«Փայլուն պատկեր
անշարժ
կը կենար մակերեսին վրայ
կը կապուէր բոլոր
մակերեսներուն
խորութեան խաբկանքով≫[1]Հակաքերթուած, էջ 32։
…
ՐԱ — Եւ միւս գիրքերը, ամէն անգամ որ պատում մը կը գրես մի՞շտ հարց մը կ՚ըլլայ։
ԳՊ — Միշտ հարց մը կայ, միշտ հարց մը կայ։ Պատմութիւն պատմել ինքնիրեն համար զիս բան չ՚ըներ, չէ։ Պէտք է խնդիր մը ըլլայ ետեւը։
ՐԱ — Հըմմ…
ԳՊ —|Եւ այդ խնդիրը զիս աւելի կը հետաքրքրէ, որովհետեւ պատումը այդ խնդիրը կը դարձնէ մատչելի։ Գիրքեր կան օրինակ, որոնց մէջ զիս կը հետաքրքրէ ձայնը։ Մարդկային ձայնը։ Կամ ուրիշ բան մը՝ պատկերը։ Պատկե՛րը։ Պատկե՛րը։ Եւ ուրեմն պատկերները այնքան բան են…
ՐԱ — Պատկերը կեդրոնական բան մըն է, այսինքն «Սեմեր»ը կը սկսի պատկերով, հատոր մը կայ ամբողջ «Պատկեր»ի։ Ամբողջ բան մը կայ.
ԳՊ — Այո՛
ՐԱ — Մարկին երկրորդ հատորին մէջ պիտի կարդանք։[2]Մարկ Նշանեանի մամուլի տակ գտնուող հատորին՝ Պատկեր պատում պատմութիւն հատոր 2, Ակտուալ Արուեստ, Երեւան 2016։ Քու քովդ ին՞չ է պատկերը։ Ինչո՞ւ համար այդ պատկերի վրայ կեդրոնացումը։
ԳՊ —քՊատկերը երկդիմի բան մըն է։ Այսինքն առանց պատկերի կարելի չի մտածել։ Արիստոտելը կ՚ըսէ «չես կրնար մտածել առանց պատկերի»։ Ուրեմն այսքանով պատկերը մտածելու կերպ մըն է։ Պատումն ալ մտածելու կերպ մըն է։ Բայց կայ նաեւ պատկերամարտութիւն կոչուածը, որ պատկերին դէմ է, պատկերը ջնջելու։ Երկուքն ալ կը բանին թեքստին մէջ։ Եւ պատկերը անշուշտ. գիրքերը կը մեկնին պատկերէ, բայց երբեք չեն բաւարարուիր պատկերով։ Պատկերը տեսակ մը անցման տեղ մըն է։ Յետոյ պատկերը նաեւ կը մեռցնէ այն տեսարանը, որուն մասին է։ Ամբողջ ճիգդ պիտի ըլլայ պատկերին կեանք տալ, այդ պատկերին կեանք տալ պատումի շնորհիւ։
ՐԱ — Հըմմմ
ԳՊ — Պատումը կու տայ կեանք այդ պատկերին մէջ, հայերէն ֆիժէ (figer) բառը չունինք…
ՐԱ — Սառած…
ԳՊ — Սառած, սառած բանին, որ կայ, որ միեւնոյն ատեն պատկերը տեսքի կը բերէ, երեւելի կը դարձնէ բան մը որ այլապէս պիտի չըլլար։ Ուրեմն պատումը իբրեւ խօսք, դրուագներու շարունակական ընթացք մը եւ պատկերը իբր կտրուած բան մը, ատոնք զիրար ամբողջացնող, ես այդպէս կը մտածեմ։ Երբեք չյանձնուիլ պատկերին։ Օրինակ կը մտածեմ անմիջապէս որ պատկերը կ՚ըլլայ՝ պատկերին մէջ կ՚իյնան մարդիկ, պատկերը տեսակ մը անկում է։ Միեւնոյն ատեն միակ ձեւն է բաները փրկելու, այսինքն պահելու։
ՐԱ — Յիշողութի՞ւնը փրկելու։
ԳՊ — Հա՛ փրկելու կամ պահելու։ Հետեւաբար այնքան միանշանակ բան մը չէ։
ՐԱ — Յիշողութեան տեղը կ՚առնէ, պատկերը կը դառնայ յիշողութիւն։ Ձեւ կու տայ յիշողութեան։
ԳՊ — Այո։
ՐԱ — Բայց գիրն ալ յիշողութեան ձեւ կու տայ։
ԳՊ — Այո, բայց նոյնը չէ։ Պատկերը ունի անմիջականութեան պատրանքը։ Պատկերը.
ՐԱ — Դիմացդ է
ԳՊ — Կ՚երեւի։ Պատկերը կ՚երեւի, գիրը չ՚երեւիր։ Երբ որ կ՚ըսենք գրուած պատկեր։ Օրինակ՝ բանաստեղծական պատկեր։ Ի՞նչ է ատիկա չեմ գիտեր։ Պարզապէս բաներ որոնք բառերը կը յուշեն, բայց երբ բու առջեւդ ունիս այսինչը կամ այնինչը բոլորովին տարբեր բան մը կը ստեղծէ, երեւելիութիւնն կու տայ մտովին քու տեսածիդ։ Աւելի ճիշդը երեւելիութիւն կու տայ մտովին տեսածիդ, այն որ դուն մտքով կը յիշես եւ ան որ դուն կը տեսնես, օրինակ՝ ենթադրենք Անթիքան այնպէս որ մտքիդ մէջ կայ եւ ինչ որ կայ պատկերին վրայ առարկայական կերպով երբեմն հիմնովին տարբեր են։
ՐԱ — Ընդհանրապէս պատկերը տեղը կ՚առնէ միւսին, այսինքն կը յիշես ինչ որ պատկերին մէջ կայ։
ԳՊ — Պատկերը թոյլ կու տայ որ սրբագրես մէյ մը եւ նաեւ տեսնես բաներ, որոնք երբեք տեսած չէիր։ Օրինակ, Էլմոնի, աւելի ճիշդը Վէրժինին պատկերին մէջ թաշկինակը չէ՞, այդ թաշկինակը պատումին մէջ շատ բան չէ, բայց երբ պատկերին վրայ կը տեսնես կը հասկնաս ամէն բան։
ՐԱ — Նաեւ պատկերի դէմ բան մը ունիս, պատկերի տիրապետութեան, մեր ժամանակը ձեւով մը պատկերի տիրապետութեան ժամանակն է։
ԳՊ — Կան բաներ, թեքստեր գրած եմ ուր բնաւ պատկեր չկայ։ «Էր»ին մէջը, մէկ երկու կտոր կայ ուր ջանացած եմ առանց պատկերի գրել։ Այսինքն նոյն ատեն առանց ածականի, առանց բաներու, առանց այդ յաւելեալ բաներուն, որոնք խօսքը կը պատկերաւորեն։ Միայն բայերով։ Հիմա ասանկ, պիտի ըսես՝ աս ինչ է, մարդը ժամանակ ունի եւ ասանկ բաներով կը զբաղի։[3]Թորինոյի պատանքին լատինական անունը, Vera Icona, Իսկական Պատկեր արտայայտութեան վրայ հիմնուած։
01:35:08
Եւ ինծմէ անշուշտ պէտք է խնդրուէր որ գրէի առանց պատկերի գրականութեան յղացքին մասին։ Ոչ թէ հակա պատկերին, այլ որպէս խնդիր՝ քերթուածէն կամովին զեղչուածին։ Խնդիր մը, որ պատասխաններ կրնայ ունենալ, բայց՝ ոչ լուծում։ Խնդիրը այս իմաստով ինքն իր լուծումն է, այսինքն եթէ լուծուի պէտք է նոր խնդրի վերածուի։ Կեանքի մնացած խնդիրները երբ լուծուին այլեւս խնդիր ըլլալէ կը դադրին, առանց անպայման պատասխան ըլլալու։
Նախքան այդ, քիչ մը նաւարկենք կառուցականութեան եւ յետ-կառուցականութեան ալեկոծ ջուրերուն մէջ, որովհետեւ հոն կը տեղաւորուի գրողին կողմէ գրութեան խնդրականացումը։ Տարազումներ, որոնք կը պատկանին նաեւ կերպարուեստի աշխարհին։ Modernism անուանուածը, շարժումը եւ ոչ թէ բառին ենթադրած իմաստը, լաւագոյն օրինակն է։ Այն որ տասնամեակներէ ի վեր արդէն կը նախատուի որպէս ազգայինի կամ մշակոյթներու նկատմամբ անտարբեր, յօնքերը բարձրացուցած, քիչ մը վերերէն թռչող, ոչ մէկ ընկերային արժէք ու օգուտ ունեցող, ոչ տառապող ոչ ալ տառապեցնող, տիրապետող մշակոյթի քաղքենի ժամանց մը, այսինքն ազգային մշակոյթները, պատմութիւնը ու անոր բարձրացուցած մտահոգութիւնները զանցելով՝ կ՚արտայայտուի մարդկայինի մակարդակին վրայ, այնպէս մը որ ամբողջ մարդկութիւնը միեւնոյն հարթակի վրայ է արդէն եւ ուրիշ մտատանջութիւն, անձկութիւններ ու ներքին նուաճումներ չունի։ Իմ կարծիքովս, ասիկա ամէնէն պարզունակ եւ միամիտ քննադատութիւնն է, որովհետեւ ոչ մէկ արուեստի գործ կայ որ մշակոյթէ մը, կամ զայն խնդրականացնողէն չէ բխած, ոչ ալ ազգային մշակոյթէ մը եկած գործ կայ որ կառոյց չունի։ Երկուքն ալ պէտք է յարատեւ հարցաքննուին, նորոգուին։ Հետաքրքրական է որ այս քննադատութեան հիմը binary-ն է, կա՛մ այս կա՛մ այն, կա՛մ մեզի հետ կա՛մ մեզի դէմ, երբ բազմազանութիւն կ՚ուզէ առաջարկել։ Յետ-կառուցականութիւնը կամ յետ-արդիականը երկու այդ մօտեցումներուն մէկտեղումն է։
Հիմա այսքան միայն, բայց պարզապէս տակաւին չգիտցողներուն համար ես կու գամ կերպարուեստի աշխարհէն որ պէտք է բացատրէ քիչ մը վերոնշեալ «անշուշտ»ս։
Եւ քանի կու գամ այդ աշխարհէն, ուրեմն պէտք է գիտնամ թէ ինչ է պատկերը, որ տեսանելի է եւ գիրը որ անտեսանելի է։ Բայց մինչեւ հիմա դուք գիրերս չտեսաք, ոչ ալ բառերս ոչ իսկ պարբերութիւնները, Բագինի այս թիւը, մինչեւ հիմա ձեր կարդացածները, հակառակ անոր որ դարերով՝
«Մութը ինկաւ տողին վրայ»
Իսկ կերպարուեստը որ կը տեսնէք ու չէք կարդար։ Չէք մտածեր իսկ կարդալ, ոչ այս լեզուով ոչ ալ իր իսկ բնիկ լեզուով։
Պէտք է հարցաքննեմ։ Պատկերին նկար՞ն է որ տեսաք, թէ նկարին պատկերը։ Այս փոխաբերումը մէկ ուղղութեամբ է միայն թէ երթուդարձը արտօնուած։ Իսկ պատկերացումը, պատկերացուածը որ մարմնացած չէ տակաւին։ Այն որ սահմանուած տեւողութենէ կախեալ չէ, բացի կեանքէդ, շրջանակի չ՚առնուիր, կրնայ գոյակցիլ զանազան պատկերացումներուդ հետ նոյն պահուն զուգահեռներու խառնիճաղանճին լայնքին ու երկայնքին։ Պատկերացումը կրնայ կախեալ ըլլալ նախագոյ պատկերէ մը, եւ կամ բոլորովին յղացքային, երբեք հարազատ, եւ կամ տակաւին mimesis-ի չհասած անարատ, բիւրեղ։ Կամ ալ մերկացնող, ցանկայարոյց, հեշտագին, սիրաբանող։
«Այսքան հեռու եկանք
Որպէսզի քեզ կորսնցնեմ»
(Էր, էջ 21)
Հոս պատկերացում կայ բայց պատկեր չկայ։Կայ նաեւ ժամանակ։ Իսկ ժամանակը, big bang-ին այս կողմի ցարդ դրականը, առանց պատկերի գոյութիւն կրնայ ունենալ։ Bing Bang-ը միայն ժամանա՞կն է որ գոյացուցած է թէ պատկերն ալ հետը։ Պատկերուածը, ոչ թէ իրը։ Պատկերը գիտակցութեան պէտբ ունի, որպէսզի պատկերանայ եւ պատկերացուի։ Այսինքն, ինքն իր պատկերացումին պէտբ ունէր որպէսզի ըլլար։ Գիտակցութեան Big bang-ը եղած է։ Կը ներէք հոս եզակի Big Bang կը գործածեմ, հակառակ անոր որ բազմաթիւներու տեսաբանութիւնը աւելի տրամաբանական կը գտնեմ, որուն ամէն մէկը իր առանձին ժամանակն ու տարածութիւնը ստեղծած է։
Մտքի ոստումի մը պէտք ունէինք, որպէսզի նաեւ ընդունէինք ժամանակի առաձգականութիւնը, դարձդարձիկ, ձգուող պրկուող, արագացող-դանդաղող, տակաւին տարածուող, եւ ոչ թէ միայն ծնունդէն մահ միապաղաղ one way գծիկ մը։ Գրականութիւնը եւ մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնը շատ աւեյիի ատակ է ժամանակի այս երեւոյթները ընդգրկելու, արտայայտելու, մարմնաւորելու բան ֆիլմը եւ երաժշտութիւնը, արձանագրուածը, բացայայտ միջատարերը։
Եր՞բ հասանք այսքան հեռուները։
Ամէն կարդացող կարդացած վայրկեանին կը հասնի հոն։ Հոս ժամանակը քուկդ է, գրողինը չէր։
«մութն է զիս խօսող
եւ գիրերը անցնող իմ միակ տեւողութիւնը կարելի»
(Հակաքերթուած, էջ 32)
Իսկ բառի՞ն ժամանակը։ Ոչ թէ տեւողութիւնը։ Ոչ ալ բային գործողութեանը։ Գրելո՞ւ, կարդալո՞ւ եւ կամ ըլլալու ժամանակը։ Ժխտականէն դրական անհունը, եթէ անհունը այդ օրէնքներուն կ՚ենթարկուի։ Յղուացուածի՞նը։ Շարադրուածը ինքն իր տեւողութիւնը կը ստեղծէ, բայց ժամանա՞կը։
«աքսորը քեզմէ
ուր չկաս
այս աքսորը քեզմով»
(Էր, էջ 21)
Անկարելի աքսորը որ վայրազուրկ է։ Ոչ մէկ տեղէ ոչ մէկ տեղ։ Ոչ մէկ տեղ ոչ մէկ տեղէ։ Միաժամանակ հեռացուիլ մը եւ հեռացում մը։ Բռնի։ Ակամայ եւ համակերպ։ Ամչնալէն։
«դուն որ ունիս
խոհուն
ոչ մէկ անուն»
(Էր, էջ 21)
Հայերէնը որ գետին չի կոխեր, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ։ Չունի որ կոխէ։ Հողեր ունի բայց ոչ սահմաններ, սահմանադրային իրաւունքներ։ Շատ action ֆիլմներ ալ չունի։ Դէպի ներս կ՚արշաւէ։ Հո՛ն է որ արկածախնդրութիւններ, ասպատակութիւններ կը փնտռէ։ Ցանկապատուած՝ ցանկութեանց շուրջ պատ քաշած։ Կը կրէ։ Կրաւոր է։ Պոռչտալով կը մրմնջայ, կ՚ողբայ, բայց չի բնորոշեր, չ՚անուաներ։ Գերակայ ուժերուն կ՚աղերսէ, հիմա ալ digital շերեփ մը ձեռքին։
«եւ կը կռթնիս
այս լեռներու առընչութեան
ծովու
անապատին
եկար
կը յօդես
կը ներբռնես
կը յանձնես»
(Էր, էջ 21)
Դո՛ւն, հապա ո՞վ։ Հիմա, հո՛ս, ա՛յս անապատային տարագրութեանդ մէջ։
Դիմացդ բացուած էջի ինքն իր Վերոնիքային։[4]Գրիգոր Պըլտեան, «Վահէ Օշական՝ Միջնարար» վաւերագրականէն (1994-2016)։
Ձա՞յնը բայց…: Տարաձայնութիւնը, տիեզերական շողարձակումին մէջ առաջին օրէն բռնուածը։
«աւազագնաց
հեռաւորէն զիս աւելի՛ հեռաւորին
օդին
բացուեցաւ միջոցը օդին
կը բացուիս
թռիչք խորտակման
կը սլանաս
ուսս ի վար կը հակիս
կոչունքին
կոչումին քեզ
բզկտող
եւ կ՚առբերեմ բարձր բու քայքայումըդ կենդանի
օդին
ո՛չ մէկ օդին
որ կը գոցուի
վերին շնչառութեան
նրբանցքին
նեղութեան, ձայներ≫
(Էր, էջ 21-22)
Առաջին ստորակէտին հետ շունչ մը առնելու եւ լսելու, մտիկ ընելո՞ւ։
«Արուեստագէտը այն է որ կը լսէ, ոչ թէ այն որ կը գրէ, այսինքն գիրքերէ առնուած ճշմարտութիւններ է որ մեզ կը փոխանցէ»։
«այսքան հեռու
կը քանդակեն արձաններ հնչողութեան
կ՚արձակեն
քեզ մատներէս դէպի երկիր
դէպի
դրախտ մը հրդեհի ու ջուրերու
կար հոս
կար հոն
կար անդին
անկարելին» (Էր, էջ 22)
Եւ ահա, պատկերի մը տեսարանը հազիւ ուրուագծուելու, ուռճանալու սկսած՝ «կը յօդէ» կը ներբռնէ, կը յանձնէ հոն, անդին, անկարելին, եւ կը դադրի ամբողջանալէ, կազմաւորուելէ ու շրջանակուելէ։ Մտքիդ մէջ ուռճացող balon-ը կը պայթի եւ կը վերադառնայ նախ քեզի, ընթերցողին, բառերուն հագած իմաստներէն կախուած հարցական շուարած նայուածքիդ, IQ–իդ, գիտցած եւ չգիտցած գրականութեան պատմութեանդ։ Վիրաւորուած եսիդ։ Մտաւորական երեւակայական զգայարանային ոլորտներէդ կ՚անցնի, նախակրթարանէն զմռսուած հաւասարները կը ցնցէ, խմբագրին կարդացած առօրեայ ասպարէզինը կը թօթափէ։ Ետքը էջին տեսքին տողադարձներէն ու կարդացող նայուածքէդ կը ցատկէ ու խորունկ կը ներշնչէ։ Կը բաղդատէ, կը բազմապատկէ շալկած հետը գաղթակայանէ-գաղթակայան փոխադրած ցուցչականին հետ։ Ու դարձեալ տողին մութին մէջ կ՚իյնայ։
«այսքան հեռու
կը մտնեմ անհունօրէն բու ջլատիչ մտերմութեան
եւ քու
վերջէն ահարկու
կը սկսիմ մեծ այլայլումը վերջին
թերեւս ըլլայ նորէն ներդաշնութիւն անդաշն
ձայնին միջեւ ու մոռացման
օ դուն-ոչ-ոք-ամենայն-չեղելութեան
օրհնեալ ըլլայ քու ոչինչը օրհնեալ
ահա ցերեկն աւելի մութ
եւ գիշերը կիզիչ աւելի»
(Էր, էջ 24)
Իսկ այս պարագային ի՞նչ ըսել է պատկերամարտ ըլլալ, երբ արդէն իսկ զեղչուած պատկերն է որ կը քանդուի, անոր դէմ է մարտը։ Եւ ոչ միայն մարտի կ՚երթայ գրականութեան անդրադարձնել տալու թէ այդ է որ կը քանդէ, այլ կ՚ընէ ինչ որ աւելի դժուար է, կը քանդէ կառուցելու իսկ ընթացքին։ Անժամանակ։
Տօնական խզումով։
ԾԵ. Տարի, 2016 Թիւ 1-2
↑1 | Հակաքերթուած, էջ 32։ |
---|---|
↑2 | Մարկ Նշանեանի մամուլի տակ գտնուող հատորին՝ Պատկեր պատում պատմութիւն հատոր 2, Ակտուալ Արուեստ, Երեւան 2016։ |
↑3 | Թորինոյի պատանքին լատինական անունը, Vera Icona, Իսկական Պատկեր արտայայտութեան վրայ հիմնուած։ |
↑4 | Գրիգոր Պըլտեան, «Վահէ Օշական՝ Միջնարար» վաւերագրականէն (1994-2016)։ |