ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

10 ՀԱՐՑՈՒՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻՆ՝ ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆԷՆ

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ՝ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒՑԻՉ

Սիրելի Յարութիւն, 

Նախ թոյլ տուր, որ դիմեմ քեզի եզակի խօսակցականով, խախտելով յոգնակի խօսելաձեւի ընդունուած կարգը։ Պարզապէս դժուար է գործել յոգնակիի մշակոյթով, երբ զրուցակիցդ նաեւ ընկերդ է։ 

Հարցազրոյցի այս նախաձեռնութիւնը առիթ ընծայեց, որ ես վերստին – եւ բոլորովին նոր ընկալչութեա՛մբ – տեսնէի հինգ քերթողագրքերուդ եւ մամուլին մէջ սփռուած բանաստեղծութիւններուդ ողջ դաշտանկարը։ Հատորաշա՛ր մը՝ որ բաբախուն կենսագրութիւն մըն է, որ նաեւ կ՚առնչուի մեր հաւաքական կենսագրութեան։ Անանցանելի տարածութի՛ւն մը՝ զոր դուն անցած ես բանաստեղծի տեսողութեամբ։ Քու ճամբադ կը սկսի Հալէպէն հանգրուանելով Պէյրութ եւ ապա Հիւսիսային Ամերիկա։ Տեղափոխութիւննե՛ր՝ որոնք որքան արտաշխարհային՝ նոյնքան եւ աւելի ներաշխարհային եղելութիւններ են եւ կապ ունին արմատներու հետ։ Տեղէ մը կը կտրուինք ուրիշ տեղ մը արմատաւորուելու ճիգով։ Եւ միշտ մեզմէ անքակտելի փշուր մը թողնելով ետին։ Ասոնք այն հարցերն են, որոնց պիտի անդրադառնանք մեր զրոյցի ընթացքին։ Մինչ այդ՝

 

Մանուկը, որ 1951-ին աշխարհ եկաւ Հալէպի մէջ և որ իր ծնողներէն ստացաւ «Յարութիւն» մեծախորհուրդ անունը, կը սերի ի՞նչ արմատներէ։ Ըսել կ՚ուզեմ ՝ մեր ազգային աշխարհագրութեան ո՞ր բնակավայրերէն թէ՛ հայրական և թէ՛ մայրական տոհմագծերով։ Եւ այսօր ի՞նչ տեղ ունի առհաւական այդ ժառանգութիւնը քու մտաշխարհիդ մէջ։ Եւ յատկապէս այն փաստը՝ որ արմատախիլ եղած ընտանիքի մը զաւակն էիր եւ ես։

    Ծնողներս, թէ՛ հօրենական եւ թէ՛ մօրենական կողմէն, կու գան Կիլիկիոյ ծայրագոյն արեւելքէն՝ Քիլիսէն (քիլիսա՞, եկեղեցի՞ առումով): Ինչպէս «Ցաւազերծում»ին մէջ ակնարկած եմ, 1915ին, երբ հօրենական մեծ հայրս եւ եղբայր իրեց կարաւանով կը վերադառնային Քիլիս, ճամբուն երկու կողմին կեցած թուրք ոստիկանները, որոնք սկզբունքով պէտք է հսկէին անոնց ապահովութեան, կրակ կը բանան անոնց վրայ, մեծ հայրս վիրաւոր կ’իյնայ, եղբայրը կը ճողոպրի եւ երեկոյեան վերադառնալով կը յաջողի մեռեալներուն մէջ զինք գտնել: Այսինքն՝ իսկապէս շատ բարակ թելէ մը կախեալ էր մեր ընտանիքին շարունակութիւնը. եթէ մեծ հայրս հոն մահանար՝  մեր ընտանիքի շառաւիղը պիտի չշարունակուէր: Պէտք է ըսել, որ քիլիսցիներուն մեծ մասը, պահելով հանդերձ իրենց ազգային գիտակցութիւնն ու աւանդութիւնները, թրքախօս եղած են: Լիբանան, շրջան մը կը բնակէինք շէնքի մը մէջ, ուր կը մնային նաեւ մօրս մեծ հայրն ու մեծ մայրը, որոնք լրիւ թրքախօս էին եւ հայատառ Աւետարան կը կարդային: Մեծ հայրերս կանուխ մահացած են: Հօրենական մեծ մայրս՝ Զապէլը, իսկապէս զօրաւոր նկարագրի կին էր, որ լաւ հայերէն գիտէր, քանի յաճախ հարազատները անցեալին քովը կու գային հայերէն նամակ գրել տալու, կարդալու կամ իրմէ խորհուրդ ստանալու համար: Ազգականներուս մէկ մասը կ’ըսէ, որ Սասունէն Քիլիս հաստատուած ենք, որովհետեւ սովորաբար սասունցիք Քիլիսի ճամբով Հալէպ կը հաստատուէին, սակայն շօշափելի տեղեկութիւններ չկան այս գծով: Ինծի համար կիլիկեան հրաշքը այն է, որ մօտաւորապէս հազար տարի մեր հայրենիքէն դուրս ըլլալով հանդերձ, հակառակ անհաւատալի դժուարութեանց, հալածանքներու, նոյնիսկ բռնութեանց պատճառով լեզուն կորսնցնելու՝ կրցած ենք մեր հայկական ինքնութիւնը պահել:

     Ինչպէս կը նշես, սփիւռքեան պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւնները տեղափոխումներ կը պարտադրէին: Հայրս Հալէպէն ու Գամիշլիէին ետք, 1956-57 թուականներուն Պէյրութ կը փոխադրուէր: Այդ սերունդին համար դժուար չէր այս ընտրութիւնը. Լիբանանը նոյնքան հայկական աշխոյժ գաղութ ունէր, նոյնիսկ շատ աւելի դիւրութիւններով ու պայմաններով: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն ու անոր յաջորդող տնտեսական իրավիճակը ստիպեցին որ նախ ծնողներս եւ աւելի ուշ՝ ես, Գանատա գաղթենք: Արդէն այս տեղափոխումները, անոր կապուած կորուստները (ոչ անպայման նիւթական առումով), օտարումը, սեփական վայրի որոնումը յաճախ արձագանգ կը գտնեն քերթողութեանս մէջ: Առաջին գրքիս առաջին բանաստեղծութիւնը կը բացուի հետեւեալ տողերով. «Հիմա կանգնած ես այստեղ / եւ չես գիտեր ինչ ընել: / Դուն՝ որ անձնաթուղթ չունիս / եւ կը կարծես, / թէ ամէն մէկ քայլափոխիդ / պիտի կեցնեն քեզ»: Այս հազար տարուան մեր տեղափոխումներու ստեղծած կացութիւնը եւ հոգեվիճակը չէ՞: Իսկ հատորներէս մէկը կը կոչուի Անցման եղանակ, ինչ որ տարբեր մակարդակի անցումներու փորձառութիւնը կը բերէ: Շատ յաճախ մեր անհատական թէ հաւաքական կենսագրութիւնները կը նոյնանան այս առումով:

 

Ովքե՞ր եղած են հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներդ եւ ո՞ր կրթարաններուն մէջ։ Ու նաև՝ ե՞րբ սկսած ես գրել եւ ի՞նչ յատուկ յիշողութիւն քեզ կը կապէ քու առաջին բանաստեղծութեան։

     Հայոց լեզուի եւ գրականութեան հիմնական ուսուցիչս Պօղոս Սնապեանը եղած է, որ «Սոֆիա Յակոբեան» երկրորդական վարժարանի աւարտական կարգերու հայ գրականութեան դասատուն էր այն օրերուն եւ շատ կարեւոր դեր խաղաց խումբ մը աշակերտներ դէպի հայոց լեզու եւ գրականութիւն մղելու աշխատանքին մէջ: Ատկէ անդին՝ հայ թէ միջազգային գրականութեան վարպետները եղած են ուսուցիչներս, որոնցմէ շատ բան սորված եմ եւ կը սորվիմ: Պատանի տարիքիս սկսած եմ գրել, սակայն այդ շրջանի բանաստեղծութիւններս քիչ մը սիրային, քիչ մը ազգային-հայրենասիրական շունչով, սփիւռքեան-հայաստանեան միջին ճաշակի մօտեցմամբ փորձեր եղած են, զորս ոչնչացուցած եմ: Բաւական երկար ճամբայ կտրած եմ, իմ սեփական լեզուս եւ բանաստեղծութեան պատկերացումս գտնելու համար: Այս մէկը հոլովոյթ մըն է, որ դադար չունի:

 

«Ի՞նչ ընել բանաստեղծութիւն մը», հարց կու տաս «Ոսպնեակ»ի հինգերորդ էջին վրայ։ Եւ կը շարունակես՝ «Բանաստեղծութիւն մը, որ աւելի լռութիւններով եւ թելադրականութեամբ կը զարգանայ, անցումի կամուրջները կը ջնջէ, քան կը պատմէ կամ կը նկարագրէ…Բանաստեղծութիւն մը, որ «յուզելու» չի միտիր։ Գուցէ եւ կարիք չկայ նման բանաստեղծութեան մը»։ Կը թուի, թէ այս հարցադրութեան ետին գոյութիւն ունի բանաստեղծ-ընթերցող յարաբերութեան կնճիռը։ 1984 թուականն է այդ կէտին վրայ եւ երեսուներեք տարիներու քու կենսափորձդ արդէն իսկ ստեղծած է իր կասկածները, երկուութիւնները։ Այսօր, երեսունեօթ տարիներ ետք այդ տուայտանքներէն, իմ հարցումս է քեզի՝ «Ինչո՞ւ գրել եւ որո՞ւն համար։ Ինչո՞ւ եւ որո՞ւն համար նկարած է Ալթամիրայի մարդը, որ իր ստեղծագործական արարքով կը խորհրդանշէ նոյնինքն բանաստեղծը»։ 

Այո, երկրորդ հատորիս սկզբնաւորութեան նոթերէն վերցուած այդ տողերը կը միտէին որոշ պատկերացում մը տալ քերթողութեանս մասին, որովհետեւ կ’ուզէի նաեւ շեշտել, որ բանաստեղծութիւնը գիտակից արարք մըն է: Արդէն տասէն տասնհինգ տարիէ բանաստեղծութիւն կը գրէի եւ գոնէ բաւական յստակ էր ինծի համար, թէ ինչ պիտի ընէի եւ ինչ պիտի չընէի: Յստակ էր որ Սփիւռքի մէջ տարածուած աւանդական յանգ ու չափերով կաղապարները պիտի չկրկնէի, ոչ ալ յուզական բանաստեղծութեան այդ տեսակը, որ արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով ընդհանրացած էր: Յատկապէս Մեծարենցէն սորված էի թելադրականութեան կարեւորութիւնը: Կշռոյթը կարեւոր էր ինծի համար, ինչպէս եւ ձգտումը կար խօսակցական լեզուին աւելի մօտ բանաստեղծական լեզու մը ստեղծելու: Պէտք չէ մոռնալ, որ Վահէ Օշականը այս իմաստով կարգ մը թապուներ կտրած էր արդէն՝ քիչ մը թատերական, արձակունակ, յաճախ օտար կամ փողոցի բառերով քերթողութիւն մը բերելով մեզի: Ամէն պարագայի, առաջին շրջանի գործերուս մէջ տարբեր հոսանքներ ու ձգտումներ կարելի է գտնել՝ այդ օրերու ժողովրդային մշակոյթի հետքեր, Էլիոթեան ձեւի յղումներ, թատերական խօսակցութեան տարրեր, խոստովանական գործեր եւայլն, որոնց մէկ մասը մնացած են մամուլին մէջ: Ամէն պարագային յաճախ վերացական պատկերներ կարելի է գտնել հոն, որոնք աստիճանաբար աւելի ճշգրիտ պատկերներով կը փոխարինուէին: Տակաւին փնտռտուքներու ճամբով տարբեր մօտեցումներ կիրարկուած են եւ պիտի կատարուին. բանաստեղծութիւններուս մէջ՝  հայքուի ձեւով կամ սեղմ պատկերներով գործերէն մինչեւ աւելի երկար, զիրար ամբողջացնող բաժիններով կամ ներքին զարգացմամբ յօրինուած բանաստեղծութիւններ: Տեղ-տեղ կայ նաեւ բանաստեղծական արձակը: Իսկ ընթերցողի հետ յարաբերութիւնը իսկապէս կնճռոտ հարց է. մէկ կողմէ նախանձախնդիր ենք հաւատարիմ մնալու մեր քերթողական յղացքին, միւս կողմէ՝ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ընթերցողին հետ հաղորդակցելու խնդիրը: Չեմ ուզած առիթներով արտասանուելիք, յուզող կամ «ծափահարելի» բանաստեղծութիւններ գրել, միւս կողմէ սակայն անդրադարձած եմ, որ լռութիւններն ու յղումները, մասնաւորաբար՝ օտար գրողներէ, պակսած են գործերուս մէջ: Ճիշդ է որ բանաստեղծը իր տեսած-պատկերացուցած աշխարհը, անհատական թէ հաւաքական տագնապները, ապրումներն ու ներքին իրականութիւնը կը բերէ, որոնք յաճախ կը խաչաձեւուին կամ կը նոյնանան հաւաքականին հետ, առաւել ներքին աշխարհի սահմանները կը բանայ, սակայն Ալթամիրայի մարդուն տագնապը, նախնական ըլլալով հանդերձ, շատ աւելի ներոյժ տարողութիւն մը ունի, քիչ առաջ յիշած բոլոր տարրերս խորունկ հաւատքով մը կը միաձուլուին պատերու վրայ իր պատկերացուածին մէջ, ծիսական, կրօնական եզր մը կ’առնեն, որուն կարելի է ձգտիլ, սակայն կարելի չէ անոր հետ մրցիլ, քանի որ անհաւատալի ուժգնութիւն մը ունին: 

 

Ինչո՞վ կը սահմանուի բանաստեղծին հայրենիքը…Իր ընտանեկան արմատներո՞վ, իր ծննդավայրո՞վ, Պէյրութո՞վ, Գանատայո՞վ, Սեւրի դաշնագրո՞վ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետզհետէ կծկուող աշխարհագրութեա՞մբ։ Թէ կայ նաեւ ուրիշ տարածք մը, որ կը բացուի դէպի ներս…Պարզ խօսքով, ո՞րն է այս բանաստեղծին «անկախութեան հռչակագիրը»…Ի՞նչ «սահման»ներու հէնքին վրայ ան յայտարարած է իր «անկախութիւն»ը։ Ո՞րն է «Սահմաններ»ու բանաստեղծին մտատեսիլը այս կենսական խնդրին մէջ։

Կացութեանս մէջ գտնուող արուեստագէտին հայրենիքը, դժուար սահմանելի, իսկապէս բազմաշերտ վայր մըն է: Ինծի համար Սփիւռքը գոյավիճակ է, սակայն ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն մեզ կը կապեն մեր պատմական հայրենիքին հետ, որուն սահմանները մինչեւ Կիլիկիա կը հասնին: Սակայն Սփիւռքը նաեւ փոխուող սահմաններով աշխարհագրական ու հոգեկան վայր մըն է: Մինչեւ 1987ի աւարտը, Լիբանանը ծննդավայրի, որդեգրուած հայրենիքի դեր առած էր ինծի համար, ահա նոյնքան տարիներէ կը գտնուիմ Մոնթրէալի մէջ, Գանատա, որ լրիւ ուրիշ աշխարհ մը կը ներկայացնէ: Հանգրուան մը կու գայ, երբ կարծես ո՛չ նախկին միջավայրիդ կը պատկանիս, ոչ՝ ներկայ: Նոյնիսկ երբ Հայաստան կը գտնուիս՝ կ’անդրադառնաս որ շատ աւելի քիչ մարդկային կապեր ու բարքեր ունիս այնտեղ, քան բնակած երկրիդ մէջ: «Օտարումներ» բանաստեղծութեանս մէջ այս հոգեվիճակը ներկայացուցած եւ հարցադրած եմ, թէ ո՞ւր է վայրս հարազատ: Հետեւաբար, հայրենիքս ո՛չ թէ աշխարհագրական վայր մըն է, այլ ներքին տարածութիւն մը: Նման կացութեան մը մէջ մայրենի լեզուն կը դառնայ հիմնական կեցուցիչը, որ քեզ այս անհեթեթ վիճակէն կրնայ փրկել (դուն կ’ըսեմ ես ինծի, նոյն ձեւի յղում յաճախ կը կատարեմ նաեւ բանաստեղծութիւններուս մէջ, ինչ որ թէ՛ ինքզինքս հարցադրելու եւ թէ՛ հարցին աւելի առարկայական ձեւով մօտենալու միջոց է): Սահմանները իմ քերթողութեանս սահմանները սահմանելու, նոյնիսկ աւելի անդին երթալու, այո՛, հոն իմ անկախութիւնս հռչակելու ձեւ մըն է, որովհետեւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, աւանդական յղացքներէն սկսեալ մինչեւ կարգ մը գրողներու կամ գրադատներու կողմէ առաջ քշուած թեզեր կան, զորս յարգելով, համաձայն կամ տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, ես իմ ընտրած ճամբուս կը հետեւիմ. իւրաքանչիւրս իր ըմբռնումներուն ու գիրին հաւատարիմ պէտք է մնայ:  

 

Հայոց Ցեղասպանութեան փլուզումներէն ի վեր Հայ Գրականութիւնը – եւ անշուշտ՝ բանաստեղծութի՛ւնը – կը խօսի հայ մարդուն գոյութենական աքսորէն։ Աքսորը քաղաքական իրականութիւն մը չէ միայն։ Ան մտավիճակ է։ Ան մանաւանդ վիրաւորանք է։ Խոշտանգուած եսն է մարդուն։ Աղաւաղուած ինքնութի՛ւնը։ Աքսորը նաեւ մեծ տեղ մը ունի քու քերթողութեանդ մէջ։ Ե՞րբ վերջ կը գտնէ աքսորը։ Կամ ընդհանրապէս՝ երբեւէ վերջ կը գտնէ՞ ան բանաստեղծին համար…»

Աքսորը բազմաբնոյթ երեւոյթ է եւ ամբողջ թեզ մը չի բաւեր զայն խորապէս բացատրելու կամ հասկնալու համար: Անշուշտ կայ ֆիզիքական իրականութիւնը, այն իմաստով որ պապենական հայրենիքէդ, նոյնիսկ՝ ծննդավայրէդ  հեռու ես, եւ այս մէկը իր քաղաքական, հոգեբանական, կենցաղային եւ այլ բազմաթիւ երեսներ ունի: Սակայն, ինչպէս առաջին հատորիս առաջին շարքին մէջ արձանագրած եմ. «Իբրեւ օտար կը շրջէի / վերոյիշեալ վայրերուն մէջ, /  քանի հոն ուր պէտք է ըլլայի /  օտար էի / ի սկզբանէ»: Փաստօրէն, այդ շարքին մէջ, երբ անձնական/հաւաքական դունի մը մասին կը խօսիմ՝ յիշելով Ամսթերտամ, Վենետիկ եւ Կալկաթա, անշուշտ կրնայի մինչեւ Խրիմ երթալ, որ ատեն մը Ծովային Հայաստան կը նկատուէր, կամ հասնիլ Լեհաստան, աւելի քան հազար տարուան երկրէն դուրս բնակելու, սփիւռքեան փորձառութիւն մը կայ, որ ամբողջովին այլ տարողութիւն ստացաւ Ցեղասպանութեամբ: Աքսոր հասկացողութիւնը, իր լայն իմաստով, մեր պարագային տարբեր բնոյթ ստացաւ, երբ կամայ թէ ակամայ հայութեամբ բաբախուն արեւելեան սփիւռքի մեր կեդրոնները ձգելով Արեւմուտք հաստատուեցանք: Տակաւին չեմ խօսիր մեր պատկերացուցած պապենական հայրենիքին եւ անկախացումէն ետք անոր ստացած դաժան իրականութեան դիմաց գտնուելու մասին, երբ «լուրջ» նկատուած մամլոյ ծառայող մը Հայ դատի սահմանը իր տան պարտէզը կը նկատէ …: Գրիգոր Պըլտեան, ֆրանսահայ գրականութեան նուիրուած իր երկրորդ աւարտաճառին մէջ, սփիւռքեան նոր շրջապատի յարաբերութիւնը հայու-օտարի շրջագիծին մէջ դիտելու փոխարէն հայու եւ այլի ծիրին մէջ կը տեսնէ: Իսկ Վահէ Օշականը, վերջին երկու հարիւր տարուան հայութեան փորձառութենէն մեկնած, Սփիւռքը Հայաստանի թոքերը կը նկատէր, նկատի ունենալով հայ տպագրութեան Սփիւռքի մէջ ծաւալումը, Մխիթարեաններու դերը եւայլն: Սամուէլ Պեքէթի կամ Ճէյմս Ճոյսի համար աքսորը կրնար ընտրութիւն ըլլալ, սակայն մեր պարագան նոյնը չէ եղած: Իսկ զարմանալի՞ է, որ Զապէլ Եսայեան, Ցեղասպանութենէն առաջ, Պոլսոյ փայլուն օրերուն, Հոգիս աքսորեալ հատորին մէջ, արուեստագէտը տարբեր, աքսորեալ կը նկատէ իր շրջապատէն: Չեմ կարծեր որ աքսորը երբեւիցէ վերջ գտնէ բանաստեղծին համար:      

 

 Քու «Եւ Բանն Էր Աստուած» բանաստեղծութեան մէջ կը խօսիս «Բառ»ին մասին, որ նոյնինքն «Բան»ն է, որմով կ՚ըսկսի Յովհաննու Աւետարանը…

«…Բառերը շուտ դուրս հանէ 
իրենց ծանօթ հանդերձանքէն, 
մորթազերծ, մերկ տաւարի պէս 
զանոնք կախէ կեռ ճանկերէն—
թող տեսնուին 
մկանները անոնց ներքին, 
եւ միսերու կարմիրին վրայ 
հոսի առատ արիւնը տաք»։

 

Պատկերները ցնցիչ են եւ փոխաբերութիւնները՝ մտրակո՛ղ։ Անոնք կը յաջորդեն իրարու ամբողջ բանաստեղծութեան երկայնքին յանգելու համար Աստուծոյ։ Ամէն բանաստեղծ կանգ առած է Բառ-Խորհուրդին վրայ։ Մտքի հիւլէ՛ն՝ առանց որուն անզէն է բանաստեղծը։ Ի՞նչ բան է բառը։ Կամ ի՞նչ բառ է բանը։ Ինչպէ՞ս կը յայտնուի ան իր խաւարէն եւ կը մտնէ տողին մէջ եւ զայն կը վերածէ քերթողական արարքի։

Բառը որ բանաստեղծի ստեղծագործական լեզուի նախանիւթն է, յաճախ ամենէն կրկնուած, մաշած, չարաշահուած, չըսելու համար՝ լլկուած, իր իմաստէն պարպուած կացութեան մէջ կը գտնուի: Նոյնիսկ երբ կը սիրենք յիշեցնել, որ «Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր Աստուած», կը գտնենք որ այդ բանը, բառերէ կազմուած խօսքը, քարոզներու մէջ նոյն շրջագիծին մէջ կրկնուելով, տեղի-անտեղի օգտագործուելով, կ’իմաստազրկուի իր էութենէն: Առօրեայ գործածութեան մէջ նոյնը կը պատահի, նոյնիսկ շատ յաճախ՝ սխալ կը գործածուի: Անշուշտ զայն խեղաթիւրող գլխաւոր վարպետները քաղաքագէտները, քաղաքական ղեկավարներն են, որոնք ընդհանրապէս չեն իսկ հաւատար իրենց խօսքին կամ խոստումներուն՝ զայն իմաստազրկելով եւ զայն պարպելով իր ներքին յոյզերէն, հմայքէն: Ստեղծագործ մարդը, յա՛տկապէս իրաւ բանաստեղծն է որ բառին ու բանին կը վերադարձնէ իր արժանապատուութիւնը, կը դնէ զայն այնպիսի շրջագիծի մը մէջ, որ ան կեանք կը ստանայ եւ ի հարկին կը ցնցէ ընթերցողը, իր ստեղծած կամ գործածած փոխաբերութիւններով բառին տարբեր խորութիւն կու տայ, թելադրականութիւն կը ստեղծէ, կը մղէ ընթերցողը կամ լսողը խորհելու, եւ այսպէս բանը կ’իմաստաւորուի, կը վերածուի իսկական կամուրջի մը՝ տարբեր էակներու միջեւ յաճախ ամբողջ աշխարհ մը փոխադրելով իր ուսերուն վրայ:  Այսպէս է որ մութէն զատուելով իրերն ու իրականութիւնները կ’անջատուին, լոյսի մէջ կ’իյնան, կ’անուանուին, ձեւ ու իմաստ կը ստանան, եւ բանաստեղծը իր բառերով իսկ կը դառնայ արարիչ ստեղծած բանին, իրականութեան: 

 

Ամէն գրող ու բանաստեղծ ունի իր ներքին «գրադարան»ը։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ այն քանի մը հոգեհարազատ արարողները քերթողութեան բնագաւառին մէջ, որոնք միշտ իր հետն են որպէս խօսակից, որպէս զինակից, որպէս լծակից, որպէս խորհրդակից։ Պիտի ուզէի՞ր խօսիլ ոգիներու քու աշխարհիդ մասին…Ովքե՞ր են անոնք եւ ո՞րն է միութեան գիծը իրենց միջեւ, եթէ կայ այդպիսի բան։ 

Ճիշդ ես, իւրաքանչիւրս իբրեւ բանաստեղծ ունի այդ գրադարանը, որուն հետ միշտ կապի մէջ կը գտնուի եւ յաճախ այդ գործերը կը կարդայ նոր լոյսի տակ: Առաջին գիծի վրայ կու գան երեք անուն՝ Վարուժան, Չարենց ու Մեծարենց, որոնք ինծի համար, իբրեւ բանաստեղծ, հոգիի ու մտքի շտեմարաններ են: Բոլորովին առանձին տեղ ունին Նարեկացին, առաւել՝ միջնադարեան մեր տաղերգուները: Յաճախ կը վերադառնամ Ն. Սարաֆեանին՝ սփիւռքեան փորձառութեան մասին խորհելով: Թ. Ս. Էլիոթը սկզբնական շրջանին շատ կարեւոր էր ինծի համար, սակայն շատ մը բանաստեղծներէ կրցած եմ ու կրնամ սորվիլ՝ Պոտլերէն Էլուար (որոնք թարգմանութիւն-բնագիր փոխնիփոխ կը կարդամ), Թետ Հիւզէն Սիլվիա Փլաթ եւ ուրիշներ: Անշուշտ պէտք է գիտնալ, թէ մեր անմիջական նախորդները եւ ժամանակակիցները ինչ կ’ընեն, այս իմաստով հետաքրքրութեամբ կարդացած եմ Վահէ Օշականը, Յովհաննէս Գրիգորեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, Գ. Պըլտեանը, Վ. Թեքեանը եւ ուրիշներ: 

 

Կ՚ապրինք շատ բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Կ՚ապրինք մեր ինքնութեան օրհասը։ Կ՚ապրինք ամէնօրեայ փլուզումներով, որոնք կը թուին հետզհետէ անիմաստ դարձնել ստեղծագործական ճիգը…Ի՞նչ մտքերով կը գոյատեւէ Յարութիւն Պէրպէրեան քերթողը այսօր։ Օրերը լուսաբանո՞ղ են, թէ շփոթի մատնող։ Կազմալուծո՞ղ են, թէ ոգեզինող։ Ինչո՞ւ։

Վերջին երկու դարերը դաժան եղած են մեր ժողովուրդին համար. յաճախ կարճ խանդավառութեան ու յոյսերու շրջաններու յաջորդած են աղիտալի դէպքեր, որոնց գագաթնակէտը Ցեղասպանութիւնն է: Այս ժխտական իրադարձութեանց պատճառաւ հայաշխարհը հետզհետէ պարպուած է իր բնիկներէն եւ ինքնիր վրայ կծկուող ու փոքրացող Հայաստանի մը դիմաց գտնուած ենք ու կը գտնուինք: Այս պատկերը կրկնուեցաւ մեր սերունդին աչքերուն դիմաց, երբ առիթը ստեղծուեցաւ վերանկախացման, եւ արցախեան պայքարն ու ազատամարտը, հակառակ իր բազմաթիւ զոհերուն, նոր հորիզոններ բացաւ մեր դիմաց: Ներկայ կացութեան առընդդէմ, ինչպէս կը նշես, իսկապէս օրհասական օրեր կ’ապրինք, սակայն կ’անդրադառնանք նաեւ թէ որքան ալ մեծ ուժերու հաշիւներուն ու խաղին վերագրենք մեր ձախողութիւնները՝ ինչքան մեծ են ստեղծուած կացութեան մէջ մեր թերացումները: Երկիր մը որ աւելի քան քառորդ դար ունէր ամէն առումով հզօրանալու՝ յաջորդական իշխանութեանց սխալներուն, ընչաքաղցութեան կամ փտածութեան պատճառաւ հետզհետէ աւելի տկարացաւ: Մեր պատմութիւնն ու մատենագիտութիւնը դժբախտաբար ողբերու շարան մը կը բերէ մեզի: Բանաստեղծը, յա՛տկապէս յանձնառու մտաւորական բանաստեղծը կամ գրողը, չի կրնար քաշուիլ փղոսկրեայ աշտարակի մը մէջ, կը հակազդէ ստեղծուած կացութեան, լուռ կամ չէզոք չի կրնար մնալ: Այդ մէկը երբեմն ձեւ կ’առնէ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, երբեմն՝ հրապարակագրութեամբ, սակայն զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ բանաստեղծութիւնը ճառախօսութեան չվերածուի: Թերեւս հիմա աւելի յստակ, նոյնիսկ երբեմն շատ տխուր, պատկերացում մը ունինք մեր ժողովուրդի մտածողութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն մասին, սակայն կ’անդրադառնանք նաեւ, թէ ինչ կենսական առիթներ փախցուցած ենք նման ճգնաժամերէ խուսափելու համար: Այս իմաստով՝ ժամանակները կրնան լուսաբանող ըլլալ, սակայն ինչպէս Սարդարապատի օրերուն, իրաւունք չունինք պայքարի դաշտէն քաշուելու, ընդհակառակը՝ կացութեան ծանրութիւնը մեզ պէտք է մղէ յաւելեալ ճիգի եւ զոհողութեան:  

 

Ի՞նչ ժառանգութիւն եւ ի՞նչ աւանդ պիտի ուզէիր փոխանցել զաւակներուդ եւ թոռներուդ։ Աւելի ընդհանրական առումով՝ ի՞նչով պիտի ուզէիր զինել վաղուան սերունդը։

Շուրջ հինգ տասնամեակ, իբրեւ գրող, ուսուցիչ կամ խմբագիր, հայ լեզուի եւ գրականութեան սէրը, ուժերուս ներած չափով փորձած եմ փոխանցել իմ թէ ազգիս զաւակներուն: Դժբախտաբար, շարունակ փոխուող աշխարհաքաղաքական տուեալներու բերումով, այս աշխատանքը կը դժուարանայ, մանաւանդ ինչ որ պատահեցաւ ու կը պատահի արեւելեան սփիւռքի գաղութներուն մէջ, մեր ազդեցութեան ծիրին մէջ չ’իյնար: Այս մէկը շարունակական մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր դիմաց, որոնց համար մասնաւորաբար հաւաքական նոր լուծումներ ու մօտեցումներ պէտք է գտնել: Նոր սերունդը պէտք է զինել իր լեզուին, մշակոյթին ու պատմութեան խոր իմացութեամբ, ազգային ու ընկերային գիտակցութեամբ, առաւել՝ քննական միտքով. ճառային հայրենասիրութիւնը ապարդիւն է այս իմաստով:    

 

Ինչպէս ըսի ներածական բաժնին մէջ, այս հարցազրոյցը մղեց զիս ծայրէ ի ծայր վերստին մտերմանալու քու քերթողական վաստակիդ հետ։ «Կորիզ», 1979, Պէյրութ. «Ոսպնեակ», 1984, Պէյրութ. «Անցման Եղանակ», 1993, Մոնրէալ. «Սահմաններ», 2007, Երեւան. «Առաձգական», 2021, Երեւան։ Հինգ նշանակալի հանգրուաններ քու ստեղծագործական կեանքիդ շաւիղին վրայ, որոնք քայլ առ քայլ հարստացուցած են Սփիւռքի բանաստեղծութեան ժլատ շտեմարանը։ Կ՚ուզեմ յատկապէս նշել վերջին գիրքդ՝ «Առաձգական»ը, որ շքեղ իրագործում մըն է ոչ միայն իր բովանդակութեամբ, այլեւ իր ձեւաւորումով։ Բայց մանաւանդ այն իրողութեա՛մբ՝ որ ան իսկական յաղթանակ մըն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Երեւի «Առաձգական»ը միակն էր Սփիւռքի ստեղծագործական դաշտէն, որ հրապարակ կ՚իջնէր յաղթահարելով պատերազմի խոշտանգումներէն ծնած մեր ազգային յուսալքութիւնը։  Իմ վերջին հարցումս՝ ի՞նչ առաքելութիւն վերապահուած է բանաստեղծին — եւ բանաստեղծութեա՛ն – մեր կեանքի յետպատերազմեան քաոսը յաղթահարելու գործին մէջ։ Ի՞նչ յանձնառութիւն եւ ի՞նչ մարտկոց՝ մեր գոյութեան պայքարին մէջ։

Այնպէս զուգադիպեցաւ, որ Առաձգականը հրատարակուի արցախեան այս վերջին, աղիտալի պատերազմէն ետք, որուն յաջորդեցին նաեւ պետական մակարդակի վրայ անհասկնալի կամ անընդունելի քաղաքական որոշումներ: Ամէն պարագայի, ինչ ալ ըլլար կացութիւնը, կնոջս՝ Մարալին հետ որոշած էինք երեք ամիսով Հայաստան գտնուիլ, մանաւանդ որ քոյրերէս երկուքը եւ եղբայրներէս մէկը գաղթականներուն ու պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն առնչուող կարեւոր  բարեսիրական նախաձեռնութիւններ ձեռնարկած էին: Կացութիւնը իր հակասութիւններով պայթուցիկ էր. մէկ կողմէ Եռաբլուրի, Պռօշեանի պանթէոնին եւ քիչ մը ամէն տեղ, կրնայիր տեսնել այն մեծ ողբերգութիւնը, որուն ենթարկուած էր մեր ժողովուրդը, միւս կողմէ՝ Սարեան փողոցէն Հիւսիսային պողոտայ եւ շրջակայ   թաղերուն մէջ կը հանդիպէիր զեխ դասակարգի մը անտարբեր կեցուածքին, որ սուր ընդվզում կը պատճառէր: Շատեր պիտի ըսէին, որ կեանքը պիտի շարունակուի, թէ ի՞նչ՝ սեւազգեստ, լացող մայրեր միայն պիտի տեսնէիր Երեւանի փողոցներուն …: Յուսիկ Արան եւ Սամուէլ Սեւադան հեռատեսլային հարցազրոյցի մը ընթացքին կացութիւնը խօսուն պատկերով մը կը բնորոշէին՝ հարսանիք ժանտախտի շրջանին: Յիշողութեանս մէջ գամուած կը մնան երկու Եռաբլուր այցելութիւններս, ուր երկար  ժամեր, տասնեակ հազարաւորներ բլուրն ի վեր եւ բլուրն ի վար շարունակ կը բարձրանային ու կ’իջնէին. վերը գերեզմաններու քաղաքի վերածուած տարածքն էր՝ սգակիրներով, ողբով, մոմով, խունկով, ողբասացութեամբ …: Այս իրավիճակին մէջ, Կարօ, պատասխանելով հարցումիդ, կրնամ նշել, որ բանաստեղծին եւ բանաստեղծութեան հիմնական դերը պէտք է ըլլայ առանց ընկրկելու շարունակել գրական աշխատանքը, ինչպէս պատահեցաւ 1895-96 Համիտեան ջարդերէն, Ատանայի աղէտէն կամ Ցեղասպանութենէն ետք, կրնայ այդ աշխատանքը արձագանգը ըլլալ այս նոր աղէտին կամ զուտ գեղարուեստական բնոյթ կրել: Ատկէ անկախ՝ գրողը իբրեւ յանձնառու մտաւորական իր ձայնը պիտի բարձրացնէ պայքարելով ամէն ձեւի պարտուողական տրամադրութիւններու դէմ: Հայրենի թէ Սփիւռքի մտաւորականը պէտք է հակադրուի ոչ ժողովրդավարական, հայրենիքի ապագային գծով առնուած գաղտնի որոշումներու, փտածութեան եւ պարտուողական քայլերու եւ տրամադրութիւններու դէմ: Ինչպէս խորհրդային օրերուն՝ սփիւռքեան մտաւորականութեան զօրաւոր կեցուածքը կարեւոր զօրակցութիւն է ազգային առողջ մտածողութիւն ցուցաբերող փոքր, բայց կարեւոր գրողներու կամ մտաւորականներու խումբի մը համար: Պէտք չէ զիրենք առանձին ձգել կամ թոյլ տալ որ մատնուին յուսախաբութեան: Եւ կը կրկնեմ՝ յա՛տկապէս մեր աշխատանքը շարունակելով ցոյց պիտի տանք, թէ գրականութիւնը այս հանգրուանին եւս չ’ընկրկիր այս ծով դժուարութեանց ու դժբախտութեանց դիմաց:     

 

Կը շնորհաւորեմ «Առաձգական»ի յայտնութիւնը եւ կը մաղթեմ յարատեւ վերելք։ Քու ընթերցողներդ նաև կը յիշեն քու հարուստ վերլուծականներդ մեր գրականութեան բանալի դէմքերուն եւ երեւոյթներուն մասին։ Կը մաղթեմ, որ շուտով անոնք եւս վերածուին հատորի։ Արդիւնաշատ, կորովի եւ բեղմնաւոր տարինե՛ր։ Շնորհակալութի՛ւն։

Դեկտեմբեր 12, 2021