Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)

ԱՊՏԻՒԼ ՀԱՄԻՏ ԵՒ ՇԷՐԼՕՔ ՀՈԼՄՍ. ՎԷՊԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ*

Երուանդ Օտեանի Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպն ու վերջինիս թարգմանութիւնները հայ վիպագրութեան պատմութեան մէջ թերեւս ներկայացնեն եզակի օրինակ մը՝ կայսրութեան սահմաններէն ներս յոգնալեզուութեան ու բազմամշակութայնութեան փորձընկալումէն, որուն կ’անդրադառնայ այս յօդուածը՝ հպելով նաեւ թերթօնային վէպերու նիւթին։
     Պոլսոյ «Էվերեսթ» հրատարակչատունը 2014-ին երբ կը հրատարակէր Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլոք Հոլմս վէպը, թրքերէնո՛վ, հաւանաբար չէր գիտակցեր, որ ընթերցողին կը մատուցէ օսմանեան աննման ու եզակի վէպ մը։ Հրատարակիչները կը նշէին, թէ աւելի քան 900 էջերէ բաղկացած վէպը բացայայտած են «Ոստիկանական վէպերու պատմական զարգացումը 1884-1928 թթ.» խորագրեալ ԹԻՒՊԻԹԱՔ-ի[1]Թուրքիոյ գիտական ու գեղարուեստական ուսումնասիրութեանց հաստատութիւն (կառավարական։ դրամաշնորհով ընթացող նախագիծի մը շնորհիւ՝ ընդգծելով, թէ օսմաներէն բնագիրը առաջին անգամ կը հրատարակուի լատինական տառադարձութեամբ։ Գրականագէտ Սեվալ Շահինի յառաջաբանը կ’ըսէ, թէ Երուանդ Օտեան վէպին մէջ կը մէկտեղէ վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ այժմէական դէչմքերէն մին դարձած Կարմիր Սուլթան մականուանեալ Ապտիւլհամիտը եւ Արթուր Քոնըն Տօյլի հետախոյզ հերոս Շէրլոք Հոլմսը. միաժամանակ վէպի երկայնքին կը հանդիպինք Ֆեհիմ փաշային, Էպիւլհիւտային, Նեճիպ Մելհամէին, Թալէաթ փաշային եւ քաղաքական այլ դերակատարներու, որոնցմով հեղինակը ընթերցողին առջեւ կը ստեղծէ սահմանադրութեան վերահռչակման նախօրէն՝ արկած-ոճիրի եւ վաւերագրական վէպի յատկանիշները գործածելով միեւնոյն կողքի տակ։ Հրատարակիչները երկիցս նշած են, թէ Օտեան վէպը գրած է օսմաներէնով։ Այս նոր հրատարակութեան էջերուն տպագրուած են նաեւ լուսանկարները այն անձերուն, որոնք կերպարաւորուած են վէպին մէջ[2]Սեվալ Շահին, Yervant Odyan, Abdülhamid ve Sherlock Holmes-ի յառաջաբանը, հրատ. պատրաստեցին՝ Սեվալ Շահին, Պանու Էօզթիւրք, Տիտեմ … Continue reading։
     Երուանդ Օտեանի վէպը գրաւած է նաեւ ուշադրութիւնը Էրօլ Իւյէփազարճըի, որ Թուրքիա հրատարակուած ոստիկանական վէպերու հեղինակաւոր մասնագէտ մըն է։ Խօսելով 1278 էջնոց առաջին հրատարակութեան մասին՝ ան Օտեանի վէպը կը նկատէ «ֆրենկներու ասոյթով ճիշդ phénomène մը» [3]Էրօլ Իւյէփազարճը, korkmayýnýz Mister Sherlock Holmes! Türkiye’de Polisiye Romanýn 125 Yýllýk Öyküsü (1881-20069 [Մի’ վախնաք, միսթըր Շէրլոք … Continue reading։ Ան կ’ընդգծէ, թէ Օտեան վէպը գրած է օսմաներէնով, սակայն իր լեզուն այդքան ալ փայլուն չէ։ «Ժամանակի մտաւորական ընթերցողներուն կողմէ ոչ հաճելի սխալներով լի»[4]Անդ, 277 բնագիրին մէջ, ըստ Իւյէփազարճըի, Օտեանի Համիտի դէմ թշնամանքը կը գերազանցէ իր նման ընդդիմադիրներուն կեցուածքը։ Ան կը հաստատէ, որ Օտեան քաջատեղեակ է ոստիկանական վէպի գաղտնիքներուն, միաժամանակ սակայն –մեր կարծիքով քիչ մը չափազանցելով- կը նշէ, որ ան Համիտի հասցէին չի խորշիր գործածելէ նոյնիսկ ամենանուաստացուցիչ արտայայտութիւնները[5]Անդ։ Մասնագէտը նոյնպէս համարձակօրէն կը շեշտէ, որ Օտեան վէպը գրած է օսմաներէնով եւ, նոյնիսկ, տարօրինակ կը նկատէ այս մէկուն շարունակութիւնը համարելի յաջորդ՝ «Սալիհա հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ» վէպը հայերէնով գրառելը[6]Անդ, 279։ «Հաւանաբար ոմանք զգուշացուցին զինքը թրքերէնի իր անբաւարարութեան մասին…»[7]Անդ։


     Օտեանի Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլոք Հոլմս վէպին մասին թրքական գրական մամուլին մէջ հրատարակուած այս ու այլ յօդուածներ, շեշտելով հանդերձ ստեղծագործութեան կարեւորութիւնը, կը նշէին, թէ ան հրատարակուած է առանձին հատորով եւ գրուած՝ օսմաներէն։
     Յօդուածին շրջանակէն դուրս կը մնայ խօսիլ վէպին բովանդակութեան կամ կառուցուածքային յատկութիւններուն մասին, արդէն զայն Է. Իւյէփազարճըի ալ վկայութեամբ phénomène-ի վերածողը ո՛չ թէ այս կողմերն են, այլ արդէն քայքայուող կայսրութեան մը՝ սահմանադրութեան վերահռչակումի վաղորդայնէն, այսինքն 1908-էն, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ 1915-ը ներառող կարճ ժամանակաշրջանի, -այսօրուան հայեացքով անհաւատալի,- բազմամշակութայնութիւնը իր մէջ խտացնող եւ գաղտնիքները դեռ մինչեւ այսօր թաքուցող պատմութիւնը։
     Օսմանեան հայութեան վիպագրութեան ամենաաշխոյժ արտայայտութիւններէն մէկը թերթօնային վէպերը եղած էին։ Նախասահմանադրական շրջանի բազմաթիւ վէպեր համիտեան բռնատիրութեան իբրեւ հետեւանք աւելի ընկերային նիւթեր կը շօշափէին, սակայն սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք գրականութիւնը վերածուեցաւ հարթակի մը, ուր ձեռք կ’առնուէին 1895-1908 թթ. գրաքննութեան պատճառով լռութեան մատնուած իրադարձութիւնները. Պանք Օթոմանի դէպքը, ընդդիմադիր գործիչներու դէմ կիրառուած ճնշումները, ինչպէս նաեւ Ապտիւլհամիտի անկումը, սահմանադրութեան վերահռչակման հոլովոյթը կը մատուցուէին «ժամանակակից պատմական վէպ» կամ նման ենթախորագիրներով եւ կը գրաւէին ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը։ Զոր օրինակ՝ Միսաք Գօչունեան-Քասիմի՝ 1896-ի Պանք Օթոմանի գրաւումը իրական ու վիպային պատումով մը ներկայացնող Կրակին մէջէնը[8]Տե’ս Միսաք Գոչունեան, Կրակին մէջէն, հրատ. պատրաստեց Սեւան Տէյիրմենճեան, (Երեւան. Տիգրան Մեծ տպարան, 2010)։, որ որպէս թերթօն Հոկտ. 1908-էն մինչեւ Մարտ 1909-ը հրատարակուած էր «Ժամանակ»ին մէջ, եւ Սմբատ Բիւրատի՝ 1911-ին պրակներով հրատարակած շուրջ 1600 էջնոց Իննսուն վեցԱրիւնին մէջէնը[9]Տե’ս Սմբատ Բիւրատ, Իննսուն Վեց-Արիւնի մէջէն (Պոլիս. 1911։
     Պոլսահայ մամուլի այդ շրջանի հնագոյն օրաթերթը ըլլալու մակդիրը կրող «Արեւելք»[10]Թերթը հիմնադրուած էր 1884-ին։ Միջոց մը միայն, 1896-1898-ին, դադրած էր հրատարակութենէ։ Տե’ս Մ.Ա. Բաբլոյեան, Հայ … Continue reading, հաւանաբար սահմանադրութեան վերահռչակումին մէկ արտայայտութիւնը որպէս մեկնելի կարգադրութեամբ մը, արհեստագիտական որոշ բարեփոխումներու կողքին, կը սկսի թարգմանաբար, այսինքն նա՛եւ թրքերէնով հրատարակել լաւագոյն յօդուածները։ Թերթը, որ այդ տարիներուն միասնաբար ղեկավարելու ձեռնարկած էին Երուանդ Օտեան ու Գրիգոր Զօհրապ[11]Անդ, այս առիթով գրուած խմբագրական առաջնորդողին մէջ յոյս կը յայտնէր, թէ որոշումը պիտի ողջունուի նաեւ թուրք ընթերցողներու կողմէ եւս[12]«Խմբագրական զեկուցում «Արեւելք»ի մասին», Արեւելք, 27 Մարտ/ 9 Ապրիլ 1911, թիւ 7580։։
     Նոյն առաջնորդող-խմբագրականը միաժամանակ կը տեղեկացնէր, որ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի ներկայացուի նաեւ խիստ հետաքրքրաշարժ թերթօն մը, որ ողջ ահաւորութեամբ պիտի նկարագրէր համիտեան բռնատիրութեան վերջին տարիները։ «Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս հաւասարապէս մեծ հաճոյքով պիտի կարդացուի ամէն կարգի ընթերցողներէ եւ որուն թուրքերէնն ալ միեւնոյն ատեն պիտի հրատարակենք ԱՐԵՒԵԼՔի մէջ որպէսզի մեր թուրք հայրենակիցներն ալ կարենան ճաշակել այս հետաքրքրաշարժ վէպը որ իբրեւ օսմանցիական կեանքէ քաղուած պատմութիւն, մեզի չափ ու գուցէ մենէ աւելի պիտի շահագրգռէ մեր Թուրք հայրենակիցները»[13]Անդ։»
     Հայ մամլոյ եւ գրականութեան պատմութեան մէջ խիստ հաւանաբար  աննախադէպ ու ցարդ անզուգական հրատարակչական այս նախագիծը[14]Գրականագէտ Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու զայն կը նկատէ «գրական նախագիծ» մը։ Տե՛ս Benzersiz Bir Roman։ Abdülhamid ve Sherlock Holmes, [Աննման … Continue reading իր նուաճած յաջողութիւնը անկասկած կը պարտի որքան «Արեւելք»ի խմբագրութեան, նոյնքան եւ հեղինակին՝ Երուանդ Օտեանին։ Նախքան թերթօնին հրապարակումը, թերթին մէջ հրատարակած «Նախաբանի տեղ» գրութեան մէջ Օտեան, իբր թէ խորհրդապահութեամբ, կը յայտնէ ընթերցողներուն վէպին նիւթը կազմող «այն տարօրինակ ու գրեթէ անհաւատալի իրողութիւնները», զորս «բռնակալութեան տապալումէն ու Օսմ. Սահմանադրութեան վերահաստատումէն քանի մը ամիս առաջ, Եգիպտոսի մէջ, թուրք բարեկամ մը, ստիպողական պարագաներու տակ» պատմած է իրեն։ Օտեան կը խոստովանի, որ դէպքերը, ինչքան որ ալ տարօրինակ ու անհաւատալի, «երեւակայութենէ աւելի իրականութեան կը պատկանին»։ Վիպագիրը, որ աւելի լրագրողի բնազդով կը շարժի, կը յայտնէ, թէ «Համիտական չարաշուք իշխանութեան վերջին հինգ տարիներուն այս խորհրդաւոր եւ շատ քիչերու ծանօթ դէպքերը, որոնք վճռական ազդեցութիւն մը ունեցած են գուցէ մեծ բռնաւորին ուղեղին վրայ եւ իր իշխանութեան վերջին օրերու տկարացումը եւ սարսափը յառաջ բերած են, ապահովաբար մաս կը կազմեն ժամանակակից Թուրքիոյ թաքուն պատմութեան մէկ ամենէն հետաքրքրական եւ յուզումնալից դրուագին»։ Օտեան կը խոստովանի, թէ իր թուրք բարեկամը պայմանով մը իրեն յանձնած է բոլոր այդ գաղտնիքները. եւ պայմանն է չհրատարակել որեւէ բան այնքան ժամանակ որ ի կեանս է «պատմութեանս ոգին ու առանցքը եղող այն հրաշալի կինը՝ Սալիհա հանըմ…»։ Այս պայմանը ջնջուած է այլեւս, քանի որ «Սալիհա հանըմ, փառապանծ ու մարտիրոսացեալ կեանքէ մը ետքը, վերջերս, Միտիլլիի մէջ, յաւիտենապէս քնացած է…»։ Հեղինակը «իրողութիւնները վէպի ձեւին տակ» կը ներկայացնէ «իբրեւ յետին յարգանք թուրք հերոսուհիին ու իր ընկերներուն, որոնք իրենց խորհրդաւոր ու հզօր կազմակերպութեան շնորհիւ կրցած են սարսափեցնել հին եւ նոր ժամանակներու ամենէն ճիւաղային բռնակալը եւ անոր անակնկալ ու գահավէժ անկումը պատրաստել»[15]Երուանդ Օտեան, Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս, Նախաբանի տեղ, «Արեւելք», 27 Մարտ/9 Ապրիլ 1911, թիւ 7580։։
     Վէպին խորագիրը անկասկած կը ստեղծէր ամուր հիմք մը, որ պիտի կարենար իր վրայ պահել Օտեանի յիշեալ նախաբանով հիւսել փորձած խորհրդաւոր ու ծածուկ մթնոլորտը։ Օտեան շատ լաւ գիտէր Համիտի՝ Շէրլօք Հոլմսի հանդէպ տածած հիացմունքը եւ այս մասին գրած է ալ վէպին մէջ[16]Անդ, էջ 98։ Ուրիշ հայ հեղինակ մը եւս՝ Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) իր յուշերուն մէջ կը վկայէ Համիտի՝ Շէրլօք Հոլմսի … Continue reading։ Թուրքիոյ ընթերցասէրներ Հոլմսէ առաջին պատմուածքը՝ «Պատկերազարդ մուրացկան» խորագիրով (Musavver Dilenci) եւ Ֆայիք Սապրի Տուրանի թարգմանութեամբ, թէեւ 1908-ի աւարտին ընթերցած էին, սակայն Ապտիւլհամիտ սկսեալ 1901-էն յատկապէս իր հաճոյքին համար թարգմանել կու տար Շէրլօք Հոլմսի արկածները [17]Էրոլ Իւյէփազարճը, “Abdülhamid ve Sherlock Holmes”, 221B 2 (Յունուար-Փետրուար 2017) 70-71։։ Ապտիւլհամիտ չէր բաւականացած միայն Շէրլօք Հոլմսի թունդ մէկ համակիրը ըլլալով, այլ հեղինակը՝ Տօյլը, 1907-ի Ռամազան ամսուան մէջ պարգեւատրած էր Մեճիտիյէի շքանշանով[18]Անդ։ Օտեան խորհրդաւորութեան վարագոյրի մը ետին պահելով, անդրադարձած է այս այցելութեան Քոնըն Տօյլի Պոլիս ժամանումը եւ մեկնումը անծանօթ մնացած է հասարակութեան եւ խնդրին մօտէն ծանօթ եղողները միայն գիտեն 1904-ի գարնան պատահած այս միջադէպը»[19]Երուանդ Օտեան, Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս (Երեւան. Հայպատհրատ, 1961), 99։), նոյնիսկ պատմելով, թէ հայ խաֆիէի մը պատրաստած ժուռնալ պատճառ եղած է, որ Քոնըն Տօյլ չընդունուի սուլթանի ներկայութեան[20]Անդ, 99-100։
     Երուանդ Օտեան յատկապէս այն թերթօն վէպերուն մէջ, որոնք կը պատկանին արկածային-ոստիկանական-քաղաքական տեսակին, կը ստեղծէ այնպիսի կենսոլորտ մը, «որը զառածում է գոյութեան, իրականութեան բնականոն ընթացքից, սովորական յարաբերութիւններից ու կեանքից»։ Բացառի՛կ են այս կենսոլորտի հերոսները, իրադարձութիւնները, շրջադարձները։ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմսի կերպարներն ու դէպքերը «զառածում, շեղում են կեանքի սովորական ընթացքից, սովորական կենսագրութիւնից»[21]Գրի­գոր Յա­կո­բե­ան, Թեր­թօն վէ­պի տե­սու­թիւ­նը – Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան (Ե­րե­ւան. Գրա­կա­նու­թե­ան եւ … Continue reading։ «Իսկ յետոյ» հարցումը դիպաշարը յառաջ մղող առանցքային հարցումն է։ Վէպին մէջ յետին մանրամասնութեամբ կը կարդանք Պոլսոյ թաղերը, Եըլտըզի պալատը, կառավարական գրասենեակները, որոնք կը նպաստեն «իսկ յետո՞յ» հարցադրումի ընդլայնումին, որպէսզի թերթօնի ընթերցողը լուսանկարչական յստակութեամբ մը դիտէ բացառիկ դէպքերն ու կերպարները, իրականութիւնը եզերող շրջանակը[22]Ա­նդ, 63-64։ Ինչպէս Էքօ ալ նշած է, ոստիկանական վէպերը «կռահումի պատմութիւն»ներ են[23]Անդ։ Գաղտնիքի կռահման անընդհատականութիւնը, յայտնին շատ յաճախ իբրեւ անյայտ ներկայացնելը, եւ այդ անյայտը կռահելու հնարաւորութիւն ընձեռելը կը նուաճէ ընթերցողներու հսկայ զանգուած մը[24]Ա­նդ, 65։
     Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպը հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի՝ հսկայ զանգուածներու հասնելու/հասանելի դարձուելու տեսակէտէ։ «Արեւելք»ի էջերուն հայերէն ու օսմաներէն համաժամանակեայ հրատարակումէն անմիջապէս ետք վէպը որպէս թերթօն կը հրատարակուի նաեւ ֆրանսերէն ու յունարէն լեզուներով։ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմսի կարճ միջոց մը անց հրատարակուած առաջին հատորի ծանուցումին մէջ խօսք կայ վէպին ունեցած աննախադէպ յաջողութեան եւ թրքերէնի, ֆրանսերէնի ու յունարէնի ալ թարգմանուած ըլլալուն մասին[25]Տե՛ս Ա­րե­ւելք, 3 / 16 Ապ­րիլ 1911։։ («Արեւելք»ի յայտարարութենէն զատ, Օտեանի՝ 1920-ականներու սկիզբը կատարած վկայութիւնն[26]Յ. Ճ. Սի­րու­նի, Գի­ծեր Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի կե­ան­քէն, «­Հայ­րե­նիք», 8 (56) (1927). 50։ ալ ենթադրել կու տայ, որ վէպը ունեցած է ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը, զոր չենք կրցած գտնել տակաւին)։ «Օտար ընթերցողներու, մանաւանդ մեր թուրք հայրենակիցներու քով այս վէպին գտած աննախադէպ ընդունելութիւնը արդէն գրաւական մըն է անոր ամենամեծ արժանիքին»[27]Անդ, կը կարդանք «Արեւելք»ի մէջ։
     Թերթօն վէպը, որուն հրատարակութիւնը սկսած էր 1 ապրիլ 1911-ին, նոյն տարուան Սեպտեմբերին, առանց սպասելու աւարտին, որպէս գիրք կը տպագրուի Ռ. Սագայեան տպարանէն։ 1912-ին կ’աւարտի վէպին տպագրութիւնը, երեք հատորով։
     Վէպին յունարէն հրատարակութիւնը կատարուած է մէկ հատորով, 1912-ին։ Ա. Ք. Կերարտու տպարանէն լոյս տեսած հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Թահիտրոմոս (բառացի՝ թղթատար) մատենաշարին։ Ինչպէս թրքերէնի, այնպէս ալ յունարէնի թարգմանիչը անյայտ է։ Ի տարբերութիւն հայերէն հրատարակութեան, բաւական խնամեալ կողք մը պատրաստուած է յունարէնի պարագային։ Ինչպէս յայտնի կը դառնայ «Արեւելք»ի ծանուցումէն, որ կատարուած է թերթօնի հրատարակման շրջանին, վէպը յունարէնով ալ որպէս թերթօն հրատարակուած էր արդէն։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ ստուգել, թէ ո՛ր թերթն էր հրատարակիչը։
     Վէպը թրքերէնով տպագրուած է 1912-ին, «Արեւելք»ի տպարանին մէջ։ Մինչ հայերէն եւ յունարէն հրատարակութիւնները կը հաշուեն շուրջ հինգ հարիւր էջ, թրքերէնը մօտ 900 էջ է։ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպին գաղտնիքներէն մէկն ալ ասիկա է, ըստ իս։ Թերթօնի հայերէն ու թրքերէն հրատարակութիւնները «Արեւելք»ի էջերուն կ’աւարտին Յունուար 1912-ին, գրեթէ նոյն օրերուն։ Երկուքն ալ ունին նոյն աւարտը. Սալիհա հանըմ կ’երդնու տապալել Եըլտըզի պալատը[28]Շնոր­հա­կալ եմ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի թր­քա­կան բա­նա­սի­րու­թե­ան ֆա­քիւլ­թէ­ի գի­տաշ­խա­տող … Continue reading։ Թրքերէն առանձին հրատարակութիւնը ունի 400 էջնոց յաւելեալ բաժին մը, որ կը պակսի հայերէն ու յունարէն հրատարակութեանց։ Օտեան, թէեւ քանի մը տարի անց տարագրեալի անսովոր պայմաններուն տակ,   ոստիկանական պաշտօնեայի մը պիտի յայտնէր, թէ թրքերէն կը խօսի ու կը հասկնայ միայն, սակայն չի գիտեր շատ խրթին բառերը[29]Տե՛ս Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան, Ա­նի­ծե­ալ տա­րի­ներ (Ե­րե­ւան, «­Նայի­րի», 2004) 340-341։։ Ուրեմն իր ստորագրութեամբ հրատարակուած թրքերէն հատորի յաւելեալ 400 էջնոց հատուածը Օտեանի թելադրութեամբ ուրիշներո՞ւ կողմէ գրուած է։ Հարցում մը, որ կը փնտռէ իր պատասխանը։
     Տարբեր տարիներուն տարբեր երկիրներու մէջ տպագրուած այս վէպի անծանօթ ու Օտեանի նուիրուած որեւէ յօդուածի մէջ չյիշատակուած թարգմանութիւններէն մէկն ալ կատարուած է Հալէպի մէջ, արաբերէնով։ 1920-ականներու սկիզբը Պուքրէշի մէջ Սիրունիի հետ իր գործերուն մասին զրուցող Օտեանն իսկ հաւանաբար տեղեակ չէր, թէ 1921-ին Հալէպի մէջ թարգմանաբար տպագրուած է Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմսը[30]Անդ։ Ի տարբերութիւն թրքերէնի ու յունարէնի, բարեբախտաբար կը ճանչնանք արաբերէնի թարգմանիչը՝ տոքթ. Մուհամմետ Սալահ Ալ Տին Քաուաքիպին (1901-1972), որ որդին էր օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան, ընդդիմադիր Իթիլաֆ կուսակցութեան հիմնադիրներէն, բանաստեղծ ու կրօնագէտ Մասուտ ալ Քաուաքիպիի (1865-1929)։ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմսի արաբերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը կատարուած է 1921-1933 թուականներուն, եօթը հատորով, Մուհամմետ Սուպհի ալ Պասմաճիի «Մարոնիտ» տպարանին մէջ՝ հեղինակի երկագրութեան միւս՝ Սալիհա հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ վէպին հետ։ Երկսիւնակ թարգմանութիւնը, 1288 էջ, կատարուած է թրքերէնէ[31]Միհ­րան Մի­նա­սե­ան, «Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի Ապ­տիւլ Հա­միտ եւ Շեր­լոք Հոլմս եւ Սա­լի­հա Հա­նըմ վէ­պե­րուն … Continue reading։
     Վէպի Երեւանի հրատարակութեան յառաջաբանին մէջ կայ ակնարկ մը, ըստ որուն,  ան հրատարակուած է նաեւ ալպաներէնով[32]Ա. Մա­կա­րե­ան, Ե. Օ­տե­ա­նի պատ­մա­կան վէ­պե­րը, յա­ռա­ջա­բան Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան, Ապ­տիւլ­հա­միտ եւ Շէր­լոք … Continue reading, զոր առայժմ միայն որպէս վարկած կ’ընդունինք, այսուհանդերձ հաստատելով, թէ ունինք վէպ մը, որ հրատարակուած է Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս խօսուող գրեթէ բոլոր լեզուներով՝ հայերէն, օսմաներէն, յունարէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ալպաներէն (թէական իսկ ըլլայ)։
     Հակառակ վէպին վայելած այսքան մեծ ու աննման ժողովրդականութեան, Օտեան զայն չէ նկատած շարքին իր յաջողած գործերուն, որոնց գլխաւորները, ըստ հեղինակին, Յեղափոխութեան մակաբոյծները[33]Պատ­մո­ւա­ծա­շա­րը ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւած է 1921-ին, Պո­լիս, մինչ այդ 1898-1899 թթ. … Continue reading եւ Ընկեր Փանջունի[34]Ըն­կեր Փան­ջու­նի որ­պէս թեր­թօն նախ հրա­տա­րա­կո­ւած է Բիւ­զան­դի­ո­նի մէջ, 1909-ին, 1911-ին ալ … Continue reading գործերն են։ «Վէպերս, րամփլիսաժ են յաճախ։ Անոնք գրուած են օրը օրին, շատ անգամ տեղ լեցնելու համար։ Անոնք գրուած են որպէսզի կարդացուին, ու թերթ քշել տան։ Անոնք, ներողութիւն, իմ փիճերս են»[35]Յ. Ճ. Սի­րու­նի, Գի­ծեր Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի կե­ան­քէն, «­Հայ­րե­նիք», 9 (57) (1927). 37։։ Ըստ Օտեանի, թերթօն վէպերուն լաւագոյնը Թաղականին կնիկըն է (ոչ գիրքով հրատարակուածը սակայն)[36]Ժա­մա­նա­կի մէջ 1914-1915-ին որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կո­ւած վէ­պը ա­ռան­ձին գիր­քով տպագ­րո­ւած է 1921-ի­ն։։
     Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպ մը չէ սոսկ, այլ, ինչպէս նշած է գրականագէտ Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու, «աննման նմուշ մը յատկապէս գրականութեան պատմաբաններուն համար՝ հասկնալու 1908-1914-ի գունաւոր բազմազանութիւնը»[37]Մեհ­մետ Ֆա­թիհ Ո­ւս­լու, Benzersiz Bir Roman: Abdülhamid ve Sherlock Holmes, [Անն­ման վէպ մը՝ Ապ­տիւլ Հա­միտ եւ Շէր­լոք Հոլմս] … Continue reading։ Աւելին, գրականագէտ Մուրատ Ճանքարայի խօսքերով, Օտեանի վէպը «ծայր աստիճան ուշագրաւ կերպով ցոյց կու տայ, թէ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր ինչպէս չէ փոխուած երկրի մը քաղաքական պատկերը, վախերը, յոյսերը եւ փոխանցուած են սերունդէ սերունդ, երբ թրքերէնն իսկ գրեթէ անճանաչ դարձած է քանի մը տասնամեակի ընթացքին»[38]Մու­րատ Ճան­քա­րա, Zalim bir müstebite dair zamanlamasý manidar bir romanýn arka planý, [­Տա­ժան բռ­նա­ւո­րի մը մա­սին խորհր­դա­ւոր … Continue reading։ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմսի թարգմանութեան փորձընկալումը ակնյայտի կը դարձնէ նաեւ տասնեակ տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ սողքն ու անկումը՝ քաղաքական ու հանրային բազմազանութենէ ու բազմամշակոյթ կենցաղէ դէպի միակերպ ու միապաղաղ գորշութիւն։

*Յօդուածը որպէս զեկոյց ներկայացուած է Սթրազպուրկի համալսարանի մէջ՝ Պոլսոյ վէպին նուիրուած գիտաժողովի մը ժամանակ, 12-13 Ապրիլ 2017-ին։

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 3

References
1 Թուրքիոյ գիտական ու գեղարուեստական ուսումնասիրութեանց հաստատութիւն (կառավարական։
2 Սեվալ Շահին, Yervant Odyan, Abdülhamid ve Sherlock Holmes-ի յառաջաբանը, հրատ. պատրաստեցին՝ Սեվալ Շահին, Պանու Էօզթիւրք, Տիտեմ Արտալը Պիւյիքարման, Այշէ Շահին, Է. Շուլէ Այվա (Պոլիս. «Էվերեսթ» հրատ., 2014), 7-10։
3 Էրօլ Իւյէփազարճը, korkmayýnýz Mister Sherlock Holmes! Türkiye’de Polisiye Romanýn 125 Yýllýk Öyküsü (1881-20069 [Մի’ վախնաք, միսթըր Շէրլոք Հոլմս։ Ոստիկանական վէպին 125-ամեայ պատմութիւնը Թուրքիոյ մէջ (1881–2006)](Պոլիս, Maceraparest Kitaplar, 2008), 133։
4 Անդ, 277
5, 7, 11, 13, 18, 23, 27, 30 Անդ
6 Անդ, 279
8 Տե’ս Միսաք Գոչունեան, Կրակին մէջէն, հրատ. պատրաստեց Սեւան Տէյիրմենճեան, (Երեւան. Տիգրան Մեծ տպարան, 2010)։
9 Տե’ս Սմբատ Բիւրատ, Իննսուն Վեց-Արիւնի մէջէն (Պոլիս. 1911։
10 Թերթը հիմնադրուած էր 1884-ին։ Միջոց մը միայն, 1896-1898-ին, դադրած էր հրատարակութենէ։ Տե’ս Մ.Ա. Բաբլոյեան, Հայ պարբերական մամուլը (Երեւան, ՍՀԳԱ հրատ., 1986), 42։
12 «Խմբագրական զեկուցում «Արեւելք»ի մասին», Արեւելք, 27 Մարտ/ 9 Ապրիլ 1911, թիւ 7580։
14 Գրականագէտ Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու զայն կը նկատէ «գրական նախագիծ» մը։ Տե՛ս Benzersiz Bir Roman։ Abdülhamid ve Sherlock Holmes, [Աննման վէպ մը՝ Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլոք Հոլմս] հասանելի՝ 10,04,2017։
15 Երուանդ Օտեան, Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս, Նախաբանի տեղ, «Արեւելք», 27 Մարտ/9 Ապրիլ 1911, թիւ 7580։
16 Անդ, էջ 98։ Ուրիշ հայ հեղինակ մը եւս՝ Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) իր յուշերուն մէջ կը վկայէ Համիտի՝ Շէրլօք Հոլմսի արկածներուն հանդէպ ունեցած թուլութեան մասին. «Իր կայսերական կարդացողը՝ «Մոնթէ-Քրիսթօ», «Ռոգամպոլ», «Շէրլոք Հոլմս» եւ նման ոճրագործային գողի-աւազակի պատմութիւններ կը կարդար միայն ա’յն թուրքերէն թարգմանութիւններէն, զորս պալատական թարգմանիչներ յատկապէս կը թարգմանէին գիշեր-ցերեկ» (Երուանդ Թօլայեան, 35 տարուան թատերա-խմբագրական յիշողութիւններ, հտ. Ա, էջ 145, Երեւան, ԳԱԹ հրատ., 2008։
17 Էրոլ Իւյէփազարճը, “Abdülhamid ve Sherlock Holmes”, 221B 2 (Յունուար-Փետրուար 2017) 70-71։
19 Երուանդ Օտեան, Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս (Երեւան. Հայպատհրատ, 1961), 99։
20 Անդ, 99-100
21 Գրի­գոր Յա­կո­բե­ան, Թեր­թօն վէ­պի տե­սու­թիւ­նը – Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան (Ե­րե­ւան. Գրա­կա­նու­թե­ան եւ ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նի հրատ., 2002), 62։
22 Ա­նդ, 63-64
24 Ա­նդ, 65
25 Տե՛ս Ա­րե­ւելք, 3 / 16 Ապ­րիլ 1911։
26 Յ. Ճ. Սի­րու­նի, Գի­ծեր Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի կե­ան­քէն, «­Հայ­րե­նիք», 8 (56) (1927). 50։
28 Շնոր­հա­կալ եմ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի թր­քա­կան բա­նա­սի­րու­թե­ան ֆա­քիւլ­թէ­ի գի­տաշ­խա­տող Հա­զալ Հա­լա­վու­թին, որ կար­դաց թեր­թօ­նի օս­մա­նե­րէն հա­տո­ւած­նե­րը ու տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց։
29 Տե՛ս Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան, Ա­նի­ծե­ալ տա­րի­ներ (Ե­րե­ւան, «­Նայի­րի», 2004) 340-341։
31 Միհ­րան Մի­նա­սե­ան, «Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի Ապ­տիւլ Հա­միտ եւ Շեր­լոք Հոլմս եւ Սա­լի­հա Հա­նըմ վէ­պե­րուն ա­րա­բե­րէն ան­ծա­նօթ թարգ­մա­նու­թիւ­նը» (1921-1933), Հայ­կա­զե­ան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէս, 24 (2004). 235-250։
32 Ա. Մա­կա­րե­ան, Ե. Օ­տե­ա­նի պատ­մա­կան վէ­պե­րը, յա­ռա­ջա­բան Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ան, Ապ­տիւլ­հա­միտ եւ Շէր­լոք Հոլմ­սի, հրատ. պատ­րաս­տեց՝ Ա. Մա­կա­րե­ան, (Ե­րե­ւան. Հայ­պետհ­րատ, 1961), XV։
33 Պատ­մո­ւա­ծա­շա­րը ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւած է 1921-ին, Պո­լիս, մինչ այդ 1898-1899 թթ. հրա­տա­րա­կո­ւած է­ին Լոն­տոն, Ա. Ար­փի­ա­րե­ա­նի «­Մարտ» թեր­թին մէջ։
34 Ըն­կեր Փան­ջու­նի որ­պէս թեր­թօն նախ հրա­տա­րա­կո­ւած է Բիւ­զան­դի­ո­նի մէջ, 1909-ին, 1911-ին ալ հրա­տա­րա­կո­ւած է ա­ռան­ձին հա­տո­րով։ Շար­քի ե­րկ­րորդ գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւած է 1914-ին, վեր­ջինն ալ 1923-ի­ն։
35 Յ. Ճ. Սի­րու­նի, Գի­ծեր Ե­րո­ւանդ Օ­տե­ա­նի կե­ան­քէն, «­Հայ­րե­նիք», 9 (57) (1927). 37։
36 Ժա­մա­նա­կի մէջ 1914-1915-ին որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կո­ւած վէ­պը ա­ռան­ձին գիր­քով տպագ­րո­ւած է 1921-ի­ն։
37 Մեհ­մետ Ֆա­թիհ Ո­ւս­լու, Benzersiz Bir Roman: Abdülhamid ve Sherlock Holmes, [Անն­ման վէպ մը՝ Ապ­տիւլ Հա­միտ եւ Շէր­լոք Հոլմս] հա­սա­նե­լի՝ 10.04.2017, http://mefuslu.blogspot.com.tr/2017/01/benzersiz-bir-roman-abdulhamid-ve.html
38 Մու­րատ Ճան­քա­րա, Zalim bir müstebite dair zamanlamasý manidar bir romanýn arka planý, [­Տա­ժան բռ­նա­ւո­րի մը մա­սին խորհր­դա­ւոր զու­գա­դի­պու­թե­ամբ հրա­տա­րա­կո­ւած վէ­պի մը խոր­քը], հա­սա­նե­լի՝ 10.04.2017, http://www.agos.com.tr/tr/yazi/6981/zalim-bir-mustebite-dair-zamanlamasi-manidar-bir-romanin-arka-plani