Մի՛ մարէք լոյսերը անկարելիին
* * *
Եւ մեր միջեւ սեւ խոռոչ մը
որ ինքզինք կը ձեւէ
Կը տեղաւորուի
Հմայիչ վախազդու եւ անյատակ
Անհող տարածք մշակումի
Պեղելու ինչ կրնայ ըլլալ
Մեզմէ անկախ
Մեր միջեւ
Առանձնութեան հաճոյքներուն այբբենարանը
լաւ սերտած
Մեներգներու արձագանգը խոռոչին մէջ դիտելով
Երազելով զուգերգի մը հաւանական հաճոյքը
Սարսափելով false note-երէն
* * *
Կը հանեմ զգեստները մէկ-մէկ
Զոր հագեր էի դարերէ ի վեր
Գտնելու մարմինս
Տեսնելու մորթիս գոյնը
Համրելու կնճիռները պատմութեանս
Ամէն շերտի
Տարիները կը քակուին
Պիրկ մարմինս յուշ է արդէն
Բայց իմս է
Մութ մտերիմ
Մէկ ու միակ խոռոչը սեւ
Կը տրոփէ
Մահամերձ ձուկի կիրքով
ջուրերուն տակ խեղդամահ
Հարցումներու տարափները ցօղելով
Քիթուբերնիս
* * *
Հոն ամէն բան կը սկսի
Սկիզբէն իսկ
Կլաներ էր ամբողջը
Մօրս մեծ մօրս
Բոլոր կիներուն
Գերդաստանիս ցեղիս
Արիւնիս
Հիմա արիւնն ալ մոռցուած
Անսովոր յուշ
Թէ այլ բան
որ անունին կը սպասէ
Քաջութիւն չէ ուրանալը
* * *
Երկու լեզուներու միջեւ
թխմեր էի մարմինս
տեղ մը
պահպանելու յիմարութեամբ
կար խոռոչը
ամբարներով
այլին խորհրդաւոր հմայքով
ծաղիկներուն պէս Օ’Քիֆի
խոռոչներն ալ կրնան հազար
բան նշել
մնալ նոյնը ան-ծանօթը
ամէն րոպէ
խորք ու ծաւալ փոխելով
* * *
Մերկութիւնը
ուր քեզի հետ ես ալ կ’իյնամ
Ես իմ մէջս սուզուելու պէս
Եւ պեղելու երկիրը որ
իմս է նաեւ
Եւ որ քուկդ մայրենիք
Վերադարձ նոյն այս երկրին
նոյն մարմնին ուր եղեր ենք
Հոլովոյթին սկիզբը
Եւ ուր այսօր կը կենանք
Աւարտի մէջ
որ սկիզբի համ ու հմայք
Կը բուրէ
* * *
Սեւ խոռոչը
ուր կրնամ խոթել ձեռքս
Մանկաբարձի ձեռքի պէս տաք
Արիւնոտ
Վճռական եւ գուրգուրալից
Եւ հանել
խեփորի պէս համր գանձեր
Պատմութիւնը ցեղիս լռած կիներուն
Հանել ու քաջ գիտնալ որ
Անյատակ է խոռոչը
Սեւ անյատակ
* * *
խոռոչ կ’ըսեմ
փանտորայի անտես տուփը կը բացուի
Գաղթականներ կը թափին
Կ’երթան լուծուիլ անհետանալ
Չքանալ ու մոռցուիլ
խոռոչ կ’ըսեմ
Անգոյ վախեր
Կախարդական իրենց թիկնոցը լքած
լոյսին կու գան
Ժօռատ բերնով կը խնդան
Կը քրքրջան ու յետոյ
Կը կախարդեն
Աղի արձան կը դառնանք
Անոնց միչեւ
Սեւ խոռոչը կ’ուռճանայ
* * *
Երբ սեւ կ’ըսեմ
Մե՜ծ քարտէս մը կը կռնծի
Կը փոքրանայ
իր գոյները կողքիններուն
Պահ կու տայ
ու կը թաղուի
Երբ սեւ կ’ըսեմ
փոքրիկ զգեստ մը կ’երկարի
Կը գրաւէ անասելի ցանկութեամբ
Եւ կը շարժէ ներակշռոյթ
խօլ թափով
Այս երկուքին միջեւ վիհը
Կը լայննայ
* * *
նաեւ լեզուն
Այդ խոռոչը լուսաւոր
ուր կը մտնենք ներքին ջահով
լուսաւոր
բայց անուղիբայց զգօն
ռունգերը բաց լեզուահոտին
Առաջնորդ
Միակ խոռոչը լուսաւոր
Կլանող
ուր ամէն բառ
Միջնադարեան ծանր զգեստ
ու բազմաշերտ
Քղանցքներու շրշիւնով
Բազմախորհուրդ
— Բա՞ն մը ըսիր.
— Հէ՞.
— ի՞նչ ըսիր.
Այնտեղ բառը
Ադամանդի կտրուածքով
Հազար երես ու հազար շող
Բիրտ անխնայ
— Ճիշդ ի՞նչ ըսիր.
— Բան չըսի.
* * *
խոռոչ կ’ըսես ի՞նչ կը լսես
Ահազա՞նգը թէ զանգերը
Թեւահարո՞ւմը անյայտին
Արհաւիրքը հաստատաքայլ
Արշալոյսնե՞ր վարդահեղեղ
Թէ՞ արեան հոսքը ահեղ …
խոռոչ ըսի
ու բան չըսի
* * *
Եւ ուրեմն
Գոհաբանութեան աղօթք սեւ
խոռոչներուն համար
ուր բառեր կան սպասումով գրուելու
Մարմնին
Ժայռին թէ
Ամպերուն վրայ