Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի
Այս ժողովածուն կ’ամփոփէ նիկողոս Սարաֆեան բանաստեղծի (1902-1972) փորձագրական էջերուն մեծ մասը. քննադատական էջեր, ուսումնասիրութիւններ, խոհական յօդուածներ հայ եւ օտար գրականութեանց մասին ընդհանրապէս։ Տարաբնոյթ եւ նոյն ատեն ներքին կապերով ամբողջ մը կը կազմեն, իրենց սեւեռումներով։ Կը լուսաբանեն Սարաֆեան բանաստեղծն ու արուեստագէտը։ Գրութիւնները նախապէս տպուած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ «Յաւելուած» բաժինին մէջ կը տրուին երկու անտիպ աշխատութիւններ, գրողի արխիւէն առնուած։