Միհրան Մինասեան

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ
(1921-1934 ԹԹ.)
Ա.

Յետագայ էջերով հրատարակութեան կու տանք հայ մեծանուն վիպասան, թարգմանիչ եւ հասարակական-մշակութային գործիչ Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները, յղուած՝ գրող, հրապարակագիր, պատմաբան եւ կրթական-մշակութային գործիչ Արամ Անտոնեանին։
     Ծանօթ է, որ տարիներ առաջ, Եսայեանի նամակները համապատասխան յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով Երեւանի մէջ հրատարակուեցան առանձին հատորով, ուր կային 1895-1935 թուականներուն միջեւ գրած անոր 175 նամակները, ընդ որում նաեւ Արամ Անտոնեանին յղուած 12 նամակներ։[1]Զապէլ Եսայեան, «Նամակներ», կազմեց եւ ծանօթագրեց՝ Արփիկ Աւետիսեան, Երեւան, 1977,420 էջ։
     Ըստ Եսայեանի նամականին կազմող բանասէր Արփիկ Աւետիսեանի՝ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի՝ ԳԱԹ-ի տնօրէնութեան խնդրանքով, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի այդ օրերու տնօրէն Արտաշէս Գարտաշեան թանգարանին ուղարկած է Զապէլ Եսայեանէն Անտոնեանին յղուած շուրջ 30 նամակներու լուսահանուած պատճէններ, որոնց մէկ մասը տպագրուած է Եսայեանի «Նամակներ»ուն մէջ, իսկ մնացեալներուն նկարահանումը անորակ ըլլալով, եւ «մի մասի տառերի գունաթափութեան պատճառով»», զանց առնուած են ու տեղ չեն գտած նամականիին մէջ, այնպէս որ Նուպարեանէն ղրկուած մօտ 30 նամակներէն 12 նամակ միայն տպուած է Աւետիսեանի կազմած հատորին մէջ։
     Շնորհիւ Նուպարեան մատենադարանի նախկին փոխ տնօրէն՝ պատմաբան Վահէ Թաշճեանի բարեացակամութեան, տարիներ առաջ ստացանք Նուպարեան մատենադարանին մէջ պահուող Եսայեանի ինքնագիր նամակներուն գրեթէ ամբողջական հաւաքածոյին թուայնացուած պատճէնները, որոնցմէ հոս հրատարակութեան կու տանք այն նամակները, որոնք տեղ չեն գտած Աւետիսեանի հատորին մէջ։
     Վերջերս, երբ կը ծանօթանայինք ԳԱԹ-ի մէջ պահուող Արամ Անտոնեանի անմշակ վտիտ արխիւին, ի միջի այլոց գտանք նաեւ Նուպարեանէն ղրկուած նամակներուն պատճէնահանուած օրինակները, եւ պարզուեցաւ որ անոնցմէ եօթնին պատճէնները կը պակսին մեր տրամադրութեան տակ դրուած հաւաքածոյէն, այնպէս որ անոնք եւս միացնելով արդէն իսկ մեր մօտ գտնուածներուն, ունեցանք Եսայեանէն՝ Անտոնեանին յղուած 22 անտիպ նամակներ, զորս հրատարակութեան կու տանք ստորեւ։

* **

     Հրատարակուող նամակները կը շօշափեն թէ՛ ազգային-ընդհանրական եւ թէ՛ անձնական ու ընտանեկան հարցեր եւ ցոյց կու տան Անտոնեան-Եսայեան մտերմութեան աստիճանը, Եսայեաններու դժուար առօրեան եւ անոնց հանդէպ Անտոնեանի գուրգուրոտ ու եղբայրական վերաբերմունքը, եւայլն։
     Նամակները հրատարակութեան կու տանք նոյնութեամբ, առանց որեւէ միջամտութեան։ Կատարած ենք միայն կէտադրական աննշան հպումներ. օրինակ՝ աւելցուցած ենք ապաթարցներ, զորս Եսայեան գործածելու սովորութիւն գրեթէ չունէր։
     Ի հարկին, մեր կողմէ նամակներուն կցած ենք ամփոփ ծանօթագրութիւններ։

***

30 Դեկտ. 1921

     9, Rue Dulac
               Paris (xve)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Պարոն Չօպանեանը[2]Նկատի ունի բանաստեղծ, խմբագիր, բանասէր, թարգմանիչ եւ ազգային-հասարակական ծանօթ գործիչ Արշակ Չօպանեանը (Կ. … Continue reading ինձ գրեր էր թէ ձեզ բան մը պիտի թողու ինձ յանձնելու համար որովհետեւ կը կարծէր թէ այսօր պատուիրակութեան պիտի գամ։[3]Ակնարկութիւնը կ՚երթայ Հայ ազգային պատուիրակութեան, որուն Փարիզի Պոքատոր փողոցի վրայ գտնուող գրասենեակին … Continue reading
     Դժբախտաբար, ինչպէս կը գուշակէի, grippeը շատցաւ եւ տունը մնալու ստիպուեցայ։ Իշխանը[4]Նկատի ունի Իշխան Պորիս Արղութեանը, որուն հետ Եսայեան ծանօթացած էր Թիֆլիսի մէջ։ Կինը եղած է ռուս։ Եսայեան … Continue reading ինքը եկաւ այսօր ինձ այցելութեան եւ խօսեցանք մանրամասնօրէն։[5]Այդ օրերուն Փարիզ գտնուող խումբ մը արեւելահայ ազգայիններ, գաղափար յղացած են դրամական ֆոնտ մը հիմնել՝ … Continue reading Շատ գոհ կ՚ըլլայի եթէ միջոց մը գտնայիք անձամբ ինձ գալու բայց եթէ չկրնաք կերպով մը ինձ հասցուցէք, կը խնդրեմ, ձեր մօտ եղածը։ Մարդիկ գիշակեր գազաններ դարձեր են ինձ համար այս միջոցին, բայց այս այսպէս չի տեւեր անշուշտ եւ… առնելիքնին չեմ մոռնար։ Յամենայն դէպս աւելի հաճոյքով չեմ մոռնար այն մէկ քանին (շատ քիչ թիւով) որոնք բարեկամութեամբ վարուեցան ինձ հետ։ Դժբախտաբար այդ բարեկամութեան փոխարէն միայն կրնամ ղրկել ձեզ իմ
լաւագոյն զգացումներս։

Զապէլ Եսայեան

* * *

2-

[Բացիկ]

16 Ապրիլ 1922

     Սիրելի պարոն Անտոնեան
     Զատիկը Օսթանտ անցուցի շնորհիւ հարազատ բարեկամի մը հիւրասիրութեան։[6]Եսայեան Պելճիքա մեկնած է ճարտարապետ Մաքսուտ Միհրդատեանցի հրաւէրով ու մնացած է Միհրդատեաններու բնակարանը։ Սքանչելի օր մը անցուցի, քօնֆէրանսս Անվէրս շատ յաջող անցաւ ամէն տեսակէտով եւ շատ ջերմ համակրութեամբ շրջապատուած եմ[7]Եսայեան Անվերսի ու Պրիւքսէլի մէջ դասախօսած է «Հայ ժամանակակից գրականութիւնը եւ անոր անկման պատճառները» … Continue reading Յոյս ունիմ եւ այդպէս կ’ըլլայ Պրիւքսէլ։

Ցտեսութիւն
Զապէլ

* * *

3-

29 նոյ. 1922

     15, Rue Général Capiaumont
           Anvers

     Յարգելի պարոն Անտոնեան,
     Ինչպէս կը տեսնէք, դարձեալ Պելճիքա եմ, ձեզմէ կը խնդրեմ մէկ քանի ծառայութիւններ որ կը կարծեմ թէ չէ՛ք զլանար ընելու։ Ահաւասիկ.- 1- Լեւոն Բաշալեանի[8]Լեւոն Բաշալեան (Կ. Պոլիս 1868-Վիշի 1943)։ Պատմուածագիր, թարգմանիչ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ։ 1883-ին աւարտած է … Continue reading հասցէն Լօզանի մէջ։ 2- Օրինակ մը այն տեղեկագրէն որ տուած եմ իսլամներու մօտ գտնուած հայ կիներու եւ երեխաներու համար։[9]Ակնարկութիւնը կ՚երթայ ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած իր 11 էջանոց ընդարձակ տեղեկագրին որ ունի հետեւեալ … Continue reading 3- Կարելի է՞, գտնալ Խանզատեանի[10]Նկատի ունի քարտիսագիր Զատիկ Խանզատեանը (Մանիսա-Զմիւռնիա 1886-Փարիզ 1980):Նախակրթութիւնը ստացած է Զմիւռնիոյ … Continue reading ատլասը (ալպօմը) եւ ինձ ղրկել մէկ օրինակ (ուր կայ deportationներու քարտէսը)։[11]Նկատի ունի Զատիկ Խանզատեանի պատրաստած Հայաստանի մեծադիր ատլասը՝ “Rapport sur l’unite geographique de l’Armenie. Atlas … Continue reading
     Կը խնդրեմ որ անմիջապէս ինձ պատասխանէք։
     Ղրկեցէք նաեւ document մը ուր նշանակուած ըլլայ թէ որքան հայեր կային հայկական վիլայէթներուն[12]Արաբերէն արմատով թրքերէն՝ նահանգ, կուսակալութիւն։ մէջ պատերազմէն առաջ։
     Ներեցէք այս հապճեպ նամակիս։ Բաշալեանին հասցէն անմիջապէս եթէ կարելի է։
     Ինչպէ՞ս էք, ի՞նչ կ՚րնէք կոր։ Ես լաւ եմ եւ կը յուսամ շուտ վերադառնալ։
      Չոպանեանը պիտի գայ Պելճիքա շաբաթ։

Ձերդ սիրալիր բարեւներով
Զապէլ Եսայեան

***

4-

28 Սեպտ. 1926

8, Rue Lamartine
            Viroflay (s. et օ.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Գլուխս կորսնցուցեր եմ գործերուս շատութենէն. դիւրին չէ այսքան մեծ ճամբորդութեան մը պատրաստուիլ։ Այդ էր պատճառը որ մինչեւ հիմա չի կրցի ձեզ գրել։
     Եթէ արգելք մը չունիք, եկէք ինձ հանդիպելու յառաջիկայ շաբաթ օրը (2 հոկտ.) ժամը 4ին Café Soufflet (Rue des Écoles անկիւնը)։ ժամը 5ին ուրիշներու հետ ժամադրութիւն կ՚ունենամ, այնպէս որ 4-5 կրնանք առանձինն խօսակցիլ։
     Ցտեսութիւն ուրեմն, եւ Ձերդ սիրալիր զգացումներով

Զապէլ Եսայեան

***

5-

14 Ապրիլ 1927

     Սիրելի Պ. Անտոնեան,
     Մեծ հաճոյքով կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ, վաղը քաղաք պիտի ըլլամ, բայց չեմ գիտեր թէ այս երկտողս ժամանակին կը հասնի՞ ձեզ։ Եթէ այո՛, ինձ կը գտնէք ժամը 3ին Café La Source (վաղը, ուրբաթ)։ Եթէ ձեզ չի գտնեմ, կ’ենթադրեմ որ նամակս դեռ չէք ստացած եւ այդ պարագային ուրեմն կրկին նոյն տեղը, յառաջիկայ երեքշաբթի, ժամը 3ին։
     Շաբաթ, կիրակի, եւ երկուշաբթի տունը պիտի ըլլամ, բայց քոյրերս պիտի ըլլան ինձ հետ (իրենց պարագաներով), եթէ այդ բազմութիւնը ձեզ չի վախցներ, հրամմեցէք, կը խնդրեմ։ Ամէն պարագային ուրբաթ կամ երեքշաբթի La Source, ես ինքս կը հանդիպիմ։
Ձերդ

Զ. Եսայեան

***

6-

24 Հոկտ. 1928

     8, Rue Lamartine
                Viroflay (s. et o.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Պարտաւոր կը համարեմ ձեզ իմացնելու որ Սօֆին[13]Եսայեանի դուստրը։ Ծնած է Փարիզ, 1901-ին։ Մօրը հետ հայրենադարձած է 1933-ին ու նշանակուած՝ Երեւանի Հանրային … Continue reading ընդունուեցաւ Ամերիկեան հաստատութեան մէջ։ Մուտքի քննութեան ատեն առաջին նշանակուած էր։ Բայց այդ քննութեան արդիւնքը բաւական չէր, պէտք էր ոեւէ գրադարանի կողմէ ներկայացուած ըլլար։ Նոյն իսկ առանց այդ հանգամանքին չէր կրնար մասնակցիլ մուտքի քննութեան։ Այնպէս որ այդ խնդրի յաջողութեան մէջ մեծ բան կը պարտինք ձեր սիրելութեան որուն համար իմ եւ Սօֆիին կողմէ սրտագին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ։[14]Անտոնեան եղած է գիրքի առաջնակարգ մասնագէտ, եւ պատահական չէ, որ երբ Փարիզի մէջ հիմը դրուած է ՀԲԸ Միութեան … Continue reading
     Այս օրերս օր մը կ՚անցնիմ ձեզ մօտ եւ կը պայմանաւորուինք երկրորդ այցելութեան մը համար ի Վիրըֆլէյ։

Ձերդ լաւագոյն զգացումներով
Զապէլ Եսայեան

* * *

7-

14 Փետր. 1929

     8, Rue Lamartine
                Viroflay (s. et o.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ձեզ չեմ տեսած հակառակ փափաքիս։ Այս անտանելի ցուրտը ինձ կը հարկադրէ բանտարկուած մնալ Վիրօֆլէի տանս մէկ սենեակին մէջ ուր մեծ ջանքերով կը յաջողիմ տանելի ջերմութեան աստիճան մը պահպանել։ Եւ ինչպէս ամէն բանտարկեալ նամակագրութեամբ կը ջանամ հաղորդակցութիւն պահել արտաքին աշխարհին հետ։
     Ինչպէ՞ս էք, ի՞նչ կ՚ընէք։ Օր մը պիտի գայինք Սօֆիին հետ, չեղաւ ու չեղաւ, իսկ Սօֆին առանձին գալ չի համարձակիր եղեր։ Շատ լաւ ճամբու մէջ է եւ հսկայաքայլ ու ճեպընթաց արագութեամբ, ամերիկեան ընթացքով կը քալեն, կէս օրերէ ետքը գործնական աշխատութիւններ կ՚ընեն, իսկ Սօֆին իր stageը կ՚ընէ Bibliotheque Nasionaleի[15]Ֆրանսայի նշանաւոր Ազգային գրադարանը, Փարիզ։ մէջ եւ ինչպէս կ՚երեւայ մեծապէս կը գնահատեն զինքը։ Իր շէֆր շատ սիրալիր է իրեն հետ եւ շատ քաջալերական։
     Սիրելի Արամ, մէկ քանի հարցումներ պիտի ուղղեմ քեզի որոնք կը յուսամ թէ ի վիճակի ես պատասխանել.
     Նախ՝ ինչպէ՞ս է Լ. Բաշալեանը. շատոնց է լուր չունիմ, վերջերս նամակ մը գրեցի որուն փոխարէն լուր չստացայ, ճիշդ է որ նամակս անպատճառ պատասխան չէր պահանջեր բայց այսու ամենայնիւ մտահոգ մնացի, կը յուսամ որ հիւանդ չէ։ Երկրորդ՝ ո՞ր օրը յարմար է քեզ համար մեր «հանդիսաւոր» այցելութեան համար բացի երկուշաբթիէն եւ ուրբաթէն։
     Կրնա՞ս ինձ ուղարկել Սաֆրաստեանի[16]Նկատի ունի գրող, պատմաբան, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Արշակ Սաֆրաստեանը (Վան 1886-Լոնտոն 1958)։ Եղած է Բաղէշի … Continue reading Լոնտոնի հասցէն եւ Տամատեանի[17]Նկատի ունի ազգային-հասարակական գործիչ Միհրան Տամատեանը (Կ. Պոլիս 1863-Գահիրէ 1945)։ Անդամակցած է Հնչակեան … Continue reading փեսային Իբէկեանի հասցէն Աղեքսանդրիա։
     Սպասելով լաւ լուրերուդ կը խնդրեմ որ ընդունիս լաւագոյն զգացումներս եւ ջերմ բարեւներս

քոյդ
Զապէլ Եսայեան

* * *

 

8-

13 Մարտ 1929

     8, Rue Lamartine
               Viroflay (s. et o.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Սօֆին այսօր ձեր լուրերէն բերաւ ինձ եւ միեւնոյն ատեն յայտնեց թէ պիտի կրնայիք այս կիրակի գալ Վիրօֆլէ եթէ ես գբաղած չըլլայի։ Արդարեւ ժողով մը ունէի բայց շատ դիւրութեամբ կը բացակայիմ անկէ (արդէն այդպէս դիտաւորութիւն մը ունէի) եւ շատ ու շատ գոհ կ՚ըլլամ եթէ մեզ հաճոյքը պատճառես գալ մեզ հետ անցնելու կիրակիդ։ Ամբողջ տունը խանդավառուած է այդ հեռանկարով։ Ուրեմն կը հաշուեմ քու վրադ։ Աւելորդ է ըսել որ քեզ կսպասենք ճաշի բայց որպէսզի կիրակի առաւօտդ խարապ չըլլայ[18]Չաւրուի, չփճանայ։ կը ճաշենք ժամ 1ին։
     Վերջապէս եթէ քիչ մը ուշանաս հոգ չէ, քէֆիդ ճամբայ ել (1-11/2 ճաշ)։
     Ցտեսութիւն ուրեմն եւ շատ սիրալիր բարեւներ։

Ձերդ
Զապէլ Եսայեան

* * *

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 3

Կարդալ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ Բ. այստեղ

References
1 Զապէլ Եսայեան, «Նամակներ», կազմեց եւ ծանօթագրեց՝ Արփիկ Աւետիսեան, Երեւան, 1977,420 էջ։
2 Նկատի ունի բանաստեղծ, խմբագիր, բանասէր, թարգմանիչ եւ ազգային-հասարակական ծանօթ գործիչ Արշակ Չօպանեանը (Կ. Պոլիս 1872-Փարիզ 1954)։ Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Անդամակցած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան։ Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու, գրական վերլուծումներու, արձակ գործերու տասնեակ հատորներ։ Թարգմանութիւններով, հրատարակութիւններով ու դասախօսութիւններով օտարներուն մեծապէս ծանօթացուցած է Հայ դատն ու Հայ մշակոյթը։ Հաստատուելով Փարիզ, երկար տարիներ խմբագրած է «Անահիտ» հանդէսը (1898-1949, ընդհատումներով)։
3 Ակնարկութիւնը կ՚երթայ Հայ ազգային պատուիրակութեան, որուն Փարիզի Պոքատոր փողոցի վրայ գտնուող գրասենեակին դիւանապետի պաշտօնը վարած է Անտոնեան 1919-1923 թուականներուն, մինչեւ Լօզանի խորհրդաժողով, որմէ ետք Պատուիրակութիւնը դիմած էր ինքնալուծարման։
4 Նկատի ունի Իշխան Պորիս Արղութեանը, որուն հետ Եսայեան ծանօթացած էր Թիֆլիսի մէջ։ Կինը եղած է ռուս։ Եսայեան առիթով մը անոր կնոջ մասին ըսած է, թէ ան կրթուած անձնաւորութիւն մըն է, եւ որ հայերէն սորված է «իբր թէ իմ գրքերը կարդալու համար» (Եսայեան, «Նամակներ», էջ 207)։
5 Այդ օրերուն Փարիզ գտնուող խումբ մը արեւելահայ ազգայիններ, գաղափար յղացած են դրամական ֆոնտ մը հիմնել՝ սփիւռքահայ տաղանդաւոր գրողներուն նիւթապէս օժանդակելու նպատակով։ Առ այդ, որոշած են երեք տարիով հոգալ անոնց նիւթական պէտքերը, պայմանաւ որ անոնք զբաղին միայն գրականութեամբ։ Այդ խումբի գործօն անդամներէն մէկը եղած է Իշխան Պորիս Արղութեանը (այս մասին տես 10 Դեկտեմբեր 1921 թուակիր Եսայեանի նամակը իր դստեր Սօֆիին, «Նամակներ», էջ 206-207)։ Ծրագիրը իրականութիւն չէ դարձած։
6 Եսայեան Պելճիքա մեկնած է ճարտարապետ Մաքսուտ Միհրդատեանցի հրաւէրով ու մնացած է Միհրդատեաններու բնակարանը։
7 Եսայեան Անվերսի ու Պրիւքսէլի մէջ դասախօսած է «Հայ ժամանակակից գրականութիւնը եւ անոր անկման պատճառները» թեմայով։
8 Լեւոն Բաշալեան (Կ. Պոլիս 1868-Վիշի 1943)։ Պատմուածագիր, թարգմանիչ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ։ 1883-ին աւարտած է ծննդավայրի Պէրպէրեան վարժարանը։ Կ. Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է քանի մը թերթերու խմբագրութիւններու, որոնց էջերուն հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ գեղարուեստական գործեր։ Համիտեան կոտորածներու շրջանին անցած է Լոնտոն, ապա Պաքու, ուրկէ հեռացած է 1920-ին եւ վերջնականապէս հաստատուած՝ Փարիզ ու մաս կազմած Ազգային պատուիրակութեան, որուն կազմին հետ ալ 1922-ի վերջերուն մեկնած է Լոզան՝ հոն գումարուող խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով։
1928-1932 Բաշալեան Փարիզի մէջ խմբագրած է «Լը Ֆուայէ-Le Foyer» հայերէն եւ ֆրանսերէն երկշաբաթաթերթը։
9 Ակնարկութիւնը կ՚երթայ ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած իր 11 էջանոց ընդարձակ տեղեկագրին որ ունի հետեւեալ վերնագիրը. “La liberation des femmes et enfants non-musulmans en Turqie (բնագիրը կը պահուի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը)։
10 Նկատի ունի քարտիսագիր Զատիկ Խանզատեանը (Մանիսա-Զմիւռնիա 1886-Փարիզ 1980):Նախակրթութիւնը ստացած է Զմիւռնիոյ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ 1903-ին մեկնած է Ֆրանսա, ուր վկայուած է որպէս ջրադիտութեան ճարտարագէտ, որմէ ետք նուիրուած է քարտիսագրութեան, որուն մէջ մասնագիտանալով տարիներու ընթացքին պատրաստած եւ առանձին հատորներով հրատարակած է Պատմական Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ալճերիոյ եւ Պաղեստինի ատլասները։ Իր պատրաստած քարտէսները կազմած են հիմքը Սեւրի դաշնագրի քարտիսագրական բաժնին։ Ազգերու Լիկայի ստեղծումէն ետք, նշանակուած է անոր աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտը։ 1967-ին ընտրուած է Հայաստանի գիտութիւններու կաճառի (ակադեմիա) արտասահմանեան թղթակից անդամ։
11 Նկատի ունի Զատիկ Խանզատեանի պատրաստած Հայաստանի մեծադիր ատլասը՝ “Rapport sur l’unite geographique de l’Armenie. Atlas historique”, par Z. Khanzadian։ Տպուած է Փարիզ, 1920-ին, 40 էջ եւ 18 տախտակ։ Deportation-ներու՝ Մեծ Եղեռնի աքսորի ու կոտորածներու քարտէսը կը գտնուի հատորի վերջին էջը։
12 Արաբերէն արմատով թրքերէն՝ նահանգ, կուսակալութիւն։
13 Եսայեանի դուստրը։ Ծնած է Փարիզ, 1901-ին։ Մօրը հետ հայրենադարձած է 1933-ին ու նշանակուած՝ Երեւանի Հանրային գրադարանի (այժմ՝ Հայաստանի Ազգային գրադարան) եւրոպական բաժնի վարիչ։ Մահացած է Երեւան։
ԳԱԹ-ի մէջ գտնուող Զապէլ Եսայեանի ֆոնտին մէջ կը պահուի Սօֆիի «Մօրս Զապէլ Եսայեանի վերջին տարիները, 1937-1942 ? թ.թ.» խորագրով յուզիչ յուշագրութիւնը։
14 Անտոնեան եղած է գիրքի առաջնակարգ մասնագէտ, եւ պատահական չէ, որ երբ Փարիզի մէջ հիմը դրուած է ՀԲԸ Միութեան Մատենադարանին (ապա՝ Նուպարեան մատենադարան), անոր տնօրէնութիւնը յանձնուած է իրեն, զոր վարած է մինչեւ իր մահը։ Ան ինքնակենսագրութեան մէջ առիթով մը գրած է հետեւեալը. «… Մէկ հպարտութիւն միայն ունիմ, եւ այն ալ սա է թէ Պոլսոյ լաւագոյն գիրքի գնահատիչն եմ։ Քիչ անգամ մեծ մատենադարան մը կը ծախուի այստեղ, առանց իմ գնահատութեանս դիմուելու…» (Արամ Անտոնեան, [«Ինքնակենսագրութիւն»], տես՝ Թէոդիկ, «Ամէնուն Տարեցոյցը», 6-րդ տարի, Կ. Պոլիս, 1912, էջ 367)։ Ըստ երեւոյթին, Եսայեանի դուստրը՝ Սօֆին, որ կը մասնագիտանար գրադարանավարութեան մարզին մէջ, դիմած է Անտոնեանին եւ օգտուած է անոր փորձառութենէն։
15 Ֆրանսայի նշանաւոր Ազգային գրադարանը, Փարիզ։
16 Նկատի ունի գրող, պատմաբան, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Արշակ Սաֆրաստեանը (Վան 1886-Լոնտոն 1958)։ Եղած է Բաղէշի անգլիական փոխ հիւպատոս։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Լոնտոնի մէջ։ Շրջան մը մաս կազմած է հայկական Կամաւորական գունդերուն, եղած է նաեւ Ազգային պատուիրակութեան րնդհանուր քարտուղար։ Ունի առանձին հատորով հրատարակուած անգլերէն ուսումնասիրութիւններ, նուիրուած՝ հայ ժողովուրդի հնագոյն պատմութեան, որ եղած է իր գլխաւոր մասնագիտութիւնը։ Անգլերէն յօդուածներով, ուսումասիրութիւններով ու խմբագրած անգլերէն հանդէսներով օտարներուն մեծապէս ծանօթացուցած է Հայ դատն ու հայ մշակոյթը։
17 Նկատի ունի ազգային-հասարակական գործիչ Միհրան Տամատեանը (Կ. Պոլիս 1863-Գահիրէ 1945)։ Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան եւ 1890-ին մասնակցած է Գում Գաբուի ցոյցին։ 1897-ին հեռացած է կուսակցութենէն եւ աւելի ետք՝ մասնակցած Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադրման աշխատանքներուն։ Զինադադարի տարիներուն Կիլիկիոյ մէջ եղած է Ազգային Պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ։ Ունի գրական գործեր։ Առանձին հատորով լոյս տեսած են իր յուշերը՝ «Իմ Յուշերէս» խորագրով (Պէյրութ, 1985, խմբագիր՝ Վաչէ Ղազարեան)։
18 Չաւրուի, չփճանայ։