ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՆ ԵՄ ԵՍ

ԵՍ անհրաժեշտն եմ։ Անշրջանցելին։ Զիս կը փնտռէք ամէնուրեք. ամէն անկիւն, ամէն ծակ, ամէն ծալք։ Ամէն խօսքի եւ ամէն արարքի-տարերքի մէջ ես պէտք եմ։ Փնտռել չէ, զիս գտնել է պէտք։ Ստիպուած էք, քանի մարդկային մոլորակը ինքն իր վրայ չի դառնար առանց ինծի։
    Չէ, մեծամիտ չեմ։ Կ’ըլլայի՝ եթէ փնտռելով փնտռէիք զիս ու չգտնէիք, կ’ըլլայի՝ եթէ կարեւորութիւնս անզսպելիօրէն զգացնող բացակայ մը ըլլայի։ Բայց ոչ, համեստ եմ ու խոնարհ անլեզու ջորիի մը պէս, զոր կը գտնէք ճաթռտած ձեր դուռերու սեմին՝ կապուած, պատրաստ, տրամադիր, դիմացկուն։ Ու խորապէս գիտակից։
    Երբ խտխտայ ձեր եսը եւ թռիչքներու հեշտանքը պատէ ձեր հոգին, կրնաք քացիով մը զիս շարժումի մղել. ես կը սլանամ բռնկուող յարդի արագութեամբ այնպէ՜ս, որ ինծի կապուած ձեր թռուցիկները վերերը բարձրանան, օդին մէջ երերան, ծփան, ու հեռաւոր երազի պէս իրականանան։
   
Սակայն եթէ կարծիքս հարցնելու ըլլաք, գոյութիւնս բոլորովին անհիմն է, եթերային, կասկածելի։ Կը նախընտրեմ, հազար անգամ կը նախընտրեմ, որ չըլլամ։ Բայց դուք կ’արգիլէք զիս չըլլալէ, չեղած տեղս անգամ կը ստեղծէք զիս։ Իրականութեան մէջ, եթէ իսկապէս անկեղծ ըլլալու քաջութիւն ունենանք գոնէ մէկ վայրկեան դուք եւ ես միասնաբար եւ հաւասարաչափ, պիտի հաստատենք, որ դուք էք զիս գոյացնողն ու ձեւաւորողը։ Քաղաքակրթութիւններ մշակած էք կշռաչափիս վրայ. կրօն, յեղափոխութիւն, արժանապատուութիւն, Պատմութիւն(ներ)։ Վրան ալ՝ ձեր դիմագիծով ձափռտուք մը. ճշմարտութիւն։
    Հարկաւ։ Աղմուկը պէտք ունի իր անխոստովանելի գաղտնիքներու պահապանին։ Քանի կը հաւատայ լռութեան։
    Մեր յարաբերութիւնը անհաւասար է։ Ես ոչ ինծի պէտք ունիմ, ոչ ալ ձեզի։ Դո՞ւք․ անյուսօրէն պէտք ունիք ապրելու եւ ատոր հաշուոյն՝ ինծի, քանի զի՜ս ընտրած էք իբրեւ միջոց չպարտուելու։ Հետեւաբար, ես դարձած եմ ձեր դիմադրողական ուժը, ձեր ներշնչարանը, արուեստը, ստեղծարար ոգին, ատաղձը։ Շուներու պէս կաղկանձելով կը թախանձէք աստուածներուն, որ ըլլամ. որպէսզի կշիռ ձեռք բերէք. երեւակայածին ձեր տեւումը հնարէք. ու հաւատաք։
    Փրկութիւն չունիմ։ Տեղ ու կարողութիւն չունիմ փախչելու։ Քանի չկամ։ Իմաստի մէջ անհեռատես, անտարբերութեան մէջ պաշտպանուած ապիկար անգոյ մըն եմ, բոլորին մատչելի, բոլորէն արդարացած ստուեր, որուն մէջ անունս ձուլել կը ջանամ ծաւալ տալու անոր տրուած կարեւորութեան։ Ուրուականի պէս պարապութիւնս կը պատէք ձեր ճաշակի պատումներով, ու դիմագիծ մը, դիմագիծեր կու տաք ինծի ձեր մտահաճոյքի ամենանուիրական ոճով։
    Ու կը հաստատէք զիս, կը փորագրէք երակներու ամենազգայուն գալարումներուն, զորս ժամանակը կը խուսափի տրորել, քանզի կը սարսափի ձեր աղօթքէն։
    Ես չեմ յուսար աստուծոյ։ Թէ ոչ աղօթք մըն ալ ես յօրինած կ’ըլլայի։ Ողորմութենէ կը խրտչիմ, ներողութեան ձեր սքաճեմ կանոններուն վրայ թքած ունիմ։ Անելն է խորթ եղբայրս ու անոր դէմ ես միայնակ մնացի։ Թեթեւ ինկաւ։ Անհրաժեշտ չէր ողորմելին։ Անճիգ անկնիք պաղատանքն անոր մեծահոգութեան հմայք շռայլեց ինծի։
    Անխախտ ելարանս անոր առջեւ նետեցի։ Մէկիկ մէկիկ բարձրացաւ սանդուխներէն ճամարտակ, հատիկ հատիկ յագեցաւ մոլեգնութեան մառանէն։ Ու զիս բացաւ ժամանակին։ Զիս ծախեց իբրեւ միակ պատասխան, միակ ելք ու բացատրութիւն։ Միս մինակ մխիթարութիւն։ Փրկութեան վահան՝ անէծքներուն դէմ դժնի, որոնք դարերով պիտի տեղան լռութիւն ուխտած անունիս վրայ։ Համր յիշատակիս։ Որ խաղաղի ամէն բան։
    Ես անհրաժեշտ եմ։ Ես Յանցաւորն եմ։ 

2022- 2023, Փարիզ 

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 4

Your email address will not be published. Required fields are marked *