Գրիգոր Պըլտեան
Գրիգոր Պըլտեան

ՀԻՆԳ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր դասընթացքներու մէկ ազատ ձգած ժամուն 1967-ի նոյեմբերին կամ դեկտեմբերին։ Յետոյ՝ դարձանք գրեթէ դրացիներ, Սէնի երկու ափերէն։ «Մենք»ի սերունդին թերեւս միակ գրողը որ յաջողեցաւ նորոգել ինքզինք, ի՞նչ կ՚ըսեմ, եղաւ գրեթէ նոր, ժամանակակից գրող մը, «Թեկնածուն»ով, «Ասֆալթը»ով, «Սովորական օր մը»ով։ Ուսանելի։ Վերջին անգամ եկեր էր զիս տեսնելու հիւանդանոց, 1980-ի հոկտեմբերին, ձեռքին «Եւ եղեւ մարդ»ուն մասին ուսումնասիրութիւն մը, որ մնաց անտիպ։ Գոհ կը թուէր, բայց անձկոտ։ Խօսողէ աւելի կարդացող, մտիկ ընող մըն էր Որբունի, որուն օրը կարծես թէ տակաւին չէ ծագած։

 

Ա. Ալիքեանի հետ, Վենետիկի ամառնային դասընթացքներէն իր դարձին, Փարիզ սեպտեմբեր 1991

Ա. Ալիքեանի հետ, Վենետիկի ամառնային դասընթացքներէն իր դարձին, Փարիզ սեպտեմբեր 1991

Ինչի՞ մասին կը խօսուէր այդ երեկոյին եթէ ոչ այն ատեն անտիպ, «Սիպիր հոտող» Ծղրիդին։ Այսինքն՝ բանաստեղծութեան որուն հրահանգին կ՚անսար մէկը, միւսը՝ կը հերքէր։ 1965-ին, «Բագին»ի շրջանակին մէջ «Բարեյուսոյ հրուանդանը» եղաւ Ալիքեանին յայտնութիւնը։ Յետոյ՝ մեր առաջին հանդիպումը՝ Մոսկուա, 1971-ին, հպանցիկ գրեթէ, այնքան Աբրահամ կ՚ապրէր երկիւղը արգելքին։ Բանաստեղծ մը՝ որ լքեց ամէն երկիր, դուրսն ու ներսը, եւ որուն միակ երկիրը բանաստեղծութիւնը եղաւ։ Բանաստեղծութիւնն ալ միակ տեղը ուր բառերուն կը տրուէր առիթը երկրորդ անգամ ապրելու։ Բառերուն վերապրումը ո՞վ պիտի արարէ եթէ ոչ խօսողը։

 

Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ Վահէ Օշականի հետ, Փարիզ, նոյեմբեր 1992

Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ Վահէ
Օշականի հետ, Փարիզ, նոյեմբեր 1992

Եզակի հանդիպում մը՝ այդ օր, երբ Վահէ Օշականը Սան-Ֆրանսիսքոյէն, Յովհաննէս Գրիգորեանը Երեւանէն ժամաներ էին իրարմէ բոլորովին անտեղեակ։ Արդիւնքը՝ եռաձայն զրոյց մը պիտի ըլլար հայ բանաստեղծութեան շուրջ։ Վահէն, առաջին անգամ լսած եմ «Բագին»ի կազմակերպած ընթերցումներէն մէկուն, Պէյրութ 1965-ին, երբ Այբբենարանի մէկ հատուածը պիտի դատուէր։ Ո՛չ Պատուհանը կարդացած էի, ոչ Քաղաքը։ Մարդ երբեմն երկար ժամանակի պէտք ունի հասնելու համար այսքան մօտիկ ու մնայուն բանի մը։ Յովհաննէսին, Հայաստանի 60-ական բանաստեղծներուն նման, ծանօթ էի ընթերցումով։ Մարդը տեսայ Երեւան 1987-ին, երբ գրած էի արդէն «Յ.Գ. ժամանակին դիմաց» անզետեղելի յօդուածս։

 

Արփիկ Միսաքեանի եւ Արթօ Չաքմաքճեանի հետ, «Յառաջ»ի խմբագրատան մէջ, 1997

Արփիկ Միսաքեանի եւ Արթօ
Չաքմաքճեանի հետ, «Յառաջ»ի
խմբագրատան մեջ, 1997

Խմբագրատունը տեղ՝ ուր կրնայիր հանդիպիլ ոեւէ մէկուն ու բոլորին։ Փարիզը այս է։ Ոեւէ մէկն ու բոլորը։ Երբեմն նաեւ ոչ ոք։ Հոս աւելի կէս դար օրագրողը որ օր մը նետեց գրիչը ձեռքէն, քովը՝ նոյնքան ալ յարատեւ քանդակագործը։ Լրագիրը յաճախ ժամանակ չունի մտածելու ժամանակը։ Կը փակի անոր։ Իսկ Արթոյի շնորհիւ կը հասկնաս ինչ է եւ ինչ չէ քանդակ մը։ Ատաղձ ու ձեւ, կերտուածք, կանգնում՝ այն որ կը կոչուի
«Կոմիտաս» կամ «Նարեկացի», կամ «Շաւարշ Միսաքեանի դիմանկար» կը յօրինէ տարածքը իբրեւ միջոց։ Մեր նայուածքը հոն տեղ կը գտնէ ու կը բնակի։

 

Ասատուրի հետ, Փարիզ 2001

Ասատուրի հետ, Փարիզ 2001

Հին մեղսակցութիւն մը՝ սկսած 1967-ին, Փարիզ։ Հին ու մշտակայ հրապոյրը պատկերին։ Երբեք, ոչ մէկ էջ պիտի կարողանայ ըսել ինչ որ կայ պատկերին մէջ ու կը մտածէ անով, անոր մէջ, անոր ետին։ Բանաստեղծութիւնը կը բախի պատկերի լռութեան, նկարչութիւնն ալ լեզուի ձայնեղութեան։ Ասոր համար թերեւս մուսաները յոգնակի են։ Նման խնդիր թափանցելու համար գրեր էի Objets et débris-ն։ Յետոյ Հատուածներ հօրը։ Ասատուրի նկարչութեան զօրութիւնը կու գայ բոլոր ջնջուած, չբացած բաներէն։ Պատմութիւն՝ զերծ յիշողութենէ ու յիշատակէ։ Դէպի խորք մը անպեղելի, դէպի
տեսնելիութիւն (1997)։

ԾԵ. ՏԱՐԻ, 2016 ԹԻՒ 1-2