Վահրամ Փափազեան, Օթելլոյի դերին մէջ, 1913, Իզմիր։
Վահրամ Փափազեան, Օթելլոյի դերին մէջ, 1913, Իզմիր։

ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ՝ ՄՈՒՀՍԻՆ ԷՐԹՈՒՂՐՈՒԼԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

1

  964 թուականին Վահրամ Փափազեան (Պոլիս, 1888-1968, Երեւան) Երեւանէն երկտող մը կը յղէ Մուհսին էրթուղրուլին (Պոլիս, 1892-1979, Իզմիր)։ Յայտնի չէ, արդեօք հասցէատիրոջ ձեռքն անցա՞ւ ֆրանսերէնով գրուած այդ նամակը, ուր դերասանապետը փափաք կը յայտնէր անգամ մը եւս բեմ բարձրանալ Պոլսոյ կամ Անգարայի մէջ՝ թրքերէնով կամ որեւէ այլ լեզուով կատարելու էրթուղրուլին որոշելիք դերը[1]Բախչինեան Արծուի, Her zaman kardesin ve dostun [Միշտ եղբայրդ ու բարեկամդ], «Ակօս», 21 Մայիս 1999, էջ 8։։
   Մուհսին էրթուղրուլ կամ էրթուղրուլ Մուհսին պէյ կը համարուի թրքական ազգային թատրոնին հիմնադիրը։ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակին, երբ բովանդակ երկիրը խանդավառութեամբ կ՚ողջունէր համիտեան բռնակալութեան անկումն ու սահմանադրութեան արշալոյսը, պատանի էրթուղրուլ եւս ազատութեան պտուղները վայելող հայկական թատերախումբերուն կամ հայ դերասաններուն հովանիին տակ հասակ կ՚առնէր հետզհետէ։
    Այդ դերասաններէն մէկն ալ Վահրամ Փափազեանն էր, որ երկար տարիներ Եւրոպայի մէջ ուսում առնելէ ու շրջելէ ետք, Սահմանադրութեան նախօրէին վերադարձած էր Պոլիս ու խանդավառութեամբ մասնակից դարձած վերաշխուժացող թատերական կեանքին։
    Փափազեան Մուհսինը կը յիշատակէ Զինադադարի տարիներուն Պոլիս կատարած իր այցելութեան մասին խօսելու ատեն։ «
Յետադարձ հայեացք»ին մէջ ան Մուհսինը կը յիշէ որպէս «վաղուց ծանօթ եւ արուեստի հարցերով տարուած մի թուրք երիտասարդ»։ «Թուրք հօրից եւ գերմանուհի մօրից էր ծնուել էրթուղրուլ Մուհսինը։ Ինձ տարեկից էր[2]Փափազեան կը սխալի։ Մուհսին էրթուղրուլ ծնած էր 1892-ին, մինչ ինքը՝ 1888-ին։ եւ 1918 թուականից մեր կուլիսների մշտական հիւրն էր։ Շատ զարգացած եւ շնորհիւ իր մօր ջանքերին՝ եւրոպական դաստիարակութեամբ օժտուած շատ համակրելի մի տղայ էր Մուհսինը։ Յաճախ էի եղել նրա տանը», կը գրէ Փափազեան՝ յայտնելով, թէ երկար տարիներէ ի վեր տեսած չէր զինքը, «որովհետեւ ուսանող էր եղել Գերմանիայում, հետեւել արուեստին եւ, Ռէյնհարդի նորագոյն գաղափարներով սնուած՝ վերադարձել էր Պոլիս։ Երազում էր իր երկիրը օժտել մի ազգային ժողովրդական թատրոնով»։
    Մուհսին էրթուղրուլին յուշերը, որոնց առաջին
տպագրութիւնը կատարուած է Յուլիս 1989-ին, Պոլիս, Ինձմէ ետք ջրհեղեղ թող չըլլայ (Benden Sonra Tufan Olmasin) խորագրով, կարեւոր վկայութիւններ կը պարունակեն Վահրամ Փափազեանի մասին ու կրնան որոշ մանրամասնութիւններ աւելցնել դերասանապետի կենսագրական տուեալներուն վրայ։
    «Վահրամ Փափազեան
եւս Նոր թատերախումբին մէջ» հատուածին մէջ էրթուղրուլ տեղեկութիւններ կու տայ Փափազեանի մասին՝ նշելով, թէ ան ընտանիքին կողմէ ուղարկուած էր Վատիկան՝ հոգեւորական դառնալու նպատակով։ «Սակայն թատրոնի հանդէպ սէրը գերիշխած էր ու Փափազեան, հրաժարելով հոգեւորական դառնալու գաղափարէն, Իտալիոյ մէջ աշակերտած էր մեծ վարպետ էրմեթէ Նովելլիին …»[3]Ermete Novelli, 5 Սարա 1851-30 Յունուար 1919, իտալացի դերասան ու թատերագիր։ 1884-էն սկսեալ մինչեւ իր մահը ունեցած է իր … Continue reading։
   
Մուհսին էրթուղրուլ յայտնապէս կը սխալի այստեղ. Փափազեան իր կրթութիւնը ստացած էր Վենետիկի մէջ, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի երդիքին տակ եւ ապա, Մխիթարեան վարդապետներուն թելադրանքով ու իրենց իսկ մշակած յատուկ ծրագրով, Միլանի գեղարուեստից ակադեմիոյ մէջ (մինչեւ Սեպտեմբեր 1906)։ Կաթողիկէ հոգեւորական դառնալու նպատակ ունեցած չէր բնաւ։ Նոյնիսկ իր յուշերուն մէջ տեղ մը կը գրէ, որ ծնողքը կ՚ուզէր զինք տեսնել որպէս վաճառական կամ բժիշկ։
   
Միլանի գեղարուեստից ակադեմիոյ երկրորդ տարին Փափազեան կ’աշակերտի էրմեթէ Նովելլիին՝ մաս կազմելով վերջինիս թատերախումբին։ «Նովելլին, իր հսկայ անհատականութեամբ, դարավերջի եւ դարասկզբի սահմաններին կանգնած, նորագոյն արուեստի ամենամեծ ներկայացուցիչն էր», ըստ իրեն։ Նշենք Նովելլիի ազդեցութեան հզօրութիւնը Փափազեանին վրայ ու անցնինք։

Մուհսին էրթուղրուլ՝ երիտասարդութեան տարիներուն
Մուհսին էրթուղրուլ՝ երիտասարդութեան տարիներուն


    Վահրամ Փափազեան Պոլիս կը վերադառնայ Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին ու կը դառնայ ականատեսը անոր հռչակման, երբ
վերստին կ՚արտօնուին հայերէն ներկայացումները։ Այդ օրերուն ալ «ծերունի թատերագիր եւ վաղուց հրապարակից քաշուած» Սետեֆճեանի[4]Հաւանաբար կ՛ակնարկէ յուշարար, նաեւ քանի մը ողբերգութիւններու հեղինակ Ռոմանոս Սետեֆճեանին։ առաջարկով կը նախաձեռնեն Օթելլօի բեմադրութեան, քանի որ Ապտիւլ Համիտի գահակալութեան սկիզբին, հայերէն վերջին ներկայացումը եղած էր Շէքսփիրի այդ գլուխ-գործոցը՝ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի (1843-1901) դերակատարմամբ։ «Օտէոն» թատերասրահին մէջ[5]Առաջին անգամ հիմնադրուած է 1875-ին։ Վերստին կառուցուած է 1904-ին, Պաարոկլոս Կամպանակիսի ճարտարապետութեամբ, … Continue readingկայացած ներկայացումը մեծ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ։ Մամուլը դրուատիքով կ՚արտայայտուի ներկայացման եւ բեմադրիչ ու գլխաւոր դերակատար Վահրամ Փափազեանի մասին։
     էրթուղրուլի յուշագրութեան մէջ եւս լսելի են այդ յաջողութեան արձագանգները։ «Փափազեան անմիջապէս մեծ յաջողութեան տիրացած էր Պոլսոյ մէջ՝ Օթե
լլօ եւ Քորատօ (որ «Լa Morte Civile»ի թարգմանութիւնն էր) ներկայացումներով, զոր բեմադրած էր սիրողական խումբերու հետ», կը գրէ ան։
    էրթուղրուլ ապա կը գրէ Փափազեանի ու «Օ
տէոն»ի թատերախումբի վարիչ Ռեշատ Ռըտվան պէյի[6]Օսմանեան ազգային թատրոնի, Օսմանեան տրամաթիք թատերախումբի հիմնադիր։ Մահացած է 1919-ին, Պոլիս։ Որդին էր Պոլսոյ … Continue reading միջեւ կնքուած համաձայնութեան մը մասին, ըստ որուն, հայ դերասանը մաս պիտի կազմէր յիշեալ թատերախումբին։

    Փափազեանի յուշագրութիւնը աւելին կ՚ըսէ այս մասին։ 1910-ի աշնան, հարաւային Եւրոպայի ու Միջերկրականի ափերը այցելելէ ետք, երիտասարդ դերասանը կը վերադառնայ Պոլիս։ Փափազեանի թատերախումբի վարիչը հանդիսացող Սարգիս էֆենտին, իր բացակայութեան, համաձայնած էր Գեղարուեստներու նախարարութեան հետ եւ պետական օժանդակութեան հիման վրայ կնքած էր պայմանագիր մը՝ համաձայնելով ամիսը ներկայացում մը խաղալ թրքերէնով, իսկ միւս բոլորը՝ հայերէնով։ Փոխարէնը պետութիւնը տարի մը շարունակ պիտի ապահովէր դերասաններու աշխատավարձերուն յիսուն առ հարիւր տոկոսը եւ պիտի տրամադրէր «Փըթի Շան»ի թատերասրահը։ Թրքերէն ներկայացումներուն պարտադիր պիտի ըլլար Փափազեանին ներկայութիւնը։ Ամէն ոք ստորագրած էր ու կը մնար միայն Փափազեանի ստորագրութիւնը։ Խաղացանկը արդէն իսկ մշակուած էր ու փորձերն ալ սկսած։ «Դրութիւնը լուրջ էր, եւ ամիսը մի անգամ թուրքերէն լեզուով բեմ դուրս գալը մի այնպիսի դժբախտութիւն չէր, որ արդարացուէր մի պետական հայ թատրոն գլխաւորելու յաւակնութեան առաջ որեւէ տատամսում, ստորագրեցի»։

    Այս համաձայնագրով թատերախումբին վարիչը կը դառնար «այդ ժամանակների Պոլսի ամենալուսամիտ մարդկանցից մէկը», «իր եւրոպական դաստիարակութեամբ այն ժամանակուայ Թուրքիոյ առաջաւոր դէմքերից մէկը», «թատրոնի բարեկամ եւ ջերմ մեկենաս» Ռեշատ Ռըտվան, որ «Պոլսի քաղաքապետի որդին էր»։

էրթուղրուլի ու Փափազեանի առաջին ծանօթութիւնը

    Ըստ երեւոյթին, Մուհսին էրթուղրուլի ու Վահրամ Փափազեանի առաջին ծանօթութիւնը այստեղ տեղի կ՚ունենայ։ Թատերախումբը, որուն կ՚անդամակցի Փափազեան, ըստ էրթուղրուլի վկայութեան, կը բաղկանար երեք տարեր սերունդէ։ Առաջինը շուրջ յիսուն տարեկան երէցներն էին, որոնք Ռեշատ Ռըտվան պէյին հետ հասակ առած էին Եըլտըզի պալատի թատերախումբին մէջ ու առաջին անգամ կը սկսէին աշխատիլ պալատէն դուրս։ Կար նաեւ 35-նոց միջին սերունդ մը, որուն մաս կը կազմէին Պուրհանետտին պէյ,[7]Խօսքը Պուրհանետտին Թեփսիի (Ատանա, 1882-1947, Պոլիս) մասին է։ Եղած է Օսմանեան ազգային թատրոնի եւ Նոր թատերախումբի … Continue reading Սուզան հանըմ, Քեմալ Տավերի, Արաքսի ամոլը եւլն։ Ու վերջապէս դեռ քսանի սեմը չհատած պատանիներ, որոնց շարքին էր մեր յուշագիրը՝ Մուհսին էրթուղրուլ, որպէս թատերախումբին աշկերտը։
    Վահրամ Փափազեանին առաջին եր
եւումը ցնցիչ կ՚ըլլայ։ էրթուղրուլ կը պատմէ, որ փորձի մը ընթացքին Ռեշատ Ռըտվան պէյ սրահ կը մտնէ Պալթազար էֆենտիի[8]Նկատի ունի Պետրոս Պալթազարեանը (Պոլիս, 1866-1953, Պոլիս)։ ու Վահրամ Փափազեան անունով շատ վայելուչ երիտասարդի մը հետ, զոր կը տեսնէին առաջին անգամ։ «Ահա այդ պահուն Պուրհանետտին պէյ հասկցաւ, որ այլեւս «մղուած է երկրորդ փլան»»։ Այդ պահը
կը դառնայ բացայայտիչը «վարիչ ըլլալու» կիրքին, ինչպէս կը գրէ էրթուղրուլ, որ պիտի կրծէր ու պիտի մասնատէր թատերախումբը։ Փափազեան ալ կը հաստատէ, որ Պուրհանետտին պէյ միջոց մը վերջ պիտի դառնար թրքական տրամաթիք նորակազմ խումբին վարիչը (ու իր կողմը պիտի փորձէր գրաւել Աղաւնի-Հրաչեան
եւ իր կրտսեր քոյրը՝ Ատրինէն)։[9]Հարկ է նշել, թէ Փափազեան նպատակ ունէր ամուսնանալու Ատրինէի հետ, սակայն յանկարծ կ՚ամուսնանայ քրոջը՝ … Continue reading
    էրթուղրուլի ու Փափազեանի յարաբերութիւնը յայտնի է որ մտերմիկ բնոյթ մը ստացած է հետզհետէ, մինչ
եւ իսկ անոնք դարձած են սենեկակից ընկերներ։ Թրքական ազգային թատրոնի հիմնադիրը կը խոստովանի, որ «Օտէոն» թատրոնէն ներս իր առաջին աշխատանքները բաւական հետաքրքրական էին. բեմին վրայ կ՚օգտուէր ոչ միայն Ռեշատ Ռըտվան պէյէ սորվածներէն, այլ նաեւ իրեն համար դասի մը արժէքը կ՚ունենային իր սենեկակից Վահրամ Փափազեանի իտալական թատրոնի մասին հաղորդած տեղեկութիւնները։
    Լորիա պէյ իր հեղինակած Տրէյֆուս խաղին համար նա
եւ բեմադրիչի պաշտօն կը ստանձնէ, սակայն երբ կը հասնի իր կարելիութիւններու եզրին՝ տեղը կը ձգէ Ռեշատ Ռըտվան պէյին։ Վերջինս հեշտութեամբ կը բացատրէ ու կը լուծէ դերասանին թատերախաղին վերաբերող նրբութիւնները։ «Խաղի առաջին արարին կար դրուագ մը, որ կը պատկերէր ֆրանսական սպայակոյտի սենեակին բազմութիւնը։ Այնքան վար պետութեամբ մեկնաբանեց եւ իւրաքանչիւր դերասանին համար որոշեց տեղերը որ Վահրամ Փափազեան հիացած էր», կը նշէ էրթուղրուլ։
     Փորձերու ժամանակ կատարեալ ազատութիւն վայելող միակ անձը Վահրամ
Փափազեանն էր, որու խաղարկութեան չէր միջամտեր Ռեշատ Ռըտվան պէյ։ «Իրապէս, փորձի ժամանակ Վահրամ Փափազեան ամէն ինչ այնքան կատարելապէս կ՚ընէր որ անկարելի էր պատկերացնել աւելի լաւը», կը գրէ էրթուղրուլ՝ վկայելով, թէ երբ ան բեմ ելլէր, արուեստագէտ ընկերները կը խուժէին քուլիս՝ զինք դիտել կարենալու համար։ «Վահրամ ի բնէ մեծ արուեստագէտ մըն էր։ Թէ՛ տեսքը, թէ՛ շարժումները կ՚ազդարարէին, որ մարդ կը գտնուի ընտիր արարածի մը դիմաց»։
     Փափազեան «գիտակից էր» իր արտաքին բարեմասնութիւններուն ու առանց կեղծ համեստութեան կը գրէ հետ
եւեալը իր «Յետադարձ հայեացք»ին մէջ. «Գեղեցիկ տղայ էի ես այն ժամանակ, իմ ընթերցող, եւ փողոցում անցորդների «դիտման առարկան»… միայն այնքան տարուած արուեստի յոյզերով, որ ընդունակ չէի դեռեւս գիտակցել այդ իրօք որ թանկարժէք առաւելութիւնը…»։

Դրուագ մը Ո՞վ կայ այդաեղ / Մուհսին պէյին վերջին Համչերը թաաերախաղէն, զոր կը բեմադրէ Պոլսոյ «Պողազիչի» համալսարանի թաաերական ակումբը։ էրթուղրուլ յառաջացեալ աարիքին կը մենախօսէ անցեալէն ժամանած երկու ուրուականի հեա, որոնցմէ մին Վահրամ Փափազեանն է՝ իր երիաասարդութեան բարեկամն ու առաջին ուսուցիչը։
Դրուագ մը Ո՞վ կայ այդաեղ / Մուհսին պէյին վերջին Համլեթը թաաերախաղէն, զոր կը բեմադրէ Պոլսոյ «Պողազիչի» համալսարանի թատերական ակումբը։ էրթուղրուլ յառաջացեալ աարիքին կը մենախօսէ անցեալէն ժամանած երկու ուրուականի հետ, որոնցմէ մին Վահրամ Փափազեանն է՝ իր երիտասարդութեան բարեկամն ու առաջին ուսուցիչը։


     էրթուղրուլ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Փափազեան զարմանալի գեղեցկութեամբ մը կը գործածէր թրքերէնը, առանց օտար առոգանութեան։ «Անհաւատալի յիշողութիւն մը ունէր։ Նախադասութիւն մը գոց ընելու համար բաւ էր անգամ մը կարդալը»։[10]Հակառակ էրթուղրուլի այս տողերուն, Նշան Պէշիկթաշլեան ալ Թատերական դէմքերու մէջ կը գրէ, թէ «կեանքի մէջ երբեք … Continue reading էրթուղրուլի համաձայն, Փափազեան ի բնէ քաղաքավար, կրթեալ, բառին իսկական առումով արուեստագէտ երիտասարդ մըն էր։ Ըստ էրթուղրու
լի, Փափազեան ուրախ էր, որ Իտալիայէն վերադառնալուն պէս առիթն ունեցած էր, որպէս բարի պատահականութեան արդիւնք, Ռեշատ Ռըտվանի նման լաւ բեմադրիչի մը քով յայտնուելու։
    Վահրամ Փափազեան, որ վարժ էր իտալական թատերական կեանքին, ծայր աստիճան լրջութեամբ կը կատարէր իր փորձերը, նոյնիսկ պալատէն եկած քանի մը երէց դերասաններուն կատակաբանութիւններն իսկ որպէս անլրջութիւն կ՚ընկալէր։ «Արտակարգ կերպով խստապահանջ էր բոլորը լրջութեան կը հրաւիրէր՝ ի հեճուկս շատերու դժգոհութեան։ Այս պատճառով փորձերը, յատկապէս երբ իր դրուագները բեմադրուէին, կար
եւորութեամբ ձեռք առնուող բաժիններ կ՚ըլլային»։

Օթելլօի բեմադրութիւնը

    էրթուղրուլին յուշերուն մէկ հատուածը վերնագրուած է «Փափազեան կը բեմադրէ Օթելլօն։ Օսմանեան ազգային թատերախումբը որոշած էր բեմադրել Օթելլօն։ Յուշագիրը ստանձնած էր Ռոտերիկոյի դերը, իսկ Փափազեան՝ Օթելլոյի։
    Մուհսին էրթուղրուլ կը գրէ, որ Շէքսփիրի «Օթելլօն, Վենետիկի վաճառականըի Շէյլոքի հետ, լաւագոյն երկու դերերէն մէկն էր էրմեթէ Նովելլիին, որուն քով աշխատած էր Վահրամ Փափազեան Իտալիոյ մէջ։ Վահրամ ալ երկար ժամանակ աշխատած էր այս դերին վրայ, ժամանակ ունեցած էր զայն գործելու ժանեակի մը պէս։ Նովելլիի հիւանդութեան ընթացքին դերը կատարած էր իտալերէնով։ Իսկ հիմա առաջին անգամ պիաի խաղար թրքերէնով»։ Յիրաւի, Փափազեան եւս կը վկայէ, որ «Նովելլիի լաւագոյն ստեղծագործութիւններից մէկը Շէյլոկն էր»։
    Օթելլօի բեմադրութեան պատմութիւնը մանրամասնելով, Մուհսին էրթուղրուլ կը գրէ, որ Ռեշատ Ռըտվան պէյ չուզեց միջամտել բեմադրութեան եւ նկատելով, որ Փափազեան նախապէս կատարած է դերը՝ յարմար դատեց բեմադրութիւնը վստահիլ իրեն։ «Այսպէսով Վահրամ ստիպուեցաւ թէ՛ պատասխանատու դեր մը վերստին գոց սորվիլ եւ թէ՛ ստանձնել խաղին բեմադրութիւնը։ Փափազեան ըմբռնելու գերմարդկային տաղանդ մը ունէր, հետեւաբար հսկայ դերը մեզմէ աւելի արագ ու աւելի դիւրութեամբ գոց սորված ու եկած էր առաջին փորձին։ Մինչդեռ միւս դերակատարները չէին կրնար կարդալ նոյնիսկ իրենց տետրերուն մէջ արձանագրուած խօսքերը»։
     Վահրամ Փափազեան քանիցս դժգոհութիւնը կը յայտնէ իր սենեկակից Մուհսին էրթուղրուլին, որ համամիտ էր Փափազեանին «Եակոյի դերակատար Քեմալ Տավերի ո՛չ միայն չէր կրցած գոց սորվիլ իր դերը, այլ նոյնիսկ չէր կրնար կարդալ իսկ»։ էրթուղրուլ թէեւ իր դերասան ընկերները կ՚արդարացնէ ալ՝ նշելով, թէ որեւէ թատերախումբ մինչ այդ տեսած չէր աշխատանքի նման թափ մը, տիւ ու գիշեր աշխատելու կարգապահութիւն մը։ «Գիշերուան բեմադրութիւնները ուշ կը վերջանային, փորձերը յաջորդ առտու ժամը 10-ին կը սկսէին եւ ժամանակ չէր մնար դերերը գոց սորվելու»։ Այստեղ էրթուղրուլ անգամ մը եւս հիացական տողեր ունի Փափազեանի հասցէին։ «Հակառակ այս կացութեան՝ Վահրամ, որ թէ՛ Նափոլէոնի մէջ Քրիսոնոյի եւ թէ՛ Տրէյֆուսի մէջ գլխաւոր դերը կը կատարէր, Օթելլոյի դերն ալ գոց սորված կրնար առաջին փորձին ներկայանալ»։ Վահրամ կը նկատէ, որ դերասան ընկերները չեն կրնար սորվիլ իրենց դերերը, կը կմկման, կը թոթովեն, անկարելի կ՚ըլլայ սորվեցնել խաղին նրբութիւնները, հետեւաբար անհնար կը դառնայ նաեւ բացայայտել Օթելլոյի յատկութիւնները։ «Այս բոլորը իրաւացիօրէն անյուսութեան կը մատնէին սենեկակիցս՝ Վահրամը»։
    Փորձի շրջանին պատահած այս անկարգութիւնները իրենց հետեւանքը կ՚ունենան ներկայացման ժամանակ։ Մուհսին էրթուղրուլ, որ արդէն աւարտած էր իր դերը, Եակոյի դերակատար Քեմալ Տավերիի ու յուշարար Գարեգին էֆենտիի[11]Խօսքը կը վերաբերի Գարեգին Նահապետեանին։ 1870-ին ծնած է Պոլիս, ուր ալ մեռած է՝ զինադադարէն քանի մը տարի ետք։ խնդրանքով յուշարարի ծակը կը մտնէ, սակայն երկու յուշարարներու ջանքերը չեն բաւեր, որպէսզի խաղին երրորդ արարը սահուն ընթանայ։
    «Միջոց մը, երբ Եակօ պէտք է խօսէր, պարապութիւն մը եղաւ եւ բեմը վայրկեան մը, թերեւս երկու վայրկեան լռեց։ Այդ պահուն համբերութիւնը սպառած Օթէլլօ դարձաւ հանդիսատեսին ու յայտարարեց.
    – Կը ներէք, պիտի չկարենամ շարունակել։
    Բեմը լքելու ժամանակ, այնտեղ գտնուող դերասաններուն դառնալով, բարձրաձայն ըսաւ.
    – Երբեք բեմ մի՛ բարձրանաք, մինչեւ որ գոց սորվիք ձեր դերերը։
    Եւ չքացաւ քուլիսին մէջ։ Այդ պահուն կը նուաղէի։ Վարագոյրը անմիջապէս փակուեցաւ։ Սակայն հանդիսականները ծափահարութիւններու հեղեղով մը կը ցնցէին սրահը։ «Վահրա՜մ, Օթելլօ՜» կը գոռային միաբերան։ Մինչ այդ չտեսնուած ոգեւորութեամբ մը կը ծափահարէին, իրենց ոտքերը գետին կը զարնէին ու կ՚ուզէին, որ խաղը աւարտի»։
    Մուհսին էրթուղրուլ կը գրէ, որ բեմին վրայ պատահած այս անհաճոյ դէպքը շարունակուած է նաեւ բեմի ետին։ Ռեշատ պէյ կը յաջողի հանդարտեցնել քուլիսը ու բեմ վերադարձնել դերասանները։ «Յուշարարի ծակէն բաժնուեցայ, զայն թողլով Գարեգինին։ Քուլիսէն յուզումով կը հետեւէի արդիւնքին։ Օթելլօ ներկայացումը այսպէսով աւարտեցաւ Վահրամ Փափազեանի մեծ յաջողութեամբ»։ Բեմէն դէպի սրահ տարածուած այս տգեղ պատահարէն ետք այլեւս անկարելի էր, որ Վահրամ Փափազեան շարունակէր մաս կազմել թատերախումբին, անհնարին էր, որպէսզի աշխատակցէր միւս դերասաններուն հետ։ Եւ ան լքեց թատերախումբը…
    էրթուղրուլի վկայութեամբ, գլխաւոր դերակատարին այս անսպասելի հեռացումը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ թատերախումբի խաղացանկին վրայ։

Առաջին «Համլեթ»ը՝ Փափազեանին հետ


    Փափազեան որոշած էր Իտալիա վերադառնալ։ Հարկ եղած դրամը ապահովելու նպատակով կ՚ուզէր երեկոյթ մը կազմակերպել ու «Համլեթ»ը բեմադրել։ «Ինծի ալ Լաէրտի դերը վստահած էր։ Այսպէս սկսաւ Համ
լեթի հետ առաջին ծանօթութիւնս»։ Վահրամ Փափազեան արտասահմանի մէջ բազմիցս կատարած էր այս դերը, հետեւաբար փորձերու ժամանակ մօտէն կը հետաքրքրուէր դերասաններուն հետ ու իրենց կը սորվեցնէր։ «Իմ հաշուոյս դարձեալ կ՚օգտուէի այս փորձերէն։ Դերս կարճ էր, հետեւաբար շարունակ դիտելու առիթ կ՚ունենայի իւրաքանչիւր դրուագ, ուրիշներուն խաղարկութիւնն ու յատկապէս Համլեթը», կը խոստովանի Մուհսին էրթուղրուլ։
    Ան իրեն համար մեծ բախտ մը կը նկատէր թատերական աշխարհ մուտք գործելէ անմիջապէս ետք, հազիւ վեց ամսուան ընթացքին, Շէքսփիրի երկու գլուխ-գործոցին հետ ծանօթացումը։ «Կատարուած աշխատանքը կ՚ընկալէի այս գիտակցութեամբ»։ Արդէն Համ
լեթ խաղալու կիրքն ալ, իր իսկ խոստովանութեամբ, պիտի սկսէր այս բեմադրութիւններէն ետք, այսինքն՝ Փափազեանի շնորհիւ։
    էրթուղրուլ եւ Փափազեան խաղի առաջին բեմադրութեան վերջին արարին
պզտիկ արկած մը կ՚ունենան։ Լաէրտի ու Համլեթի սուսերամարտի ընթացքին, Փափազեանի սուրը կը խրի էրթուղրուլի այտոսկրին։ «Հոսող արիւնը կարմիրով ներկեց դէմքս ու սպիտակ օձիքս։ Թէ՛ դերասանները, թէ արիւնը տեսնող հանդիսականները յուզուեցան։ Նոյնիսկ տաք արիւնը չէի զգար։ Խաղը աւարտեցաւ Համլեթի յաջողութեամբ։
    «Հանդիսականները, երբ տեսան որ արիւնը ամբողջ դէմքս ողողած է գե
տինը պառկած միջոցիս, աւելի առատաձեռն եղան ծափահարութիւններու ժամանակ։ Արիւնը կերպով մը ազդակ դարձաւ ծափահարութիւններու համար»։
    Վահրամ Փափազեան Համ
լեթի ներկայացումէն ետք կը վերադառնայ Իտալիա։ Հետաքրքրական են Մուհսին էրթուղրուլի այս հատուածը եզրափակող տողերը.
    «Վահրամ Փափազեան վերադարձաւ Իտալիա եւ հրապարակը մնաց մուկերուն»։

 

Արկածներով լեցուն նկարահանում մը էյուպի մէջ

 

    Մուհսին էրթուղրուլի Վահրամ Փափազեանի հետ յուշերուն վերջին բաժինը կը վերաբերի շարժանկարի մը նկարահանման։ Քեմալ եւ Շաքիր Սետեն եղբայրներ [12]Սետեն եղբայրները 1922-ին հիմնած էին Թուրքիոյ առաջին շարժարուեստի սեփական ընկերութիւնը, «Քեմալ ֆիլմ» անունով։իրենց երկրորդ շարժանկարը կը փափաքին նկարահանել գրական ստեղծագործութեան մը հիման վրայ եւ կ՚ընտրեն Եակուպ Քատրի Քարաօսմանօղլուի [13]Վիպագիր, լրագրող, բանաստեղծ ու դիւանագէտ։ Ծնած էր 1889-ին, Գահիրէ ու մահացած՝ 1974-ին, Անգարա։Նուր պապա վէպը։ Նուր պապա կը բնակէր Չամլըճայի բլուրին վրայ, ալեւի վանականներու միաբանութիւն մը հանդիսացող պեքթաշիական վանքի մը մէջ։ ժապաւէնին նիւթը պիտի կազմէին արարողութիւններուն մասնակից Պոլսոյ բարձրաշխարհիկ կիներն ու վանահօր վարած ազատ կեանքը։ Փափազեան պիտի մարմնաւորէր վանականներէն մէկը։

    Եակուպ Քատրիին վէպը հրատարակութեան օրէն իսկ հակազդեցութիւններու առարկայ դարձած ու մեծ աղմուկ յարուցած էր։ «Սուրբ նկատուող վանքի մը առօրեայէն ներս մանել ու վրան բաց արարողութիւնները հրապարակել որոշ հատուածի մը կը վնասէր։ Այդ կեանքը սպիտակ պաստառի միջոցով հանրութեան ցուցադրել մեծ մեղք կը նկատուէր։ Ո՛չ թէ մեղսագործութիւնը, այլ մեղքը բացայայտելն էր որ անյարմար էր որոշ շրջանակներու համար»։
    Նկարահանումներու մէկ մասը կը կատարուին էյուպի մզկիթի բակը։ «… Սարսափելի յարձակումի մը ենթարկուեցանք, կը պատմէ Մուհսին էրթուղրուլ։ Տեսախցիկը ջարդ ու փշուր ընելու նպատակով թերեւս հարիւր հոգի յարձակեցաւ։ Վահրամ Փափազեան, որ պեքթաշի վանականի մը վերարկուով էր, միայն փախչելով է որ փրկեց իր կեանքը»։ Յուշագիրը կը պատմէ, որ Վահրամի դերը աւելի վերջ ստանձնեց ինք։ ժապաւէնը աւելի ուշ «Վոսփորի խորհուրդը» անունով ցուցադրուած ու մեծ յաջողութիւն ունեցած է։

    Արկածներով լեցուն նկարահանման այս դրուագը կը պատմուի նաեւ Փափազեանի յուշագրութեան մէջ։ Մինչ էրթուղրուլ միայն շարժանկարի մը խօսքը կ՚ընէ, Փափազեան կը յիշատակէ նման ճակատագրի արժանացած երկու նկարահանում։ Յամենայնդէպս, Փափազեան «Վոսփորի խորհուրդը»ին մասին խօսելով կը գրէ, թէ ան կը նկարահանուէր ԺԹ. դարու բանաստեղծ Նամըք Քեմալի քերթուածին հիման վրայ, մինչդեռ, ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, նկարահանումը կը կատարուէր Եակուպ Քատրիի ստեղծագործութեան հիմամբ։ 

 

Գրականութեան ցանկ

Փափազեան Վահրամ, Յետադարձ հայեացք, Գիրք Առաջին, Երեւան, 1979։
Ertugrul Muhsin, Benden Sonra Tufan Olmasin!, Anilar [Ինձմէ ետք թող ջրհեղեղ չըլլայ, յուշեր], Պոլիս, 1989։

ԾԵ. Տարի, թիւ 4

References
1 Բախչինեան Արծուի, Her zaman kardesin ve dostun [Միշտ եղբայրդ ու բարեկամդ], «Ակօս», 21 Մայիս 1999, էջ 8։
2 Փափազեան կը սխալի։ Մուհսին էրթուղրուլ ծնած էր 1892-ին, մինչ ինքը՝ 1888-ին։
3 Ermete Novelli, 5 Սարա 1851-30 Յունուար 1919, իտալացի դերասան ու թատերագիր։ 1884-էն սկսեալ մինչեւ իր մահը ունեցած է իր անձնական թատերախումբը։ Մահացած է բեմին վրայ, ներկայացման մը ժամանակ։ 2002-ին Իտալիոյ մէջ հաստատուած է Նովելլի անունով մրցանակ մը, որ կը շնորհուի դերասանական նուաճումներու համար։
4 Հաւանաբար կ՛ակնարկէ յուշարար, նաեւ քանի մը ողբերգութիւններու հեղինակ Ռոմանոս Սետեֆճեանին։
5 Առաջին անգամ հիմնադրուած է 1875-ին։ Վերստին կառուցուած է 1904-ին, Պաարոկլոս Կամպանակիսի ճարտարապետութեամբ, Բերայի Մեծ պողոտային վրայ։ Թատերասրահը այսօր գոյութիւն չունի, փոխարէնը կառուցուած է առեւտուրի կեդրոն մը։
6 Օսմանեան ազգային թատրոնի, Օսմանեան տրամաթիք թատերախումբի հիմնադիր։ Մահացած է 1919-ին, Պոլիս։ Որդին էր Պոլսոյ քաղաքապետ Ռըտվան փաշայի, որ 1890-ին, ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի նախագծով կառուցել տուած էր «Փըթի Շան»ի յայտնի թատերասրահը։
7 Խօսքը Պուրհանետտին Թեփսիի (Ատանա, 1882-1947, Պոլիս) մասին է։ Եղած է Օսմանեան ազգային թատրոնի եւ Նոր թատերախումբի հիմնադիրներէն։ 1920-ականներում անցած է Եգիպտոս, ուր նպաստած է տեղւոյն թատերական կեանքի զարգացման։
8 Նկատի ունի Պետրոս Պալթազարեանը (Պոլիս, 1866-1953, Պոլիս)։
9 Հարկ է նշել, թէ Փափազեան նպատակ ունէր ամուսնանալու Ատրինէի հետ, սակայն յանկարծ կ՚ամուսնանայ քրոջը՝ Աղաւնի-Հրաչեայի հետ, որմէ ունեցած է զաւակ մը։
10 Հակառակ էրթուղրուլի այս տողերուն, Նշան Պէշիկթաշլեան ալ Թատերական դէմքերու մէջ կը գրէ, թէ «կեանքի մէջ երբեք զօրաւոր չէ եղած իր յիշողութիւնը...»: Այս վկայութիւնը հաստատելու կու գան, մանաւանդ, Յետադարձ հայեացքին մէջ տեղ գտած ժամանակագրական քանի մը խախտումներ, որոնցմէ է օրինակ քիչ վերը յիշուած Սետեֆճեանը։ Վերջինս թէեւ մահացած է նախքան Սահմանադրութեան հռչակումը, 1907-ին (աղբիւր մըն ալ կու տայ 1905 թուականը), սակայն Փափազեան իրեն հանդիպած ըլլալ կը կարծէ 1908-էն ետք։
11 Խօսքը կը վերաբերի Գարեգին Նահապետեանին։ 1870-ին ծնած է Պոլիս, ուր ալ մեռած է՝ զինադադարէն քանի մը տարի ետք։
12 Սետեն եղբայրները 1922-ին հիմնած էին Թուրքիոյ առաջին շարժարուեստի սեփական ընկերութիւնը, «Քեմալ ֆիլմ» անունով։
13 Վիպագիր, լրագրող, բանաստեղծ ու դիւանագէտ։ Ծնած էր 1889-ին, Գահիրէ ու մահացած՝ 1974-ին, Անգարա։