ԳԱՐՆԱՆԱՏԵՆՉ
թող ականջներդ լսեն վերջին շաչող մրրիկէն
քու ճանկերովդ խլուած
վերջին խռպոտ մեղեդին
որուն
վանկերը տրտում
քե՛զ կը պատմեն
օրն ի բուն
շղթայազերծ ընելով
հին գարուններդ խանդոտ
պիտի դողաս ներսերէդ
եւ ատամներդ
պիտի նորէն կափկափեն
ու կողերուդ պաղ քրտինքով
դուն սարսափներ պիտի սփռես
խորքերուն մէջ
անպատսպար
այս
եսին
որ քու մէջդ
կ՚ապրի դեռ
ինչո՞ւ ծնար
կեանք մը ամբողջ մսխեցիր
դուն
հեւիհեւ
պայտելով
վերջին
ջորին
որ մարմինդ քու անշունչ
շալկէ պիտի անխռով
ու քեզ տանի
լեռն ի վեր
իր սմբակները քսելով
առտուան
խուլ փէշերուն
քու վերադարձդ բացառուած է այլեւս
դուն հին վէրքեր կը կրես
որոնք կ՚ապրին քեզմէ առաջ քեզմէ ետք
ու քեզի դէմ
դուն քու կարօտդ լլկեցիր
ու սէրերդ անօթի
քեզ լքեցին մէկ առ մէկ
անիծելով
Աստուածն այն
որ քեզ ծնաւ
երկուութեամբ
ու անզօր
դուն չես այն զոր կը կարծես
դուն երբեք չկրցար ըլլալ զայն
պիտի չըլլաս երբեւէ
դուն նաեւ չես այս մէկն ալ
քու կերպարանքդ կ՚ապրի
վարանելով
հոս ու հոն
ու տուրք տալով
երկգլխանի այն դեւին
որ նստեր է տանդ մէջ
դուն տանդ մէջ իր պատանդն ես ու գերին
պիտի ապրիս
գոյութիւնդ կեղծելով
եւ զեղծելով
ամէն օրէնք ու կանոն
դուն զեղծումն ես այս ցեղին
որ ցկեանս
կը վերապրի
նոյնութեամբ
առանց երբեք զգալու ինքնութիւնն իր
լիարիւն
ինչո՞ւ ծնար
ամէն ինչ որ հաստատ էր ի ծնէ
շաղախուած է
իրերամերժ նիւթերով
եւ կը գոյէ
աչքիդ առջեւ
տքալով ու հազիւ հազ
երկրին վրայ
այս ցաւոտ
կը գոյէ ան
փոխն ի փոխ
իր էութեան
ու չէութեան միջեւ
ընդմիշտ բռնուած
եւ դեռ ինքզինք
կրկնելով
ինքզինք կոչուած
այս
զառամած ուղեղին
անասնական
կշռոյթով
ինչո՞ւ ծնար
ան մարմին է օտարոտի
ան չէ ծնած քու հողէդ
ան աճած է միլիոններով
երկրէ երկիր
իր արիւնռուշտ բնազդով
մարմինն է ան երկ-ոգի
ու նոյն ատեն
ոգին է ան երկմարմին
ծառան է ան երկտիրոջ
բռնատէրն է
ինքնագիշատ
կառչած ամուր
իր գէշին
կը գոյանայ
անընդհատ
խնճոյքովն այս
արտառոց
որ ուղեղներ
կը խմորէ իրարու
չարագուշակ
ծէսերովն իր
արիւնի
ինչո՞ւ ծնար
քու մարմինդ կազմ ու պատրաստ
կը սպասէ
խառնուելու հողերուն
կազմ ու պատրաստ
կ՚աղերսէ
դուրս գալ
այս բիրտ
սխալէն
ինչպէս կրիան
արհաւրոտ
որ
կեանքն ամբողջ
կ՚ուզէ պոկուիլ
իր պատեանէն
նողկանքի
կ՚ուզէ խզուիլ արգանդէն
այս չքաւոր
ու աշխարհ գալ
վերստին
սկզբնական ու անսուաղ
ու անսուտ
ծնիլ նորէն ու նորէն
որպէս անկուշտ մոլախոտ
փարիլ հողին
ծարաւներով ամեհի
ու պարմանի չյագեցող կիրքերով
ու շիւերով
ու գեղձերով շնչահատ
նետուիլ վայրագ
դաշտերէն ներս
այս գարնան
ու բոյրերէդ տասնապատիկ խենթեցած
ահաբեկել
սանձակոտոր
քու բարութիւնդ
տարփոտ
ԱՀԱԶԱՆԳ
որոտընդոստ
սովահար
մենք
նորզնոր
կը մտնենք
արգանդէն ներս
այս
օրուան
մենք ծնողն ենք եւ հողն ենք որ կը ծնի
յարութեամբ
մենք կը յառնենք մոլութեամբ
կոխկռտելով
մահավճիռն այս խարդախ
բացէք դռներն այս գուժկան
թող հեղեղուի
դէպի ներս
մոլութիւնն այս
ապրողին
թող լեռնանայ վերստին
խենթութիւնն այս
տիրական
շնչենք շունչով
ահարկու
թթուածինն այս
յառնողին
բռնենք պուկէն
այս գողին
քաշենք բերենք
մինչեւ Վան
երբ ծովերն են ոխակալ
երբ երկինքն է անհոգի
երբ հրդեհներն այս խուժան
կը լափլիզեն քու կողերդ անպաշտպան
երբ վարակն այս ամեհի կը հալածէ քեզ ներսէդ
նոյն խանդողն է յաւիտեան
քեզ կը փնտռէ ծերպէ ծերպ
քեզ կը խաբէ նրբօրէն
կ՚անշարժանաս քաղցրութեամբ
եւ կը տրուիս հեշտօրէն
հազար քնքուշ թմբիրի
երգեր կու գան մեղկութեան
լսողութիւնդ կորզել
մարդեր կու գան նենգութեամբ
զգացումներդ մարզել
նոյն սադրողն է որ գիտէ
իր կոչումով վիթխարի
քեզ համոզել փորձութեան
քեզ ետ տանիլ անցեալին
քեզ ընդգրկել հեզութեամբ
քեզ խմորել
սաղմնովին
որոտընդոստ
սովահար
դուն նորզնոր
կ՚արթննաս
առաւօտներդ շփոթ
թօթափելով
քունքերէդ
դուն
նոխազն ես
այս ցեղին
դուն վաղուց ես
նոխազուած
դուն
պաշարուած
ես
Որդի
դուն վտարուած
ակերէդ
դուն
օտարուած
անորդի
դուն էութեանդ
հունտէն
պառակտուած ես
իսպառ
դուն մերժուած
ի ծնէ
պատանդուած
ի վերուստ
դուն նորզնոր
կը սկսիս
այս անհեթեթ առօրեան
ճակատագիրն ես նորէն
այս վշտահար մարդկութեան
այս անզգամ
ախտաւոր
ապատոհմիկն
այս
նենգող
մարդազարմէն խլուած ճիժ
մարդազարմին կարօտող
մարդազարմէն հրուած դուրս
հակածնողն այս մոլոր
ինչպէ՞ս յանկարծ կը ծնիս
հաւատամքով այս գերզօր
ինչպէ՞ս կրկին կը կանգնիս
դուն
արութեամբ
Վահագնի
արեգակունք
աչկունքով
կրակ կու տաս մեր կեանքին
եւ ամէն օր ամէն օր դուն կը մեկնիս անյորդոր
առաջնագիծն
այս կռուի
դուն
ձեռք կ՚առնես
խստօրէն
ապրելու գործն
այս դաժան
դուն կը ճանկես
կոկորդէն
վերջին նշոյլն
այս
գարնան
դուն կը ճամբես
մէկ առ մէկ
բարեխօսներն այս
լալկան
կը հաւաքես
գաղտնօրէն
սատանաներդ
դժնի
եւ դառնօրէն
բրտութեամբ
արհաւրութեամբդ
Նոյեան
կը խարանես երկնքին
սահմանագիծդ
մեծղի
որոտընդոստ
սովահար
դուն կը ստանձնես
անվարան
յաւակնութիւնն
այս անգութ
յանձնառութիւնն այս
կճան
եւ անարժանն այս լկտի
կը բժշկես բարկութեամբ
կը հաւատաս ի խորոց
որ զինուորն ես պարզութեան
որ դուն հողն ես անսասան
որ բազում գործք արութեան
քու երկունքիդ կը սպասեն
դուն կը յղես
երկնքին
արհամարհանքդ
վսեմ ու յաղթողի մեծութեամբ
արգահատանքդ
հուժկու
երկրագունտին այս շուար
դուն կը բաշխես
լիութիւն
ճակատագիրն այս տխմար
դուն կը քաշես
արմատէն
ու կը պատժես
անպայման
քու հին թուրով կայծակի
ամէն գձուձ
ամէն լիրբ
ամէն ոսոխ
ու լղիրճ
իսկ ճանապարհդ վճռող
իսկ ճանապարհդ ուխտի
դուն կը բանաս
այս առտու
վահագնութեամբ
յարդգողի
Դեկտեմբեր 10, 2020
Մըքլէյն