Սփիւռքի եւ առհասարակ հայկական իրականութեան մշակութային կեանքին մէջ անգնահատելի է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Բագին» գրական հանդէսին դերը:
«Բագին»ի անդրանիկ թիւը լոյս տեսած է 1962ին Պէյրութի մէջ՝ խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Տարբեր տարիներու ամսագիրի խմբագիրները եղած են՝ Եդուարդ Պոյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Պալեան, իսկ 2016ին այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց երիտասարդ գրող, մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան:
Կարդալ աւելին այստեղ՝ https://bit.ly/3nJRwgS