Կոմիտաս Վարդապետը դարձած է խորհրդանիշը հայ մշակոյթի եղեռնեան նահատակութեան: Ան մնաց կենդանի մարտիրոս մը Հայոց ցեղասպանութեան ու հիւանդագին վկան դարձաւ նաեւ ազգի մը մշակութային սպանդին:
Եղեռնեան գեհէնէն յետս կոչուած, Կոմիտաս Պոլիս կը հասնի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց արդէն իսկ հոգեբարոյապէս խեղուած ու մտովի խաթարուած, ան զինադադարէն ետք, 1919-ի սկիզբը[1]Ան արդէն Փարիզ հասած էր Ապրիլ 1919-ին:, կը փոխադրուի Փարիզ, իսկ 5 Օգոստոս 1922-ին՝ Villejuif, բուժման, թերեւս ալ մեկուսացման համար[2]Serge Momjian, Komitas: The Artist and the Martyr, Cambridge England, Janus Publishing Co., [տարին կը պակսի]էջ 143, 201. նաեւ՝ Rita Soulahian Kuyumjian, Archeology of … Continue reading:
Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք հիւանդանոցը այցելած են Կոմիտասին: Այդ այցելուներէն ոմանք յուշագրած են իրենց տեսակցութիւն(ներ)ը Կոմիտասի հետ: Ոմանց՝ այդ վկայագրութիւնը ծառայած է իբրեւ միջոց՝ վարկ վաստկելու: Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք ազնիւ զգացումներէ մղուած՝ փափաքած են այցելել վարդապետին: Անոնցմէ են Կոմիտասի սաներէն` Վահան Պէտէլեանը (1894-1990) եւ Բարսեղ Կանաչեանը (1885-1967):
Այստեղ կը ներկայացնենք առայժմ անծանօթ մնացած[3]Վստահ չենք, որ ստորեւ հրատարակուող նամակագիրը, կամ անոր ընկերակցողները այլապէս … Continue reading այլ այցելութեան մը մանրամասնութիւնները: Սակայն, նախ սկսինք Պէտէլեանէն:
Պէտէլեան գրաւոր արձանագրութիւն ձգած է իր կոմիտասեան այցելութեան մասին: Ան 10 Յունիս 1927-ին Քորֆուի վրայով Կիպրոսէն կ՚անցնի Եւրոպա՝ երաժշտական անձնական ուսումնառութեան ծրագիրի մը սերտողութեան համար: Այդ ծիրէն ներս կատարած շրջապտոյտին ընթացքին, 26 Օգոստոս 1927-ին երիտասարդ Պէտէլեան կ՚այցելէ Կոմիտաս վարդապետին: Այդ մասին, ան իր գրառումներուն մէջ կը նշէ. «Գիտէի որ Կոմիտաս Վարդապետ Վիլ Ժուիֆի բուժարանը կը գտնուէր: Մ[արգարիտ] Բաբայեանի[4]Պէտէլեան այդ օրերուն Բաբայեանի քով կը հետեւի օփերային մենակատարումներու, … Continue reading (որ Կոմիտասի հոգատար յանձնախումբի քարտուղարուհին էր), յանձնարարականով, բժշկապետին միջոցով այցելութեան գացի իրեն:
Կոմիտասի նուիրուած ոսկեմատեանին[5]Այս ոսկեմատեանին մասին կ՚անգիտանայ Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի … Continue reading մէջ գրեցի, ապա երկու հուժկու պահակներու հետ գացի «մոնսիէօ Կոմիտաս»ի սենեակը: Խոշոր սենեակ մըն էր, իսկ ինք՝ անկողինին վրայ ընկողմանած: Գացի՝ ձեռքը պիտի համբուրեմ, մէկէն-մէկ ելաւ, բարձր ձայնով խօսեցաւ, բարկացաւ, դուրսը՝ պարտէզ գնաց: Հոն՝ կ’երթայ-կու գայ կը բարկանայ: Խնդրեցի որ թուղթ մը տան, որպէսզի երկտող մը գրեմ, որպէսզի կարդայ եւ յետոյ ընդունի զիս: Ընդունարան առաջնորդեցին զիս: Թուղթ մը տուին ուր գրեցի՝ «Հայր Սուրբ, Ձեզի այցելողը երաժիշտ մըն է Կիպրոսէն եկած: Լսելով Ձեր հռչակաւոր անունը կ՚ուզեմ օգտուիլ Ձեր փորձառութենէն: Արդեօք կը հաճէի՞ք ընդունիլ զիս, քանի որ այդքան հեռու տեղէն եկած եմ եւ վաղն իսկ կը մեկնիմ Գերմանիա: Կիպրոսի մէջ երաժշտական վարժարան մը բացուեցաւ, կրնայ ըլլալ որ Ձեր երաժշտական փորձառութիւնները եւ թելադրութիւնները մեծապէս ազդեն: Ձեզի հիացող՝ Վ.Յ. Պէտէլեան, Փարիս 26 Օգոստոս 1927:
Թուղթը իրեն սեղանին վրայ դրինք: Կէսօրուան համար կերակուրի զանգակ զարնուեցաւ: Պարտէզէն եկաւ, եւ նըրսը որ ճաշը կը բերէր, թուղթը սեղանին վրայ դրաւ: Թուղթը տեսնելուն պէս զայն ճմռթկեց, մարդուն գլխուն զարկաւ: Ես, այն ատեն յուսահատած, քիչ մըն ալ դիտելէ ետք, թուղթը առի գրպանս դրի, պահեցի սրտիս մօտ իբրեւ Կոմիտասեան ուժ:…»[6]Տագէսեան, Վահան Պէտէլեան, էջ 41-42::
Կանաչեանի այցելութիւնները Կոմիտասին ունին անհատական եւ խմբային բնոյթ: Կանաչեան չէ գրառած ասոնք: Մենք ասոնց մասին գիտենք միջնորդաւորուած՝ Կանաչեանի մասին գրաւոր վկայութիւններէ: Կանաչեան անոնց մասին պատմած է եւ ուրիշներ իբրեւ յուշ գրառած կամ պատմած են թուղթին:
Այստեղ ժամանակագրական կարգով կ՚անդրադառնանք Կանաչեանի առանձինն, ապա եւ խմբային (Կոմիտասի միւս սաներուն հետ) կատարուած յետ-եղեռնեան պոլսական այցելութիւններուն:
Սեդա Կանաչեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ. «Երբ աքսոր-բանտէն վերադարձաւ Կոմիտասը հայրս առաջինը եղած է զինք այցելող: Կոմիտաս հօրս ըսած է. «Բարսեխ, երանի ինծի ազատ չարձակէին. ընկերներս ինծի ի՞նչ պիտի ըսեն…. ‘ե՞ս ձեւ մը գտայ ազատելու, կամ` թուրքերուն հե՞տ գործ ունեցած եմ’,- ու հայրս կ՚աւելցնէր՝- ասիկա իրեն տեփրեսիոն ըրաւ»[7]«Երեք Հարցազրոյց Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի Հետ»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը … Continue reading: Սեդա Կանաչեան կը շարունակէ. «Կոմիտաս Վարդապետին հանդէպ շատ կը նեղուէր [հայրս] երբ մէկը ըսէր որ խենթանոց մտաւ: Միշտ կ՚ըսէր. «մարդը մէկու մը ծեծե՞ց, փողոցները ինկա՞ւ, պոռա՞ց, ի՞նչ ըրաւ իբրեւ խենթ. խենթանոցի արժանի չէր: Տեփրեսիոն անցուցած է»[8]Նոյն:
Ապա Սեդա Կանաչեան կը նկարագրէ այլ այցելութիւններ, այս անգամ՝ խմբային եւ դարձեալ Պոլսոյ մէջ. «…հայրս եւ Թումաճան օրերով կը պատմէին, կը յիշէին բայց միշտ վերջաւորութեան կը յիշէին Պոլսոյ վերջին հանդիպումները: Երբ Կոմիտասի աշակերտները իմանալէ ետք անոր ձերբակալումը, կ’իմանան նաեւ անոր վերադարձը – հայրս ու Թումաճան մեծ յուզումով պատմեցին այդ պահը.- Գացինք դուռը զարկինք, առաջին օրը բացաւ, յաջորդ օրը ներսէն լսեցինք ձայնը՝ «մտէք»: Դուռը բացինք՝ դէմքը պատին կեցած էր: «Բարեւ, վարդապետ»: Պատասխան չկայ: Երկրորդ անգամ պատասխան չկայ: Կարծեցինք որ սովորական կատակներէն մէկն է: – Սովորաբար երբ «մտէ՛ք» ըսէր՝ մտնէինք՝ պահուըտած կ՚ըլլար կա՛մ պահարանին մէջ, կա՛մ սեղանին տակ, կա՛մ դռան ետեւ… – Երբ դարձեալ, աւելի բարձր ձայնով իրեն «բարեւ» ըսինք՝ դարձաւ եւ ուղիղ նայելով մեզի, մի քանի խօսք ըսաւ՝ «ես ալ պէտք է իրենց հետ մնայի … հիմա անոնք ի՞նչ պիտի մտածեն իմ մասիս», եւ դարձեալ դարձաւ պատին ու ոչ մի խօսք: Յայտնի էր, որ ձեւով մը յանցաւոր կը զգար ազատուած ըլլալուն եւ depressionի մէջ ինկած էր[9]Սեդա Կանաչեան, «Յուշեր Հօրս՝ Բարսեղ Կանաչեանի Մասին»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), էջ 236: Այս … Continue reading: Սեդա Կանաչեան կը պատմէ նաեւ Կոմիտասեան Սաներու փարիզեան այցելութեան մասին. «…Աւելի ուշ, երբ իր սաները հիւանդանոց ուզած են այցելել՝ Վարդապետը չէ ընդունած իրենց: Միքանի անգամ փորձած են: Վերջին անգամ ըսած է «Բարսեղը հետերնի՞դ է»: Երբ ըսեր են «այո», պատասխաներ է՝ «գնա՛, ըսէ որ ես խենթ չեմ, չեմ ուզեր զիս խենթանոցի մէջ տեսնեն»[10]Նոյն:
Քրիստինէ Կանաչեան իր յուշերուն մէջ քիչ մը տարբեր կը կրկնէ փարիզեան այս այցելութեան պատմութիւնը. «Կոմիտասի հինգ սաները Փարիզ եղած ատեննին կ՚այցելեն շատ սիրելի Վարդապետին, հիւանդանոց[11]Այս այցելութիւնը պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ Նոյեմբեր 1920-Դեկտեմբեր 1921-ի միջեւ, որովհետեւ … Continue reading: Սենեակին դուռը կը զարնեն քանի մը անգամ՝ ձայն չկայ: Հիւանդապահը կ՚ըսէ որ հիւանդը ներսն է: Ուրեմն դուռը կը բանան ու ներս կը մտնեն: Կը տեսնեն որ բազկաթոռի մէջ կծկուած նստած է, անկողնի ծածկոցով մը բոլորովին ծածկուած: Կը քաշուին մօտենալու: Յանկարծ Կոմիտասը վրայէն կը նետէ ծածկոցը, դուրս կ’ելլէ եւ դիմացի պատին առջեւ կը կենայ՝ դէմքը պատին դարձուցած: Հիւանդապահին կը հարցնեն թէ ինչու՛ այսպէս ըրաւ: Կ՚ըսէ՝ «կ՚երեւի չէր ուզեր ձեզ տեսնել»: Բայց իրենք երկար մտածելէ վերջ այն եզրակացութեան կու գան որ ուզած է առաջուան պէս կատակ ընել հետերնին՝ մօտենային իրեն, ծածկոցը վերցնէին եւ՝ «եկանք Վարդապետ» ըսէին: Վերջը երբ ուրիշներ կը հարցնեն Կոմիտասին թէ ինչու՛ այդպէս ըրած է իր աշակերտներուն, կ’ըսէ. «լաւ տպաւորութիւն չթողուցին վրաս»… հէ՜ք Կոմիտաս…»[12] Քրիստինէ Կանաչեան, «Անմոռանալի Յուշեր»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), էջ 258::
Նոյնինքն, այստեղ հրատարակուող նամակը կը վերահաստատէ փարիզեան խմբային այցելութեան ճշմարտացիութիւնը, ընդգծելով որ անոր առթած «յուզում»ին կրկնութենէն խուսափելով Կոմիտասի հինգ սաները այնուհետեւ չեն այցելած իրենց ուսուցիչին[13]Սերժ Մոմճեան իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը նկարագրէ Արմենակ Շահմուրատեանի հանդիպումը … Continue reading:
Ստորեւ, սակայն, կը ներկայացնենք այլ վկայութիւն մը՝ Կոմիտասի կատարուած այցելութեան: Այս վկայութիւնը գրաւոր է եւ արձանագրուած թարմ տպաւորութեամբ՝ այցելութենէն չորս օր ետք, ի տարբերութիւն միւս երկու վկայութիւններուն, որոնց մեզի հասած տարբերակները տարիներ ետք վերածուած են գրաւոր խօսքի կամ բանաւոր յուշի:
Այս վկայութիւնը 27 Յուլիս 1926 թուակիր նամակ մըն է, յղուած Կոմիտասի հինգ սաներէն՝ Միհրան Թումաճանին: Զայն գտանք Երեւանի Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի Թումաճանի արխիւէն (գործ թիւ 4102): Նամակագիրը կը մնայ անծանօթ. հակառակ անոր որ ան նամակին Յետ Գրութեան հատուածին տակ դրած է «նոյն»՝ սակայն բուն ստորագրութիւնը աւելի վերեւ դրուած չէ, թերեւս նաեւ Կոմիտասի իր այցելութեան նամակային այս վերաշարադրանքին այցելուին առթած յուզումին ազդեցութեամբ: Հաւանաբար, ան Կոմիտասի հինգ աշակերտներուն շատ մտերիմ անձ մըն է, կամ թերեւս կոմիտասեան հնգեակին նուազագոյն ծանօթը՝ Հայկ Սեմերճեանը:
Բարիզ, 27 Յուլիս 926
Սիրելի
Միհրան,
Երէկ ստացայ նամակդ: Վաղն ալ մեր Նուպարը կը մեկնի դէպի Ամերիկա եւ իր հետ կը բերէ սոյն նամակս: Անակնկալ հանդիպում մը եղաւ նաեւ առջի օր Վարդանին[14]Նկատի ունի Վարդան Սարգսեանը (Պոլիս 1892-Մարսէյլ 1978): Կոմիտասի հինգ աշակերտներէն Սարգսեան այդ … Continue reading Բարիզ գալը: Այս իրիկուն Նուպարին վերջին ճաշը պիտի ըլլայ մեզ հետ, հանդերձ պիրայով, գինիով եւ շամբանյաով: Վարդանին խելքը գլուխը պիտի բերեմ քանի մը ժամէն, կենացդ պարպելով մի գաւաթ շամբանյա (ականջը խօսի Բարսեղին):
Տիկին Նահրիկը առողջացած է եւ իր նախկին վիճակը գտնելու վրայ, այնպէս որ Վարդանին սիրտը հանգստացած է ըստ բաւականին, իսկ ղրկած հինգ տոլարդ ստացած է: Եղիային միջոցաւ ղրկած տասը տոլարդ ալ արդէն ժամանակին յանձնած էի Տիոնին (՞):
Միհրան, այս իրիկուն մեզ մօտ պէտք է ըլլայիր որ կոնծաբանութեան քեֆը հանէինք. ինչ որ ինծի յոյս եւ համբերութիւն կը ներշնչէ երկու տարի վերջը բանտիդ դուռները խորտակել եւ ինքզինքդ այս կողմ նետելու խոստումդ է: Երկու տարի վերջ Նուպարը կրկին պիտի գայ, հիմակուընէ կրնանք որոշուած նկատել թէ միասին պիտի գաք:
Քեզի հետաքրքրող տեղեկութիւն մը որ ունիմ տալիք ան ալ չորս օր առաջ Կոմիտասին տուած այցելութիւնս է: Այս այցելութիւնը չպիտի փափաքէի ինքնաբերաբար տալ, հինգ ու կէս տարի առաջուան մեր ենթարկուած յուզումին կրկին չենթարկուելու համար, եթէ յանձնախումբը ինծի պաշտօն չյանձնէր Վրդ.ի ներկայ վիճակի մասին հիւանդանոցէն տեղեկութիւն քաղել: Որոշեցին որ ինծի ընկերանար նաեւ ժամանակին Մանասի[15]Նկատի ունի երաժիշտ եւ յօրինող Էտկար Մանասը (Պոլիս 1875-Պոլիս 1964): աշակերտ իսկ այժմ քօնսէռվաթուառ harmonie եւ Compositionի հետեւող Պարթեւեանը[16]Արա Պարթեւեան (Պոլիս, 1903-Փարիզ, 1896), ֆրանսահայ երաժիշտ, յօրինող:: Զահրէճեանը երբ տեղեկացաւ Կոմիտասի տալիք այցելութեանս փափաքեցաւ միասին գալ եւ երեք հոգի գացինք Villejuif-ի յիմարանոցը: Բժիշկին հետ երկար տեսնուեցանք Վրդ.ի վիճակի մասին զորս քեզ կը գրեմ ուրիշ առիթով: Յետոյ գացինք Կոմիտասը տեսնելու: Երբ դրան վրայ գտնուած պատուհաններէն գաղտագողի ներս նայեցանք միզամանին մէջ միզելով զբաղուած [էր] եւ կռնակը դարձուցած դրան: Միզելէ վերջ մօտեցաւ անկողնին եւ անկողնին վրայէն փոշի հեռացնելու պէս շարժումներ մը ըրաւ եւ յետոյ սկսաւ արագ արագ քալել սենեակին մէջ: Կրնաս երեւակայել թէ հոգեկան ինչ վիճակի ենթարկուեցայ [անընթ. բառ] այդ վայրկեանին երբ տեսայ որ խեղճ մարդը քիչ մը կքած է, մազերը եւ մօրուքը գրեթէ ճեփ ճերմակ եղած են եւ բաւական մը նիհարցած է: Կ՚ենթադրեմ որ նշմարեց թէ դուրսէն զինքը դիտողներ կան եւ սենեակին միւս դուռը, որ պարտէզ կ՚առաջնորդէ, բացաւ եւ ելաւ պարտէզ: Պարտէզին մէջ զինքը դիտելու համար պարտաւոր էինք ոեւէ յիմարի մը սենեակէն անցնիլ, որով յիմարապահը բացաւ Վրդ.ի սենեակին դուռը եւ մտանք ներս: Վրդ.ը կեցած էր անշարժ պարտէզի մէջտեղը աչքերը յառած կէտի մը վրայ: Զահրէճեանը ուզեց պարտէզ ելլել եւ երբ պարտէզը կը ճեղքէր դիմացի նստարանը առաջնորդուելով, Վրդ.ը զննող ակնարկով մը, որուն մէջ կ’երեւար անվստահութիւն եւ զայրոյթ, հետեւեցաւ անոր: Երբ Զահրէճեանը նստաւ նստարանին վրայ Վրդ.ը գնաց պարտէզին պատին առաջքը կեցաւ: Այդ տեղը սենեակէն անտեսանելի ըլլալուն, ես աւելի մօտեցայ պարտէզին դրան որպէսզի զինքն տեսնեմ եւ Կոմիտասին հետ դէմ դիմաց եղայ, որովհետեւ յանկարծ սենեակ մտաւ: Պաթեւեանը որ ետեւս կեցած էր կրցաւ անմիջապէս հեռանալ սենեակէն, բայց ինծի համար նահանջ անկարելի էր:
Պաղարիւնութիւնս պահելով քայլ մը աւելի մօտեցայ իրեն եւ «Բարեւ Վարդապետ» ըսի: Այս վայրկեանին կէս մը կռնակը դարձուցած էր ինծի եւ զբաղուած դուռը գոցելու: Առանց երեսս նայելու – «գնա, ինչու՞ եկար» ըսաւ, ցած ձայնով եւ խորհրդաւոր շեշտ մը դնելով իր խօսքերուն վրայ: -Վրդ. տասը տարի է որ քեզ չեմ տեսած, փափաքեցայ քեզ տեսնել որովհետեւ երկու օրէն Բարիզէն պիտի մեկնիմ, ըսի: -Այսօր իսկ մեկնէ, ըսաւ հրամայական շեշտով մը, եւ շարունակելով խօսքը «այն մարդը լաւ մարդ չէ, պաշտօնական մարդ է» ըսաւ: Հասկցայ թէ Զահրէճեանը կ՚ակնարկէր: -Վրդ., ան ալ ձեր աշակերտը եղած է, ձեր խումբին մէջը երգած է Պոլիս, ըսի: Այս խօսքիս վրայ գնաց անկողնին վրայ երկնցաւ մռլտալով – Բոզ է այն մարդը որ ձեր խօսքերուն կը հաւատայ: Մինչեւ հոս իր հանդարտութիւնը պահած էր երբ պարտէզին դուռը բացուեցաւ եւ յիմարապահ մը Զահրէճեանը Վրդ.ին սենեակէն անցնելով couloir առաջնորդեց: Վրդ.ը ուշադրութիւն չդարձուց Զահրէճեանին բայց խօսքը ինծի ուղղեց, խիստ թօնով մը եւ ըսաւ. -ել գնա, կ’ելլեմ հիմայ քեզ կը ծեծեմ: Վրդ. ես ինքզինքս ձեր սիրելի մէկ աշակերտը կը նկատէի եւ չէի սպասեր որ ինծի այսպիսի ընդունելութիւն մը ընէք պատասխանեցի: Քիթին տակէն բաներ մը մռլտալէ վերջ, ձայնը մէկէն բարձրացնելով, -ել գնա, եթէ ոչ քեզ կը ծեծեմ ըսաւ: Ասոր վրայ այլեւս հասկցայ թէ անկարելի պիտի ըլլար իրեն հետ խօսիլ, խենթին հետ ես ալ խենթ եղայ եւ Փանոս Թերլեմեզեանին[17]Թերլեմեզեանի հետ Կոմիտասի ծանօթութիւնը կը սկսի առնուազն 1910էն, երբ անոնք սենեկակիցներ … Continue reading Վրդ.ին ըսած մէկ խօսքը միտքս եկաւ: -Վրդ. չէի կարծեր որ ինծի այսպիսի կոպիտ վերաբերում ցոյց պիտի տայիք ըսի: Այս բառերը առանց մտածելու բերնէս փախան: Անմիջապէս անդրադարձայ թէ պէտք չէր զինքը նեղացնէի որովհետեւ մէկէն աւելի բորբոքեցաւ, բայց առանց պառկած տեղէն վեր ելլելու. – Սրիկայ կորսուէ, էտէպսիզ, տէֆ եղիր, պոռաց: Ասոր վրայ սենեակէն դուրս ելայ, թէեւ ան կը շարունակէր դեռ բաներ մը մռմռալ: Իմ դուրս ելլելէս վերջ Վրդ.ին ճաշը բերին: Երբ կերակուրները սեղանին վրայ դրին, անմիջապէս ցատկեց անկողնին վրայէն եւ երկու վայրկեանէն լրացուց իր ճաշը եւ անմիջապէս պարտէզ ելաւ: Ինձ այնպէս եկաւ որ եթէ Զահրէճեանի մասին պաշտօնական մարդու կասկածները չունենար ինձ հետ քիչ մը աւելի մեղմօրէն պիտի խօսակցէր: Սխալ ըրի առանձին չերթալով:
28 Յուլիս, առաւօտ
Երէկ իրիկուն Վարդանին լեզուն մեքենայի պէս կը գործէր: Չմոռցանք կենացդ ճնկել: Քանի մը ժամէն Նուպարը երկաթուղին կը դնենք: Իրեն հետ մէկ քանի ջնջին բաներ կը ղրկեմ, քիչը շատ նկատէ: Եթէ գրպանի պզտիկ թաշկինակէն գոհ մնացած ես կրնամ նամակի մէջ դնելով ուրիշ ալ ղրկել. բայց պէտք է պատրաստել տամ:
Կը յուսամ Վաղարշը[18]Նկատի ունի Վաղարշակ Սրուանձտեանցը (1891-1958)՝ Կոմիտասի հինգ սաներէն մին: մօտ օրէն Բարիզ կ’ըլլայ: Իր տուած երկու համերգներու մասին Աղեքսանդրիոյ թերթերը լաւ արտայայտուած էին:
Վարդանն ու ես կ՚ուղարկենք քեզ անհամար համբոյրներ:
Կարօտով
Հայկ
↑1 | Ան արդէն Փարիզ հասած էր Ապրիլ 1919-ին: |
---|---|
↑2 | Serge Momjian, Komitas: The Artist and the Martyr, Cambridge England, Janus Publishing Co., [տարին կը պակսի]էջ 143, 201. նաեւ՝ Rita Soulahian Kuyumjian, Archeology of Madness, Komitas: Portrait of an Armenian Icon, Gomidas Institute Books, USA, Taderon Press, 2001, էջ 137: |
↑3 | Վստահ չենք, որ ստորեւ հրատարակուող նամակագիրը, կամ անոր ընկերակցողները այլապէս հրատարակած են այս այցելութեան մասին իրեն/ց վերյուշը, կամ տպաւորութիւնը: |
↑4 | Պէտէլեան այդ օրերուն Բաբայեանի քով կը հետեւի օփերային մենակատարումներու, ձայնամարզութեան եւ թէորիի դասերու (Անդրանիկ Տագէսեան, Վահան Պէտէլեան Երաժիշտ-Մանկավարժը, Հրատ. Լիբանանի ՄԿՀ Սանուց Միութեան, Պէյրութ, Տպ. Սիփան, 2004, էջ 41): |
↑5 | Այս ոսկեմատեանին մասին կ՚անգիտանայ Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի երաժշտութեան բաժնի պատասխանատու Մարինա Մուշեղեան (անձնական նամակագրութիւն՝ 26 Սեպտ. 2017): |
↑6 | Տագէսեան, Վահան Պէտէլեան, էջ 41-42: |
↑7 | «Երեք Հարցազրոյց Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի Հետ»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը Երաժշտացումը, աշխ. Անդրանիկ Տագէսեան, Հրատ.՝ Հայկազեան Համալսարան, Պէյրութ, Տպ. Համազգային, 2017, էջ 530: |
↑8, ↑10 | Նոյն |
↑9 | Սեդա Կանաչեան, «Յուշեր Հօրս՝ Բարսեղ Կանաչեանի Մասին»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), էջ 236: Այս այցելութիւնները պէտք է տեղի ունեցած ըլլան Օգոստոս 1916-ի աւարտէն առաջ, երբ Կոմիտաս կը փոխադրուի Շիշլիի հոգեբուժարանը, որ կը կառավարուէր օսմանեան զինուորականութեան կողմէ )Momjian, էջ 185): |
↑11 | Այս այցելութիւնը պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ Նոյեմբեր 1920-Դեկտեմբեր 1921-ի միջեւ, որովհետեւ սաները Պոլիսը կը ձգեն 25 Նոյեմբեր 1920ին, իսկ Կանաչեան կը լքէ Փարիզը Դեկտեմբեր 1921-ին (Ա. Տագէսեան, «Կոմիտաս վարդապետի հինգ սաները»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), էջ 374: |
↑12 | Քրիստինէ Կանաչեան, «Անմոռանալի Յուշեր»՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), էջ 258: |
↑13 | Սերժ Մոմճեան իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը նկարագրէ Արմենակ Շահմուրատեանի հանդիպումը Կոմիտասի հետ՝ Վիլժուիֆի մէջ, 1933-ին: Խօսակցութեան ընթացքին իբր Կոմիտաս կը յայտնէ Շահմուրատեանին թէ իր աշակերտներուն (որոնցմէ մի քանիին անուններն ալ կու տայ ”կատարեալ յիշողութեամբ”) բոլորն ալ անհետացած են (նոյն, էջ 206): Այլ խօսքով, Կոմիտաս չի յիշեր այցելութիւնը այն աշակերտներուն, որոնց անունները կ’արտասանէ – ըստ Մոմճեանի – «կատարեալ յիշողութեամբ»: Հասկնալի է, ասիկա չի համապատասխաներ իրականութեան: |
↑14 | Նկատի ունի Վարդան Սարգսեանը (Պոլիս 1892-Մարսէյլ 1978): Կոմիտասի հինգ աշակերտներէն Սարգսեան այդ տարիներուն հաստատուած էր Փարիզ եւ կը ծաւալէր երաժշտական գործունէութիւն: |
↑15 | Նկատի ունի երաժիշտ եւ յօրինող Էտկար Մանասը (Պոլիս 1875-Պոլիս 1964): |
↑16 | Արա Պարթեւեան (Պոլիս, 1903-Փարիզ, 1896), ֆրանսահայ երաժիշտ, յօրինող: |
↑17 | Թերլեմեզեանի հետ Կոմիտասի ծանօթութիւնը կը սկսի առնուազն 1910էն, երբ անոնք սենեկակիցներ կը դառնան Պոլսոյ մէջ (Soulahian, էջ 72): Թերլեմեզեան իր անաւարտ յուշերուն մէջ չ’անդրադառնար Կոմիտասի կատարած իր փարիզեան այցելութեան (Փանոս Թերլեմեզեան, Կեանքիս Յուշերը, բնագիրը հրատ. պատրաստեց, առաջաբանը եւ ծանօթ.՝ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, Հրատ.՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Երեւան, 2017): Թերլեմեզեանի յուշերը չեն ընդգրկեր 1920ականները: Սակայն, այլուր Թերլեմեզեան կը խօսի 1921 Մարտին տեղի ունեցած այս այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան խօսած է Կոմիտասին՝ վերջինիս աշակերտներուն Փարիզ ուսանելու համար ժամանելնուն մասին: Պէտք է հետեւցնել նաեւ որ Թերլեմեզեան եւ Կոմիտասեան Սաները հաղորդակցութեան մէջ էին իրարու հետ: («Մի Այցելութիւն Հիւանդ Կոմիտասին», Ժամանակակիցները Կոմիտասի Մասին, կազմ.՝ Գասպար Գասպարեան, Երեւան, Հայպետհրատ, 1960, էջ 196-97): Գասպարեան Թերլեմեզեանի յուշը առած է 1930ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած Կոմիտաս ժողովածուէն, զոր չկրցանք ձեռք անցընել՝ յաւելեալ տուեալներու համար:յ |
↑18 | Նկատի ունի Վաղարշակ Սրուանձտեանցը (1891-1958)՝ Կոմիտասի հինգ սաներէն մին: |