Գերի իր մեղքին ու հաւատին, լուռ է։ Լուռ է մասամբ, որովհետեւ այն ատեն պատահարը կը լսուէր, բայց տակաւին լեզու չէր ելած։ Չէր իսկ գիտեր, թէ լեզու իսկ ել լեր որո՞ւն ո՞ր բարբառով խօսք պիտի առներ, հակառակ անոր որ բանակցութեան մէջ էր դիպուածին դէմը եղողին հետ։ Դիպուածը դէպքի վերածողին հետ։ Եթէ նայիս, ամէն խօսակցութիւն իրականին հետ ձախող բանակցութիւն մըն է։ Բայց վստահ էր, որ հոն օր մը իրար դպածները պիտի հաւաքուէին` մէկտեղուելու դէպքի մը եզակիացման անկարելի քերականականին մէջ։
Դէպքերը, որոնք այն ատենէն իսկ տարտղնուած էին ընթացքի մը ճիւղաւոր ճեղքերուն մէջերը, որոնցմէ հիմա հեռուէ հեռու խնամիական կապ մը մնացած է միայն եւ որոնք ամէն մէկ ներկայիդ հետ լոգցած, սափրուած, դախըմ քրավաթ, ֆութպոլի կօշիկ նետած, շուրջն ալ սանկ աչք մը նետելով ստուգելու համար, թէ նետած բռնածները մէջտեղ հանող մնացա՞ծ է, ինքն իր անկախ իսկականը կը շինէ եւ սուլելով հեռուստատեսութեան կարճ ու երկար ալիքներուն վրայ պտոյտի կ՚ել լէ։
Որմէ ետք ինքն իր յուշերուն հետ մեղսակցելով ինքզինք ալ կը համոզէ, որ այդ էին, ու ճիփ ճիշդ այդպէ՛ս՝ եղածները։
Ուրուագծուած ժպիտէն մինչեւ անզուսպ քահքահը, աչխփուկ խաղցող անձկումի անսահման մութի թանձր ու լպրծուն ներկայի մը կառչած, սառած ու խուլ նայուածքի մը մէջ կծկուած, պապանձած, որ այլեւս ոչ կը տեսնէր, ոչ կը լսէր, ոչ կը թափանցէր, ոչ կը թափանցուէր, ոչ իսկ տիեզերային ներկային մէջն էր, բայց որ միակ ճշմարիտն էր, միակ երդումը ։ Ոչ յուզուած, ոչ յուզող, ոչ իսկ անհուն, ոչ անսահման, ոչ անվերջ։
Իսկ ականը։
՞Է։
Նոյն այն բառերով, որոնք այն ատեն ալ կային, որոնցմէ մաս մը գիտէիր, որոնցմով կրնայիր սերվիս նստիլ շրջագայիլ, ուրուագիծ մը կազմել, բայց որոնք պարզապէս հոն անզօր կը դիզուէին։ Տակաւին այսպէս, պատէ պատ զարնուած, հազար ու մէկ մաղէ անցած, հասակի կարգով շարականուելու ատենը չէր եկած։ Վստահ ալ չէիր ճիշդ ով էր այդ ե՛ս ըսողը։ Շարադրելու իրաւունքը քուկդ չէր։ Ի վերջոյ հոն, պատկառելի գրասեղանին ետեւը նստած խմբագիր մը կար, որուն իրաւունքն էր պատմութեան փաղաքշանքը, անոր մենքը, անոր որուն պէտք էր վստահէիր վերջին շունչիդ իմացեա՞լը կամ անմահութիւնը։ Ասդի՞ն՝ տակաւին կային պատնէշներ, որոնց վրան, տակը, աջին, ձախին կանգուն պէտք էր մնալ։
Միջադէպերէն ետք, պիտի բաժնուէիր միանալու համար լքումի մը լոկ։ Ոչ ժամանակն էր, ոչ ալ ժամանակ կար՝ առօրեայ, անբնական, միապաղաղ, ձանձրացուցիչ, անգոյն, անհոտ, տգեղ, զզուած, զզուելի, զզուելի լեղի, լեղի սարսափին։
Դէպքերու մէջտեղերը հազար ու մէկ ուղղութեամբ տարտղնուած ու տարածուած թերխաշ հաւակնոտ հայերէն մը ունէիր, որ յուշերուն հետ հասարակ յայտարար մը փնտռէր։ Տակաւին կը փնտռէ։
Տեսարանի տարածման ընթացքին, մարդիկ երբ կը նային, ի՞նչ է որ կը տեսնեն, մակերեսի ծփացող ճել լօ՞ն, թէ՞ տակի փքուած դիակը։
Անցեալ մը յիշուած այնտեղէն ու նախանցեալէն։ Արխիւներուն հետ կասկածամիտ շուրջպարի բռնուած, եւ որ վերջապէս հանգստեան կոչուելու կ՚երթայ ուրբաթ, շաբաթ, կիրակիներու անդորրին մէջ։
Թաուիլն ալ նոյնը տեսած էր բայց ո՛չ նոյն բառերով, նոյնիսկ եթէ օր մը յուզումները պիտի հանդիպէին Սան Պրունոյի արուարձանային Սեպտեմբերի կիրակի կէսօրէ ետքի կիզիչ արեւուն մէկ սենեակնոց առանց վարագոյրի յարկաբաժնին մէջ։ Հայերէնները նոյնը չէին։ Մէկը Ճեմարանէն էր, միւսը Սեն Կրէկուարէն։ Ուր մնացին Ալամանինը, որ ազգային վարժարանէ էր եւ Մոսի կինը Սաժեսէն։ Հո՛ն, կուտակուածները տարբեր պիտի գունաւորուէին եւ առաջնորդի վարորդին անձնական ինքնաշարժին մուխը մարած ըլլալուն բոլորովին անկարեւոր արկածը պիտի մնար, երրորդ օղիէն ետք որպէս ստորակէտ, հակառակ անոր որ մարդուն ունեցած չունեցածը կրնար ըլլալ, բայց ակամայ պատանիներու վստահուած հինգ քիլոնոցի պայթումէն կեղուուած Եղեռնի վաթսունամեայ յուշարձանի ապահովութիւնը ամէն բան կրնար արդարացնել։
Վերջերս, մանաւանդ Լոսէն, կծիկը յաճախ այդտեղէն կը սկսի քակուիլ։ Ծայրը հոն չէր սակայն։ Մէջը ինկած էիր ժամանակներու արանքի երրորդ դէմքէ մը, պատէն կախուած հերոսներու դիմանկարներու տողանցքին մաս կազմելու։ Ոտքի ձախէն աջ՝ փամփուշտները խաչկապ կապած, հրացաններն ուսերնին ծանրացած, յոգնած, անքուն անկապ, անսասան, անհրապոյր, անհամ, անկողի՜ն։
Նստած ձախէն աջ՝ …
Այն ատեններէն իսկ ամէն գիշեր, տասը անց տասը, պտուտակի բարակ տզզոց մը կը լսուէր։ Անօդաչու օդանաւ է, կ՚ըսէին, կը նկարէ կոր։ Ո՞վ, ինչո՞ւ, որո՞ւ։ Ա՛ռ լան, փեզզեվենկ։ Բայց այլեւս առանց միջ նե մատդ պարզելու ոչ ձայնաւոր, ոչ իսկ միտքէդ անցնելով։
«Արարատ»ն ալ այդպէս վերերէն թռած էր, անօդաչու. ոչ տեսած էր, ոչ ալ լսած։
«Պարոն Կարպիս» եւ Վիվալտի։ Հոս Լոսում ամէն բան տրոնային է, ձեռք աղտոտող չկայ։
Ամէն առաւօ՜տ
Արշալոյսի՜ն մօ՜տ
Փուշտե՛ր, աս ամէնը աղջիկ կարգադրելու համար կ՚ընէք կոր…
Համայի իւղով ձուածեղ, հայրիկն ու մայրիկը Գամիշլիէն ըլ լալնուն, կաթողիկոսարանին համար ըլլալուն առանց առտու կանուխ շարքի շարուելու թարմ փքուած քոլորշուն հաց, ծիրանի անուշ, կարագ, գիւղի պանիր, շերպէթ թէյ, սուրճ, սիկառէթ, սուրճ սիկառէթ, սուրճ սիկառէթ։ Լուսցած գիշեր, deuxième partie, համալսարանի դիմումնագիր։ Ապա եթէ գայ։
Պէտք է ծանօթագրային մնային միայն, ծածուկ։ Խոնարհ։ Թիւ առած սպասէին, որ պեղումներու աղմկոտ մակերեսին ծփացող նաւաբեկման բեկորներէն խաշուած հայերէնով մը, Մանթարին բառն էր խաշուած հայերէնը, կարկտնուած լաստի մը կառչած փնտռտելու ինչ որ խմբագրին տողերէն ճողոպրած է, եւ անոնցմով անկախութիւնը կ՚ուզէր, որ երազած ազատութիւննե րը վայելէր։
Թէեւ տողանցքը պիտի շարունակուէր աշխարհի միւս ծայրը՝ 210-էն 2, Fletcher exit, U turn, գործի ճամբէն պապանձած հեւ ի հեւ շունչը հազիւ տունը առնելով։ Կինը հարց չէր, բայց անձկումէն արիւնաքամ երեսը գոնէ զաւակներէն պէտք է պահեր, բան որ Նոր տարուան սեղանին բազմած քեռայրին կարդացած` «դուն որքա՞ն դրամ կը շինես կոր»ին դիմացը պէտք էր պզտլիկ զգար, կուլ տար, անոր որուն ոսկերչատունը ժամանակին, ի միջի այլոց, որպէս մեր տղաքը, պահած էր։ Ան ալ եկած չեկած տուն կրցեր է տուն գնել ալ, ան ալ Mountain-էն վեր։ Ետքը Պէվըրլի հարս տուած աղջիկը, մոթորի վրայ պտտող ընտիր յախճապակիներ, ու ստորագրութիւններու կապուած պաստառներ կախել, ճաշակաւոր։ Ե՜ս ա՛լ, ե՛ս ա՜լ ինչե՜ր քաշեցի, վա՜յ։ Ակռայ, վա՜յ։
Անցեալ ունեցող տղայ է պիտի ըսէին, ու անցեալը ձեռքէն առնէին։
Թող։
Բայց այդտեղերն ու օրերը չէին, որ նայուածքին խորքին տակը խրամատ մը եւս պիտի աւելցնէին, պատ մը եւս բարձրացնէին։ Միջադէպին մէջտեղն էր, դէպքը եղած էր, ու յաջորդողներով յանգումի մը պիտի չհասնէր, այլ վայրագ տարտամ անսկզբունք ու կեղծաւոր պիտի շարունակուէին, ոչ գիծի մը վրայ, ոչ տարածքի, ոչ խորքի, ոչ սիրոյ, ոչ տրտունջի, ատելութենէն շատոնց անդին անցած, միապաղաղ, ձանձրացուցիչ, ահաւոր։ Ոչ տառապանքի, ոչ անհեթեթի, ոչ ցնցումի, ոչ գլխագիր ոչ իսկ ալ փոքրագիր աղէտի։
Աճիւններ ըսած էր մեծ մայրս եւ առաջին անգամ վախ ակնածանք ու ամչցած պիրկ ժպիտ մը պիտի տեսնէի բարակ շրթունքներուն ու բոսոր այտերուն։ Ձեռքէս բռնած ներս տարած էր ինծի ու մեծի տեղ դրած բան մը վստահած էր ինծի հոն, խունկի հոտերուն ու ծուխերուն արանքներէն։ Ոսկորներ կային հոն, քանկեր, կուրցած մութ խոռոչներ, որոնք չէին նայիր, բայց գիտէիր, մորթիդ վրայ կը զգայիր, որ հանդարտած չէին, հարցումներ ունէին ու յարատեւ կը կրկնէին։ Պիտի վկայէի՞ն արդեօք այս անգամ, անգամ մը եւս անօրէն դարձած ենթակաները։
Այս անգամ բայց օրէնքով չէր, որ անօրէն էին, այլ անօրէն անօրէն։ Նոյն այն անօրինութենէն, որ քեզի ալ կ՚արտօնէր մեղքեր գործել։ Եւ հոն` ապակիին ետին, տակաւին առանց անուն մականունի, տակաւին հաւատքի մատուռի հրաշքին պլլուած, առանց կենսագրականի, առանց ծննդավայրի առանց պատումի, առանց իսկ կմախքի, որոնք այ՛ս անգամ պէտք էր պահուէին, պաշտպանուէին, գուրգուրուէին։ Խեղճ ու կրակ։
Հինգշաբթի՞ կէսօրէ ետք, թէ՞ երեքշաբթի, երկո՞ւ կամ երեք շաբաթ ետք էր, չես գիտեր ինչո՛ւ փակագիծը գոցուած էր։ Տո՛ւն գացէք ըսած էին, ազատ շուկայ, գլուխնիդ ճարին նայեցէք։ Համալսարանի թոշակը չունէիր, որ երազներ ունենայիր։ Հասցէդ ալ շիտակ թաղամասերէն չէր։