«Վաղուց թէեւ իմ հայեացքը անյայտին է ու հեռւում,
ու իմ միտքը իմ սրտի հետ անհուններն է թափառում»
Յովհաննէս Թումանեան, Հայրենիքիս հետ
ԱՆՏՐԷ Կլիւքսմանն (André Glucksmann 1937 – 2015) իր Պատերազմի Խօսոյթը (Le Discours de la guerre, Paris, Le Livre de Poche, 1985) գործի ներածականին մէջ կը նկարագրէ Ժան Փօլ Սարթրի (Jean Paul Sartre) հակազդեցութիւնը երբ թերթին մէջ կը կարդայ Հիրոշիմայի վրայ 6 օգոստոս 1945ին արձակուած կորիզային ռումբին լուրը: Փիլիսոփան, կ’ըսէ Կլիւքսմանն, անակնկալի չի գար, չ’այլայլիր, պարզապէս կը խորհրդածէ. «Մահկանացուութեանս փաստը, վերջապէս»:
Իրական թէ երեւակայական Սարթրեան այս հակազդեցութիւնը կորիզային զէնքի յայտնութեան գերագոյն փաստն է մարդկութեան գոյութենական սահմանափակումին: Կորիզային «սարսափի հաւասարակշռութեան» միաժամանակ անհեթեթ եւ ռազմավարականօրէն բանական տրամաբանութեամբ յատկանշուեցաւ 20րդ դարու երկրորդ կէսը: Pink Floydի «The Wall» ստեղծագործութեան “Mother, will they drop the bomb?” տողը թերեւս ամենէն տպաւորիչ արտայայտութիւնն է կորիզային զէնքին պատճառած համամարդկային անձկութեան, ի մասնաւորի Եւրոպայի մէջ:
Սարթրի համար, կորիզային զէնքով բացայայտուած «Մարդ արարածի մահկանացութեան» փաստը, կամ՝ Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» բանաստեղծութեան «թափառական աշուղ»ի խօսքերով՝ «Մենք մահին ենք, մահը՝ մերը» ճշմարտութիւնը, այլեւս նիւթական իրողութիւն էր: Աւելի իրական քան տոսթոեւսքեան սարսափի վարկածը՝ «Աստուծոյ մահ»ը, որ, ի դէպ, ոչ իսկ մտածողութեան առարկայ էր իրեն համար: Սարթր, յիշեցնենք, գոյութենականութեան պաշտպանութեան իր դասական գրութիւնը կ’աւարտէ հետևեալ պարբերութեամբ.
«L’existentialisme n’est pas tellement un athéisme au sens où il s’épuiserait à démontrer que Dieu n’existe pas. Il déclare plutôt : même si Dieu existait, ça ne changerait rien ; voilà notre point de vue. Non pas que nous croyions que Dieu existe, mais nous pensons que le problème n’est pas celui de son existence ; il faut que l’homme se retrouve lui-même et se persuade que rien ne peut le sauver de lui-même, fût-ce une preuve valable de l’existence de Dieu. En ce sens, l’existentialisme est un optimisme, une doctrine d’action, et c’est seulement par mauvaise foi que, confondant leur propre désespoir avec le nôtre, les chrétiens peuvent nous appeler désespérés» (L’Existentialisme est un humanisme, 1945).
Պաղ Պատերազմէն ետք, կորիզային քանդումի սարսափը կարծես չքացաւ, հակառակ որ «կորիզային ակումբ»ը ընդլայնեցաւ՝ Իսրայէլի, Հնդկաստանի, Փաքիստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի բացայայտ կամ ոչ բացայայտ «անդամագրութեամբ»: Կորիզային սպառնալիքը առկայ է, բայց ո՛չ անոր ուրուականը: Թերեւս որովհետեւ մարդկութիւնը ականատես է բնասպանութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան դանդաղ յայտնութենականութեան «նոր նորմալ»ին, ինչպէս Փօլ Քրուկման կը բնութագրէ (Paul Krugman, “Apocalypse Becomes the New Normal”, The New York Times, 20 յունուար 2020): Սարթր, որ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբին ֆրանսական ուժերուն մէջ ծառայած է որպէս օդերեւութաբան, պիտի տեսնէ՞ր «մահկանացութեան փաստ» եթէ, ըսենք, միանար զուիցերիական Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու արշաւախումբի կազմակերպած «թաղման երթ»ին կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2019ին, Կլիմայի Գագաթաժողովի նախօրեակին, դէպի Աւստրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Փիզոլ սառցակոյտը: Գիտականօրէն ամենէն աւելի ուշադրութեան արժանի դարձած այդ սառցակոյտը օդի ջերմացման պատճառով այնքան կորսնցուցած էր սառոյցի իր զանգուածը որ արդէն դադրած է գիտական հետաքրքրութեան առարկայ ըլլալէ: Կամ՝ եթէ ականատես ըլլար Աւստրալիոյ հրդեհներուն, որոնց պարզած տեսարանները, ըստ ՆԱՍԱի Աքուա արբանեակէն առնուած լուսանկարներուն 4 յունուար 2020ին, համազօր էին Հիրոշիմայի պարզած տեսարանին կորիզային յարձակումէն ետք (Dawn Stover, “Australia’s “firenadoes” summon images of Hiroshima atomic bombs”, The Bulletin of Atomic Scientist, 14 յունուար 2020):
Բայց երեւակայենք Սարթրը 10 ապրիլ 2019ին, երբ Քաֆէ Տէ Ֆլոր, անշուշտ սրճարանէն դուրս բացօթեայ սեղաններէն մէկուն նստած, քանի ծխամորճը բերանն է, իր բջիջայինին վրայ Տը Նիւ Եորք Թայմզը աչքէ կ’անցնէ եւ կը կարդայ թերթի թղթակիցներէն Dennis Overbyeի յօդուածը. “Darkness Visible, Finally: Astronomers Capture First Ever Image of a Black Hole”: Մէկ օր առաջ, առաջին անգամ ըլլալով, գիտնականները յաջողած էին նկարել Սեւ Խոռոչ մը: “We have seen what we thought was unseeable”, կ’ըսէ գիտնականներէն մէկը, ակնարկելով տիեզերքի այն երեւոյթին ուր “matter, space and time come to an end and vanish like a dream”։ Սարթր պիտի դիտէ համացանցի վրայ տեղադրուած նկարները, պիտի հիանայ անոնցմով, յետոյ գրպանէն պիտի հանէ L’être et le néantի մէկ օրինակը, ուր նշումներ ըրած էր նոր հրատարակութեան մը համար, եւ պիտի ըսէ.
Չէութեան փաստը, վերջապէս…
Անյայտի ու հեռուի, անհուններո՛ւ վախճանավայր Սեւ Խոռոչը Լայպնիցի գոյութենական հարցումը շրջած է. «Ինչո՞ւ ոչինչ, եւ ոչ թէ ինչ-որ-բան-մը»: Ոչինչագրութիւնը կարելի է:
ՈՉԻՆՉԱԳՐԵԼ
Բառերէն հանէ ամէն երաժշտութիւն,
ամէն հնչեղութիւն եւ իմաստ:
Բառերէն հանէ ամէ՛ն ինչ
մութէն բացի
ուր քերթուածն է չգոյին:
Խաւարին մէջ համատարած
մութին զանգուածներն են,
արեւակուլ սեւ խոռոչներ
ուր հետքերն են անհետացման ամէն ինչի,
գոյին բառերուն որ ի սկզբանէ չէին Բանը
եւ այն միւսը որ ստեղծ(ագործ)եց
«անջրպետի մը գրաւում»:
Հոն են,
լոյսին միւս կողմը,
հանգրուանները ժամանումներուդ՝
արեւակուլ սեւ խոռոչներ
ուր հետքերն են անհետացման
գոյին այն բառերուն որ ի սկզբանէ չէին Բանը:
Ոչինչագիր բառերով հակաքերթո՛ղ
Ոչինչեղիր լեզուովդ հզօր,
որպէսզի այն միւս հնչիւնները օտարաբարբառ,
բառերը աղաւաղագիր,
կորսուին անանցեալ ժամանակիդ մէջ անտարածք,
չՍփիւռքուի՛ն
ՈՉԻՆՉԸԼԼԱԼ
Վայրեր կան ժամանակէն մոռցուած,
անանցեալ ու վայրագ,
վայրեր կան ուր գաղտնիք չկայ
եւ ոչ մէկ աստուած
որ ստեղծես (չ)ըլլալու համար:
Սեւ Խոռոչի մը նման վայրեր կան
տիեզերքներ կուլ տուած,
անբառ վայրեր, անբան
ի սկզբան բանէ:
Անլոյս վայրեր կան
անքուն եւ անարթուն գիշերներուդ պէս
քերթուածագիր ու անիմաստ,
երազներու անապատ վայրեր
իրենց գնացքը փախցուցած մղձաւանջներու:
Մտածողութեան խօսահոսքին մէջ կորսուած այդ ոչ-վայրերուն մէջ Սփիւռք անհետացած լեզուի հնչիւններով կը գրես շատոնց Ոչինչեղած Յայտնութեան մասին
ինչպէս այն քերթուածը որ ծնաւ բառերուն խորթ
եւ Պատմութեան՝
կտոր մը գոյութիւն անբաղձալի անցեալին եւ անպէտք ապագային միջեւ:
(1) Վերախմբագրուած տարբերակ հեղինակի Դիմատետրի էջին վրայ 10 մայիս 2020ին տեղադրուած բնագրին: