Ռազմիկ Շիրինեան
Ռազմիկ Շիրինեան

ԱՐՈՒԵՍՏԷՆ ԴՈՒՐՍ, ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

     Կեանքի եւ արուեստի հակոտնեայ միտքերու բախումը երկմտութեան աղբիւր եղած է ինծի համար, ճիշդ այնպէս ինչպէս քաղաքականութիւն[1]Հոս՝ քաղաքականութիւնը մարդ անհատին առօրեայ յարաբերութիւնն է ուր կը ճշդուի նաեւ կեանքի զարգացման ընթացքը: … Continue reading եւ դիւանագիտութիւն[2]Հոս՝ դիւանագիտութիւնը կը մնայ իր աւանդական իմաստին, կամ միջամտութեան դերին մէջ ու յաճախ կը խոչընդոտէ … Continue reading՝ երկու հասկացողութիւնները, որոնք իրարմէ անջատ ու յաճախ իրար հակասող մտքեր եղած են դիտարկումներուս մէջ: Հաւանաբար հակասութիւններու միութիւն մը՝ լենինեան տրամաբանութեամբ, կամ մէկը միւսէն ազատագրելու կենցաղային ստիպում: Այս ստիպումէն կու գայ հարցումը, որմէ չեմ կրնար խուսափիլ, ինչպէ՞ս պիտի ազատագրուի կեանքը արուեստէն եւ ինչպէ՞ս պիտի փրկուի քաղաքականութիւնը՝ դիւանագիտութենէն:

     Որքան մտերմացած ու մարդկայնացած դիրքերէ նայինք ժողովուրդի կեանքին, սովորական իր կեանքը ապրող
անհատի հոգեկան ապրումին եւ կապուինք անոր բնական ու անշպար կենցաղին հետ, այնքան փրկուած կը տեսնենք զինք դիւանագիտական միջնորդութիւններէն ու ազատագրուած՝ արուեստի միջամտութիւններէն: Այնքան նաեւ մեր միտքը, մեր տեսիլքը կը պայծառանայ ու աւելի լաւ կը հասկնանք ժողովուրդի կեանքին ու հոգին: Մաքուր եւ հարազատ է կեանքը իր քաղաքական առանձնութեան մէջ՝ առանց արուեստի միջամտութեան, առանց դիւանագիտութեան միջնորդութեան:

     Կեանքի եւ արուեստի քննարկման ու յատկապէս անոնց շաղկապման նիւթերը տրամադրութիւն քանդող նիւթեր եղած են ինծի համար: Ճիշդ այնպէս ինչպէս քանդուած տրամադրութեամբ դուրս կու գամ՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական օրակարգեր քըննարկող հանդիպու ներէն: Յետոյ, կ՚առանձնանամ ու կ՚ազատագրեմ ինքզինքս, կը մտածեմ ու կ՚եզրակացնեմ, որ ի վերջոյ, քաղաքականութիւն ըսուածը բնական ու հարազատ կեանքն է մարդուն, որ եղծուած ու խեղաթիւրուած է եւ չէ հասկցուած պարզ ու մտեր իկ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Քաղաքականութիւնը սովորական մարդուն առօրեայ կեանքն է, իսկ դիւանագիտութիւնը՝ պարզապէս միջամտութիւն մը քաղաքական կեանքին մէջ: Կ՚եզրակացնեմ հանգիստիս մէջ, որ արուեստն է նաեւ միջամտողը որ կը պղտորէ կեանքին պարզ ու բնական ընթացքը։

     Դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքականութիւնը իրենց իմաստին ու արտադրութեան մէջ տարբեր յղացքներ են ու տարբեր հասկացողութիւններ, ինչպէս տարբեր են կեանքն ու արուեստը իրենց էութեամբ: Քաղաքականութիւնը, ընդունի՛նք, սովորական անհատին առօրեայ պարզ կենցաղն է, անոր ապրումն ու զգայնութիւնը, անոր պարզ ու բարդ յարաբերութիւնները եւ գոյութիւնը, իսկ դիւանագիտութիւնը՝ միջոց ու միջամտութիւն մը միայն քաղաքականութեան մէջ: Դիւանագիտութիւնը կը միջամտէ, կը հպի պարզապէս որովհետեւ չէ կրցած թափանցել քաղաքականութեան առօրեային մէջ, ինչպէս արուեստը չէ կրցած թափանցել կեանքին ու անոր պատկերը ըլլալ: Կարելի է, անշուշտ, վերապահ ըլլալ կեանքին մօտենալու, կեանքը բացատրելու եւ անոր իմաստ տալու արուեստի կարողութեան:

 

Քաղաքականութիւն ըսուածը բնական ու հարազատ կեանքն է մարդուն,
որ եղծուած ու խեղաթիւրուած է եւ չէ հասկցուած պարզ ու մտերմիկ իր
յարաբերութիւններուն մէջ:

 

     Տարօրինակ չէ սակայն, որ այդ ճիգին ու կարողութեան մէջ ան կը շեղի էականէն, կեանքէն, ու կ՚անհետանայ անհեթեթին մէջ, եւ արուեստը կը մնայ ինքն իրեն՝ արուեստին համար: Կարելի չէ նաեւ դիւրութեամբ ուրանալ, որ արուեստը միտք կու տայ կեանքին, կը հպատակի անոր, կը մտերմանայ ու կը գոյակցի, բայց չի կրնար երակ եւ ջիղ տալ կեանքի բնական ընթացքին, անոր խորքին, ու մանաւանդ սովորական մարդուն առօրեայ կեանքին եւ կը մնայ ինքն իր մէջ, արուեստ՝ պարզապէս արուեստին համար: Հետեւաբար նաեւ, կը մնայ միջոցին մէջ, տուայտած, օրօրուած ու երերած, երբեմն կեանքին զարնուած ու ինկած, ինչպէս մժեղը կը տեսնէ լոյսը, կը զարնուի անոր ու կ՚իյնայ: Կամ կը մնայ քարայրին մէջ, կը դիտէ ճեղքէն ժայթքող լոյսը, կը մօտենայ, կը հեռանայ, կը բացատրէ, երբեմն կը յաւակնի կռուիլ, բայց միշտ կը մնայ կեանքէն զարնուած՝ անջատ եւ դիտող: Հետեւաբար, արուեստը կը մնայ ինքն իր մէջ, ինքն իր պատկերը առանց կեանքին, ինչպէս կեանքն է միայն ինքն իր պատկերը առանց արուեստին: 

 

Արուեստը միտք կու տայ կեանքին, կը հպատակի անոր, կը մտերմանայ ու կը գոյակցի,
բայց չի կրնար երակ եւ ջիղ տալ կեանքի բնական ընթացքին, անոր խորքին, ու մանաւանդ
սովորական մարդուն առօրեայ կեանքին եւ կը մնայ ինքն իր մէջ, արուեստ՝ պարզապէս արուեստին համար:

 

     Դիւրին չէ, անշուշտ, ուրանալ որ արուեստը կը դիտէ, կը մտածէ, կը բացատրէ ու նաեւ կը ժխտէ ինչ որ կեանքին կը պատկանի: Ինչ որ դժուար է ընդունիլ՝ արուեստ ըսուածին նոյնացումն է մարդկայինին հետ ու նաեւ անոր ճիգը մտնելու կեանքէն ներս: Դժուար է ընդունիլ, որ իր լուսաւոր կեանքը ապրող եւ կեանքը իւրացուցած սովորական անհատը արուեստին պէտք ունի իր կեանքը հասկնալու համար: Դժուար է ընդունիլ, որ սովորական գիւղացին, իր առօրեան ապրող, արտը հերկող, ցեխին հետ մտերմացած գիւղացին արուեստին պէտք ունի իր կեանքը տեսնելու համար: Սովորական այս մարդիկը կեանքէն չեն հեռանար, կառչած կը մնան անոր, նոյնացած կեանքի խորքին, շրջումներուն ու այլազանութեան հետ: Իսկ արուեստի թէ դիւանագիտութեան միջամտութեամբ մը, կեանքի բնական հոլովոյթը կ՚այլանդակի, կ՚օտարանայ ինքն իրմէ, կը կորսնցնէ իր հարազատ պատկերը, կը խեղաթիւրուի ու կ՚անջատուի իր խորքէն: Արուեստագէտն ու դիւանագէտը կը
նոյնանան՝ կեանքին դէմ ելած եւ կեանքը խանգարելու իրենց միջամտութեան գործին մէջ:

 

Արուեստագէտն ու դիւանագէտը կը նոյնանան՝ կեանքին դէմ ելած եւ
կեանքը խանգարելու իրենց միջամտութեան գործին մէջ:

 

     Վերջին հաշուով, մարդը քաղաքականացած անհատն է սովորական իր կեանքին մէջ: Իսկ քաղաքականութիւն ըսուածը՝ պարզ ու յստակ, մարդու ներաշխարհին հետ շաղկապուած քաղաքացիի եւ գիւղացիի սովորական կեանքն է: Քաղաքականութիւնն է որ կը հաղորդէ մարդը կեանքի զգայնութեան հետ, իսկ արուեստի գործ մը՝ առանձին արուեստի գործ մըն է միայն կեանքէն դիտուած: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ մարդու զգայնութեան դպող արուեստի գործ մը արդէն առաջին քայլը առած կ՚ըլլայ հեռանալու արուեստէն ու մտնելու կեանքի յորձանքին մէջ: Եթէ համարձակ քայլ է, ապա կը նոյնանայ ժողովուրդի առօրեային հետ եւ այլեւս կը դադրի ինքզինք միջոցին մէջ պահելէ, փրկուած ու ազատագրուած կ՚ըլլայ արուեստի պատէն, կը միանայ կեանքին ու կ՚ըլլայ անոր հարազատ պատկերը: Կարելի չէ հերքել այս արուեստը կեանքի իր արտայայտութեան մէջ: Վերջապէս արուեստ կայ որ դպած է կեանքին, ինքզինք նոյնացուցած է կեանքին հետ, նոյնացած է անոր էութեան հետ ու, հետեւաբար, դադրած է արուեստ ըլլալէ:

     Նոյնն է պարագան քաղաքական կեանքին, որ խոր արմատներ ունի մարդու հոգիին կապուած եւ չի կրնար անհեթեթէն տարուիլ, կամ միջոցին մէջ չէզոքանալ: Ունի իր քաղաքական բնական ընթացքը, զարգացումը, որ հաճոյքն ու հմայքն է ժողովուրդին: Բայց գիտենք, տեսած ենք այն դառն իրականութիւնը, որ կայ իշխանութիւն, դիւանագիտութիւն, արուեստ եւ միջոց, որոնք խանգարող դեր ունեցած են քաղաքական կեանքին մէջ:

     Այս խանգարումը մղիչ պատճառ մըն է, որ սովորական անհատը գիտակից ու ամուր կառչած մնայ իր կեանքին, առօրեայ իր յարաբերութիւններուն ու քաղաքական բնականութեան: Անդրադառնայ որ արուեստը կամ դիւանագիտութիւնը քաղաքական զարգացման տեսիլք չունին իրեն համար: Արուեստին մէջ կը կորսուին մարդկային բնականը, ընկերային փիլիսոփայութիւնն ու կեանքին պատկերը, եւ արուեստը կը մնայ միջոցին մէջ առանց հպելու քաղաքական արժէքներու ըմբռնումին: Ի՞նչ է, ի վերջոյ, իմացական կորիզը քաղաքական մեր մտածողութեան եթէ ոչ աշխատաւոր ժողովուրդը սովորական, ուրախ թէ թշուառ իր կեանքին մէջ: Արուեստը չէ կրցած թափանցել կեանքին մէջ կամ պատկերել անոր գոյութիւնն ու խորքը եւ իմաստը գտնել անոր արժէքին: Այսպէս է նաեւ դիւանագիտութիւնը, որ դիմակն է միայն եւ չէ կրցած պատկերել սովորական մարդուն քաղաքական կեանքը: Դժբախտաբար, ինչ որ կը տեսնենք այսօր՝ մարդկութիւն մըն է, որ կը մնայ արուեստի ու դիւանագիտութեան շպարին փակած, թերաճութեամբ դիմակուած, ու իր կեանքը անհեթեթին մէջ կորսնցուցած:

     Տակաւին դժուար է գտնել կեանքին հետ նոյնացած ու անոր ակունքներէն բխող ու ցայտող արուեստի արտայայտութիւն: Դժուար է գտնել կեանք պատկերող արուեստի գործ կամ մ իջոց: Միջոց բառը դիպուկ ու դիտումնաւոր է հոս, որովհետեւ արուեստը իր արտայայտութեամբ դէպի կեանք հասնելու միջոց եղած է միայն եւ, հետեւաբար նաեւ կեանքէն անջատուած՝ միջամտութիւն: Դժբախտաբար, կեանքին զգայնութիւնները խորտակող յաւակնութիւններ ալ եղած են արուեստին մէջ:

 

Ինչ որ կը տեսնենք այսօր՝ մարդկութիւն մըն է, որ կը մնայ արուեստի
ու դիւանագիտութեան շպարին փակած, թերաճութեամբ դիմակուած,
ու իր կեանքը անհեթեթին մէջ կորսնցուցած:

 

     «Արուեստը արուեստին համար» արտայայտութիւնը, օրինակի համար, ինքն իր մէջ ամփոփուած, ինքն իր իմաստին մէջ պարփակուած, իր արտայայտութեան մէջ միայն որակուած, եւ ի վերջոյ, անջատուած կը մնայ կեանքէն:

     Յստակ է, արուեստին միջոցն է, որ կալանք կապած է կեանքի իմաստին, ինչպէս դիւանագիտութիւնը արգելք եղած է քաղաքականութեան զարգացումին: Ի՞նչն է թիրախը այս մտքին: Վերադառնալ կեանքի՞ն… ազատիլ միջոցէ՞ն, կամ մտնել էութեան մէջ եւ խիտ ու քար նայուածք մը ուղղել արուեստին՝ փշրելու համար կեանքին ուղղուած իր հեգնանքը: Ուրեմն, ա՞յս է էականը մարդուն, արուեստէն ձերբազատած մարդկայի՞նը, գոյութենէն անդին ստեղծագործ էակա՞նը, հարազատ ինքնութի՞ւնը, ազատագրուած խո՞րքը, ապրող ինքն իր էութի՞ւնը: Այդ բոլորը: Վերջին հաշուով, ընդունինք որ արուեստով շպարուած գոյութիւնը անջատուած է կեանքի էականէն:

     «Չորս ամիս առաջ փոքրիկ Լուիզայի ծնուելու ժամանակ ոչ մի կոպէկ այդպէս էլ չստացայ, պարտքով գումար էինք ճարել, որ երեխայի ծնուելու հետ կապուած ծախսերը հոգանք»: Քաղաքական կեանքէն զատ ո՞վ կրնայ լուծել այս տագնապը: Ո՞ր դիւանագիտութիւնը կրնայ լուծում տալ 30-ամեայ բազմազաւակ Լիանա Ղուկասեանի այս վիշտին: Ո՞ր արուեստը կրնայ պատկերել այս կեանքը: Արուեստի ի՞նչ հնարք եւ գործիք, ի՞նչ միջամտութիւն առանց կորսուելու միջոցին մէջ:

 

Ըստ իս, արուեստը հետեւանք է նաեւ քաղաքական մտքի եւ
հոգիի պակասին, հետեւանք է դէպի կեանք մրցակցելու մարդուն
պատմական հեւքին ու միջակութեան:

 

     Մարդ անհատին համար քաղաքական միտք մը կայ, ի վերջոյ, որ կրնայ հասնիլ կեանքին ու հասկցուիլ անոր հետ: Այդ միտքը կրնայ ձերբազատել ինքզինքը դիւանագիտութենէն: Հետեւաբար նաեւ անիկա կ՚ըլլայ կեանքին պատկերը առանց դիւանագիտութեան կամ արուեստի միջամտութեան: Այս է մարդ անհատի մտքին ազատագրումի խորքը:

     Ըստ իս, արուեստը հետեւանք է նաեւ քաղաքական մտքի եւ հոգիի պակասին, հետեւանք է դէպի կեանք մրցակցելու մարդուն պատմական հեւքին ու միջակութեան: Մարդիկ չեն հասկցած կեանքը, ատոր համար ալ դիմած են արուեստին, սկսած են արուեստական մեկնաբանութիւններ ընել, մրցիլ ու փորձել հասնիլ անոր: Բայց համոզուած եմ նաեւ, որ եթէ արուեստը հասնի կեանքին, արդէն կը դադրի արուեստ ըլլալէ: Կը ներկայանայ կեանքով մթերուած ամբողջական յուզումով: Պէտք չես ունենար կեանքին նոյնացած ու կեանքով դադրած արուեստի ետին պատմութիւն հիւսելու, պատկերներ յօրինելու որպէսզի անոր շաղկապումը գտնես կեանքին հետ ու ապրիս անոր վայելքը, կամ պահ մը լաւ զգաս անոր հետ: Անիկա ուղղակի կեանքն է արդէն, որ կը պատկերէ անոր ամբողջ յուզմունքն ու հոգին: Բայց անիկա գոյութիւն չունի: Անիկա չէ նայած կեանքին ու պատկերած զայն առանց շեղումներու։

     Վերջին հաշուով, մարդ անհատը կեանքին իրականութիւնն ու վայելքը կ՚ապրի իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Կեանքին մէջ կան նախանձ, ատելութիւն, բարիք եւ զուարճութիւն: Կեանքը լեցուն է մեղքերով եւ խենթութիւններով, հաճելի եւ անախորժ անակնկալներով, խօսքի թերութիւններով ու մտքի զարգացումներով:

     Կեանքը կը պարունակէ կեանքին համար իր ստեղծագործութիւնը, ըլ լայ անիկա խաղաղ թէ յեղափոխական, շինիչ թէ կործանիչ: Կեանքի ստեղծագործութիւնը չի կրնար կեանքէն հեռանալ ու միջոցէն անոր մեկնաբանութիւնը ձեւանալ: Կեանքի ներհակ երեւոյթները կը մնան իրենց ուժական յարաբերութիւններուն մէջ, իրենք իրենց մէջ բանակռիւ ու նաեւ բնական հոլովոյթ: Մարդ անհատը եթէ նոյնիսկ թեքնոլոճիք, արագ յարաբերութիւններու մարդն է, որ համաշխարհայնացած դրամատիրութեան մէջ արդէն հմուտ, շահագործող եւ անհատապաշտ նկարագիր ունի, ապա իրեն համար շատ տարբերութիւն չեն ըներ արուեստի հմտութիւնները, զանգուածային բնաջնջումի զէնքերու տարածումը, ջարդերը, սպանութիւնները, կռիւները, Ափրիկէի մէջ անօթի մեռնող երեխաները, Լատին Ամերիկայի կամ Ասիոյ մէջ հազիւ հացի մը գինով աշխատող երեխաներն ու անսնունդ մայրերը, եւ վերջին հաշուով մարդուն առանձնացումը եւ օտարումը մարդէն։ Կարեւորը իրեն համար կեանքի իր տեսակն է, արդիականանալը, մրցիլը, առեւտուրը, ինթըրնէթով ապրանք ծախելը, շահիլը եւ յաղթելը։

 

Արուեստ փնտռած ենք, որովհետեւ մեր արարքները սկսած են անկապ
եւ անխորհուրդ շեղումներ ըլլալ կեանքին մէջ: Գացած ենք հոն ուր միջոցը
կը տիրէ եւ տեսած ենք արուեստը որ կ՚աշխատի միջոցին մէջ ու կ՚ախորժի միջոցէն:
Մոռցած ենք, որ կեանքը ինքն իր յօրինումն է միջոցէն անդին:

 

     Կեանքն է որ կը գրաւէ մարդու հոգին, իր մէջ կը հաւաքէ սովորական անհատն ու բարեկեցիկը, աղքատն ու քաղքենին, ձեւականն ու իրականը եւ իրեն կառչած կը պահէ մարդիկ որպէսզի անոնք սնանին առարկայական եւ հոգեւոր արժէքներով եւ յարաբերին մետաղ եւ բամպակ զգայնութիւններով: Եթէ հոգին եւ զգայնութիւնը մարդկութեան համար ամբողջական կեանքի իմաստ է, ամբողջական եւ անհատական կեանքի նոյնացումը, ապա արուեստը յաւելեալ բառ եւ բեռ եղած պէտք է ըլլայ մեր լեզուին եւ իմացութեան մէջ։ Եթէ կեանքի հանդէպ մեր բնական կենցաղը կորսնցուցած ենք, ապա, եւ հաւանաբար, արուեստին դիմած ենք կեանքի բնականութիւնը ձեւակերպելու եւ ներկայացնելու համար։ Արուեստը իբրեւ միջոց գործածած ենք մեր կորսնցուցած բնականութեան տեղը գոցելու եւ սովորական մարդու մեր արդար կեանքին կորուստներուն հետ խաղալու համար։ Արուեստ փնտռած ենք, որովհետեւ մեր արարքները սկսած են անկապ եւ անխորհուրդ շեղումներ ըլլալ կեանքին մէջ: Գացած ենք հոն ուր միջոցը կը տիրէ եւ տեսած ենք արուեստը որ կ՚աշխատի միջոցին մէջ ու կ՚ախորժի միջոցէն: Մոռցած ենք, որ կեանքը ինքն իր յօրինումն է միջոցէն անդին:
     Անձնական համոզումով մը կը նայիմ արուեստին եւ կը կշռեմ զայն առօրեայ եւ բնական ապրումով: Այս կշիռքին վրայ արուեստը այն չէ ինչ որ կեանքը ցոյց կու տայ: Այն չէ ինչ որ մեր կենցաղով ու սովորական կեանքով կ՚ապրինք, կը մտածենք, կը ցանկանք եւ կը սպասենք։ Այն չէ ինչ որ մեր կենցաղն է, մեր էականը, մեր բնականութեան հետ կապուած հասկացողութիւնը, միջոցէն դուրս, նոյնացած մեր սովորական մարդու առօրեային հետ։ Ինչ որ էականն է՝ մեր ապրելակերպն է, մեր իւրաքանչիւր արարքը ամէն պահու՝ գիտակից կամ անգիտակից։ Այս է սովորական իմացականութիւնը առօրեայ մեր կեանքին: Հետեւաբար, ամբողջական եւ համապարփակ կեանքի բնականութեան մէջ կը պարփակուին մեր աշխատանքը, մեր յարաբերութիւնները, խաբէութիւնը, հարստութիւնը, խաղամոլութիւնը, գիտական հետախուզութիւնները, բամբասանքները, վայրագութիւնները եւ այն բոլորը, որ կը մտածենք եւ կ՚արտայայտենք մեր առօրեային մէջ: Ընդունած ենք կեանքը իր փառքով եւ շռայլքով, իր աղտոտութիւններով եւ ոճիրներով, իր անտուններով եւ աղքատներով, իր ագահութեամբ եւ հարստութեամբ, իր ընտրանիով եւ ղեկավարներով, իր շէնքերով եւ արուեստի սրահներով եւ, ինչպէս բնիկ տեղացիի մը տրամաբանութիւնը պիտի ըսէ, ամբողջ միջավայրը իր խորքէն հիւսուած կեանքն է ուր մարդ գտած է իր պատկերը: Մարդը նոյնացած եւ իւրացուցած է իր կեանքը՝ միտքով, հոգիով, ջիղով եւ նիւթով: Մարդը ստեղծած է իր յարաբերութիւնը, իր իրականութիւնը, եւ իր ստեղծագործ միտքը եղած է իր աշխարհը, իսկ ինչ որ ստեղծած է անձնասէր ու շահագործող կամ բարեսիրտ ու համագործակցող իր նկարագրին համար՝ բխած է իր կիրքէն ու բարքէն:

     Դժուար է անշուշտ ուրանալ ու չզմայլիլ արուեստի այն գործով, որ կարողութիւնն ու իմաստութիւնը կ՚ունենայ ազատագրելու կեանքը արուեստէն։ Կարելի չէ հերքել նաեւ արուեստի գործ մը, որ կը միաձուլուի կեանքին ու կ՚անհետանայ ինքն իր մէջ: Դժբախտաբար սակայն, ձեւը, ձեւականը, միջոցը եւ շահարկման տրամաբանութիւնը տակաւին կ՚իշխեն, իսկ անդին, սովորական մարդկայինն ու բնականութիւնը կը շարունակուին իրենց առանձին ընթացքին մէջ։

     Կը մոռնանք յաճախ, որ էականը ունի իր ճշմարտութիւնը որ մտածել կու տայ: Մարդ անհատը ամէն բանէ առաջ իր էութիւնն է: Մարդ անհատը դարերու ընթացքին իր էութեամբ կերտուած բնական կեանքի նկարագիր մը ունի: Չի կրնար դուրս գալ այդ նկարագրէն, չի կրնար զիջիլ, չէզոքանալ եւ երթալ միջոցին, պատերազմին, դիւանագիտութեան կամ արուեստին:

     Եթէ կրնաս, մտիր միջոցին մէջ ու դիտէ կեանքը, ու պիտի տեսնես, որ կեանքը ապրելու արուեստ չունի իր մէջ: Ունի իր միտքը, իր մտածումը, որ ոչ տեսական է, ոչ գործնական, այլ միայն էական: Պիտի հասկնաս, որ կեանքին իմաստը իր գոյութեան
կապուած ու անկէ բխող էականին ճշմարտութիւնն է: Ապրելու հաշտութիւն մը կեանքի էականին հետ, կամ կռիւ մը անոր խորքը գտնելու, ո՛չ խորամանկութիւն, ո՛չ դիւանագիտութիւն, ո՛չ արուեստ: Կեանքի այս խորքէն դիտուած՝ կը նուաճուի ու կ՚անյայտանայ մանաւանդ դիւանագիտութեան աղէտը ու քաղաքականութիւնը կ՚առնէ իր բնական, առօրեայ ընթացքը: Պիտի տեսնես նաեւ կեանքի գոյութեան ճշմարտութիւնը իր խորքին մէջ հիմնաւորուած, որ կարելի չէ եղած նուաճել արուեստի գործով մը կամ ամփոփել գաղափարի մը մէջ: 

 

Միտքն է, ի վերջոյ, որ լեզու կու տայ գոյութեան, անոր զգայնութեան,
բնական կիրքերուն ու սլացքին: Արուեստն ու դիւանագիտութիւնը կը մնան
լոկ կեանքին քսուած երկրորդական կրթութիւն: Ինչ որ հարազատ կը մնայ,
մտքին պարզութիւնն է որ ո՛չ տեսական է, ո՛չ գործնական, այլ կեանքի ու
քաղաքականութեան բնական ու հարազատ իրողութիւնը:

 

     Գաղափարէ մը անդին միտքն է, որ իմաստ կու տայ կեանքի էականին, կ՚ապրի անոր գոյութիւնը ու յարաբերութիւն կ՚ունենայ անոր բնական զարգացումին համար: Իսկ կեանքի էական գոյութիւնը կը նոյնանայ անոր առօրեայ գոյութեան հետ ու, ամենէն հաճելին, կեանքը կը տեսնէ իր պատկերը ու կը ժպտայ անոր հետ: Հոս, այս էականին մէջ տեղ կը գտնէ գոյութիւնը եւ ատոր համար ալ կեանքը կը ժպտայ ինքն իր գոյութիւնը գտած ըլլալուն համար: Միտքն է, ի վերջոյ, որ լեզու կու տայ գոյութեան, անոր զգայնութեան, բնական կիրքերուն ու սլացքին: Արուեստն ու դիւանագիտութիւնը կը մնան լոկ կեանքին քսուած երկրորդական կրթութիւն: Ինչ որ հարազատ կը մնայ, մտքին պարզութիւնն է որ ո՛չ տեսական է, ո՛չ գործնական, այլ կեանքի ու քաղաքականութեան բնական ու հարազատ իրողութիւնը:

     Դիւրին չէ խօսիլ, հասկցուիլ եւ լրջանալ արուեստագէտին հետ, որ չէ կրցած մերժել եւ դուրս գալ արուեստէն, չէ կրցած նուաճուիլ կեանքի լոյսէն: Մնացած է հոն, միջոցին, կեանքի ու արուեստի բախումին մէջ, զրկուած կեանքի ամենօրեայ հոսանքէն: Արուեստին լաւագոյն արդիւնքը կեանքին դպած է, բայց չէ կրցած թափանցել անկէ ներս: Վերջին հաշուով, արուեստէն ու դիւանագիտութենէն ազատագրուած մարդ անհատը իր հարազատ պատկերն է, իր կեանքը կ՚ապրի եւ վերջ:

ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 2

References
1 Հոս՝ քաղաքականութիւնը մարդ անհատին առօրեայ յարաբերութիւնն է ուր կը ճշդուի նաեւ կեանքի զարգացման ընթացքը: Քաղաքականութիւն հասկացողութիւնը դուրս կու գայ պատմութեան հոսանքին մէջ այդքան խեղաթիւրուած ու բացասական իր իմաստէն ու կը ստանայ դրական ու կառուցողական իմաստ: Քաղաքականութիւնը, ի վերջոյ, կը բխի ազնիւ հոգիներէն, որոնք կը յարաբերին իրենց վճիտ նկարագրով ու կը հոսին անհատի բնական խորքէն ու բնաւորութենէն:
2 Հոս՝ դիւանագիտութիւնը կը մնայ իր աւանդական իմաստին, կամ միջամտութեան դերին մէջ ու յաճախ կը խոչընդոտէ քաղաքական բնական յարաբերութիւնները: