Բառ
Բառին մէջ կր մտնէ
լարախաղացը
եւ կը գտնէ
անհունութիւն մը.
բեն-ի փորով կը շրջի
կլոր-մլոր՝ բոլոր.
այբ-ի ճաղին վրայ կ’իյնայ
ցցահար.
իրմէ պզտիկ մաս մը կը մնայ
ընդմիշտ.
մնացորդը անցորդ մըն է,
որ կր ցատկէ միւս գագաթներէն.
ռա-ի կորէն վար կը սահի,
անոր բեմը կեցած
կը խոնարհի։
Բոժոժ
Ամբողջ սերունդս
կա՛մ բժիշկ, կա՛մ փաստաբան պիտի ըլլայ։
Մէկը հիւանդ պէտք է րլլայ, որպէսզի բուժելիք ունենան.
հիւանդն եմ՝ արբած, անքուն, ջերմոտ.
անոնց համար զոհ եմ։
Մէկն ալ ոճրագործ պէտք է րլլայ, որպէսզի պաշտպանելիք ունենան.
ոճրագործն եմ՝ զանցառու, զառանցող, այրող.
անոնց համար գրող եմ։