Քանդումներու ձայներ յաճախ ես կը լսեմ՝
փլող պատեր, ինկող քարեր,
օրերու հետ դատարկուող շրջանակներ պատուհանի…
Այո, երբեմն մղձաւանջներուս
մէջ դեռ կը պայթին սուլոցներ ռումբի,
ու չեմ հասկնար
ասոնք կը հասնին արդեօք անցեալէ՞ս
թէ խուլ ձայներ են ժամանակէ մը դանդաղ մօտեցող։
Դեռ աշնանային հաւասարումին՝
խոր տխրութիւնը կը պարուրէ զիս
գալիք մահերուն,
սառած անձրեւի պատանքներուն տակ
խեղդուող ճիւղերուն,
որոնք այդ բեռին ա՛լ չեն դիմանար
ու ճարճատումով կը գահավիժին։
Իսկ գարնան, յաճախ,
պայթող ծիլերու ուրախ խինդին հետ,
զուարթ ձայներու վարակող, շնչող,
կենդանացնող շառաչին կողքին
կը լսեմ նաեւ
անձայն մօտեցող դաւը սարքուած,
որ մարմնին մէջ իրենց կը կազմաւորուի՝
ժամանակին հետ միշտ քայքայելու զիրենք լռակեաց։
Ահա կը գրեմ, բառերս կ’աւրեմ
կամ կ’աւելցնեմ,
կը փորձեմ բռնել անհասկնալին,
ինձմէ խուսափած։
Դիակներ կ’իյնան իրարու վրայ,
մարմիններ կ’իյնան իրարու վրայ,
եւ բառեր կ’իյնան, զիրար կը սրբեն,
շերտեր կ’աւելցնեն
եւ նոր քաոս մը կարծես կը կազմեն,
որմէ ամէն կեանք կը սկսի արդէն,
սակայն նորովի։
Երկրաշարժներու աւերը վայրագ
հայրենիքիս մարմնին վրայ
կարդացած եմ ու տխրած։
Հրաբուխներու կարմրաւուն լաւան հոսող
ովկիանոսին մէջ՝ տեսած եմ վախով,
նաեւ՝ զմայլած։
Սակայն վայրագ մոլուցքը մարդուն,
նմանին հանդէպ,
չեմ հասկցած երբեւիցէ …
Խրամներու մէջ, սարալանջերուն
կ’իյնան զինուորներ։
Կիրճերու խորքին, Եփրատի ափին,
անապատի մէջ
սպաննուած են կիներ ու ծերեր,
իսկ երեխաներ սովահար ինկած
այրող արեւին շողերուն ներքեւ,
խլուած են, տարուած
անանուն վայրեր. իրենց նոր անուն
տրուած, պարտադրուած
եւ մէկ այլ լեզու
եւ այլ ինքնութիւն …
Նոյն ահաւոր շրջանն է կեանքի,
որ կը կրկնուի լուռ երկինքին տակ։
Դարձեալ կը տեսնեմ եւ կ’արձանագրեմ՝
մարմիններ կ’իյնան իրարու վրայ,
կը փլին պատեր, կը ռմբակոծուին քաղաքներ հսկայ,
միւս կողմէ դանդաղ նոր շէներ կու գան
տեղ գրաւելու փոխան հիներուն։
Կը դիտես հեռուէն Անին ամայի,
որուն կեդրոնին տասը դար առաջ, պիտի ուզէիր
տուն մը ունենալ,
իսկ Պէյրութը քանի՞ անգամ քանդուած եւ վերաշինուած է …
Դեռ Պերլինի ու Լոնտոնի ռմբակոծուած
եւ հրդեհուած պատկերները փողոցներուն
պաստառին վրայ հեռատեսիլի՝
կը տողանցեն շրջագիծին մէջ
սեւ ու սպիտակ
վաւերագրական յայտագիրներու,
որը սակայն երբեք հեռու չի դարձներ
դաժան, անհեթեթ ողբերգութիւնը
անոնց քայքայման։
Այո, անոնք կառուցուած են այսօր դարձեալ,
սակայն քանի՞ մարմին այնտեղ
մնացած է փողոցներուն տակ պերճագեղ։
Մանկամարդ, զուարթ նոր դէմքեր կու գան
փոխարինելու մեռնող-սրբուող
դէմքերն մարդկային,
եւ ես նոր բառեր կու գամ քանդելու,
աւելցնելու ինկող կամ մեռնող բառերու վրայ՝
հասկնալու շրջածիրը այս կրկնուող շրջանակին
խանգարուած, դարձող ձայնապնակին,
որը չի կրնար ինքզինք սրբագրել։
Ջուրը կը մաքրէ, սակայն կը սրբէ–
կ’անհետացնէ ինչ որ այնտեղ կար,
կամ իր հետ բերած տիղմին տակ խորունկ
կը թաղէ դանդաղ ինչ որ կառոյց էր
կամ շունչ կենդանի։
Հրդեհը կ’այրէ,
իր բոցերուն տակ
մշտադալար շոճիները կը վերածուին
հսկայական վառ ջահերու,
սակայն նոյն ատեն
այրող ծառերէն նոր հունտեր կ’իյնան
նոր անտառներ ստեղծելու –
նոյն քայքայիչ-վերածլող
շարժումը միշտ բարբառելու,
իսկ երբ հրդեհին
չի յաջորդեր ուժը նորոգող
եւ միմիայն անապատներ կը կազմուի՞ն …։
Ճարճատող գիրքեր, պատանդուած մագաղաթներ,
բաբիրոսներ,
Աղեքսանդրիայէն Պերլին, Հայաստան
(տարբեր դարերու, շէներու մէջ այլ,
հրկիզումներու
նոյն պատմութիւնը ոչնչացնող),
դժբախտաբար, գիրքը այրած
վերածլող բոյսին պէս չէ,
կրնայ ի սպառ անհետանալ։
Դեռ կը հաւաքեմ
գետնի տակ պահուած
խունացած, փխրուն, իրարու փակած
էջերն Չարենցի ձեռագիրներուն,
կը դնեմ կողքին
այրած Նինուէէն պեղուած, փրկուած
բեւեռագիր աղիւսներու դէզերուն հետ,
եւ աղօթքներ կ’արտասանեմ,
մոգական բառեր կը փորձեմ գտնել
գարնանային անձրեւներուն տակ
եւ կը սպասեմ որ բոլորն արթննան,
վերակազմուին …
Բայց չեմ գտներ
բռնագրաւուած ձեռագիրները Բակունցի,
ոչ ալ վերջին գրուածքները Վարուժանի
Չանղըրիի մէջ կորսուած։
Յարալէզներ կը լզուըռտեն
մարմինները
մարտի դաշտերուն
ինկած մատղաշ զինուորներուն
եւ կաղկանձելով, յաճախ յուսահատ,
կը վերադառնան իրենց որջերուն։
Դեռ ծամերու տեղ
ծաղիկներ իրենց գլխուն ունեցող
աղջիկները,
որոնց շուրջը թիթեռնիկներ կը դառնան միշտ,
կը համբուրեն զիրենք ահա
խորունկ կարօտով եւ կը գուրգուրան,
զանոնք կը տանին դանդաղ լուալու
ջուրերուն մէջ Արածանիի։
Յայտնութենական տեսիլներու մէջ
միմիայն ձայնս յաճախ կը լսեմ,
եւ կը կարդամ բարձրաձայն
բառերը լեզուիս՝ տակաւ նուազ գործածուող,
կ’ուզեմ հաւատալ դեռ հրաշքներու,
եւ դողդղալով մոմ մը կը վառեմ
տօնին յարութեան։
ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 3