Այս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն նամակներ՝ ամբողջութեամբ կամ քաղուածաբար եւ, ինչպէս յայտնի է, Սիմոնեանի տնօրինած Սեւան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Որբունիէն երկու հատորներ։
Որբունիի ու Սիմոնեանի ընդարձակ նամակագրութիւնը տեւած է «Սփիւռք»ի հիմնադրութենէն մինչեւ ֆրանսահայ գրագէտին մահը (1958-1980)։ Նկատի ունենալով, որ Որբունիի վերոյիշեալ հատորներէն մէկը՝ Թեկնածուն վէպը, վերջերս անգլերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է, յարմար դատեցինք հրատարակութեան պատրաստել Յունուար-Ապրիլ 1967-ին Որբունիի կողմէ Սիմոնեանին յղուած չորս նամակները, որոնք գրուած են վէպին հրատարակութեան նախօրեակին եւ լոյս կը սփռեն գրական ու հանրային բազմաթիւ հարցերու, ինչպէս եւ Որբունիի անձնական վիճակին ու գրական աշխատանքներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սիմոն Սիմոնեանի ընտանիքին, որուն սեփականութիւնն է հանգուցեալ գրագէտին Լիբանան գտնուող արխիւը, որ մեր տրամադրութեան տակ դրաւ հրատարակուող նամակներուն լուսանկարները։ Աշխատած ենք Որբունիի դժուար ընթեռնելի ձեռագիրը հաւատարմօրէն վերծանել՝ փոքրաթիւ լրացումներով, ինչպէս նաեւ նամակները օժտել անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով՝ մեր պայմաններուն համեմատ։
Ա.
Փարիզ 14/1/67
Սիրելի քաջորդի Սիմոնեան,
Խնդրեմ այսուհետեւ թերթը ղրկել հին հասցէիս որ քեզի ծանօթ է։[1]Հաւանաբար՝ 2 rue Bourbon le Château, Paris VI հասցէն։ Տե’ս Յ. Կարեւորեան, «Եւ եղեւ մարդ», «Սփիւռք», 6 Հոկտեմբեր 1965։ Քանի մը օրէն, երբ տան նորոգութիւնները լրանան ձեռամբ Բաբգէն Պօտօսեանին,[2]Բաբգէն Պօտոսեան, ֆրանսահայ նկարիչ։ Նկարազարդած է Զարեհ Որբունիի Անձրեւոտ օրեր պատմուածքներու ժողովածուն … Continue reading պիտի բարձրանանք մեր վեցերորդ յարկը։ Յոգնեցայ այս առաջին յարկէն։
Իմացածիս նայելով Երեւանի համագումարի[3]Խօսքը Հայաստանի գրողներու հինգերորդ համագումարին մասին է, որ տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 1966-ին։ ընթացքին տրտունջ եղեր [է] այս կողմէն գացողներուն յար ու նման եւ շարունակ[՝] ներկաներուն եւ ուրիշներու բացակայութեան համար, ի մէջ այլոց իմ անունս։ Միայն մօտէն շահագրգիռները նեղուեցան գրածէդ։[4]Տե’ս «Խմբագրի օրատետրէն», «Սփիւռք», 27 Հոկտեմբեր 1966։ Այս գրութեան մէջ, Սիմոնեան նաեւ նշած է, թէ Որբունի, … Continue reading Ուրիշներ եւ շատեր ուրախացած են։
Նոյնպէս նոր իմացայ որ Երեւան համագումարին պաշտօնապէս խնդրոյ առարկայ եղաւ իմ առաջարկած սփիւռքահայ համագումարը.[5]Տե’ս Զ. Մ. Որբունի, «Կոչ սփիւռքահայութեան գրողներուն», «Սփիւռք», 12 Յունուար 1966 (վերատպուած՝ 19 Յունուարին)։ սրահին մէջ խանդավառ ընդունելութիւն։ Վերադարձողները[6]Ֆրանսայէն մասնակցած էին գրագէտներ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Աւետիս Ալիքսանեան (1910-1984)։ minimise ընելով[7]Նսեմացնել (ֆր.)։ արտայայտուեցան։ Տրամադրութիւն կայ հոնկէ ալ պատգամաւոր ուղարկելու։ Բայց, ո՞ւր է Պէյրութը։ Գէորգն[8]Գէորգ Աճէմեան (1932-1998), լիբանանահայ գրագէտ ու հրապարակագիր, «Սփիւռք»ի արտօնատէր եւ խմբագրապետ (1975, 1978, 1985-1988)։ անգամ լուռ է իր հաւատարիմ նամակով։
Կարդացի գիրքդ։[9]Յաջորդ պարբերութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Որբունի Լեռնականներու վերջալոյսը պատմուածքներու հատորը (Պէյրութ, … Continue reading
Առանց եսականութեան, պիտի ըսեմ, մեղք որ աւելի չես գրեր։ Պիտի ուզէի որ այսուհետեւ շատ, շատ պատմուածքներ գրես[։] «Երեք օրակարգեր»ը աղուոր գլուխ գործոց մըն է։ Պատկերներդ հիւթեղ, անբռնազբօսիկ եւ sans litérature[10]Անսեթեւեթ (ֆրանսերէն)։ [`] քեզի պէս պարզ եւ զմայլելի. «Երգը կտր[ու]եցաւ ինչպէս մորթուած ոչխարի մը գլուխը»։[11]Յղումը կատարուած է յիշողութեամբ։ Տողը մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերութեան. «Լեւոնը սկսաւ քրտերէն ողբերգ … Continue reading Հրաշալի է։
Համբոյրներով՝
Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ
Երբեմն երբեմն ինծի հասնող «Սփիւռք»ին պոչին քանի [մը] բառ կպցուր, ինչպէս վարժեցուցիր ինծի։ Երբ չըլլայ կը տխրիմ։
Բ.
Փարիզ 8-3-67
Սիրելի Սիմոնեան,
Յուսամ որ այս անգամ նամակս ստացած եւ կարդացած ես, ինչպէս նաեւ երկու պրակները նախադասութեան մը կրճատումովը միացած։[12]Կ՚ակնարկէ Թեկնածուն վէպի տպագրական առաջին երկու պրակներուն։ Կը տեսնես որ տպագրական փոփոխութիւն մը, կրճատում մը կամ յաւելում մը կրնայ պատահիլ։ Ոչ այնքան սրբագրութեան համար։ Գիտեմ որ ինչքան բծախնդիր ես հայ գիրին հանդէպ, բայց իմ անիծուած գիրս երբեմն բառ մը ուրիշ բառի մը տեղ կ՚առնուի [sic]։[13]Որբունիի դժուարընթեռլի ձեռագրին մասին, տես Նշան Պէշիկթաշլեան, «Զարեհ Որբունի («Սփիւռք»ի մէջ լոյս տեսած իր … Continue reading Չեմ յուսար Բիւզանդին[14]Բիւզանդ Թօփալեանին (1902-1970), ֆրանսահայ բանաստեղծ ու Փարիզի Արաքս ապարանին սեփականատէրը։ պէս սրբագրութիւն մը անսրբագիր կը ձգես։ Բիւզանդը նմոյշ մըն է այդ տեսակէտով։ Երբէք [sic] չեմ մոռնար եւ դեռ չեմ ներած որ Վարձու սենեակ[15]Զարեհ Որբունի, Վարձու սենեակ, Փարիզ, ապ. Արաքս, 1946։ հատորին մէջ «Ապուշը» գրուածքին մէջ՝[16]Ըստ Որբունիի վկայութեան, ««Ապուշը» իմ ամենէն չսիրած գրուածքներէն մէկն է, անոր համար որ ան լոկ բնախօսական … Continue reading ուր խնդրոյ առարկայ է գեղեցիկ կին մը, անոր ձախ ծիծը երեք սրբագրութենէ վերջ կախ ծիծը մնացած է։[17]Յղումը կատարուած է յիշողութեամբ։ Խնդրոյ առարկայ նախադասութիւնը հետեւեալն է. «Արդէն Արմենակ ինքզինքը շատ … Continue reading Միայն տրամաբանութիւնը կը բաւէր որ շտկուէր։ Չեմ ըսեր որ Պալզաքին[18]Օնորէ տը Պալզաք (1799-1850), ֆրանսացի վիպասան։ պէս սրբագրութեան ատեն գրեթէ ամբողջութեամբ նոր գրութիւն մը կ’ընեմ։ Բանը բանէն անցնելէ վերջ է որ կը ցաւիմ միայն, միշտ մղուած ուրիշներուն իմ անձովս ձանձրոյթ չպատճառելու մտավախութենէն մղուած։ Հետեւաբար կը սպասեմ յաջորդ պրակներուն, հակառակ անթերի սրբագրութեան։
Խնդրեմ չաճապարես նոր մեկենաս մը փնտռելու ջանքիդ մէջ։[19]Սիմոն Սիմոնեան լռելեայն ապահոված էր Թեկնածունի մեկենասը՝ Գէորգ Երեւանեան։ Տես «Սփիւռք»ի 10 Նոյեմբեր եւ 1 … Continue reading Ասֆալդը[20]Զարեհ Որբունի, Ասֆալթը, Իսթանպուլ, տպ. Մարմարա, 1972։ դեռ կոյս վիճակի մէջ է։ Տակաւին գրելուն հետ չեմ հաշտուած։ Նոր նոր կը սկսիմ վարժուիլ բնակարանիս հետ։ ժամանակին սրճարանները կը գրէի։ Հիմա կը խորշիմ սրճարաններէն ու տունը նոր վարժութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ատեն մը գիշերապահութիւնը գերազանց պայմանը եղաւ արտադրութեան, բայց դժբախտաբար չեմ կրնար կինս[21]Որբունի 1937-ին ամուսնացած էր ֆրանսացի էլիզապէթ Հերի հետ։ մինակը ձգել գիշերով, մանաւանդ բացակայութեանս անկարող է պառկելու, քնանալու։[22]7 Նոյեմբեր 1966-ի նամակին մէջ, սակայն, Որբունի գրած էր Սիմոնեանին. «Կինս համաձայն է որ 6 ամսուան համար երթամ … Continue reading Պէյրութի, Ամերիկայի, ճաբոնի ճամբորդութեանս ատեն[23]Որբունի ու իր կինը ճափոն այցելած էին 1961-ին, Միացեալ Նահանգներ՝ 1965-ի գարնան, եւ Պէյրութ՝ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր … Continue reading անքուն գիշերներէն միշտ վերադարձիս յոգնած գտած եմ։ Յուսամ որ օրերս, շնորհիւ Բաբգէնին տանս մէկ անկիւնը պատրաստած յարմարութիւններուն, սկսիմ աշխատելու, այնպէս որ աշնան պատրաստ կ’ըլլայ։
Ի՞նչ կը խորհիս. քանի որ սկսանք Ուզունեան մրցանակին մասնակցիլ, չ’ա[՞]րժեր որ նոյնը ընենք Մելիտինեցիին[24]Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական … Continue reading մասնակցիլ այս անգամ Թեկնածունով։[25]Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1967։ Եթէ մրցանակին արժանանայ գիրքս դէպի Պէյրութ ճամբորդութիւն մը շահած կարելի կ[‘]ընենք։ Գրէ՛ այս մասին։
Օրերս հոս կը խօսին յօդուածի մը մասին, ինձմէ, «Սփիւռք»ի մէջ, Կ. Զարեանի[26]Կոստան Զարեան (1885-1969), արեւելահայ արձակագիր ու բանաստեղծ։ 1963-ին վերջնականապէս ներգաղթած էր Հայաստան։ մասին, զոր ես չեմ տեսած։[27]Զարեհ Որբունի, «Սփիւռքի գրականութեան մասին նամակ Կոստան Զարեանին», «Սփիւռք», 9 Փետրուար 1967։ Կ՚երեւի այդ թիւը չեմ ստացած։ Անցեալ շաբթուայ վերջն է որ 6-7 շաբթուան թերթեր հասան դէզով։ Կ՚երեւի այդ խուճապին մէջ կորսուած է այդ թիւը։ Կրնա՞ս հատ մը ղրկել տալ։ Բայց դեռ խելքիս չհասաւ թէ ինչպէս ձեռքդ ինկած է այդ յօդուած նամակը, որ սկիզբն է միայն եւ որ զրկուած իր ամբողջութենէն անպատակառութիւն կրնայ միայն ըսուիլ, մինչդեռ իր դրդապատճառը ընդվզում մըն էր եղած ձրի հրապարակ նետուած խօսքերէ։ Եւ որովհետեւ խիստ վիրաւորիչ էր մեծ բանաստեղծի հանդէպ, վճռած էի ընթացք չտալ ու ձգած էի տետրակիս մէջ կիսատ վիճակի մէջ։ Արդեօք տետրակս քո՞վդ մոռցած եմ։[28]Որբունիի գրութեան աւարտին, խմբագրական ծանօթութիւն մը յայտնած է. «Դժբախտաբար Զարեհ Որբունի չէ շարունակած իր … Continue reading Ուրկէ առիր, ինչ մտածեցիր անոր տեղ տալով։ Սիրտս շատ նեղուեցաւ։ Կ. Զարեանը ի վերջոյ հայ բանաստեղծութեան տիտան մըն է, շատ կեղծ ու շինծու մասերով, մարդ զարմացնելու ձգտումներով, բայց եւ այնպէս ինծի չէր մնար մարդը վարկաբեկել։ Երբ այդ թիւը ստանամ կը մտածեմ բռնելիք ընթացքիս վրայ կամ պէտք է ընդունիլ եղելութեան մը առջեւ գտնուիլը ու ամբողջացնել։
Ստացայ Գազանճեանին[29]Արշակ Գազանճեան (1935), լիբանանահայ արձակագիր։ Այժմ կ՚ապրի Գալիֆորնիա։ գիրքը։ Ինծի խոստացած էր երկու գիրքերը մէկ ղրկել։ Ցարդ լուր չելաւ։ Կեանքի համար[30]Արշակ Գազանճեան, Կեանքի համար, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1966։ առաջինն է թէ երկրորդը։[31]Կեանքի համարը Գազանճեանի առաջին գիրքն էր։ Յաջորդը՝ Անկարելի երազ վէպը, լոյս տեսած է 1969-ին։ Կարեւոր է գիտնալ։ Պարսումեանը[32]Երուանդ Պարսումեան (1910-2000), լիբանանահայ բանաստեղծ-արձակազիր։ 1966-ին Քուէյթ կ՚ապրէր։ երկու գիրքերն ալ տուած է ինծի։[33]Խօսքը հաւանաբար Ե. Պարսումեանի Երգ երգոց (Փարիզ, տպ. Արաքս, 1964) եւ Պրիսմակ (Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1966) հատորներուն … Continue reading Անցեալ ամառ հոնկէ անցած ատեն եկաւ գտաւ ինծի երեսուն տարի բաժանումէ մը վերջ եւ զինքը աւելի հասուն գտայ։ Հիմակ ու հիմա չեմ կրնար խոստանալ բան մը գրել գիրքերու մասին։ «Ասֆալթը» պիտի գրաւէ ամբողջ ժամանակս ու միտքս։ Միայն կ՚ուզեմ քու պատմուածքներուդ նամակ-յառաջաբանը գրել այժմ։[34]Ըստ երեւոյթին, Որբունի խոստացած էր Լեռնականներու վերջալոյսըի յառաջաբանը գրել։ Մէկ ու կէս տարի ետք գրուած … Continue reading
Օր. Եւգինէն[35]Եւգինէ Եփրեմեան, լիբանանահայ քանդակագործուհի։ Այժմ կ՚ապրի Գանատա։ Ծանօթ է իբրեւ Evkine de Greef (ամուսնութեան … Continue reading քու իրեն յանձնած նամակդ կորսնցուցած էր։ Պիտի գրէր քեզի նոր մը ղրկելու, եթէ կարեւոր հարկ մը կար մէջը։ Ահա թէ ինչո՞ւ կը գրես թէ չեմ պատասխանած նամակիդ, չըստացած [sic] նամակիդ։
Թեկնածունին առաջին ձեռագիրը կազմելու տուած եմ. եթէ պատրաստ ըլլայ մինչեւ Սարգիս Վահագնին[36]Սարգիս Վահագն (Փաթափութեան, 1927), լիբանանահայ արձակագիր։ Այժմ կ’ապրի Գալիֆորնիա։ մեկնիլը, հետը կը ղրկեմ իբրեւ նուէր իմ կողմէս պրն. Երեւանեանին,[37]Գէորգ Երեւանեան՝ Թեկնածունի լիբանանահայ մեկենասը։ ի հարկէ եթէ յարգի կ’անցնի։ Չե՞ս խորհիր որ իւրաքանչիւր մեկենասին [պէտք է] տալ գրքին ձեռագիրը։ Հայերու մէջ ձեռագիրի յարգանք եւ արժէք տուող չկայ, բայց հեղինակ մը աւելի արժանաւոր ժեստ մը չի կրնար ընել։
Ո՞ր թուականին կը խորհիս որ Թեկնածուն աւարտած կ՚ըլլայ։[38]Ըստ գիրքի վերջին էջի ազդին, Թեկնածունի տպագրութիւնը աւարտած է 3 Յունիս 1967-ին, թէեւ աւելի ուշ տակաւին մամուլի … Continue reading Երեւան գրեցի գրքիս խմբագրին[39]Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Երեւան, Հայաստան հրատարակչութիւն, 1967։ Գիրքին խմբագիրը արձակագիր Վահան Դաքեսեանն … Continue reading որ գրքիս օնոռառով[40]Պատուագին (ֆրանսերէն)։ ինծի եւ տիկնոջս համար երկու տոմսակ ղրկեն Յունիսի համար գրքիս երեւանեան հրատարակութեան առթիւ։ Կրնամ հետս տանիլ եւ Թեկնածունէն, եթէ ի հարկէ տրամադրելի ըլլայ անմիջապէս։
Քեզ հոս սպասող անհամբեր ու համբուրող՝
ԶԱՐԵՀ
Գ.
Paris 3-4-67
Սիրելի Սիմոնեան,
Բան չհասկցայ «աչքդ լոյս»էդ։[41]Սիմոնեան այս բառերը գրած է Որբունիին ղրկուած «Սփիւռք»ի օրինակին վրայ։ Ոչ զաւակ ունեցայ եւ ոչ ալ նոր փեսայ եղայ։ ժամանակը կ’երեւայ պէտք է լուծէ այդ հանելուկը։
Նորէն ronflant[42]Ուռուցիկ (ֆրանսերէն)։ chapeau[43]Ներածական (ֆրանսերէն)։ մը դրեր ես Թեկնածունին[44]Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, «Սփիւռք» 2 Ապրիլ 1967։ ու կը ստիպես ինծի պատասխան տալ։ Ես գրած եմ արդէն այդ մասին։ Երբեք չեմ կասկածիր քու անկեղծութեանդ վրայ, ինչ որ եթէ մարդու մը առաւելութիւնն է, քեզի յաճախ գէշ խաղեր կը խաղայ։
Ես ալ անկեղծօրէն պիտի ըսեմ։ Այսօրուան «Սփիւռք»ի մէջ դրածդ (Վահագնին նամակը) chapeau-իդ պատճառով կարդացի։ Չէ’, չեղաւ։ Նորէն յուսահատութիւն եկաւ վրաս։ Իմ գրականութիւնս եթէ պատահի որ գոհացում տայ, երբ գրքի ձեւին տակ ձեռքիս իյնայ։ Անկէ դուրս անկարելի է, չեմ կրնար ճաշակել զայն։ Երկար բարակ պիտի ըլլար գրել այս մասին բացատրութիւններ. միայն թէ երբ կը կարդամ կը զգամ թէ գրածիս տուն տուող նիւթին կրակը միշտ անմար է։ Ան չէ կրցած ըլլալ այն քանականութեամբ մէջ [sic], այդ զոր պէտք էր վրան թափել։ Ահա ինծի համար գլխաւոր պատճառը անոր անկատարութեան։ Բայց հեղինակը իրաւունք չունի իր գործին մասին խօսելու, իր կարծիքը արժեչափ մը չէ։ Դուրսէն դիտողն է որ կրնայ անոր վրայ նայիլ ու դատել։
Եւ եղեւ մարդը[45]Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, ա.ա., 1964։ լոյս տեսնելէն առաջ նոյն անձկութեան մէջ էի։ Հապճեպով գրուած է ու ծարաւս անյագուրդ կը մնար։ Առնուազն 100 էջ կը պակսէր ինծի համար լրիւ ըլլալու համար,[46]Տե՛ս Որբունիի բացատրութիւնը վէպին «Երկու խօսք»ին մէջ (անդ, էջ 187-188)։ հակառակ երբեմն ըսուածներուն թէ քիչ մը երկարաձգումներ ունի։ Թոմասին ներաշխարհը աւելի պեղումի կը կարօտի, Սրբուհին հազիւ ուրուագիծէն դուրս ելած է, իսկ Հրանդը արժանի է աւելի concret[47]Իրացական (ֆրանսերէն)։ դիմագծի։ Նոյնը Թեկնածունին համար։ Աւա՜ղ, Վահագնը կը կարօտի կարգ մը մանրամասնութիւններու. կը խորհիմ յաջորդ վէպերուս իր մասին տեղեկութիւններ տալ թերեւս Արշալոյսի միջոցաւ, որ վերջին հատորներէն մէկուն մէջ գլխաւոր անձերէն մէկն է Աբգարին հետ։
Ամէն պարագայի ըսածներդ չեն շփացներ զիս, այլ սիրտս կը տաքցնեն կարենալ շարունակելու համար Հալածուածները.[48]Որբունիի Հալածուածները վիպաշարը ծրագրուած էր ութը հատորներով («Զարեհ Որբունիի հետ», «Սփիւռք» , 29 Սեպտեմբեր … Continue reading կարծեմ թէ եթէ հետզհետէ անոր հրատարակութեան փաստը[49]Թեկնածուն՝ Հալածուածներուն երկրորդ հատորն է։ տուած չըլլայիր, այսքան ստիպողականութեամբ գործի չի լծուէի։
Քեզմէ ներողութիւն եւ խնդրանք մը ունիմ. հակառակ գրադարանս դասաւորման եւ մաքրագործման ենթարկած ըլլալուս անկարելի կ՚ըլլայ կոր ձեռքս հատորիդ վրայ դնելու։ Երբեմն, բուռն փափաք մը կը բռնէ կոկորդէս գրելու համար նամակ-յառաջաբանը։ Բայց գիրքը չեմ գտներ։ Կ՚աղաչեմ այս ստանալուդ հատ մը ղրկէ անմիջապէս։ 20000դ[50]Սիմոն Սիմոնեան, «20.000-էն մէկը…», «Սփիւռք», 5 եւ 12 Մարտ 1967։ շատ լաւ էր, չեմ գիտեր թէ «Ասլան»ը պիտի հասնի անոր։ Կը սպասեմ վերջաւորութեան։[51]Սիմոն Սիմոնեան, Խմբապետ Ասլանի աղջիկը, «Սփիւռք», 2, 9, 16 եւ 23 Ապրիլ, 1967։ Առանձին հատորով՝ Սիմոն Սիմոնեան, … Continue reading
Մարտ 31-ին Եւ եղեւին երեկոյթ մը եղաւ հոս (երկու տարի վերջ)[.][52]Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութեան կողմէ։ արդիապաշտ խօսնակ Յարութիւն Քիւրքճեանը[53]Յարութիւն Քիւրքճեան (1946), լիբանանահայ գրաքննադատ եւ մանկավարժ։ Այժմ կ’ապրի
Յունաստան։ եղաւ իմ ընտրութիւնս։ Կեցցէ Պէյրութը. հասարակութիւնը ափ ի բերան մնաց ։[54]Քիւրքճեան խտացուցած էր իր նախապէս հրատարակուած յօդուածին դրոյթները։ Տե՛ս Յարութիւն Քիւրքճեան, «Սփիւռքահայ … Continue reading Ինչո՞ւ Գէորգը չի գրեր կոր։ Երդուա՞ծ է։
Համբոյրներ՝
Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ
Երբ կ’ուգա՞ս [sic][55]Գրուած է առաջին էջի լուսանցքին վրայ։
Դ.
Փարիզ 6-4-67
Սիրելի Սիմոնեան,
Սարգիս Վահագնին հետ քեզի ղրկեցի Պարոն Երեւանեանին նուէրս՝ Թեկնածունին ձեռագիրը, կազմուած։
Ստացա՞ր եւ յանձնեցի[՞]ր։ Երբեմն երկու տող գրէ, զիս մութին մէջ մի ձգէր [sic]։ Ի՞նչ ընդունելութիւն ըրաւ Պրն. Երեւանեանը նուէրիս։
«Սփիւռք»ին անկիւնը երբեմն խորհրդաւոր բառեր կը գրես։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզես «աչքդ լոյս»ով։
Պիտի գա՞ս այս կողմերը։ Լաւ բան մը ըրած կ’ըլլաս։
Այս տողերս կը գրեմ մանաւանդ ըսելու համար որ եթէ կը փափաքիս եւ եթէ մնացած է «Գոհարիկ»էն[56]Կ’ակնարկէ հետեւեալ հատորին՝ Զարեհ Որբունի, Պատմուածքներ, Պէյրութ, Սեւան հրատարակչական տուն, 1966։ … Continue reading կրնաս ղրկել ինծի 20 օրինակներ, ծախուելու համար քու հաշուոյդ հոս նոր կազմուած երիտասարդական կազմակերպութեան մը, որ տուն մըն ալ գնած է, տալիք գրատօնին։[57]Կազմակերպութեան ինքնութիւնը չկրցանք պարզել։ Չեմ գիտեր թուականը, բայց կարծեմ Ապրիլի կէսին է։
Եթէ աճապարես կը հասնի։
Մօտաւորապէս ե՞րբ լոյս կը տեսնէ Թեկնածուն։
Գիրքդ շուտ ղրկէ որ գրեմ յառաջաբանը։
Սիրով՝
Քոյդ
Զ. ՈՐԲՈՒՆԻ
«Սփիւռք»ին պիտի ղրկենք Ճիզմէճեանին[58]Գրիգոր Ճիզմեճեան (1904-1966), ֆրանսահայ բանաստեղծ։ Տե՛ս «Զարեհ Որբունիի հետ»,
«Սփիւռք», 3 Նոյեմբեր 1966։ երիտասարդութեան բանաստեղծութիւններէն, փոքրիկ կոչով։ Կը յուսամ թէ հակառակ չես[59]Գր. Ճիզմեճեանէն որեւէ բանաստեղծութիւն լոյս տեսած չէ «Սփիւռք»ի մէջ։։
↑1 | Հաւանաբար՝ 2 rue Bourbon le Château, Paris VI հասցէն։ Տե’ս Յ. Կարեւորեան, «Եւ եղեւ մարդ», «Սփիւռք», 6 Հոկտեմբեր 1965։ |
---|---|
↑2 | Բաբգէն Պօտոսեան, ֆրանսահայ նկարիչ։ Նկարազարդած է Զարեհ Որբունիի Անձրեւոտ օրեր պատմուածքներու ժողովածուն (Փարիզ, 1958)։ |
↑3 | Խօսքը Հայաստանի գրողներու հինգերորդ համագումարին մասին է, որ տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 1966-ին։ |
↑4 | Տե’ս «Խմբագրի օրատետրէն», «Սփիւռք», 27 Հոկտեմբեր 1966։ Այս գրութեան մէջ, Սիմոնեան նաեւ նշած է, թէ Որբունի, Հոկտեմբեր 20-ին, աճապարած էր մեկնիլ Պէյրութէն, այն տպաւորութեան տակ, որ հրաւիրուած էր մասնակցելու համագումարին։ |
↑5 | Տե’ս Զ. Մ. Որբունի, «Կոչ սփիւռքահայութեան գրողներուն», «Սփիւռք», 12 Յունուար 1966 (վերատպուած՝ 19 Յունուարին)։ |
↑6 | Ֆրանսայէն մասնակցած էին գրագէտներ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Աւետիս Ալիքսանեան (1910-1984)։ |
↑7 | Նսեմացնել (ֆր.)։ |
↑8 | Գէորգ Աճէմեան (1932-1998), լիբանանահայ գրագէտ ու հրապարակագիր, «Սփիւռք»ի արտօնատէր եւ խմբագրապետ (1975, 1978, 1985-1988)։ |
↑9 | Յաջորդ պարբերութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Որբունի Լեռնականներու վերջալոյսը պատմուածքներու հատորը (Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1968) կարդացած է անտիպ վիճակի մէջ։ |
↑10 | Անսեթեւեթ (ֆրանսերէն)։ |
↑11 | Յղումը կատարուած է յիշողութեամբ։ Տողը մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերութեան. «Լեւոնը սկսաւ քրտերէն ողբերգ մը… Երգը կարուեցաւ մորթուած ոչխարի մը գլուխին պէս եւ յանկարծ Հնակարկատ Լեւոնը, Սասնոյ Սեմալ գիւղէն, Քեաթիպ Սանուկի եղբօրորդին, Սասունցիներու երեսփոխանական ժողովին յաւիտենական նախագահը, մարեցաւ. Լեւոնի գլուխը ինկաւ՝ իր ծունկերուն վրայ մրափող շան վրայ» (Սիմոն Սիմոնեան, Լեռնականներու վերջալոյսը, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1968, էջ, 131)։ |
↑12 | Կ՚ակնարկէ Թեկնածուն վէպի տպագրական առաջին երկու պրակներուն։ |
↑13 | Որբունիի դժուարընթեռլի ձեռագրին մասին, տես Նշան Պէշիկթաշլեան, «Զարեհ Որբունի («Սփիւռք»ի մէջ լոյս տեսած իր քանի մը պատմուածքներուն առթիւ)», «Սփիւռք», 20 Հոկտեմբեր 1966։ |
↑14 | Բիւզանդ Թօփալեանին (1902-1970), ֆրանսահայ բանաստեղծ ու Փարիզի Արաքս ապարանին սեփականատէրը։ |
↑15 | Զարեհ Որբունի, Վարձու սենեակ, Փարիզ, ապ. Արաքս, 1946։ |
↑16 | Ըստ Որբունիի վկայութեան, ««Ապուշը» իմ ամենէն չսիրած գրուածքներէն մէկն է, անոր համար որ ան լոկ բնախօսական հանգամանք մը ունի։ Գրուած՝ 1942-ին, Գերմանիա գերութեան օրերուս, երբ մեզի արգիլուած էր կնոջ մը երեսը նայիլը։ Իրիկուն մը, մէկ անգամէն գրեր էի զայն, ապրելու համար սիրային կեանք մը» (Զարեհ Որբունի, «Ինչո’ւ սպաննեցի Ֆրաու Ֆրիտան», «Սփիւռք», 3 Փետրուար 1966, էջ 6)։ |
↑17 | Յղումը կատարուած է յիշողութեամբ։ Խնդրոյ առարկայ նախադասութիւնը հետեւեալն է. «Արդէն Արմենակ ինքզինքը շատ մօտիկը գտաւ կնոջ կուրծքին, երբ այս վերջինին երկար թեւը եկաւ գերեվարել իր գլուխը որ գնաց խրիլ կախ ստինքին վրայ» (Որբունի,Վարձու սենեակ, էջ 149)։ |
↑18 | Օնորէ տը Պալզաք (1799-1850), ֆրանսացի վիպասան։ |
↑19 | Սիմոն Սիմոնեան լռելեայն ապահոված էր Թեկնածունի մեկենասը՝ Գէորգ Երեւանեան։ Տես «Սփիւռք»ի 10 Նոյեմբեր եւ 1 Դեկտեմբեր 1966-ի թիւերուն առաջին էջերը։ |
↑20 | Զարեհ Որբունի, Ասֆալթը, Իսթանպուլ, տպ. Մարմարա, 1972։ |
↑21 | Որբունի 1937-ին ամուսնացած էր ֆրանսացի էլիզապէթ Հերի հետ։ |
↑22 | 7 Նոյեմբեր 1966-ի նամակին մէջ, սակայն, Որբունի գրած էր Սիմոնեանին. «Կինս համաձայն է որ 6 ամսուան համար երթամ գիշերապահութիւն ընեմ։ Միակ միջոցը մարդավարի գրելու, բանտ մտածի պէս։ Ասֆալթը պէտք է ամենաշատը 3 ամիսէն լրացնեմ, այսինքն Դեկտեմբերէն Ապրիլի սկիզբը, մինչեւ անոր ուրիշ շաքարանուէր լիմա’՝ մեկենասութիւն. Վ.Մ.յ գտնուիլը։ Գիշերապահութեան երթալով մեծ զրկանքներ կը ստանձնեմ, զրկելով զիս եւ կինս թատրոններէ, սինեմայէ եւայլն» («Զարեհ Որբունի կը վերադառնայ գիշերապահութեան գրելու համար… ի լուր իր գիրքին մեկենասութեան», «Սփիւռք», 17 Նոյեմբեր 1966)։ |
↑23 | Որբունի ու իր կինը ճափոն այցելած էին 1961-ին, Միացեալ Նահանգներ՝ 1965-ի գարնան, եւ Պէյրութ՝ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1966-ին։ |
↑24 | Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակները հաստատուած էին 1966-ին։ Տե’ս «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ», «Սփիւռք» 3 Փետրուար 1966 եւ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ», «Սփիւռք», 11 Օգոստոս 1966։ |
↑25 | Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1967։ |
↑26 | Կոստան Զարեան (1885-1969), արեւելահայ արձակագիր ու բանաստեղծ։ 1963-ին վերջնականապէս ներգաղթած էր Հայաստան։ |
↑27 | Զարեհ Որբունի, «Սփիւռքի գրականութեան մասին նամակ Կոստան Զարեանին», «Սփիւռք», 9 Փետրուար 1967։ |
↑28 | Որբունիի գրութեան աւարտին, խմբագրական ծանօթութիւն մը յայտնած է. «Դժբախտաբար Զարեհ Որբունի չէ շարունակած իր գեղեցիկ ու վերին աստիճան շահեկան պատասխանը, գէշ տրամադրութեան կամ գէշ… օդի պատճառով։ Որբունիին ձեռագիրը գտանք իր թողօններուն մէջ, զորս ձգած էր «Սփիւռք»ի տան մէջ։ Իրեն կը մնայ զայն շարունակել» (անդ, էջ 11)։ |
↑29 | Արշակ Գազանճեան (1935), լիբանանահայ արձակագիր։ Այժմ կ՚ապրի Գալիֆորնիա։ |
↑30 | Արշակ Գազանճեան, Կեանքի համար, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1966։ |
↑31 | Կեանքի համարը Գազանճեանի առաջին գիրքն էր։ Յաջորդը՝ Անկարելի երազ վէպը, լոյս տեսած է 1969-ին։ |
↑32 | Երուանդ Պարսումեան (1910-2000), լիբանանահայ բանաստեղծ-արձակազիր։ 1966-ին Քուէյթ կ՚ապրէր։ |
↑33 | Խօսքը հաւանաբար Ե. Պարսումեանի Երգ երգոց (Փարիզ, տպ. Արաքս, 1964) եւ Պրիսմակ (Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1966) հատորներուն մասին է։ |
↑34 | Ըստ երեւոյթին, Որբունի խոստացած էր Լեռնականներու վերջալոյսըի յառաջաբանը գրել։ Մէկ ու կէս տարի ետք գրուած անթուակիր նամակի մը մէջ, ան խօսած է յառաջաբանը գրելու դժուարութեան մասին։ Հատորը լոյս տեսած է առանց յառաջաբանի։ |
↑35 | Եւգինէ Եփրեմեան, լիբանանահայ քանդակագործուհի։ Այժմ կ՚ապրի Գանատա։ Ծանօթ է իբրեւ Evkine de Greef (ամուսնութեան մականունով)։ Տե’ս Ս., «Արձանագործ Եւգինէ», «Սփիւռք», 8 Դեկտեմբեր 1966։ |
↑36 | Սարգիս Վահագն (Փաթափութեան, 1927), լիբանանահայ արձակագիր։ Այժմ կ’ապրի Գալիֆորնիա։ |
↑37 | Գէորգ Երեւանեան՝ Թեկնածունի լիբանանահայ մեկենասը։ |
↑38 | Ըստ գիրքի վերջին էջի ազդին, Թեկնածունի տպագրութիւնը աւարտած է 3 Յունիս 1967-ին, թէեւ աւելի ուշ տակաւին մամուլի տակ կը ծանուցուէր (տե’ս «Սփիւռք», 25 Յունիս 1966)։ «Լոյս տեսաւ»ի ծանուցումը տե’ս «Սփիւռք», 30 Յուլիս 1967։ |
↑39 | Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Երեւան, Հայաստան հրատարակչութիւն, 1967։ Գիրքին խմբագիրը արձակագիր Վահան Դաքեսեանն էր (1905-1982)։ |
↑40 | Պատուագին (ֆրանսերէն)։ |
↑41 | Սիմոնեան այս բառերը գրած է Որբունիին ղրկուած «Սփիւռք»ի օրինակին վրայ։ |
↑42 | Ուռուցիկ (ֆրանսերէն)։ |
↑43 | Ներածական (ֆրանսերէն)։ |
↑44 | Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, «Սփիւռք» 2 Ապրիլ 1967։ |
↑45 | Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, ա.ա., 1964։ |
↑46 | Տե՛ս Որբունիի բացատրութիւնը վէպին «Երկու խօսք»ին մէջ (անդ, էջ 187-188)։ |
↑47 | Իրացական (ֆրանսերէն)։ |
↑48 | Որբունիի Հալածուածները վիպաշարը ծրագրուած էր ութը հատորներով («Զարեհ Որբունիի հետ», «Սփիւռք» , 29 Սեպտեմբեր 1966, էջ 11)։ Որբունի հասցուցած է գրել վեց հատոր ու հրատարակել՝ չորս |
↑49 | Թեկնածուն՝ Հալածուածներուն երկրորդ հատորն է։ |
↑50 | Սիմոն Սիմոնեան, «20.000-էն մէկը…», «Սփիւռք», 5 եւ 12 Մարտ 1967։ |
↑51 | Սիմոն Սիմոնեան, Խմբապետ Ասլանի աղջիկը, «Սփիւռք», 2, 9, 16 եւ 23 Ապրիլ, 1967։ Առանձին հատորով՝ Սիմոն Սիմոնեան, Խմբապետ Ասլանի աղջիկը, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1967։ |
↑52 | Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութեան կողմէ։ |
↑53 | Յարութիւն Քիւրքճեան (1946), լիբանանահայ գրաքննադատ եւ մանկավարժ։ Այժմ կ’ապրի Յունաստան։ |
↑54 | Քիւրքճեան խտացուցած էր իր նախապէս հրատարակուած յօդուածին դրոյթները։ Տե՛ս Յարութիւն Քիւրքճեան, «Սփիւռքահայ հոգեբանական վէպը եւ ենթակայական ճշմարտութեան մը որոնումը (Զ. Որբունիի Եւ եղեւ մարդ վէպին առիթով)», «Բագին», Յունիս 1966, էջ 29-38։ |
↑55 | Գրուած է առաջին էջի լուսանցքին վրայ։ |
↑56 | Կ’ակնարկէ հետեւեալ հատորին՝ Զարեհ Որբունի, Պատմուածքներ, Պէյրութ, Սեւան հրատարակչական տուն, 1966։ «Գոհարիկ»ը առաջին պատմուածքին վերնագիրն է։ |
↑57 | Կազմակերպութեան ինքնութիւնը չկրցանք պարզել։ |
↑58 | Գրիգոր Ճիզմեճեան (1904-1966), ֆրանսահայ բանաստեղծ։ Տե՛ս «Զարեհ Որբունիի հետ», «Սփիւռք», 3 Նոյեմբեր 1966։ |
↑59 | Գր. Ճիզմեճեանէն որեւէ բանաստեղծութիւն լոյս տեսած չէ «Սփիւռք»ի մէջ։ |