Վեհանոյշ Թեքեան
Վեհանոյշ Թեքեան

ԵՐԵՔ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Սիմոն Սիմոնեանի եւ կնոջ՝ Մարիին հետ

     Մեր գիւղը՝ Մազրաա Քֆէրզըպյեն նշանաւոր էր իր մաքրամաքուր օդով։ Պէյրութի բժիշկները իրենց սրտի հիւանդներուն կը յանձնարարէին այս գիւղը անցընել ամառնային օդափոխութեան ամիսները։ Սիմոնեան գէթ ժամանակաւոր դարմանում կը նկատէր Մազրաա այցելել երբեմն Կիրակի օրերը, միշտ շքախումբով մը։
     Գիւղի մեր տունը ամուր քարաշէն փոքրիկ տուն մըն էր, եւ անսահման պարտէզ մը — երկու աղբիւր, երկու աւազան, անհամար ծաղիկներ աշխարհի բոլոր գոյներով, եւ անհամրելի ծառեր, բեղմնաւոր ծառեր, ներառեալ խնձորենիներ, առանց մեղսագործութեան։ Մեր հիւրերը տան առջեւի բակը կը նստէին, հիւրասենեակ չկար։
     Ամառը Պէյրութի մէջ հազիւ թեւակոխած՝ մօտակայ արաբական երկիրներէն, քիչ մըն ալ Եւրոպայէն, հայ գրականութեան մշակներ, հնձողներ ու համտեսողներ ոտք կը դնէին «Սիմոնեանին տպարանը»։ Պաշտօնապէս կը կոչուէր Սեւան Հրատարակչատուն, պաշտօնապէս խմբագրատուն էր, ուր պէտք է յարգուէր խմբագիրին ժամանակը. սակայն իրականութիւնը ի՛ր պահանջները ստեղծած էր, ո՛վ կ՚ուզէր կու գար, ե՛րբ կ՚ուզէր կու գար։ Սիմոն Սիմոնեան անմիջապէս սուրճ կ՚ապսպրէր իր քիւրտ պաշտօնեաներէն մէկուն միջոցով, եւ տպարանի դռնէն գրասենեակ կ՚երթեւեկէր։ Իրարու կպած լայնածաւալ զոյգ գրասեղաններուն վրայ ձեռքը սաւառնակի պէս կը պտտցնէր, եւ ամենայն անկանոնութեամբ սփռուած թուղթերէն, գիրքերէն, նամակներէն, թղթածրարներէն, սեղանին խուռներամ թաղէն իր փնտռած մէկ հատիկ էջը աճպարարի ճարտարութեամբ դուրս կը քաշէր։
     Գրիչը աջ ականջին զետեղած, ակնոցները քիչ մը կախ, անոնց ետեւէն զոյգ մը աչքեր, միշտ հիւմըրով առլի, նոյնիսկ եթէ բարկացած էր, նախադասութեան վերջաւորութեան կը ժպտէր քովնտի. եւ մուճակները թփթփացնելով կ՚անցնէր յարաբերաբար խաղաղութեան մասը, այսինքն տպարանին ահագոռգոռ սրահը։ Հոն կեանք կը ստանային մէկ կողմէ խմբագրական, մէկ կողմէ տպագրական, մէկ կողմէ վարչական որոշումներ. պաշտօնեաներէն ո՛վ ինչ պէտք է ընէր այդ պահուն (հոն կը լուծուէին նաեւ պաշտօնեաներուն անձնական ընտանեկան նիւթական խնդիրները)։ Ժամը վեցին երբ խաղաղէր աղմուկը, անհետացած ըլլային գրականութեան կամաւոր զինուորները, Սիմոնեան առանձնութեան մէջ կր գրէր պատմուածքներ, վէպեր, կը ստեղծէր անմոռանալի տիպարներ. ակնախտիղ մթնոլորտը Սասունի, Պարսկաստանի, Լիբանանի, անոնց հանդէպ զուսպ սիրով ու յորդուն երգիծանքով։ Յոգնիլ չէր գիտեր, բայց երբ իրիկունը հասնէր, Սիմոնեան անձամբ վար կը քաշէր հսկայ փեղկը տպարանին, աջ ծռելով, ձախ ծռելով երկու խոշոր կղպանքներ կ՚ամրացնէր, մինչ քովի միզահոտ սրճարաններէն դուրս կկուզ ըրած մուրացիկներն ու հաշիշամոլները իրենց հնամենի նայուածքով կը հետեւէին Մաթպաաթ Սեւանի պարոնին՝ «Ըսթէզ Սիմոն»ին եւ իր անհետացող թաքսիին։
     Սիմոն Սիմոնեանի գերազննութեան մարմնացում կինը՝ Մարին ստեղծած էր ամենատաքուկ բոյն մը իրենց հինգ զաւակներով — Յովիկ, Մարալ, Վարդան, Տարօն եւ Սասուն։ Սիմոնեանի գուրգուրանքը անոնց՝ անսահման էր, բայց թեւին տակ շալկած «տոսիէ»ները հո՛ն ալ կը բանար ու դարձեալ — իր բառով — կ՚աշխատէր։
     Առտու կանուխ, ժամը վեցին տպարանը բացուելու էր. ուշ մնար՝ ուղուրը կ՚երթար։ Վեցը վեց էր։ Կ՚երեւի թէ Անթիլիասէն մինչեւ Պասթա երկարող ճամբան առտուան թարմ օդին թարմ գաղափարներ կը ներշնչէր։ Այդ թաքսիին մէջ է, որ իր գուրգուրանքը այժմու հայ գրականութեան նկատմամբ երփներանգ պատմուճաններու մէջ կը յայտնուէր. եւ ի՜նչ պատմուճաններ։
     Սիմոնեանին աշխատասիրութիւնը, անկեղծութիւնը, հիւմըրը, իր բառով «ճշմարտութիւն»ը բաթոսով արտայայտելու եռանդը անսահման էր։ Օրինակ՝ 1954ին երբ այցելած է Սթալինի ապակեծածկ դագաղին, Սթալինը աչք ըրած է իրեն։ Կը նեղուէր լսողներու թերահաւատութեան. Այո, Սթալինը բան մը ըսել ուզած է իրեն։ Ունէր նաեւ գրական ծրագիրներու անհատնելի ցանկ մը։ Իսկ իր հրատարակութիւննե՜րը – միս-մինակը տաս հոգիի արտադրութիւն, գիրքե՜ր, գիրքեր համապարփակ, անթիւ անհամար. Դասագիրքեր, արեւելահայ գրականութեան հաստափոր հատոր, բառարաններռւ, նախկին դարերու եւ ժամանակակից գրողներու գործեր։ Կը սիրէր մատենագիրներէն մէջբերումներ կատարել։ Ունէր բազմաթիւ աշակերտներ Դպրեվանքի մէջ իբրեւ մատենագրութեան դասախօս։ Եթէ Հայաստանի մէջ հեղինակի մը գործը խափանուէր՝ Սիմոնեան լոյս աշխարհ կը հանէր հատորը։ Պարոյր Սեւակի Անլռելի Զանգակատունը, Աբրահամ Ալիքեանի Հրուանդանը, Շիրազի անտիպները թեւեր առած կը թռչէին դէպի Սեւան Հրատարակչատուն։ Կը պնդէր որ յաճախ գրեմ – Վահրամ Մավեան պատմեց՝ Սիմոնեանին ըսի՝ հանգիստ ձգէ մէյ մը համալսարանը թող աւարտէ։ Մինչ այդ Սիմոնեան հարկ տեսաւ որ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը ձեռքը գլխուս դնէ եւ օրհնէ Կապոյտ Ապրիլի հեղինակը։ Հայրական խոհեմութեան հաւատարիմ՝ ինծի ուղարկուած նամակները կը պահէր, ցոյց չէր տար։

     Իր հարցերը լուծելու ինքնատիպ ձեւ ունէր։ Շատ կը սիրէր սու պէօրէկը – մայրս լաւագոյն վարպետն էր անոր։ Տիկին Սիմոնեան դէմ էր որովհետեւ Սիմոնեան սրտի լուրջ հիւանդութիւն ունէր։ Ես ալ շատ կը սիրէի քնէյֆի պժպնին։ Սիմոնեան դասաւորեց – ինք իր տասնչորսամեայ քիւրտ պաշտօնեային հետ շաբաթը երեք անյգամ քնէֆի պիտի ղրկէ ինծի, առտուան եօթին։ Ամիսը մէյ մը մամաս իրեն «երկու տիլիմ» սու պէօրէկ պիտի ղրկէր։ Այնպիսի թոնով կ՚ըսէր այս մէկը, այսինքն՝ ողորմեցէք ինծի, միայն երկու շերտ։ Սիմոնեան հաւատարմաբար կը ղրկէր քնէյֆին, մայրս հաւատարմաբար կը շինէր սու պէօրէկը, ես ալ սիրով հաւատարիմ՝ կը ճաշակէի արաբական անուշեղէնի այդ հրաշալիքը։
     Շաբաթ կէսօրէ ետք մը տպարան մտաւ. Սիմոնեանի նախկին աշակերտներէն մէկը ըսաւ թէ կ՚աճապարէ պէտք է հանրակառքը առնէ Դամասկոս երթայ, բայց եկեր է ըսելու թէ Թեքեանին գրածները կը կարդայ եւ կը կարծեն որ հատոր մը կը կազմեն արդէն, ուրեմն ինք պատրաստ է ծախսը ստանձնելու։ Սիմոնեան ըսաւ՝ կը ճանչնա՞ս. եւ զիս ներկայացուց։ Օհանեան զարմացաւ, դեռատի՜ էի։ Ծախքին առջեւ կանգ մի առնէք, ըսաւ գնաց։ Խայծը մնաց, Սիմոնեանին խանդավառութիւնը իմինիս տասը անգամն էր։ Ես չէի ուզեր գիրք հրատարակել որովհետեւ սեփական ձայնս գտած չեմ, կը պնդէի։ Որո՞ւ կարծիքին կը հաւատաս, հարցուց։ Գուրգէն Մահարիին, ըսի։ Լաւ, անոր պիտի ղրկեմ ըսաւ։ Քանի մը ամիս չանցած վերադարձաւ ձեռագիրս Գուրգէն Մահարիի նրբագեղ խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով։ Ռազմիկ Դաւոյեանն ու Կարիկ Պասմաճեանն ալ ինքնակամ խմբագրեր էին, մոլորակին շուրջ դարձող արբանեակի պէս։ Չհաւատացի. Ո՞վ միտքէն կ՚անցընէր թէ այդքան յափշտակութեամբ կարդացած գիրքերուս հեղինակը նամակ պիտի գրէր ինծի։ Սիմոնեան սկսաւ շարել, ըսի որ այս այսպէս չի հրատարակուիր, պէտք է սպասես, նոր բաներ ունիմ գրելիք։ Եւ «Կապոյտ ճեղքեր»ու շարքը գրելէս ետք միայն համոզուեցայ որ է՛հ, կարելի է հրատարակել։
     Օր մը ալ քանի մը հոգի նստեր ենք գրասենեակը, Սիմոնեան խժալուր տպարանէն դուրս գալով վերցուց ընկալուչը, յանկարծ մէկ ձեռքը դրաւ ընկալուչին առջեւ եւ քովնտի ինծի նայելով ըսաւ. «Վեհանոյշը թող չլսէ, Մահարին մահացեր է. ան ալ գնա՜ց» Ծաղիկներ կան խնկուող, որոնց բոյրը չգիտես։
     Յիշողութեամբ գրեցի, կրնան մանրամասնութիւնները ճշգրիտ չըլլալ, սակայն պատկերը ամբողջական է։ Ի՜նչ ամբողջական, դեռ ինչեր կայ յայտնելիք անոր մասին որ հրաշալի պատմուածագիր եւ երգիծագիր էր։ Սփիւռքի միակ չէզոք թերթի խմբագրապետն էր, որ շնորհալի գրական սերունդ մը հասցուց, այնքան մեծասիրտ, հասաւ բոլորին որ կարիքը ունէին իր պաշտպանութեան, հասկցաւ հոգեվիճակը մինչեւ իսկ ուսումնական հաստատութենէն դուրս դրուած տնօրէնին. եպիսկոպոս մը սպաննած բանտարկեալին։ Որուն տիեզերքը հայ գիրքն էր — հին մատենագիրներէն մինչեւ նորօրեայ սկսնակ գրողը։ Այդ տիեզերքը դարձնող ոյժը իր ընտանիքն էր, իսկ կեդրոնը ծննդավայր Սասո՜ւնը։

 

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

Բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեան, զաւակին հետ, Նոր Ճըրզի

     Ոսկեղէն բառերով օծուած բանաստեղծ՝ Աբրահամ Ալիքեան։ Ի՜նչ ուրախ էի որ Լիբանան չգացած (իր խօսքով՝ կէս դար ետք ծննդավայր չվերադարձած) մեզի պիտի մնար երեք շաբաթ իր տասնչորսամեայ տղուն՝ Շանթին հետ։ Առաջին գիրքս երբ ղրկեր էի իրեն, Մոսկուա, պատասխանը քաջալերական եւ դաստիարակիչ էր, վճիտ հոսող ջուրին մէջ խիւսեր եւ խճաքարեր պէտք չէ ըլլան, կ՚ըսէր։ Իր բանաստեղծութեան ակունքը՝ հեքիաթաշունչ էր, բառերու երաժշտականութեան, գոյներու նրբութեան այնպիսի համադրում մը որ կը զգլխէր ընթերցողը։
     Առաջին առտուն նախաճաշին Շանթը ըսաւ. «Ես ձու չեմ սիրում»։ Նայիրին պատասխանեց. «Ասիկա ձուկ չէ, հաւկի՛թ է»։ Եւ սկսաւ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի բանակցութիւնը։
     Կը նստէր պատշգամը խիտ ծառերու ներքեւ վայելելով անսահման լռութիւնն ու արեւը, որ հրմշտկելով իր վրայ կը հասնէր։
     Եւ ամէն ճռուողող թռչունի տեսակը կը յայտնէր, մինչեւ իսկ բոյսերուն խոտերուն անունները գիտէր. «Դուն ասոնք կը յերիւրես կոր», ըսի։
     Խօսեցաւ իր հայրենադարձութեան մասին, իր մտերիմ ընկերոջ Անդրանիկ Թերզեանի սպանութեան մասին, իր արհաւիրքներուն, Մոսկուա հաստատուելուն, Հայաստանի առաջնակարգ գրողներու իր հանդէպ դիրքորոշումին։ Սիրելի առաջին տիկնոջ եւ զաւկին մասին։ Իր ներկայ տիկինը իրենց փոքր մանչուն հետ Մոսկուա կը սպասէր որ Աբրահամը հաստատուելուն պէս երթան Պէյրութ։
     Երկար կը խօսէինք մեր քերթողական գանձերուն, գրելու արուեստին, մանաւանդ Միսաք Մեծարենց հրաշքին մասին։ Միշտ ազնիւ ու նրբանկատ. «Դուն ըսելիք ունիս։ Միշտ աւելին կայ քան ինչ որ կ՚ըսես. իրաւ բանաստեղծութիւնը անհատնելի է։ Չ՚աւարտիր, պարզապէս շունչ մը կ՚առնէ, կեանքը շարունակելէ առաջ»։
     Այնքան հոգատար էր իր Շանթին եւ իմ զաւակներուս նկատմամբ։ Հանրային պարտէզ կ՚երթայինք, անոնց հետ գնդակ կը խաղար։ Նէշընըլ հիսթըրիի թանգարանին մէջ կը հիանար տինոզաւրերուն, մոմիացած ծովու կրիաներուն, անշարժացած փիղերուն, շանաձուկերուն վրայ։ Հին ցեղերու ապրելու հմտութեան եւ հայկական տաղաւարի ցուցադրուած իրերուն ու երաժշտութիւն բուրող վեղարներուն։
     Օր մըն ալ Պոսթըն գնաց Յակոբ Կարապենցին հետ անցընելու քանի մը օր։ Վերադարձաւ լայն լայն ժպիտով, իւրաքանչիւր թեւին հասակին չափ երկու հսկայ սթաֆտ կենդանիներ՝ փոկ մը եւ արջ մը։ «Թիկնապահներով վերադարձար» կատակեցի Ինք ալ երեխայի չափ ուրախ էր։ Ազնուութեան, նրբանկատութեան մարմնացում, ինքնատիպ բարձր հիւմըրով։
     Այցելուներ կու գային զինք տեսնելու։ Քաղաքավար կը նստէր, գրեթէ չէր խօսեր։ Մէկը եկաւ եւ պատմեց ինչպէս ֆրէնչ ֆրայի մեքենայ տարեր է Հայաստան, որ անկէ պակաս չմնայ հայրենի ժողովուրդը։ Աբրահամ աչքին տակէն մեզի կը նայէր, «այդպէ՜ս է այդպէ՜ս է», կը կրկնէր Պարոնեանի բառերը։ Երբ տապկուող գետնախնձորները անհամ դարձան՝ հիւրը սկսաւ կարդալ ըստ իրեն Հայաստանը փրկող ութ միջոցներուն երկարապատում իր գրութիւնները, առանց որ մէկ պարբերութիւնը կապ ունենար միւսին հետ։ Մեր համբերութիւնը անհամբեր դարձաւ երբ հիւրը դեռ վեցերորդ կէտը հասած չէր։
     «Յուզիչը ան է որ կը կարծէ թէ օգտակար բան մը կ՚ընէ։ Աս ալ ի՛ր ձեւն է։ Հոգիդ սիրեմ Վեհանոյշ, հաճիս խնայէ զիս ասոնցմէ»։
     Վերի նկարը Նիւ Ճըրզիի Վարդանանց եկեղեցիին դուրսը նկարուած ենք, Զատիկի օրը։
     Ըսի իրեն քանի՜ անգամ որ իր երեւակայած՝ դրախտի համազօր Պէյրութը պիտի չգտնէ։ Կրնայ մեծ հիասթափութիւններ ապրիլ։
     Շանթը լուռ, նուրբ դիմագիծով զգայուն տղեկ էր, հօրը քովիկը կեցած հասան Պէյրութ։
     Իր առաջին նամակները պարտկուած հառաչանք էին։ Հետզհետէ սանձը քակուեցաւ եւ այս անգամ տարբեր կարօտի ակը երազեց։ Երբ մայրս մահացաւ՝ այնպիսի նամակ մը գրեց որ կարծես հրեշտակներու ցեղ մըն էինք։ Նոր գիրքերս ստացած էր, եւ իր դպրեվանքի աշակերտներուն թելադրած։ Իր «Հեզ իրիկուն»ը ծփաց ու թեւեր առաւ դէպի անհունը, եւ վերադարձաւ իր տաքուկ անկիւնը։
     Իր մահուան պարագաները սիրտս կը ճմլեն ու կը ճմլեն։ Չեմ ալ գիտեր կ՚անդրադառնա՞ր ինչ կը պատահի իրեն, թէ ոչ՝ հեզ ու անխօս կը մտնէր ճակատագրի մութ սենեակէն ներս։ Բայց ո՞ւր են իր մայրամուտի պէս սրտայոյզ, հայերէնը ոսկեղէն գեղօր դարձնող տողերը։ Մեծ բանաստեղծին արխիւն ու արժանի պատիւը։

     Ո՞ւր է հայ Բանի արարումին կարմիր հողը։

 

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ

Բանաստեղծ Ժաք Յակոբեանի հետ

     Բանաստեղծը Պէյրութ գտնուած շրջանին ամէն անգամ որ գիրք մը հրատարակէր, հայրս նոյն օրը անութին տակ դրած կը մտնէր տուն։ «Սուրբ Գիրքը թող միշտ բաց մնայ սեղանիդ վրայ» վերնագիրն էր իր մէկ բանաստեղծութեան։ Սուրբ Գիրքը միշտ բաց մնաց մեր հիւրասենեակի ճիշդ մէջտեղի սեղանին վրայ։
     Վարդանանցին մեր դպրոցի եկեղեցիի սրահին մէջ պիտի պատգամէր Ժագ Յակոբեան։ Մայրս ու ես գացինք։ Յակոբեանի մազերը Վահան Տէրեանի մէկ կողմի վրայ ինկած մազերը կը յիշեցնէին։ Կը խօսէր, հաւանաբար ուրիշներ ալ ինծի պէս առինքնուած մտիկ կ՚ընէին։ Բաւական խօսելէ ետք յանկարծ ձայնը կերկերաց ու փղձկեցաւ։ Գլուխը կախած՝ լացաւ։ Ետ բարձրացուց, վերջին նախադասութիւնները ըսաւ ու նստաւ։ Ընդամէնը մէկ ժամուան մէջ բանաստեղծը տեսաւ Աւարայրը ու վերադարձաւ Ճերմակ Ջարդի վայրը։ Ի՜նչ մէկ ժամ։ Ամբողջ կեանք մը տագնապանք կորուստի ու փրկութեան միջեւ։
     Բայց ծիծաղաշարժ բան մըն ալ պատահեցաւ։ Կարծեմ Անդրանիկ Ծառուկեանն էր որ Ամերիկեան համալսարանի Ուէսթ Հոլին մէջ յիսնամեայ յոբելեանը պատրաստած էր Յակոբեանին։ Ես «Մենք»ը պիտի արտասանէի։ Քանի մը օր առաջ, կոկորդի զօրաւոր բորբոքում։ Լուր տուի, եւ յանկարծ տեղական օրաթերթի մը մէջ յայտարարուած էր «Վահան Թէքէեան պիտի չարտասանէ հագագային անհանգստութեան պատճառաւ»։ Այդ օր, անկիւն մը ցկկզած հետեւեցայ ձեռնարկին «հագագային»ը փառահեղայինի վերածելով։
     Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կազմակերպած էր Ժագ Յակոբեանի յոբելեանը։ Յակոբեան գերագոյն ծնրադիր քարտուղարն էր Աստուծոյ։ Մայրս ալ ապաշխարած էր։ Հոգեւորները քոյր-եղբայրով կը դիմեն իրարու. «Ուրեմն դուք իմ մօրեղբայրս էք», եզրակացուցի։
     Այն օրերուն մայրս հիւանդանոց հասաւ, երեք օր մինչեւ ուշ գիշեր ես ալ իր քով մնացի։ Ժագ Յակոբեան ինքնակամ յանձն առաւ երեխաներուս հոգ տանիլ, դպրոցէն անոնց դարձին ան այնպիսի պատմութիւններ պատմեր է, զուարճացուցեր է զանոնք, որ տարիներ ետք դարձեալ կը կրկնէին. «Թող Պարոն Յակոբեանը գայ. մեզի նորէն պատմութիւն պատմէ»։
     Նոյն օրերուն, նաեւ Գրիգոր Պըլտեան հիւր էր մեզի. նկար մը կայ ուր երկու բանաստեղծները գլուխ-գլխի կը խօսին։ Ես նորէն դատարան պէտք է երթայի ամուսնալուծման անվերջանալի դատերը աւարտելու խաբուսիկ յոյսով։ Երկուքն ալ ուզեցին ընկերակցիլ ինծի։
     Երբ մամային հիւանդութիւնը բարդացաւ, Ժագ Յակոբեան ամէն օր կը հեռաձայնէր, կը լսէր մեր հեծկլտուքը ու կը մխիթարէր թէ մաման իր պաշտած Աստուծոյն քով պիտի երթայ, ա՛լ պիտի հանգստանայ։ Մինչեւ իսկ ծրագրեր էր մեր քով գալ, սակայն իր տիկնոջ եղբօր ծանր անհանգստութեան պատճառով չէր կրցած։ Այս մէկը յետոյ պատմեց մեզի։
     Հրճուանք էր զինք հիւրընկալել երբ այս ափերը գար։ Տանս մէջ մեծ սենեակ մը կայ, պատերը ծայրէ ծայր լայն պատուհաններ, մինչեւ իսկ առաստաղին վրայ բացուած մեծ պատուհաններ։ Արեգնազ կը կոչեմ այդ սենեակը։ Յակոբեան շատ կը սիրէր նստիլ այնտեղ ու աղօթել եւ գրել։
     Քիչեր գիտեն որ երգիծական երակ մը ունէր։ Օր մը իրիկուան դէմ հարցուց թէ մէկը եկած դուռը զարկա՞ծ է այսօր։ «Ոչ», ըսի, «հոս այդպէս բան չի պատահիր»։ «Ոեւէ մէկը չեկա՞ւ», հետապնդեց։ «Մէկը կ՚ակնկալէի՞ք», հարցուցի։ «Առտուն աս փողոցը քալած պահուս», բացատրեց, «երկու դպրոցական աղջիկներ ելան դիմացս, հարցուցին թէ ես Ճորճ Ուաշինկթը՞նն եմ։ Ոչ, պատասխանեցի եւ ձեր տունը ցոյց տալով ըսի՝ այդ տան մէջ կ՚ապրի նշանաւոր գրող տիկին մը։ Դուռը զարկէք եւ իր ստորագրութիւնը խնդրեցէք։ Օր մը հպարտ կրնաք զգալ։ Չեկա՜ն ուրեմն»։ Ափսոսաց որ զիս չկրցաւ ապշեցնել։
     Հակառակ որ դեղագործ էր, կեանքը նուիրած էր հայ լեզու եւ գրականութիւն ջամբելու հայկական վարժարաններէ ներս։ Իր աշակերտները գրեթէ երեք սերունդ՝ հմայուած են իր դասաւանդութեամբ։ Փոքրերուն հետ փոքր, մեծերուն հետ մեծ։ Օր մր պատմեց թէ չորրորդ դասարանի աշակերտ մը, Թուրքիայէն եկած, որ նոր սկսած է հայերէն խօսիլ, պարտականութիւն ունէր իր դասընկերներուն նման շարադրութիւն գրելու Այբուբենի գիւտին մասին։ Եւ տղեկը գրեր է. «Հէ՜յ, Մեսրոպ Մաշտոց, դուն եթէ ծնած չըլլայիր, սա պելան չէր գար գլուխնուս»։
     Ժպիտը անպակաս էր աչքերէն, դէմքէն։ Միայն ազնիւ բաներու մասին կը խօսէր եւ շնորհակալութեան անհատնում առիթներ կը գտնէր։ Ճիշդ ճաշէն առաջ միշտ երկու գաւաթ գաղջ ջուր կր խմէր որ ստամոքսը նուազ տեղ ունենայ ուտելիքի։
     Այնքան մարդկային եւ արդարադատ էր որ հակառակ եկեղեցիի դիրքորոշման՝ անձնասպանը առանց եկեղեցական արարողութեան թաղելու, ինք կը ստանձնէր եւ մահացեալին վշտահար հոգիին համար աղօթք կ՚ուղղէր Աստուծոյ։
     Բանաստեղծութիւնը եւ նկարագրային որոշ գիծերը մեզ հարազատ դարձուցին իրարու։ Զինք հոգեւոր հայրս կը նկատեմ։ Կ՚ըսեմ որ Աստուծմէ դառնացած եմ եւ տարտերս իրեն կը պատմեմ։ Կը հաւատամ իրեն, որովհետեւ երբ քառորդ դար առաջ զաւակներս՝ իրենց հօր այցելութեան ընթացքին երբ ցերեկը հեռաձայնով աղերսեր էին որ ազատեմ զիրենք, գիշերուան՝ զիրենք սովորականին պէս վերադարձնելու փոխարէն իրենց մեծ մայրը հեռաձայնեց. «Պզտիկներդ այլեւս կեանքիդ մէջ պիտի չձգեմ որ տեսնես»։ Երբ խենթի պէս կու լայի, Ժագ Յակոբեան հեռաձայնով ըսաւ. «Հայր Աստուած իր զաւակները կը պաշտպանէ։ Միշտ յիշէ որ վաղը ուրիշ օր մըն է»։ Յաջորդ առաւօտ զաւակներուս հայրը հեռաձայնեց առտու կանուխ. «Եկուր զաւակներդ տար, գիշերը հայրս մեռաւ»։
     Միշտ կը կրկնեմ՝ վաղը ուրիշ օր մըն է։ Եթէ յաջորդ օրն ալ դժուար ըլլայ, ժապաւէնին ծայրը բռնած եմ։ Վաղը ուրիշ օր մըն է։
     Հիմա հարիւր երկու տարեկան է Ժագ Յակոբեան, կը գրէ ու կը խօսինք հեռաձայնով։ Սուրբ Հոգիի նման խաղաղութիւն կուտայ։
     Բայց ցաւս ու զայրոյթս կը զօրանայ։ Սփիւռքը ծայրէ ծայր ներշնչող բանաստեղծը, Հայաստանի փառքն ու դրօշը եօթանասուն տարի յաղթապանծ ծածանող բանաստեղծը, երբե՛ք Հայաստան չհրաւիրուեցաւ։ Հայ հողը չհամբուրեց։ Համբուրե՜ց, ան ալ ինչպէ՜ս։ «Հայաստանը հոգիիս աչքերով կը տեսնեմ», կ՚ըսէ։

     Հայաստանը զրկուեցաւ այս մեծ բանաստեղծը գրկաբաց ընդունելէ։

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 3-4