Այո՛
Հոն, ուր տեսնէք ծովը ալեկոծ
հովը ուժգին
եւ մո՛ւթը կոխած
այդ ծովը
ի՛մ ծովս է
Հոն, ուր տեսնէք երկինքը ամպոտ
որոտում ու կայծակ
լիալուսինը վերջին
գիշերն այդ
ի՛մ կէս գիշերս է
Բայց երբ տեսնէք աչքեր դէպի վեր
ու թեւեր փոթորիկին դէմ բացուած
անիկա՝ Ե՛ս եմ
եւ հոն
իմ փառքս է
Հետդ
Չեմ ուզեր լռել
ոչ ալ խօսիլ
ես այլեւս հետդ
երգել կ’ուզեմ
Երգել պատմութեան աւարտին
կէս գիշերէն ետք
ձիւնին տակ
աւերակներուն մէջ
կարեւորը երգել
երգել եւ ուրախանալ
մինչեւ որ մարդիկ մեզի խենթ կարծեն
կամ՝ գինով
բայց մենք խենթ չըլլանք
ոչ ալ գինով
միայն սիրենք
հեքիաթ ներկելու պէս
խենթ կարծուելու չափ
Եւ դուն
եւ ամէն մարդ մինակ է
պատճառով մը
Որովհետեւ ամէն մարդ կ’երթայ պատճառով մը
եւ ամէն մարդ կը լռէ
պատճառով մը
Դուն ես
եւ բոլոր պատճառները
Սէրը
Հովերու մէջ առանձին
առտու կանուխ կ’անձրեւէ
Սէրը կ’անցնի
ատրճանակը սրտին
եւ ափին մէջ քարեր
երրորդ յարկէն
Առտու կանուխ
երթալ մեկնիլ
տուն մտնելու պէս
առանց ձայնի
ԾԷ. Տարի, 2018 Թիւ 2