Վերջերս, հայրենի վաստակաւոր թատերագէտ Հենրիկ Յովհաննիսեան փորձած է նոր լոյս սփռել Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» վիպերգին վրայ[1]Հենրիկ Յովհաննիսեան, «Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» պոէմի հերոսուհու ենթադրելի նախատիպը», Պատմա-բանասիրական … Continue reading։ Իր ուշագրաւ յօդուածին մէջ, ան հիմնաւորած է, որ Մովսէս Խորենացիի կողմէ զոյգ դրուագներով (առաջինը՝ անունով, երկրորդը՝ անանուն) յիշատակուած հարճ ու վարձակ Նազինիկը ո՛չ թէ պարուհի է, ինչպէս յաճախ կարծուած է՝ «երգէր ձեռամբ» արտայայտութեան թիւր մեկնաբանութեան պատճառով, այլ նուագածու։ Վարուժանի գործին անդրադարձած բոլոր հեղինակները գոհացած են իբրեւ նախատիպար ընդունելով Նազինիկը, զոր բանաստեղծը վերածած է Նազենիկի, մինչ հետազօտողը դիտել տուած է, որ «պարուհուն փնտռելու ենք ոչ թէ Խորենացու բերած զրոյցում, այլ Վարուժանի պոէմում եւ մտածելու, թէ որտեղից է յայտնուել[2]Անդ, էջ 84։։
Այս մեկնակէտով, Հ. Յովհաննիսեան վկայակոչած է մեծանուն դերասան Վահրամ Փափազեանը։ Վարուժանի կենսագիրներու տեսադաշտէն դուրս մնացած կ՚երեւի Յետադարձ հայեացք յուշագրութեան վկայութիւնը։ Արդարեւ, Փափազեան գրած է, թէ «1906 թուականի սեպտեմբերի սկզբներին, աւարտական յաջող քննութիւնից յետոյ, դուրս եկայ Միլանի Գեղարուեստական ակադեմիայից եւ վերադարձայ Վենետիկ՝ մի երկու շաբաթով հանգստանալու, գրպանիս մէջ տանելով յառաջիկայ ձմեռուայ սէզոնի համար իմ առաջին պայմանագրութիւնը, որպէս Թինա դը Լորենցոյի շրջիկ խմբի պրոֆեսիոնալ արտիստ, եւ ակադեմիայի ծախսով դէպի Փարիզ երկու ամսուայ գործուղման ուղեգիրը[3]Վահրամ Փափազեան, Յետադարձ հայեացք, Երեւան, 1956, էջ 145-146։։ Դերասանին յիշած տարեթիւը հաւանաբար տպագրական վրիպակ մըն է, որ անփոփոխ մնացած է Յետադարձ հայեացքի երկրորդ հրատարակութեան մէջ[4]Վահրամ Փափազեան, Երկեր հինգ հատորով, հատոր 1, Երեւան, 1979, էջ 148)։ Յուշագրութեան յաջորդ էջին մէջ, խօսելով … Continue reading եւ պէտք է ճշդել՝ 1907 սեպտեմբեր։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ, Փափազեան ծանօթացած է Շիրվանզադէին, այնուհետեւ՝ վերջինիս զարմիկին՝ դերասան Յովհաննէս Աբէլեանին, որ պիտի ստանձնէր Պաքուի Հայոց Կուլտուրական Միութեան թատերախումբի ղեկավարութիւնը հոկտեմբեր 1907-փետրուար 1908ին եւ Փափազեանը հրաւիրած է Կովկասի այդ հայաշատ քաղաքը[5]Բաբկէն Յարութիւնեան, XIX-XX դդ. հայ թատրոնի տարեգրութիւն (1801-1922), հատոր 2. 1901-1911, Երեւան, 1980, էջ 283-295։։ Վերջինս աւելցուցած է.
«Թինա դը Լորենցոյի հետ իմ պայմանը Միլանի թատերական ագենտուրայի միջնորդութեամբ՝ ուժի մէջ էր մտնում երեք ամսից յետոյ միայն։ Ուրեմն առաջս դեռ ժամանակ կար, եւ ես վճռեցի իսկոյն մեկնել Բաքու, իմ ազգային թատրոնի հետ մօտից ծանօթանալու ցանկութեամբ վառուած, լիայոյս լինելով, որ մնալու կամ վերադառնալու խնդիրը կը լուծուէր ինքնըստինքեան, նայած տեղում ստացած իմ տպաւորութեանը»[6]Փափազեան, Յետադարձ, էջ 171։։
Հոն երկու ամիս (դեկտեմբեր 1907-փետրուար 1908) մնալէ ետք[7]Անդ, էջ 181, 184։, ուր «մի քանի փոքր դերերով բեմ դուրս եկայ, առանց որեւէ հոգեկան բաւարարութիւն ստանալու»[8]Անդ, էջ 190։ Յարութիւնեան միայն յիշած է Փափազեանի ներկայութիւնը Պաքուի մէջ (Յարութիւնեան, XIX-XX դդ. հայ թատրոնի … Continue reading, խնդիրը լուծուած է ինքնըստինքեան եւ Փափազեան մեկնած է Աղեքսանդրիա։ Հոն միացած է Թինա տի Լորենցոյի շրջիկ թատերախումբին, որուն հետ խաղացած է յաջորդ վեց ամիսներուն. «Այդ կարճ միջոցին ես պրակտիկ ու շօշափելի դարձրի ամբողջ չորս տարի իմ մէջ հաւաքուած թէորետիկ հարստութիւնը»[9]Փափազեան, Յետադարձ, էջ 193։։ Ելոյթ ունեցած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Մարոքի, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ 17 քաղաքներու մէջ, Նափոլի ըլլալով վերջին հանգրուանը[10]Անդ, էջ 195։ Առանց աղբիւր յիշատակելու, Հ. Յովհաննիսեան իտալացի հռչակաւոր դերասան Կուսթաւօ Սալվինին դարձուցած … Continue reading։ Ցարդ չենք հանդիպած որեւէ այլ վկայութեան Փափազեանի ակնարկած շրջապտոյտին, օրինակ՝ ժամանակաշրջանի եգիպտահայ մամուլին մէջ, ինչպէս եւ տի Լորենցոյի նուիրուած գրականութեան մէջ։ Այսուհանդերձ, այդ շրջապտոյտին վեցամսեայ տեւողութիւնը կրնայ տեղաւորուիլ տի Լորենցոյի՝ յունուար-փետրուար 1908ի Մեքսիքօ Սիթիի[11]“Down in Old Mexico,” Los Angeles Times, March 3, 1908. եւ հոկտեմբեր-դեկտեմբեր 1908ի Հաւանայի ելոյթներուն միջեւ[12]Jorge Domingo Cuadriello, “Presencia de Antón Villar Ponte en Cuba”, Grial, 141, 1999, էջ 96-97։։
Սիկիլիացի ազնուական, սակայն աղքատացած ընտանիքի մը շառաւիղ՝ Թինա տի Լորենցօ (Tina di Lorenzo, 1872-1930) ժամանակաշրջանի իտալական թատրոնի նշանաւոր դէմքերէն էր։ Բնատուր գեղեցկութիւնը, գեղարուեստական տաղանդի կողքին, պատանեկան հասակին թատրոնի դռները բացած էր անոր առջեւ։ Արդէն 1897ին, հազիւ 25ամեայ, ան զուգակշիռի մէջ կը դրուէր աշխարհահռչակ Էլէոնորա Տուզէի (1858-1924) հետ. «Էլէոնորա Տուզէէն ետք, անոր [տի Լորենցոյի. Վ.Մ.] երեւումը իրական նշանակութիւն ունի Արուեստի պատմութեան մէջ»[13]V. Morelli, “Da Eleonora Duse a Tina di Lorenzo”, La vita italiana, 16 Luglio 1897, էջ 161։։ Չորս տարի ետք, սպանական հանդէս մը կը թուարկէր Եւրոպայի բոլոր յայտնի դերասանուհիները, Իտալիայէն միայն Տուզէն եւ տի Լորենցոն յիշելով։ Կ՚արժէ վերջինիս բնութագիրը ներկայացնել.
«Հմայիչ իտալացի դերասանուհի որ եւրոպական թատրոնները կը շրջի՝ յաղթանակէ յաղթանակ։
Սքանչելիօրէն կը մեկնաբանէ բեմադրուող որեւէ գործ, եւ անոր յաջողութեան գաղտնիքը տրամաթիք դպրոցի բնականութիւնն է։
Գեղեցիկ կերպարանքով եւ համակրելի ձայնով, Թինա տի Լորենցօ ներկայիս իտալացի հանրութեան նախասիրած դերասանուհին է։
Այս դերասանուհին համեմատելով հանճարեղ Տուզէին հետ, կարելի է ըսել, թէ ծնունդ առնող աստղ մըն է՝ դէմ դիմաց ուրիշի մը, որ կը սկսի տժգունիլ։
Ան գիտցած է իւրացնել Տուզէի վսեմ արուեստը, եւ առանց լիովին ընդօրինակելու, որոշ անձնական շատ ինքնատիպ դրոշմ կը դնէ անոր վրայ։
Երկու տարի առաջ, Թինա տի Լորենցօ առաջին անգամ բեմադրեց Ճաքոզայի կատակերգութիւնը՝ «Տերեւներուն պէս», այնքան վիթխարի յաջողութիւն նուաճելով, որ, այդ պահէն, քննադատներն ու հանրութիւնը անոր ակնարկեցին որպէս Տուզէի օրինաւոր ժառանգորդը»[14]“El teatro extranjero”, El teatro, mayo de 1901, էջ 9։։
Տի Լորենցօ եւ դերասան Ֆլաւիօ Անտօ թատերական գործընկերութիւն մը կազմած են 1897-1905ին եւ միասնաբար «աւելի ժամանակակից թատերախաղերու մէջ խաղացած են, քան ոեւէ ուրիշ զոյգ [իտալական] թերակղզիին մէջ»[15]Lander McClintock, The Modern Drama of Italy, Boston, 1920, էջ 192։։ 1906ին, իտալաբնակ լրագրող Հելեն Ցիմմերն այլ «գերազանց դերասանուհիներ» յիշատակած է Տուզէի կողքին, որոնց շարքին՝ «Թինա տի Լորենցօ, որ բոլոր սրտերը կը նուաճէ իր երիտասարդական հմայքով եւ աշխոյժ մարմնաւորումներով»[16]Տե՛ս անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Helen Zimmern, Italy of the Italians, New York, 1909, էջ 156։։ Իսկ 1922ին, Պոստընի մէջ հրատարակուած կենսագրական ժողովածու մը արձանագրած է, թէ տի Լորենցոյի «համբաւը միայն Էլէոնորա Տուզէին կը զիջի իտալացի դերասանուհիներու շարքին»[17]John Parker (comp.), Who’s Who in the Theatre: A Biographical Record of the Contemporary Stage, Boston, 1922, էջ 947։։
Մեր տեսած բոլոր աղբիւրները, առանց զանց ընելու իտալացի դերասանուհիին գեղեցկութիւնը, անխտիր շեշտը դրած են անոր գեղարուեստական ընդունակութիւններուն վրայ։ Սակայն, անհասկնալի պատճառներով, Փափազեան բնութագրած է Թինա տի Լորենցոն որպէս վաւաշոտ անձնաւորութիւն մը, որուն ժողովրդականութիւնը ֆիզիքական ցուցամոլութեան արդիւնք էր, աւելի քան գեղարուեստական ձիրքերու. «Ոչ այնքան դերասանուհի, որքան գեղեցիկ կին։ Նա իր արուեստի առանցք էր դարձրել կանացիականութիւնը եւ երբեմն մինչեւ էրոտիզմի սահմաններին հասնող մի անսանձ արուեստականութեամբ ձեռք էր բերել այն էժան ժողովրդականութիւնը (…)», որուն ի խնդիր «ամէն կերպ աշխատում էր բեմի վրայ ցուցադրել իր մերկութեան անպատում հրապոյրները, եւ այդ տեսակէտից էլ կազմուած էին ոչ միայն նրա խաղացանկն ու դերերը, այլեւ տարուայ եղանակը եւ այցելած երկրների կլիմայական պայմանները»[18]Փափազեան, Յետադարձ, էջ 194։։
Կասկածէ դուրս է, որ նման դէպքեր լռութեան պիտի չմատնուէին եւ տի Լորենցոյի բեմական գայթակղութիւնները՝ իրեն ժամանակակից պարուհի Մաթա Հարիի պէս, մինչեւ օրս պիտի հոլովուէին այս կամ այն ձեւով։ Սակայն, Փափազեանի պնդումը երկրորդող ո՛չ մէկ վկայութեան հանդիպած ենք մեր պրպտումներուն մէջ։ 1901ին, տի Լորենցօ ամուսնացած է դերասան Արմանտօ Ֆալքոնէի (1871-1954) հետ։ Իտալական յայտնի «Թրեքքանի» հանրագիտարանի համացանցային տարբերակը կը վկայէ. «Ֆալքոնիի պէս բազմակողմանի եւ քմահաճ դերասանի մը դրացնութիւնը, որ աւելի հակամէտ էր կեանքի կոչելու բարեսիրտ եւ արդիական կերպարներ, քան տրամաթիք երկացանկի հերոսները, վերջապէս պայմանաւորած է տի Լորենցոյի ընտրութիւնները, որ աստիճանաբար իր ներկայացումներէն դուրս ձգած է թէ՛ անցեալի գործերը եւ թէ՛ նորարարական թատրոնը, նուիրելով գրեթէ բացառաբար միահիւսուած նիւթերով կատակերգութիւններու եւ քաղքենիական տրամներու, արտասահմանի մէջ ներկայանալով, 1909-1912ի տեղի ունեցած բազմաթիւ շրջապտոյտներուն, որպէս նոր իտալական թատրոնի դեսպանուհին»((www.treccani.it/enciclopedia/tina-di-lorenzo_Dizionario-Biografico))։
Հ. Յովհաննիսեանի ուշադրութիւնը գրաւողը այն եղած է, որ Տի Լորենցոյի ցանկասէր նկարագիրը ցուցաբերող բեմական օրինակներուն շարքին, որոնք մեծաւ մասամբ պարային եզակի տեսարաններու կը վերաբերին, Փափազեան յիշած է դերասանուհիին հետաքրքրութիւնը՝ այս յետին նպատակով, «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» առասպելին եւ Փառանձեմի ու Գնէլի պատմութեան հանդէպ, որոնց ծանօթութեան աղբիւրը եղած են իտալահայ բանաստեղծուհի Վիկտորիա Աղանուրի (1855-1910) ինչ-ինչ քերթուածներէ կամ Մովսէս Խորենացիի իտալերէն համառօտ թարգմանութիւն մը, որմէ կարգ մը բաժիններ հրատարակուած էին, Մխիթարեաններու ջանքերով, իտալական պարբերականներու մէջ[19]Փափազեան, Յետադարձ հայեացք, էջ 194։։ Սակայն, հայոց պատմութեան նիւթով վերոյիշեալ քերթուածներուն հետքը չկայ Աղանուրի երկերու յետմահու ամբողջական հրատարակութեան մէջ, ուր միակ հայկական նիւթով բանաստեղծութիւնը “Nuove liriche” հատորին մէջ (1908) լոյս տեսած «Հայկական Զատիկ»ն է (“Pasqua Armena”)[20]Poesie complete di Vittoria Aganoor, Firenze, 1912, էջ 239։ Ի դէպ, Աղանուրի «Հեռաւոր եղբայրներուն» (“Ai fratelli lontani”) բանաստեղծութիւնը … Continue reading։ Իսկ Խորենացիի հրապարակումները, եթէ իրօք եղած են, պէտք է հիմնուած ըլլային այն իտալերէն թարգմանութիւններուն վրայ, որոնք առանձին գիրքով լոյս տեսած էին 1841ին ու 1850ին եւ համառօտուած չէին[21]Mosè Corenese, storico armeno del quinto secolo, versione di Giuseppe Cappelletti, Venezia, 1841. Storia di Mosè Corenese, versione italiana illustrata dai monaci armeni Mechitaristi ritoccata … Continue reading։
Տի Լորենցոյի հնարաւոր ընթերցումներէն կրնար եղած ըլլար իտալացի ժողովրդական վիպասան եւ քաղաքական գործիչ Անտոն Ճիւլիօ Պարրիլիի (1836-1908) «Շամիրամ» պատմավէպը (1873), որ օգտագործած էր Խորենացին իբրեւ իր աղբիւրներէն մէկը[22]Anton Giulio Barrili, Semiramide, Milano, 1873։ Այս վէպը «Արա Գեղեցիկ» խորագրով 1875-1876ին անստորագիր աշխարհաբար թարգմանութեամբ … Continue reading։
Այստեղ երեւան կու գայ Վարուժանի հետ առնչութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, տի Լորենցոյի հետաքրքրութեան անսալով, Փափազեան անոր թելադրած է դիմել Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի իր երբեմնի դասընկերոջ, «յանձնարարելով նրան գրել մի թատերական պոէմ այդ նիւթերի շուրջը, որը Վարուժանը, սակայն, թողեց անհետեւանք, շնորհիւ իր բնական անգործնականութեան»[23]Փափազեան, Յետադարձ, էջ 194։։ Այս «բնական անգործնականութիւնը» կը մնայ նոյնքան լուսաբանութեան կարօտ, որքան դերասանի վերոյիշեալ պնդումները, որոնց մասին հարց տուած է Յովհաննիսեան, թէ «որքանո՞վ է ճիշդ պատմուած, որքանով է հաւաստի եւ որքանով է իրականութեան մօտ այս պատմութիւնը (…)»[24]Յովհաննիսեան, «Դանիէլ Վարուժանի», էջ 87։։
Ինչպէս գրած էինք աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, անդրադառնալով Փափազեանի կարգ մը կասկածելի վկայութիւններուն՝ դերասանուհի ու ապա նշանաւոր պարուհի Արմէն Օհանեանի (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1887-1976) մասին, յայտնի է, որ ան շատ բան յօրինած է իր յուշագրութեան մէջ՝ աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար ներկայացուած դէմքերն ու դէպքերը[25]Արծուի Բախչինեան եւ Վարդան Մատթէոսեան, Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքը եւ գործը, Երեւան, 2007, էջ 27։։ Տի Լորենցոյի նուիրուած առաջին յետմահու կենսագրական հատորը՝ “Tina di Lorenzo. Il fascino e il’arte dell’«encantadora»”, հրատարակուած է 2003ին։ Լրագրող ու հետազօտող Անճելօ Ֆորթունայի այս գիրքը չենք տեսած, բայց հրատարակչական ազդը բնորոշ է. «Մինչ Էլէոնորա Տուզէ՝ իտալական թատրոնի միւս մեծ մեկնաբանը, Ազոլոյի մէջ ձեռնարկուած նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ, կը շարունակէ արդարօրէն փայլիլ մշակոյթի երկնակամարին վրայ, Թինա տի Լորենցօ՝ գեղեցկութեան, տրամաթիք արուեստի եւ մարդկային մեծութեան անկրկնելի համադրութիւն, գրեթէ մոռցուած է հայրենիքին մէջ… Ներկայ ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ մասնակիօրէն լրացնել յայտնի բացը՝ մեր դերասանուհիի լուսաւոր պատկերը դուրս հանելու համար մոռացութեան գիրկէն, ուր թաղուելու վտանգին տակ կը գտնուի»[26] www.amazon.com/Tina-Lorenzo-fascino-larte-dell«encantadora»/dp/8874421176. (ընդգծումները մերն են)։ «Մարդկային մեծութեան» (grandezza umana) ակնարկութիւնը կը բաւէ ցանկայարոյց դերասանուհիին առասպելը կարեւորութենէ զուրկ նկատելու, եթէ ոչ լրիւ անտեսելու։
«… [Բ]այց», շարունակած է Հ. Յովհաննիսեան, արձանագրելէ ետք իր տարակոյսը, «իրական է ու տեսանելի լուսանկարում իսկ տրամադրող կերպարն այն դերասանուհու, որ հանդիսատես է խլել ժամանակի բեմական առաջնուհիներից եւ կարող է ներշնչում տալ մի բանաստեղծի ու իր լոյսով կենդանացնել պատմութեամբ աւանդուած մի հին զրոյց»[27]Յովհաննիսեան, «Դանիէլ Վարուժանի», էջ 87։։ Ան փորձած է զարգացնել այն վարկածը, թէ «Հարճը»ի հերոսուհիին՝ Նազենիկի կերպարի ետին պէտք է փնտռել Թինա տի Լորենցոյի վերյուշը, հետեւելով 1965ի Յ. Ճ. Սիրունիի բանաւոր հաղորդումին, թէ «դերասանուհի մը առիթ եղած էր»[28]Անդ, էջ 85։, թէեւ նման բանի երբեք չէ ակնարկած Վարուժանին նուիրուած իր յուշագրական էջերուն մէջ։
Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ Սիրունիի այդ հաղորդումը ականատեսի վկայութիւն չէր, քանի որ Սիրունի ու Վարուժան ծանօթացած էին 1912ին՝ «Հարճը»ի երկնումէն շատ աւելի ուշ[29]Յ. Ճ. Սիրունի, «Գիծեր Դանիէլ Վարուժանի կեանքէն», Հայրենիք ամսագիր, նոյեմբեր 1923, էջ 40. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, … Continue reading։ Արդարեւ, Յովհաննիսեան անհասկնալիօրէն մոռացութեան տուած է այն հանրայայտ փաստը, որ վիպերգը լոյս տեսած էր Հեթանոս երգերուն մէջ, պնդելով, որ «Հեթանոս երգերը, ինչպէս նշեցինք, գրուել են 1912 թ., «Հարճը» նոյն յղացումներում է եւ գրուել է 1914 թ., երբ Կ. Պոլսում էր Զարիֆեան-Սեւումեան թատերախումբը եւ նոր պիեսներ էր ակնկալում պոլսահայ հեղինակներից։ (…) Ճիշդ այդ շրջանում էլ գրուել է «Հարճը», սակայն դրամայի չի վերածուել, որքան էլ մտածուել է այդ մասին»[30]Յովհաննիսեան, «Դ. Վարուժանի», էջ 85։։ Յայտնի է, որ Հեթանոս երգեր հատորին բանաստեղծութիւնները գրուած են կանխող տարիներուն եւ առանձին հատորով տպուած՝ 1912ին, թէեւ գիրքը իրականին մէջ լոյս տեսած է 1913ի առաջին ամիսներուն։
Առաքել Պատրիկ վկայած է, թէ Վարուժան կարդացած է «Հարճը»ի հինգ գլուխները իր աշակերտներու սեղմ շրջանակին մէջ՝ 10 յուլիս, 1910ի «Արամեան» վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութեան յաջորդ օրը[31]Առաքել Ն. Պատրիկ, Դանիէլ Վարուժան իմ յուշերում, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1968, էջ 102-104։ Թուագրուած է ըստ … Continue reading։ Նոյն տարուան սեպտեմբերին, «Հարճը» արդէն աւարտուն գործ մը պէտք է ըլլար, ինչպէս վկայած է բանաստեղծը Նշան Տէր Ստեփանեանին գրած նամակով. «Այս տարի թէպէտեւ գրական շատ կտորներ չարտադրեցի, սակայն գրած եմ ուժեղ դիւցազնավէպ մը պատմական դրուագի մը վրայ, որ յուսամ, թէ պիտի գնահատուի»[32]Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 432։։Անոր մէկ հատուածը (Բ. մաս, 343-390 տողեր) «Ասպետական կենցաղին» պարագայական խորագրին տակ եւ «1910 Սեպտեմբեր, Բրգնիկ» նշումով հրատարակուած էր Թէոդիկի տարեցոյցին 1911ի հատորին մէջ[33]Դանիէլ Վարուժան, «Ասպետական կենցաղին», Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1911, էջ 138-139։ Կը կարծենք, որ ասիկա բաւարար … Continue reading։
Ուրեմն, «Հարճը» գրուած էր դերասաններ Յովհաննէս Զարիֆեանի եւ Օվի Սեւումեանի գլխաւորած կովկասահայ թատերախումբի պոլսական հիւրախաղէն երեք ու կէս տարի առաջ։ Սիրունի գրած է, որ երբ թատերախումբը Պոլիս այցելած է 1914ի գարնան՝ անօրինակ խանդավառութիւն ստեղծելով, նոր գործունէութեան մը ուղեգիծը պատրաստուած է անոր մեկնումէն առաջ։ Կովկաս վերադարձին, Զարիֆեան նոր խումբ մը պիտի կազմէր, ընդգրկելով նաեւ Պոլիսէն տարրեր, նոյն տարուան աշնան մեկնելու համար Վան, որ իր գործունէութեան կեդրոնը պիտի ըլլար Արեւմտեան Հայաստանի մէջ. «Ռ. Զարդարեան, Վարուժան եւ ես ստանձնած էինք խաղացանկին հոգը։ Թատերախումբին համար նոր խաղեր պիտի հայթայթէինք՝ առաւելապէս գործի մղելով հայ հեղինակներ (…)։ Խանդավառուած էր նաեւ Վարուժան։ Թատերախաղ մը կ՚որոճար արդէն։ Թերեւս «Հարճը» թատերախաղի վերածէր, կամ հնդկական կեանքէ առնուած խաղ մը գրէր»[34]Սիրունի, «Գիծեր», էջ 49։ Հմմտ. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, էջ 146։ Հաւանաբար գրաշարական վրիպակի հետեւանքով, … Continue reading։ Յետմահու հրատարակուած իր ինքնակենսագրական նօթերուն մէջ, Սիրունի միայն արձանագրած է, որ «Զարդարեանը, Վարուժանը եւ ես պիտի հայթայթէինք իրեն [Զարիֆեանին. Վ.Մ] հայ շունչով թատերախաղեր»[35] Յ. Ճ. Սիրունի, Ինքնակենսագրական նօթեր, Երեւան, 2006, էջ 197։։
Այստեղ կ՚արժէ վկայաբերել 1908-1910 թուականներու Վարուժանէն շարք մը նամակներ, որոնք Հեթանոս երգերու անոր պատկերացումին կ՚անդրադառնան եւ հարկ եղած համագիրը (context) կը մատուցանեն այս հարցին։ Մայիս 1908ին, ան իր մտադրութիւնը յայտնած էր Արշակ Չօպանեանին՝ «շքեղ հատորով մը վերջ դնել հայրենասիրական քերթուածներուս», ուրմէ ետք պիտի ձեռնարկէր «բանաստեղծութեանց ուրիշ շարքի մը, բոլորովին մտերմական եւ ապրուած (…)»։ Նոյն տարուան նոյեմբերին, ակնարկելով հրատարակութեան ընթացքի մէջ գտնուող Ցեղին սիրտըին, դարձեալ Չօպանեանին գրած է, թէ «այս հատորը լոյս տեսնէ՝ պիտի սկսիմ ասկէ վերջ լոկ կեանքէ գրել. ահագին հեղեղ մը կայ ներսս, որ մինչ ցարդ հայրենիքի դիակներով թմբուած էր»։ Որպէս լրացում, ապրիլ 1909ին Վարուժան կը յայտարարէր Թէոդիկին, թէ «հիմա նոր հատոր մը պատրաստելու ձեռնարկած եմ զուտ ապրուած կեանքէ, քիչ մը աւելի վերլուծող, աւելի խորիմաստ եւ հոգեբանական երգերով», իսկ փետրուար 1910ին, արդէն Սեբաստիայէն, վերստին հաստատած է Չօպանեանին, թէ «այլեւս կը պատրաստուիմ ապրուած կեանքէն միայն գրել եւ հիւսել նոր քերթուածներ՝ անվերապահ արուեստով մը, որոնք պիտի կազմեն Հեթանոս երգերուն մասը»[36]Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 371, 387, 408, 424 (ընդգծումները բնագրային են)։։
Եթէ «ապրուած կեանքէ» գործեր արտադրելու նպատակը զուգադրենք Սիրունիի այն դիտողութեան, թէ Վարուժանի հեթանոսութիւնը չհասկցող մարդիկ չէին նշմարած, «թէ մեր ապրած օրերուն աղտն ու տգեղութիւնն էր, որ իր հոգւոյն մէջ զզուանք մը կ՚արթնցնէր»[37]Սիրունի, «Գիծեր», էջ 41 (հմմտ. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, էջ 93)։, հասկնալի կը դառնայ «Հարճը»ի կեդրոնական շարժագիծերէն (leit-motif) մէկը՝ «Փա՜ռք կենցաղին ասպետական դարերուն», այսինքն՝ կեանքի բանաստեղծական իտէալին տրուած գնահատականը։
1970ական թուականներուն, Վազգէն Գաբրիէլեան դիտել տուած է, որ «Հեթանոս երգեր» ու «Գողգոթայի ծաղիկներ» շարքերու «երգերից շատերը, այդ իսկ օրերի, իր [Վարուժանի. Վ.Մ.] եւ շրջապատի մարդկանց ապրումներից ներշնչուած տպաւորութիւններ էին. յիշենք թէկուզ «Հարճը» պոէմը, «Տրտունջք» ընդարձակ քերթուածը, «Սպասում» բանաստեղծութիւնը, որոնք իր սիրոյ դրամատիկ պատմութեան, իր տառապանքի, կարօտի, յաղթանակի, սիրոյ ուժգնութեան ապրումներն ունէին որպէս ներշնչման հիմք»[38]Վազգէն Գաբրիէլեան, Դանիէլ Վարուժան, Երեւան, 1978, էջ 254-255։ ։ «Հարճը» կազմած է Վարուժանի «առաջին իսկական դիւցազներգական փորձը, դիւցազներգական հատուած մը», գրած է Գրիգոր Պըլտեան, որ աւելի անդին կատարած է ուշագրաւ դիտողութիւն մը. «Հերոսներու թիւին սահմանափակումը եւ խնդրոյ առարկայ հարցին մասնակիութիւնը, գործողութիւնը կը դնեն զուտ անձնական, պիտի ըսէինք՝ անհատական ծիրի մը մէջ»[39]Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շրջանակը Դ. Վարուժանի շուրջ, Անթիլիաս, 1988, էջ 221-222։։ Անհատական տարրի ներմուծումը այս պարագային պէտք է վերագրել «ապրուած կեանք»ի փորձառութեան։
Արդարեւ, «Հարճը»ի ստեղծման զուգընթաց, հոկտեմբեր 1909-օգոստոս 1910 ժամանակամիջոցին ծնած, զարգացած ու երջանիկ վախճանի հասած է Դանիէլ Վարուժանի եւ Արաքսի Թաշճեանի սիրավէպը[40]Թուագրումին համար, տե՛ս Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի, էջ 150, 166։։ Վարուժան «Գրգանք» բանաստեղծութիւնը ձօնած է «Անոր՝ որ պիտի գայ», ու զայն ընծայած՝ իր ամուսնութենէն տասը օր առաջ, «Ազատամարտ»ի գրական յաւելուածի Օգոստոսի առաջին թիւին մէջ[41]Դանիէլ Վարուժան, «Գրգանք», Ազատամարտ շաբաթաթերթ-յաւելուած, 24 յուլիս / 6 օգոստոս, 1910, էջ 3։ Տե՛ս Պատրիկ, Դանիէլ … Continue reading։ Առանձին ուշադրութեան չէ արժանացած Ա. Պատրիկի այն վկայութիւնը, թէ «սիրահարուած եւ անելի մատնուած Վարուժանի հանճարից ծնունդ առաւ ուրեմն համաշխարհային գրականութեան գոհարներից մէկը՝ «Հարճը»…»[42]Պատրիկ, Դանիէլ Վարուժանը, էջ 103 (ընդգծումը մերն է)։։ Ինչո՞ւ կարելի չէ երեւակայել, որ սիրահարած բանաստեղծը փոխաբերական կերպով ցոլացնէր իր սիրեցեալին հետ ապրած տագնապալի ժամանակը, զայն տեղադրելով պատմական անցեալին մէջ։ 1990ական թուականներուն, Խաչատուր Վարդանեան գրած է, թէ «նիւթը մշակուել է ճիշդ ժամանակին՝ 1910ին, Սեբաստիայում, երբ բանաստեղծը (…) մի խարտիշահեր հայուհու՝ Արաքսի Թաշճեանի հետ տօնում էր այնքան դրամատիկ փուլերից անցած վիպական սիրոյ յաղթանակը՝ դարձեալ դարերով կարծրացած հասարակական նախապաշարումների դէմ»[43] Խ. Գ. Վարդանեան, «Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» վիպերգը», «Բանբեր Երեւանի համալսարանի, 1», 1991, էջ 50։։
Անուղղակիօրէն, Վարուժանի սիրերգութիւնը կրնայ ցոլացած ըլլալ Տրդատի եւ Նազենիկի խորենացիական դրուագի վարուժանեան մշակումին մէջ՝ իբրեւ «ապրուած կեանքէ» ներշնչուած գործ։ Հիւրաբար Բակուր Սիւնիի պալատը գտնուող Տրդատ Բագրատունին կը սիրահետի իր հիւրընկալի հարճը՝ Նազենիկը, եւ վերջինս կը փոխադարձէ՝ Բակուրի վերահաս վրէժխնդրութենէն խուսափելու նպատակով Տրդատէն խնդրելով, որ փախչին։ Այս դրուագը՝ Հոմերոսի Իլիականին տուն տուող Պարիսի կողմէ Հեղինէի առեւանգումի զուգահեռին կողքին, արդեօք քօղարկուած արձագանգը չի՞ բերեր Թաշճեաններու տունը իբրեւ ուսուցիչ այցելող Վարուժանի սիրահարութեան՝ իր ծնունդէն արդէն նշանուած աշակերտուհիին, ու Արաքսիի փոխադարձումին ու ապստամբութեան՝ աւանդամոլութեան գերի ծնողներուն դէմ։ Տագնապալի վիճակը յուսահատ բանաստեղծին նոյնիսկ ներշնչած է իր սիրեցեալը փախցնելու ծրագիր մը՝ «միակ միջոցը», ինչպէս անոր գրած էր 14/27 յուլիս, 1910ին[44]Վարուժան, Երկերի ժողովածու, էջ 428։։ Թերեւս յոռետեսութեան այս ժամանակին է, որ Վարուժան իր աւարտին հասցուցած է վիպերգը, ողբերգական եզրափակում մը տալով Խորենացիի անորոշութեամբ պատուած դրուագին, ուր միայն կը յիշուի Տրդատի ու Նազենիկի փախուստը մինչեւ Սպեր. Բակուրի յուսակտուր ճիգով արձակուած նետը կը սպաննէ Նազենիկը, որ Տրդատի կողմէ կը թաղուի Շիրակի սահմանին վրայ կառուցուած իջեւանին քով տնկուած հինաւուրց բարտիին տակ։
Ն. Տէր Ստեփանեանին ուղղուած սեպտեմբեր 1910ի յիշեալ նամակին մէջ, բանաստեղծը յայտնած էր. «Ամուսնութիւնս եղաւ յանկարծակի, սիրային ողբերգութենէ մը վերջ, որ գրեթէ տարի մը տեւեց։ Կատարեալ վէպ մըն է, զոր ապրեցայ Սվազի մէջ՝ անցնելով ես եւ նէ, խիստ վտանգալից, տռամաթիկ եւ իր մանրամասնութիւններուն մէջ շատ վսեմ փուլերէ, որոնց ես տակաւին վէպերու մէջ հանդիպած եմ միայն»[45]Անդ, էջ 432։։
Վիպերգը կ՚աւարտի մահուան դաժանութեան դէմ սիրոյ յաղթանակով. ճակատագրական հարուածին զոհ դարձած հարճը վերածուած էր կեանքի աղբիւրի։ Չորցած բարտին, կը գրէր բանաստեղծը, «Վերընձիւղում մ՚ըստացաւ՝ բուժելով վէրքն իր սրտին` / Երբոր Հարճին լոյս մարմնոյն աւիշներով կենսայորդ / Թաթախուեցան հողին տակ արմատներն իր խորդուբորդ (…)»։ Իրական կեանքի մէջ, երկու սիրահարներուն վճռակամութիւնը վախճանական յաղթանակը տարած էր, երբ «աւանդութիւնը պարտուած էր, աւանդամոլութիւնը զսպուած» եւ «եկեղեցիներու զանգակները Վարուժանի սիրոյ յաղթանակը աւետեցին ի լուր աշխարհի»[46]Լեւոն Լանիս, «Դանիէլ Վարուժանի հարսնիքը», Ազդակ, 26 յունուար, 1934 (արտատպուած՝ «Յուսաբեր»էն)։ ու, ինչպէս բանաստեղծը գրած էր «Գրգանք»ի մէջ, «Մերին սիրտերն ունկընդիր / Իրարու մեղմ տըրոփիւնին՝ նընջեցին»։
Հ. Յովհաննիսեան մէջբերած է «Հարճը»էն երեք տող Նազենիկի պարին մասին («Օ՜, այս մեծ պարն հեթանոս…»), պնդելով, որ այս եւ այլ տողերով անոր կերպարը կը ցոլացնէ «կենդանի, շնչող իրականութիւնը», այսինքն՝ կ՚ակնարկէ «յոյզեր ալեկոծող դերասանուհուն», եւ ո՛չ թէ գրքային, երեւակայական նախատիպար մը կը մատնէ[47]Յովհաննիսեան, «Դ. Վարուժանի», էջ 87-88։։ Որպէս բաղդատական օրինակ, սակայն, կ՚արժէ մատնանշել, որ մինչ Կիւսթաւ Ֆլօպէռի գործերուն մէջ երեւցող պարուհին հիմնուած էր 1850ին դէպի Մերձաւոր Արեւելք ճամբորդութեան ընթացքին անոր տեսած գնչու պարուհիի մը իրական կերպարին վրայ, ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին այսպէս կոչուած “Salomania”ն ներշնչած է առնուազն 2.789 ֆրանսացի բանաստեղծներ մինչեւ 1912[48]Տե՛ս Toni Bentley, Sisters of Salome, Lincoln and London, 2002, էջ 24-26։, եւ կարելի չէ ենթադրել, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Սալոմէի իրական «ժառանգորդ» մը տեսած ըլլար։ Վարուժանի բանաստեղծական տաղանդը կրնար յղանալ իրականութիւնը ցոլացնող պատկերներ, առանց ականատես եղած ըլլալու (հմմտ. «Ջարդը»)։
Ճիշդ է հայրենի թատերագէտին այն մատնանշումը, որ Նազենիկի կերպարը կը ցոլացնէ «կենդանի, շնչող իրականութիւնը»։ Սակայն, եթէ 1908-1910ի ժամանակային մերձաւորութիւնը, զոր ան չէ նշմարած, կրնար աղօտ կռուան մը ընծայել, որ լաւագոյն պարագային միայն լուսանկարով ներկայ եղած Թինա տի Լորենցոյի վերյուշը Վարուժանի ներշնչման աղբիւր դառնար, շատ աւելի հաւանական կը թուի, որ բանաստեղծը շրջապատող իսկապէս կենդանի ու շնչող իրականութիւնը՝ յանձին Արաքսի Թաշճեանի, անմիջականօրէն յաջողէր «իր լոյսով կենդանացնել պատմութեամբ աւանդուած մի հին զրոյց»։
↑1 | Հենրիկ Յովհաննիսեան, «Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» պոէմի հերոսուհու ենթադրելի նախատիպը», Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1, 2020, էջ 81-89։ |
---|---|
↑2 | Անդ, էջ 84։ |
↑3 | Վահրամ Փափազեան, Յետադարձ հայեացք, Երեւան, 1956, էջ 145-146։ |
↑4 | Վահրամ Փափազեան, Երկեր հինգ հատորով, հատոր 1, Երեւան, 1979, էջ 148)։ Յուշագրութեան յաջորդ էջին մէջ, խօսելով Ֆրանսայի մասին, Փափազեան գրած էր, թէ «1893ի ռեւոլիւցիայից ի վեր ազնուականութեան տիտղոսը սովորական կանաչու արժէք իսկ չունի ֆրանսիացու աչքում» (նոյն, Յետադարձ, էջ 147)։ Խօսքը, յայտնապէս, միայն 1793ի կրնար վերաբերիլ ու այդպէս սրբագրուած է Բ. հրատարակութեան մէջ (նոյն, Երկեր, էջ 149)։ |
↑5 | Բաբկէն Յարութիւնեան, XIX-XX դդ. հայ թատրոնի տարեգրութիւն (1801-1922), հատոր 2. 1901-1911, Երեւան, 1980, էջ 283-295։ |
↑6 | Փափազեան, Յետադարձ, էջ 171։ |
↑7 | Անդ, էջ 181, 184։ |
↑8 | Անդ, էջ 190։ Յարութիւնեան միայն յիշած է Փափազեանի ներկայութիւնը Պաքուի մէջ (Յարութիւնեան, XIX-XX դդ. հայ թատրոնի տարեգրութիւն, էջ 283), թերեւս հիմնուելով անոր յուշագրութեան վրայ, առանց որեւէ դեր յիշելու։ |
↑9 | Փափազեան, Յետադարձ, էջ 193։ |
↑10 | Անդ, էջ 195։ Առանց աղբիւր յիշատակելու, Հ. Յովհաննիսեան իտալացի հռչակաւոր դերասան Կուսթաւօ Սալվինին դարձուցած է խումբին ղեկավարը, թէեւ «իրական ղեկավարն ու ուղղութիւն տուողը» տի Լորենցոն էր (Յովհաննիսեան, «Դ. Վարուժանի», էջ 85)։ Վ. Փափազեան Սալվինիի անունը յիշած է միայն իբրեւ այցելու՝ Միլանի մէջ իր թատերական ուսման երկրորդ տարուան ընթացքին (Փափազեան, Յետադարձ, էջ 115)։ |
↑11 | “Down in Old Mexico,” Los Angeles Times, March 3, 1908. |
↑12 | Jorge Domingo Cuadriello, “Presencia de Antón Villar Ponte en Cuba”, Grial, 141, 1999, էջ 96-97։ |
↑13 | V. Morelli, “Da Eleonora Duse a Tina di Lorenzo”, La vita italiana, 16 Luglio 1897, էջ 161։ |
↑14 | “El teatro extranjero”, El teatro, mayo de 1901, էջ 9։ |
↑15 | Lander McClintock, The Modern Drama of Italy, Boston, 1920, էջ 192։ |
↑16 | Տե՛ս անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Helen Zimmern, Italy of the Italians, New York, 1909, էջ 156։ |
↑17 | John Parker (comp.), Who’s Who in the Theatre: A Biographical Record of the Contemporary Stage, Boston, 1922, էջ 947։ |
↑18, ↑23 | Փափազեան, Յետադարձ, էջ 194։ |
↑19 | Փափազեան, Յետադարձ հայեացք, էջ 194։ |
↑20 | Poesie complete di Vittoria Aganoor, Firenze, 1912, էջ 239։ Ի դէպ, Աղանուրի «Հեռաւոր եղբայրներուն» (“Ai fratelli lontani”) բանաստեղծութիւնը վերջերս թիւրիմացաբար վերագրուած է 1908-1909ի ժամանակաշրջանին, «երբ Արեւմտեան Հայաստանում տիրում էր բռնութեան, տեղահանութեան ու կոտորածի սարսափը» (Անահիտ Սեւումեան, «Վիկտորեա Աղանուրեանի գրական ժառանգութիւնը», Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1, 2005, էջ 174), մինչ քերթուածը նուիրուած էր Գալապրիոյ (Իտալիա) 1905ի երկրաշարժին (Poesie complete, էջ 267)։ |
↑21 | Mosè Corenese, storico armeno del quinto secolo, versione di Giuseppe Cappelletti, Venezia, 1841. Storia di Mosè Corenese, versione italiana illustrata dai monaci armeni Mechitaristi ritoccata quanto allo stile di N[iccolò] Tommaseo, Venezia, 1850. |
↑22 | Anton Giulio Barrili, Semiramide, Milano, 1873։ Այս վէպը «Արա Գեղեցիկ» խորագրով 1875-1876ին անստորագիր աշխարհաբար թարգմանութեամբ հրատարակուած էր նախ «Բազմավէպ»ի մէջ, եւ ապա՝ առանձին հատորով (Արա Գեղեցիկ, պատմական վիպասանութիւն Ա. Յ. Պարրիլեայ իտալացւոյ, Վենետիկ, 1876)։ |
↑24, ↑27 | Յովհաննիսեան, «Դանիէլ Վարուժանի», էջ 87։ |
↑25 | Արծուի Բախչինեան եւ Վարդան Մատթէոսեան, Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքը եւ գործը, Երեւան, 2007, էջ 27։ |
↑26 | www.amazon.com/Tina-Lorenzo-fascino-larte-dell«encantadora»/dp/8874421176. |
↑28 | Անդ, էջ 85։ |
↑29 | Յ. Ճ. Սիրունի, «Գիծեր Դանիէլ Վարուժանի կեանքէն», Հայրենիք ամսագիր, նոյեմբեր 1923, էջ 40. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, Պուքրէշ, 1940, էջ 82։ |
↑30 | Յովհաննիսեան, «Դ. Վարուժանի», էջ 85։ |
↑31 | Առաքել Ն. Պատրիկ, Դանիէլ Վարուժան իմ յուշերում, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1968, էջ 102-104։ Թուագրուած է ըստ յուշագրողի վկայութեան (անդ, էջ 93)։ Ընդունինք, որ ժամանակագրական շփոթ մը առկայ է Ա. Պատրիկի գրածին մէջ այդ օրուան մասին, թէ Վարուժանի զուարթութիւնը «գտնւում էր մի մեծ երջակութեան վաղորդայնում», երբ «յաղթանակել էր վերջապէս երկու սիրահարների մաքուր սիրոյ անայլայլ կամքը» (անդ, էջ 97)։ Յաղթանակը տակաւին հեռու էր։ Արդարեւ, երկու շաբաթ ետք՝ 27 յուլիսին (նամակը թուագրուած է 14 յուլիս՝ հին տոմարով), Վարուժան կը գրէր Արաքսի Թաշճեանին, որ «անվեհեր, քաջ, ճարտար եւ պաղարիւն» ըլլար, ակնարկելով իրենց սիրոյ դէմ կանգուն եւ անընկճելի թուացող թումբերուն (Դանիէլ Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու երեք հատորով, հատոր 3, Երեւան, 1987, էջ 427)։ |
↑32 | Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 432։ |
↑33 | Դանիէլ Վարուժան, «Ասպետական կենցաղին», Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1911, էջ 138-139։ Կը կարծենք, որ ասիկա բաւարար հիմք չ՚ընծայեր, որպէսզի «Հարճը»ի ամբողջական երկնումը 1910 սեպտեմբեր թուագրուի (Ալբերտ Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն, Երեւան, 1984, էջ 167)։ |
↑34 | Սիրունի, «Գիծեր», էջ 49։ Հմմտ. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, էջ 146։ Հաւանաբար գրաշարական վրիպակի հետեւանքով, Սիրունիի այս վկայութիւնը մէջբերուած էր Վարուժանի ծննդեան հարիւրամեակին իբրեւ «հայկական [sic] կեանքէ առնուած խաղ մը» (Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի, էջ 228)։ |
↑35 | Յ. Ճ. Սիրունի, Ինքնակենսագրական նօթեր, Երեւան, 2006, էջ 197։ |
↑36 | Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 371, 387, 408, 424 (ընդգծումները բնագրային են)։ |
↑37 | Սիրունի, «Գիծեր», էջ 41 (հմմտ. նոյն, Դանիէլ Վարուժան, էջ 93)։ |
↑38 | Վազգէն Գաբրիէլեան, Դանիէլ Վարուժան, Երեւան, 1978, էջ 254-255։ |
↑39 | Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շրջանակը Դ. Վարուժանի շուրջ, Անթիլիաս, 1988, էջ 221-222։ |
↑40 | Թուագրումին համար, տե՛ս Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի, էջ 150, 166։ |
↑41 | Դանիէլ Վարուժան, «Գրգանք», Ազատամարտ շաբաթաթերթ-յաւելուած, 24 յուլիս / 6 օգոստոս, 1910, էջ 3։ Տե՛ս Պատրիկ, Դանիէլ Վարուժանը, էջ 97։ |
↑42 | Պատրիկ, Դանիէլ Վարուժանը, էջ 103 (ընդգծումը մերն է)։ |
↑43 | Խ. Գ. Վարդանեան, «Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» վիպերգը», «Բանբեր Երեւանի համալսարանի, 1», 1991, էջ 50։ |
↑44 | Վարուժան, Երկերի ժողովածու, էջ 428։ |
↑45 | Անդ, էջ 432։ |
↑46 | Լեւոն Լանիս, «Դանիէլ Վարուժանի հարսնիքը», Ազդակ, 26 յունուար, 1934 (արտատպուած՝ «Յուսաբեր»էն)։ |
↑47 | Յովհաննիսեան, «Դ. Վարուժանի», էջ 87-88։ |
↑48 | Տե՛ս Toni Bentley, Sisters of Salome, Lincoln and London, 2002, էջ 24-26։ |