ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆ ՓՐՈՖ. ԱՆԱՀԻՏ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Անահիտ Գասապեան Լիվըրփուլի համալսարանէն ներս Ճէյմս եւ Գոնսթանս ամպիոնի պատուակալ դասախօս է։ Հանգստեան կոչուելէ ի վեր կ՚աշխատի Լիվըրփուլի Արաբական մշակոյթի փառատօնի ծրագիրներուն վրայ, որ իր 30,000է աւելի հանդիսատեսներով արաբական մշակոյթի մեծագոյն փառատօնը կը նկատուի Անգլիոյ մէջ։ Գիտական, ներառեալ՝ հայկական ֆիլմերու նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու կողքին, ան հեղինակն է երկու մենագրութիւններու՝ Hearing Films (Routledge, 2001) եւ Ubiquitous Listening (Univ. of California Press, 2013), խմբագրած է երկու հատոր՝ Keeping Score (1997) եւ Ubiquitous Musics (2013), ինչպէս նաեւ հիմնադիր խմբագիր եղած է երեք պարբերականներու՝ Stanford Humanities Review (այժմ դադրած), Journal of Popular Music Studies, ինչպէս նաեւ Music, Sound and the Moving Image։ Դասաւանդած է զանազան համալսարաններէ ներս Գալիֆորնիա, Նիւ Եորք, Լիվըրփուլ եւ Լոնտոն, ինչպէս նաեւ տարբեր բաժանմունքներէ ներս, ինչպէս՝ Ֆիլմի, գրականութեան, հաղորդամիջոցներու, Միջին արեւելեան ու կնոջական ուսմունքներու։ Հիմնադիր ծրագրողներէն եղած է նաեւ 2000ական թուականներու երկայնքին Նիւ Եորքի ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հայկական ժամանակակից ֆիլմերու նուիրուած փառատօներու, ուր շեշտը կը դրուէր արուեստի ու ֆիլմի ընձեռած քննադատական մօտեցումներու վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր աշխատակից Հրայր Անմահունիի հարցազրոյցը անոր հետ։

Սիրելի Անահիտ, ֆիլմի ու երաժշտութեան աշխարհին մէջ ծանօթ ու յարգուած հեղինակութիւն ես, սակայն նուազ ծանօթ են գործունէութեանդ միւս երեսները՝ գիտաշխատողը եւ ֆիլմի փառատօներու ծրագրող-կազմակերպիչը, ըլլայ ասիկա հայագիտական ուսմանց կամ ընդհանուր հայկական մշակութային ոլորտներէն ներս։ Այս օրերուս ի՞նչ կը պահանջուի արուեստաբան կամ արուեստի գիտաշխատող համար։

Կարծեմ նախ պէտք է լուսաբանենք թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք արուեստի գիտաշխատող ըսելով, որովհետեւ մարդիկ այդ պիտակին տակ ընդհանրապէս ակադեմական մասնագիտացած աշխատանքի դաշտ մը կը պատկերացնեն եւ այդ ուղղութեամբ ճանապարհը յստակ է։ Սակայն, կան նաեւ հանրային ոլորտի մէջ գործող մտաւորականներ, որոնք յաճախ, բայց ո՛չ անպայման՝ կրնան լրագրութեան ճամբով տանիլ իրենց պրպտումները։ Կան նաեւ բեմադրիչներ կամ արուեստագէտներ, որոնք կը գրեն իրենց արուեստներուն մասին։ Առաջինի պարագային՝ ակադեմական ասպարէզի ճամբան կ՚անցնի դոկտորական աւարտաճառի բովէն։ Ութսունականներուն, երբ փափաք ունէի գրել ֆիլմերու մէջ ի գործ դրուող երաժշտութեան մասին, իմ մտածած ճամբան այդ մէկը չէր, մանաւանդ որ երբ գոյութիւն ունեցող համալսարանական ուսումնական ծրագիրները աչքէ կ՚անցընէի, եղածները զիս չէին գոհացներ։ Վերջ ի վերջոյ, յանգեցայ արուեստի ու գրականութեան միջեւ տատանող կրթանքի մը, ինչ որ շատ արտասովոր ճանապարհ մըն էր։ Այս տեսակի ասպարէզ մը հետապնդելու համար պէտք է շատ ու շատ ֆիլմ դիտել, անոնց մասին գրել եւ փորձել գրածներդ հրատարակել, ինչ որ այսօր մեծ մասամբ առցանց ոլորտին մէջ կը կատարուի ու դժբախտաբար անվճար է։ Այնպէս որ դժուար է ապրուստ ապահովել եւ սովորաբար ծնողքէն խոշոր գանձանակներ ժառանգողներն են միայն, որոնք կրնան երկար դիմանալ անվճար աշխատանքի պարտադրանքին։ Ակադեմական լիաժամ պաշտօններն ալ առաւօտեան ցօղին նման անհետացման ճամբուն վրայ են։ Խօսքս tenure trackի մասին է, որ ակադեմական պաշտօնի յարատեւումը ապահովելու կոչուած էր, սակայն երթալէն նուազ կիրարկուող մենաշնորհ մը կը դառնայ, երբ համալսարաններ դասաւանդումը հետզհետէ աւելի կը վստահին ոչ մշտական դրութեամբ, գործակից ու ժամանակաւոր պայմանագրով ուսուցիչներու, ինչ որ շատ կը դժուարացնէ մասնագիտական ասպարէզի ծաղկումը եւ կը ծառայէ ո՛չ թէ ի շահ ուսուցիչներուն կամ աշակերտներուն՝ այլ պարզապէս ուսումնական հիմնարկներու դրամարկղներուն, զորս կ՚ուզեն մեզի հաւատացնել տալ թէ կը դիմագրաւեն անձուկ ժամանակներ։ Անձնական համալսարաններու պարագային, գոնէ Ամերիկայի մէջ, ուր համալսարաններու շարժուն ու անշարժ գոյքերն ու կալուածները անհամեմատ փարթամ վիճակի մէջ են, այս պատկերը շատ հեռու է իրականութենէն։ Բայց այս մէկը տարբեր զրոյցի նիւթ է [ժպիտ]

Հայաստանի մասին չեմ կրնար խօսիլ, սակայն սփիւռքեան մշակութային ոլորտին մէջ այս տեսակի՝ ակադեմականէն դէպի հանրային ոլորտ դանդաղ ընթացքով կատարուող ինքն ըստ ինքեան փոխանցում չկայ, ինչպէս որ է, օրինակ, ընդհանուր եւրոպական կամ ամերիկեան մեծ մշակոյթներու պարագային։ Ասոր պատճառը, կը խորհիմ, այն է, որ իբրեւ համայնք ու հաւաքականութիւն՝ արուեստի ու մարդկայնապաշտ գիտութիւններու նուիրուած ուսմունքները մեր մօտ բաւարար կշիռք չեն ներկայացներ ու արժեւորուած չեն իբրեւ այդ

Ճիշդ ես։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար եթէ կարենայիր քիչ մը մանրամասնել գիտական աշխատանքին վերապահուած դերին մասին, ըլլար ան իշխող մշակոյթներէ եւ ոչ իշխող կամ փոքրամասնական մշակոյթներէ ներս ու անոնց միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մասին, քանի մը խօսքով եթէ կ՚ըլլայ։

Ատիկա բարդ հարց է։ Նախ եւ առաջ կը խորհիմ, որ մեծ տարբերութիւններ կան երկրէ երկիր։ Ֆրանսայի մէջ, օրինակի համար, ակադեմականները աւելի ներկայ են հանրային ոլորտի մէջ քան ըսենք Անգլիոյ, նուազ եւս Ամերիկայի։ Այնպէս որ անոնց ընկալումն ալ կը տարբերի երկրէ երկիր։ Սակայն, ընդհանրապէս, կը խորհիմ որ այն տեսութիւնները, որոնք նորութիւն էին երբ ես նոր կը սկսէի ուսումնական ճանապարհս, այսօր մաս կը կազմեն հանրային քննարկման ու բառապաշարին։ Հետեւաբար, այդ զտումն ու անցքը ակադեմականէն դէպի հանրային ոլորտ 20-25 տարուան կը կարօտի։ Այս մէկը, սակայն, նոյնը չէ փոքրամասնական մշակոյթներու պարագային։ Այսինքն՝ կրնամ միայն հայկականին մասին խօսիլ։ Հայաստանի մասին չեմ կրնար խօսիլ, սակայն սփիւռքեան մշակութային ոլորտին մէջ այս տեսակի՝ ակադեմականէն դէպի հանրային ոլորտ դանդաղ ընթացքով կատարուող ինքն ըստ ինքեան փոխանցում չկայ, ինչպէս որ է, օրինակ, ընդհանուր եւրոպական կամ ամերիկեան մեծ մշակոյթներու պարագային։ Ասոր պատճառը, կը խորհիմ, այն է, որ իբրեւ համայնք ու հաւաքականութիւն՝ արուեստի ու մարդկայնապաշտ գիտութիւններու նուիրուած ուսմունքները մեր մօտ բաւարար կշիռք չեն ներկայացներ ու արժեւորուած չեն իբրեւ այդ։ Խօսքս ընդհանուր է անշուշտ։ Ահա թէ ինչու քիչեր կը մտածեն այդ ուղղութիւններով ընթանալ, իսկ մտածողներէն շատերն ալ կը յուսալքուին։ Այնպէս որ այդ ոլորտներէն ներս շատ քիչ աշխատանք կը կատարուի մեր մօտ, սակայն յոյս ունիմ որ հետզհետէ կացութիւնը փոխուի։

Հարցը կը բարդանայ նաեւ հիմնարկներու բացակայութեամբ։ Այսինքն՝ կը պակսին տեղերը, ուր մարդ կարենար գտնել ու ուսումնասիրել արուեստի կամ ֆիլմերու հաւաքածոներ, օրինակի համար։ Ո՛չ իսկ մէկ արուեստագէտի գործերը կարելի է հաւաքուած գտնել որեւէ տեղ, ուր մնաց խումբերու, շարժումներու, եւ այլն։

Ճի՛շդ ես, եւ ասիկա ո՛չ միայն ֆիլմի, այլ բոլոր արուեստներու պարագային, ներառեալ երաժշտութեան։ Մենք մեր մօտ ստեղծուող մշակոյթին հանդէպ անհոգ ենք։ Չենք մտածեր թանգարաններու, արխիւներու, հաւաքածոներ յաւերժացնող եւ ուսումնասիրող հիմնարկներու մասին, որոնք կրնան ցուցահանդէսներ կազմակերպել, մշակութային ծրագիրներ մշակել, գործերը տարածել, հասանելի դարձնել ու զրոյց ստեղծել արուեստագէտներուն միջեւ, եւ այլն։ 2000ականներուն երբ հայկական ֆիլմերու փառատօներ կը կազմակերպէինք, բեմադրիչներուն մեծ մասը իրենց ֆիլմերը գուցէ շատ փոքր կամ չնչին ծաւալէ դուրս՝ հայկական միջավայրերու մէջ երբեք ցուցադրած չէին։ Այսինքն՝ մենք մեր ֆիլմերը տեսած չէինք, լուր իսկ չունէինք անոնց մասին։ Իրենք իրենց մէջ ալ մէկզմէկու մասին հազիւ լսած կային ու իրար միջեւ զրոյց գոյութիւն չունէր, որովհետեւ զիրենք ի մի բերող հիմնարկներ, վայրեր չկան։ Կացութիւնը աւելի քան ցաւալի է, չըսելու համար ամօթ է։ Միջավայր զլանալը ոեւէ արուեստագէտի կամ արուեստի խումբի զանոնք ամլութեան կամ հրաժարումի կ՚առաջնորդէ։ Ինչ որ պատահեցաւ օրին հետս։ Իմ տպած առաջին ակադեմական յօդուածը հայկական վաւերագրական ֆիլմի մը կ՚առնչուէր։ Հայկականը միշտ գտնուած է հետաքրքրութիւններուս կիզակէտին, սակայն երբեք զայն չեմ դարձուցած հիմնական ակադեմական զբաղմունքս, միջոցը չեմ ունեցած ատոր։ Եթէ կարելի եղած ըլլար, հայկական ֆիլմաշխարհի գիտաշխատող մը դարձած կ՚ըլլայի օրինակի համար, սակայն գաղափարն իսկ երբեւիցէ հասանելի չէ եղած։ Գոյութիւն ունեցող հայագիտական ուսմանց ծրագիրներուն մէջ ժամանակակից արուեստի կամ հաղորդամիջոցներու պաշտօն չկար, ոչ ալ փոքրամասնական մշակոյթներով հետաքրքրուած աւելի ընդհանուր բաժանմունքներու մէջ հայկականին նուիրուած պաշտօններ կային, այնպէս որ այդ ճանապարհը փակ էր։ Այդպիսի ասպարէզ գոյութիւն չունէր։ Իբրեւ հետեւանք, այդ հետաքրքրութիւնը մնաց ուրեմն մօտս միշտ որպէս կողմնակի զբաղմունք։

«Ներսի եւ դուրսի» կրկնուող հարցն է։ Հայկականէն դուրս գտնուող հաստատութիւններ կրնան հայկականով հետաքրքրուիլ, բայց ստիպուած չեն, իսկ մենք կը փորձենք անոնց հետ կապեր հաստատել մեր նշանաւոր դէմքերուն ընդմէջէն կամ միջոցով։

Հեգնական ըլլալու գնով, կը խորհիմ որ փոքրամասնութիւնները Ամերիկայի մէջ կը նմանին ամսուան կամ եղանակի նորութեան, այնպէս որ կարճ ժամանակի մը համար հետաքրքրական կը դառնան ու կարճ ներթափանցումներ, գուցէ պաշտօններ կը բացուին գլխաւոր բաժանմունքներու մէջ, ու ապա «մօտան» կ՚անցնի։ Մեր պարագային սակայն, գոնէ որքան որ ես կը յիշեմ, այդ մէկն ալ չէ պատահած, երբեք «մօտա» չենք դարձած ու ես արդէն 60ներուս մէջ եմ… ։ Բաւարար չնաշխարհիկ չենք կ՚երեւի կամ գուցէ ազդեցիկ…

Առաւել եւս պայքար ունինք, դատ ունինք պաշտպանելիք, եւ երբ կը դիմես արուեստով զբաղող կազմակերպութիւններու՝ զանոնք ներգրաւելու յոյսով, ու այս երկուքէն կը խօսիս միայն, դժուար կ՚ըլլայ անոնց ուշադրութիւնը պահելը։ Անոնց հետաքրքրութիւնը քաղաքականէն դուրս քու մշակոյթիդ բերելիք ներդրումին վրայ է։ Ի՞նչ ունիս ըսելիք դուն ու քու համայնքդ ընդհանուր առօրեան յուզող մշակութային հարցերուն մէջ։ Խօսքս անշուշտ քաղաքական թեքումով արուեստին մասին չէ։ Ատիկա կայ ու արդարացի է, սակայն ընդհանուր արուեստի համայնքը ներգրաւելու համար ժամանակակիցին հետ առնչուող ներդրում պէտք է ունենալ։ Ատիկա է որ կը սպասուի մեզմէ։

Ճիշդ ես։ Կարծեմ մենք յաճախ կախուած մնացած ենք կրկնուող յանկերգի մը շրջանակին մէջ։ Անընդհատ «փաստելու» գործին մէջ ենք որ մեզի պատահածը ցեղասպանութիւն էր, եւ չենք մտածեր ատկէ անդինին մասին, օրինակ՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ու փոխադրուող հոգեխոցին ու անոր դրսեւորումներուն մասին, որ արուեստի պեղման հետաքրքրական ոլորտ մը կրնայ հայթայթել միաժամանակ դառնալով բազմաթիւ այլ համայնքներ յուզող հասարակաց գետին մը։ Յարգելով հանդերձ մանր բացառութիւնները, հաւաքաբար կը մնանք նոյն տեղը ուր էինք հարիւր տարի առաջ։ Անշուշտ դէպքին առայսօր ուրացումն ու անոր իրաւական երեսը մեզ կարծես գերին պահած է իր յանկերգին, ստիպելով որ անընդհատ կրկնենք նոյն բանը, առանց մտածելու թէ ի՞նչ կու գայ անկէ ետք։ Մէյ մը որ դադրէինք պահանջելէ որ մարդիկ մեր ականջներուն կրկնեն մեր արդէն գիտցածը, այն ատեն գուցէ շատ ու շատ նոր հարցեր ու մարտահրաւէրներ կարենայինք լսել։ Արուեստագէտին, գրողին համար, ասոնք մեծ հարցեր են ու աշխատանքի դաշտեր։

Անընդհատ «փաստելու» գործին մէջ ենք որ մեզի պատահածը ցեղասպանութիւն էր, եւ չենք մտածեր ատկէ անդինին մասին, օրինակ՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ու փոխադրուող հոգեխոցին ու անոր դրսեւորումներուն մասին, որ արուեստի պեղման հետաքրքրական ոլորտ մը կրնայ հայթայթել միաժամանակ դառնալով բազմաթիւ այլ համայնքներ յուզող հասարակաց գետին մը։

Կ՚ուզէի նաեւ խօսիլ քու հրատարակութիւններուդ մասին։ Ակադեմական յօդուածներէ ու խմբագրական աշխատանքներէ դուրս ունիս նաեւ երկու մենագրութիւններ, երկուքն ալ ձայնի մասին։ Իբրեւ ձայնի գիտաշխատող գուցէ կրնաս երկու խօսք ըսել այդ ճիւղին ու գիրքերուդ մասին։ Առաջինը կը կոչուէր “Hearing Film”, լոյս տեսած 2000ին՝ Routledge հրատարակչատան մօտ. երկրորդը՝ “Ubiquitous Listening”, լոյս տեսած 2013ին՝ University of California Pressի մօտ, որուն կողքը բաւարար պէտք է ըլլար գիրքը դատելու համար … [ծիծաղ]։

Շա՜տ կը սիրեմ այդ կողքը [ժպիտ]։ Սկսելու համար, հաղորդամիջոցներու ոլորտի՝ media studiesի ուսանող էի ու կը խորհէի, թէ լրագրող կը դառնամ։ Հետեւեցայ ֆիլմեր մօտէն ուսումնասիրող քանի մը դասընթացքներու եւ հետաքրքրութիւնս դէպի ֆիլմի տեսութեան կողմ գնաց, սակայն ապշած էի, որ միայն տեսողականը քննութեան կ՚ենթարկուէր, մինչ իմ հետաքրքրութիւնս անոր ընկերացող ձայնի աշխարհին կ՚երթար։ Սկիզբը մտադիր չէի աւարտելէ ետք ուսումս շարունակել, սակայն մարդիկ դրական կ՚արտայայտուէին թեքումիս հանդէպ ու կը մղէին որ շարունակեմ։ Այնպէս որ դիմեցի ու քանի մը հետաքրքրական ծրագիրներու մէջ ընդունուեցայ։ Որոշեցի Սթանֆորտ համալսարանի ծրագրին հետեւիլ, որ կը կոչուէր «Արդի միտք ու գրականութիւն»։ Շատ սիրեցի։ Յստակ էր, որ ակադեմական ոլորտն էր զիս առինքնողը, թէեւ ես տեղեակ չէի անոր։ Առաջին գիրքս դոկտորական աւարտաճառէս բխած էր եւ փորձ մըն էր հասկնալու, թէ ֆիլմի մը մէջ երաժշտութիւնը ինչպէ՞ս կը պայմանաւորէ հանդիսատեսին մօտ անոր հետ նոյնացման ճանապարհները։ Երբ յաջող ֆիլմ մը կը դիտէք, ըսենք ոչ փորձառական, զօրաւոր կապ կը սկսիք զգալ որոշ կերպարի մը, խումբի մը կամ վայրի մը հետ։ Կ՚ուզէի հասկնալ թէ երաժշտութիւնը ի՞նչ ձեւով կը մասնակցի այդ կապի զգացումի ստեղծման ու նոյնացման գործողութեան մէջ։ Այդ ուղղութեամբ ո՛չ մէկ հետազօտութիւն եղած էր։ Երբ գիրքս լոյս կը տեսնէր, տակաւին հատ ու կենտ գրականութիւն կար ֆիլմերու մէջ երաժշտութեան խաղացած դերին մասին։ Այնպէս որ գիրքս նորութիւն մը կը բերէր եւ առաջին անգամն էր որ այդ կը հարցը կը դրուէր։ Հետաքրքրութիւնս կ՚երթար մասնաւորաբար դէպի ստեղծուող տարբեր տեսակի կապերու ուղղութեամբ։ Օրինակ՝ տարբերութիւն կա՞ր, թէ երաժշտութիւնը ֆիլմին համար յատուկ գրուած ըլլար կամ պարզապէս նախապէս գոյութիւն ունեցող կտորներէ բաղկացած էր։ Նո՞յն ձեւով կ՚աշխատին անոնք։ Կամ՝ ի՞նչ կը պատահի երբ մշակութային տարբերութիւններ մուտք կը գործեն։ Օրինակի համար, նո՞յն մօտեցումները կ՚որդեգրուին արու կամ կին հերոսներու պարագային, մորթի գոյնի տարբերութիւն ունեցողներու պարագային, եւ այդ տարբերութիւնները ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին, եւ այլն։ Առաջին գիրքս այս հարցերով կը զբաղէր։ Մինչ այդ, ինչպէս ամէն գիտաշխատող, կողքին յօդուածներ ալ կը գրէի, որոնք կը բխէին գիրքէն, սակայն կը տարածուէին դէպի կողմնակի ոլորտներ։ Անոնք ալ նիւթ հայթայթեցին երկրորդ հատորիս։ Սկսայ յետսամասին մէջ ծուարող երաժշտութեան մասին մտածել աւելի ընդհանուր կերպով։ Օրինակի համար՝ եթէ առաջին գիրքէն եկած հարցերը փորձենք կիրարկել տարբեր միջավայրերու մէջ, սեպենք ճաշարանի մը կամ խանութի մը մէջ առկայ երաժշտութեան վրայ, արդեօք ի զօրու կը մնա՞ն, կամ միթէ նոյն ձեւերո՞վ կը բանին։ Տանս մէջ երբ երաժշտութիւնը կը միացնեմ, ի՞նչ ձեւով կ՚ազդէ անիկա առօրեայիս վրայ։ Յետսամասին մէջ գործող երաժշտութիւնը ի՞նչ ձեւով կը բանի երբ ուղղակի կերպով չենք ունկնդրեր զայն։ Այդ էր զիս հետաքրքրողը հիմա, կողմնակի կերպով մեր ականջին հասնող երաժշտութեան դերը ու անգիտակից կամ ոչ գիտակից կերպով անոր կարելի ներգործութիւնը մեր մտքերուն վրայ։ Երկրորդ գրքիս նիւթը այդ է, այդ կողմնակի երաժշտութեան ու ձայնի ունեցած որոշակի ուժին ու ներգործութեան մասին, մանաւանդ որ գիտակից կերպով ուշադիր չենք անոր։ Կ՚ենթադրենք, որ արուեստի գործի մը դիմաց հանդիսատեսին ընկալումը կեդրոնացած կերպով տեղի կ՚ունենայ։ Չենք մտածեր, օրինակի համար, որ համերգասրահէ մը ներս անուշադիր ունկնդրութեան խոշոր բաժին մը կայ, երբ կը լսենք, բայց մեր ուշադրութիւնը ուրիշ տեղ է։ Այնպէս որ այս մօտեցումը զարտուղի, նոր մօտեցում մըն էր։ Նոյնն է պարագան երբ ֆիլմ կը դիտենք։ Մեր մտքերը կը թափառին, կ՚երթանք ու ետ կու գանք, սակայն ատոր մասին բան չենք գիտեր ու չենք հասկնար այդ գործողութիւնը ու անոր հետեւանքները կամ ազդեցութիւնները։ Ճիշդ ա՛յդ էր որ կը հետաքրքրէր զիս։

ժամանակակից մշակոյթը հոսկէ-հոնկէ քաղուած պատառիկներ ի մի կը բերէ ու հանդիսատեսին կ՚իյնայ կծիկը քակել՝ հասկնալու համար, թէ ինչ են կամ ուրկէ կու գան անոնք։ Յետարդիական մօտեցումին մաս կը կազմէ։ Երբ առնուածը փոքրամասնական մշակոյթներէ կու գայ, աւելի խնդրայարոյց կը դառնայ, որովհետեւ եթէ անոնք ներկայ չըլլան այդ փնտռտուքին մէջ, վերցուածները ճանչնալն ու իմաստաւորելը ալ աւելի կը դժուարանայ։

Այդ թափառումը կասեցնելու համար է, որ գործերուս մէջ յաճախ հնարքներ կը փորձեմ գտնել դիտողին յիշեցնելու համար, որ հոն է, գործին դէմ յանդիման։ Խօսքդ թաքուն կամ ենթագիտակից հակակշռի ուղղութեամբ չէ կարծեմ։ Աւելի անգիտակից ներկայութեան մասին է։ Վերելակներու, հանրախանութներու կամ գոց շուկաներու մէջ յետսամասին նուագուող երաժշտութիւնը պատգամ չունի, իրականութեան մէջ ոչինչ կը փոխանցէ, բացի իր ներկայութենէն։ 

Այո՛։ Ժամանակ առաւ մինչեւ անդրադառնամ այդ ներկայութեան գործելակերպին։ Առաջին անգամ որ անդրադարձայ թէ ինչ կը պատահի, զրոյցի նստած էինք խումբ մը ուսանողներու հետ գարեջրատան մը մէջ։ Յանկարծ գիտակից դարձայ երաժշտութեան ներկայութեան։ Սկիզբէն հոն էր անշուշտ, նոյն բարձրութեամբ։ Շրջապատին մէջ ոչինչ փոխուած էր, ո՛չ աղմուկը նուազած, ո՛չ ներկաները մեկնած։ Բան մը պատահած էր, սակայն, եւ պատճառ դարձած՝ որ անդրադառնամ անոր ներկայութեան։ Պարզապէս այդ պահուն երգ մը սկսած էր, որ ծանօթ էր ինծի եւ կը սիրէի։ Ու սկսայ մտածել, թէ ինչպէ՞ս ուշադրութիւնս մէկէն գրաւեց։ Կը նշանակէր որ, թէեւ «ունկն դրած» չէի ընկալեր զայն, այսինքն՝ գործօն կերպով չէի ունկնդրեր գարեջրատան ժխորին մէջ անընդհատ սփռուող երաժշտութիւնը, սակայն ըստ երեւոյթին անիկա ականջիս մէջ էր եւ ճիշդ այն պահուն, երբ սիրած կտորս սկսաւ, գիտակից դարձայ անոր ներկայութեան։ Ասիկա խորունկ ներկայութիւն մը կը թելադրէ, աւելի քան շրջապատի պարագայական ներկայութիւն մը, որ կրնայ որեւէ պահուն գիտակցականս արթնցնել։

Գրքին լրիւ վերնագիրն է՝ Ubiquitous Listening. Affect, Attention and Distributed Subjectivity (պարագայական թարգմանութեամբ մը՝ Ամէնուրեքեան ունկնդրութիւն. յուզում, ուշադրութիւն ու բաշխուած ենթակայութիւն)։ Կրնայի՞ր քանի մը խօսք ըսել ատոր մասին։

Յուզական տեսութիւն (affect theory) կոչուողը կը բխի ջղաբանական գիտութեանց մէջ Ի. դարու վերջաւորութեան ու ներկայ դարուս սկիզբը կատարուած զարգացումներէն։ Գիտենք որ մեր մարմինները յաճախ, եթէ ոչ միշտ, գրգիռներու կամ խթաններու կը հակազդեն նախքան մեր կողմէ գիտակից որոշման կայացումին։ Մեր մարմինները նախ կը հակազդեն, ֆիզիքական կերպով, ապա միայն մենք կ՚անդրադառնանք պատահածին ու անոր մասին որոշում կու տանք։ Այս մէկը ֆիզիքական մնացորդ կը ձգէ մեր մարմիններուն մէջ, ինչ որ դեր կը խաղայ յառաջիկային մեր ունենալիք յուզական հակազդեցութիւններուն վրայ։ Այս գաղափարները հիմք հանդիսացան հետազօտական ամբողջովին նոր մօտեցումներու ու պրպտումներու։

Նոյն ատեն, աշխատանքային հարցերով զբաղող շատ մը գիտաշխատողներ, յաճախ մարքսիստ թեքումով, ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէին «յուզական աշխատանք» (affective labour) կոչուողը, այսինքն բոլոր այն գործերը, որոնք կը զբաղին մարդ արարածի բարօրութեամբ, խնամքով, կամ ծառայութիւն մատուցանելով անոր, օրինակի համար՝ բժշկականէն մինչեւ ամէն տեսակի ծառայութիւնները, որոնք դեր ունին անհատի բարօրութեան հետ, ինչպէս սննդական կամ ֆինանսական ծառայութիւն մատուցողներ, եւ այլն։ Այսքանը յուզականին մասին։

Ինչ կը վերաբերի բաշխուած ենթակայութեան, այդ մէկը բացատրելը քիչ մը աւելի բարդ է, սակայն փորձենք։ Պահ մը մենք մեզ երեւակայենք սինեմայի սրահէ մը ներս ֆիլմ դիտելով զբաղած։ Բոլորս գիտենք թէ ինչ որ կը զգանք այդ պահուն միայն մեր զգացածը չէ։ Հանդիսատեսներու խմբային հակազդեցութիւնը դեր կը խաղայ մեր ունեցած կամ ունենալիք հակազդեցութեանց վրայ, կը պայմանաւորէ զանոնք ու կ՚ազդէ առանց որ գիտակից ըլլանք յաճախ կամ կարենանք հակազդել։ Նոյնը ի զօրու է շատ մը այլ պարունակներու մէջ, շատ աւելի տարածուած կերպով, քան ինչ որ կը խորհինք կամ կ՚երեւակայենք։ Կ՚ենթադրենք, որ մեր հակազդեցութիւնները ամբողջովին անհատական են, սակայն անոնք գրեթէ միշտ կը գործեն հաւաքական ցանցի մը առկայութեամբ, որ անոր հող կը պատրաստէ եւ ուղղութեան կու տայ։ Յուսամ այսքանը գաղափար մը կու տայ անոր ընդերքին մասին։

Մեր մօտ մշակոյթը դադրած է ժամանակակից ու մեզ շրջապատող
աշխարհին հետ իսկական զրոյց մը ըլլալէ, եւ ատոր հետեւանքները
մահացու են, որով զուրկ այդ թթուածինէն՝ արուեստ եւ մշակոյթ
խեղդամահ կ՚ըլլան։

Այո։ Կ՚ուզէի նաեւ որ քիչ մը խօսէիր քու անցեալիդ ու մեծցած միջավայրիդ մասին իբրեւ հայ։ Գիտեմ որ ծնողքիդ ու միջավայրիդ ընդմէջէն միշտ առնչուած ես հայ գաղութին հետ։ 

Ատիկա մինչեւ մեծ ծնողներս կ՚երթայ։ Մեծցած եմ Նիւ Եորքի շրջակայքին մէջ, սկիզբը հայախօս տան մը մէջ։ Երեխայութեանս տան լեզուն հայերէն էր ու սորված եմ զայն բնականաբար։ Սակայն, մեծ ծնողներուս մահուամբ, երբ այդ լեզուն դադրեցաւ մեր տան մէջ հնչելէ, անոր գործածութիւնն ալ ականջներէս հեռացաւ ու գրեթէ մոռցայ։ Ծնողքս ինձմէ ու եղբօրմէս ծածուկ խօսակցութիւնը հայերէնով կ՚ընէին, ես ալ ականջներս կը սրէի, որ հասկնամ ու եղբօրս ալ բացատրեմ։ Մինչեւ հիմա երբ կը մխրճուիմ հայախօսներու մէջ, ատեն մը ետք կամաց կամաց ետ կու գայ, այլապէս ամբողջովին անգլիախօս միջավայրի մէջ եմ։ Ծնողներս ուսեալ էին, լաւ հայերէն գիտէին ու զանազան կերպերով կապուած էին այդ լեզուէն եկող մշակոյթին։ Արբունքի տարիներուս կրկին հետաքրքրութիւնը արթնցաւ մէջս դէպի ակունքներս ու ՀԵԴի անդամ դարձայ։ Ծառայած եմ զանազան պաշտօններու վրայ, ուսումնական ծրագիրներ, եւայլն։ Քսանականներուս կամաց կամաց հեռացայ, մասամբ որովհետեւ համբերութիւնս հատնեցաւ համայնքէն ներս կիներու սահմանուած դերերէն, մասամբ ալ հետաքրքրութիւններս զիս տարին այլ ուղղութիւններով, ամուսնացայ, երեխայ ունեցայ, եւ այլն։ Սան Ֆրանսիսքօ գտնուած օրերուս, օր մը երբ կիներու նուագախումբի մը հետ կ՚աշխատէի, Թէա Ֆարհատեանը մօտեցաւ ինծի ու հարցուց, թէ հա՞յ եմ։ Զարմացայ (անունս կարդացեր էր կուրծքի պիտակիս վրայ)։ Բարեկամացանք։ Թէան ալ կը պատկանի անուններու այն երկար շարքին, որոնք որպէս մասնագէտ յարգուած ու փնտռուած անուններ են համայնքէն դուրս, բայց կատարեալ անծանօթներ կը մնան անկէ ներս։ Ինչեւէ, միջին արեւելեան ֆիլմերու փառատօն մը կը կազմակերպուէր ու անոր պատասխանատուն մեզի հարց տուաւ, թէ հետաքրքրուած կ՚ըլլայինք հայկական մըն ալ կազմակերպելով։ Այդպէս սկսանք միասին աշխատիլ, քեզի ալ ծանօթացայ եւ 2000ականներուն միասին քանի մը տարուան վրայ փառատօն կազմակերպեցինք, ե՛ւ արեւմտեան, ե՛ւ արեւելեան ափերուն վրայ։ Նոյն տարիներուն Մարկ Նշանեանը Նիւ Եորք էր եւ իրեն ալ ծանօթացայ ու անդամ դարձայ Գոլումպիա համալսարանի հայկական ամպիոնի կողքին գործող Հայկական Կեդրոնին, որ բաւական տարօրինակ փորձառութիւն մըն էր։ Եթէ կ՚ուզէք հասկնալ թէ ինչու հայագիտական ուսմունքները հեռու կը մնան շրջապատի ակադեմական ու տեսական ընդհանուր աշխարհէն ու չեն ներառնուիր զանազան ուսումնական ծրագիրներու մէջ, կը բաւէ այդ ամպիոնի հետ առնչուած անցնող տարիներու պատմութեան վրայ ակնարկ մը նետել ու անոր հետ համայնքին ցուցաբերած յարաբերութեան։ Պատկերը փայլուն չէ։ Վերադառնալով փառատօներուն, լաւ օրեր էին, ինչո՞ւ չշարունակեցինք։

Կը յիշեմ, որ այդ օրերուն փառատօներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ էր ու զանազան աղբիւրներէ նիւթական ներդրումներ ալ կարելի եղած էր ապահովել. MGM/UA, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետութիւն, տեղական կազմակերպութիւններ, Film Arts Foundation, San Francisco Cinematheque, արաբական ու հրէական ֆիլմերու փառատօներ, Կէօթէ հիմնարկ, եւ այլն։ Դժբախտաբար, 2008էն ետք չշարունակուեցաւ, ցրուեցանք։ Նաեւ սկիզբը չցուցադրուած ֆիլմերու պահեստ մը կար, որմէ օգտուեցանք, ապա դիմումներու թիւը շատ պակսեցաւ եւ կարելի չէր այլեւս փառատօնի մասին մտածել։ Վերադառնամ սակայն կիներու «սահմանուած» դերին հայկական համայնքէն ներս, որուն կ՚ակնարկէիր վերը, եւ որ ձեւով մը դուրս կը ձգէ զանոնք համայնքէն ներս գործունէութեան զանազան դաշտերէ։ Վրան պիտի աւելցնեմ շերտ մը եւս, գործածելով յետարդիական ոլորտէն եկող մեծ բառ մը՝ heteronormativity, այսինքն այն հաւատամքը, որ հակադրուելով սեռականութեան բազմազան կերպերուն, երկու տարբեր սեռերու միջեւ եղածը կը նկատէ անոր միակ ընդունելի կերպը։ Այս մէկը ի զօրու կը մնայ ըստ երեւոյթին շատ մը փոքրամասնական եւ ոչ իշխող համայնքներէ ներս։ Այնպէս որ հայկականը բացառութիւն չէ։ Անշուշտ, չի նշանակեր՝ ներելի է։ Հեռու անկէ։ Սակայն զիս հետաքրքրողը այն ամէն ինչն է, որ մեր մշակութային ու համայնքային կեանքը կը կորսնցնէ, երբ շերտ շերտի վրայ դուրս կը ձգենք անկէ սեռային քարացած հասկացողութիւններու վրայ կառուցուած խաւեր։

Ճիշդ այդ է։ Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս կրնանք ատիկա ընդունիլ կամ նոյնիսկ անով հպարտանալ, երբ գիտենք որ մենք մեզ է որ կ՚աղքատացնենք ամէն անգամ որ դուրս կը ձգենք այդ շերտերը։ Տակաւին չենք խօսիր հիմնական մարդկային ոլորտին մասին։ Կորուստը բոլորս կը ներառնէ, թէ՛ դուրս, թէ՛ ներս մնացողները։ Մինչդեռ որքան բան կարելի էր սորվիլ իրարմէ։

Կ՚ուզէի պահ մը նաեւ անդրադառնալ տիրող մշակոյթին կողմէ կիրարկուած մշակութային իւրացման գործընթացին։ Օրինակի համար Լէյտի Կակայի վերջին «911» կոչուող երգի տեսահոլովակի պարագային, ուր բացայայտ կերպով Փարաճանովի «Նռան գոյնը»էն տեսարաններ կը վերաբեմադրուին ամբողջովին պարունակէ դուրս անշուշտ։ Այդ ալ տարբեր իմաստներ ունի կախեալ թէ ներսէն կամ դուրսէն կը դիտուի։

Տեսահոլովակ բեմադրողները յաճախ «փոխ կ՚առնեն» ինչ որ կը գտնեն՝ առանց իսկ աղբիւրը նշելու։ Խաղի մը նման է, ուր ժամանակակից մշակոյթը հոսկէ-հոնկէ քաղուած պատառիկներ ի մի կը բերէ ու հանդիսատեսին կ՚իյնայ կծիկը քակել՝ հասկնալու համար, թէ ինչ են կամ ուրկէ կու գան անոնք։ Յետարդիական մօտեցումին մաս կը կազմէ։ Երբ առնուածը փոքրամասնական մշակոյթներէ կու գայ, աւելի խնդրայարոյց կը դառնայ, որովհետեւ եթէ անոնք ներկայ չըլլան այդ փնտռտուքին մէջ, վերցուածները ճանչնալն ու իմաստաւորելը ալ աւելի կը դժուարանայ։ Արփի Մովսէսեանը այս ուղղութեամբ հետաքրքրական յօդուած մը ունէր Hairenik Weeklyի մէջ։ Հարցը բարդ է։ Պէտք է նախ հասկնալ, որ իշխող մշակոյթը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ ամէն բանէ առանց խտրականութեան վերցնելու, այնպէս որ այդ իւրացման դէմ պայքարը միաժամանակ ճանաչումի պայքար մըն է։ Տակաւին չենք խօսիր իմաստի բոլոր շերտերուն մասին, զորս Փարաճանով կը դնէ այդ տեսարաններուն մէջ, Սայաթ Նովայի կեանքին հետ կապուած կամ նոյնիսկ բեմադրիչին միասեռականութեան հետ կապուած ու անոր յարուցած դժուարութիւններուն ու հալածանքին, որոնք բոլորը կը կորսուին երբ լոկ տեսարաններ կը բեմադրուին այդպէս ամբողջովին պարունակէ դուրս, կամ կը դրուին ուրիշ պարունակի՝ չնաշխարհիկի պարունակին մէջ։ Վերջապէս կայ այդ իւրացման ֆինանսական երեսը, երբ արուեստագէտը ինքնիրեն իրաւունք կու տայ ձրիաբար այդ ամենէն օգտուելու առանց սէնթ մը իսկ վերադարձնելու տէրերուն։

Կայ նաեւ արեւելաբանական դիտանկիւնի հարցը այդ իւրացման մէջ։ Մէկդի դնելով այս բոլորին հետ առնչուող քաղաքական երեսը, կ՚ուզեմ վերադառնալ կազմակերպչականին։ Զանազան իրադարձութիւններու հանդէպ մեր հակազդեցութիւնները յաճախ պարագայական կ՚ըլլան որովհետեւ մեր մօտ կը պակսի աշխարհը յուզող հարցերու մասին ներքին զրոյցը, ըլլայ ակադեմական, ըլլայ արուեստի գետիններուն վրայ։ Կայ այդ բոլորին ետին կեցող կազմակերպչական նեցուկի խնդիրը, որ միայն նիւթականին կապուած չէ, այլ հաստատութենական ալ է։ Մեզի կը պակսի մշակոյթ մը ոտքի պահելու կոչուած, արուեստագէտներ ու մտածողներ պատրաստող դրութեան մը ամբողջ համակարգը, թանգարաններ, հրատարակչութիւն, տարածում, եւ այլն։ Ասոնք բաներ են, զոր շրջապատի մեծամասնական մշակոյթները բնականաբար կը վայելեն վարչական զանազան մակարդակներու վրայ եւ մենք ստիպուած ենք այդ ամէնուն հետ մրցիլ առանց որեւէ նեցուկի։

Մեր մօտ մշակոյթը դադրած է ժամանակակից ու մեզ շրջապատող աշխարհին հետ իսկական զրոյց մը ըլլալէ, եւ ատոր հետեւանքները մահացու են, որով զուրկ այդ թթուածինէն՝ արուեստ եւ մշակոյթ խեղդամահ կ՚ըլլան։

Նաեւ ցուցասրահներու չգոյութիւնը։ Երբ արուեստագէտ մը տեղ չունի իր գործերը ցուցադրելու, այդ արուեստը տեղ չի հասնիր, ընդունող չ՚ունենար։ Լոս Անճելըսի մէջ, օրինակ, Ապրիլը կար, որ գրատան կողքին համեստ ցուցասրահ մը ունէր, ուր բեղուն մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալէր, արուեստագէտներ իրար կը հանդիպէին ու զրոյց տեղի կ՚ունենար։ Դժբախտաբար, համավարակի պատճառով, ան ալ ստիպուեցաւ փոխադրուիլ աւելի փոքր վայր ու ցուցասրահը կորսուեցաւ։ Վերջապէս, կ՚ուզեմ նաեւ երկու խօսք ըսես պուպրիկներուդ մասին, անոնք որ դուն կը հիւսես։

Ատիկա վերջին գործունէութիւնս է։ Օրին մէկը, սկսայ զանոնք աշխատիլ։ 4-12 մատնաչափի միջեւ կը տարուբերին ու բուրդէ թելերով գործուածքներ են։ Սակայն պարզ պուպրիկներ չեն։ Ամէն մէկը իւրայատուկ պակաս մը ունի, հաշմուած անդամներ, վիրահատումի հետեւանք սպիներ, պատերազմի մնացորդներ եւ այլն։ Փափաքս էր զանոնք նուէր ուղարկել Սուրիոյ պատերազմին տուժած երեխաներուն, սակայն չեղաւ։ Յետոյ որոշեցի Անգլիոյ մէջ, ուր կ՚ապրիմ ու կը դասաւանդեմ ատեն մըն է, ապաստանեալ երեխաներու սորվեցնել զանոնք հիւսելու կերպը։ Կազմակերպութեան մը հետ աշխատեցայ եւ յաջողեցանք ժամանակ մը ատիկա ընել, սակայն այդ ալ հիմա կեցած է։ Կը մտածեմ յաջորդ քայլին մասին։

Շատ շնորհակալութիւն, սիրելի Անահիտ, եւ յաջողութիւն քեզի։

Շնորհակալութիւն քեզի եւ «Բագին»ին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Հրայր Անմահունի
Հարցազրոյցը համադրեց՝ Րաֆֆի Աճէմեան

Կ. ՏԱՐԻ, 2021 ԹԻՒ 1