Զապէլ Եսայեան

ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ

(Վէպ տեղական կեանքէ)

Ընդարձակ ննջասենեակին մէջ Յակոբ անկողնին մէջ երկնցած եւ գլուխը բարձին, աչքերը ծուլօրէն կը պտտցնէր արեւի ճառագայթներուն վրայ որ փետրուարի վերջին օրերուն անակնկալ եւ կանխահաս գարունի մը շնորհը կ՚ընէր: Ապաքինման երկար օրեր կ՚անցընէր այսպէս, ծանր հիւանդութենէ մը ետքը զոր, ցրտառութիւն մը միացած հոգեկան մեծ տագնապներու, պատճառած էին իրեն: Իր տենդերէ եւ ջղային տագնապներէ ընդարմացած ուղեղը հետզհետէ կ՚արթննար կեանքին. երբեմն հաճելի յիշատակ մը իր թոյլ դիմագիծերուն վրայ ժպիտ մը կ՚ուրուագծէր, ինչպէս երբեմն ալ յօնքերը կը կծկուէին եւ իր եղնիկի երկայն կտրուած աչքերը կը լեցուէին տխրութիւնով. աւելի նիհարած եւ նկուն իր ճերմակ շապիկին մէջ, երիտասարդ մարտիրոսի միսթիք երեւոյթ մը ունէր, դէմքը վերջացած խարտեաշ մօրուքով մը որուն թելերը կարծես աւելի բարակ՝ կ՚ոսկեզօծուէին արեւէն. դիմացը՝ պատուհանին երկուքի բաժնուած վարագոյրներուն մէջտեղէն Չամլըճայի մանիշակագոյն կողերը կը բարձրանային, դեռ բոլորովին զուրկ կանանչէ եւ տեղ-տեղ բեռնաւորուած մացառուտ եւ սեւ բոյսերով: Կարմիր հողեր, ժայռուտ եւ ամուլ, կը ցցուէին ասդին-անդին եւ արեւին ճառագայթները կը խաղային անոնց հետ բեկբեկ ճաճանչներով եւ հազիւ թէ կրնային փարատել մացառներուն երկնցած եւ մթին շուքերը:
     Յակոբ սանդուղներուն վրայ բազմաթիւ ոտնաձայներ լսեց եւ դէմքը դարձուց դէպի դուռը՝ դժուարաւ շտկուելով իր անկողնին մէջ: Րոպէ մը ետքը երիտասարդ նորահաս բժիշկ մը, տոքթէօռ Մանիսեան որ զինքը ճարտարութեամբ խնամած էր, ներս մտաւ Աննիկին հետ:
     — Բարի լոյս, Յակոբ էֆենտի…
     — Բարի լոյս, տօքթէօռ, ըսաւ Յակոբ դէպի բժիշկին դառնալով ժպտուն:
     — Է՜հ, կ՚երեւի այսօր սեւ մտածումները թռեր գացեր են, որովհետեւ զգալի կերպով լաւ կը տեսնեմ կոր ձեզ:
     Յակոբ տարտամ շարժում մը ըրաւ ձեռքով, ա՛յնքան հաճելի էր ապրիլ երկայն ձմեռէ մը ետքը արեւին առաջին ճառագայթներէն տաքցած, եւ հոգին թրթռուն այն շատ մը անսահմանելի զգայնութիւններով, որ փափկացած ջիղերը կու տան ընդհանրապէս՝ ապաքինման մէջ եղող հիւանդներուն: Իրենց քով Աննիկ, զգալի կերպով ծերացած՝ որպէս թէ քանի մը տարիներ անցած ըլլային իր պզտիկ եւ մոխրագոյն գլխուն վրայէն, մռայլ եւ տրտում կը կենար. երբեմն երկչոտ խանդաղատանք մը կեանքով կը լեցնէր իր մարած աչքերը, բայց շուտով կ՚անցնէր ասիկա եւ գլխուն շարժումը, կասկածի եւ հեգնութեան շարժում, այլեւս չէր դադրեր բնաւ եւ իրեն ամբողջ անձին դեդեւուն երեւոյթ մը կու տար:
     Յակոբին երկար հիւանդութեանը եւ ապաքինմանը միջոցին զայն խնամած էր մեքենաբար, մանրամասնօրէն հետեւելով բժիշկին պատուէրներուն, բայց հոգին այլուր, զբաղած եւ գրաւուած էր տարբեր եւ ամենուն անծանօթ մտմտուքով մը: Ընդհակառակն, Զարուհի անմիջապէս մոռցեր էր իր հեշտին ցաւը, իր արցունքները, իտալացին եւ քաջութեամբ հսկած էր Յակոբին քով. իր զգայնամոլ եւ յուզմունքի ծարաւի հոգին յագուրդ գտած էր վտանգին ճակատելու յանդգնութեանը մէջ: Հիւանդութեան երկար օրերու ընթացքին՝ Յակոբ իր արթուն վայրկեաններուն անդրադարձած էր, թէ տիկին Նոյեմիի բամբասանքները որքան անտեղի էին: Այս մտածումը կազդուրած էր զինքը եւ աւելի եռանդով, իր հիւանդ եւ անցնելու վրայ եղող հոգիին բոլոր տենդովը եւ խանդովը փարած էր երիտասարդ աղջկան:
     Տոքթէօռ Մանիսեան ուշադրութեամբ կը քննէր Յակոբը՝ ականջը դրած կռնակին:
     Քիչ մը հազա՛, հիմա շունչ մի՛ առներ: Եւ մատի պզտիկ հարուածներ տալով ուսին, նշանացի կ՚ապահովցնէր Աննիկը, որ անձկութեամբ կը սպասէր քննութեան արդիւնքին. յետոյ, կրկին-կրկին մտիկ ընելէ ետքը, ձեռքը բարեկամաբար Յակոբին ուսին դրած, ըսաւ.
     — Ահաւասի՛կ, բարեկամս, այլեւս ամէն վտանգէ զերծ ես. քիչ մըն ալ հանգիստ, երկու շաբաթի չափ, եւ եթէ օդերը այսպէս շարունակեն, կատարելապէս կ՚առողջանաս:
     Դրանը վրայ թեթեւ հարուածներ իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին:
    — Մտէ՛ք, ըսաւ Յակոբ, հարուածները ճանչնալով:
     Զարուհի երկչոտութեամբ իր խարտեաշ գլուխը ներս մտցուց եւ անձկութեամբ նայեցաւ բժիշկին:
    — Եկէ՛ք օրիորդ, կրնաք մտնել, ըսաւ տոքթէօռը ձեռքը երկնցնելով, որուն շարժումին մտերմութիւնը անհաճոյ կերպով զարմացուց Յակոբը:
     Բայց երբ երիտասարդ աղջիկը իր անկողնին վրայ ծռեցաւ եւ գրեթէ շունչը շունչին զինքը շնորհաւորեց իր լաւ վիճակին համար, զոր Աննիկ նախապէս հաղորդած էր իրեն, այնպիսի հեշտագին զգացումով մը իր երակները ողողուեցան որ իր թեթեւ մը ցցուած այտերը կարմրեցան տենդագին ջերմութիւնով մը եւ մազերուն արմատներէն քրտինքի կաթիլներ բողբոջեցին: Յետոյ գրեթէ ինքզինքէն ելած եւ դէմքը ծամածռած ջղային գալարումով մը, դեռ կմախքի պէս վտիտ ձեռքերը դրաւ Զարուհիին ձեռքերուն մէջ եւ իր տժգոյն շրթունքներով անգիտակից բառեր մրմնջեց, որոնց նշանակութիւնը եւ ճշմարիտ յուզումը Զարուհի զգաց անգիտակցաբար, անոր եւ մելամաղձոտ աչքերուն տագնապալի տխրութենէն: Որքան ալ արագ անցաւ ասիկա եւ Յակոբին դէմքը թէեւ մասամբ մը ծածկուած էր Զարուհիին գլխէն, բժիշկը եւ Աննիկ իրարու երես նայեցան եւ կարծես իրարմէ սպասեցին բացատրութիւնը:
     Քիչ մը ետքը երեքն ալ բոլորուած հիւանդին անկողնին շուրջը, կը խօսակցէին բռնի զուարթութեամբ. երբեմն բժիշկին աչքերը զմայլանքով լեցուն կը դառնային Զարուհիին հասակին եւ իր ոսկեզօծ խարտեաշի սքանչելի գլխուն. անոր մութ կապոյտ աչքերը գոհարներու պէս կը նշուլէին իր ցորենագոյն եւ տաք մորթին վրայ: Երբեմն Զարուհի պչրանքով կը ժպտէր անոր եւ իր շրթունքի անկիւններուն փոսիկները կը խորնային եւ աւելի հրապուրիչ կը դարձնէին իր դիմագիծերուն գեղեցկութիւնը, որոնց վրայ կարծես լոյսը եւ ստուերը փայփայանքով կ՚անցնէին եւ մասնաւոր ներդաշնակութեամբ մը կը խառնուէին իրարու:
     Աննիկ Յակոբին հետ խօսքի բռնուած էր երբ բժիշկը ոտքի ելաւ մեկնելու համար, եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ Զարուհիին հետ պատուհանին մօտիկցաւ. դուրսի շքեղ գիւղանկարին վրայ կը խօսէին, բայց յանկարծ իրենց ձայնը մեղմացաւ եւ անլսելի դարձաւ. եւ մինչ Յակոբ առանց մտիկ ընելու Աննիկին խօսքերուն իր ցաւագին աչքերը կը սեւեռէր դիմացը պատուհանին առաջքը խօսակցող զոյգին վրայ, Զարուհի պչրանքով գլուխը շարժեց եւ աչքերը դարձնելով բժիշկին իր թարմ եւ լեցուն շրթունքներովը ժպտեցաւ երկարօրէն:
     Իրիկունը երբ Յակոբ առանձին մնաց, ժամերով խորհեցաւ Զարուհիին վրայ. այդ աղջկան առեղծուածային հոգին, բարութիւնով, անձնուիրութեամբ, պչրանքով եւ հեշտասիրութեամբ խառն, զինքը կը շփոթեցնէր. հիմակ այլեւս վստահ էր, թէ իտալացին մոռցուած էր բոլորովին: Յակոբ դեռ շատ անփորձ էր եւ միամիտ լաւատեսութիւն մը ունէր, անդրադառնալու համար տեսակ մը կիներու մոռացումի սքանչելի յատկութեան վրայ, որով իւրաքանչիւր սիրային արկածէ ետքը անոնց սիրտը կը վերածնի եւ կը թարմանայ կոյս սրտի մը պէս. եթէ ուրախ էր որ Զարուհիին սրտին մէջ իր կորսնցուցած սիրոյն հետքը չէր մնացած, -որուն համար ինքն իսկ տեսած էր թէ ինչչափ արցունք թափած էր-, միւս կողմանէ այս պարագան վախ կը պատճառէր իրեն. մէկէն բնազդային կարողութիւնով մը ըմբռնեց թէ Զարուհիին սիրտը պարապ չէր կրնար ըլլալ եւ թէ պչրանքի ու դարպասուելու վարժուած անոր զգայարանքները չէին կրնար ծոյլ եւ հանդարտ մնալ. հիմակ որ իր հիւանդ մարդու նուաղկոտ հոգին բոլորովին ողողուած էր այդ կեանքով եւ հեշտանքով բաբախուն աղջկանը սիրովը, տարտամօրէն կը զգար թէ երբեք անոր մութ կապոյտ աչքերը իրեն չպիտի ժպտէին այնպէս ինչպէս բժիշկին ժպտած էին ցորեկը պատուհանին առաջքը. այլ սակայն, ի՜նչ արեւ, որուն ջերմութեան եռանդագին կը փափաքէր, որուն լոյսէն առկախ մնացած էր իր դեդեւուն եւ անցնելու վրայ եղող կեանքը. եւ ահա ցաւեցաւ առողջացած ըլլալուն, երկարօրէն կարօտով յիշեց այն տագնապալի գիշերները ուր իր կեանքը վտանգի մէջ ըլլալուն, Զարուհի իր բոլոր անձին երիտասարդ արիութիւնովը մաքառած էր հիւանդութեան դէմ. այդ պայքարը մոռցնել տուած էր իրեն մեղկ եւ թոյլ կեանքի մէջ ծաղկող հեշտասիրութիւնները եւ Զարուհիին մտածումը սեւեռած էր իր վրայ. հիմա որո՞ւ գացած էր այդ մտածումը, հիմա իր ննջասենեակին մէջ արթուն մնացած, Զարուհի որո՞ւ վրայ կը խորհէր եւ իր միտքը կ՚օրօրէր սիրազեղ բառերու ներդաշնակութիւնովը:
     Տոքթէօռ Մանիսեանի սիլուէթը կ՚ուրուագծուէր իր տատամսող մտքին առաջք եւ Յակոբ դեռ տկար իր ծանր հիւանդութենէն՝ բուռն կիրքեր կը զգար, ատելութեան տագնապներ, որ զինքը քրտինքով կ՚ողողէին եւ սրտի այնպիսի բաբախումներ կը պատճառէին որ ինք անոնց զարկը կը լսէր որոշապէս իր դղրդուած էութեան մէջէն իբր թէ իր մարմինէն անկախ աղմուկ մը ըլլար:

                                                                                                   (Հատուած վէպէն)

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 2