«Բագին»ի Սեպտեմբեր 2016 թիւով կը ներկայացնենք գանատաբնակ նկարիչ-քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» ցուցահանդէսի գործերէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին առիթով գրուած գանատացի արուեստաբան էրիք Տեւլինի վերլուծումը։ Այս ուշագրաւ ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ 2015-ին, ապա՝ ցուցահանդէսը փոխադրուեցաւ... Կարդալ աւելին
Ծ­նած է 1932-ին, Պէյ­րութ, Լի­բա­նան:­

Ու­սում

1949-1952, Պէյ­րու­թի Գե­ղա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­մի­ա
1952-1958, Փա­րի­զի Ազ­գային բարձ­րա­գոյն ա­րո­ւեստ­նե­րու դպ­րոց, ո­ւր­կէ վկայո­ւած է
1952-1954, Հիւ­պէր Ե­ան­սե­սի հետ մարմ­նա­քան­դակ
1954-1956, Մար­սէյ Ժի­մո­նի հետ` դի­մա­քան­դակ
1956-1958, Ա­լֆ­րետ Ժա­նի­ոյի հետ բարձ­րա­քան- Կարդալ աւելին
Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Կարդալ աւելին