Դալար Շահինեան

ԼԵԶՈՒ, ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՎԷՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

«Սկսեր էր լքում ժամանակը»[1]Պըլտեան, Գրիգոր. Պատկերը. Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2003։
Գ.Պըլտեան, Պատկերը

     Առաջին անգամ երբ սկսայ Պըլտեանի վէպերէն մէկը կարդալ, ինքզինքս գտայ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ։ Մտովի ընթերցելը հետըզհետէ կը դառնար անկարելիութիւն։ Պըլտեանի գրութիւնը ճկունութեամբ կը հոսէր ու կ՚արթնցնէր թաքուն պահուած բառեր, ձեւակերպումներ։ Գիրերը կը դառնային լեզու, կ՚ուզէին խօսքի գալ, կ՚ուզէին հնչուիլ։ Տեղի տալով սկսայ կարդալ բարձրաձայն ու առաջին անգամ ըլ լալով՝ գտայ գեղեցիկը լեզուիս մէջ։ Ձայնիս ու գրութեան համադէպ կատարումին մէջ կար միաւորումը մանկութեանս իշխող հայերէն աշխարհին եւ չկատարելագործուած լեզուի ցանկութեանս։ Այսինքն՝ վէպը միաժամանակ կը վերակենդանացնէր Լիբանանի հայախօս աշխարհը իր տունի եւ հրապարակի մասնիկներով, եւ կ՚ապացուցէր անոր անհետացումը։
     Ուրեմն, Պըլտեանի արձակը ինծի խորհիլ կու տայ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ունենալ գրականութիւն, որ նոր կեանք տալով արեւմտահայերէնին՝ միեւնոյն ժամանակ կը ներկայացնէ անոր վախճանը։ Այս գծով՝ կը հաւատամ որ Պըլտեանի տուած գրականութիւնը փորձ մըն է վկայելու լեզուին կորուստը։ Ինչ-
պէս անոր գրականագիտական գրութիւնները կ՚առաջարկեն, լեզուն չէ որ կը կորսուի կամ կ՚անհետանայ, այլ ժողովուրդը։ Ըստ Պըլտեանին, կորուստի գաղափարը կը վերաբերի Արեւմտահայերէնին «անժողովուրդ լեզու» դառնալուն։ Այս սահմանումը կ՚ենթադրէ, թէ լեզուն կը դադրի համապատասխանելէ ժողովուրդի մը կեանքի եղանակին։ Լեզուն կը դադրի ըլլալէ ժողովուրդի մտայնութեան մղիչ կամ կազմակերպիչ ուժը։ Կը դադրի մշակոյթ արտադրելէ։ Պըլտեանի վէպերը պատկերացումն են արեւմտահայ ժողովուրդի լեզուէն հեռացման, որ մարմնաւորումն է Հայ սփիւռքի փորձառութեան։
     Պըլտեանի ինքնակենսագրական վէպերը կը յառաջանան բազմաթիւ ժամանակային մակարդակով։ Հեղինակը մեզ յաճախ կը տանի իր անցեալին, առանց զգուշացնելու, առանց յառաջաբանի, եւ նոյնքան յանկարծական կերպով կը քաշէ ետ դէպի աւելի մօտիկ անցեալ մը կամ դէպի պատումին ներկան։ Այսպիսով ներկան ու անցեալը կը խառնուին, առաջարկելով տեւողութեան անկարելիութիւնը սփիւռքեան պատումին պարագային։ Պատկերը (2003) մոռացումի մասին մտորում մըն է, ուր հեղինակը իր Փարիզեան ներկայէն կը դեգերի դէպի իր մանկութեան ու պատանեկութեան յիշատակները Լիբանանի մէջ, կամ աւելի մօտիկ անցեալէ մը, իր մօր կը խօսեցնէ իրենց ընտանեկան անցեալին մասին՝ գաղթականութեան յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին։ Վէպէն ներս անցեալի վերակենդանացումը հայրենաբաղձութեան արարք մը չէ, որովհետեւ հոն պակաս է ժամանակի անողոք շարունականութեան զգացումը։ Ընդհակառակը՝ վէպին յետահայեաց ակնարկը կ՚առաջարկէ բեկում մը սփիւռքի ժամանակի հասկացողութեան մէջ։ Յիշելով իր այցելութիւնները Պէյրութի վրանաքաղաքի մնացորդ թաղամասերուն, Քարանթինայի հիւղաւանին, կը գրէ՝ «տարիներ ետք երբ պսակի մը կամ կնունքի մը համար պէտք էր մտնել այդ եկեղեցիէն ներս, այն տպաւորութիւնը ունէի վերստին, որ կը թափանցէի մէկէն Էլմոնի, Անթիքայի, Նանոյի ժամանակին մէջ, կարծես թէ այդ ժամանակը մշտապէս գոյութիւն ունէր տեղ մը, ժամանակ իսկ չէր այլ տարածութիւն, միջոց, բովանդակ, կենսոլորտ, եւ կը բաւէր բլուրէն իջնել վար, կտրել երկաթուղիին սահմանագիծը, անցնելու համար զուգահեռ աշխարհ մը, ուր տարբեր օրէնքներ կը զօրէին, կը տիրէին տարբեր սովորութիւններ, մարդիկն ալ ուրիշ էին, լեզուներն ալ, կարծես թէ փոխաբերութիւնն էին հասարակ տեղիքի մը, աւելի ճիշդ հասարակաց, անվրիպելի, խօսքի չեկած անցեալի մը»։[2]նոյն, էջ 34-35։Առանց ուղղակիօրէն նկարագրելու, այս հատուածը կ՚ակնարկէ գաղթահայութեան ուղիին, այսինքն՝ վերապրող ժողովուրդին Լիբանան հաստատուելու պատմութեան՝ ծովեզերեան վրանաքաղաքէն դէպի Պէյրութի աւելի ներքին թաղամասերը։ Հեղինակին ծանօթ դէմքերու ընդմէջէն հատուածը կ՚անդրադառայ նաեւ հիւղաւան մնացած ժողովուրդին եւ կառոյցներուն ու կը ներկայացնէ զանոնք իբրեւ հետքեր։ Երկաթուղին կը կազմէ սահմանը այլ աշխարհին, ուր ժամանակը չ՚ընթանար, ուր ո՛չ միայն սովորութիւններն ու մարդիկը ուրիշ են, այլ լեզուներն ալ։ Հոս՝ Պըլտեան կ՚առաջարկէ կապը մշակոյթի, ժողովուրդի եւ լեզուի միջեւ։ Վրանաքաղաքը կը ներկայացնէ ուրիշ աշխարհ մը քանի որ այդտեղի առօրեան ձեւաւորող լեզուները՝ բարբառն ու թրքերէնը, կը տարբերին հեղինակին կերտած «դպրոցի» հայերէնէն։ Լեզուն՝ իբրեւ կենսոլորտ, վրանաքաղաքը կը պահէ ժամանակի տեւողութեան հոսանքէն դուրս, իբրեւ քարացած, փոխաբերական իմաստ կրող բներեւոյթ քան թէ շօշափելի տեղ։ «Խօսքի չեկած անցեալի» պատկերը կը վերաբերի 1915-ի հետեւող աննորոգելի խզումին, որ քանդած էր ժամանակի հաւաքական հասկացողութիւնը։ Հեղինակին համար, վրանաքաղաքը այցելելը կորսուած ժամանակ մը յիշել չէ, այլ ճանչնալ չեղեալ ժամանակի իրականութիւնը։

 

Գրութեան ձեւը կ՚արտացոլայ գրքերուն նիւթին մէջ եւս, ուր կը հանդիպինք
յարատեւ լքումներու ու անջատումներու, որոնք կը շեշտեն
ընդմիջումը իբր կեդրոնական յատկանիշ սփիւռքի փորձառութեան։

 

     Անձի մը հաւաքականութեան պատկանելիութիւնը կը հիմնուի ժամանակի տեւողութեան եւ ժամանակի համադիպութեան գաղափարներուն վրայ։ Յետ-Եղեռնեան սփիւռքի պարագային, ժամանակի փորձընկալումը ընդմիջեալ է, որ անշուշտ կ՚ազդէ ստեղծելու հաւաքական կարողութեան եւ կը հաստատէ պատումի անկարելիութիւնը արեւմտահայ գրականութեան պարագային։ Պըլտեանի վէպերը կը յեղաշրջեն այս արգելքը՝ տալով դրուագներ, փոխանակ ամբողջական պատկեր մը ներկայացնելու։ Անոր վէպերու պատումը չունի ծագում կամ աւարտ այլ կը ձգտի ներկայացնել մտքերու շարան մը կամ աւելի ճիշդ՝ մտորումի մը ծաւալումը։ Գրութեան ձեւը կ՚արտացոլայ գրքերուն նիւթին մէջ եւս, ուր կը հանդիպինք յարատեւ լքումներու ու անջատումներու, որոնք կը շեշտեն ընդմիջումը իբր կեդրոնական յատկանիշ սփիւռքի փորձառութեան։ «Պատկերը» վէպին վերջաւորութեան, Պըլտեան ի զուր կը փորձէ վերյիշել այն պահը, երբ սկսած էր ընտանիքէն հեռանալ։ Կը գրէ՝ «օր մըն ալ պիտի մեկնէի, քանի որ արդէն մեկնած էի շատոնց, փոխադրուած այլուր, (բայց ո՞ւր իսկապէս, ո՞ւր) կտրած սահմանը, հաւատալով, առանց դաւաճանած ըլլալու որեւէ զգացումի, առանց որեւէ զղջումի կամ խղճհարութեան, որ այլեւս կը պատկանէի տարբեր եւ գուցէ իրենց համար առեղծուածային աշխարհի մը, եւ ասիկա նոյնիսկ երբ կը հանդիպէինք, կը խօսէինք հինէն նորէն, թէեւ այնպէս կը թուէր, որ նոյն լեզուն չէինք խօսեր, չէինք հասկնար զիրար, արգիլող ինչ մը բան կար, որ զիս կը դարձնէր անհաղորդ իրենց ցաւերուն, իրենց հոգերուն ու բառերուն, որով կը փորձէի պարզապէս այդ զուգահեռ աշխարհի մակերեսին շուք մը մնալ, գիտէի որ պատկեր էին իրենք, տեսակ մը երազի մէջ կամ ջուրի խորութեան ցոլացող, երբեմն վերադարձող դէմքեր, որոնցմէ անջատուած էի»։[3]նոյն, էջ 229։Այս հատուածին սկիզբը հեղինակին մեկնիլը, որ կը կրկնուի երկու ժամանակով կ՚ակնարկէ Պըլտեանին Ֆրանսա մեկնելուն, ուր պիտի երթար ուսումը շարունակելու, եւ փոխաբերական մեկնումի մը, որ արդէն պատահած էր, երբ հեղինակը սկսած էր յաճախել Պէյրութի Ճեմարանը։ Վէպը կ՚առաջարկէ, թէ պաշտօնական, աշխարհաբար Արեւմտահայերէնը, որ Միջին Արեւելքէն ներս ենթարկուած էր երկրորդ կանոնաւորումի երեսունական թուականներէն սկսեալ, եւ որուն մատուցանող բարձրագոյն հաստատութիւններէն մէկն էր Ճեմարանը, կը գործէր իբրեւ սերունդներու այլասերման միջոց։ Այսինքն՝ լեզուի պահպանման աշխատանքի հետեւանքներէն մէկն էր անցեալէն անջատումը։ Պըլտեան իր ընտանեկան պարագաներուն կը ներկայացնէ իբրեւ պատկեր, զոր կարելի է տեսնել, դիտել, առանց հասկնալու պատկերի մը շրջանակէն դուրս մնացած, պատկերին կեանք տուող աշխարհը։ Պըլտեանի նշած անջատումը սերնդափոխութեան բնական խզումէն դուրս զգացում մըն է։ Այն ինչ որ կը բաժնէ Պըլտեանը վերապրող սերունդէն թէ՛ անոնց ուրիշ երկրի հետ ունեցած կապն է, թէ՛ անոնց բարբառային կամ թրքախօս լեզուն։ Պըլտեանին աշխարհը, իր «մաքուր» հայերէնով ո՛չ միայն նոր լեզու կը ներկայացնէ, այլ նաեւ նոր հայկականութիւն ու իր ընտանիքին համար կը մնայ առեղծուածային երեւոյթ։
     Վերոյիշեալ հատուածին յաջորդող էջերուն մէջ, հեղինակը կը պարզէ պատումին փնտռտուքի նպատակը իբրեւ իր հօրենական Կիւրինի բարբառը յիշե-
լու, վերակենդանացնելու, պահելու փորձ։ Վէպին վերջին պահերը կը պատմեն հեղինակին Լիբանան այցելութիւններէն մէկը, երբ ան կը գտնէ Սեդօ Էմմիի տետրակը, անոր մահուընէ տարիներ ետք։ Վէպին հիմնական կերպարը Սեդօ Էմմին եղած էր հեղինակին Ճեմարան յաճախելու առիթը ապահովողը եւ զայն ակամայ իրենց բարբառէն աքսորողը։ Այս վերջին էջերուն ընթացքին, մոռացութեան պատումը կը դառնայ յիշողութեան բուռն աշխատանքի։ Հեղինակը կը փորձէ Կիւրինի բարբառը փրկել մոռացութենէ եւ իր յիշողութեան յանձնել Սեդօ Էմմիի տետրակին մէջ գտնուող բարբառային գրութեան կտորները։ Պըլտեան կը գրէ՝ «կը ջանամ այդ տողերը գոց սորվիլ, պահպանել բարբառին թէ՛ զուլալ ընթացքը թէ՛ աղճատումը, ոչինչ փոխել, պարզապէս կէտադրութիւն մը պարտադրել, միակ փոփոխութիւնը որ թերեւս կրնամ ընել, միակ խոտորումը որ թոյլ կու տամ ես ինծի»։[4]նոյն, էջ 305։Նախկին հատուածին մէջ, իր տարեց ազգակիցներուն դէմքերն էին, որ կը դառնային պատկեր։ Իսկ հոս՝ լեզուն է որ կը ներկայանայ իբրեւ պատկեր։ Տետրակի թուղթին վրայ Կիւրինի բարբառը կը մնայ անշարժ, քարացած, «գոց սորվելիք» մասունք։ Պըլտեանի հօր մայրենի լեզուն այլ պարպուած է ժողովուրդէ։
     Ինչպէս վէպին հեղինակը ագահօրէն կը կարդայ Սեդօ Էմմիին գրութիւնը, ես ալ նոյնպէս կ՚ընթերցեմ Պըլտեանի վէպը՝ բարձրաձայն, որպէսզի պահպանեմ լեզուին «զուլալ ընթացքը», մղուելով այն վախէն որ Արեւմտահայերէնն ալ շուտով պիտի մնայ անժողովուրդ։

                                                                                                                                                                                                                                        ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 1-2

References
1 Պըլտեան, Գրիգոր. Պատկերը. Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2003։
2 նոյն, էջ 34-35։
3 նոյն, էջ 229։
4 նոյն, էջ 305։