ԿԱՄ Հանդէս վերլուծական քննադատական թիւ 10 Երեւան, 2022

ԿԱՄ
Հանդէս վերլուծական քննադատական թիւ 10 Երեւան, 2022

Մարկ նշանեանի հիմնադրած ԿԱՄ հանդէսի առաջին հատորը լոյս տեսած է 1980 թուականին փարիզ: Եօթներորդ թիւէն սկսեալ ան կը հրատարակուի Երեւանի մէջ Դաւիթ Մոսինեանի գործակցութեամբ: Տասներորդ թիւը բաղկացած է չորս բաժններէ: Առաջին բաժինը նուիրուած է օտարութեան եւ մոռացութեան նկատմամբ փիլիսոփայական ու գրական անդրադարձերուն, երկրորդ բաժնին մէջ զետեղուած են տարագրութեան մասին թարգմանական յօդուածներ: Երրորդ բաժինին մէջ կը շարունակուի նախորդ թիւին մէջ արծարծուած հեօլդեռլինեան նիւթը, իսկ չորրորդ բաժինը յատկացուած է վերջին շրջանին հրատարակուած հայալեզու գիրքերու գրախօսականներու: Հատորը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարարութեան օժանդակութեամբ: ԿԱՄ թիւ 10ը նուիրուած է Վահան իշխանեանի յիշատակին: