Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի
Ֆրանսահայ բանաստեղծ նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդի ամենէն յանդուգն եւ ինքնատիպ բանաստեղծն է, նորոգող ու շարունակող արեւմտահայ աւանդին։ Մահուան յիսնամեակին առթիւ լոյս տեսնող այս ժողովածուն կ’ամփոփէ կէս դարու երկայնքին ծաւալած քերթողական արտադրութիւն մը, բանաստեղծական շարքեր, առանձին քերթուածներ, ընդարձակ պոէմներ։ ներկայացուած են նաեւ բազմաթիւ անտիպ էջեր, որոնք լոյս կը տեսնեն առաջին անգամ, ծանօթագրութիւններով։