Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Յուշարձանը պատգամ մըն է մարդոց հոգիներուն պահանջքին, ուր մարդ լուռ գոհունակութեամբ մը կը պահէ զայն սրտին խորը։
Յուշարձանը սերունդները շղթայող անքակտելի կապն է։
Յուշարձանը անցեալի սերունդներուն ապագայ հայելին է։
Յուշարձանը այն պատգամն է, որ իր ժողովուրդին մտքերը եւ հոգիները կը շաղկապէ, ապագայի անակնկալ հեռանկարներու դէմ։
Յուշարձանը մարդկային յարգանքի զգացումի ստեղծման մեծագոյն ազդակն է։
Ի՞նչ է վերացականութիւնը
Վերացականութիւնը հոգիին ենթագիտակիցին շօշափելի դրսեւորումն է։
Արուեստը մարդկային վերացական զգացումներու արտայայտութիւնն է, զգացումներ, որոնք կարելի է դրսեւորել լաւագոյնս երաժշտութեամբ կամ պարով։
Երաժշտութիւնը արուեստներուն ամէնէն անշօշափելին է եւ ատոր համար ալ ամէնէն բիւրեղը։
Գրականութեան մէջ բանաստեղծութեամբ կարելի է ստեղծել այն վերացականութիւնը անբացատրելի, որ գոյութիւն ունի մեծ երաժշտութեան մէջ։
Միքէլ Անճելլօ իր կեանքի հասունութեան շրջանին միայն ունեցաւ վերացականութեան անբացատրելի զգացումը, իր Բիէթթաներէն, Դաւիթէն եւ Մովսէսէն վերջ։
Միքէլ Անճելլօ չորս դարեր առաջ ընտրեց գերիներու ամբողջ շարք մը, եւ ձգեց բոլորն ալ անաւարտ, զիրենք բանտարկող ժայռակոյտերու մէջ, եւ հոն է, որ հանճարին գործերը սկսան չխօսիլ յստակօրէն, ինչպէս Դաւիթը կամ Մովսէսը, այլ դիտողին հոգիին մէջ սկսան ստեղծել այն գեղեցիկ, անբացատրելի վերացական մթնոլորտը, որ երբեք չի կրկներ ինքզինքը, այլ, ընդհակառակն, մեզ կախարդանքով մը կը ձուլէ ժայռին անյստակութեան դիտողը, առեւանգելով զայն իր մէջ։
Միքէլ Անճելլօ հասաւ վերացականութեան մը սկզբնաւորութեան, ինչ որ ուրիշներ հասան չորս դար ետք միայն։
Օկիւսթ Ռոտէն, ֆրանսացի մեծագոյն արձանագործը, մեկնեցաւ այն մեկնակէտէն, ուր հասած էր Միքէլ Անճելլօ, բանալու համար վերջնական դուռը վերացականութեան։
Ռոտէն անձամբ կը վկայէ այս իրականութիւնը։
Ուրեմն՝ հոն կը յայտնաբերուի հանճարին հսկայաքայլ ոստումը 15-րդ դարէն 19-րդ դար։
Արուեստը եւ արուեստագէտը
(Վերլուծական փորձեր)
Արուեստը, արուեստի գործէն բխող անտեսանելի եւ անշօշափելի այն ալիքներն են, որ, դիտողին տեսութենէն անցնելով՝ կʼիջնեն հոգիէն ներս, հաճելի այրուածք մը ստեղծելով։
Իրական արուեստի գործ մը պէտք է ցնցէ դիտողը մէկ տասներորդ երկվայրկեանի մը մէջ իսկ։
Արուեստի գործի մը բացատրութիւնը չէ, որ կʼիմաստաւորէ զինքը, այլ, ընդհակառակն, անմիջական հաղորդումէ մը ետք է, որ կը կարօտի բացատրութեան, եթէ պէտք ըլլայ բացատրել զայն։
Գիտակիցի եւ ենթագիտակիցի խառնուրդովն է, որ կը կազմուի արուեստի գործ մը։
Առանց ենթագիտակցութեան՝ վերացականութեան, արուեստի գործը մաթեմաթիք է միայն, մինչ արուեստը կը սկսի անկէ ետք։
Նոթերու, գոյներու, ֆորմերու, շարժումներու, բառերու յարաբերականութեամբ ստեղծուած կայծն է, որ կը ստեղծէ արուեստի ալիքը միջոցին մէջ, ուր մարդ կը հաղորդուի անխուսափելիօրէն։
Այն ինչ որ կը բխի արուեստագէտին հոգիին իրական ապրումներէն, ան միշտ դրական է, իրաւ է եւ հաղորդական բոլոր ժամանակներու համար, ինչ դպրոցի ալ պատկանի։
Նկարիչին եւ քանդակագործին համար իր արուեստի գործը այն է, ինչ որ է երաժիշտի մը համար ձայնապնակը, ուր կʼարձանագրուին իր զգացումները՝ հրամցուելու համար ժողովուրդին։
Ժողովուրդն է, որ պէտք է հետեւի արուեստագէտին եւ ոչ թէ արուեստագէտը ժողովուրդին։
Եթէ պատահի հակառակը, արուեստի գործը կրնայ նմանիլ անշարժ ջուրի մը, որ դատապարտուած է լճանալու, ճահճանալու։
Հանճարեղ արուեստագէտը այն ալփինիստն է, որ կը բարձրանայ գագաթն ի վեր, բոլորէն արագ, բոլորէն առաջ հասնելու այն իբսէնեան բարձունքներուն, ուր յաճախ առանձնութեան ճակատագիրը կը սպասէ իրեն։
Իրաւ արուեստագէտը յաճախ իր հոգիէն ներս, գաղտնի, իր արուեստին կասկածողն է, որովհետեւ ան քաջ գիտակցութիւնը ունի արուեստին մեծութեան եւ անհունութեան։
Արուեստը անհուն է՝ ինչպէս տիեզերքը, արուեստագէտին ծանօթ է միայն մինչեւ այն սահմանը, ուր հասած է ինք։
Հանճարի մեծութիւնն է, որ կը սահմանէ արուեստի տարածքը այն չափով, որքան կտրած է ան։
Առնենք Միքէլ Անճելլոյի եւ Ռոտէնի հաճարեղ քանդակները, որոնք սկսան տեղէ մը, վերջակէտէ մը, ուր ուրիշներ հասած էին, իսկ իրենք նոյն մեկնակէտէն մեկնելով հասան աւելի հեռու կէտի մը, կամ աւելի ճիշդ՝ մեկնակէտի մը, որ տակաւին կը մնայ փակ, մինչեւ յաջորդ գերհանճարներու յայտնութիւնը։
Սեզան, որ տպաւորապաշտ դպրոցի երեք հիմնական սիւներէն մէկը կը համարուի, ըսած է.
– Վան Կոկի նկարչութիւնը խենթութիւն է աւելի քան նկարչութիւն։
Ֆրանսացի նկարիչ Թուլուզ Լոթրէք ըսած է.
– Լուվր թանգարան կոչեցեալը գերեզմանոց մըն է նկարներու եւ քանդակներու, որ արժանի է միայն հրկիզուելու։
Քանդակի մը կամ պաստառի մը արուեստի բաժինը այն մասն է, որ կը պատկանի միայն արուեստագէտին եւ ոչ թէ բնութեան։
Որովհետեւ բնութիւնը հաւասարապէս կը պատկանի բոլորին, եւ նոյնն է բոլորին համար։
Արուեստագէտը կʼառնէ զայն եւ իր մտքի ու հոգիի ֆիլթրասիոնով կը հրամցնէ մարդկութեան։
Ճիշդ հոս է, որ կը կատարուի ստեղծագործութիւնը, եւ ոչ թէ վերարտադրութիւնը բնութեան, ինչ որ յիշեցինք վերը։
Մեզի ծանօթ է, որ ստեղծագործութիւն բառին արմատը ստեղծումն է, իսկ ստեղծելը, ընել է բան մը ոչինչէն։
Աստուած ստեղծեց տիեզերքը եւ ոչ թէ ընդօրինակեց զայն ուրիշ տիեզերքէ մը։
Բանաստեղծը բանն ստեղծողն է, իսկ թղթակիցը՝ վերարտադրողը։
Բոլոր արուեստներու մէջ գոյութիւն ունին երկու միջոցներ.
ա.- Նիւթը բնութեան,
բ.- Ստեղծագործական բաժինը արուեստագէտին։
Եթէ կʼուզենք արուեստի բաժինը աւելցնել գործին մէջ, անպայմանօրէն պէտք է նուազեցնենք կարեւորութիւնը նիւթին։
Այսպէս է ցոյց տուած արուեստի հոլովոյթը դարերու ընդմէջէն։
Քանդակագործին քանդակներուն ապրումը պէտք է գայ ներսէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս իրական դերասանի մը խաղարկութիւնը, որ կու գայ ներսէն։
Պաստառի մը յաջողութիւնը հաստատելու լաւագոյն միջոցը զայն շրջելն է հակառակ վիճակի մէջ։
Եթէ շրջուած վիճակի մէջ իր գեղարուեստական եւ գեղագիտական կողմը չկորսնցնէ, կը նշանակէ, թէ յաջող գործ մըն է անիկա, որովհետեւ, այդ վիճակին մէջ կորսուելով բնութեան բաժինը՝ կը մնայ զուտ արուեստագէտին ստեղծագործական մասը։
Ազատութեան եւ չակերտուած խենթութեան որոշ չափանիշի մը ներկայութիւնը արուեստագէտին գործին եւ կեանքին մէջ, անհրաժեշտութիւն մըն է։
Առանց ատոր, ան պիտի նմանէր կարգապահ այն մարդուն, որուն յաջողութիւնը կեանքի մէջ դատապարտուած է սահմանափակ մնալու։
Միքէլ Անճելլոյի հանճարին կարեւոր ազդակներէն մէկը եղած է իր հաւատքը։
Հաւատքը հիմնաքարն է արուեստին, որ դարերու ընդմէջէն վերածուած է յարաբերական վիճակի։
Առանց հաւատքի աշխատանք մը արուեստի աշխարհին մէջ կը դադրի արուեստի խորհուրդը ունենալէ։
Հաւատքը արուեստագէտին հոգիին մէջ կը ստեղծէ իր ստեղծելիք արուեստին անմահութիւնը։
Հին եգիպտական արուեստի մեծութեան խորհուրդը կարելի է բացատրել միայն արուեստագէտներուն ունեցած հաւատքով։
Այն ժողովուրդը կամ անհատը, որ չունի յարաբերական հաւատք, իր ստեղծած չակերտուած արուեստը կը մնայ նիւթեղեայ, իսկ մեզի ծանօթ է, որ արուեստը կը սկսի նիւթեղէնէն ետք միայն։
Բժշկութիւնը, որ գիտութիւն մըն է, դարեր շարունակ իր փնտռտուքները ըրած է ֆիզիքական շօշափելիութեանը մէջ։
Մինչ այսօր, սկսած է փոխել իր ախտաճանաչումի ոճը, մտնելով անձին հոգեկան աշխարհէն ներս։
Քրիստոսէ առաջ մեզի ծանօթ բոլոր աստուածներուն երեւակայական արձաններու գեղարուեստական ոճաւորումը կը համապատասխանէ այսօրուան քանդակագործներուն ստեղծագործական ոճաւորումին։
Դարձեալ հաւատքն է եղած դրդապատճառը այս երեւոյթին։
Եւ այդ քանդակները տասնեակ դարեր ետք, սկսած են ծառայել իբրեւ ներշնչման աղբիւր արդի քանդակագործին։
Երկու մեծ արուեստագէտներու արուեստի ըմբռնողութեան տարբերութիւնն է արուեստի բաժինը իրենց գործերուն մէջ։
Օրինակ՝
Ռէմպրանթի եւ Ռիւպէնսի անհատական ըմբռնումները, որ կը դրսեւորուին իւրաքանչիւրին պաստառներուն մէջ։
Այս երեւոյթն է եղած պատճառը, որ մեծ արուեստագէտներ եղած են յաճախ գէշ քննադատներ, որովհետեւ անոնք կառչած կը մնան իրենց արուեստի հասկացողութեան կուռքին։
Երկու հանճարեղ նկարիչներու՝ Վան Կոկի եւ Կոկէնի կեանքի բարեկամութեան խզումի պատճառներէն մէկը եղած է նոյն երեւոյթը։
Եթէ արուեստը շօշափելի եւ բացատրելի ըլլար այնպէս՝ ինչպէս մաթեմաթիքը, մենք այսօր հաւանաբար ունենայինք հազարապատիկը այն արուեստագէտներու թիւին, որ ունինք այսօր։
Արուեստի թեքնիքն է, որ կարելի է միայն ուսուցանել, այդ նոյնիսկ ենթակայ է յաճախ փոփոխութեան հանճարներու կողմէ։
Արուեստագէտը կը նմանի այն մեղուին, որ կեանքի բոլոր ծաղիկներու հիւթը ծծելով կը գոյացնէ մեղրը՝ հրամցնելու ժողովուրդին։
Արուեստագէտը այն մարդն է, որ մարդկութեան կը հրամցնէ իր իսկ հոգիին անծանօթ քաղցրն ու լեղին։ Եւ ապրումներու այն մարգագետինները ծաղիկներով եւ տատասկներով, որուն վրայ մարդ կը քալէ յաճախ՝ առանց գիտնալու փուշին ցաւը կամ ծաղիկին բոյրը։
Մեծ է այն արուեստագէտը, որ կ’երգէ իր ժամանակը, բայց աւելի մեծ է ա՛ն, որ կ’երգէ իր ապագան, որ ներկան է իրեն համար։
Դարձեալ մեծ է ան, երբ քիչեր կը հաղորդուին իրմով եւ շատեր կը մնան անհաղորդ։ Որովհետեւ օր մը այդ քիչերը պիտի ըլլան շատ եւ շատերը քիչ։
Արուեստագէտը այն շեփորողն է, որ կ’արթնցնէ քնացող հոգիները, եւ կը գինովցնէ արթնցածները ամենաազնիւ գինիով։
Իրաւ արուեստագէտը, համայն մարդկութեան, իր ժողովուրդին եւ իր անձին թաքուն մնացած զգացումներու աղաղակողն է։
Միաժամանակ մարդուն հոգիին հայելին է եւ մարդ պիտի չկարենար տեսնել ինքզինք առանց այդ հայելիին։
Ան ինքզինքը թաթխելով գինիին կամ քացախին մէջ, ինքզինքը կը հրամցնէ մարդկութեան։ Մարդկային է ան, որ միաժամանակ կը սիրէ քացախի թթուն գինիի քաղցրութեան հետ, որովհետեւ մէկը ծնունդ է միւսին եւ առանց միւսին մէկը չ’իմաստաւորեր իր ինքնութիւնը, ինչպէս լոյսը մութի բացակայութեան, եւ մութը՝ լոյսին։
Իրաւ է ան, երբ ան կը ճամբորդէ ինքն իր մէջ, ինքզինք ճամբորդեցնելով կեանքի մէջ։
Իրաւ է ան, երբ կը ճանչնայ ինքզինքը եւ կը ձուլուի իր կուռքին՝ իր արուեստին մէջ։
Ուրիշներու հոգիին կուռքը չի կրնար միաձուլուիլ իր արուեստին։
Իր հոգիին կուռքէն է, որ պիտի ծնին իր աղաղակները, եւ աղաղակ մը երբեք չէ եղած անհաղորդ բոլոր հոգիներու համար, որոնք կը մնան յաճախ լուռ, մինչեւ զիրենք քերող ձեռք մը։
Արուեստի թափանցումը կ’ըլլայ սրտէն միտք եւ ոչ թէ մտքէն՝ սիրտ։
Արուեստագէտը այն դիտողն է, որուն տեսողութիւնը կը թափանցէ ովկիանոսի ամէնէն խորը քնացող անծանօթ հրաշալիքները։
Արուեստագէտը լուռ հոգիներու հռետորն է, որուն մարդ կ’ունկնդրէ հոգիին ականջներովը։
Արուեստի գործերը աղօթքներ են, որ կը բխին արուեստագէտի հոգիէն, եւ որոնց առջեւ մարդ արարածը ակամայ կ’երկիւղածի քաղցրութեամբ մը։
Արուեստի գործն այն անխօս խօսուն մարմինն է, որ մարդ արարածը երբեք պիտի չկարենար օր մը արտայայտել շրթներովը։
Իրաւ արուեստի գործը ա՛յն է, որուն ճառագայթումը միջոցին մէջ անպայման կը հանդիպի զինք սպասող ուրիշ հոգիներու։
Արուեստագէտը այն երազողն է, որուն երազները տեսանելի են ուրիշներու համար ալ։
Ան աներազ մարդուն երազ հայթայթողն է։
Իբրեւ վերջաբան՝
Ներկայ արուեստագէտը կը փորձէ եւ կ’աշխատի գտնել մարդկային այն անշօշափելի զգացումները, ապրումները, որ ցարդ չեն մտածուած դրսեւորուիլ, կամ խորանալ մինչեւ հոն։
Ան կը փորձէ դրսեւորել 20-րդ դարու ստեղծած քաոսի անակնկալ եւ անխուսափելի դէպի Վերջը՝ ափոքալիբսը գահավիժող երեւոյթները։
Եւ տարօրինակօրէն այս երեւոյթը կու գայ զուգահեռուելու, ժամադրուելու մարդկային ներկայ այն վիճակին հետ, ուր ան կամովին կը փորձէ լքել իրեն իսկ ծնունդ տուող մոլորակը, ինքզինքը նետելով անջրպետի պարապութեան մէջ։
21-10-1985
«Բագին», Նոյեմբեր 1985