Թրթիռներ...

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆԻ ԹՐԹԻՌՆԵՐ…Ը

2020ին, թագավարակի համաշխարհային տագնապալի օրերուն, Փանոս Ճերանեան հրատարակեց իր վեցերորդ հատորը՝ Թրթիռներ...ը (Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, 103 էջ)։ Գիրքը պատրաստ էր 2013ին եւ յանձնուած՝ Պօղոս Սնապեանին, որ չհասաւ խմբագրել զայն՝ առողջական պատճառներով (ան մեռաւ 14 Յունիս, 2014ին)։ Գիրքը անտիպ մնաց եօթը տարի։ 2020ին բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան խմբագրեց այս քերթողագիրքը, որուն սկզբնական խորագիրն էր Ժամանակներ…։ Եթէ երկու անուանումները իրարու էախառնենք՝ կ՚ունենանք թրթիռներ, որ կը քալեն ժամանակներու հետ. բա՛ն մը, որ կը կազմէ գիրքին բոլոր բանաստեղծութիւններու խորքը։    
     Ճերանեան նախապէս հրատարակած է բանաստեղծութեան հինգ գիրք Քամիներ (1979), Ընդմիջուած լռութիւն (1991), Քեզ ինչպէս կոչեմ...(1998), Ի լուր…(1999) եւ Բառերու լոյսը (2005)։ Բոլոր քերթողագիրքերն ալ ինքներգութիւն են, Թրթիռներ…ը շարունակութիւնն է անոնց՝ խորքի աւելի լայն զարգացումով։
     Թրթիռներ…ը ունի հինգ ենթախորագիր — «Հայքուներ եւ պատկերներ», «Սիրոյ ժամանակ», «Աշնանային ժամանակ», «Ընդելուզուած բնութեան մէջ» եւ «Մտերմօրէն»։

***

     Թրթիռները սիրոյ, տառապանքի եւ առանձնութեան երգեր են։ Ասոնց կ՛ընկերանան բնութեան զանազան գործօնները, իսկ եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք իր մտերմութիւնները՝ հայրենական եւ ընտանեկան զանազան պարագաներու հետ՝ մենք կ՛ունենանք Թրթիռներու ամբողջութիւնը։   
     Ճերանեան բնութենապաշտխորհրդապաշտ բանաստեղծ է՝ վիպապաշտ շունչով պարուրուած։ Բնութեան զանազան երեւոյթներուն ու գործօններուն հետ մենախօսութեան մէջ կը գտնուի գիրքի գրեթէ բոլոր էջերուն մէջ։ Այսպէս, ան կը դիմէ մարգարտածաղիկին, վարդին, ձնծաղիկին, հիրիկին, յասմիկին, քամիին, սաղարթախիտ ծառին, նոճիին, բարտիին, ուռենիին, լիալուսինին, գաղթող թռչուններու եւ բնութիւնը բաղկացնող այլ բաներու հետ, որոնք, խորքին մէջ, իր զգացումներուն ու մտածումներուն արտաբերումն են եւ սիրոյ արտայայտութիւնը։
     Բնութեան եղանակներուն մէջ Ճերանեան ամենէն աւելի հարազատ կը զգայ աշնան ու ձմռան հետ, մա՛նաւանդ աշնան, բա՛ն մը, որուն այնքան չենք հանդիպիր իր նախորդ գիրքերուն մէջ։ Թրթիռներուն մէջ ներքին ապրումի վերածած է աշունը եւ «աշուն-աշունով ներկած է» իր բազմաթիւ բանաստեղծութիւնները, ինչպէս ինք կ՛ըսէ իր երախայրիք Քամիներ հատորին մէջ։ Աշունը կը տանի զինք հոգեկան ապրումներու գիրկը՝ յիշելու իր կորսուած սէրը, որուն կարօտը ունի հիմա։

     Մենք ուզեցինք միաձուլուիլ
     տակաւ կորսուող
     այդ յամեցող աշունին հետ,
     եւ զուր փնտռեցինք այն անծանօթին
          որ մեզ առնէր
     այդ պատկերին մէջ գունագեղ
     բայց չգտանք…
                                 («Պատկեր», էջ 53)

     Աշունը բանաստեղծի ներաշխարհին մէջ կը ստեղծէ լաւատեսութեան եւ աւելի շատ յոռետեսութեան տրամադրութիւններ։ Կը փորձէ լաւատես ըլլալ, սակայն իր դիմաց կը գտնէ մահուան սարսափը։ Աշնան մէջ կ’ուզէ գարունը տեսնել, մեղմ երեւոյթներ փնտռել։ Կը ջանայ լաւատես աչքերով դիտել աշունը, որուն ճանապարհին կիսամերկ վարդենի մը «գարուն կը բուրէ տակաւին»։ Սակայն նոյն քերթուածի («Աշնանային արձակ հայքուներ») վերջաւորութեան՝ 

Աշունէ-աշուն
Տարիքս անձայն յայտարարելէ
ծղրիթները ծերացան։
                                             (Էջ 5)

     Ան կը ձգտի ամառ ունենալու իր հոգիին մէջ։ Աշնան, հովանոցը գլուխին վերեւ դրած՝ ինքզինք կը պաշտպանէ տերեւներու տեղատարափէն, եւ՝

     ոտնաձայնիս խշրտուքներէն
             տարուած,
     արահետէ-արահետ
     կը շտապէի
     կարծես ամրան հասնելու…
                        («Աշնան մասին…», էջ 56)

     Լաւատեսութեան, կեանքի ու ջերմութեան իր փնտռտուքին մէջ բանաստեղծը ինքզինք կը նմանցնէ «բարձունքներուն մայրամտող հիւղակին», որուն, կարճ գիշերէ մը ետք, արեգակը պիտի փութայ անսահման հեռուներէն՝

Ընծայելու ամենաթանկը
     կեանքին…
                            («Հիւղակը…», էջ 62)

     Կամ՝ նմանիլ թիթեռնիկին, որ օրուան մէջ տենդավառ թեւածելէ ետք, կ՛ուզէ դառնալ իր առաջին գարունքին.

     Եւ յայտնապէս
     գիշերուան հետ
     կը մրցակցէր,
     այդ մարմրող երկինքին տակ
     իր ծաղիկին պայծառութեան
           հասնելու…
                             («Թիթեռնիկը», էջ 66)

     Բայց լաւատեսութիւնը տեղի կու տայ յոռետեսութեան դիմաց. յոռետեսութիւն մը, որ տակաւ առ տակաւ կը կազմաւորէ իր մէջ մահուան գաղափարը։ Երբ մարդ երիտասարդ է, ինչպէս ինք ալ եղած է, մահը չի կրնար մօտենալ իրեն։ Ըստ բանաստեղծին, որքան սաստիկ փչէ քամին՝ տերեւները չեն թափիր, եթէ աշուն չէ։ Բայց ժամանակի թաւալումին հետ մահը կը մօտենայ՝ որքան ալ ուզես հեռուէն նայիլ անոր։

Օր ու տարի հետապնդող
       ճանապարհիս
Երբ հիւսիսի քամին փչէ,
Փոթորկահեծ բարձունքներուն
        կը ձայնակցին՝
-ամենադժուարը վայրէջքն է
       կ’ըսեն։
                              («Ծառերը», էջ 80)

     Ճերանեանի յոռետեսութեան հետ կը միախառնուին նաեւ խաբուածութիւնն ու մերժուածութիւնը՝ իրեն տրուած սիրոյ խոստումին, եւ ինք կը սպասէ հրաշքի մը, որ կատարէ այդ խոստումը։ Ասիկա իր բանաստեղծութեան լարն է։

Աւելի՛ հեռուն
եթէ կը յիշես
գիշեր մը ամրած
մութի ու լոյսի պսակի նման՝
ինծի խոստացած անսահման
     սիրոյդ
հաւատացեալս՝
կը սպասեմ անձկաւ այդ նոյն
     հրաշքին…
                         («Ամենահեռուն», էջ 37)

     Բայց այդ հրաշքը չի կատարուիր, ինչ որ կը մղէ զինք մերժուածութեան, նոյնիսկ խաբուածութեան։ Եւ այս անդրադարձումին մէջ, չի պոռթկար ան, չի փոթորկիր։ Ընդհակառակը, ազնուական կը մնայ չյագեցած սիրոյ իր տառապանքին մէջ։ Նոյն տղան՝ բարի, քնքուշ, վեհանձն եւ հեզահամբոյր, ամօթխած՝ իր սիրոյն դիմաց, այզ մանաւանդ երազկոտ, լքուած եւ առանձնացած՝ անորոշ իտէալի որոնումով։

     Ու միշտ անձկաւ սպասելով
     Հրաշքին՝
     Անդարձ երջանկութիւնը երազելով։

     Բանաստեղծի հոգին ելեւէջներ կ’ունենայ աշնան եղանակի ազդեցութեան տակ։ Աշունը անբաժանելի մասն է իր ներաշխարհին։ Տերեւաթափին հետ, ինքնամփոփ, մեղմ եւ առանց պոռթկումի կ’երգէ իր ցաւը։ Աշնան մէջ կը փորձէ փնտռել իր հոգեկան մխիթարանքը, որովհետեւ ափսոսանքով կը գիտակցի, որ պիտի չվերադառնան հին օրերը։ Յոռետեսութեան հետ խառնուած պարտուողականութիւնը կը յաղթանակէ՝ երբ կը խօսի մահուան մասին։ Այո՛, ուռիներու ներկայութիւնը իր քերթողագիրքին մէջ. ուռին, ժողովուրդի բառերով, լացող ծառը, տխրութեան արտայայտիչը։ Ան լաւ գիտէ, որ ինչ բան կայ իր հոգիին խորքը. ահա՛ թէ ինչու միշտ մտիկ կ’ընէ անոր ձայնին։ Կարօտը ունի իր երբեմնի երջանկութեան, որ հեռու է հիմա։ Վերջապէս կը զգայ, որ հետզհետէ կը մաշի իր հոգին։

     Աշունը,
     Իր շիկաւուն տերեւներու
            համրանքով՝
     Սիրոյ բառեր
     Թող շշնչէր
     Շուրթերուդ։
                          («Սիրոյ եղանակ», էջ 39)

     Միայն աշունը չէ, որ կը յիշեցնէ իրեն իր հին սէրը, որ մնայուն է իր ներաշխարհին մէջ։ Բնութիւնը բաղկացնող զանազան գործօնները, զորս թուեցինք նախապէս, միջոցներ են՝ անոնց հետ մենախօսելու սիրոյ մասին։ Ապրիմ-մեռնիմը, «իր թաւալող տերեւով», իր սիրածին նախասիրութիւններէն գլխաւորագոյնն է ծաղիկներուն մէջ։ Ապրիմ-մեռնիմը միշտ կայ իր բոլոր գիրքերուն մէջ. հասարակ յայտարար է։ Ճերանեան կ’ափսոսայ, որ երազն ալ կ’անէանայ աչքերու մէջ, ինչպէս ապրիմ-մեռնիմը «սիրողներու մատներուն մէջ»։ Ապրիմ-մեռնիմը՝ «շիրմաքարի կողքին»։     
     Նոյնն է այլ ծաղիկներու պարագային։ «Ձնծաղիկը, որ կը դողայ վերջալոյսի արեգակէն, նոյնը՝ յասմիկին,

     Թուփերուն հետ, շուքերուն հետ,
     գիշեր բերող, գիշեր տանող սա
     ճանապարհին
     բոյրը աննինջ յասմիկին՝
     միմիայն քեզ կը յուշէ։
                     («Յասմիկին երգը», էջ 65)

     Ու Ճերանեան խաղաղութիւն կը գտնէ հիրիկին՝ կապոյտ ծաղիկին մէջ, որ լիճի ջուրերուն մէջ, իրիկունը, կը ձգէ իր սիրոյն երկնագոյնը։

***

     Քամին, ծառերը, ուռիները, նոճիներն ու թիթեռնիկները միշտ ներկայ են Ճերանեանի գիրքերուն մէջ։ Ան կը մենախօսէ անոնց հետ իր ներաշխարհով։ Վարդենիին վրայ ո՛չ մէկ թռչուն պիտի թառի ա՛լ, որովհետեւ անոր փուշը առանձին պիտի մնայ վիրաւոր յիշողութեան մէջ։ Ինքնատիպ քերթուածով ծառը նաեւ հրաշալի բանաստեղծ է. ծառը, որ տերեւ-տերեւ կ’արտասուէ՝ ոսկեգոյն արցունքներով։ Ու տակաւին, Ճերանեան նոճին կը նմանցնէ նրբագեղ գրիչներու՝ շիրմաքարերու կողքին։     
     Եւ այսպէս շարունակ երեւութապէս բնութեան առնչուող զանազան պատկերներ, որոնք խորքին մէջ իր ներքին խռովքը կ’արտայայտեն։

          Տերեւները, որոնք «առատ կը թուէին
     մօրս արցունքներուն նման, 
          Ամայի ծուէնը, որ «այտիս վրայ կը կաթի»,
          Լուռ վկայ թիթեռը, որ տող մը քերթուած
     կ’արձանադրէ,
          Բազէն, որ ձմռան կանուխ ժամուն
     «շողացող արեգակի ճառագայթը կը
     փնտռէր» անմատչելի հեռուներու մէջ։

     Ու բոլորին մէջ՝ Ճերանեանի սէրը, որ «այլեւս չի ձայներ», որ կը գտնուի «անմատչելի հեռուներուն մէջ». սիրոյ ափսոսանքը, իր սիրածին անյոյս վերադարձը, թախիծը, կարօտը, երազը, որ մնար ճառագայթի պէս «եռուզեռի մէջ հեռացող շուքերուն»։

ԳԱԶԷԼ

Առանց քեզի
Անունս անկոչ կը մնայ։
Ոտնաձայնդ տանս շեմին
Ինծի անհաս կը մնայ։

Քեզմէ դատարկ
Իմ կուրծքի տակ քար լռութիւն՝

Օրացոյցիս էջին վրայ։
Ամբողջ տարին ցուրտ եղանակ կը մնայ։
                                                       (էջ 23)

***

     Ճերանեան նոյնը մնացած է քառասուն տարուան ընթացքին՝ բանաստեղծութեան իր ըմբռնումին մէջ։ Բայց բանաստեղծութեան հասկացութիւնը, բնականաբար, փոխուած է ժամանակի թաւալումին հետ. Ճերանեան կարեւորութիւն չէ տուած այդ փոփոխութեան, ոչ ալ ազդուած է անկէ։ Կարելի է հաստատել անվարան, որ մեր օրերուն եւ ժամանակներուն յարմարող բանաստեղծը չէ ան։ Ասիկա ժխտական արտայայտութիւն մը չէ երբեք իր հասցէին, որովհետեւ ինչ հասկացութիւն եւ ձեւ փոխէ բանաստեղծութիւնը, անպայման հոն պիտի ըլլան սէրը, կարօտը, տենչանքը։ Բանաստեղծութեան ձե՞ւը եւ խո՞րքը կը փոխուին, գերիրապա՞շտ կ’ըլլայ, թէ՞ անհեթեթ. գոյութենապա՞շտ, թէ՞ ապագայապաշտ. հարց կու տանք՝ կարելի՞ է բանաստեղծութիւն ունենալ առանց ներքին զգացումներու եւ արտաքին երեւոյթներու բնութագրումի։ Կ’ըսուի. բանաստեղծութիւնը պէտք է քայլ պահէ օրուան հարցերուն հետ, քաղաքական եւ ընկերային վերիվայրումներուն հետ, առօրեայ մտահոգութիւններուն ու պայքարներուն հետ, քորոնային հետ։ Բայց այդ բոլորին մէջ եւ բոլորին ետին՝ եթէ բանաստեղծութեան մէջ պակսի մարդը, այն ատեն բանաստեղծութիւնը կը վերածուի տեղեկագրումի, հասարակ արտայայտութեամբ՝ թղթակցութեան։    
     Նո՛յն սիրտն է, որ կը բաբախէ Ճերանեանի բոլոր գիրքերուն ու բանաստեղծութիւններուն մէջ։
     Ճերանեանի բանաստեղծութեան հենքը բնութիւնն է, որուն բոլոր արտաքին երեւոյթները կը թափանցեն Ճերանեանի հոգիին մէջ։ Ասոր լաւագոյն արտայայտութիւնն է իր «Օրագիր» խորագրով բանաստեղծութիւնը.

Շուրջս ամէն բան
դէպի ներս սեւեռող
հայեացք մը կը մատնէ,
յայտնելու համար, թէ
մշուշի մէջ կանգնած այդ ծառը
կը պատկանի նաեւ մշուշին…
                                             (էջ 70)

***

     Ճերանեանի բանաստեղծութիւնը իրական է։ Անոր յուզումները եւ ապրումները պատահականութեան հետեւանք չեն, այլ կը բխին իր ապրած կեանքի անցեալի եւ այժմու պայմաններէն։ Այդ յուզումները կ’արտայայտեն իր թախծոտ ու դժգոհ տրամադրութիւնները, թաքուն խաբուածութիւնն ու մերժուածութիւնը։     
     Ճերանեան կ’երգէ իր անձնական կեանքը եւ կը նկարագրէ իր զգացումները, այսուհանդերձ երբեք եսապաշտ չեն անոր քերթուածները։ Մերժուածութիւնն ու դժգոհանքը համամարդկային են եւ ներկայ են շատերուն մէջ։ Թէեւ մենախօսութիւն են Ճերանեանի բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ կը կատարէ հոգիէն բխող խոստովանութիւններ, սակայն անհատապաշտութիւն չկայ այնտեղ։ Հոն կը խօսի ո՛չ թէ հեղինակը, այլ՝ մարդը։ Ուրեմն, սիրոյ, տառապանքի եւ կարօտի տենչանքը ուրիշ բան չեն խորհրդանշեր՝ այլ եթէ իրական կեանքը, վեհօրէն ու վճիտ։
     Ճերանեան իր սիրտի թռիչքներուն եւ անոնց անձնատուր եղող բանաստեղծն է։ Սէր, վիշտ, տենչանք, կարօտ, յոյս ու թախիծ։ Նոր չեն անոր նիւթերը, որոնք կան երկար դարերէ ի վեր. շարունակողն է ան ժողովրդային երգերուն։ Բայց ինքնատիպ է, ունի իրեն յատուկ յուզականութիւն մը, զգացական ուրոյն աշխարհ մը։ Հարցերուն կը մօտենայ բանաստեղծօրէն։
     Ճերանեան թեւ կու տայ իր երեւակայութեան, կը հեռանայ ներկայէն եւ կը սլանայ դէպի հեռաւոր անցեալ՝ ներկան եւ անցեալը իրարու ագուցելով։ Ու ներկային մէջ կը ստեղծէ մելամաղձոտութիւն ու թախծոտ տրամադրութիւն։ Բանաստեղծութիւնը հայելին է իր հոգիին ամենէն խորունկ տարրերուն։ Ան կ’օգտուի անցեալէն իր գործին մէջ դնելով տեսակ մը բնազդային զգայնութիւններ։
     Ճերանեան աշխարհը կը դիտէ իր անհատական զգացումներուն, ապրումներուն եւ տեսիլքներուն ընդմէջէն։ Այս առումով կը ստեղծէ զգացումի խորութիւն, անկեղծութիւն, պատկերաւորութիւն եւ արտայայտութեան խտութիւն՝ անհատականէն դէպի ընդհանուրը դիմելով, դէպի մարդասիրական ափերը երթալով։ Քննարկումի կ’ենթարկէ իր եսը եւ մտերիմ հաղորդակցութիւն մը կը ստեղծէ անհատին եւ իրեն սիրելի բնութեան միջեւ։ Բնութիւնը կը վերարտադրուի իր ներաշխարհի զգացումներով եւ խոստովանութեամբ։
     Տրտմագին է Ճերանեան, բայց լալկան չէ։ Չի պոռթկար։ Չի բողոքեր։ Չի ծառանար ընկերութեան դէմ։ Չունի յորդաբուխ յուզում, ոչ ալ անզուսպ երեւակայութիւն։ Երբեմն հանդէս կու գայ զգացումի չափազանցութիւններով։ Անցեալը վերակառուցելու իր փորձին մէջ, վիշտը, սիրոյ անհասանելիութիւնը, տենչանքը, կարօտը եւ երազները երբեմն կը հասնին ծայրայեղ համեմատութիւններու, որոնք կը վնասեն գործին։
     Ճերանեան իր մտերիմ ապրումներուն երգիչն է։ Անոր իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւնը դառնացած ու լքուած հոգիի մը փախուստն է, անցեալէն վերադարձող հոգիի մը վկայութիւնն է։ Ան փախուստ կու տայ ներկայէն եւ կը մեկուսանայ իր անհատական առանձնութեան մէջ։ Իր փախուստը կը կատարէ երկու ուղղութիւններով։ Առաջին՝ դէպի բնութիւն, որուն գործօնները հարազատ են, ազնիւ, գորովագութ ու բարի։ Ու ինք տեւաբար շփման մէջ կը գտնուի այդ գործօններուն հետ։ Երկրորդ՝ դէպի անցեալ, որ ամոքէ իր ցաւերը եւ ուր ամէն բան գեղեցիկ է։ Թէեւ տեղ-տեղ կը փորձէ երջանիկ ըլլալ, բայց տխուր է ան՝ իր ներկայ տրամադրութիւններուն դիմաց։
     Ճերանեան նուրբ զգացումներ քնարերգող բանաստեղծ մըն է։ Դասական իմաստով քնարերգող բանաստեղծներու քիչ կը հանդիպինք այսօր Սփիւռքի գրականութեան մէջ. քնարական շունչով գրուող քերթուածներու մթնոլորտ գրեթէ չկայ հիմա։ Թիւով շատ քիչ բանաստեղծ կայ այսօր, որ կը ներշնչուի գետակի կարկաչէն, բարտիի խշշոցէն, հովի ձայնէն եւ ծղրիթի թաքստոցէն։ Մնաց որ, Արտահայաստանի մէջ բանաստեղծութեան անդաստանին ջուր տուողներու թիւը կը պակսի եւ կը պակսի։ Ասիկա, անշուշտ, ուրիշ հարց է։
     Միսաք Մեծարենցի, բայց մանաւանդ Մատթէոս Զարիֆեանի քնարերգական բանաստեղծութիւնները իրենց բարերար նպաստը բերած են Ճերանեանի քերթուածներուն։ Արդէն երկուքին նուիրած է մէկական բանաստեղծութիւն։
     Թրթիռներ…ը Ճերանեանի հինգ գիրքերուն շարունակութիւնն է թէ՛ իր կառուցուածքով եւ թէ՛ բանաստեղծական արտայայտութիւններով։ Առաջինին (Քամիներ, 1979) եւ վերջինին մէջ կայ քառասուն տարուան հեռաւորութիւն մը, սակայն ոչինչ փոխուած է Ճերանեանի բանաստեղծական աշխարհին մէջ։ Նոյնը մնացած է ան բնութեան գործօններու իր յարաբերութեան մէջ, որ ներքին տառապանքը ունի իբրեւ խորք։ Այո, իր սրտի տրոփումները տրոփումներ են նաեւ այլ սիրտերու։ Ինչ որ յատուկ է իրեն, յատուկ է նաեւ ուրիշին։ Մեզմէ ո՞վ չունի կամ չէ ունեցած չիրագործուած փափաքներ։

***

     Ճերանեան հանդարտ ու հաւասարակշռուած խառնուածք մը ունի։ Իր քերթուածներու ձեւին ու կառուցման մէջ յաջողած է դնել մեծ խնամք եւ արուեստագէտի ճաշակ։ Իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն կը նպաստէ քնարական լարը։ Անոնք գրուած են բնական դրսեւորումներով եւ հեռու են լեզուական ու խրթին աճպարարութիւններէ։ Շատ յատկանշական են իր քերթուածներուն վերջին երկու տողերը։ Այս բոլորով հանդերձ, Թրթիռներ…ուն մէջ տեղ-տեղ արձակի վերածուած արտայայտութիւններ կան, իսկ կարգ մը քերթուածներու մէջ խախտած է երաժշտականութիւնը։ Բաներ են ասոնք, որոնք առաջ կը բերեն ծանրաբեռնուածութիւն։   
     Ճերանեանի լեզուն վճիտ է եւ անհուն, ջերմ, պատկերալից եւ առանց զարդարանքի։ Հռետորականութենէ հեռու։ Ոճը ինքնաբուխ է եւ զեղուն, յուզական ու մեղմ, հաղորդական։ Ձեւապաշտ չէ ան։ Բանաստեղծութիւնները կարճ են եւ ուղղակի դէպի սիրտին գացող։

Կ. Տարի, 2021 թիւ 1