ՄԱՀ, ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՋՆՋՈՒՄ

Կտորներ կառուցուած բնութիւնից – 5

«Բագին»ի Սեպտեմբեր 2016 թիւով կը ներկայացնենք գանատաբնակ նկարիչ-քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» ցուցահանդէսի գործերէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին առիթով գրուած գանատացի արուեստաբան էրիք Տեւլինի վերլուծումը։ Այս ուշագրաւ ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, 2015-ին, ապա՝ ցուցահանդէսը փոխադրուեցաւ Գանատա, ուր ներայացուեցաւ Մոնքթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած Հայկական փառատօնին, 2015, եւ Մոնթրէալի Gaelrie Eric Devlinի մէջ, 2016։
     1986-ին Մոնթրէալ փոխադրուած արուեստագէտը ծնած է Քաջարան, Հայաստան։ 1971-ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի Գոլէճը, իսկ 1977-ին՝ Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիան։ Անհատական ցուցահանդէսներու կողքին, մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու եւ միջազգային փառատօններու։ Հեղինակն է երեք նկարչական ալպոմներու։ Անոր գործերը մաս կը կազմեն արուեստի կեդրոններու եւ թանգարաններու մնայուն ցուցադրութեան հաւաքածոներու, ինչպէս՝ Հայաստանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Հայաստանի ազգային պակերասրահին, Օթթաուայի National Library of Canada-ին, Մոնթրէալի Biblioteque Nationale du Quebec-ին, Թոքիոյի TAMA Art Museum-ին, Տիթրոյիթի Ա. եւ Մ. Մանուկեան թանգարանին, Լեհաստանի Քրաքոֆ քաղաքի Արուեստի պալատին։

 

   

Գոյութեան եւ անգոյութեան միջեւ -1

 Կարէն Պետրոսեանի պաստառներն ու քանդակները միշտ կառուցուած եղած են Բնութեան եւ Մշակոյթի միջեւ յարաբերութեանց շուրջ։ Անոնք հարցաքննութեան տակ կ՚առնեն մեզ եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապերը եւ արուեստագէտը մարմնի իր կերպարաւորումները միշտ կը զետեղէ գոյներու յորձանքի մը մէջ, որոնք կարծես կը թուին բանտարկելու անդամալուծել զանոնք։
     Քրիստոսէ 330 տարի առաջ Արիստոտէլ կ՚ըսէր թէ մարդ արարածը միակն է բոլոր կենդանի արարածներէն, որ ունի գիտակցութիւնը զանազանելու բարին ու չարը, արդարն ու անարդարը, ինչպէս նաեւ ուրիշ բարոյական յղացքներ, եւ ճիշդ այս տեսակի հասարակաց գիտակցութիւնն է որ ծնունդ կու տայ ընտանիքին ու քաղաքին։ Սակայն, ժամանակներու սկիզբէն ի վեր ոչ մէկ ժողովուրդ դադրած է իր դրացիին վրայ իշխելու ու ոչնչացնելու կամեցողութիւն սնուցանելէ։ Այս մէկը աւելորդ է յիշեցնել հայերուն, որոնք դար մըն է ահաւասիկ կը պայքարին որպէսզի փրկեն դէպքը մոռացումէն։ Մոռացումը աւելի վատ է քան մահը։ Յիշողութեան պարտականութիւնը կը հանդիսանայ մեր պատմութեան ու ապագայ ծաղկումին հիմքը։
     Եւ իսկապէս յիշողութեան պարտականութիւն մըն է որուն կը ձեռնարկէ Կարէն Պետրոսեան իր վերջին պաստառներով։ Հարցը կը վերաբերի ջնջումի մը։ Արուեստագէտը դիմած է կենդանական արքայութեան պատկանող կազմակերպուած համայնքի մը, ի մասնաւորի մեղուներուն, որպէսզի անոնք գան ու կամաց-կամաց ջնջեն իր պաստառները մինչեւ որ պատկերուած գործերը ամբողջովին անհետանան մեղրամոմի թաղանդի մը տակ։
     Արուեստագէտը նախ պատրաստած է 51սմ x 51սմ չափի փոքր պաստառներ՝ վառ գոյներ պարունակող, որոնք միաժամանակ կը յուշեն ծաղիկներ կամ մարդկային գանկեր, բոլորն ալ անհետացած։ Ապա ան զետեղած է պաստառները մեղուներու փեթակներու մէջ։ ժամանակի ընթացքին մեղուները կատարած են մնացեալը ու ծածկած զանոնք իրենց իւրայատուկ մեղրամոմի արուեստով։
     Կարէն Պետրոսեանի կիրարկած միջոցը կը յիշեցնէ աւստրիացի նշանաւոր արուեստագէտ Առնուլֆ Ռէյնըրը, իր կատարած բիրտ միջամտութիւն ներով դիակներ (Վենետիկի պիէնալէ 1980), մահուան դիմակներ կամ նոյնիսկ իր իսկ դէմքը պատկերող լուսանկարներու վրայ, Face-Farces կոչուող շարքին մէջ։ Երկու արուեստագէտները մեզի կը խօսին մահուան ու յիշողութեան մասին պատկերի ջնջումին ընդմէջէն։
     Միւս կողմէ՝ Կարէն Պետրոսեանի մօտ առկայ է քաղցր հեգնանք մը երբ պաստառները ծածկուած են իրենք իսկ բնաջնջման վտանգին տակ գնուող թռչող էակներու արտադրանքով։ Յիշենք որ վերջին տարիներուն անյայտ ճարակ մը պատճառ կը դառնար մեղուներու պարսերու մեծ թիւով կորուստին, իր կարգին վտանգելով տեսակաւոր բերքեր, բոլոր անոնք որոնք կախեալ են մեղուներու բեղմնաւորման աշխատանքէն։ Մեր բերքերը ուրեմն որոշ չափով հարկատու են մեղուներու աշխատանքին։ Բայց մենք ալ մասամբ պատասխանատու ենք անոնց ոչնչացման բնութեան հետ վարած մեր մահացու վերաբերմունքին պատճառով։
     Ճոնաթան Լիթէլ ճիշդ այս յարակարծիքը կը բացայայտէր իր The Kindly Ones կոչուող վէպին մէջ (2006)։ Անոր գլխաւոր հերոսը՝ Նացի զինուորական մը, կ՚ափսոսար աշխատանքի ճամբարներուն մէջ, բանտարկեալներուն բաժին ինկող սահմանափակ քանակութեամբ ուտելիքին վրայ որով զայն անբաւարար կը նկատէր անոնց վերապրումին համար։ Ասիկա իր կարգին պատճառ կ՚ըլլար արտադրողութեան նուազումի, որուն հետեւանքով կը տուժէր իրենց իսկ ռազմական մեքենան։ Ձեւով մը անոնց ցեղասպանութիւնը պիտի առաջնորդէր իր իսկ կողմին պարտութեան։ Կարէն Պետրոսեանի մեղրամոմով ծածկուած պաստառները կը միտին մեզի յիշեցնել թէ բոլորս կախեալ ենք մէկզմէկէ, եւ թէ՝ մէկուն անհետացումը չ՚առաջնորդեր միւսին յաղթանակին։ Ընդհակառակը։

ԷՐԻՔ ՏԵՒԼԻՆ

 

 

Ջնջում-17, Կարէն Պետրոսեան
Գոյութեան եւ անգոյութեան միջեւ-9, Կարէն Պետրոսեան
Ջնջում-1, Կարէն Պետրոսեան
Ջնջում-7, Կարէն Պետրոսեան
Ջնջում-2, Կարէն Պետրոսեան

ԾԵ. ՏԱՐԻ, 2016 ԹԻՒ 3

յաջորդ
Káukasos