Խաչիկ Տէտէեան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ես, դուն եւ ժամանակը

 

Գոյներու աստղահոյլին մէջ մխրճուող
Նաւը հատեց վերջին գիծը հորիզոնին,
Ուր, աներեւոյթն էր անմեկնելի,
Ձգեց վրձինիս վրայ երանգ մը անսովոր,
Զոր մեքենական գիծեր կը մրոտէ
Հիմա, պաստառին վրայ։

«Բայց ես նկարիչ չեմ», ըսի լռելեայն,
«Ոչ ալ՝ վերացական պատկերներ սիրած եմ երբեւէ».
«Մի՞թէ ես ե՛ս չեմ», գո՞յնն է, վրիպո՞ւմ, թէ՝
Հորիզոնի նաւուն ծուխն է,
Որ կը սփռէ պաստառին վրայ իր հետքը վերջին,
Հոգւոյս սեւ թանաքը տարտղնելով չորսդին։

Մինչ գոյներու աստղահոյլին մէջ, գոյներ շա՜տ,
Սրտամօտիկ, ինչպիսին կապոյտը ծաւի երկնքին,
Կամ կանաչը բնութեան հարազատ, կամ թէ
Հնամենի կարմիրը որդան, բայց չէ՜,
Պէտք չեն երեւի,
Ինծի պէտք է հետքն այդ նաւուն, անանցողիկ,
Հետքը՝ որ պիտի տանի սկզբնակէտին,
ճշմարիտի ակունքներուն, ծովափին՝
Ուրկէ սկսաւ ոդիսականն իմ թերաւարտ,
Ուր կայիր դուն, ես եւ ժամանակն այս՝
Աստղահոյլերու երանգին մէջ առինքնող,
Ուր կը պակսէր անսովոր երանգը, որ գծէր գալիքը,
Անժամանակ,
Որուն պատկերին դիմաց ես հիմա միայնակ,
Կը փորձեմ կարդալ մեր ժամանակը թերաւարտ։

 

Թողէ՛ք զիս

 

Թողէ՛ք զիս
Համր ու լուռ դատեմ ձեզ, 
Լռութիւնն իմ մեղսակցութիւն չէ՜, 
Տկարութիւն չէ՜. 
Թողէք զիս ցաւիս ու ողբիս մէջ,
Ձեր գործն ու խօսքը կը խոցոտեն զիս անընդմէջ.
Չկարծէք, թէ անտարբեր մըն եմ, 
Անծանօթ՝ ձեր դաւին, կեղծիքին ու չարիքին.
Ես յոգնած եմ ձեր խօսքերէն երկդիմի,
Արարքներէն, որոնց թիրախը շահն է միայն.
Թողէք սփոփեմ հոգիս, որ կը կոտտայ ընդմիշտ,
Իր շրջապատին սնանկութենէն.
Թողէք համրութեանս մէջ, ու խաւարին չորսդի՝
Ձեզ տարրալուծեմ ու դատեմ,
Լռութիւնն իմ թող չվախցնէ ձեզ,
Ես անարխիստ չեմ,
Ոչ ալ ըմբոստութեան ռահվիրայ,
Իմ դպրոցը խաղաղութիւնն է, զերդ սիրտը բանաստեղծին,
Իմ հաւատամքը ձեզ ձաղկումն է, բայց ոչ՝ տապալումը.
Քանզի գիտեմ, որ դուք էք անմահն ու հզօրը,
Մենք՝ մետալին մոռցուած երեսը։
Արդ, թողէք վշտիս ու ողբիս մէջ տոչորիմ,
Ձեզ դիտեմ լուռ, խաւարին ընդմէջէն պատուհանիս,
Ու ծիծաղիմ ձեր արարքներուն համար տմարդի.

Ես ձայնն եմ յուշարարին, որ ձեր լռութեան պահուն
Պիտի յուշէ ձեր խօսքերն ու արարքները վատոգի…

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 2

Your email address will not be published. Required fields are marked *