ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ԱՆԾԱՆՕԹ ԹԵՐԹ ՄԸ

     Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր «Շանթ»ը (առաջին շրջան՝ 1911-1915), իսկ Միքայէլ Շամտանճեան (1875-1926) երկրորդ կեանք կու տար «Ոստան»ին, զոր 1911-1912ին հրատարակած էր Մեծ Եղեռնի զոհերէն Տիգրան Չէօկիւրեանի (1884-1915) հետ։
     1918-1919ի երկրորդ շրջանին, «անփառունակ եղաւ մահը Պարսամեանի “Շանթ»”ին որ դադրեցաւ անաղմուկ կերպով», գրած էր Զմիւռնիոյ «Արեւելեան մամուլ»ի թղթակից մը այդ օրերուն։[1]«Պօլսահայ մամուլը», «Արեւ», 10 Սեպտեմբեր 1919։ Ամիսներ ետք, յօդուածագիր մը կը գրէր, թէ «միջակութեան մէջ … Continue reading «Շանթ»ը առաւելաբար հրատարակած է նահատակ մտաւորականներու մասին դիմանկարներ, անտիպներ, վերապրողներու յուշագրութիւններ, գրական նիւթեր ու տեղեկութիւններ։ Յատուկ շահեկանութիւն կը ներկայացնէ Նոյեմբեր 1918ին լոյս տեսած փոքրիկ տեղեկատուութիւն մը, որ վրիպած է հայ գրականութեան եւ լրագրութեան պատմաբաններու ուշադրութենէն.
     «Կը լսենք թէ Պուլկարիայի մէջ քանի մը հայ մտաւորականներու կողմէ Ապագայ անուն տասնըհինգօրեայ թերթ մը կը հրատարակուի, ձեռագիր. երկու օրինակ միայն տպուելով ձեռքէ ձեռք կը կարդացուի։
     Այդ հանդէսին կ՚աշխատակցին Արամ Չարըք, Յակոբ Քիւֆէճեան, Տիգրան Չիթունի, Յ. Տէվէճեան, եւ Քուրդեան անուն երիտասարդ նկարիչ մը կը պատկերազարդէ զայն»։[2]Շանթարգել, «Հայ Հորիզոնէն», «Շանթ», 30 Նոյեմբեր 1918, էջ 36։ Քուրդեանի ինքնութիւնը չենք կրցած ճշդել։ Արդեօք … Continue reading
     Լուրը չէ բացայայտած «Ապագայ»ի հրատարակութեան վայրը։ Այս տուեալը պարզուած է վեց ամիս ետք, երբ «Շանթ»ը Յովհաննէս Տէվէճեանէն եւ Վ. Արծրունիէն մէկական բանաստեղծութիւն արտատպած է՝ խմբագրական հետեւեալ նշումով.
     «Ֆիլիպէի մէջ ընդհանուր պատերազմի ընթացքին հրատարակուած է ԱՊԱԳԱՅ անունով ձեռագիր հանդէս մը։ Այս հանդէսէն կը քաղենք հետեւեալ երկու անտիպ քերթուածները։ Տէվէճեան ծանօթ է մեր ընթերցողներուն։ Լաւագոյն նորերէն է ան»։[3]Շանթ, Մայիս 24, 1919, էջ 345։
     Այս տողերը կը յուշեն, ի տարբերութիւն նախորդ լրատուութեան, որ «Ապագայ»ի հրատարակութիւնը դադրած էր պատերազմին վերջաւորութեան։ Միւս կողմէ, նոյնիսկ եթէ երկշաբաթաթերթը ձեռագիր էր՝ խիստ սահմանափակ հրատարակութեամբ, կարելի՞ է հոն լոյս տեսած քերթուածները ամբողջութեամբ «անտիպ» համարել։
     «Շանթ»ի առաջին լրատուութեան մէջ յիշուած առաջին չորս անունները Ֆիլիպէ (Փլովտիւ) ապաստանած էին տարբեր ժամանակներու։ Առաջինը բանաստեղծ Յովհաննէս Տէվէճեանն էր (հետագային՝ Արմէն Սեւան, 1892-1979)՝ Փետրուար 1915ին։[4]Արմէն Սեւան, Բանտարկեալի մը յիշատակները, Բ. հրատարակութիւն, Երեւան, 2010, էջ 12։ Բանասէր ու ազգագրագէտ Տիգրան Չիթունի (Չիթճեան, 1880-1961) «մեծ եղեռնի օրերուն կրցած էր ծպտուած Պուլկարիա անցնիլ»,[5]Վահէ-Հայկ, «Վերապրող», էջ 350։ աւելի ճիշդ՝ 1917ին, «գերման զինուորական տարազով ու գերման անցագրով իբր “Հօֆման”՝ արտաքուստ, իսկ քաղաքային հագուստով՝ ներքուստ, իբր Կարնեցի “Կարապետ Փանոսեան” յիսուն տարեկան»։[6]Չիթունի, «Ահաւոր քառամեակը», «Կոչնակ Հայաստանի», 13 Մարտ 1920, էջ 343։ Բանաստեղծ Արամ Չարըգ (Արամ Վտարանդի, Չարրգճեան, 1874-1947) նոյնպէս Պուլկարիա անցած էր գերմանացի զինուորի զգեստաւորումով։[7]Արմէն Սեւան, Երգեր բանտէն, Պուէնոս Այրէս, 1959, էջ 226։ Ա. Չարըգ Պոլիս վերադարձած է Յունուար 1919-ին (Շանթարգել, «Հայ … Continue reading
     Երկուքուկէս տարուան հետապնդումներէ ետք, 1917-ի Նոյեմբերին Յակոբ Օշական (տակաւին Քիւֆէճեան) կը ձերբակալուէր թուրք ոստիկանութեան կողմէ,[8]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ. հատոր, Անթիլիաս, 1980, էջ 290-291։ սակայն կ՚ազատէր անոր ճիրաններէն՝ Եղիշէ արք. Դուրեանի տրամադրած գումարով ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանի միջնորդութեամբ զինք վար դրած ոստիկանապետը կաշառելով։[9]Պ. Ս. [Պօղոս Սնապեան], «Յ. Օշական թուականներով եւ թիւերով», «Բագին», Յունուար Փետրուար 1984, էջ 12։ Այնուհետեւ, ան «Պուլկարիա ապաստանիլ կրցաւ առանձինն յանդուգն փախուստ մը յաջողցնելով»։[10]Վահէ-Հայկ, «Վերապրող», էջ 350։ Թէեւ Օշականը հետագային գրած է, որ այդ փախուստը իրագործած էր Մարտ 1918-ին, «երբ հագար ու մէկ տագնապներէ ետք, գերման սպայի տարազով կտրելով Թալաթի ոստիկանութեան ահաւոր ցանցը, Սիրքէճիէն թրէն նստայ ու… իջայ Պուլկարիա»[11]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, է. հատոր, Անթիլիաս, 1979, էջ 400։ թուականը պէտք է յուշավրէպ մը համարել։ Արդարեւ, աւելի տրամաբանական է, որ փախուստը տեղի ունեցած ըլլայ կաշառքէն անմիջապէս ետք։ Եւ իրօք, Օշական Պուլկարիա փախած է ուսուցիչ Յովհաննէս Պապիկեանի հետ՝ 1917-ի վերջաւորութեան, ինչպէս կը վկայէ այն իրողութիւնը, որ ան Ֆիլիպէէն 3 Յունուար 1918-ին նամակ գրած է զիրենք փախցնող Արաքսի Պապիկեանին։[12]Թուականին, նամակին ու կարգ մը մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս Արաքսի Պապիկեան-Անտիկեան, «Թէ ինչպէ՞ս Յ. … Continue reading
     Իր «Սիրոյ մեղեդիներ…» յուշագրութեան մէջ, որ գրուած է Դեկտեմբեր 1953-ին, երբ տակաւին Գարեգին Նժդեհի հետ կը ճաշակէր խորհրդային բանտը, Տէվէճեան վկայած է, որ Ֆիլիպէի համայնքը չէր կրցած օժանդակել փախստական մտաւորականներուն, ոչ ալ ազգային վարժարանը օգտուած էր անոնց ներկայութենէն, «ուստի ստիպուած եղան զբաղելու, իրենց բոլորովին անհամապատասխան աշխատանքներով, ի խնդիր աւուր հացի»։[13]Սեւան, Երգեր, էջ 226։ Սակայն, ըստ Պօղոս Սնապեանի, Օշական մերժած է եկեղեցւոյ նպաստը եւ սեւ գործ ըրած է աղիւսի գործարանի մը մէջ։[14]Պ. Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 13։
     Տէվէճեան որեւէ տեղեկութիւն չէ տուած «Ապագայ»ի մասին, որուն կը թուի հեռակայ աշխատակցութիւն բերած ըլլալ։ Արդարեւ, պուլկարաբնակ բազմաթիւ ոչ քաղաքացի հայերու պէս, ան եւս կանչուած էր ծառայելու զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին՝ Պուլկարիոյ կողմէ պատերազմ մուտքէն մինչեւ անոր պարտութիւնը երկարող ժամանակամիջոցին (1915-ի աշունէն մինչեւ 1918-ի աշունը)։[15]Սեւան, Երգեր, էջ 207-225։
     Բացառուած չէ, որ Զինադադարի պոլսահայ մամուլին մէջ թէ այլուր ուրիշ տուեալներ գտնուին, որոնք ամբողջացնեն «Շանթ»ի ժլատ տեղեկութիւնները։ Արդարեւ, «Ապագայ»ի անունը չկայ հայ մամուլի մատենագիտութեան մէջ։[16]Տես Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու, Վիեննա, 1924. Գարեգին Լեւոնեան, Հայոց … Continue reading Ամենայն հաւանականութեամբ, անոր թիւերն ալ մամուլի հաւաքածոներէն ֆիզիքապէս բացակայ են, բացի եթէ օրինակ մը հրաշքով հանգրուանած ըլլայ ուսումնասիրողներու ուշադրութենէն վրիպած գրադարանի մը կամ արխիւի մը մէջ։

 

ՕՇԱԿԱՆԻ ԳՐՉԱՆՈՒՆԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

     Տէվէճեանի յուշագրութիւնը, միւս կողմէ, հաւաստի վկայութիւն մը կը հայթայթէ Օշականի գրչանունին մասին։ Միաժամանակ, այս վկայութիւնը կը հերքէ այն կարծիքը, թէ «Յակոբ Օշական» ստորագրութիւնը առաջին անգամ երեւցած է Յունուար 1920-ին «Ոստան»ի մէջ։[17]Պ.Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 13. Մարկ Նշանեան, Յակոբ Օշականի մատենագիտութիւն, Լոս Անճելրս, 1999, էջ 49։ Այս կարծիքը … Continue reading
     Պատերազմի աւարտին, Տէվէճեան Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պուլկարիոյ Կեդր. Կոմիտէի հրահանգով Սոֆիա փոխադրուած ու ստանձնած է «Հայաստան» թերթին խմբագրութիւնը մինչեւ Օգոստոս 1919, երբ Երեւան մեկնած է։[18]Սեւան, Երգեր, էջ 225, 229։ 1915-ին հրատարակուած ու դադրած «Հայաստան»ը վերստին լոյս տեսած է 1919-1920-ին Սոֆիայի, եւ 1920-1925-ին՝ Ֆիլիպէի մէջ։[19]Պետրոսեան, Հայ պարբերական, էջ 280. Բաբլոյեան, Հայ պարբերական, էջ 105։ Մամուլի այլ մատենագէտներ Սոֆիայի շրջանը … Continue reading
     1919-ի գարնան սկիզբը, ան փողոցը պատահաբար հանդիպած է Յակոբ Քիւֆէճեանին, որ նոր եկած էր Սոֆիա՝ Պոլիս վերադարձի վիզա առնելու, եւ զինք իր սենեակը հիւրընկալած է։ Ան իր հիւրին առաջարկած է յօդուած մը գրել «ճակատամարտ»ի համար.
     «Այդ իրիկունն իսկ կը պատրաստէ յօդուած մը՝ նուիրուած Արտաշէս Յարութիւնեանի եւ Գեղամ Բարսեղեանի յիշատակին։ Երբ կը պատրաստուի ստորագրել՝ կը բռնեմ ձեռքը առաջարկելով փոխել Քիւֆէճեան անունը, փոխարինելով զայն հայեցի գրական անունով մը։
     Կը նայի դէմքիս, աչքերը լայն բացած, յարելով.
     – Իրա՞ւ կ՚ըսես, որ այդպէս է՝ անո՛ւն մը տուր նայինք»։
     Տէվէճեանը, որ «Օշական» անունը հաշուի առած էր, ի շարս այլոց, գրական անունի փնտռտուքին մէջ, զայն առաջարկած է Յ. Քիւֆէճեանին, որ անմիջապէս ընդառաջած է, եւ «յիշեալ յօդուածը, քանի մը օր յետոյ, լոյս տեսաւ “ճակատամարտ”ի առաջին սիւնակներուն վրայ»։[20]Սեւան, Երգեր, էջ 226-227։
     Յիշողութիւնը յուշագրողին դաւաճանած է 35 տարի ետք. արդարեւ, հանդիպումը պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ գարնան վերջաւորութեան, քանի որ յօդուածը լոյս տեսած է Յունիս 1919-ի կէսերուն «ճակատամարտ»ի առաջին էջին վրայ, «Յակոբ Օշական (Յ. Քիւֆէճեան» ստորագրութեամբ, իսկ անոր բովանդակութիւնը միայն Արտաշէս Յարութիւնեանին նուիրուած էր։ Գրութիւնը ցարդ վրիպած է ուսումնասիրողներու աչքէն։ Ան կը պարունակէ հետեւեալ կարեւոր խոստովանութիւնը.
     «Հինգ տարի կայ, առաջին փորձն է որ կ՚ընեմ գրիչիս տէր դառնալու ու ցաւով կը զգամ թէ ծանրացած է ան մատներուս մէջ ու անընդունակ իմ կսկիծս պատմելու քեգի»։[21]Յակոբ Օշական (Յ. Քիւֆէճեան), «Արտաշէս Յարութիւնեան (նիշեր)», «ճակատամարտ», 15 Յունիս 1919։
     Ըստ այնմ, Օշական ոչինչ արտադրած էր «Մեհեան»ի դադարումէն ետք (Յունիս 1914)։ Սակայն, «Ապագայ»ի աշխատակցութեան հարցը կայ, որուն բնոյթը անծանօթ է, անշուշտ։ Տրամաբանական է, որ ձեռագիր հանդէսին խիստ սահմանափակ շրջանառութեան հետեւանքով, անոր նիւթերը հետագային վերատպուած ըլլան այլուր։ Իբրեւ թէ «զինք հետապնդող թուրք ոստիկանութեան ամենէն կատաղի շրջանին, ձեղնայարկի մը մէջ գրուած»[22]Պ. Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 11։ Այս նիւթին մասին, տե՛ս Նշանեան, Յակոբ Օշականի, էջ 50-51։ «Մահուան ծաղիկներ»ը ամբողջութեամբ տպուած է «Ոստան»ի մէջ 1920-ին ու 1922-ին՝ հատորի անցնելէ առաջ։[23]Յակոբ Օշական, «Մահուան ծաղիկներ», Ոստան, 19-20 (1 Սեպտեմբեր 1920), էջ 804-811 եւ 21-24 (16 Յունուար 1922), էջ 886-911։ Տես նոյն, … Continue reading Արդեօք կարելի՞ է ենթադրել, որ հատուած մը նախօրօք լոյս տեսած ըլլայ «Ապագայ»ի մէջ։

 

ԱՀԱՐՈՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

     «Շանթ»ի երկրորդ նորայայտ նիւթը «Մեհեան»ի խմբագրութեան կրտսեր անդամին՝ Ահարոնի (Տատուրեան, 1886-1965) քաղուածաբար հրատարակուած նամակն է։ Ան իր աքսորավայրէն՝ էրէյլի (Գոնիա), Փետրուար 3, 1919ին գրած է «իր սիրելի բարեկամին», որուն ինքնութիւնը «Շանթ»ը չէ բացայայտած։
     Նամակը կ՚անդրադառնայ Ահարոնի քերթուածներուն «տրտում ճակատագրին» եւ կ՚ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի մեռելներն ու վերապրողները։ Անկէ կը հասկցուի, որ բանաստեղծը իր ձեռագիրները յանձնած էր հասցէատիրոջ, որ զանոնք պիտի փոխանցէր Պուլկարիա մեկնող իր քոյրերուն։ Թէեւ «Յակոբ» անունը եւ «մեհենապահի հանգամանք »ը սկզբնապէս մեգի ենթադրել տուած էին, որ հասցէատէրը Յ. Օշականն էր, սակայն կարգ մը նշումներ անկարելի կը դարձնեն ասիկա։ Նախ՝ Օշական քոյր չունէր, ապա՝ նամակը ուղղուած է Պոլիս ապրողի մը.

     «Սիրելի Յակոբ,
     Յունվար 1-ի քարթդ ստացած եմ. ես կը կարծեմ որ արդէն շա՜տ ուշ մնացած էիր՝ յայտնելու համար ինծի քերթուածներուս ճակատագրին ելեւէջներր… երբ ես մա՛նաւանդ կը կարծէի որ անոնք ուրիշ աւելի խաղաղ երկնքի մը տակ կը ննջէին՝ իրենց Յարութեան Երազին լուսեղէն պատանքին մէջ … այսինքն՝ անոնք յանձնուած էին ազնիւ քոյրերուդ, Վեստեան Վառարանի մը պէս հսկելու համար անոնց վրայ։ Ի հարկէ քիչ ատենէն կը տեսնուինք, եւ միասին կը հանենք այդ նուիրական մեռեալները իրենց դամբարանէն … ։ Առաջին անգամ քու մեհենապահի հանգամանքովդ՝ քեզի՛ միայն կրնամ մտերմօրէն խօսիլ, եւ քու ուշադրութիւնդ լարել պրկել դէպի հոգիի եւ սրտի նուիրականութիւն մը։ Եւ դարձեալ, կ՚ըսեմ որ եթէ աճապարած ըլլայիր Վերջին Դատաստանի նախօրեակին՝ յանձնել քոյրերուդ, երբ անոնք Պուլկարիա կը մեկնէին, ինծի մատուցած պիտի ըլլայիր եղբայրական անհաւասարելի եւ անփոխարինելի անձնուիրութիւն մը։
     … Պիտի գամ, սիրելիս, եւ ամէնքս, թէպէտ խո՜ց եւ վիրաւոր, պիտի բոլորուինք նորահրաշ եւ վերկենցաղ Բագինին շուրջ…։ Հիմա, Դանիէլին եւ Սիամանթօին եւ Գեղամին, Զարդարեանին եւ միւս Տիտաններուն Սուգը կը խորաչափեմ, խորունկ անէացման եւ ընծայման մը մէջ։ Լո՜ւռ կը պապանձիմ այդ Տեսիլքին մէջ…։ Բան մը չեմ գրեր, բան մը չեմ խօսիր…։ Պիտի գամ, եւ յետոյ պիտի սկսիմ…։ Հիմա, հոգեհանգիստի եւ աղօթքի պահն է…։ Խոնարհինք եւ ծնրամած աղօթե՜նք, սիրելիս…։ Եւ մինչեւ այդ օրը աստուածները պիտի պահպանեն մեզ։ Առ վաղի՜ւ…։
     Ջերմօրէն բարեւէ, իմ կողմէ, զմայլելի Շաւարշը, Լեւոնը եւ միւս մերինները։ Կը տեսնե՞ս Թաթուլը, քանիօ՜ն կարօտցայ այս տղաքը եւ իրենց ստուե՜րն անգամ. համբուրէ Վահրամը եւ ըսէ որ Հայաստանի քերթողական արձանը պիտի մարմարակերտենք»։[24]Նամակներ, Շանթ, 22 Մարտ 1919, էջ 233։ Դանիէլն ու Գեղամը՝ Դ. Վարուժանն ու Գ. Բարսեղեանն են, Շաւարշը՝ Շ. Միսաքեանն է, … Continue reading
     Կը պարզուի, որ նամակը գրուած էր նոյնպէս Եղեռնէն վերապրող պոլսահայ գրավաճառ ու հրատարակիչ Յակոբ Սարգիսեանին։ Ըստ երեւոյթին, Սարգիսեան հրատարակութեան յանձնած է նամակին կրճատուած ընդօրինակութիւն մը, զայն մերկացնելով «իր լաւագոյն մասերէն»։[25]Շանթարգել, «Հայ հորիզոնէն», «Շանթ», 31 Մայիս 1919, էջ 364։
     Հասցէատիրոջ նոյնացումը կարելի դարձած է շնորհիւ «Հայկաշէն» տարեգիրքի առաջին եւ միակ հատորին, զոր Յ. Սարգիսեան հրատարակած է 1922-ին։ Հոն լոյս տեսած են անոր յուշերը Արտաշէս Յարութիւնեանի մասին, ուր կը կարդանք հետեւեալը.
     «1915-ի Յուլիսի վերջին շաբաթն է. թուրք մաքսային պաշտօնեայ մը մինչեւ գործատեղիս կու գայ եւ ինծի կը յանձնէ ծրար մը ձեռագիր՝ խնամքով փաթթուած։ Անզուսպ հետաքրքրութիւնով մը կը բանամ զայն, որուն մէջէն կը գտնեմ հետեւեալ նամակը՝ զոր կը կարդամ հեկեկանքով.

     “Սիրելի Յակոբ,
     Ահարոնին “Քերթուածներ” ը ահա՛ քեզի կը ղրկեմ. պահէ՛ կեանքիդ պէս։
     Մենք ալ, կ՚ըսեն թէ՝ պիտի երթանք, չենք գիտեր ո՛ւր։ – Մնա՛ս բարով, Յակոբ, մնա՛ք բարով։ Ցաւիս տակ ցնորած եմ։ Մայր մը ունիմ, քոյրս եւ իր երկու պզտիկները կան. երկու եղբայրներս (*) անդին լքուած. վա՛խ, անօթի պիտի մեռնինք։ Աստուա՛ծ իմ։

23 Յուլիս 1915
                           Ողջագուրելով զքեզ
Եշ. Իգմիտ
                                           ԳՐԻԳՈՐ”»։

     Սարգիսեանի ծանօթագրութիւնը՝ երկու եղբայրներուն ինքնութեան մասին, վկայած է. «Մէկը՝ ծովային զինուոր, իսկ միւսը՝ մեր աշխատակից Ահարոն, որ այն ատեն Նիկիա աքսորուած եւ յետոյ ընդհ. տեղահանութեան միջոցին ղրկուած է Գոնիա»։[26]Յակոբ Սարգիսեան, «Արտաշէս Յարութիւնեան (յիշատակներ)», Հայկաշէն տարեգիրք, հատոր Ա., 1922, էջ 266-267։ Գրիգոր … Continue reading
     Շատ բան յայտնի չէ Ահարոնի՝ «հայ Եղեռնի շրջանին անլուր տառապանքներու»ն[27]Շանթարգել, «Հայ հորիզոնէն», Շանթ, 15 Մարտ 1919, էջ 228։ մասին։ Անոր նամակէն քսան օր ետք գրուած նամակ մը կը հաղորդէր, որ ան կը պատրաստուէր վերադառնալ Պոլիս ու հրատարակութեան յանձնել բանաստեղծութիւններու գրքոյկ մը, «որ պիտի պարունակէ մեծ եղեռնին շուրջ գրուած 80 կտորներ»։[28]«Պոլսէն լուրեր», «Հայրենիք», 9 Ապրիլ 1919։ Կ’ենթադրենք, որ այս նամակը գրուած է Յակոբ Սարգիսեանի կողմէ, քանի … Continue reading Յ. Սարգիսեանին ուղղուած իր նամակին վերջաւորութեան, վերապրող բանաստեղծը կը թուէր արտայայտել լաւատեսութիւնը՝ թրքական Եղեռնի պատճառած նորոգ աղէտէն ետք, կործանածը վերստին կեանքի կոչելու։
Բայց, ինչպէս գիտենք, իր առաջին գիրքը՝ «Մագաղաթներ», լոյս պիտի տեսնէր 1938-ին միայն…։

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 3

References
1 «Պօլսահայ մամուլը», «Արեւ», 10 Սեպտեմբեր 1919։ Ամիսներ ետք, յօդուածագիր մը կը գրէր, թէ «միջակութեան մէջ դադրեցաւ՝ 35 թիւ լոյս ընծայելէ ետք» (Վահէ-Հայկ, «Վերապրող հայ մտաւորականութիւնը մեծ սարսափներէն ետք», «Կոչնակ Հայաստանի», 13 Մարտ 1920, էջ 349)։ Իրականութեան մէջ, «Շանթ»ը դադրած է 38 թիւերէ ետք՝ 18 Յուլիս 1919-ին։
2 Շանթարգել, «Հայ Հորիզոնէն», «Շանթ», 30 Նոյեմբեր 1918, էջ 36։ Քուրդեանի ինքնութիւնը չենք կրցած ճշդել։ Արդեօք կարելի՞ է զինք նոյնացնել Պուլկարիոյ Սիլիստրէ քաղաքը ծնած ամերիկահայ ապագայ բանասէր ու արուեստաբան Յարութիւն Քիւրտեանի հետ (1901-1976)։ Քիւրտեան Մայիս 1919-ին Պոլիս էր (Յ. Քիւրտեան, «Ազդարար», «Շանթ», 24 Մայիս 1919, էջ 346-347), իսկ 1920-ին՝ Նոր Եորք (Յարութիւն Քիւրտեան, «Զիրար խաչաձեւող երեք հանգանակութիւն ամերիկահայոց մէջ», «ժողովուրդի Ձայնը», 22 Մայիս/4 Յունիս 1920)։
3 Շանթ, Մայիս 24, 1919, էջ 345։
4 Արմէն Սեւան, Բանտարկեալի մը յիշատակները, Բ. հրատարակութիւն, Երեւան, 2010, էջ 12։
5, 10 Վահէ-Հայկ, «Վերապրող», էջ 350։
6 Չիթունի, «Ահաւոր քառամեակը», «Կոչնակ Հայաստանի», 13 Մարտ 1920, էջ 343։
7 Արմէն Սեւան, Երգեր բանտէն, Պուէնոս Այրէս, 1959, էջ 226։ Ա. Չարըգ Պոլիս վերադարձած է Յունուար 1919-ին (Շանթարգել, «Հայ հորիզոնէն», «Շանթ», 25 Յունուար 1919, էջ 143)։
8 Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ. հատոր, Անթիլիաս, 1980, էջ 290-291։
9 Պ. Ս. [Պօղոս Սնապեան], «Յ. Օշական թուականներով եւ թիւերով», «Բագին», Յունուար Փետրուար 1984, էջ 12։
11 Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, է. հատոր, Անթիլիաս, 1979, էջ 400։
12 Թուականին, նամակին ու կարգ մը մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս Արաքսի Պապիկեան-Անտիկեան, «Թէ ինչպէ՞ս Յ. Օշական եւ Յովհ. Պապիկեան ազատեցան Պոլսէն», «Նայիրի», 12 Մայիս 1974, էջ 12-13։
13 Սեւան, Երգեր, էջ 226։
14 Պ. Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 13։
15 Սեւան, Երգեր, էջ 207-225։
16 Տես Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու, Վիեննա, 1924. Գարեգին Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը Երեւան, 1934. Յովհաննէս Պետրոսեան, Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա, հատոր 2, Երեւան, 1957. Ամալիա Կիրակոսեան, Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, Երեւան, 1970. Մանուէլ Բաբլոյեան, Հայ պարբերական մամուլը. մատենագիտական համահաւաք ցուցակ 1794-1980, Երեւան, 1986։
17 Պ.Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 13. Մարկ Նշանեան, Յակոբ Օշականի մատենագիտութիւն, Լոս Անճելրս, 1999, էջ 49։ Այս կարծիքը ինքնին կը հակասէ այն իրողութեան, որ Յակոբ Օշական ստորագրութեամբ նիւթեր լոյս տեսած էին աւելի առաջ՝ «ճակատամարտ»ի 1 եւ 2 Յունուար 1920-ի թիւերուն մէջ (անդ, էջ 52)։ Բացառուած չէ, որ Օշական «ճակատամարտ»ի աշխատակցած րլլայ 1919-ի երկրորդ կէսին, որուն հաւաքածոն կը պակսի Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ։
18 Սեւան, Երգեր, էջ 225, 229։
19 Պետրոսեան, Հայ պարբերական, էջ 280. Բաբլոյեան, Հայ պարբերական, էջ 105։ Մամուլի այլ մատենագէտներ Սոֆիայի շրջանը 1915-1920 թուագրած են (տե՛ս Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ, էջ 40. Լեւոնեան, Հայոց պարբերական, էջ 82. Կիրակոսեան, Հայ պարբերական, էջ 117. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 100-ամեայ մամուլը 1890-1990, Պէյրութ, 1990, էջ 60)։
20 Սեւան, Երգեր, էջ 226-227։
21 Յակոբ Օշական (Յ. Քիւֆէճեան), «Արտաշէս Յարութիւնեան (նիշեր)», «ճակատամարտ», 15 Յունիս 1919։
22 Պ. Ս., «Յակոբ Օշական», էջ 11։ Այս նիւթին մասին, տե՛ս Նշանեան, Յակոբ Օշականի, էջ 50-51։
23 Յակոբ Օշական, «Մահուան ծաղիկներ», Ոստան, 19-20 (1 Սեպտեմբեր 1920), էջ 804-811 եւ 21-24 (16 Յունուար 1922), էջ 886-911։ Տես նոյն, Խորհուրդներու մեհեանը, Կ. Պոլիս, 1922, էջ 92-128։
24 Նամակներ, Շանթ, 22 Մարտ 1919, էջ 233։ Դանիէլն ու Գեղամը՝ Դ. Վարուժանն ու Գ. Բարսեղեանն են, Շաւարշը՝ Շ. Միսաքեանն է, Լեւոնը՝ բանաստեղծ Լ. էսաճանեանր (1890-1935), իսկ Թաթուլը՝ բանաստեղծ Վահրամ Թաթուլը (Գարագաշեան, 1887-1943)։
25 Շանթարգել, «Հայ հորիզոնէն», «Շանթ», 31 Մայիս 1919, էջ 364։
26 Յակոբ Սարգիսեան, «Արտաշէս Յարութիւնեան (յիշատակներ)», Հայկաշէն տարեգիրք, հատոր Ա., 1922, էջ 266-267։ Գրիգոր Տատուրեան՝ Ահարոնի եղբայրը, վերապրած է Եղեռնին եւ անոր մահուան օրերուն Լոնտոն կ՚ապրէր (տե՛ս «Մահ Ահարոն Տատուրեանի», «Բագին», 3, 1965, էջ 77
27 Շանթարգել, «Հայ հորիզոնէն», Շանթ, 15 Մարտ 1919, էջ 228։
28 «Պոլսէն լուրեր», «Հայրենիք», 9 Ապրիլ 1919։ Կ’ենթադրենք, որ այս նամակը գրուած է Յակոբ Սարգիսեանի կողմէ, քանի որ կը յիշէ անոր նորահաստատ «Կիլիկիա» գրատունը, ինչպէս եւ ծրագրերը՝ «Ատանայի եղեռնը» անունով հատոր մը տպելու (Յակոբ Պապիկեանի տեղեկագրին հայերէն թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած է նոյն տարին) եւ Երուանդ Օտեանի խմբագրութեամբ «Մանանա» թերթը հրատարակելու (այս թերթը լոյս տեսած էր 1913-ին, իսկ 1919-ին Օտեան խմբագրած է «Իգնատ Աղա» եւ «Շաւիղ» երգիծաթերթերը, որոնք 1920-ին միացած են)։
նախորդ
VACUUM