Յակոբ կիւլլիւճեան
    Տարիներու ընթացքին վարժուեր ես ամեն ինչ հարցադրելու, խնդրականացնելու՝ յատկապէս որոշ ուսումնառութենէ ետք։ Ազգ հասկացողութիւնը սակայն երկար ատեն յամառօրէն մնացեր էր խնդրականացնող ակնոցիդ ա՛յս կողմը։ Իսկապէս, դժուար է տարբաղադրել այն, որ մարդ փոքր տարիքէն կը դաւանի ըլլալ, զգալ, աւելի ճիշդը այն որուն կը հաւատայ, նոյնիսկ կը կարծէ գիտնալ որ է՛, մանաւանդ երբ ան կապուած է հօրդ ու մեծ մայրերուդ, հօրեղբայրներուդ եւ հօրաքոյրներուդ անձնական ողբերգութիւններուն եւ արհաւիրքներով թրծուած անոնց աշխարհընկալումին։ Այս վերջինը քեզի աւանդուեր է առանց սրբատուփի, առանց պաշտօնական թուղթերու, այսպէս թէ այնպէս անկիւնէ անկիւն դեգերող անտէր ձայներով. աշխարհընկալում որ կլաներ է հայրենիք, ժողովուրդ եւ ազգ ըսուածները, միաձուլուեր անոնց հետ, վերածուեր միաժամանակ հպարտութեան եւ թուրքին ու օտարին հանդէպ ենթագիտակից երկիւղի, վերաճեր անշրջանցելի պարտականութեան, վերապրումի մը պատասխանատու կարգուած ըլլալու յանցապարտ զգացումի, խանդավառութեան, մեծամտութեան, տրտմութիւններու, հիասթափութեան, յուսահատութեան, նաեւ վերադարձներու, օտարութեան ու ատով իսկ կառուցուած սեփական տան։ Ու միշտ անոնց մէջ ու շուրջ՝ ա՞զգն իբրեւ յղացք, անոր ուզած չուզած փակչող ածանցներով եւ պոչերով, սէրերով, մոլութիւններով ու մոլորութիւններով, աշխարհասասան եւ կենսակործան խոտորումներով, ատելութիւններով, այլը մերժող, ջնջող, «մաքրող» եւ անկէ զտող նկրտումներով։
    Կը հարցադրես, կը դիտես։ Չես ուզեր, տագնապ կ՚ապրիս փորձելով համոզուիլ այս ու այն մտածողի տեսութիւններով։ Ո՞վ են որ իրենց փղոսկրէ աշտարակներուն էն ծայրը նստած՝ գլխուդ քարոզ պիտի կարդան, ըսեն թէ ո՛րն է բարին, ո՛րն է չարը, եթէ անշուշտ այդ յղացքներն ալ յարաբերականացման հալոցին մէջ փոխարինուած չըլլան օրուան նորոյթ սա կամ նա մեղմաբանութեամբ։ Օրին ապակառուցում հոլովեր ես, հիմա քննադատողական տեսութիւն կը կարդաս, կը բարկանաս, կը զարմանաս, հատումայնութիւններ (intersectionalities) եւ անոնց մասերն ու ճուտերը կը փորձես համադրել եւ չխճճուիլ գաղափարախօսական մտասեւեռումներու թնճուկին մէջ, իսկ միւս կողմէ գիտես լռութիւնը որ քուկիններուդ, ընտանիքիդ բաժինն է եւ որ կպչեր է անոնց ու քեզի. կը տեսնես թէ ինչպէս ոչինչը կը պատէ անոնց յիշատակները՝ թեւ թեւի տուած անձնականը
զեղչած տրամասութիւններու։
    Մէկ բան գիտես. մօրդ նախնիները՝ յիսո՞ւն սերունդ, հարի՞ւր սերունդ (կարեւո՞ր է արդեօք) հայրեր, մայրեր, ազգ(ականներ)՝ եկեր են վայրէ մը, ուր այսօր չես արտօնուած այցելել անգամ—վստահաբար կեանքիդ գնով—, եւ ուր՝ Նախիջեւանի, Ջուղայի գերզինուած տարածքին վրայ, անոնց խաչաքանդակ շիրմաքարեր անգամ փոշիացուեր են, ու մարդ բան չէ ըսած, Իւնեսքոն յօրանջեր է, տեսաբանները շարունակեր են հայրիշխանական խորհրդանիշներ տեսնել կանգնած դրօշաձողերու, աշտարակներու, բերդպարերո՞ւ թէ բերդերու, թերեւս անգամ՝ կանգնած խաչքարերու մէջ։ Ամէն մէկն իր գործին, ամեն մէկն իր խօսքին, դուն ալ բացակայութիւններուդ եւ անկարողութիւններուդ։
    Բերդ ըսիր, այդպէս, անկապ, ու ահա գիտակցութեան ծալքերէն ձեռք կը բարձրացնէ յուշերու տետրակ մը։ Կապոյտ մելան, նուրբ տողեր։ Հօրդ եղբայրը կը յիշէ՝ «Սիսի բերդին կուրծքին հիւսիսային կողմը, Նոր Վանքին՝ հսկայ վանքին—իր դպրեվանքով, կաթողիկոսարանով, իր հսկայ պարտէզով—բոլորտիքը տեսակ մը չինական պատերով ընդարձակ թաղ մը։ Վանքին հիւսիսային դուռի ճամբան կ՚անցնէր հայ թագաւորական պալատին մնացորդին տակէն. այդ դրան առջեւէն եթէ 50 մեթր հեռանաս դէպի հիւսիս, առաջին ընդարձակ, ճերմակ տունը իր առջեւը լեցուն ծառերով…»։ Ի՞նչ կը նշանակէ ազգը, ազգականը, ազգայնութիւնը մտածելու, փորձընկալելու տուայտանքներուդ մէջ՝ հօրդ ա՛յդ տան մէջ ծնած ըլլալը, Ալի աղայի փոխ տուած ձիով ու Մուսթաֆա էֆէնտիէն վարձուած ձիակառքով անոր առօք փառօք ոդիսականի երթալը դէպի Գաթմա, յետոյ բոպիկ՝ Մեսքենէ, Տէր Զօր, Հալէպ, փշուր-կտոր ընտանիքով վերադառնալը, խաղալը հազարամեայ փողոցներուն մէջ, ու յետոյ անվերադարձ փոխադրուիլը այլուր, ապրանքի պէս՝ իր տունն ու միւս տուները ուրիշին նուիրած ֆրանսական պետութեան նաւերով, ծովեզերք դրուիլն ու հոն քարայրի մէջ ապաստանիլը, կանգնիլը, ուսում ստանալը եւ ուսուցանելը, կեանք վայելելը, սերնդագործելը, ամեն տարի «Երբ որ բացուին» երգելը՝ «ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա», ու ի վերջոյ ամփոփուիլը 10,000 քիլոմեթր անդին արժանթինեան հողի կտորի մը մէջ։ Առանց տեսնելու։
    Տետրակի էջերէն եղբայրն է նորէն, որ կը շարունակէ. «Իսկ իրիկնամուտին միշտ դիտած եմ բերդին շուքին առաջանալը, ժամեր շարունակ կէսօրէն յետոյ՝ մինչեւ արեւին մայրը մտնելը. նկատելի, նշմարելիօրէն բերդին շուքը կը յառաջանայ դէպի արեւելք։ Երբ շուքը հասնի դիմացի այգիներուն, գնացքը կ՚արագանայ, իսկ երբ հասնի դիմացի Տաւրոսին, որ կը կոչուի Սուրբ Կարապետ լեռ, ա՛լ օրուայ վերջն է»։
    Նոյեմբեր է, քսանմէկերորդ դարու քսաներորդ տարին։ Գիշերներուդ մէջ քունը հրմշտկելով իրար կը քաշքշեն ազգն ու զէնքը, սէրն ու սարսափը, մահն ու երգերը, աղօթքը ծակած գմբէթներէ, մինարէներէ, խոնաւ խրամատներէ, հրասայլերէ, ապաստանարաններէ, վարակաւոր դիմակներէ, տամուկ աչքերէ։ Կ՚ըսեն՝ կարգը եկեր է Արցախին։ Մարդ լուսին հասեր է, Հրատ հասնելու վրայ է, թուային եւ արհեստական միտք կը մշակէ, սեռերը կ՚ազատագրէ, յետգաղութարար տեսութիւն կը բարբառի, իսկ նոյն ատեն այս լեռնցիներուն կ՚ըսէ՝ շուքը ձեզի՛ հասեր է, ա՛լ օրուան վերջն է։ Որովհետեւ ազգ էք ու այլ էք։
    Ազգ, այլ։ Այլեւազգ։
    Միաժամանակ քեզ միաւորող ու բաժնող։ Ընկալեալ, ենթադրեալ ու բաղձացեալ միութեան եւ տարբերութեան սահմանագիծը որոշող։ Կրնա՞ս պատմուիլ անով, պայմանաւորուիլ այդ գիծով, ապրիլ կողքին ու դիմացը անով սահմանուողներու, սահմանափակուողներու բազմութեան։ Ազգը եզերագի՞ծ, վերջնագի՞ծ։ Ոչ ուզեր ես միւս կողմ անցնիլ, ոչ ալ փափաքեր որեւէ գիծ։
    Թերեւս նայուածքի հարց է։ Զանցէ սահմանումը եւ կեդրոնացիր առարկայիդ կարողականութեան վրայ։ Անունէն անդին՝ կեանքը։ Կրնա՞ս պատմուիլ անով, պայմանաւորուիլ, այսինքն ոռոգուիլ, կենսանալ, ընձիւղիլ անոր շունչով։
    Ազգն ուրեմն՝ ոչ թէ անուն ու սահման, այլ փորձառութիւն։
    Ազգ՝ գեղեցիկը ժառանգելու, քո՛ւ գիտցած եւ ուզած ձեւովդ ըմբոշխնելու, յետնորդներուդ եւ այլոց փոխանցելու կարողութեան, կարելիութեան, բայց նաեւ իրաւունքին անունը։ Ու իրաւունքը ատիկա ընելու այնտեղ, ուր զայն քեզի փոխանցողները ծներ են, եղեր են, մաշեր են, հողացեր են։
    Նաեւ, ի վերջոյ, այդ կարելիութիւնը պաշտպանելու իրաւունքին եւ ատոր բարոյականութեան անունը։
    Վտարումէն, կորուստէն, վայրիդ չքացումէն ետք՝ նաեւ այդ կորուստին մէջ բնակելու եւ նոյնիսկ հո՛ն հարազատութիւն, մտերմութիւն, գեղեցկութիւն որոնելու ու երբեմն զայն խօսելու անկարելի փորձին անունը։
 
 
նախորդ
ԼՈՒՍՆԱՅԻՆ