ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԷՆ ՆԱՄԱԿԻ ՄԸ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ԲՆԱԳԻՐԸ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Լեւոն Էսաճանեան (1885-1935) 1900ական թուականներուն հրապարակ իջած եւ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ չգտած անուններու փաղանգին մաս կը կազմէ։ Անոր մահուան առիթով, գրադատ Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէր.  

Էսաճանեան մէկն էր անոնցմէ, որոնք ընդունակ էին արուեստի խենթութեան համար զոհելու ամէն բան, բացի իրենց անհատականութենէն, բարձրէն դիտել իրենց շրջապատի փոքրոգութիւնները, եւ ապրիլ նկարագրի իրենց անկախութիւնը։ Այս գիծն արդէն կը բաւէ, կը խորհինք, արժանի դառնալու համար գրական պատմութեան մէջ արդար յիշատակութեան մը[1]Ա. Արազեան [Մկրտիչ Պարսամեան], «Լեւոն Էսաճանեան», Կեանք եւ Արուեստ, մարտ 1936, էջ 85։։ 

    Սակայն, կը պարզուի, որ նման ոչ-գրական ընդունակութիւն մը բաւարար չէ յիշողութիւն ստեղծելու։ 1972ին, երաժիշտ Վրոյր Մազմանեան դիտել կու տար իր յուշագրութեան մէջ. «Ահա դէմք մը՝ որ ոչինչ կը խօսի Սփիւռքի մէջ հասակ նետած սերունդներուն։ Անոր պէս խոնարհ գրիչներուն յիշատակը ի սպառ կորսուեցաւ մեր հայկական ողբերգութեան իրադարձութիւններուն թոհուբոհին մէջ»[2]Վրոյր Մազմանեան, «Տարօրինակ բանաստեղծը՝ Լեւոն Էսաճանեան», Նայիրի, 2 յուլիս 1972, էջ 4 (յետմահու վերատպումը տե՛ս … Continue reading։   
    Դանիէլ Վարուժանէն Լ. Էսաճանեանին ուղղուած նամակի մը բնագրին վերյայտնութիւնը այս մոռցուած անունը պահ մը վերյիշելու, ինչպէս նաեւ կարգ մը անհրաժեշտ ճշդումներ ընելու առիթը կը հանդիսանայ։
    Ըստ Թէոդիկի 1910ին հրատարակած ինքնակենսագրութեան, Էսաճանեան ծնած էր Ատալիա, Շապին Գարահիսարի Թամզարա գիւղէն սերած ծնողներէ[3]«…. [Թ]աքուն մռայլութիւններ օղակ առ օղակ կը ջրվիժուին տեսողութեանս առջեւ դէպի Պոլիս, ուր կը մնամ, եւ հոնկից … Continue reading։ Թուականը կը տարուբերի 1883ի[4]Տէր Յակոբեան յիշած է 1883 իր մահագրութեան խորագրին մէջ («Լեւոն Էսաճանեան», էջ 1)։ Հմմտ. Դանիէլ Վարուժան, … Continue reading եւ 1885ի միջեւ[5]Թուականը յիշուած է Սմբատ Դաւթեանի հրատարակած կարճ կենսագրականին մէջ (Ճաշակ նոր գրականութեան. գրական ամէն … Continue reading, որ աւելի հաւանական կր թուի։
    Փոքր տարիքին, կորսնցուցած է հայրը, որ սպաննուած էր թուրքերու կողմէ, եւ անցած՝ Պոլիս, մօր հետ։ Հոն մտած է Ետի-Գուլէի ազգային որբանոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1900ին, իսկ յաջորդ տարի սկսած է աշխատակցիլ Մանզումէ էֆքեարին, «ուր ստորագրած եմ օրուան հետ ապրող յօդուածներ»[6]«Ինքնակենսագրութիւն», էջ 156։։ Այս փաստերը կը հերքեն Ս. Սարհատի այն տեղեկութիւնը, թէ «Էսաճանեան – իր ինքնութեան թուղթին համաձայն – 1890ին ծնած էր գաւառի մէկ անկիւնը, Շապին-Գարահիսար, համեստ ընտանիքի մը զաւակ»[7]Ս. Սարհատ, «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», Նայիրի, մայիս 1936, էջ 8։ Ծածկանունը թերեւս կը պատկանի յունաբնակ գրադատ … Continue reading, որ յարատեւած է մինչեւ մեր օրերը ու նուիրագործուած՝ Հայկական Հանրագիտարանին կողմէ[8]Տե՛ս «Էսաճանեան, Լեւոն», Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (այսուհետեւ՝ ՀՍՀ), հ. 4, Երեւան, Հայկական Սովետական … Continue reading։
    Աւելի ուշ, Էսաճանեան լայնօրէն աշխատակցած է պոլսահայ մամուլի բազմաթիւ անուններու առանց գաղափարական խտրութեան։ Սկզբնական տարիներուն «Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրականօրէն աշակերտելով»[9]Լեւոն Էսաճանեան, Գրական դիւցազներգ. Արշակ Չօպանեան, Աթէնք, տպարան «Նոր օր»ի, 1924, էջ 4։ Էսաճանեանի Փանդիռ … Continue reading, թաղումին մասնակցած է յուլիս 1908ին եւ այդ առիթով արտասանած քերթուածը 1909ին մաս կազմած է անոր նուիրուած բանաստեղծական երախայրիքին[10]Լեւոն Էսաճանեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Ազատ մատենաշար, թիւ 10, հրատարակիչ Վ. եւ Պ. Զարդարեան եղբարք, Կ. Պոլիս, … Continue reading։ Այս հատորիկը թիւրիմացաբար ուսումնասիրութիւն համարուած է, հաւանաբար իբրեւ հետեւանք Ս. Սարհատի գրութեան խմբագրական ծանօթութեան մը սխալ ընթերցումին[11]Հմմտ. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՍՀ, էջ 75. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՀՀ, էջ 232. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՈՈԷ, էջ 410։ Նոյն … Continue reading։
    Յունուար 1909ին, Էսաճանեան Եղիա Տէմիրճիղաշեան խորագրեալ գրքոյկէն մակագրուած օրինակ մը ղրկած է Դանիէլ Վարուժանին, որ իր համալսարանական ուսման վերջին տարեշրջանը կը բոլորէր Կանտի մէջ (Պելճիքա)[12]Ա. Ս. Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, … Continue reading։ Այնուհետեւ, ընդառաջելով մարտ 1909ի դիմումին, որ պահպանուած չէ, Վարուժան ղրկած է լուսանկար մը եւ դեռեւս անտիպ «Յաղթողը» բանաստեղծութիւնը։ Էսաճանեան ստացումը արձանագրած է 6/19 ապրիլ 1909 թուակիր իր նամակին մէջ, ուր բացատրած է «թրքահայ զարտուղի եւ իսկատիպ բանաստեղծներու» նուիրուած գործ մը հրատարակելու իր ծրագիրը, որ ի վերջոյ իրականացած չէ[13]Առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս Վարուժան, Նամականի, էջ 282-283։։ Ըստ երեւոյթին, Էսաճանեան տարբերած է «զարտուղի» եւ «իսկատիպ» բանաստեղծներու  դասակարգեր, որոնցմէ առաջինին մէջ զետեղած էր «Եղիա Տէմիրճիպաշեան գերահռչակ Զարտուղութիւնը»[14]Լ. Է., «Հայրենասէր մեծանուն բանաստեղծը՝ Եղիա», Հայրենիքի քնար, 28 օգոստոս 1908, էջ 70։։
    Մինչ այդ, 16 ապրիլին, Վարուժան «Յաղթողը» բանաստեղծութիւնը անոր ընկերացող նամակով մը առաքած էր Տիգրան Սիւրմէեանի (ապագայ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան, 1889-1951) Սասուն ամսաթերթին։ Նամակն ու բանաստեղծութիւնը Պոլիս հասած են ամսուն վերջը, ամսաթերթի երկրորդ՝ Ապրիլի թիւի տպագրութեան նախօրեակին։ Այս պատճառով, նամակը օգտագործուած է էջադրական բաց մը գոցելու եւ զետեղուած է էջատակին[15](Անխորագիր), Սասուն, ապրիլ 1909, էջ 54։, իսկ բանաստեղծութիւնը մնացած է յաջորդ թիւին[16]Դանիէլ Վարուժան, «Յաղթողը», Սասուն, մայիս 1909, էջ 102-103 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, Կ. Պոլիս, հրատ. Արծիւ ժող. … Continue reading։ Տասնամեակ մը ետք, Էսաճանեան վկայած է, առանց մանրամասնութիւններ տալու իր ակնարկութեան մասին, թէ «Յաղթողը, որուն Վարուժան մասնաւոր արժէք կուտար մտերիմ անվերապահ խօսակցութեանց պահուն՝ հիւսիսի [գրականութեան] կենսառոյգ ու լուսակառոյց խունկերով կը վառի»[17]Լեւոն Էսաճանեան, Անմահները. Դանիէլ Վարուժան (կեանքը եւ գործը), Պոլիս, տպարան Մ. Սանճագճեան, 1919, էջ 44։։ Անձնական յարաբերութեան այս վկայութիւնը կ՚ամրապնդուի այն իրողութեամբ, որ 25 օգոստոս 1913ին, Էսաճանեան ներկայ եղած է Վարուժանի «Նաւասարդեան» բանաստեղծութեան ծնունդին Բերայի սրճարանի մը մէջ՝ Յ. Ճ. Սիրունիի հետ[18]Յ. Ճ. Սիրունի, «Տասնամեակ մը», Նաւասարդ, Ա. պրակ, 1923, էջ 3։։ «Ինքնատիպ յուշեր ունէր հայ գրչի մեծ վարպետներու կեանքէն։ Զօհրապի, Վարուժանի, Սիամանթոյի յուշերուն կը մօտենար ակնածանքով», գրած է Ս. Սարհատ[19]Սարհատ, «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», էջ 8։։
    Էսաճանեան վերոյիշեալ ապրիլ 1909ի նամակին կցած էր Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներու տակ նորատիպ հատորը[20]Լեւոն Էսաճանեան, Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներուն վրայ, Կ. Պոլիս, հրատարակիչ Յ. Գլըճեան գրատուն, 1909։ Գիրքի … Continue reading։ Զայն գնահատող իր պատասխանին մէջ, Վարուժան շեշտած է, որ նպատակ ունեցած էր նամակ գրելու գիրքի ստացումէն առաջ, ինչ որ կը բացառէ, որ նախընթաց նամակագրութիւն գոյութիւն ունեցած ըլլայ։ Էսաճանեան պոլսահայ մամուլին մէջ հրատարակուած իր բանաստեղծութիւններուն մէկ մասը ամփոփած է Փանդիռ հատորին մէջ (1911), որուն վերջին էջին մէջ մէջբերուած են վկայութիւններ, որոնք կը կազմէին «գլխաւոր կորիզը կարգ մը ամբողջական գրութիւններու, գրական առիթներով արդէն իսկ արտայայտուած»։ Հոն երեւցած են Վարուժանի հետեւեալ տողերը.

Ձեր տաղանդը ինծի շատ մտերիմ կը թուի. չգիտեմ ինչո՛ւ համար.— երկու եղբայրներ՝ որ իրարու չեն նմանիր, բայց եղբայրներ են վերջապէս.— Ահա առնչութիւնը՝ զոր մեր մէջ կը գտնեմ։ Պոլսոյ նոր գրողներուն մէջ հազիւ 3-4 հոգի կայ՝ որոնց բանաստեղծութեան վրայ խոր հաւատք ունենամ։ Դուք մեկն էք անոնցմէ, որուն ճակտին վրայ արեւը իր մէկ ճառագայթով “գեղեցկութեան քուրմ” գրած է[21]Լեւոն Էսաճանեան, Փանդիռ, Կ. Պոլիս, տպագր. Մ. Տէր Սահակեան, 1911, էջ [127]։ Այս գիրքին առիթով, Յակոբ Օշական ընդհանուր … Continue reading։ 

    Մեծ Եղեռնի մանգաղը արեւմտահայ մտաւորականութեան ծաղիկը պիտի հնձէր եւ արեւմտահայութեան մնացորդացի կեանքը անդառնալիօրէն փոխէր։ Վարուժան նահատակուած է, իսկ Էսաճանեան՝ Անգարա աքսորուած. 

Անգարայի կառավարական վիթխարի շէնքը – ուր գացինք քննութեան ենթարկուելու – բաւական եղած էր սքօղելու հայկական մշակոյթի եւ գործունէութեան ամէն տեսիլ, երբ մանաւանդ երեկոյեան մութին, արդէն ինկած էինք տեղւոյն բանտը, անկէց ալ Եօզկատ փոխադրուելու, զոր թուրք կառավարութիւնը ընդհ. պատերազմին բերումով պաշտօնական եւ պետական աքսորավայր ընտրած էր Չորում քաղաքին հետ[22]Լեւոն Էսաճանեան, «Սիպիլ. մեծ հայուհին եւ իր դերը», Նայիրի, յունիս 1936, էջ 41։։

    Ըստ Մազմանեանի, Էսաճանեան մնացած է Եոզղատ թրքերէնի հմտութեան շնորհիւ, եւ «թուրք ազդեցիկ այդ էշրաֆը զինքը կ՚ազատէ սպանդէ ու պատերազմի տարիներուն Էսաճանեանը կը պահեն հոն որպէս իրենց արզուալները գրող եւ նմանապէս իրենց խնջոյքներուն պատուական շարքի երգող…»[23]Մազմանեան, «Տարօրինակ բանաստեղծը», էջ 4։։ Սակայն, Թէոդիկ նշած էր զայն որպէս «Եօզղատ, ապա Սինոպ բերդարգել»[24]«Ապրիլ Տասնըմէկ 1915», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Ժ.-ԺԴ. տարի, Կ. Պոլիս, տպ. Կ. Քէշիշեան, 1916-1920 (Բ. հրատ., Հալէպ, … Continue reading, իսկ Արմենակ Տէր Յակոբեան գրած է. «1915ին դատարանի վճռով հետիոտն մինչեւ Սինոպ քալեց իբրեւ բերդարգելութեան դատապարտուած, միսն ու ոսկորը տօթահար, ոտքերը ճեղքուած, վրան քրքլեակներով, ստոյիկեանի մը նման պահելով իր աղուոր գլուխը եւ պճլտուն աչքերը»[25]Արմենակ Տէր Յակոբեան, «Լեւոն Էսաճանեան (1883-1935)», Արամազդ, 14 յունուար 1936, էջ 1։։    
    1918ին, Զինադադարէն ետք, Էսաճանեան Պոլիս վերադարձած է։ Յաջորդ տարի հրատարակած է Վարուժանին նուիրուած փոքրածաւալ մենագրութիւն մը, որ առաջինը եղած է։ Մկրտիչ Պարսամեանի կողմէ խիստ քննադատութեան ենթարկուած է իբրեւ «գաղափարներու տարտամ ու շփոթ ամբողջութիւն մը», որ «գոյութեան իրաւունք չունի, որովհետեւ հոն չէ՛ ուսումնասիրուած իր արժանիքի ու տաղանդի բովանդակութեանն ու խորութեանը մէջ Հայ Բանաստեղծը, որուն արուեստը մեր լճացած գրականութեան մէջ ոչ թէ «համեստ», ինչպէս կը սիրէք որակել, այլ ամենէն փառաւոր յաղթանակը տարաւ»[26]Մկրտիչ Պարսամեան, «Դանիէլ Վարուժան.- (Կեանքը եւ գործը), գրեց՝ Լեւոն Էսաճանեան, 1919», Շանթ, 7 Յունիս 1919, էջ 373, 375։։
    Գրքոյկին մէջ, Էսաճանեան Վարուժանի մէկ նամակէն հետեւեալ մէջբերումը ըրած էր, աւելցնելով, թէ ան «գաւառէն գրած իր մէկ նամակով կը յայտնէր ինծի իր դաւանանքը զմայլելիօրէն».

Գեղեցիկը դպրոց չունի, գեղեցկութիւնը բազմանկիւն հատուածակողմ մըն է, մեծ արուեստագէտին հոգին վերէն ուղղահայեաց նայող արեւու պէս այդ բիւրեղէ հատուածակողմին ամէն անկիւններէն շողեր կ՚արձակէ։ Եթէ գեղեցիկը արտայայտելու տարբեր ձեւերուն մէջ կը կայանան գեղարուեստական դպրոցները, ես կը կարծեմ թէ բնութեան եւ հոգւոյն գեղեցկութիւնները մէկ կերպով ճշգրտօրէն կ՚արտայայտուին,- զանոնք նկարել ինչպէս որ են։ Իրապաշտ գուցէ կարծեն զիս. կ՚ընդունիմ. բայց իրապաշտութիւնը դպրոց մը դաւանողները կը սխալին, իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամէնէն ուղիղ գիծն է։ Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները, որոնք իր ստորաբաժանումներն են լոկ. բնութիւնը իր խորհրդաւորութիւնները ունի, իր անսանձ մրրիկներն ունի, կամ իր միջօրէի արեւուն միակտուր խաղաղութիւնը. ասոնք փոխն ի փոխ նկարելով ինչպէս որ են, ի՛նչպէս որ մեր հոգիին վրայ կը ցոլան, մենք փոխն ի փոխ կ՚ըլլանք խորհրդապաշտ, րոմանդիք, դասական, հետեւաբար գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար ես պիտի սիրէի տալ այս բոլորը միանգամայն, բնութիւնը ինչ որ է եւ ինչպէս որ է, մէկ քերթուածի, մէկ տունի, նոյնիսկ մէկ տողի մէջ մերթ ըլլալով, միեւնոյն անգամ դասական եւ խորհրդապաշտ, րոմանդիկ եւ գաղափարապաշտ։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար իրապաշտութիւնն յատուկ դպրոց մը ընդունիլը ծիծաղելի կը թուի ինծի[27]Մկրտիչ Պարսամեան, «Դանիէլ Վարուժան.- (Կեանքը եւ գործը), գրեց՝ Լեւոն Էսաճանեան, 1919», Շանթ, 7 Յունիս 1919, էջ 373, 375։։

    Քեմալական շարժման հետեւանքով, Էսաճանեան շատերու նման Պոլիսը լքած եւ 1922ին հաստատուած է Յունաստան։ Սփիւռքահայ բազմաթիւ պարբերականներու աշխատակցած է մինչեւ կեանքին վերջը[28]Մկրտիչ Պարսամեան, «Դանիէլ Վարուժան.- (Կեանքը եւ գործը), գրեց՝ Լեւոն Էսաճանեան, 1919», Շանթ, 7 Յունիս 1919, էջ 373, 375։։ Շարունակած է ուսուցչութեամբ զբաղիլ իբրեւ «իտէալիստ մը որ դրական ու իրական կեանքին հետ կապ ու հաշիւ չէ ունեցած, ու այդ իսկ պատճառով նիւթական թշուառ ու դժբախտ պարագաներու մէջ մեռած է»[29]Ա. Տ. Մ., «Լեւոն Էսաճանեան», էջ 414։, 29 կամ 30 դեկտեմբեր 1935ին[30]29 դեկտեմբերը կու գայ Աթէնքի Արամազդ եւ Նոր Օր օրաթերթերէն (տե՛ս «Մահ Լեւոն Էսաճանեանի», էջ 1. ««Բանաստեղծ … Continue reading։ Թաղուած է Գոքինիոյ գերեզմանատան մէջ։ Աթէնքի Նոր Օրը գրած է, ի միջի այլոց. 

Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան լքուած եւ անպաշտպան կեանք ապրեցաւ Յունաստանի մէջ, 1924էն սկսեալ։ Ըլլան ազգային իշխանութիւնները, ըլլան միութիւնները եւ ժողովուրդը չգնահատեցին անոր գրական արժանիքը եւ յարգանքի պակաս ունեցան գրչի մարդուն հանդէպ։ Էսաճանեանի մահը սրտի կաթուածի հետեւանք է, բայց անոր առողջ կազմին մէջ այդ ախտին ճարակ գտնելու պատճառը պէտք է փնտռել անոր թշուառութեան եւ ապրուստի անվերջ հոգերուն մէջ։ 12 տարի Էսաճանեան կիսաքաղց ապրեցաւ։ Դառն ճշմարտութիւններու հրապարակումով, յիշատակը ստուերոտել չենք ուզեր։ Բայց աթենահայութիւնը պէտք է գիտնայ թէ պատասխանատուութեան բաժին մ՚ունի բանաստեղծի վաղահաս մահուան մէջ[31]Մէջբերումը տե՛ս «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան մեռած», էջ 2։։

    Շաւարշ Միսաքեան, որ Էսաճանեանը ճանչցած էր Ազատամարտի գրական յաւելուածի ժամանակէն (1910) եւ ապա հանդիպած՝ Աթէնքի մէջ, վկայած է.

    Վերջին արտագաղթէն ի վեր Յունաստան ինկած ըլլալով, հոն կը գրէր ու կը տպէր, ամէնէն շատ՝ Նոր Օրի մէջ, թէեւ յաճախ կը նետուէր ցանկապատէ ցանկապատ, միշտ իբրեւ հետեւանք իր բնաւորութեան եւ անտանելի կացութեան մը։  
    Գո՞րծը,- վարժապետ, ցմրուր քամած սեւ թշուառութեան մը լեղին։ 1932ին, արդէն յիսուննոց, աւերակ մը դարձած էր Աթէնքի մէջ, պնակ մը տաք ապուրի կարօտէն։
    Նոր Օրէն կ՚իմանամ թէ այս տարի պաշտօն չէ գտեր։ «Պատահած է որ անօթի մնացած է քանի մը օր եւ Գոքինիայէն մինչեւ Աթէնք ոտքով ճամբորդած» (կէս ժամ ինքնաշարժով)։
    Եւ սակայն կը շարունակէր գրել։ Վերջին գրութիւնը նուիրուած էր Ռ. Որբերեանին։ Անշուշտ ձեռագիրներու կոյտ մը ձգած է իր ետին, որոնց տէր պէտք է կանգնիլ։
    Դեռ քանինե՜ր այսպէս…»[32]Վահէ [Շաւարշ Միսաքեան], «Լեւոն Էսաճանեան», Յառաջ, 7 յունուար 1936, էջ 1։։

    Արդարեւ, Նոր Օր սիւնակ մը բացած է՝ Էսաճանեանի Պարթենոն  բանաստեղծական հատորի յետմահու հրատարակութեան ի խնդիր[33]«Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», էջ 2։։ Այնուհետեւ ստեղծուած է յանձնախումբ մը այդ նպատակով[34]Ն., «Նօթեր», Նայիրի, փետրուար-մարտ 1937, էջ 195-196։, սակայն անտիպ մնացած է[35]«Լեւոն Էսաճանեան», Ամէնուն տարեգիրքը, էջ 140։ Հմմտ. Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, էջ 341։։  
    Էսաճանեանէն անտիպ բանաստեղծութիւններ եւ յօդուածներ լոյս տեսած են մամուլին մէջ յաջորդ երեք տասնամեակներուն, բայց մեզի ծանօթ չէ անոր արխիւին, ներառեալ՝ Վարուժանի նամակին ճակատագիրը։ Սակայն, բարեբախտաբար, Յ. Ճ. Սիրունի նամակը ընդօրինակած էր, յայտնի չէ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ, ու հետագային յղած՝ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին[36]Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան (ԳԱԹ), Դանիէլ Վարուժանի ֆոնտ, թ. 102 (76) (այսուհետեւ՝ … Continue reading։ Ընդօրինակութիւնը հիմք եղած է Գոհար Ազնաւորեանին՝ նամակի ամբողջական հրատարակութիւնը կատարելու (1965ին)[37]Վարուժան, Նամականի, էջ 176-178։ Արտատպումը տե՛ս նոյն, Երկեր, Երեւան, «Սովետական գրող» հրատարակչութիւն, 1984, էջ … Continue reading, ինչպէս եւ երկրորդ հրատարակութեան՝ Վարուժանի երկերու լիակատար ժողովածուին մէջ[38]ԵԼԺ, էջ 411-413։ Ծանօթագրութիւններուն մէջ գրուած է, թէ Վարուժան պատասխանած էր չպահպանուած նամակի մը (անդ, էջ 614), … Continue reading։ 
    Ինչպէս կը պարզուի, Վարուժանի նամակը Էսաճանեանի 1911ի եւ 1919ի մէջբերումներուն աղբիւրը եղած է, թէեւ յիշողութեան վրէպով նամակին գրութեան վայրը համարուած է գաւառը։ Հայրենի հրատարակիչները վկայակոչած են 1919ի մենագրութիւնը իբրեւ առաջին մասնակի տպագրութիւն[39]Վարուժանի, Նամականի, էջ 327. ԵԼԺ, էջ 614։, բայց, ըստ ամենայնի, ծանօթ եղած չեն Փանդիռի մէջբերումին 1911ին։ 
    Մինչ Էսաճանեան խորհրդապաշտութիւնը կը դաւանէր իր նամակին վերջաւորութեան, Վարուժան իր պատասխանին մէջ կ՚ընդգծէր իրապաշտութիւնը որպէս տեսակ մը մայր գիծ, որ կ՚ընդգրկէր տարբեր գրական դպրոցները իբրեւ ստորաբաժանումներ, շեշտելով, որ անհրաժեշտ էր, «գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար (…) տալ այս բոլորը միանգամայն»։ Այս կեցուածքը փոխուած է «Գրական դպրոցներ» յետմահու հրատարակուած դասախօսութեան մէջ (1912), ուր իրապաշտութիւնը յիշուած է միւս գրական ուղղութիւններուն առընթեր[40]Տե՛ս Դանիէլ Վարուժան, «Գրական դպրոցներ», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Փարիզ, տպ. Մասիս, 1928, էջ 343։։
    Մեզի անծանօթ մեկնակէտով, Գ. Ազնաւուրեան ենթադրած էր, որ Վարուժանի նամակը «ամբողջութեամբ պէտք է, որ տպուած լինի Պոլսի մամուլում, սակայն չկարողացանք գտնել»[41]Վարուժան, Նամականի, էջ 327։։ Վերջերս, դիպուածով առիթը ունեցանք բացայայտելու այդ աղբիւրը՝ 1884ին Արփիար Արփիարեանի կողմէ հիմնուած Արեւելք օրաթերթը, որ յաջողած էր վերապրիլ համիտեան բռնակալութեան եւ սեպտեմբեր 1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, առաւօտեան թերթի վերածուած էր։ Խմբագրապետութիւնը ստանձնած էր Մեծ Եղեռնի ապագայ զոհերէն Երուանդ Սրմաքէշխանլեանը (Երուխան), որ Պոլիս վերադարձած էր, Պուլկարիա եւ Եգիպտոս 12ամեայ տարագրութեան վերջ դնելով[42]«Հայ-ազգային լուրեր», Բիւզանդիոն, 30 օգոստոս / 12 սեպտեմբեր 1909, էջ 3։ 1909ին, Երուխան վկայած է. «Յայտնի է թէ … Continue reading։ Լ. Էսաճանեան, որուն անունը այս շրջանին պոլսահայ բոլոր թերթերուն մէջ կ՚երեւէր, հրատարակութեան յանձնած է նամակը զանց ընելով թուականն ու վայրը, որոնք սուրանկիւն փակագիծերով աւելցուած են Սիրունիի կողմէ[43]Հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411։։ 
    1965ի եւ 1987ի հրատարակութիւններուն մէջ, Էսաճանեանի ու Վարուժանի նամակները լոյս տեսած էին խորհրդահայ ուղղագրութեամբ։ Թղթածրարի ուղղագրական հարազատ վիճակը կը վերականգնենք օգտագործելով Արեւելքի նորայայտ տպագրութիւնը, ուր լռելեայն ուղղած ենք գրաշարական աննշան վրիպակներ, եւ Էսաճանեանի նամակին հեղինակային ձեռագիրը։
    Վարուժանի նամակի ծանօթագրութիւններուն մէջ, Սիրունիի ընդօրինակութեան հետ համեմատութեան կողքին, նաեւ նշած ենք այդ ընօրինակութենէն անկախաբար ծնունդ առած Նամականիի եւ Երկերի լիակատար ժողովածուի տարընթերցումներ։ Զանց ըրած ենք նշել այդ հրատարակութիւններուն մէջ կատարուած ուղղագրական (օր. ինձի < «ինծի», կ՚սկսի < «կը սկսի», ռոմանթիկ < «րոմանդիկ») եւ կէտադրական փոփոխութիւնները։ 

 

Ա.[44]ԳԱԹ, Դանիէլ Վարուժանի ֆոնտ, թ. 207 (157)։

Սիրելի 
Պր. Դանիէլ Վարուժան,
Կանտ

Ստացայ Ձեր լուսանկարն ու Ձեր դիւցազներգութիւնը՝ «Յաղթողը» խորագիրով, երկուքն ալ անտիպ, որոնց համար իմ խորին եւ անկեղծ շնորհակալութիւններս եւ հիացումս կը յայտնեմ։ Մտադրած եմ թրքահայ զարտուղի եւ իսկատիպ բանաստեղծներու – թիւով շատ նուազ – վրայ երկ մը լոյս ընծայել[45]Այս հատորը լոյս տեսած չէ։, ուր Ձեր ներկայութիւնը իր «Յաղթողը», «Վահագն»[46]Դանիէլ Վարուժան, «Վահագն», Ազդակ, 24 Յունուար / 6 Փետրուար 1909, էջ 101-103 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, էջ 157-161)։ եւ «Կարօտի նամակ»[47]Դ. Վարուժան, «Կարօտի նամակ», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Գ. տարի, Կ. Պոլիս, [ա. տ], 1909, էջ 76-77 (հմմտ. նոյն, Ցեղին … Continue reading անուն պատուաբեր հետեւորդներով պիտի գրաւէ ամէնէն գերընտիր անկիւնը՝ գէթ Եղիա Տէմիրճիպաշեան[48]Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908), պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ։ կոչուած ահաւոր morbideէն[49]Ախտաւոր (ֆրանսերէն)։ Հմմտ. Էսաճանեանի թարգմանութիւնը («Ինքնակենսագրութիւն», էջ 156)։ ետք։  
    Ձեր «Ջարդը»[50]
Դ. Վարուժան, Ջարդը (1895-1896), Փարիզ, տպագր. Տ. Տօղրամաճեան, 1908 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, էջ 97-110)։ անցեալ օր, Շահզատէ Պաշիի ծանօթ թատրոնին մէջ արտասանուեցաւ դերասան Պր. Վահրամ Փափազեանի[51]Վահրամ Փափազեան (1888-1968), արեւմտահայ հռչակաւոր դերասան, որ 1922էն ետք իր գործունէութիւնը շարունակած է … Continue reading կողմէ։ Թատրոնին մէջ ես ալ ներկայ էի, եւ արտասանողին հրամցուած յարգանքի ծափերէն ետք՝ իմ «կեցցէ՛ հեղինակը» ազդարարութեանս վրայ կրկին ծափահարութիւն մը կատարուեցաւ, աւելի շահագրգռական[52]3 օգոստոս 1908ին, Թէոդիկի մղումով («Վահրամ Փափազեան», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, ԺԷ. տարի, Կ. Պոլիս, … Continue reading։
    Արտ. Յարութիւնեան
[53]Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915), արեւմտահայ բանաստեղծ եւ գրաքննադատ, Մեծ Եղեռնի զոհերէն։՝ Բիւզանդիոն[54]«Բիւզանդիոն», պոլսահայ օրաթերթ (1896-1918)։ Հիմնադիր ու խմբագրապետ՝ Բիւզանդ Քէչեան։ օրաթերթին մէջ, Ձեր «Վահագն»ին լաւ տողեր նուիրած էր իր օրուան գրական քրոնիկներուն առիթով, պատուիրելով ամենուն՝ ընթերցումը այդ դիւցազներգութեան[55]Արտաշէս Յարութիւնեան, «Գիրքեր եւ դէմքեր», Բիւզանդիոն, 23 փետրուար / 8 մարտ 1909, էջ 1։, զոր Սմբ. Դաւթեան[56]Սմբատ Դաւթեան (1858-1926), արեւմտահայ մանկավարժ ու թատերագէտ։ Հրատարակած է բազմաթիւ դասագիրքեր։ իր նոր հաւաքածուին մէջ պիտի առնէ[57]Տե՛ս Ճաշակ նոր գրականութեան, էջ 46-50։։
    Այս ցանցառակի տողերը, զորս այստեղ կը մէջբերեմ, պատճառ մը չեն կրնար ըլլալ իմ հիացմանս ալ արտայայտութիւններուն։ Տարիներ առաջ, երբ հին ռէժիմ
[58]Կ՚ակնարկէ Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին։ էր, Ձեր մէկ քանի իսկատիպ բանաստեղծութիւնները կարդացած ըլլալով, փափաք ունեցած էի «Արեւելք»ի մէջ այդ առիթով անծանօթ խիստ տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ներկայացնելու, բայց կարծելով թէ կրնայ ըլլալ որ Ձեր անունը իբրեւ փախստական յեղափոխական մը կարծուի, կամ Եւրոպա բնակող հայ մը, որուն ինքնութիւնը դեռ անծանօթ է, այդ պատճառներով զգուշութիւն համարեցի լռութիւն պահել մինչեւ որ հաւատք ունեցայ թէ ճառագայթը թաղուած չէ։
    Այս հապճեպ տողերէն վերջ աւելցնեմ թէ Ձեր «Յաղթողը» ինծի կը յիշեցնէ Լըգօնդ Տը Լիլը
[59]Շառլ Լըքոնթ տը Լիլ (1818-1894), ֆրանսացի բանաստեղծ։ Պառնասեան շարժումի գլխաւոր անուններէն մէկը եղած է։, որ դասականութիւնը խորհրդապաշտութեամբ ընդունեց, եւ այդ վարդապետութեամբ տոգորուած մէկը համարեցէք եւ զիս։

          Բարեւելով Ձեզ եւ Ձեր «մուսայ»ին  
          մնամ յարգանքով՝
          ԼԵՒՈՆ ԷՍԱՃԱՆԵԱՆ

1909 ապրիլ 6/19 
Կ. Պոլիս

 

Բ.[60]«Գրախօսական նամակներ», Արեւելք, 25 մայիս / 7 յունիս 1909, էջ 1։

[Կանտ, 1909 Մայիս]

Սիրելի քնարակից,
Լեւոն Էսաճանեան

Ձեր նամակը եւ գիրքը[61]Սիրունի՝ գիրը (հմմտ. ՜Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։ ստացայ. խորապէս շնորհակալ եմ ինծի ըրած նուիրականնուդ[62]Սիրունի՝ ընծայականնուդ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։ Ընծայականին բնագիրը տե՛ս Շարուրեան, … Continue reading։ Ձեր Այրած քնարը Արաբիոյ խանձած բուրումներով բոլորովին տոգորուն էր։ Հայրենի աւերակներէն նոր դուրս ելած մարդու կը նմանէիք. Ձեր քղամիդին ծայրերը այրած էին եւ մազերնուդ մէջէն մոխիր կը վտակուէր։ Ընդունեցէք հիացումս. այս բառը մեր ամէն նոր բանաստեղծներուն չեմ համարձակիր ըսելու, վայրկեան մը վերջը չզղջալու համար։ Համակրութիւնը՝ զոր[63]Սիրունի՝ որ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։ մէջս ծնած է Ձեզ[64]Սիրունի ամէնուրեք «ձեզ» եւ «ձեր» գրած է։ Հայաստանեան հրատարակութիւններուն մէջ՝ գլխագիր։ հանդէպ՝ Ազդակ[65]Ազդակ, «շաբաթաթերթ գրական, հասարակական, քաղաքական» (32րդ թիւէն՝ «երիտասարդ շաբաթաթերթ գրական եւ … Continue readingի մէջ կարդացած մէկ քերթուածներնէդ[66]Սիրունի՝ քերթուածներնէդ։ Հմմտ. քերթուածնէդ (Վարուժան, Նամականի, էջ 176), քերթուածներէդ (ԵԼԺ, էջ 412)։ կը սկսի նախ[67]Տե՛ս Լեւոն Էսաճանեան, «Արաղչի», Ազդակ, 5/18 յունուար 1909, էջ 60. «Օրրերգ», Ազդակ, 28 փետրուար / 13 մարտ 1909, էջ 181։ Հմմտ. … Continue reading. Ձեր տաղանդը ինծի շատ մտերիմ կը թուի. չգիտեմ ինչո՛ւ համար— երկու եղբայրներ որ իրարու չեն նմանիր, բայց եղբայրներ են վերջապէս։ Ահա առնչութիւնը՝ զոր մեր մէջ կը գտնեմ։ Դեռ Ձեր գիրքը չստացած կ՚ուզէի Ձեզի նամակ մը գրել. մտադրութիւն մը որ զբաղումներս չթողուցին որ իրագործուի— նոյն իսկ[68]Սիրունի՝ նոյն իսկ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176), նոյնիսկ (ԵԼԺ, էջ 412)։ այս նամակովս ալ երկար պիտի ըլլայ ամէն ինչ ըսել՝ որ կը վերաբերի Ձեզի[.] մատնանշել՝ թէ տաղանդներնուդ[69]Սիրունի՝ տաղանդներնուդ։ Հմմտ. տաղանդերուդ (Վարուժան, Նամականի, էջ 176), տաղանդներուդ (ԵԼԺ, էջ 412)։ ո՛ր կէտերն են (հաւատացէք որ շատ են այդ կէտերը եւ տիրական) զոր ես անխառն զմայլանքով կը սիրեմ. յետոյ Ձեզի դիտե՛լ[70]Սիրունի շեշտը հանած է (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։ տալ կ՚ուզէի արուեստի եւ մանաւանդ լեզուի քանի մը աններդաշնակութիւններ՝ որոնք, ճիշդ է, Ձեր թռիչքը չեն կասեցներ, բայց շատ մը չքնաղ պատկերներ եւ իրական զգացումներ կը բծաւորեն եւ մութի մէջ կը թողուն։ Փնտռուած եւ իրական պատկերները[71]Սիրունի՝ պատկերներ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։ իրարու հետ պէտք չէ շփոթել։ Իբրեւ օրինակ մը եթէ կ՚ուզէք ըսեմ թէ Ձեր Այրած քնարին 15րդ տան վերջին տողերը կարծէք[72]Սիրունի՝ կարծէք թէ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։ կը պարունակեն բռնի պատկերներ[73]Նկատի ունի հետեւեալ տողերը.  «Ուր են պայերըդ ջուրի, ո՞ւր են, ըսէ, Ջուրըդ, քերթուած, ուր Լեդեան մը չկա՜յ … Continue reading. իսկ ընդհակառակը (օրինակի համար) հետեւեալ տողը ո՛րքան ճշմարիտ է իր ինքնուրոյնութեան մէջ, ո՛րքան թարմ ու գեղեցիկ[.]   
    Աղաւնի մը կ՚ըմպէ անոր քարին վրայ խո՛ր փորուած «Աստ հանգչի»ի գրախորշին մէջ հաւաքուող[74]Սիրունի՝ հաւաքուած (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։ ջուրերէն[75]«Աղաւնի մը կ՚ըմպէ անոր քարին վրայ խո՛ր փորուած «Աստ հանգչի»ի գրախորշին մէջ հաւաքուող ջուրերէն» (Էսաճանեան, … Continue reading։
    Սիրելի Քերթող[76]
Սիրունի՝ Քերթող (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176), քերթող (ԵԼԺ, էջ 411)։, չկարծէք որ իբր քննադատութիւն կ՚ըսեմ. Ձեր տաղանդը սաստիկ սիրելուս կը բաղձամ զայն Միքէլ Անճէլոյի մը ձեռքէն ելած մարմարի մը նման անբիծ ու կատարեալ տեսնել։ Պոլսոյ նոր գրողներուն մէջ հազիւ 3-4 հոգի կայ՝ որոնց բանաստեղծութեան վրայ խոր հաւատք ունենամ։ Դուք մէկն էք անոնցմէ, որուն ճակատին[77]Սիրունի՝ ճակատին (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 177), ճակտին (ԵԼԺ, էջ 412)։ վրայ արեւը իր մէկ ճառագայթով «գեղեցկութեան քուրմ» գրած է. զոհեցէք ձեր սիրտը ժողովուրդին համար. այդ է ձեր պաշտօնը. մի՜շտ յաջողութիւն։
    Ըլլա՛յ ձեր արուեստին, ըլլա՛յ գրական վարդապետութիւններու մասին, մանրամասն խօսիլ երկար պիտի ըլլայ նամակով ու գրեթէ անկարելի
[78]անկարելի է (Վարուժան Նամականի, էջ 177. ԵԼԺ, էջ 412)։։ Այս ամառ շատ կարելի է Պոլիս կուգամ. այն ատեն ինծի քաղցր է Ձեզ գտնել ու ունենալ հետերնիդ կարծիքներու ու ճաշակներու փոխանցում։ Առայժմ այսքանը ըսեմ թէ միշտ անտրամաբան գտած եմ գրական դպրոցներու բաժանումը. ըստ իս գեղեցիկը դպրոց չունի. գեղեցկութիւնը բազմանկիւն հատուածակողմ մըն է. մեծ արուեստագէտին հոգին վերէն ուղղահայեաց նայող արեւու պէս այդ բիւրեղէ հատուածակողմին ամէն անկիւններէն շողեր կ՚արձակէ։ Եթէ գեղեցիկը արտայայտելու տարբեր ձեւերուն մէջ կը կայանայ[79]կայանան (Վարուժան, Նամականի, էջ 177. ԵԼԺ, էջ 413)։ գեղարուեստական դպրոցները, ես կարծեմ թէ բնութեան եւ հոգւոյն գեղեցկութիւնները մէկ կերպով ճշգրտօրէն կ՚արտայայտուին— զանոնք նկատել ինչպէս որ են։ Իրապաշտ գուցէ կոչէք զիս. կ՚ընդունիմ, բայց իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամենէն ուղիղ գիծն է։ Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները՝ որոնք իր ստորաբաժանումներն են լոկ. բնութիւնը իր խորհրդաւորութիւնները ունի, իր անսանձ մրրիկները ունի, կամ իր միջօրէի արեւուն միակտուր խաղաղութիւնը. ասոնք փոխն ի փոխ նկարելով ի՛նչպէս որ են, ի՛նչպէս որ մեր հոգիին վրայ փոխն ի փոխ կը ցոլան[,] մենք փոխն ի փոխ կ՚ըլլանք խորհրդապաշտ, րոմանդիկ, դասական. հետեւաբար գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար ես պիտի սիրէի տալ այս բոլորը միանգամայն, բնութիւնը ինչ որ է եւ ինչպէս որ է, մէկ քերթուածի, մէկ տունի, նոյնիսկ մէկ տողի մէջ, մերթ ըլլալով, միեւնոյն անգամ, դասական եւ խորհրդապաշտ, րոմանդիկ եւ գաղափարապաշտ։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար իրապաշտութիւնը յատուկ դպրոց մը ընդունիլը ծիծաղելի կը թուի ինծի. իսկ զայն չընդունիլը, ընդունելով միայն իր ստորաբաժանումները՝ արուեստի սեղմում, շունչի դիւրանուաղում։ Երկարեցի նամակս, բաց զայն վերջացնելէ առաջ պարտք կը համարիմ[80]համարեմ (Վարուժան, Նամականի, էջ 178. ԵԼԺ, էջ 414)։ շնորհակալ ըլլալու ձեզ քանի մը ոտանաւորներուս վրայ ձեր տուած տեղեկութիւններուն համար։ Կը տեսնեմ որ ձեր մէջ միայն եղբայրակից մը գտած չեմ այլ եղբայր մըն ալ։

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 1

 

References
1 Ա. Արազեան [Մկրտիչ Պարսամեան], «Լեւոն Էսաճանեան», Կեանք եւ Արուեստ, մարտ 1936, էջ 85։
2 Վրոյր Մազմանեան, «Տարօրինակ բանաստեղծը՝ Լեւոն Էսաճանեան», Նայիրի, 2 յուլիս 1972, էջ 4 (յետմահու վերատպումը տե՛ս նոյն, Յուշեր եւ վկայութիւններ, Պէյրութ, տպ. Կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1991, էջ 238-247)։
3 «…. [Թ]աքուն մռայլութիւններ օղակ առ օղակ կը ջրվիժուին տեսողութեանս առջեւ դէպի Պոլիս, ուր կը մնամ, եւ հոնկից դէպի Ատալիա (Միջերկրականի համանուն ծոցին վրայ կանգնուած պատմական բերդաքաղաք) ուր ծնած եմ, թուականը մօրս հարցնելու է, մինչ մեր բոլոր զարմերը սերած են Թամզարա[յ]էն, վարդագոյն դրախտավայրը Շապին Գարահիսարին» («Ինքնակենսագրութիւն», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, չորրորդ տարի, Կ. Պոլիս, տպ. Վ. եւ Հ. Տէր Ներսէսեան, 1910 [Բ. հրատ., Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 2007], էջ 155)։ Հմմտ. «Մահ Լեւոն Էսաճանեանի», Արամազդ, 1 յունուար 1936, էջ 1. Արազեան, «Լեւոն Էսաճանեան», էջ 82. «Լեւոն Էսաճանեան», տե՛ս Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն տարեգիրքը, Է. տարի, Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ Տպարան, 1960, էջ 139։ Թամզարայի մասին խօսելով, Էսաճանեան աւելցուցած է, թէ «զիս ամէն ոք այդ տեղացի կը ճանչնայ» («Ինքնակենսագրութիւն», էջ 155)։ Մազմանեան իբրեւ ծննդավայր յիշած է Թամզարան (Մազմանեան, «Տարօրինակ բանաստեղծը», էջ 4), իսկ Ա. Տէր Յակոբեան եւ Արփիար Տէր Մարգարեան՝ Շապին Գարահիսարը (Արմենակ Տէր Յակոբեան, «Լեւոն Էսաճանեան (1883-1935)», Արամազդ, 12 յունուար 1936, էջ 1. Ա. Տ. Մ. «Լեւոն Էսաճանեան», Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, նոր շրջան, ԺԳ. տարի, Իսթանպուլ, տպագրութիւն Հ. Տիլպէրեան, 1937, էջ 414)։
4 Տէր Յակոբեան յիշած է 1883 իր մահագրութեան խորագրին մէջ («Լեւոն Էսաճանեան», էջ 1)։ Հմմտ. Դանիէլ Վարուժան, Նամականի, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1965, էջ 357։ Կ՚ենթադրենք, որ 1874 թուականը (Բախտիար Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների բառարան, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 2005, էջ 605) տպագրական սխալ է՝ 1884ի փոխարէն։
5 Թուականը յիշուած է Սմբատ Դաւթեանի հրատարակած կարճ կենսագրականին մէջ (Ճաշակ նոր գրականութեան. գրական ամէն սեռէ նմոյշներ, [Բ. հատոր], հաւաքեց Ս. Դ., 57րդ հրատարակութիւն Դաւթեան գործակալութեան, Կ. Պոլիս, տպ. Գ. Պաղտատլեան, 1910, էջ 331) եւ մահուան առիթով լոյս տեսած լուսանկարին տակ (տե՛ս «Նմոյշներ Լեւոն Էսաճանեանի քերթուածներէն», Կեանք եւ արուեստ, մարտ 1936, էջ 86)։ Հմմտ. H. Thorossian, Histoire de la littérature arménienne, Paris, Araxes, 1951, էջ 318. «Լեւոն Էսաճանեան», Ամէնուն տարեգիրքը, էջ 139.  Գառնիկ Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան (հայ մշակոյթի գործիչներ) երեք հատորով, հատոր Ա., Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1973, էջ 341։ Յիշուած էր նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի երգիծական պատումին մէջ, որուն գլխաւոր կերպարը Էսաճանեանն էր (Նշան Պէշիկթաշլեան, «Փարաւոն Սէմ-Անտոն», Հայրենիք ամսագիր, սեպտեմբեր 1928, էջ 65)։
6 «Ինքնակենսագրութիւն», էջ 156։
7 Ս. Սարհատ, «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», Նայիրի, մայիս 1936, էջ 8։ Ծածկանունը թերեւս կը պատկանի յունաբնակ գրադատ Ստեփան Թապագեանին (1873-՞), որմէ վկայուած են «Սարհատ» ու «Գ. Սարհատ» ծածկանունները (Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների բառարան, էջ 608)։
8 Տե՛ս «Էսաճանեան, Լեւոն», Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (այսուհետեւ՝ ՀՍՀ), հ. 4, Երեւան, Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, 1978, էջ 75. «Էսաճանեան, Լեւոն», Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան (այսուհետեւ՝ ՀՀՀ), հ. 2, Երեւան, Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, 1995, էջ 232. «Էսաճանեան, Լեւոն», Ով ով է. հայեր (այսուհետեւ՝ ՈՈԷ), հ. 1, Երեւան, Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, 2005, էջ 410)։ Թուականը կրկնուած է Դ.  Վարուժանի երկերու լիակատար ժողովածուի անձնանուններու ցանկին մէջ (Դանիէլ Վարուժան, Երկերի լիակատար ժողովածու (այսուհետեւ՝ ԵԼԺ), հատոր 3, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1987, էջ 691)։
9 Լեւոն Էսաճանեան, Գրական դիւցազներգ. Արշակ Չօպանեան, Աթէնք, տպարան «Նոր օր»ի, 1924, էջ 4։ Էսաճանեանի Փանդիռ հատորի անստորագիր գրախօսականին մէջ, Տիգրան Չէօկիւրեան անոր գործին անհաւասարակշիռ բնոյթը վերագրած է ապրած միջավայրին եւ պատանեկան տարիքի ներշնչումներուն, որոնք «բնականոն չեն եղած». «Նախ որբանոցի խեղդող, տաժանելի մթնոլորտին մէջ աշակերտ, յետոյ Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ Եղիա[յ]ի մը խանդավառող բայց անկշիռ ներշնչումներուն տակ սնած այս երիտասարդը, իր ալ թերեւս ժառանգական հակումներուն իսկ բերումով՝ արտակեդրոն ըլլալու ձգտէր, ինչ որ կ՚երեւայ իր քերթուածներուն մէջ, եւ ոչ միայն կ՚երեւայ այդ արտակարգութիւնը այլ զայն արտադրող ճիգն ալ» («Հայ գրական եւ գեղարուեստական կեանք», Ոստան, 1 հոկտեմբեր 1911, էջ 936)։ Գրախօսականի Տ. Չէօկիւրեանի վերագրումը տե՛ս Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, ութերորդ հատոր, Անթիլիաս, տպ. Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1980, էջ 492։
10 Լեւոն Էսաճանեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Ազատ մատենաշար, թիւ 10, հրատարակիչ Վ. եւ Պ. Զարդարեան եղբարք, Կ. Պոլիս, տպագր. Արշակ Կարօեան, 1909, 16 էջ (հրատարակութեան ազդը՝ Գարուն, 31 յունուար / 13 փետրուար 1909, էջ 5)։ Գրքոյկին 1908-1909 թուագրումը (Վարուժան, Նամականի, էջ 347) խառնած է անուանաթերթին վրայ հրատարակիչներու անունին տակ զետեղուած տողը՝ «1908 Յուլիս 11 (Սահմանադրութիւն-Հայ Ազատագրութիւն)», եւ անոր հետեւած՝ տպագրութեան 1909 թուականը։
11 Հմմտ. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՍՀ, էջ 75. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՀՀ, էջ 232. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՈՈԷ, էջ 410։ Նոյն ծանօթութեան մէջ Էսաճանեանի ուսումնասիրական գործերու (ի շարս այլոց՝ Յ. Մրմրեան, Թէոդիկ, Յ. Ասպետ, Մ. Չերազ, Անդրանիկ, Ա. Չօպանեան, Դանիէլ Վարուժան) եւ բանաստեղծական հատորներու (Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներուն վրայ, Փանթիռ, Պալատին երազը) կողքին յիշուած Եղիա Տէմիրճիպաշեան խորագիրը, ըստ երեւոյթին, անանուն յօդուածագիրը մղած է զայն ուսումնասիրութիւն նկատելու։
12 Ա. Ս. Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1984, էջ 132. ԵԼԺ, էջ 614։
13 Առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս Վարուժան, Նամականի, էջ 282-283։
14 Լ. Է., «Հայրենասէր մեծանուն բանաստեղծը՝ Եղիա», Հայրենիքի քնար, 28 օգոստոս 1908, էջ 70։
15 (Անխորագիր), Սասուն, ապրիլ 1909, էջ 54։
16 Դանիէլ Վարուժան, «Յաղթողը», Սասուն, մայիս 1909, էջ 102-103 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, Կ. Պոլիս, հրատ. Արծիւ ժող. գրավաճառանոցի, 1909, էջ 189-192)։ Անհաւանական է, որ Վարուժան Սասունին ուղարկած ըլլայ բանաստեղծութիւնը «իմանալով, որ Լեւոն Էսաճանեանի ձեռնարկը չի յաջողւում» (Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի, էջ 142), քանի որ Էսաճանեան դեռ չէր գրած իր պատասխան նամակը, ուր հաստատած կամ վերահաստատած է իր մտադրութիւնը։ Վերջինիս մէջ թուարկուած միւս քերթուածները՝ «Վահագն» եւ «Կարօտի նամակ», արդէն տպուած էին մամուլին մէջ։
17 Լեւոն Էսաճանեան, Անմահները. Դանիէլ Վարուժան (կեանքը եւ գործը), Պոլիս, տպարան Մ. Սանճագճեան, 1919, էջ 44։
18 Յ. Ճ. Սիրունի, «Տասնամեակ մը», Նաւասարդ, Ա. պրակ, 1923, էջ 3։
19 Սարհատ, «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», էջ 8։
20 Լեւոն Էսաճանեան, Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներուն վրայ, Կ. Պոլիս, հրատարակիչ Յ. Գլըճեան գրատուն, 1909։ Գիրքի նախատիպարին եւ տուն տուող դէպքերուն մասին, տե՛ս Տիգրան Սիւրմէեան, «Արհաւիրքի դիւցազնուհին», Հայրենիքի քնար, 18 հոկտեմբեր 1908, էջ 206-209. Լեւոն Էսաճանեան, «Բինկեանի հրակետղին մէջ (Նազենի Ասլանեան)», Արեւելք, 17/30 մարտ 1909, էջ 1։
21 Լեւոն Էսաճանեան, Փանդիռ, Կ. Պոլիս, տպագր. Մ. Տէր Սահակեան, 1911, էջ [127]։ Այս գիրքին առիթով, Յակոբ Օշական ընդհանուր անդրադարձ մը գրած է Էսաճանեանի մասին իրեն բնորոշ ջախջախիչ ոճով (Յակոբ Քիւֆէճեան, «Մեր բանաստեղծները. Լեւոն Էսաճանեան», Ազատամարտ շաբաթաթերթ, 24 յուլիս / 6 օգոստոս 1911, էջ 856-859. վերատպումը տե՛ս Յակոբ Օշական, Գիրքերու քովն ի վեր, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2011, էջ 23-30)։ Օշականի քննադատութեան անդրադառնալով, Էսաճանեան ըսած է, թէ «Քիւֆէճեան իր քննադատութիւններուն մէջ պիտի յաջողի ապագային միայն, մինչ իր վիպագրականներուն մէջ այժմէն կու տայ յաջողութեան երաշխիքներ» (Լեւոն Էսաճանեան, «Ճէլալէտտին Ռումիի փիղը», Հայ գրականութիւն, 1/14 հոկտեմբեր 1913, էջ 14)։ Երեք տասնամեակ ետք, յետադարձ հայեացքով քննելով Չէօկիւրեանի վերոյիշեալ գրախօսականը, Օշական ակնարկած է «Լեւոն Էսաճանեան անունով փախուկի մը տաղաչափական ձաբռտուքներ»ուն (Օշական, Համապատկեր, էջ 492)։
22 Լեւոն Էսաճանեան, «Սիպիլ. մեծ հայուհին եւ իր դերը», Նայիրի, յունիս 1936, էջ 41։
23 Մազմանեան, «Տարօրինակ բանաստեղծը», էջ 4։
24 «Ապրիլ Տասնըմէկ 1915», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Ժ.-ԺԴ. տարի, Կ. Պոլիս, տպ. Կ. Քէշիշեան, 1916-1920 (Բ. հրատ., Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 2009), էջ 115։
25 Արմենակ Տէր Յակոբեան, «Լեւոն Էսաճանեան (1883-1935)», Արամազդ, 14 յունուար 1936, էջ 1։
26, 27, 28 Մկրտիչ Պարսամեան, «Դանիէլ Վարուժան.- (Կեանքը եւ գործը), գրեց՝ Լեւոն Էսաճանեան, 1919», Շանթ, 7 Յունիս 1919, էջ 373, 375։
29 Ա. Տ. Մ., «Լեւոն Էսաճանեան», էջ 414։
30 29 դեկտեմբերը կու գայ Աթէնքի Արամազդ եւ Նոր Օր օրաթերթերէն (տե՛ս «Մահ Լեւոն Էսաճանեանի», էջ 1. ««Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան մեռած», Ազդակ, 11 յունուար 1936, էջ 2, ուր վերարտադրուած են Նոր Օրի տեղեկութիւնները)։ Սելանիկի Հորիզոնը գրած է 30 դեկտեմբեր («Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեանի մահը», Հորիզոն, 1 յունուար 1936, էջ 3)։ Ս. Սարհատի յիշած այս վերջին թուականը (Սարհատ, «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», էջ 8) մտած է Հայկական Հանրագիտարանին մէջ («Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՍՀ,, էջ 75. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՀՀՀ, էջ 232. «Էսաճանեան, Լեւոն», ՈՈԷ, էջ 410. հմմտ. Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների, էջ 605)։ Նոր Օր 31 դեկտեմբերին գրած էր, թէ «Լեւոն Էսաճանեան այսօր առտուան ժամը 9ին յանկարծամահ եղաւ Քոքինիոյ մէջ» (արտատպումը տե՛ս «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան յանկարծամահ», Ապագայ, 7 յունուար 1936, էջ 3)։ Կարօ Գէորգեան թաղումը թուագրած է 31 դեկտեմբեր («Լեւոն Էսաճանեան», Ամէնուն տարեգիրքը, էջ 140)։
31 Մէջբերումը տե՛ս «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան մեռած», էջ 2։
32 Վահէ [Շաւարշ Միսաքեան], «Լեւոն Էսաճանեան», Յառաջ, 7 յունուար 1936, էջ 1։
33 «Բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան», էջ 2։
34 Ն., «Նօթեր», Նայիրի, փետրուար-մարտ 1937, էջ 195-196։
35 «Լեւոն Էսաճանեան», Ամէնուն տարեգիրքը, էջ 140։ Հմմտ. Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, էջ 341։
36 Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան (ԳԱԹ), Դանիէլ Վարուժանի ֆոնտ, թ. 102 (76) (այսուհետեւ՝ «Սիրունի»)։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Արծուի Բախչինեանին, որ ընդառաջելով մեր խնդրանքին, Սիրունիի ընդօրինակութիւնն ու Էսաճանեանի նամակին ձեռագիրը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։
37 Վարուժան, Նամականի, էջ 176-178։ Արտատպումը տե՛ս նոյն, Երկեր, Երեւան, «Սովետական գրող» հրատարակչութիւն, 1984, էջ 526-528։
38 ԵԼԺ, էջ 411-413։ Ծանօթագրութիւններուն մէջ գրուած է, թէ Վարուժան պատասխանած էր չպահպանուած նամակի մը (անդ, էջ 614), անտեսելով Վարուժանի Նամականիի յաւելուածին մէջ տպուած Էսաճանեանի նամակը։
39 Վարուժանի, Նամականի, էջ 327. ԵԼԺ, էջ 614։
40 Տե՛ս Դանիէլ Վարուժան, «Գրական դպրոցներ», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Փարիզ, տպ. Մասիս, 1928, էջ 343։
41 Վարուժան, Նամականի, էջ 327։
42 «Հայ-ազգային լուրեր», Բիւզանդիոն, 30 օգոստոս / 12 սեպտեմբեր 1909, էջ 3։ 1909ին, Երուխան վկայած է. «Յայտնի է թէ Եգիպտոսէն Պոլիս դառնալէս 3-4 օր յետոյ Սմբատ էֆ. Դաւթեանի առաջարկութեամբ ստանձնեցի Արեւելքի խմբագրապետութիւնը» (Եր. Սրմաքէշխանլեան, «Ճշդում մը», Արեւելք, 25 մարտ / 7 ապրիլ 1909, էջ 3)։ Երուխան վարած է խմբագրութիւնը մինչեւ 1912, երբ իր գրած մէկ խմբագրականին պատճառով թերթը փակուած է Իթթիհատի (աւելի ճիշդ՝ օսմանեան կառավարութեան) կողմէ (Վաղինակ Բիւրատ, Ընտիր էջեր, Երեւան, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հրատարակչութիւն, 2002, էջ 156)։
43 Հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411։
44 ԳԱԹ, Դանիէլ Վարուժանի ֆոնտ, թ. 207 (157)։
45 Այս հատորը լոյս տեսած չէ։
46 Դանիէլ Վարուժան, «Վահագն», Ազդակ, 24 Յունուար / 6 Փետրուար 1909, էջ 101-103 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, էջ 157-161)։
47 Դ. Վարուժան, «Կարօտի նամակ», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Գ. տարի, Կ. Պոլիս, [ա. տ], 1909, էջ 76-77 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, էջ 71-73)։
48 Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908), պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ։
49 Ախտաւոր (ֆրանսերէն)։ Հմմտ. Էսաճանեանի թարգմանութիւնը («Ինքնակենսագրութիւն», էջ 156)։
50 Դ. Վարուժան, Ջարդը (1895-1896), Փարիզ, տպագր. Տ. Տօղրամաճեան, 1908 (հմմտ. նոյն, Ցեղին սիրտը, էջ 97-110)։
51 Վահրամ Փափազեան (1888-1968), արեւմտահայ հռչակաւոր դերասան, որ 1922էն ետք իր գործունէութիւնը շարունակած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
52 3 օգոստոս 1908ին, Թէոդիկի մղումով («Վահրամ Փափազեան», տե՛ս Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, ԺԷ. տարի, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Մ. Յովակիմեան, 1923 [Բ. հրատ., Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 2010], էջ 300), Վ. Փափազեան առաջին անգամ արտասանած էր «Սասունի ջարդը» խորագրով Վարուժանի «Ջարդը» քերթուածը Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ՝ 1895-1896ի համիտեան ջարդերու նահատակներուն նուիրուած արարողութեան ընթացքին («Հայ նահատակներուն փառաւորումը», Բիւզանդիոն, 22 յուլիս / 4 օգոստոս 1896, էջ 3)։ Այնուհետեւ, վերստին արտասանած է նոյեմբեր 1ին՝ Իտալիա մեկնելու նախօրեակին, Բերայի Փըթի-Շանի թատրոնը տեղի ունեցած թատերա-երաժշտական հանդէսին (Ա., «Թատերական քրոնիկ», Ժամանակ, 22 հոկտեմբեր / 4 նոյեմբեր 1908, էջ 1)։ Փափազեան Պոլիս վերադարձած է նոյն տարուան վերջերուն, կազմելով Պոլսահայ Տրամաթիք խումբը (Ժամանակ, 20 դեկտեմբեր 1908 / 2 յունուար 1909, էջ 3)։ Ըստ Նշան Պէշիկթաշլեանի աշակերտական շրջանի մէկ վկայութեան, Փափազեան, «անգամ մը, ներկայացման մը միջնարարին, զգեցած զինուորական տարազ, արտասանած էր Դանիէլ Վարուժանի “Ջարդը” ու մեծապէս տպաւորած էր զիս, իր արքենի հասակով, իր չափաւոր ու կշռաւոր ձեւերով, իր ընդհանուր լուսարձակումով, մանաւանդ իր առոգանութեամբ, իր արտասանութեան արագութեամբ (առանց սակայն վանկ մը կամ գիր մը ուտելու, ինչպէս կ՚ըսեն)» (Նշան Պէշիկթաշլեան, Թատերական դէմքեր, Անթիլիաս, 1969, էջ 1026)։ Արդեօք այս ելոյթը պէտք է նոյնացնել նամակին մէջ յիշուած արտասանութեա՞ն։ Վերջինս տեղի ունեցած ըլլալու է 1909ի առաջին ամիսներուն Շահզատէ Պաշիի «Ֆէրրահ» թատրոնին մէջ, բայց որեւէ տեղեկութեան չենք հանդիպած մամուլին մէջ թէ այլուր, ներառեալ Փափազեանի Յետադարձ հայեացք եւ Սրտիս պարտքը յուշագրութիւնները։
53 Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915), արեւմտահայ բանաստեղծ եւ գրաքննադատ, Մեծ Եղեռնի զոհերէն։
54 «Բիւզանդիոն», պոլսահայ օրաթերթ (1896-1918)։ Հիմնադիր ու խմբագրապետ՝ Բիւզանդ Քէչեան։
55 Արտաշէս Յարութիւնեան, «Գիրքեր եւ դէմքեր», Բիւզանդիոն, 23 փետրուար / 8 մարտ 1909, էջ 1։
56 Սմբատ Դաւթեան (1858-1926), արեւմտահայ մանկավարժ ու թատերագէտ։ Հրատարակած է բազմաթիւ դասագիրքեր։
57 Տե՛ս Ճաշակ նոր գրականութեան, էջ 46-50։
58 Կ՚ակնարկէ Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին։
59 Շառլ Լըքոնթ տը Լիլ (1818-1894), ֆրանսացի բանաստեղծ։ Պառնասեան շարժումի գլխաւոր անուններէն մէկը եղած է։
60 «Գրախօսական նամակներ», Արեւելք, 25 մայիս / 7 յունիս 1909, էջ 1։
61 Սիրունի՝ գիրը (հմմտ. ՜Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։
62 Սիրունի՝ ընծայականնուդ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։ Ընծայականին բնագիրը տե՛ս Շարուրեան, Դանիէլ Վարուժանի, էջ 137-138. ԵԼԺ, էջ 614։
63 Սիրունի՝ որ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։
64 Սիրունի ամէնուրեք «ձեզ» եւ «ձեր» գրած է։ Հայաստանեան հրատարակութիւններուն մէջ՝ գլխագիր։
65 Ազդակ, «շաբաթաթերթ գրական, հասարակական, քաղաքական» (32րդ թիւէն՝ «երիտասարդ շաբաթաթերթ գրական եւ հասարակական»)։ Լոյս տեսած է 41 թիւ, 16/29 դեկտեմբեր 1908էն մինչեւ 3/16 հոկտեմբեր 1909։ Արտօնատէր՝ Ալեքսան Միսաքեան (Շաւարշ Միսաքեանի հայրը)։ Խմբագիրներ (4րդ թիւէն՝ «խմբագրական մասնախումբ»)՝ Գեղամ Բարսեղեան, Զապէլ Եսայեան, Վահրամ Թաթուլ, Շաւարշ Միսաքեան։ Անունները դադրած են յիշուելէ 27րդ թիւէն։ 37րդ թիւէն, Շաւարշ Միսաքեան պատասխանատու տնօրէնը եղած է։
66 Սիրունի՝ քերթուածներնէդ։ Հմմտ. քերթուածնէդ (Վարուժան, Նամականի, էջ 176), քերթուածներէդ (ԵԼԺ, էջ 412)։
67 Տե՛ս Լեւոն Էսաճանեան, «Արաղչի», Ազդակ, 5/18 յունուար 1909, էջ 60. «Օրրերգ», Ազդակ, 28 փետրուար / 13 մարտ 1909, էջ 181։ Հմմտ. նոյն, Փանդիռ, էջ 19. 72։
68 Սիրունի՝ նոյն իսկ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176), նոյնիսկ (ԵԼԺ, էջ 412)։
69 Սիրունի՝ տաղանդներնուդ։ Հմմտ. տաղանդերուդ (Վարուժան, Նամականի, էջ 176), տաղանդներուդ (ԵԼԺ, էջ 412)։
70 Սիրունի շեշտը հանած է (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։
71 Սիրունի՝ պատկերներ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։
72 Սիրունի՝ կարծէք թէ (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 412)։
73 Նկատի ունի հետեւեալ տողերը.
 
«Ուր են պայերըդ ջուրի, ո՞ւր են, ըսէ,
Ջուրըդ, քերթուած, ուր Լեդեան մը չկա՜յ երբեք,
Ցոյց տուր ինծի վկայուհւոյն աչքը անմեռ,
Վկայուհւոյն որուն ծիրանին արդէն
 
Ձիւնոտ լեռը, արեւազօծ՝ վե՜ր կը ղրկէ» (Էսաճանեան, Այրած քնար, էջ 10-11)։
74 Սիրունի՝ հաւաքուած (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176. ԵԼԺ, էջ 411)։
75 «Աղաւնի մը կ՚ըմպէ անոր քարին վրայ խո՛ր փորուած «Աստ հանգչի»ի գրախորշին մէջ հաւաքուող ջուրերէն» (Էսաճանեան, Այրած քնար, էջ 15)։
76 Սիրունի՝ Քերթող (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 176), քերթող (ԵԼԺ, էջ 411)։
77 Սիրունի՝ ճակատին (հմմտ. Վարուժան, Նամականի, էջ 177), ճակտին (ԵԼԺ, էջ 412)։
78 անկարելի է (Վարուժան Նամականի, էջ 177. ԵԼԺ, էջ 412)։
79 կայանան (Վարուժան, Նամականի, էջ 177. ԵԼԺ, էջ 413)։
80 համարեմ (Վարուժան, Նամականի, էջ 178. ԵԼԺ, էջ 414)։