Ճեսի Արլէն

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քերթում

Ջուրը կեցնել
որպէսզի մտածումը
անսպասելին
որ կայացաւ քայքայումին մէջ
մարմնաւորուի
որպէսզի դառնայ խօսք
անհետանալէն առաջ

այն
որ կու գայ ու կ՚անցնի
սահուն ջուրի թեւերուն պէս
որպէսզի քերթուի
թուղթի կամ մորթի վրայ
ապա թաքչի
ծանր մատեաններու միջեւ
որպէսզի գտնուի
բանասէրներու կողմէ
ուրիշ դարու
որուն պատկանի
կամ պատահի
կամ պատառուի

 

Հանրակառք

Դէմքեր
անթափանց դէմքեր
յոգնած սպառած դէմքեր
ամենօրեայ բեռ տանող դէմքեր
գիծերով լի դէմքեր
մունջ տանջող
անխօս հարցադրող

տեսեր եմ մուրացող դէմքեր

գոյնզգոյն դէմքեր
դեղին գորշ կարմիր
զուարթ ժպտուն
զայրացող այրող
պատուհանէն դուրս դիտող
խորհուրդ յայտնող
պատմութիւն պատմող

տեսեր եմ ոգի չունեցող դէմքեր

թափանցիկ դէմքեր
պաստառին նայող
երաժշտութիւն լսող
ականջ չունեցող
դիմակաւոր
գաղտնապահ
անմարմին
վազող փախչող
պահուըտող

տեսեր եմ դիմազուրկ դէմքեր

տեսեր եմ յիշեր եմ
անոնց հետ ապրեր եմ սիրեր եմ
եղեր եմ

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 2

Your email address will not be published. Required fields are marked *