Սագօ Արեան

ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ, ԿԱՄ՝ ՍՓԻՒՌՔԷՆ ԱՆԴԻՆ

ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։
    Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը դուրս կու գար դէպի ազատ աշխարհ։
    Այս պահուն չեմ ալ յիշեր, թէ ինչ հանգամանքներու բերումով, որպէս հայաշխարհի «ամենադժգոհ» բանաստեղծներէն մին, նոյնինքն Աբրահամ Ալիքեանը կը կանգնէր իր կեանքի ապրուստը շահելու լուրջ խնդրին առջեւ, որուն ի պաշտպանութիւն մեր մամուլի էջերուն կը հրապարակուէր եռանուն ստորագրութիւն կրող կոչյայտարարութիւն մը, ուր Մարկի կողքին, իրենց անունները կը դնէին բոլորիս քաջ յայտնի Վահէ Օշականն ու նաեւ Գրիգոր Պըլտեանը։
    Նոր պարզուող ինքնութեան տարիներ էին, յաւերժամնայ դժգոհութեան, վերափոխումի, գաղափարական մաքրութեան ու հարցերուն նոր ակնոցով նայելու տարիներ։
    Պէյրութը կը փայլէր իր յետ պատերազմեան լոյսերով։
    Ամէն տեղ լապտերներ կային տեղադրուած, քաղաքը իր վրայէն կը նետէր պատերազմի սեւ հանդերձանքը ու մեզ ալ կը պատէր իր սպասուած երանութեան մէջ։
    Իրար մէջ կիսուած Պէյրութը կը հագուէր հարսանիքի սպիտակ հագուստ ու քաղաքը, որ արհեստական բաժանումով կիսուած էր երկուքի, դարձեալ կը միաւորուէր։
    Յաղթողներ չկային Պէյրութի մէջ, սակայն յաղթողներ կային Պէյրութի հա մար։ Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Ալիքեան կը վերադառնար իր վաղեմի «տուն»ը, առանց սակայն մտածելու, որ իր պատանեկան ու վաղ երիտասարդութեան օրրան Պէյրութը բնաւ նոյնը պիտի չըլլար։
    Ալիքեանի «հարցերը» կերպով մը կը լուծուէին, ու ան կը իր կեանքի մնացած օրերը կ՚անցընէր Պուրճ Համուտի իր բնակարանին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքի իր սենեակին, ու ապա հերթաբար Ֆարայայի ու Պիքֆայայի իր օդասուն «հովոցներ»ուն մէջ։
    Ալիքեանը կերպար էր, բառին ամբողջական իմաստով, եւ յիշատակելին այն էր, որ սփիւռքի նորահաս սերունդներուն համար գաղափարական կնքահայրութիւն ստանձնած երրորդութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Վահէ Օշականի, լաւապէս ընկալած, հասկցած ու արժեւորած էր Ալիքեանի պէս վսեմական բանաստեղծին իսկութիւնն ու ներկայութիւնը։
    Այդ օրերէն ետք եւ մինչեւ Մարկի հետ իմ առաջին հանդիպումներս, երկարող եւ տարածութիւն ունեցող օրեր կը դառնային։

    Մեր գրականութեան մեծ մերժումներու ժամանակէն կու գայ Մարկը։ Այդքան պայծառ միտքով մը, որ քեզ կը պարուրէ Եդուարդ Սայիտի ամենաբարդ կարծուած գաղափարներով, կը բանայ լուսաւորութեան դաշտերը քու առաջ եւ վեր կը հանէ քեզ աղէտի բառէն ու աղէտէն չմեռած գիրի մոխիրներէն։

    Որոնումներու, սպասումներու, հարցումներու օրեր, որոնք կերպով մըն ալ իրենց հետքը կը թողէին մեր սերունդի ամբողջ հմայքին, ուշացածութեան զգացումին ու մերժուած ըլլալու մեծ «հաճոյք»ին վրայ։
    Մարկը կը դառնար սփիւռքի մէջ մեր անօրինակ որոնումներուն ճանապարհակիցը։
    Մեր հարցումները, մեր բողոքները, մեր գրաւոր արտայայտութիւնները կը կայմէին մեզ անոր լուսաւորեալ մարդու նաւակին, ու մեզ կը տանէին դէպի աւելի ապահով ափեր։
    Աւելի ուշ, երբ տարիներու թաւալքին հետ Մարկին հետ հանդիպումներուս վայրը կը տեղափոխուէր Հայաստան, արդէն շատ պարզ ու մեկին կը բացայայտուէր, որ իրեն համար վերջին կայարանը, վերջին սպասման կէտը եւ գիրը նորովի ապրեցնելու իսկական ափը Հայաստանն է, իր ամբողջական պատկերով։
    Իր ընդունելութեամբ, իր հարցումներով, իր երեւանեան կամարումներով եւ սովետէն դուրս ինկած ու յաճախ հակասականի հասնող մեծ վերիվայրումներով։
    Մարկը գիտէր այդ բոլորը, սակայն գիտէր նաեւ, որ իր ստեղծած գիրին ականջ տուողներուն մեծ տոկոսը, առանց տարտղնումի, առանց առարկութիւններու եւ յաճախ զինք մինչեւ վերջին բառ «գամելու» ունակութեամբ կը կազմաւորուէր Երեւանի մէջ։
    Ամէն անգամ, որ Մարկին հետ Երեւանի մէջ քալելու առիթ վիճակուեցաւ, քալեցինք նաեւ հայ գրականութեան փշոտ ամայքներէն քալելու պէս։
    Դուրսէն դէպի ներս վազելու պէս ու այդ ներսին մէջ ամենամեծ ոգեկանութեամբ արեւմտահայ բառին հետքերը կամ նոյնիսկ շուքը ապրելու համար։
    Մեր գրականութեան մեծ մերժումներու ժամանակէն կու գայ Մարկը։ Այդքան պայծառ միտքով մը, որ քեզ կը պարուրէ Եդուարդ Սայիտի ամենաբարդ կարծուած գաղափարներով, կը բանայ լուսաւորութեան դաշտերը քու առաջ եւ վեր կը հանէ քեզ աղէտի բառէն ու աղէտէն չմեռած գիրի մոխիրներէն։
    Մարկ կը պատրաստէ միտքը երախտիքի մեծ սեղանին, եւ կը կիսէ իր ապրումներու, փայլատակումներու, կենաց բառի, բայց մանաւանդ մեծ հարցադրումներու ժամանակը։
    Իր ժամանակին մէջ կը տրորէ բոլոր երանգները, կը խօսի բանաստեղծներուն հետ, կը խօսի սփիւռքի աճիլ չուզած արձակի մոհիկաններուն հետ, քեզ կը խառնէ սփիւռքայնացման, անհայրենիքութեան, եւ մահէն ու աքսորէն վերադարձած ու մեռնիլ չուզած փիլիսոփայութեան հմայիլներուն։
    Մարկ Նշանեանը, իր սփիւռքը ապրած մարդու կենդանի վկայութեամբ, տատանումներ տեսած, սակայն ետ մինչեւ արմատները ճամբորդած մատեաններու ծաղկողի պէս է, որ կ՚ապրի իր եւ մեր ժամանակներու ամենախորունկ աղմուկի ծայրերուն, կը յօրինէ նոր երկիր մը կերտելու հին փափաքը։
    Կը բնակի գիրի եզրերուն, ու արեւմտահայ բառին մէջ կը հաւաքէ աշնան պայծառ առաւօտներու մեծ սպասումը։ 

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵԾ ՊԱՀԱՊԱՆԸ

Հայաստանի նոր անկախութեան փուլէն ետք ընթացք առաւ նոր հանգրուան մը, որ խորքին մէջ սփիւռքը այսօրուան Հայաստանին մէջ «տարրալուծելու», Սփիւռքը Հայաստանով «ընելու», անոր մէջ «ցանելու» փուլ մը, որ հասկնալիօրէն զարնուեցաւ մեծ խնդիրներու։
    Անկախութեան փուլէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան հանդէս կու գար «Դէպի երկիր» կոչով, որ մեծ հաշուով կը միտէր Սփիւռքի լայն հատուածներուն մօտ յստակութիւն բերել։
    Խմորումներու խորունկ ժամանակ էր, Հայաստանը նոր կը բանար իր թեւերը, իսկ սփիւռքի ամենահեռաւոր համայնքներուն վրայ քար ու տուն կապած սփիւռքի բնակիչ հայեր կը փութային հասնիլ տուն՝ երկար տարիներու անջրպետէն ու վտարանդիութենէն ետք։
    Նոյն այդ հնոցին մէջ պատրաստուած սերմերը կամաց-կամաց կը վերադառնային ի հող։
    Երկիր, արտերկիր, սփիւռք եւ Հայաստան։
    Այս բոլորին մէջ ո՞ւր էր Մարկ Նշանեան, եւ արդեօք ի՞նչ կը մտածէր ան հայութեան յարաշարժ, անհանգիստ եւ անընդհատ թաւալումներով լեցուն օրակարգին մէջ։
    Նո՞յնն են անոր մօտեցումները արդեօք, եւ արդեօք կերպով մը կը հաւատա՞յ իր աւագ ընկերոջ՝ Վահէ Օշականի հնչեցուցած «Դէպի Սփիւռք» մօտեցումին, որ եթէ տեղ մը բառացիօրէն կը հակադրուէր «Դէպի երկիր» կոչին, բայց եւ այնպէս մարմին կը ստանար եւ ստուերոտ տեղ մը կը նստէր իր գուրգուրանքը եւ հոգատարութիւնը ցոյց տալով սփիւռքի հայութեան ոգեղէն ներկայութեան ու ճակատագրին։
    Դժուար է անշուշտ Մարկին փոխարէն պատասխան տալ այս հարցադրումներուն, բայց եւ այնպէս կարդալով անոր «Երկգլխանի հրէշին աշխարհը» յօդուածը, հրապարակուած Ինքնագիր առցանց հանդէսին մէջ (խմբ. Վահան Իշխանեան), պարզ պիտի դառնայ, որ ան, հակառակ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող տեղաշարժերուն եւ անկումներուն, կը շարունակէ հաւատալ Սփիւռքի իմացական արժէքին ու կարեւորութեան։
    Այդ յօդուածին մէջ, Նշանեան մասնաւորապէս կը գրէր.

«Ուրեմն իրական Սփիւռքը այնքան ալ վերջացած չէր։ Սփիւռքը կ՚ուռճանար, Երկիրը կը նօսրանար։ Այո, կ՚ուռճանար Սփիւռքը, անհամեմատ կերպով։ Ատենօք Վահէ Օշական «Պէյրութ Փարիզ ճամբան չ՚անցնիր Հայաստանէն / Հայաստանի նեխած ու թաց կարօտէն» կը գրէր։ 1968ին էր։ Քառուղի կոչուած հատորին մէջ տպուած է։ Այսօր փոխուած են ժամանակները, բայց փոխուած են միայն այն չափով որ Սփիւռքը Պէյրութ Փարիզ գիծին վրայ չէ որ կ՚երկարի այլեւս, այլ աւելի՝ Մոսկուա-Լոս Անճելըս գիծին վրայ։ Հրամայականը նոյնն է։ Թերեւս ալ անցնի Հայաստանէն, որ բուն Սփիւռքէն նուազ Սփիւռք չէ, կը վստահեցնեմ ձեզի։ Հայաստանէն անցնելով, նաեւ «նեխած ու թաց կարօտ»ն է, որ վերջ պիտի գտնէ։ «Այլ կը կտրէ մեծ պողոտան պայքարներու աշխարհին»։ Սփիւռքը ուռճացաւ, բայց Սփիւռքի մտածողութիւնը մնաց նոյն տեղը, երեսուն տարի առաջուան իր սնանկ վիճակին մէջ։ Կը տնտնայ տակաւին մեծ պողոտային քովնտի փողոցներն ու թաղերը։ Պէտք ունինք ուրեմն այսօր աւելի քան երբեք Սփիւռքի մտածողութեան մը որ ըլլայ սփիւռքեա՛ն մտածողութիւն։ Կա՞ն արդեօք ասոր նախադրեալները մօտիկ անցեալին մէջ։ Կան անշուշտ։ Բայց չկան մտածողութեան մը ձեւին տակ բանաձեւուած ու բնորոշուած»։

    Մարկի համար, սփիւռքը մեր ժողովուրդի իմացական կշիռի յաւիտենական արօտն է, կերպով մը հնոցը, ուր գաղափարները կ՚աճին, կը մեծնան, կը լիանան եւ մեզ կը պատրաստեն նոր ճանապարհներու։
    Այդ ճանապարհները կու գան ու կ՚աճին անցեալի ծմակներէն …
    Երկիր-արտերկիր, սփիւռք եւ Հայաստան։
    Ու այդ բոլորին մէջ՝ Մարկ Նշանեան մտքի մարդը, որ ամենէն աւելի կոչուած է ըլլալ Սփիւռքի մեր գոյութեան (որ միայն աշխարհագրական ընկալում չէ) իսկական պահապաններէն մին։

Կ. Տարի, 2021 թիւ 2-3