Յարութիւն Պէրպէրեան

ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ

Րաֆֆիին

Հանրակառքը դեռ կը կապէ
քեզ անցեալիդ։ Տարիներուն
որոնք արդէն կը տանէին
պատանեկան երազներու,
երբ աշխարհդ կը տարածուէր
թաղէն անդին։ Կը դիտէիր
այն համարձակ լակոտները,
որոնք անվախ կը նետուէին
ճամբայ ելլող հանրակառքին
եւ գիտէին շուտ վար ցատկիլ
ճկունութեամբ մը անհնար,
երբ տոմսակի ստուգիչը կը մօտենար։

Ահա նստած ես հօրդ հետ
խսիրէ կամ կերպընկալէ նստարանին,
եւ դիմացի կոկիկ հագուած սեւամորթը
մաքուր, յստակ հայերէնով
յանկարծ հօրմէդ կը խնդրէ
ձեռքի «Նայիրի»ն անգամ մը տեսնել.
եթովպիահայ է։
Այս շրջանն է, որ երբ կ՚անցնիս
Պուրճ Համուտի փողոցներէն,
ռեհանի հոտը կը տիրապետէ,
եւ միամիտ
լաւատեսութիւն մը կայ ամէն կողմ
եւ մթնոլորտի ապականութեամբ դեռ մտահոգ չենք,
ոչ ալ թունաւոր, քիմիաթթուային քաղաքական մթնոլորտ մը
քարուքանդ կ՚ընէ Երրորդ աշխարհը։

Այո՛, տակաւին
փրիմուսի լոյսին ներքեւ, կլոր շարուած,
կախարդանքր կայ տաք շագանակի։
Հին, կտրտուած լրագիրներու
թերթիկներուն մէջ պիստակ կր ծախուի,
եւ մտահոգ չես, երբ սուս կր խմես
գաւաթները արագօրէն ցօղուող-մատուցող
սուսի, ժըլլեպի թուխ վաճառորդէն։

Հանրակառքր կարմրաւուն՝
Տորայէն Պուրճ երթուդարձով
Նոր աշխարհներ պիտի բանայ քեզի համար։
Մօրեղբայրդ երեկոյ մը
նարինջի հիւթ եւ կարկանդակ
պիտի գնէ քեզի՝ ուտէք
ոտքի վրայ
հանրակառքի յետնամասին։
Պիտի դիտես անցուդարձը շրջապատի,
մեծ արձանը անկախութեան,
որ տակաւին փամփուշտներէ չէ ծակծկած
եւ բիւր նահատակ չէ աւելցուցած պրոնզէ ուսերուն,
իսկ անկախութեան դեռ պատրանքը կայ։
Ձայներու եւ գոյներու այս
յարափոփոխ ու կենդանի շարժումին մէջ՝
պիտի տեսնես շուկաները ոսկերիչներու, բանջարեղէնի,
եւ քիչ անդին՝ շարժապատկերի հին սրահներու
գծագրուած լայնածաւալ պաստառները ծանուցումի,
որոնք անոնց հերոսները
կր դարձնեն միշտ կեանքէն մեծ։
Դեռ չես գիտեր, որ կր շրջիս
անհետացող այն վայրերուն,
ուրկէ գաղթական հայրերդ անցան՝
վերածելով թիթեղաշէն կաթող, մթին հիւղակներ
տուներու եւ հետզհետէ՝
խանութներու առեւտուրի։

Տինկ-տինկ կրկնուող
կառքին զանգակը դուն դեռ կը լսես,
աղմուկին մէջ արաբերէն խօսակցութեան՝
գգայացունց նոր լուրերը ծանուցանող
պոռչտուքին մէջ լրագրավաճառ պատանիներուն,
պտուղ վաճառող գիւղացիներուն։
Պէտք է սակայն գգուշանալ
անտարբերօրէն
քեզի մօտեցող գրպանահատէն,
կամ «ուսթրա» զարնող քեմբի տղոցմէ։
Եթէ վար իջնես յաջորդ կայանին՝
ֆելեֆիլի, շաուրմայի
կրպակներուն կը հանդիպիս,
սակայն անոնց մտերմութիւնը,
ձուկերու եւ ծովային պտուղներու հետ,
աւելի ուշ պիտի ստեղծուի։

Տխուր օր մը, քեզ տարեկից խաղընկերդ,
որուն անունը չես յիշեր հիմա,
հանրակառքին նետուած ատեն
սայթաքեցաւ. ոտքը մնաց անիւին տակ։
Սակայն վերջը, մենք թաղային
մեր ցաւերը անշուշտ մոռցանք,
երբ սկսաւ մահը այնտեղ,
քաղաքին մէջ արեւելեան,
մեծաքանակ առեւտուրի …

Ներկայիս արդէն
լաւ կը հասկնամ,
երբ Շուշուն բեմէն իր սեւ զաւեշտով
կը յայտարարէր՝
թէ այդ երկրին մէջ
միմիայն կարմիր հանրակառքը կար
ուղիղ գիծերու վրայ յառաջացող
եւ զայն վերցուցին
ճիշդ ա՛յդ պատճառով։

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 3