ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԿՐԿՆԱԿԻ ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔԸ

ՄԱՐԿ Նշանեան մասնագէտն է կրկնակի հարկադրանքի, ինչ որ նաեւ կը կոչուի կրկնակի հակասական հրաման։ Որպէս (մանաւանդ) Ժան-Ֆրանսուա Լիոթառի ընթերցող, հոն ուր ան կը խօսի վերապրողի դիրքին մասին ժխտողին դէմ յանդիման[1]Jean-François Lyotard, Le Différend (Տարակարծութիւնը), Les Éditions de Minuit, Փարիզ, 1983։, Նշանեան մտաւորական ու զգացական իր կեանքէն մեծ մաս մը յատկացուցած է Ի. եւ ԻԱ. դարերու երկայնքին հայերու պարզած վիճակին ընդերքը հասկնալու աշխատանքին։ Մարկ այս իրավիճակը նկարագրած է իր բոլոր հետեւանքներով՝ մեկնելով իր վերապրողի որդի ըլլալու հանգամանքէն։ Իր Պատմագրական զառացումը[2]Marc Nichanian, La perversion historiographique (Պատմագրական զառացումը), Éditions Leo Scheer, Փարիզ, 2006։ գիրքին մէջ, ան կը բացատրէ, թէ ինչի մէջ կը կայանայ վերապրողներու յետնորդներուն անկարելի կացութիւնը՝ դատապարտուած կրկին ու կրկին ու միշտ սկիզբէն փաստելու այն ոճիրին իրողականութիւնը, որուն զոհերն են իրենք եւ ասիկա՝ ժխտողական ճառաբանութեան եւ անոր հետ դաւակից ու հրապարակի վրայ ձայն ունեցող պատմաբաններու պատճառով։ Իր Ի. դարու հայ գրականութիւն[3]Marc Nichanian, Entre l’art et le témoignage – littératures arméniennes au XXe siècle), Metis Presses, Genève, 2008։ շարքի երրորդ հատորին մէջ, որ նուիրուած է Յակոբ Օշականի Մնացորդացին, ան վճռորոշ վերլուծումներ կ՚ընէ ենթարկուածութեան վիճակի տրամաբանութեան ու անոր հոգեբանական հետեւանքներուն մասին։ Աղէտի հորիզոնը չի սահմանափակուիր միայն քանդումով ու աւերումով. կը կայանայ գրաւող, ջնջող ու ոչնչացնող այլին ենթարկուելուն մէջ։ Եւ այնքան ատեն որ նուաճուածի այս կացութենէն դուրս եկած չենք, վերապրողի ժառանգորդի մեր խօսքը պիտի շարունակէ հնչել պարապին մէջ։
    Մարկ, սակայն, հազուագիւտ կերպով, եթէ երբեւիցէ, կը յիշէ Կրեկորի Պէյթսոնի անունը, որ յայտնագործողը եղած է double-bind կոչուածին (կրկնակի հարկադրանք) կամ գոնէ՝ անոր մասին առաջին բանաձեւումները կատարողներէն, հաղորդակցութեան տեսութեան մը շրջածիրէն ներս, որ կը վերաբերի մտահերձութեան պատճառախօսութեան[4]Տե՛ս Gregory Bateson, Vers une écologie de l’esprit, Seuil, Փա րիզ, 1977։։ Չեմ կրնար ըսել, թէ ծանօթ եմ Մարկի բոլոր գրութիւններուն, բայց կրնամ ըսել, թէ կրկնակի հարկադրանքին մասին սորված եմ իրմէ բացառապէս Լիոթառի Différend-ին առնչութեամբ. մեր զրոյցներուն մէջ երբեք Պէյթսոնի մասին խօսք չէ եղած եւ այս բաց թողումը ունի իր հասկնալի պատճառները։ Պէյթսոնին պիտի ծանօթանայի բաւական աւելի ուշ եւ անոր մօտ պիտի յայտնաբերէի այդ յղացքին, ըսենք, աւելի լաւատես մէկ տարբերակը։ Պէյթսոն փաստօրէն դարմանական հեռանկարի մը մէջ կ՚աշխատի եւ յղացքի աշխատելակերպին մասին ըրած բացատրութիւնները կը տեղադրուին ընտանեկան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ընդհանուր առմամբ գրի առնուած զաւեշտա-ողբերգական երանգով մը։ Տիպական օրինակը մայր-որդի յարաբերութեան կը վերաբերի. մայր մը այցի կու գայ մտահերձումի սուր տագնապի հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած որդիին։ Այն պահուն, երբ որդին կ՚ուզէ թեւերով փաթթուիլ մօր, մայրը կը պրկուի։ Այդ նկատելով՝ որդին ետ կը կենայ, զգալով որ մայրը կը մերժէ գորովանքի այդ արտայայտութիւնը։ Նոյնհետայն, մայրը կը մեղադրէ որդին ետ քաշուելուն համար, թելադրելով, որ պէտք չէ իր ունեցած զգացումներէն ամչնայ։ Այդ դրուագին հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ որդին կրկին եւ իսկոյն կ՚իյնայ տագնապի ճիրաններուն մէջ։ «Մայրը մեկնելէն ետք կը յարձակի բուժաշխատողի մը վրայ ու ստիպուած կ՚ըլլան զինք հանդարտեցնել՝ լոգանքի աւազանի մը մէջ մխրճելով»[5]Պէյթսոն, անդ, էջ 24։։ Ամփոփենք. մայրը հակասական հրամանի մը ներքոյ կը դնէ որդին։ Բանաւոր կերպով անոր կ՚արտայայտէ որ իրմէ գորովանքի նշան կ՚ակնկալէ, իսկ ոչ բանաւոր կերպով կը մերժէ ընդունիլ նոյնինքն գորովանքի այդ արտայայտութիւնը։ Ասոր վրայ, որդին կը դրուի անկարելի կացութեան մը մէջ, որմէ այլ ելք չունի, բացի ապաստանելէ մտագարութեան դիմող քայլի մը մէջ։ Պէյթսոն ճակատումի այս ախտաբանական հետեւանքը կը հրամցնէ՝ պարզապէս ցոյց տալու համար որդիին անկէ ազատագրուելու հնարաւոր կերպը։ Փաստօրէն՝ կրկնակի հարկադրանքի մէջ բանտարկուիլը ճակատագրական չէ. ան կ՚ենթադրէ որ կ՚ընդունինք իշխանութեան այն հակակշիռը, որ զայն կը դարձնէ կարելի։ Որդին մտագարութեան մէջ կ՚ապաստանի, այնքան ատեն որ կարողութիւնը չունի ինքզինք դուրս հանելու զգացական կախուածութեան վիճակէն՝ մօր վարուելակերպը մեկնաբանել կարենալու։ Մինչդեռ մայրը կարծիք յայտնելու իր կարողութիւնը կ՚օգտագործէ որդիին ցուցաբերած վերաբերմունքին մասին իր սեփական մեկնաբանութիւնը պարտադրելու անոր, զայն այդպիսով ալ աւելի խորը մխրճելով անելի մէջ։ Սակայն, Պէյթսոնի ուրուագծած հեռանկարը կարելի հոգեբուժում մը կ՚առաջարկէ, որուն գրաւար կը հանդիսանայ որդին մղելու մէջ, որ անդրադառնայ իր ու մօր միջեւ հաղորդակցութեան կառոյցին, իրեն օգնելու որ հասկնայ, թէ ի՛նչ միջոցներով է, որ մայրը զինք կը դնէ անկարելի վիճակի մէջ, ապա անոր թոյլ տալու, որ այնքան զգացական ու մտային ուժ ամբարէ, որ կարենայ ճակատիլ մօր հետ ու անոր բացատրել թէ ինչը ինչո՛ւմն է։ Ձեւով մը, երիտասարդ տղուն օգնել է որ հասուննայ ու չափահասէ չափահաս յարաբերութիւն մը հաստատէ մօր հետ։
    Այս շատ կարճառօտ ամփոփումէն կ՚երեւի արդէն, որ Մարկի հասկացողութեամբ գոյացող կրկնակի հարկադրանքը շատ աւելի նուազ լաւատես է։ Մարկ Աղէտի վէպըին մէջ կը նկարագրէ ինչպէս բացարձակ ենթարկուածութիւնն ու արեւելաբան ճառաբանութիւնը «բնիկը», երկիր մնացած հայը կը պահեն վիճակի մը մէջ, ուր անոր խօսքը բառացիօրէն չգործող դարձած է՝ անջատուած, կամ անոր վկայութիւնը առաջուց ջնջուած է։ Այս վիճակը, ըստ Մարկին, կը վերաբերի Աղէտի բոլոր զոհերու ու վերապրողներու վկայութիւններուն, որոնք արխիւներու մէջ կը սպասեն ընթերցուելու կամ ունկնդրութեան արժանանալու, եւ որոնք, եթէ օր մը խմբագրուէին՝ պարզապէս փոշի պիտի հաւաքէին գրադարաններու դարակներուն վրան։ Վկաներու խօսքը չի բանիր ի սկզբանէ, որովհետեւ անոնց զօրութենական զոհի կարգավիճակը միշտ կը մնայ ի զօրու։

ժառանգորդներն ենք խօսքի մը, որ չգործող դարձած է ու ժառանգ մնացած մեզի, որպէսզի կրկին զայն դարձնենք գործօն։

    Ահաւասիկ նաեւ Սփիւռքի խորունկ էութիւնը որպէս «աղէտի (désastre) հետեւանք», որպէս «վայր զարհուրելի, ուր պէտք է ունկնդրելի դարձնել ձայն մը, որ էապէս անլսելի է»[6]Նշանեան, Աղէտի վէպը, էջ 66։։ Ահաւասիկ սարսափելի եւ ուժեղ երկդիմութիւնը Մարկի դիմագրաւած կացութեան, որ նաեւ մեր բոլորինն էը Սփիւռքի մէջ. ժառանգորդներն ենք խօսքի մը, որ չգործող դարձած է ու ժառանգ մնացած մեզի, որպէսզի կրկին զայն դարձնենք գործօն։ Սփիւռքի մէջ մենք «ունկնդրում ստեղծողներ» ենք, եւ ասիկա ամէն օր, պարզապէս ապրելով, բայց նաեւ ի յետսագունէ՝ նախնեաց հողին հետ մեր կապի փնտռտուքին որպէս հետեւանք, բան մը որուն փորձը մեզմէ շատեր կ՚ընէին այդ տարիներուն՝ 2005ի ու 2015ի միջեւ։ Մարկ ալ անցած է անկէ, Իսթանպուլ բնակելով ու դասաւանդելով, քանի մը սերունդի վրայ հետք ձգելով Սապանճի համալսարանէն ներս սփռումի գրականութեան ու Աղէտին մասին իր կատարած դասաւանդութեամբ։
    Ճիշդ ա՛յդ է. կը խօսինք։ Կը փորձենք դիմացիններուն ուշադրութիւնը գրաւել, զիրենք վկայ բերել մեր բոլոր ժառանգածներուն վրայ։ Աննա Բարսեղեանի հետ նոյնիսկ կարողացանք որոշ լուսանկարչական ու տեսագրական գործեր ցուցադրել, ու այդ ձեւով մեր յիշողութիւնը կիսել թուրք եւ քիւրտ հանրութեան մը հետ։ Պատկերի ու կատարողական ներկայացումի միջոցով մեռածներն ալ կանչեցինք վկայութեան[7]Anna Barseghian & Stefan Kristensen, Spectrography (Լուսապատկերագրութիւն), installation (տեղադրում), 2010, Ժընեւ, ցուցադրուած նաեւ … Continue reading Իսթանպուլ դասաւանդած ըլլալով, Մարկ ինքն ալ բազմաթիւ ընթերցողներ ունի Թուրքիոյ մէջ, ո՛չ միայն թաքուն հայերու կամ քիւրտերու շարքերէն։ Մարկի ուսուցման վրայ խորհրդածելով ու Հրանդ Տինքի փաստարկումին հետեւողութեամբ, ես ինքս ալ յաճախ մտածած եմ թէ կ՚արժէ՞ այդքան լուրջի առնել մեր մարդասպաններուն ժառանգորդները։ Ինչո՞ւ երկարաձգել պարզապէս ենթարկուածութեան այն վիճակը, որուն տակ կը գտնուէին մեր մեծ հայրերը։ Հոն ուր խօսք կ՚առնէր, Տինք ամէն տեղ կ՚ըսէր որ պէտք չկար սպասելու դահիճներուն, այլ պէտք էր պարզապէս ժխտողական ճառաբանութիւնը անգիտանալ, որովհետեւ մենք հայերս արդէն գիտենք թէ ինչ էր տեղի ունեցածը։ Ըստ իրեն՝ իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ։ Այսուհանդերձ, ինչպէս գիտենք, ատոր համար էր՝ ճշմարտութիւնը շատ ազատ կերպով արտայայտելուն համար, որ սպաննուեցաւ ան։ Բայց իր խօսքին ազատութիւնը կարելի է որպէս օրինակ առնել։ Վերապրողի անկարելի կացութեան մէջ, ան կը կայանայ ժխտողին պարտադրած պայմանները մերժելուն մէջ։ Վերջինս կը պնդէ, որ փաստեր բերէք ձեր մահուան համար. անգիտացէ՛ք պարզապէս ու շարունակեցէ՛ք խօսիլ նախապէս ընդունուած համարելով այն՝ ինչ ան կ՚ուզէ ժխտել։
    Ժորժ Տիտի-Հիւպերման՝ Աւշուիցի լուսանկարներուն մասին իր աշխատանքին մէջ, Լիոթառի անդրադարձները առանց յապաւումի մէկդի կ՚ընէ։ Գիրքին ամենէն սկիզբը ան կը բացատրէ, թէ SS-ին համար կենսական էր, որ իրենց ոճիրէն ամէն հետք ու հաւանական վերապրողի վկայութեան ամէն կարելիութիւն ոչնչացուի։ «SS-ները առաջուց գիտէին որ Սոնտերքոմմանտոյի[8]Նացիներու Sonderkommando կոչուած յատուկ միաւորները աշխատանքային միաւորներ էին, բաղկացած մահուան ճամբարներու … Continue reading անձնակազմէն միակ վերապրողի մէկ բառն անգամ անվաւեր կը դարձնէր Եւրոպայի հրեաներու մեծ սպանդին մասին բոլոր հետագայ ուրացումները»[9]Georges Didi-Huberman, Images malgré tout (Պատկերներ ի վերջոյ), Paris, Minuit, 2003, էջ 11։։ Ու այս կէտին տակ էջատակի ծանօթութիւն մը կ՚աւելցնէ Լի ո թառի Différendէն մէջբերումով մը, ուր հեգնանքով կը նշէ. «Ու անոր հետ նաեւ բոլոր սոփեստութիւնները, որոնց հետ, իմ կարծիքով, հարկ չկայ փիլիսոփայօրէն հաճոյանալու»։ Նշած «սոփեստութիւնը» կը յղուի ժխտողի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ՝ կազախցիկներու միակ վաւերական վկան այն մէկն է, որ մեռած պէտք է ըլլար այդ խցիկին մէջ, որովհետեւ անոր վկայել ուզածը կը ներառնէ իր իսկ մահը։ Տիտի-Հիւպերման այսպէս կը մտածէ, որովհետեւ վկայութիւնը, ըստ իրեն, կարելի կը դարձնէ որ ճշմարտութիւնը հաստատուի, քանի որ պատկերը, այլ պատկերներու հետ յարաբերութեան մէջ դրուած, կարելի կը դարձնէ, որ վկայութեան շրջանակը տեղադրուի ու ստանայ ինքն իր ճշմարտացիութիւնը։ Առանձին պատկեր մը, կամ առանձին խօսք մը չունի այդ ուժը, սակայն երբ կը դրուի ուրիշներու հետ յարաբերութեան մէջ պատշաճ տեղադրումով, կրնայ ձեռք ձգել զայն։ Սակայն, այդ տեղադրումը կարելի է իրագործել միայն եթէ անգիտանանք ժխտողին «սոփեստութիւնները» եւ հաստատենք պատկերին հեղինակութիւնը «այնուամենայնիւ»։

Հայկական հարցի իրավիճակը այնպիսին է այսօր, որ կարծես ժխտողը կը մնայ միշտ յարգուած ու ազգերու համանուագին մէջ ճանչցուած պետութեան մը ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքը իրեն իրաւունք կու տայ բրտութեան ու սարսափի քաղաքականութիւնը շարունակելու՝ ողջ մնացածներու ժառանգորդներուն հանդէպ։

    Հայկական փորձառութիւնը, որուն ամենէն արմատական խօսնակն է Մարկը, չի կրնար ժխտողական տրամաբանութիւնը նկատել լոկ որպէս սոփեստութիւն ու զայն անգիտանալ։ Կամ աւելի շուտ, հայկական փորձառութիւնը կը կայանայ այդ սոփեստութեան բրտութեան ներքոյ ապրելուն մէջ։ Տրուած ըլլալով ու այն չափով որ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը մնայ միշտ աշխոյժ ու 1915ի վերապրողներու գրաւոր, բանաւոր ու տեսողական հազարաւոր վկայութիւնները կը մնան մեծ մասամբ մեռեալ տառ, կը գտնուինք քաղաքական իւրայատուկ կացութեան մը մէջ։ Հայկական հարցի իրավիճակը այնպիսին է այսօր, որ կարծես ժխտողը կը մնայ միշտ յարգուած ու ազգերու համանուագին մէջ ճանչցուած պետութեան մը ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքը իրեն իրաւունք կու տայ բրտութեան ու սարսափի քաղաքականութիւնը շարունակելու՝ ողջ մնացածներու ժառանգորդներուն հանդէպ։ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը փաստօրէն անժխտելի նշանն է այդ բրտութեան շարունակութեան։
     Ամփոփելով՝ Մարկին կատարած ուսուցման արժէքը կը կայանայ նոյնքան իր գրիչէն ելած յղացքներուն, մեկնաբանութիւններուն ու թարգմանութիւններուն մէջ, որքան իր որդեգրած խորապէս յարակարծական կեցուածքին։ Ըսել անկարելին, ցուցադրել այն կրկնակի հարկադրանքը, որուն թակարդին մէջ բռնուած է վերապրողը ու այդ ընելով ցոյց տալ, որ այդ կրկնակի հարկադրանքը սոփեստութիւն մըն է, վերապրողի արժանապատուութեան դէմ արձակուած զուտ բրտութիւն։ Ան չի գոհանար Տիտի-Հիւպերմանի օրինակով արձակուելիք «այնուամենայնիւ»ով մը, այլ կը բնակի այդ սոփեստութեան իսկ ներսիդին, զայն ներսէն պայթեցնելու համար։ Այսպիսի ազատագրումի մը պատգամաբերը դառնալու համար պէտք էր, բայց եւ այնպէս, հաստատել կրկնակի հարկադրանքին ամենազօրութիւնը։ Ատկէ մեկնելով, եզրակացնել թէ սփիւռքեան գրականութիւնը կը պարունակէ դարմանական յատկութիւններ, անկասկած չափազանցուած պիտի ըլլար։ Ազատագրումը, որուն երանգները կ՚ընդնշմարուին այստեղ, կը միջամտէ միայն պայմանաւ որ շարունակենք անյուսութիւնը պահել կենդանի։

Կ. տարի, 2021 թիւ 2 – 3

References
1 Jean-François Lyotard, Le Différend (Տարակարծութիւնը), Les Éditions de Minuit, Փարիզ, 1983։
2 Marc Nichanian, La perversion historiographique (Պատմագրական զառացումը), Éditions Leo Scheer, Փարիզ, 2006։
3 Marc Nichanian, Entre l’art et le témoignage – littératures arméniennes au XXe siècle), Metis Presses, Genève, 2008։
4 Տե՛ս Gregory Bateson, Vers une écologie de l’esprit, Seuil, Փա րիզ, 1977։
5 Պէյթսոն, անդ, էջ 24։
6 Նշանեան, Աղէտի վէպը, էջ 66։
7 Anna Barseghian & Stefan Kristensen, Spectrography (Լուսապատկերագրութիւն), installation (տեղադրում), 2010, Ժընեւ, ցուցադրուած նաեւ Իսթանպուլի մէջ, Depo Istanbulի յարկէն ներս մարտ-ապրիլ 2015 ամիսներուն։ Մելինէ Տէր Մինասեանի կատարողութեամբ ներկայացում՝ «Aucune voix ne se perd» (Որեւէ ձայն չի կորսուիր)։
8 Նացիներու Sonderkommando կոչուած յատուկ միաւորները աշխատանքային միաւորներ էին, բաղկացած մահուան ճամբարներու բանտարկեալներէն, որոնց պարտականութիւն տրուած էր, մահուան սպառնալիքի տակ, կազախցիկները պարպել մեռածներու դիակներէն։ [թրգմնչ.]
9 Georges Didi-Huberman, Images malgré tout (Պատկերներ ի վերջոյ), Paris, Minuit, 2003, էջ 11։