Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, Պէյրութ, 2020ին լոյս տեսաւ Սուրէն Չէքիճեանի Անաւարտ դիմանկար վէպը, մեկենասութեամբ՝ Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի հրատարակչական ֆոնտին։ Անաւարտ դիմանկարը Սուրէն Չէքիճեանի երեք անտիպ վէպերէն մէկն է։ Վէպին մէջ ներկայացուած են Լիբանանի հայութեան գաղթը դէպի Գանատա, հայութեան համակերպումը գանատա կան միջավայրին, ինչպէս նաեւ հայկական եւ գանատական արժէքներու, բարքերու եւ մտածելակերպերու միջեւ բախումը։