազգագրական ձգտում-բնորոշումներ են ասոնք, որոնք կապ չունին նախնական իրապաշտութեան մը ընկալումներուն հետ։ Պըլտեանի պատումը, ըսի, կ՚ընթանայ ներքին լուսանկարումով, ժամանակի ու ժամանակագրական կարգի խախտումով, վայրերու վերիվայրումով։ Յօրինումով։ Դիտարկման տեւական խը տացումով, հարստացումով՝ ենթակայական ոլորտի տարրերով. ոլորտ՝ որուն անյատակ խորութեան սկիզբը կը կիրարկէի սեփական առասպելի եզրոյթը,[14]Նոյն պատճառով՝ հոս կը բացառուի Պըլտեանի վէպերը իբրեւ «բանալիով վէպ» ընկալող որեւէ ընթերցում։ Նոյնիսկ եթէ … Continue reading զուգահեռաբար ընտանեկան-հաւաքական անցեալի առասպելին հետ։ Ստեղծելով ենթակայական տեսիլքի եւ արտաշխարհի դիտարկման հազուագիւտ, անհաւատալի համաձուլում մը։ 

3 ԱՍՈՒՄԸ, ԽՕՍՔԸ՝ ԱՆՏԱՆԵԼԻ

     Արդարե՛ւ՝ անհաւատալի համաձուլում։ Որովհետեւ կեանքի վկայում, իրականութեան որմնանկարում՝ կը կատարուին լեզուի հետ յարաբերութեան ճգնաժամային պայմաններու տակ։ Խօսքը, լեզուն իր ընդհանրութեան մէջ, կնքուած է անտանելիութեան, անկրելիութեան ծննդական մեղքով մը։ Կանուխէն, բանաստեղծական երկերու ծոցէն՝ դրուեր էր արդէն էական հարցը՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ խօսիլ»։ Հաստատուեր էր, որ կը պակսի «տեղ կեցուցիչ, ուր մտնէի. Անմտածելի կէտ՝ ելլող անդադար, սերող լեզուէս։ Բերնիս մէջ բռնուած անտանելի արգելք»։[15]Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր, անդ, էջ 51
     Հոս տեղը չէ լայնօրէն հարցապնդելու խօսքի անկրելիութեան այս իրադրութիւնը։ Կը հաստատեմ անոր անվիճելի, անխախտելի զանգուած ներ կայութիւնը ամբողջ գործի տարածքին, բազմակի ներկայութեամբ։ Այսպէս, տեղ մը՝ Վերժինի մը վարքը տալու ջանքերէ ետք եզրափակելու փորձերը, ուրիշ տեղ պատմողին ճիգը՝ հասկնալու սեփական հոգեկան աճումը, կամ խորաչափելու համապրումի իր մղումը՝ հայրասպան պատանիին հետ—այս բոլոր պարագաները, շատ ուրիշներու կարգին, կը յանգին նոյն ձախողանքին, իրականի նոյն աննուաճելիութեան, անխօսելիութեան։ «Առայժմ Վերժին չէ ծնած, այլ մեռաւ։ Բայց ո՞վ էր.». կամ՝ «մարդ ի՞նչ կը գտնէ, երբ կը գտնէ ինքզինք». կամ դեռ՝ «Ի՞նչ ըսել է հեռապատկեր. ի՞նչ ըսել է գրել.»։[16]Մէջբերումները քաղուած յաջորդաբար՝ Սեմեր, Նշան, Հարուածը գործերէն։ Նոյնը՝ երբ երկ մը (նշուած նորագոյն գործի[17]Պըլտեան, Գրիգոր. Կրկնագիր մարդը. Երեւան-Պէյրութ, 2015։ պարագան) լրիւ՝ ինքզինք կը դարձնէ մարդկային կերպար մը, կերպարներ կենսագրելու մարտահրաւէր, նոյնքան տքնաջան՝ որքան ապարդիւն.
     Խօսքի տաժանքին, լեզուի մնայուն ճիգին եւ անով՝ յուշ-մտապատկերներու վերստեղծման լարումին ընկերացող՝ տեղ-տեղ ալ՝ կը հաստատենք
ձեռնթափ յոգնութիւնը, կարօտը՝ կեանքի նախագիտակցական այն ժամանակին, «երբ պատկերն ալ չկար, ու անոր քերթուածը չէր սկսած բանիլ տակաւին մէջս»։[18]Պըլտեան, Գրիգոր. Նշան, էջ 253
     Նոյնքան անտեղի՝ հոս՝ հոգեբանական-պատճառական որոնումի որեւէ փորձ — դէպի կեանքի ու գործի մեկնարկման այսպիսի ողբերգական անհաղորդութիւն։ Գոնէ մօտեցումի ներկայ մակարդակին, ատիկա պիտի ըէ լար կենսագրական մանրուքի գերարժեւորիչ ցուցադրում։ Կը բաւէ մեզի նկատել անոր կենսափորձային կապը՝ նախ՝ հայրական ներկայ-բացակայ ստուերի մը հետ, ապա, կամ միաժամանակ, կապը համայնքային-հաւաքական անցեալի մը, անկէ աւանդուած արմատախլումի, ցրւումի եւ օտարումի կացութիւններու հետ։ Պըլտեանի կողմէ այլ տեղեր իր լեզուին մասին գործածուած բնորոշումներ, սկսած կանո՜ւխ «կը գրեմ լեզու մը մեռած» հաստատումէն՝ մինչեւ աւելի ուշ տարիներու «անժողովուրդ լեզու», «աղէտի լեզու»[19] Մէջբերումները քաղուած յաջորդաբար՝ Սեմեր, Նշան, Հարուածը գործերէն։
 արտայայտութիւնները, արդէն՝ խօսքի, լեզուի այս վիճակը անձնական ոլորտէն կ’առաջնորդեն դէպի համայնական կարգավիճակ։
     Ահա, մեր քննարկած արձակի ընդոծին այս անտանելիութիւնը, անկարելիութիւնը, իրականի աննուաճուելիութիւնը, ու միւս կողմէն՝ զայն նուաճելու, վկայելու դրդումը, իրարու դէմ յանդիմանուած, մեր առջեւ կը բանան պըլտեանական վաստակի մայր
յարակարծիքը՝ փարատոքսը՝ առաջին ձեւաւորումի մը մէջ։

4 ԱՍՈՒՄԸ, ԽՕՍՔԸ՝ ԿԵՆՍԱԿԱՆ. ՍՏԵՂԾՈՒՈՂ ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՊԱՅՔԱՐՈՎ

     Որովհետեւ յարակարծիքը խոր է, էական։ Վկայելու դրդումը, կը տեսնենք արդէն, գրագէտի հոգեմտաւոր աշխարհի մէկ «ի մէջ այլոց» թելադրանքը չէ։ Կը նոյնանայ լեզուն նուաճելու, խօսքը ծնելու եւ ապրեցնելու կարիքին հետ, եւ ուրեմն կեանքի ու վաստակի կենսական խնդիրն է, ըլլալ-չըլլալու հարցն է։ Լեզուն ուղղակի էական այն տարածքն է, որուն համար շատ կանուխէն, տեսանք, կ՚առաջադրուի «ստեղծել վայրը՝ ուր ըլլալ». կամ՝ դառնալ «պատանդը կղզիի խօսքին եւ վտարանդին եւ անոր վկան անլսելի»։[20] Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր, էջ 152 Կամ՝ արդէն վերը յիշատակուած՝ «Բերնիս մէջ բռնուած… արգելք...» որ «անտանելի» է, բայց եւ «կենսատու»։ Եւ նոյն տեղը՝ «պէտք է հասնիմ հատումին՝ զիս սկսող». եւ «խօսքին, որ թող ահա միսի պէս կտրեմ բերնէս»։[21]Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր, անդ, էջ 62      
     Խօսքի, լեզուի կենսատու կարեւորութեան այս շեշտումը, ահա, կանուխէն արձանագրուած կ՚երեւի արտադրութեան ամենախոր խաւերուն մէջ։ Կենսականութիւն՝ որ, զուգորդուած անտանելիութեան, անկրելիութեան վիճակին, անդադրում պայքարի մը կը վերածէ «ներքին լուսանկարումը»։ Ամէն մէկ երկի, գրողական ամէն մէկ ծրագրի առթիւ խնդրարկուելով, վերսկսելով զերօ-կէտէն, ստանալով տուեալ երկի ինքնապարտադիր գրողական նոր կաղապարը։ Ժամանակներու եւ վայրերու խախտման, տեւական նորաստեղծման ձգտումին զուգորդուած՝ լեզուական նոր կշռոյթի, գրողական թէ շարահիւսական նոր ձեւերու կիրարկումով, կարծես տեւաբար դէպքը կ՚ըսուի՝ խօսքի «արգելքը ճկելով, պայթեցնելով»,[22]Պըլտեան, Գրիգոր. Հարուածը, էջ 276 ըլլա՛յ ասիկա հայրական սաստ, ինչպէս՝ հայրասպան «Հարուածը» վկայակոչող պատումին մէջ, ըլլա՛յ տուեալ լեզուի պատմականօրէն «անժողովուրդ», «անապաստան» կարգավիճակը նշող էջերուն։ Վերսկսում ու վերստեղծում՝ որոնք ունին իրենց մթին շրջօնքն ալ-այսինքն՝ ստեղծուող երկի խնդրարկումէն անդին՝ խախտումը մտածողական-գրողական սեփական ամբողջ համակարգին. «Ինչ որ մտածում կը կոչենք, խախտումի մը, խորտակումի մը հեռաւոր բխումն է, ատոնցմէ բարձրացող փայլակնային հերձ մը. որ կ՚արձագանգէ մտքին մէջ, կը թրթռայ ու կը թրթռացնէ քեզ (…) կը գրաւէ քեզ ամբողջովին, կը դառնայ անքնութիւն, մտասեւեռում, տեսակ մը խօսքի ու հակախօսքի բեկում, կը բռնանայ, եւ այն ատեն կը տոգորուիս անով ու կը տրուիս խորտակումի դէպքին»։[23]նոյն, էջ 124։
     Մնայուն վերսկսումի, վերստեղծումի, արձակ լեզուի «հեղուկութեան» այս հաստատումները, կամ անոր «հակախօսային» ինքնաժխտողական
լիցքի շեշտումները չեն զարմացներ՝ երբ արդէն, մուտքին, հաստատեր ու շեշտեր ենք պորտային այն լարը, որ պըլտեանական արձակը կը կապէր բանաստեղծական երկերուն։

5 ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

     Խուսափելով բանաձեւելէ վերլուծական այս նշումները ամփոփող-համադրող պայմանադրական եզրակացութիւն մը, կ՚արժէ, որ ընդգծենք մէկ փաստ. Պըլտեանի արձակը իր արդիւնքով՝ մեծ որմնանկարներու այս շարքով՝ կ՚երեւի իբրեւ տիրական վկայութիւն մը Սփիւռքի ժամանակէն, ու յատկապէս Սփիւռքի արեւելեան կող մանց կեանքէն ու մարդերէն. իբրեւ անոնց մուտքի անցագիրը՝ գրականութենէն, գրապատմութենէն ներս։ Իբրեւ անոնց կեանքին ու վարքին, անվաւեր մնացած ժամանակին վաւերագրումը։
     Եւ հոս՝ անգամ մը եւս մեր առջեւ կը ցցուի պըլտեանական վաստակի նոյն յարակարծիքը՝ փարատոքսը, այժմ տարբեր բանաձեւումով.- Այս գործը, իրականի քայքայման ու ենթակայական վերստեղծման այս ձեռնարկը միանգամայն, զարմանալիօրէն, կը դառնայ տիրական վկայութիւնը այդ իրականին. վաւերական եւ վաւերագրիչ վկայութիւն (վաւերականութիւն՝ որ, անգամ մը եւս, փաստագրական վաւերականութիւնը չէ, բնա՛ւ)։ Մինչ միւս կողմէ՝ կ՚արձանագրենք ձախողութիւնը դէզ մը արձակ գործերու, նո՛յն «արեւելեան կողմանց» արձակագիրներէ, իրեն նախորդած թէ ժամանակակից, որոնք առաջադրեր են կեանքը նկարել հաւատարմութեամբ, եւ յանգեր են միայն նախնական, կարծրատիպ լուսանկարի։
     Կը մնայ եզրակացնել, որ մեր այսօր՝ հոս արժեւորած վաստակին վաւերականութիւնը, եւ անոր արժէքը՝ իբրեւ վաւերագրիչ վկայութիւն մարդերէ ու ժամանակէ մը, անիկա կը պարտի ճի՛շդ՝ իր այդ ենթակայականութեան— անձնատիպ աշխարհատեսիլքի եւ անձնատիպ լեզուի էական յատկանիշներուն։ Իրականի եւ լեզուի հետ իր մղած անվախճան, գիրկընդխառն կռիւին։

References
1 Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ աերեւներու մասին. Ահեկան գրական պարբերաթերթ, 1970. թ. 3։
2 Պըլտեան, Գրիգոր. Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար. Ա. տպ. Փասատենա, 1976։
3 Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր. Փարիզ, 1983. էջ 7։
4 Պըլտեան, Գրիգոր. Սեմեր, Ա. տպ. էջ 15։
5 Պըլտեան, Գրիգոր. Տեղագրութիւն, բ. տպ. Լոս Անճելոս, 1997. էջ 29։
6 Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր. Կամ– Հանդէս Վերլուծական, թ. 3-4. էջ 65։
7 Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր. էջ 156։
8 Պըլտեան, Գրիգոր. «Ձիթենիի վիճակներ». Էր (Երեւան, 1992). էջ 41
9 Պըլտեան, Գրիգոր. «Հինգերորդ եզր». Էր. էջ 57-60։
10 Պըլտեան, Գրիգոր. Սեմեր. էջ 16։
11 Պըլտեան, Գրիգոր. Նշան (Կլենտէյլ, 2000), Հարուածը (Պէյրութ, 1998), Պատկեր (Կլենտէյլ, 2003)։
12 Պըլտեան, Գրիգոր. Անունը լեզուիս տակ (2003, Փարիզ), Երկուք (2006, Կլենտէյլ), Շրջում (2012, Երեւան)։
13 Պըլտեան, Գրիգոր. Կրկնագիր մարդը. Երեւան-Պէյրութ, 2015։
14 Նոյն պատճառով՝ հոս կը բացառուի Պըլտեանի վէպերը իբրեւ «բանալիով վէպ» ընկալող որեւէ ընթերցում։ Նոյնիսկ եթէ որոշ հեռաւոր կերպարներ կ՚երեւին իսկական անուններով։
15 Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր, անդ, էջ 51
16 Մէջբերումները քաղուած յաջորդաբար՝ Սեմեր, Նշան, Հարուածը գործերէն։
17 Պըլտեան, Գրիգոր. Կրկնագիր մարդը. Երեւան-Պէյրութ, 2015։
18 Պըլտեան, Գրիգոր. Նշան, էջ 253
19 Մէջբերումները քաղուած յաջորդաբար՝ Սեմեր, Նշան, Հարուածը գործերէն։
20 Պըլտեան, Գրիգոր. Վայրեր, էջ 152
21 Պըլտեան, Գրիգոր. Հատուածներ հօր, անդ, էջ 62
22 Պըլտեան, Գրիգոր. Հարուածը, էջ 276
23 նոյն, էջ 124։