* * *
աշնանային ծառին
վերջին տերեւին նման
կառչած ճիւղին
կ’երերաս աջ ու ձախ
չես ուզեր քակուիլ
մինչեւ վստահ ըլլաս
թէ պիտի չհասնի
հարուածը կացինին
հաստ բունին
ամուր կառչած
ծառիդ ճիւղին
կ’երերաս աջ ու ձախ
ու կը տոկաս
մինչեւ ընձիւղի
ծառդ վաղեմի
* * *
երբ անցեալդ
առաջ անցած
դիմացդ է կանգնած
այն ժամանակ
համր ու մանր քայլերով
կը նահանջես
դէպի ապագան
* * *
ու կը փախչիս
աղմուկէն
հասնելու հոն
անհասանելիին
ու կը բախիս
լռութեան
ապա կը վերադառնաս
ոչ որպէս արձագանգ
այլ նոր ձայն
* * *
առուակին վրայ
կամուրջ մը
որ կը միացնէ
մէկը միւսին
առուակին վրայ
կամուրջ մը
որ կը հեռացնէ
մէկը միւսէն
իսկ դուն
ջինջ առուակը
կամուրջին տակի
որ կը բխի
բարձունքներէն
գլգլալով
կը հոսի
թէ՛ կը հեռանայ
թէ՛ կը մնայ
* * *
բաղձալ
ըղձալ
եւ վերջապէս
չըլլալ
բաղձալ
ըղձալ
եւ վերջապէս
ինչու չէ
ըլլալ
* * *
ձեռք ձեռքի
շղթայուած
կը գլորինք
բարձունքներէն
դուն եւ ես
մինչ հոն
անդունդին մէջ
անհամբեր կը սպասէ
ան՝
արքայազունը անիծուած
* * *
մի՛ գանգատիր
երբ մէկ կողմդ ցաւի
քանի շատ շուտով
միւս կողմդ ալ պիտի ցաւի
իսկ երբ շատ շուտով
միւս կողմդ ալ ցաւի
նախկին ցաւդ
պիտի դառնայ տանելի
ահաւասիկ
հին ու նոր ցաւերդ գրկած
պատմութեան էջերուն վրայ
կանգնած ես շուարած
ո՞ր մէկն է տանելին
հի՞նը թէ նորը
ո՞ր մէկն է անտանելին
նո՞րը թէ գալիքը
* * *
սկիզբէն էր
ցաւը
մի՛ լար
ըսին
վաղը մեծնաս
ցաւդ կը մոռնաս
դուն մեծցար
ցաւդ ալ մեծցաւ
մի՛ լար
ըսին
վաղը ծերանաս
ցաւդ կը մոռնաս
դուն ծերացար
իսկ ցաւդ
մի՛շտ
երիտասարդ մնաց
վստա՛հ եղիր
ըսին
վաղը հոգիդ աւանդէ
հոն
ցաւ ըսուածը
գոյութիւն չունի
վերջապէս
թեւեր առիր
թռար գացիր
ցաւիդ հետ միասին
հո՛ն
ուր ցաւ ըսուածը
գոյութիւն չունէր
* * *
մասունքը
մանրուքը
եւ
մնացուքը
անահիտ
քսան քսանմէկ
Կ. Տարի, թիւ 1