Նշանեան
Րաֆֆի Աճէմեան

ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ ՊԱՏՈՒՄ.
ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՂԻ ՄԸ

Ֆրանսացի գրող եւ քննադատ Ժան-Փօլ Էնթհովէն Փրուսթի վէպին նուիրուած գրութեան մը մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք երբեք չեն կարդացած «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով» վէպը[1]À la recherche du temps perdu, Մարսէլ Փրուսթի եօթը հատորով մեծ վէպը, լոյս տեսած 1906-էն 1927-ի միջեւ։ Հայերէն թարգմանութիւն … Continue reading…կ’անգիտանան, որ անոր երեք հազար էջերը ունին արտառոց ուժը կերպարանափոխելու անոնց իսկական ընթերցողին գոյութիւնը։ Այդ անբախտները կ’անգիտանան նաեւ, որ քանի մը միլիոն բառերը, զորս կը պարունակէ այդ «հսկայածաւալ մանրակերտը», եթէ լսուին ու համտեսուին պէտք եղածին պէս, կրնան ենթակային պարգեւել իմաստութեան, ազնուութեան, երգիծանքի, անջատման ու գեղեցկութեան անհամեմատ երանելի պահեր։ Փասքալ անհաւատներուն խորհուրդ կու տար ծնրադիր աղօթել սպասելով հաւատքի ժամանման։ Փրուսթի պարագային աւելի աշխարհական մօտեցումով կ՚ըսենք՝ կարդացէ՛ք, կարդացէք, կարդացէ՜ք, եւ հրաշքը վրայ կը հասնի դանդաղ ու ինքնաբերաբար»։[2]Enthoven, Jean-Paul. “Bon anniversaire cher Marcel”, Le Monde, hors-série, նոյեմբեր 2013–յունուար 2014։ Անկարելի է այս տողերը կարդալ իբրեւ հայ ընթերցող առանց մտաբերելու Գրիգոր Պըլտեանի պարագան մեր գիրերու աշխարհին մէջ։
     Արդարեւ Գրիգոր Պըլտեանի անունը տարիներու ընթացքին դարձաւ հայ գիրերու երկնակամարին մշտակայ ներկայութիւնը։ Վերջին քսան տարիներուն ականատեսն ենք իսկական գրական ու իմացական երեւոյթի մը։ Գիրքերը լոյս կը տեսնեն ետեւ-ետեւի, բերելով լեզուի ու պարունակութեան շլացուցիչ այլազանութիւն ու որակ, նոր լեզու մը պիտի ըսէինք, որով առաջին անգամ ըլլալով լեզուին մէջ կը մտածուի լեզուին իսկ կրած աղէտը, բան մը, որուն ամայքին բնակիչներն ենք հետըզհետէ աւելի գրեթէ ամէն տեղ։ Փոթորիկէն հարիւր տարի ետք անապատին աւազները ներթափանցած կը թուին ըլլալ ու խցանած իրերայաջորդ սերունդներու հագագները, այն աստիճան որ լեզուն կարծես նուազած կը թուի ըլլալ կարողականութեան իր նուազագոյն մակարդակին՝ այսինքն հաղորդակցականին, այդ ալ տակաւին անթացուպերով ընթացող։ Լեզուն, բայց նաեւ միտքը, որով ինչպէս Պըլտեան կ՚ըսէ՝ մէկը չկայ առանց միւսին։ Լեզուի աղէտը նաեւ եւ ամէնէն առաջ է՛ մտքի աղէտը։ Հո՛ն է որ կը զգանք հարուածին գերագոյն ու վերջնական կռուփը։ Ամբողջակուլ դէպքը, որուն յաճախանքին բնակիչներն ենք ահաւասիկ հարիւր տարի է, սերունդներու ստեղծագործական ոգին եւ ուժը կը պահէ կարծես բանտարկուած իր իսկ պարտադրած գլխաւոր սեւեռումի առարկայի կախարդանքին տակ՝ կրկնումի յոռի շրջանակի մը մէջ պտտող։ Պատմականն ու քաղաքականը կը նկատուին գերիվեր հարթակները մտքի աշխատանքին, մինչ ստեղծագործականը կը մնայ հարկատու ու կրաւորական։ Լեզուն կը մնայ աքսորուած մտքի ոլորտէն։
     Հոս է որ ականատես ենք հրաշքի մը համազօր իրողութեան։ Կարելի չէ կարդալ Պըլտեանի արտադրութիւնը ընդհանրապէս, բայց «Գիշերադարձ» վիպաշարքը մասնաւորաբար, առանց անդրադառնալու, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք բացառիկ մտքի ու գրչի արգասիքը եղող արտադրութեան մը հետ։

 

Լեզուի աղէտը նաեւ եւ ամէնէն առաջ է՛ մտքի աղէտը։ Հո՛ն է որ կը զգանք
հարուածին գերագոյն ու վերջնական կռուփը։

 

Անոր էջերու ընթերցողին առջեւ կը բացուի կարծես շատ ծանօթ ու միաժամանակ անծանօթ լեզու մը, որ հաղորդակցութիւնը բաց կը պահէ մէկ կողմէն մինչեւ լեզուին ակունքները, հին լեզուն, միւս կողմէն կը հասնի անոր կիրառման բոլոր գունագեղ խոնարհումներուն, զայն կը փռէ շլացուցիչ գունագեղութեամբ գորգի մը նման անցեալէն մինչեւ ապագայ։ Առաւել եւս ամէն մէկ տող կու գայ մտածման իր հոլովոյթով։ Լեզուն, այս մէկը, կը մտածէ եւ ընթերցողը կը դնէ իր կարգին մտածելու հարկադրանքին տակ։ Աշխատանքի հարկադրանքին։
     «Գիշերադարձ»ի հատորները կը պարտադրեն բազմաթիւ ընթերցումներ։ Այս առումով զայն կարելի է նկատել «հսկայածաւալ մանրակերտ մը», յար եւ նման Փրուսթի «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով»ին։ Երկու վիպաշարքերն ալ կը ստեղծեն ինքնափակ ու ինքնաբաւ աշխարհներ, բնակուած կերպարներու խայտաբղէտ շարքերով, հերոսներ կամ հակահերոսներ, որոնք բարդ կառուցումներ են իսկական կերպարներէ մեկնող բայց խտացնող մարդկային բարքերու զանազան ու զարմանազան գոյներ ու շերտաւորումներ, դիրքեր ու կեցուածքներ։ Աշխարհներ՝ բանող իրենք-իրենց օրէնքներով ու իրենք-իրենց։ Պըլըտեանի տողը միաժամանակ անընդհատ թէ՛ կը մտածէ իր իսկ պատմածը, թէ՛ կը գեղագիտականացնէ զայն, խաւ առ խաւ ու մէջ մէջի հիւսելով լեզու ու միտք։ Կը ստեղծէ կարծես անկարելին մտածելու կարողութիւն մը, անոր մօտենալու ու ներառնելու կերպ մը, զայն ըսելու ձեւ մը։ Անկարելի է ապշած չմնալ լեզուի այս մանրաշխարհային ու հանրագիտարանային կիրառումին ու կառուցումին դիմաց։ Կորսուած ու կորսուող աշխարհի մը ամբողջ բոյրը, գոյնը, համը, ձայնը կարծես կը հիւսուին անոր տողերուն մէջ։ Այս ամէնը լեզուով մը, որ ամբողջովին բաց է դէպի իր ժամանակն ու նաեւ ապագան։ Ասոր կ՚աւելնայ երկրորդ մակարդակի մարտահրաւէրը, որ է պապանձումին, պապանձումի մատնող դէպքին յաղթահարումը։ Անկարելի է մանաւանդ կարդալ Պըլտեան եւ մնալ նոյն անձը։ Ամէն ընթերցում կը բերէ յաւելեալ ու յաւելեալ շերտեր ինքնաճանաչումի, որով գործը հայելիի մը նման ընթերցողին ետ կը ցոլացնէ անոր իսկ այլակերպուած պատկերը, բանող գործիքի մը նման, որ անընդհատ անծանօթ ծալքերէ կ՚արտաբերէ կարծես ընթերցողին իսկ գիտակցութեան յատակը թաղուած ու անճանաչ վայրեր։
     Վերադառնանք սակայն գրողի վաստակին, որ յիսուն տարի առաջ սկսած աշխատանքի մը շարունակուող արգասիքն է։ Երեսունէ աւելի հատորներ, անթիւ յօդուածներ մամուլին մէջ, մանաւանդ Փարիզի «Յառաջ»ին, երկար տարիներու ուսուցչական ասպարէզ, բազմաթիւ աշակերտներ, ընթերցողներ, հետեւորդներ։ Ահաւասիկ եթէ ուզենք քանի մը տողով ամփոփել զայն։
     Պըլտեանի գիրքերը իր իսկ բառերով երկար ատեն, տարիներով, կ՚ընդունուէին լաւագոյն պարագային «քաղաքավար լռութիւններով», որոնք իրենց յետին ունէին անշուշտ սովորական տափակութիւնները ենթադրեալ խրթնութեան մը վերաբերող։ Այդ խըրթնութիւնը, ինչպէս միշտ, կը նշէ ընթերցողին մօտ կազմաւորուած մտային համակարգեր խախտելու չկամութիւնը կամ անկարողութիւնը։ Պարզութեան ետեւ թաքնուող պահանջքը իրականութեան մէջ կ’ուզէ կառչած մնալ ծանօթին եւ խուսափիլ նորին հետ հանդիպումէն, նման նաւաբեկումէ ազատած ու լաստակի վրայ ծուարած ապաստանեալին, որուն համար ովկիանոսի ամէն ալիք կը բերէ վերջնական խորտակման ուրուանկարը։
     Պըլտեան տեղ մը կ՚ըսէ, որ գիրքերը իրենք կը ստեղծեն իրենց ընթերցողները եւ ատիկա կրնայ կարօտիլ ժամանակի։ Ասիկա անշուշտ պայմանաւ որ ստեղծարար ուժը, այն հիմնական մղումը, որ կը հրահրէ ենթական ըլլայ այնքան զօրաւոր որ գրողը դիմանայ «քաղաքավար լռութիւններուն» ու շարունակէ։ Բարեբախտաբար գրողը ունէր այդ անհրաժեշտ ջիղը սպասելու ու շարունակելու եւ ընթերցողները սկսան գալ, մանաւանդ վերջին քսան տարիներուն երբ պատումները սկսան լոյս տեսնել ու միաժամանակ գիրքերը գտան արժանի հրատարակիչ մը, իսկական հրատարակիչ մը բառին բոլոր իմաստներով ու յստակ տեսիլքով՝ յանձինս Սարգիս Խաչենցի, Երեւան, բան մը, որուն պակասը մեծ հարցերէն մէկը եղած է արեւմտահայ գրողներուն սկիզբէն իսկ։

 

Պըլտեանի տողը միաժամանակ անընդհատ թէ՛ կը մտածէ իր իսկ
պատմածը, թէ՛ կը գեղագիտականացնէ զայն, խաւ առ խաւ ու մէջ մէջի
հիւսելով լեզու ու միտք։ Կը ստեղծէ կարծես անկարելին մտածելու
կարողութիւն մը, անոր մօտենալու ու ներառնելու կերպ մը, զայն ըսելու ձեւ մը։

 

     Պըլտեան կը գրէ, որ գրողը գիրի աշխատաւոր մըն է։ Գաղափար մը տալու համար այդ աշխատանքի ծաւալէն ու ընդերքէն, փորձենք հոս ամփոփ ակնարկ մը նետել գիրքերուն վրայ։
     Գիրքերը կարելի է բաժնել քանի մը լայն խմբաւորումներու։ Պըլտեան կ՚ըսէ, որ սկիզբը ի մտի ունեցած է չորս գիրք. «Հակաքերթուած»ը, «Վայրեր»ը, «Հատուածներ սենեակի մասին»ը եւ չորրորդ մը, որ չէ գրուած, աւելի ճիշդ լուծուած է կ՚ըսէ ուրիշ գիրքերու մէջ եւ որոնց վրայ սկսած է աշխատիլ զուգահեռաբար։ Ասոնցմէ առաջ սակայն Պըլտեան կը ձեռնարկէ ուսումնասիրական յօդուածներու շարքի մը, լոյս տեսած «Բագին»ի եւ մանաւանդ «Ահեկան»ի մէջ, այսինքն 60֊ականներու կէսերէն սկսեալ։ Հոն ան ձեռք կ՚առնէ արեւմտահայ գիրի մեծերուն արտադրութիւնները՝ Մեծարենց, Վարուժան, Ինտրա եւ կը փորձէ զանոնք կարդալ ու մեկնաբանել ընկալուածէն տարբեր ակնոցով։ Գործերը նախ ան կը վերցնէ իբրեւ գրուածք, այսինքն գրողական աշխատանքի ենթարկուած թեքսթեր, որոնք ըլլալով լեզուական արտադրութիւններ ենթակայ են լեզուի օրէնքներուն։ Պեղումի աշխատանք մըն է որ կ՚ընէ, փորձելով յայտնաբերել թէ ինչ կը կատարուի գործերուն մէջ։ Հոս՝ անդին ենք այլեւս գործ մը ենթադրեալ գրական շարժումի պրիսմակէն դիտող կամ ըստ բովանդակութեան ու ըստ կառոյցի բաժնող սահմանափակ ու ըսենք ժամանակավրէպ մօտեցումներէն։ Վաթսունականներն են, կառուցապաշտութեան փայլուն օրերը, երբ Պարթ կը յայտարարէ գրողին մահը։ Կը մնայ գործը դէմ յանդիման ընթերցողին։ «Գրութեան տարրերուն միջեւ դրուած յարաբերութիւնները կառուցուած են ընթերցողին կողմէ. ինչ որ տուեալը կը վերածէ արտադրուածի»։ Ահաւասիկ ընթերցողին ներգործական դերը՝ գրութեան վերարտադրութիւնը իր իսկ մտահորիզոնին եւ կը շարունակէ. «Ուրկէ՞ կը բխի այս կարելիութիւնը, եթէ ոչ, ըսուածի բազմադիմութենէն անդին, չըսուածէ՛ն, որ կը գտնուի ըսուածին մէջ, գրութեան մէջ, հեռաւորուող, անտեսանելի, չմտածուած, լռութենէն ու պարապներէն»։[3]Գրիգոր Պըլտեան՝ Տրամ, Անթիլիաս, 1980, էջ 39։ Աւելի անդին այդ գրուած չըսուածին կու տայ մնացութիւն տարազը։ «Անոր վրայ է
որ կը շարժի ընթերցումը»։[4]նոյն, էջ 40։ Ընթերցումը այստեղ կիրառում մըն է, թեքսթի «համար» մը, փոխանակ անոր «մասին» ըլլալու։[5]նոյն, էջ 47։ Դժուարը կ՚ըսէ «գտնելն է այն լեզուական տարրերը, որոնցմէ մէկուն խաղը, շարժումը կ՚արձակէ ամբողջ գրութիւնը»։[6]նոյն, էջ 50։ Կարեւորը հարցումը հարցնելն է կը գրէ ան, սպասելը, որ ան գայ թեքսթէն իսկ, եւ որուն յայտնութիւնը կը բանայ ընթերցումի կարելիութիւն մը։[7]նոյն, էջ 51։
     Այս յօդուածները տարիներ ետք պիտի հաւաքուին ու ամբողջացուին Սարաֆեանի, Շահնուրի ու Որբունիի գործերու ընթերցումներով, որոնց պիտի կցուի ընթերցումի գործողութիւնը բացատրող երկար ու գեղեցիկ գրութիւն մը, եւ բոլորը պիտի մտնեն «Տրամ» վերնագիրը գրող հսկայածաւալ գիրքին մէջ։ Հոյակապ հատոր մը, որ հիմը կը դնէ գրական ժառանգի ընկալման եւ իւրացումի նոր փուլի մը։ Կը բանայ գրութիւնները ապագային ու կը ստեղծէ ու կը կիրարկէ անոնց մօտենալու զանազան ռազմավարութիւններ։
     Մինչ այդ սակայն լոյս տեսած պիտի ըլլան «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»ը, «Հատուածներ սենեակի մասին»ը, «Objets et debris»ն եւ «Հակաքերթուած»ը, իսկ 1983-ին լոյս կը տեսնէ «Վայրեր»ը։ Ասիկա առաջին խումբ մը կրնանք նկատել պայմանականօրէն, տրուած ըլլալով, որ գրողին ամենահին եւ ամենահիմնական հարցերն ու մտահոգութիւնները արդէն ի յայտ կու գան ու մասամբ լուծում կը ստանան այստեղ։
     Ի՞նչ են այդ հարցերը։ Ամէն բան կը սկսի անբաւարարութեան զգացումէ մը, երբ գրողը կ՚անդրադառնայ որ գիրը, ինչ որ կը տեսնէ շուրջը եւ ինչ որ կը փորձէ ինք ընել, դժուարութիւնն ունի խօսելու շուրջի աշխարհին մասին, չ՚ըսեր զայն, ենթական պահելով schizophrenic վիճակի մը մէջ։ Ինչո՞ւ այս երկփեղկումն ու անբաւարարութեան զգացումը։ Ասիկա մէկ կողմէ։ Կայ նաեւ բանաստեղծութեան անունով եկողը, որ կը դաւանի արտայայտել գրողին զգացումները, երազները, տենչանքները կամ առօրեան։ Այս բոլորին մէջ լեզուին կը տրուի ընդունուած սակայն երբեք հարցադրուած պաշտօն մը իբրեւ փոխանցող, հաղորդակցական միջոց, առանց երբեք ինքնին դառնալու խնդրական։ Այստեղ պէտք չէ մոռնալ երկու բան։ Առաջինը Աղէտի հորիզոնն է, այսինքն ա՛յն դէպքին, որ խնդրական կը դարձնէ ամէն բան, ներառեալ բանաստեղծութիւն եւ լեզու։ Լեզուն ինչպէ՞ս կրնայ ըսել զինք անապատ դարձուցած դէպքը։ Երկրորդը Եւրոպան է, այսինքն շրջապատի գրական ու իմացական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, հասնելով 1968-ի մայիսեան ցոյցերուն, Փարիզ։ Պըլտեան արդէն տարի մըն է Փարիզ է։ Գրողը մէկ օրէն միւսը ինքզինք կը գտնէ մէկ կողմէն աքսորեալ իր ծննդավայրէն, միւս կողմէն շրջապատուած մեծ խանդավառութեամբ փողոց իջած երիտասարդութեամբ, որ կը պահանջէ փոփոխութիւն։ Եւ ուրեմն հարկադրանքը՝ կարենալ այդ ամէնը բերելու սեփական լեզուընկալումին մէջ, անցնելով զայն սեփական իսկ մարմնէն։
     Այս ամէնը ծնունդ կու տան տագնապի մը։ Պըլտեան այդ տագնապը գիրին մէջ բերելով զայն կը մեկնաբանէ իբրեւ էութեան բացակայութիւն։ Այս մէկը կը պատահի երբ էութիւնը կը լքէ տողը, կ՚ելլէ բանաստեղծութենէն, այսինքն մէկ խօսքով ու լաւ մը տափակցնելով ըսենք՝ երբ տողին ենթական՝ եսը, կը կորսուի։ Տողը կը մնայ միս-մինակ, քերթուածն ալ կը դառնայ ինքն իր վրայ։

 

Բուն տագնապը մտքի խորտակումն է ծայրագոյն փորձառութեան մը եզրին։
Հարցը՝ ինչպէ՞ս զայն բառնալ երբ լեզուն իսկ չի դիմանար այդ տեսակ դէպքի։

 

«Հակաքերթուած»ը ասիկա է որ կը բեմականացնէ։ Ասոր ետեւ կայ անշուշտ բանաստեղծութեան զարգացման ընթացք մը, պատմութիւն մը։ Հոս է որ ընթերցումներէն ելած մտահոգութիւնները կը միանան բանաստեղծութեան կարելիութիւնը իսկ խնդրականացնող աշխատանքի մը։ Պըլտեան կ՚ըսէ, որ «Հակաքերթուած»ը նախատեսուած էր ըլլալու առաջին գիրքը, սակայն նիւթական միջոցներու հարցը, առաւել Լիբանանեան պատերազմի սկսիլը ինքնաբերաբար կը պարտադրեն ուրիշ գրութիւն մը, որ կը կոչուի «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»։ Անոր մէջ ալ պատմութի՛ւնն
է, որ թէեւ լքած բանաստեղծութիւնը՝ էութեան բացակայութեան հետ՝ կը խուժէ անկէ ներս, բռնի կերպով. քաղաքն է որ բոլորին առջեւ քարուքանդ կ՚ըլլայ։ Պատմութիւնը կը վերադառնալ կարծես կը կրկնուի։ «Տեղագրութիւն»ը իսկապէս յեղափոխական հատոր մըն է ամէն տեսակէտէ եւ կը պահանջէ տեսնել, կարդալ ու լսել միաժամանակ։ Տողերը բազմաթիւ ուղղութիւններով կ՚ընթանան եւ իրենց քայքայումով իսկ կը բերեն քաղաքին քայքայումը, կը բեմադրեն զայն։ Հոս նաեւ ի յայտ կու գայ ձայնային աշխարհ մը, աջէն ու ձախէն կը լսենք խօսակցութեանց պատառիկներ, թերթերէն, ձայնասփիւռէն եկող արձագանգներ։ Միաժամանակ կ՚երեւի թեքսթային յղում
ներու օգտագործումը, օրինակ գրաբարի մուտքը, ուր լեզուն կը յղուի ինքն
իրեն, ինքն իր պատմութեան։ Միշտ սահմանի հարց մը կայ, սահմանազանցումի։ Ատիկա անշուշտ մասամբ կը ծնի Աղէտի հորիզոնէն։ Պըլտեանի մօտ լեզո՛ւն ստանձնելու հարցադրումով կը դրուի անիկա, ուր գրողը կը ստանձնէ զայն մինչեւ ծայր տանելու հարկադրանքը։ Լեզուն, բայց նաեւ միտքը։ Բուն տագնապը մտքի խորտակումն է ծայրագոյն փորձառութեան մը եզրին։ Հարցը՝ ինչպէ՞ս զայն բառնալ երբ լեզուն իսկ չի դիմանար այդ տեսակ դէպքի։
     Լեզուի հարցը կը կապուի նաեւ առօրեան կարենալ ըսելու հարցին։ Ասոր մէջ կը մտնէ ժխտումներու եւ ինքնամերժումներու վրայ հիմնուած գաղափարաբանական ոլորտը։ Վաթսունականներուն ու եօթանասունականներուն Պէյրութի եռուն գրական միջավայրին մէջ կ՚երեւի՝ զրոյցներու, վիճարկումներու մէջ հետեւեալ հարցը. ո՞վ պիտի գրէ Սփիւռքի վէպը։ Օրին կը կատարուին երկար արձակի փորձեր, լոյս կը տեսնեն գիրքեր։ Օրինակի համար միայն թուենք անուններ. Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Գէորգ Աճէմեան, Սիմոն Սիմոնեան եւ ուրիշներ։ Գիրքերու արագ թերթատում մը անմիջապէս ի յայտ կը բերէ տագնապը։ Սփիւռքեան տարածքի նսեմաստան ու կորստեան վայր ըլլալու գաղափարաբանութիւնը կը թափանցէ նաեւ անոնց էջերէն ներս եւ անկարելի կը դարձնէ իրական մարդոց կեանքերու ամբողջական ընկալումը, տեղի տալով գրեթէ միամակարդակ հասկացողութեան մը՝ մաշումի ու կարօտախտի միջեւ տարուբերող։ Դուրս կը մնան հսկայական ոլորտներ, օրինակ սեռականութեան, կեանքի հակասութիւններու, կռիւներու, բարոյական օրինազանցումներու ամբողջ շերտեր։ Իսկ եթէ պատահի որ փորձը կատարուի բաներ մը բերելու գրականութիւն, հակառակ շարժումով մը կարծես գրականը ինք կը փախչի էջերէն։ Կը պակսի լեզուն։ Մարդիկ չեն անդրադառնար, որ թերթի լեզուով գրականութիւն չի մշակուիր։ Գրականութիւնը միայն նիւթի կամ գեղեցիկ հայերէնի հարց չէ։
     Պըլտեանի մօտ այս հարցին լուծումները կը սկսին նախ երեւիլ բանաստեղծական հատորներուն մէջ, մանաւանդ «Մանտրաներ» եւ «Ելք» հատորներով։ Մանտրայով Պըլտեան լուծած է էութեան բացակայութեան հարցը, կարելի է ըսել գտած է կաղապարը լուծումին։ Իսկակական լեզուական հրախաղութիւն մը ի յայտ կու գայ անոր էջերուն, ուր կրկնուող տողերը կը բերեն իրենց կշռոյթը։ Պըլտեան կը բեմադրէ լեզուին տարբեր մակարդակներն ու շերտերը։ Ասիկա իր մօտ գիւտ մըն է, որ ապագային կարելի պիտի դարձնէ պատումի լեզուն։ Բանաստեղծութեան մէջ կու գան խառնուիլ հայերէնի տարբեր մակարդակներ, գրաբարէն խօսակցական, բարբառային ու տեղական։ Էջին վրայ ձայները պատրաստ են յայտնուելու։ Բանաստեղծականին մէջ կը սկսի նաեւ յայտնուիլ արձակը։ Կարծես ճամբայ կը փնտռէ դուրս գալու եւ ինքզինք գտնելու առանձին հատորով։ Յաջորդող «Էր» հատորին մէջ առաջին անգամ կու գան տեղ գտնել արձակ ու բանաստեղծութիւն մէկ կողքի տակ։ Պըլտեան կը սկսի նաեւ կարճ արձակներ հրատարակել մամուլին մէջ, մանաւանդ «Յառաջ»ին։
     Ասոնց կողքին Պըլտեան կը շարունակէ ընթերցումի ու վերլուծումի աշխատանքը ետեւ-ետեւի լոյս ընծայելով Նարեկացիի եւ Վարուժանի նուիրուած խիտ ու յեղաշրջող հատորներ, իսկ «Տրամ»ը կ՚ունենայ իր շարունակութիւն «Մարտ» եւ վերջերս լոյս տեսած «Տարմ» հատորները։ Տրամը Պըլտեանի ֆեթիշ բառերէն մէկն է։ Անոր առաջին իմաստը կը գտնէք «տրամախօսութիւն» բառին մէջ, ուր կը նշանակէ երկու, իսկ երկրորդ իմաստով կ՚երեւի «տրամաբանութիւն» բառին մէջ, ուր կը նշանակէ ամուր, կուռ։ Հատորին մէջ Պըլտեան կը սիրէ գործածել, կը ստեղծէ՞ «տրամել» բայը, նշելու համար
ընթերցումին իրագործածը՝ այսինքն երկրորդ ընթերցում մը, որ գործը կը դնէ աւելի ամուր հիմերու վրայ։ Նոյն չորս գիրերով կազմուած «Մարտ» հա-
տորը կը խմբէ գրութիւններ Տէմիրճիպաշեանի, Եսայեանի, Շանթի, Որբունիի գործերուն մասին, ինչպէս նաեւ մարտական դիմընկալումով մը ձեռք կ՚առնէ հայր Օշականի անխուսափելի ժառանգը, փորձելով զայն շրջանցել։ Իսկ «Տարմ»ը կը բերէ վերջին խումբ մը ուսումնասիրութիւններու բազմաթիւ գրողներու մասին, ե՛ւ արեւմտահայ, ե՛ւ արեւելահայ, ե՛ւ սփիւռքահայ։ Ասոնց վրայ կ՚աւելնայ նաեւ «Յիսուն տարուան ֆրանսահայ գրականութիւն» ֆրանսերէն հատորը, առաւել «Հայկական ֆուտուրիզմ»ը լոյս տեսած 2009-ին, որ մոռացումի ճիրաններէն կը վերակենդանացնէ Կառա Դարվիշն ու Հրանդ Նազարեանցը, նոր ոսպնեակի տակ առնելով հայ գրականութեան զարգացման ընթացքն ու անոր պատմութեան մէջ այլեւայլ պատճառներով կատարուած բացթողումները, ե՛ւ արեւելահայ, ե՛ւ արեւմտահայ ճակատներուն վրայ։ Ասիկա գլխաւոր յատկանիշն է գործերու այս խումբին։ Գրականութեան պատմութիւնները կը կաղապարուին ժամանակի հասկացողութիւններով, յաճախ զսպանակուած քաղաքական շահերէ։ Բացթողումները երեւան հանելով, այս աշխատանքը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ծածկումի աշխատանքը։ Ասիկա ընթերցումի մեքենային աշխատելու կերպն է, որ միշտ կը փորձէ թափանցել յայնտուող ճեղքերէն։
     Եթէ պահ մը մէկդի դնենք մնացեալ գիրքերը, այս աշխատանքը ինքնին իր համայնագիտական ծաւալով կը յեղաշրջէ հայ գրականութեան 100 տարուան ընկալուած ու զառամած հասկացողութիւնները, զայն բերելով մեր ժամանակին, այսինքն կարելի դարձնելով անոր ժառանգումը մեր կողմէ։ Ասիկա ինքնին անհաւատալի աշխատանք մըն է։
     Այլ ֆէթիշ բառ մը, որուն կը հանդիպինք անոր մօտ գրեթէ առաջին օրերէն՝ կը հանդիսանայ «պատում» եզրը։ «Տրամ»ին մէջ կ՚երեւի նաեւ «պատմում» ձեւով կողքին փակագիծով տրուած ֆրանսերէն récit համարժէքով։ Անիկա մանաւանդ ձեւ կը գտնէ «Գիշերադարձ» շարքով, սկսեալ անոր առաջին հատորէն «Սեմեր» վերնագրով 1997-ին, եւ որ արդէն հասած է ութերորդին։ Պըլտեան կը խոստովանի որ առաջին հատորներու սկզբնական տարբերակներ կամ խոշոր մասեր գրուած են տարիներ առաջ, 70-ականներուն, որոնք սակայն չէ հաւնած եւ մնա- ցած են դարակներուն մէջ։ Այսինքն կ՚իյնան վերեւ նշուած «Սփիւռքի վէպ»ը գրելու գրաւականի ծիրէն ներս։ Պակսողը այդ ատեն եղած է, ինչպէս բոլորին մօտ, լեզուն։ Ինչպէ՞ս տալ Սփիւռ-
քի հայահոծ գաղութներէն մէկուն անցուդարձերը իր բոլոր երեսներով առանց իյնալու գաղափարաբանականով սահմանափակուած ընկալումի ծուղակին մէջ։ Ընթերցումի ու բանաստեղծութեան աշխատանքներն են, որ կամաց-կամաց հասունցուցած են, ա-
նապատէն ետ բերած իր իսկ հրկիզումը յաղթահարած լեզուն, վերստեղծած զայն։ Պըլտեան նաեւ երկար ատեն համբերած է մինչեւ յայտնուին հատոր-
ները իրենք, ամէն մէկը բերեն իրենց հարցերն ու լուծումները։ Ան կը պնդէ, որ գիրք մը գոյութիւն չունի առանց
հարցադրումներու շարքի մը, որոնք պէտք է յայտնուին ու լուծումներ գտնուին, որ գիրք մը մէջտեղ գայ։ Անջատ հատորներ են ասոնք, ամէն մէկը ինք
նին առանձին աշխարհներով, բայց երբ կը մտնէք շարքին մէջ ձեր դիմաց կը բացուի ուրոյն աշխարհ մը, որ կ՚եր-
կարի Պէյրութէն Փարիզ, եւ որուն բնակիչներն են ո՛չ թէ միայն Պըլտեանի ստեղծած կերպարները՝ Անթիքայէն մինչեւ Պարոն Ղեւոնդ եւ Յովակիմ վեր-
ջինին մէջ, այլ բոլորս, որովհետեւ անիկա մեր ալ աշխարհն է, ու հոն մտնող ամէն անձ կը հանդիպի ինքն ի՛ր հարցումներուն ու կը գտնէ ինքն ի՛ր պատասխանները։ Իւրայատուկ գործ մը, որով Պըլտեան կու տայ փաստը մեծ գրողի իր կարողութեան, բայց նաեւ իրմէ ետք եկողները կը դնէ հսկայական մարտահրաւէրի մը դիմաց, այն տարբերութեամբ, որ Պըլտեանով անցած ենք պապանձումի ժամանակը ու լիիրաւ մտած արդիականութեան մէջ, մե՛ր արդիականութեան։ Այդ ալ ուրիշ նիւթ։
     Վերադառնալով վերեւ տրուած Փրուսթի համար յորդորին, նոյնը կը կրկնենք նաեւ Գրիգոր Պըլտեանի ամբողջ գործին համար. կարդացէ՛ք, կարդացէք, կարդացէ՜ք եւ կրնաք վստահ ըլլալ, որ Պըլտեանի ընթերցումը ձեզ ո՛չ թէ միայն չի ձգեր անտարբեր, այլ նաեւ կը կերպարանափոխէ ձեր գոյութիւնը։

ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 1-2

References
1 À la recherche du temps perdu, Մարսէլ Փրուսթի եօթը հատորով մեծ վէպը, լոյս տեսած 1906-էն 1927-ի միջեւ։ Հայերէն թարգմանութիւն ցարդ եղած չէ։
2 Enthoven, Jean-Paul. “Bon anniversaire cher Marcel”, Le Monde, hors-série, նոյեմբեր 2013–յունուար 2014։
3 Գրիգոր Պըլտեան՝ Տրամ, Անթիլիաս, 1980, էջ 39։
4 նոյն, էջ 40։
5 նոյն, էջ 47։
6 նոյն, էջ 50։
7 նոյն, էջ 51։