10 ՀԱՐՑՈՒՄ
ՔՐԻՍ ՊՈՀՃԱԼԵԱՆԻՆ

ԳԻՐՔԵՐՍ ԵՐԿԻՒՂՈՎ ՈՒ ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՄԲ ՈՂՈՂՈՒԱԾ ԵՆ

Կեանքիդ ո՞ր հանգրուանին անդրադարձար վերջնականապէս որ գրող կ՚ուզես ըլլալ։

Փոքր տարիքէս գիտէի որ գրող կ՚ուզեմ ըլլալ։ Միաժամանակ, մեծ փափաք ունէի պէյսպոլի (Major League) գնդակ արձակող ալ ըլլալ։ Թոմ Սիվըրը կուռքս էր։ Սակայն, կանուխէն բաւական յստակ էր ինծի, որ այդ մէկը պիտի չիրականանար։ Ամէն պարագայի, ութ տարեկանէս երկու‐երեք էջնոց կարճ պատմուածքներ կը գրէի, ուր կ՚երեւէին մաղթանքներ իրականացնող կախարդական հորերէ դուրս ցցուող ձեռքեր կամ դպրոցական պահակախումբի շրջագայութեան ընթացքին ծայր առնող քոյր‐եղբօր միջեւ մրցակցութեան ու հակամարտութեան դրուագներ, եւ այլն։ Կը սիրէի Ալֆրէտ Հիչքոքի անունով հրատարակուող պարբերական պատմուածքներու հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ Էտկար Ալլան Փոյի պատմուածքները։ Երեխայ եղած ատենէս գրածներս արդէն ահի ու երկիւղի մասին էին։ Շնորհիւ ծնողքիս, պահած եմ տակաւին անոնցմէ մէկ քանին։ Ամենէն հինը սա տողով կ՚աւարտի.
«Արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ ու անգղները անցան կերուխումի»։

Կը ծրագրե՞ս եւ կ՚աշխատիս։ Նախքան շարադրելու անցնիլդ, պատմութիւնը կամ դիպաշարը սկիզբէն կը պատրաստե՞ս, թէ՞ կը նետուիս գրելու յորձանքին մէջ ու կը ձգես որ անակնկալներ յայտնուին։

Ընդհանրապէս մտքիս մէջ յստակ գաղափար մը չեմ ունենար, թէ գիրքերս ինչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան։ Կերպարներուս կը վստահիմ, որպէսզի ձեռքէս բռնեն ու զիս առաջնորդեն պատմուածքի մութ բաւիղներէն։ Ո՛չ մէկ անգամ վէպերուս յստակ նախագիծը պատրաստած եմ եւ անընդհատ անակնկալներու առջեւ գտնուելու հաճոյքը աշխատանքս հաճելի կը դարձնէ։
Ի՜նչ սիրուն պատկեր է, իսկապէս հոյակապ։ Ո՛չ… սակայն կը խորհիմ պէտք է ունենալ։

Լորտ Պայրըն ըսած է, թէ կ՚ատէ այն գրողները, որոնք միայն գրող են։ Գիտեմ որ դուն այլ հետաքրքրութիւններ ունիս։ Կրնա՞ս անոնց մասին բան մը ըսել։

Անձկութեան ու երկիւղի մէջ կը ծփամ, որուն հետեւանքով է, որ գիրքերս ալ երկիւղով ու անձկութեամբ ողողուած են։ Ասիկա իմ իսկութեանս բանալի եզրերէն մէկն է։ Սակայն, գիտեմ որ Պայրընի փնտռածը այդ չէր։ Անոր կամեցածը վերածնունդի մարդն էր, բազմաթիւ հետաքրքրութիւններու տէր մարդը։ Այլ հետաքրքրութիւններ ունիմ՝ հեծանիւ քշել, շանս հետ անտառներու մէջ թափառիլ, ինչպէս նաեւ աւելի մտաւորական հետաքրքրութիւններ, ինչպէս ընթերցումը։ Հիմնականը՝ կը փափաքիմ լաւ ամուսին մը ու լաւ հայր մը ըլլալ։ Շիրմաքարիս վրայ այդ պիտի փափաքէի տեսնել. «Փորձելով փորձեց լաւ ամուսին մը ու լաւ հայր մը ըլլալ»։ Ատիկա շատ աւելի կարեւոր պիտի ըլլար ինծի համար քան «Թոն մը գիրք ծախած է»ն։

Երբ չես գրեր, գրելու գործողութեան ո՞ր երեսը կը կարօտնաս։

Կերպարներս… Ոմանք շատ կը սիրեմ եւ անշուշտ ոմանք ալ կ՚ատեմ, սակայն բոլորն ալ զիս կը հմայեն։ Երբ չեմ գրեր, մտքիս մէջ անընդհատ հարց կու տամ, թէ «արդեօք հիմա ի՞նչ պիտի ընեն»։ Հեծանիւ քշած ատենս միշտ անոնց մասին կը մտածեմ ու յաճախ լրիւ տեսարաններ կ՚արձանագրեմ հեռաձայնիս վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ կապուած նկարագրութիւններ։

Գիրքերէդ գրեթէ բոլորին մէջ միշտ դարձակէտ մը, իրողութիւնները բացայայտող դրուագ մը կը յայտնուի, որ կը ցնցէ ընթերցողը։ Որքա՞ն դիւրութեամբ ձեռք կը ձգես այդպիսի դրուագներ ու ե՞րբ կը գիտնաս որ գտած ես զանոնք։

Ընդհանրապէս ատիկա կը գտնեմ երբ գիրքին երկու երրորդը կամ երեք քառորդը աւարտած եմ արդէն։ Յաճախ կը պատահի, սակայն, որ գիրքը ծայրէ ծայր կարդալէս ու աւելի լաւ գաղափար մը կազմելէս ետք, երկրորդ տարբերակին մէջ վերջաւորութիւնը փոխեմ։ Գրասենեակիս մէջ, միշտ ճերմակ գրատախտակ մը ու անոր գրիչները պատրաստ կը պահեմ ու յաճախ, երբ արդէն խաղին վերջաւորութեան հասած եմ, անոր վրայ կարելի դարձակէտերու քարտէսը կը կազմեմ։ Նախասիրած հինգ գրողներդ որո՞նք են։ Այնքան գրող բարեկամներ ունիմ, ներառեալ դուն, որ մահացածներէն պիտի ընտրեմ հինգ սիրելի գրողներս, եւ քանի որ վիպագիր եմ, պատմուածք գրողներով պիտի բաւարարուիմ. Սկոտ Ֆիցճերալտ, Ֆրանց Վերֆէլ, որովհետեւ «Մուսա տաղի քառասուն օրերը» գրած է, Թոնի Մոռիսոն, Ճէյն Օսթին եւ Լէօ Թոլսթոյ։

Գրելու համար որոշակի նիստուկաց մը ունի՞ս։ Սովորութիւններու գերի՞ն ես։

Այո։ Երբ ճամբորդութեան մէջ չեմ՝ կը գրեմ ամէն առաւօտ։ Շունը պտտցնելուս պէս, գրասեղանիս առջեւ եմ ու տեղէս չեմ շարժիր մինչեւ մեր ճաշի ուշ ժամը սիրելի տիկնոջս հետ։ Այդ հինգ կամ վեց ժամուան ընթացքին ճիփ ու ճիշդ երկու 250 միլիլիտրանի Red Bull խմիչքի թիթեղ կը պարպեմ։ 

Որպէս գրող ի՞նչ կ՚ընես, որ վստահ ըլլաս թէ գրելը լաւագոյնս ծառայեց պարպուելու, բիւրեղացման համար, որ երբ աւարտես կարենաս հանգչիլ։

Գիրք մը երբ կ՚աւարտեմ, կը հանգստանամ որ աւարտեցաւ, սակայն նոյն ատեն յուսախաբ կ՚ըլլամ որ կարողութիւնս բաւարար չեղաւ զայն վերածելու փայլատակող այն լոյսին, զոր պատկերացուցեր էի երբ գիրքին գաղափարը նոր կը յայտնուէր մտքիս հորիզոնին։

Ամէն գիրք, կամ գուցէ պէտք է ըսել՝ ամէն լաւ գիրք կը պարունակէ ներյայտ իմաստութիւն մը։ Ե՞րբ կը գտնես զայն, այն իմաստութիւնը, որ յստակ կը դարձնէ քեզի, թէ ինչո՞ւ կը պատմես այս պատմութիւնը։

Բարեկամ բնագէտ եւ գրող մը ունէի՝ Ռոնալտ Ռուտ, այժմ մահացած, որուն օրին մէկը հարց կու տան. «Ի՞նչն է որ քեզ կը մղէ գրելու»։ Երկար պահ մը լուռ մնալէ ետք, ան կը պատասխանէ. «Տանս պարտամուրհակը»։ Հոյակապ ու զուարճալի պատասխան մըն է, որ սակայն բոլորիս առնչուող ճշմարտութիւն մը կը պարունակէ։ Սակայն ՈՒՐԻՇ ի՞նչ բան մեզ կը մղէ գրելու։ Ինչո՞ւ որոշ պատմութիւններ կը յայտնուին գրիչիս տակ եւ ոչ ուրիշներ։ Աւազէ ամրոցի աղջիկները գրելուս պատճառը ընթերցողներս Հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացնելն էր։ Այդ մէկը ինծի համար շատ կարեւոր գիրք մըն է։ Այնպէս որ այդ մէկուն պարագային գիտէի թէ ի՛նչ կ՚ուզէի իրագործել։ Հպարտ եմ իմ մէկ ուրիշ վէպով, որ Աչքերը փակեցէ՛ք, ձեռք ձեռքի բռնեցէ՛ք կը կոչուի, որ գրեցի մեծ մասամբ մղուած Էմիլի Տիքընսընի բանաստեղծութեան հանդէպ ունեցած սէրէս։ Տիքընսընը մուսաներէս մէկն է։ Զայն գրի առնելուս դրդումին մասին միակ յիշած բանս այն է, որ պատանի աղջկան մը շինծու կերպարը կար մտքիս մէջ, անօթեւան աղջնակ մը, որ թմրեցուցիչի դեղահատերը շաքարի պէս բերանը կը նետէր ու միաժամանակ մտասեւեռումի աստիճանին Էմիլի Տիքընսըն կը սիրէր։ Այս բոլորը, իսկապէս, խորունկ կերպով կը մտահոգէր զիս։

ԾԹ. տարի, թիւ 3