ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի ամբողջ միջոցը, գոյները կը յորդին շրջանակներէն դուրս ու կը գրաւեն ընկալողի աչքին ցանցակերպը։ Շլացուցիչ է առաջին այդ ճակատումը եւ ուժգին կերպով ցնցող։ Պաստառները կարծես ըլլան պատուհաններ բացուած դէպի այլուրային աշխարհ մը, աշխարհ մը՝ որ յագեցած է բազմերանգ գոյներով, մինչ այլօրինակ կերպեր ու շուքեր կը գոյանան ու դուրս կը մղուին տարերային ուժգնութեամբ։ Երա՞զ է, թէ՞ մղձաւանջ։
Գագիկ Ղազանչեան
Կարելի է երկար պտըտիլ պաստառէ պաստառ, մինչ ակնարկդ կը փորձէ յամենալ մէկն ու մէկուն վրայ, փորձելով պեղել հոն յայտնուող ու ջնջուող ծանօթ ձեւերը։ Շէնքեր ու քաղաքներ, խամրած խմբանկարներ, սեւ-ճերմակ լուսանկարային ներկայացումներ կը բեմադրեն պաստառներու անկիւններուն, մինչ արեւային փոթորիկներ կը յայտնուին կեդրոնին ու պաստառին գոյները կը ցրուեն կլոր-կլոր պտտուող հողմերու նման։ Ուրկէ՞ կու գան եւ ի՞նչ ուժ է որ կը յայտնուի անոնց կեդրոնին։ Վրձնի լայն պտոյտքներ կեդրոնախոյս գալարում մը կը թելադրեն, մինչ ուրիշ տեղեր գոյներու պայթումներ կը տարածուին չորս դի, տակաւին ինքնաշարժի անիւներու ձգած հետքեր հորիզոնական կամ ուղղահայեաց կը տողանցեն պաստառներու հարթ մակերեսին։ Քաղաքակրթութեան հետքե՞ր, մնացորդնե՞ր, կա՞մ քաղաքի կեանք թելադրող ընդյատակեայ ներկայութիւն։
Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն բնակիչը յաճախ քաղաքն է. քաղաքը կայ իր շէնքերով ու ճամբաներով, մինչ բնակիչները կան իրենց ինքնաշարժներու ձգած հետքերով։ Ինքնաշարժները չկան։ Չկան զանոնք վարողները։ Կան միայն անոնց անիւներուն ձգած հետքերը, որոնցմէ կրնանք կռահել զանազան պատահարներ՝ միջադէպ, անցում, անընդհատ շարժում, հետագիծ, տեսիլք, եւ այլն։ Հոս զգացումները գոյներով կու գան, պայթող երանգապնակ մը կապոյտներու, դեղիններու, կարմիրներու, սեւերու…։ Մինչ քաղաքին շէնքերը հեռուէն կը դիտեն, սեւ-ճերմակի մէջ կը ննջեն կարծես, կան ու չկան, կեանքը անցած է քաղաքէն, մարդիկ մեկնած, անոնց ֆանթազմները սակայն կը մնան։ Անոնք է որ կը յայտնուին էջին վրայ, կը վերածուին քաղաքին իսկ, ոչ թէ միայն իբրեւ յիշողութիւն, այլ կենսախայտ արարք գոյութեան։ Կեանքը կը շարունակուի քաղաքէն ու լուսանկարներէն անդին, կեանքը կայ, թէկուզ քաղաքը անցեալ կը թուի ըլլալ։ Վերացական ներկայութի՞ւն։
Ղազանչեանի պաստառներուն մէջ գոյները իրենք է որ կը դառնան այլուրային կերպարներ, պատմելու համար խայտաբղէտ հեքիաթներ, իրենք իրենց մասին բայց նաեւ դիտողին, որովհետեւ գոյները կարծես ըլլան արտացոլումներ դիտողի տրամադրութեան ուղղուող ու միաժամանակ զայն ներառնող։ Տեղ մը տեսադաշտին մէջ ակնարկ ու տպաւորութիւն մը կը միաձուլուին, պաստառ ու դիտող կը հանգուցուին մէկ զգացումի մէջ, կազմելով այս գործերուն ընդյատակեայ մեղեդին։ Որովհետեւ այդ գոյներուն ետեւ երաժշտութիւն մը կը թափառի որ վայր ու տրամադրութիւն կ՚ամփոփէ, թելադրելով թանձրացեալ կեանք ու միաժամանակ եթերային սխրանք։ Պաստառներէն բխող շարժումը ի վերջոյ ընկալողն ալ կը պարուրէ, կ՚առնէ զայն գունայորդ իր թաւալքին մէջ ու կը տանի դէպի քաղաք, կամ երազը քաղաքին։ Քաղաքները ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան։ Ահաւասիկ հարցումը, որուն դէմ յանդիման կը կանգնի այս պաստառները դիտողը։ Կամ գուցէ պէտք է ըսել՝ պաստառները իրե՛նք է որ կը յուշեն հարցումը ընկալողի ականջին։ Կը փսփսան։ Կը մրմռան ընդյատակեայ մրմռոցով մը։