ԱՐՁԱԿ եւ բանաստեղծութիւն, գիտենք, բարդ են, բազմադիմի՝ իբրեւ յղացքներ: Բարդ՝ նաեւ իրենց առնչութիւնները, յատկապէս երբ կը ներկայանան կիրարկուած՝ գրագէտի մը կողմէ երկակի վաստակի մէջ, արձակ եւ բանաստեղծական գործերով:
Երկու սեռի այս գործերը, ուրեմն նոյն վաստակին մէջ, աւելի կամ նուազ սերտօրէն կ՚առնչուին իրարու, համաձայն տուեալ հեղինակի խառնուածքին, հակումներուն, մշակած գրականութեան տեսակին, տեսակներուն: Եւ հեղինակէ հեղինակ՝ այդ առնչութիւններու քննութիւնը կը պարզէ աւելի կամ նուազ շահեկան երեւոյթներ:
Առիթ ունեցեր եմ անդրադարձի, մօտ անցեալին, վաստակի մը, որ այս առումով կը ներկայացնէր մասնաւոր շահեկանութիւն, ամբողջ յիսնամեակի մը վրայ երկարող խոր, հոլովութային առնչութիւններով[1]«Վաւերագրումներու ժամանակը. Գրիգոր Պըլտեանի վէպերու վերհրատարակման առթիւ», Յ. Ք., in Գրիգոր Պըլտեան եւ Հայ … Continue reading:
Հոս փորձուելիքը կը վերաբերի նախորդէն նուազ ծաւալուն, բայց այլապէս խոր շահեկանութեան տէր գրական երեւոյթի մը, որ Մարուշ Երամեանի գործն է: Ճշդեմ՝ փորձս կը վերաբերի այդ վաստակի արձակի բաժինին՝ յօրինման իր տարբեր եղանակներով — բայց եւ մանաւանդ այն եղանակներուն, որոնք խորքային ուժալարերով կ՚առնչուին բանաստեղծականին: Փորձ՝ որմէ պիտի ջանամ արտահանել այն խորքի նկարը, շողանկարը, բնորոշելի իբրեւ գրագէտին էական ծրագիրը՝ գրողական ծրագիրը[2]Առանց այսպիսի գրաւի մը՝ շահեկանութենէ զուրկ պիտի ըլլար յածումը վաստակի մը շուրջ: Յատկապէս, բանաստեղծութեան … Continue reading:
…անսեթեւեթութիւնը, անշպարութիւնը՝ Մարուշի խառնուածքին
եւ արտադրութեան հիմնական գիծը…
Անմիջապէս նշելին, հոս, Մարուշի արձակին այլատարրութիւնն է, բազմապիսութիւնը: Արձակի իր երկու հատորներուն մէջ[3]Մօր գոգնոցը, Անթիլիաս, հրատ. «Գ. Մելիտինեցի մրցանակ»ի, 2003. Տաճարացում, Երեւան, 2007: , իրար կը խաչաձեւեն՝ գոյակցելով՝ բազմաթիւ ենթա-տեսակներ.- Հոգեբանական կերպարի հոլովոյթ նշող բաւական ծաւալուն պատմուածք, պատահարային կամ այլաբանական պատում, հեքիաթ, զրուցային անսեթեւեթութեամբ խորհրդածական էջ, ու վերջապէս՝ մտածողական-քերթողական ոլորտի կառուցում, համառօտ թէ ծաւալուն…:
Այլատարրութիւն՝ նաեւ ըստ որակի, աւելի ճիշդ՝ աւարտունութեան աստիճանի: Որովհետեւ անսեթեւեթութիւնը, անշպարութիւնը՝ Մարուշի խառնուածքին եւ արտադրութեան հիմնական գիծը՝ կը դրսեւորուի նաեւ այս մէկ այլատարրութեամբ: Զոյգ հատորները ա՛յս իմաստով մանաւանդ անտեղի չեմ նկատած խորագրիս ներքեւ բնորոշել իբր Մարուշի «արուեստանոցը» — բաց-դո՛ւռ արուեստանոց մը, ուր աւարտուն գործերու, հատուածներու կ՚ընկերանան յօրինումի զանազան փուլերու վրայ գտնուող գործեր, դեռ չհաշուած անոնք, որոնց առջեւ այցելուն կը տեսնէ «արուեստագէտ»ը՝ ինք, ուրուանկար մը գծագրելու վրայ, կամ վրձինի բիծեր ու խաւեր աւելցնելու «պաստառ»ին, երկընտրանքներու բացայայտումով, ետ-առաջներով, տարբերակումներով…
Արձակ վաստակի այլատարրութեան, ինչպէս եւ գրութեան եղելոյթը չծածկելու, ցուցահանելու այս յատկութիւններուն կ՚արժէ անդրադառնալ նախ՝ Մարուշի էական ծրագիրը բացայայտելու ճիգի մը ճամբուն վրայ:
Այս անշպարութիւնը, բաց-դուռ արուեստանոցի անվերապահութիւնը լրիւ գիտակցուած, ստանձնուած է Մարուշի կողմէ. իր էջերէն մեկնող զանազան նշաններ կը յուշեն ատիկա յաճախակի[4]Այս իսկ մեկնակէտով, ներկայ խոյզը իր տեսանկիւնէն զանց կ՚առնէ որակային այսպիսի անհաւասարութիւններ, նաեւ … Continue reading:
Ա. ԱՅԼԱԶԱՆՈՒՄԸ ԱՐՁԱԿՆԵՐՈՒ…
Հասկցաւ միայն, որ այդ բիւրաւոր պատմութիւնները բոլորն ալ թաքուն ուժ մը կը պահեն իրենց մէջ, ուժ՝ զոր կարելի է չհասկնալ, բայց ուժգնօրէն զգալ…
Առաւ պարապ թուղթ մը եւ սկսաւ գրել:»
«Dilemma», Մօր գոգնոցը
Առաջին ակնարկով արդէն, ուրեմն, Մարուշի արձակ էջերը կը բնորոշուին տեսակային այլազանութեամբ եւ -երկու բառերու զուգորդումը կրնայ յարակարծային թուիլ- խորհրդապահ անվերապահութեամբ մը, զուսպ բացութեամբ մը:
Մարուշի արձակ էջերը կը բնորոշուին
տեսակային այլազանութեամբ …
խորհրդապահ անվերապահութեամբ մը,
զուսպ բացութեամբ մը:
Այլազանութեան յատկանիշը, ըսի արդէն, հատուածները կը տեղադրէ, աւելի՝ կը ցրուէ, բազմաթիւ մարզերու վրայ, սկսած առօրեայի անշեշտ նկարումներէ՝ մինչեւ ընկերային հարցադրումներով բեռնաւոր պատումներ, հեքիաթային ասքերէ մինչեւ հոգեբանական սեւեռումներ, ու խորհրդածական մենախօսութենէ՝ մինչեւ բանաստեղծաշունչ այլաբանականներ, երբեմն ծաւալուն, բայց միշտ անձնակնիք…:
Այսպէս, առօրեայի վերաբերող կամ առօրեայի ծիրին մէջ մնացող կտորներէն՝ իբր այդ բնորոշ են «Վարդեր»ը, «Սիկարէթներու պատմութիւն»ը, «Պահ»ը, «Ձայնը», «Դիտանկիւն»[5]Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. վերջինները՝ Տաճարացում::
Առօրեայի զանցումը, ծաւալումի ձեւով, կը յանգի կերպարային-հոգեբանական խորաչափումի, կամ ընկերային սեւեռումներու (կանացի կացութեան մասին, դրամա-սպառողական ախտերու մասին – յաճախ՝ ներյայտ-ենթատեսքստային, երբեմն՝ աւելի բացայայտ, ցուցական): Այս զոյգ ոլորտներէն առաջինին կը պատկանին «Մահը», «Ֆանթազիա», «Վերջին կայարանը»: Երկրորդի ուղղութիւնը կ՚առնէ յատկապէս՝ «Գետը»[6]Բոլորն ալ՝ Մօր գոգնոցը հատորէն::
Հաւասարապէս երկու ոլորտներուն կը պատկանին «Հոլովոյթ», «Կարմիր գիծը», «Ճոքոնտա», «Մօր գոգնոցը»[7]Բոլորն ալ՝ Մօր գոգնոցը հատորէն:: Ասոնցմէ մի քանին՝ ուղղակի վէպի կորիզներ են, յաճախ՝ խոստմնալի նախադրեալներով…
Այլապէս անմիջական պատումը կը զանցեն, նոյնիսկ իրենց պատումային երեւոյթի շեշտմա՛ն գնով, էջեր՝ գրելո՛ւ մասին, աւելի ճիշդ՝ գրուի՛լը գրող էջեր, որոնք ընթերցողը գրութեան եղելոյթին վկայ կը դարձնեն, երբեմն եւ անոր «մասնակցելու» կը հրաւիրեն…: Ինչպէս «Թռուցիկ», «Պար», «Կարճ պատմութիւն», «Dilemma», «Կաղանդի պատմութիւն»[8]Բոլորն ալ՝ Մօր գոգնոցը հատորէն::
Այս բոլորէն որոշ հեռաւորութեամբ տեղադրելի են խորհրդածական էջեր[9]Հոս նշեմ, կանխելով վարը բերուելիք յստակացումներ, որ այս վերջին կարգի գրութիւններու պարագային, ինչպէս վերեւ … Continue reading, որոնք յաճախ խորհրդածականը կ՚ընդլայնեն իրենցմէ աւելի անդին՝ այլաբանականի եւ քերթողականի ուղղութեամբ. ինչպէս անոնք, որոնք կը խորագրուին՝ «Ընտրութիւն», «Մեղեդի եւ տարբերակներ», «Զոնթակը ինծի հիւր»,«NIRVANA», «Կը բաւէ՞…», «Տաճարացում»[10]Առաջինը՝ Մօր գոգնոցը. միւսները՝ Տաճարացում:…
Վերջապէս կու գան էջերը, ուր խորհրդածական-այլաբանականէն առաջ՝ քերթողական տարրը տիրապետող կը դառնայ, տեղ-տեղ լրիւ զանցելով «արձակ»ով ընկալելի ամէն տեսակի սահմանափակումներ: Ասոնք՝ «Լոյսը», «Պար», «Սըղնըխ», «Մնացեալը»[11]Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. վերջընթերը՝ Տաճարացում, իսկ վերջինը՝ Տարբերակներ քերթողագիրքի կիսով արձակակերպ … Continue reading:
* * *
Հատուածներու այս յիշատակումը, արձակներու տիպաշարը, գրական վաստակի մը (մասնակի) համապատկերը տալէ անդին՝ առաջադրանք ունի թափանցելու անոնց մէջ, անոնց տակ արձանագրուած խառնուածքային բաղադրութեան:
Այդպիսի որոնումի մը ճամբուն վրայ, համեմատաբար քիչ շահեկան են տիպաշարի սկիզբի հատուածները: Անոնք, ըսենք, «աշխատանոց»ի անաւարտ-կիսաւարտ նմուշները կը թուին ըլլալ: Մարուշի հարազատ խորհրդանշա-փոխաբերական համակարգ մը գործածելով, էջ մը թուղթի կամ գծատետրի վրայ կատարուած փորձ-գծանկարներ, փորձ-ուրուանկարներ, որոնք ընդհատուած են՝ իբր անբաւարար ներշնչումէ եկած, անբաւարար ներշնչումի տանող, զուրկ՝ իրենց սպասած մատիտի կամ վրձինի յաւելեալ խաւերէն…: Որոնք չեն արժանացած եռոտանիի մը վրայ բազմած՝ պաստառ դառնալու, երանգապնակի մը դրացնութեամբ…: Անոնք ուրեմն, պարզ է, քիչ բան պիտի բերեն՝ գրական խառնուածքի մը եւ անոր գրական արարման գործընթացի փորձ-շողանկարումին:
Ընթերցողը գրութեան եղելոյթին վկան դարձնող, երբեմն եւ զայն մասնակցելու «հրաւիրող»…էջերն են, որոնք զոյգ հատորներուն կու տան… «արուեստանոց»ի հանգամանք մը:
Նոյնպիսի վերապահութիւն կարելի է արձանագրել, միշտ՝ մեր խոյզի տեսանկիւնէն, առօրեայէն դէպի վիպում ընդլայնող հատուածներէն մի քանիի հասցէին: Այսպէս, «Հոլովոյթ» կամ «Գետը» պատումներ են, որոնք իրենց հարցադրումները կը կատարեն խորքի նկարումի մը համար անօգտագործելի ձեւերով:
Այլ է պարագան «Կարմիր գիծը», «Ֆանթազիա», «Վերջին կայարանը», «Ճոքոնտա», «Մօր գոգնոցը» պատմուածքներուն, որոնք՝ իրենց բերած հոգեբանական, մարդկային-հաղորդակցային սեւեռումներով՝ կը բացայայտեն ստեղծագործ ներաշխարհի ուժագիծերէն մի քանին: Հոս, կերպարներու եւ կացութիւններու պատկերումը կը զանցէ սոսկական պատումը՝ մէկէ աւելի միջոցներով: Իրականի ընկալումը կրնայ փորձուիլ բազմակի լուսաւորումներով՝ կերպարներու մենախօսութիւններէն եկող իրերայաջորդ խաւերով՝ միշտ զգացնելով աննուաճելիի բաժին մը իւրաքանչիւրին մօտ («Կարմիր գիծը»). կամ իրերայաջորդ մանրափայլակումներով՝ սթրոբէներով[12]Բառը Մարուշէն է. «Սթրոբէ»՝ խորագիրը Տարբերակներ քերթողագիրքի մէկ բաժինին:, իրականը ընկալելու միակ կարելի ձեւով՝ անոր մասնատումով…: Կրնայ հագնիլ կերպարին հոգե-մտաւոր մշուշը, որ կ՚աղօտէ անոր աչքերով դիտուած իրականութիւն մը՝ նաեւ անոր բառերով ուրուագծուած, եւ մշուշի ետին թողելով գոյութեան մը դժուարասելին, անասելին, մեկնածներու յուշ-պատկերը կամ տենչացուած, անգոյ էակի մը ուրուականը («Ֆանթազիա», «Ճոքոնտա»): Ապրող էակի մենութիւնը, անդարձ բացակայողի յաճախանքը, որ իբրեւ մահուան կարօտ, ինքնա-ոչնչացման չխոստովանուած, չըսուած ձգտում՝ կը պայթի յանկարծ ցնցող պայթիւնով («Վերջին կայարանը»): Կրնայ դեռ, աւելի ամէնօրեայ, երեւութապէս յստակագիծ շրջանկարի մը մէջ տեղադրուած, այսուհանդերձ հաւատարմօրէն ցոլացնել կերպարին ներքին ելեւէջները, տուայտանքները, ըսուածի կողքին՝ անտեսանելի-անասելիի ամբողջ խորքը թելադրելով, յաջողապէս անդրանցելով -առանց անտեսելու- կանացի կացութեան ընկերային սահմանափակ(իչ) շրջանակը («Մօր գոգնոցը»):
Այս շարքը, ուրեմն, որոշ տուրք տալով հանդերձ դասական պատումին, կը խախտէ անոր սահմանները՝ կերպարներու եւ կացութիւններու ներկայացումէն անդին, ատոր կողքին, զգացնելով, թելադրելով անոնց ստուերային ենթաշխարհը. ձեւով մը՝ գոյութեան եւ գոյերու շրջօնը:
Ապա, կու գան գրութիւններ, որոնք, իրականի համախառն կամ անկէ լրիւ անդին, կը ծաւալին դէպի երեւակայական, բանդագուշական ոլորտ: Ասոնցմէ՝ պատումային հէնքի առկայութեան իմաստով՝ առաջին շարքին երեւութապէս նմանող էջեր են «Մղձաւանջ», «Զրոյց», «Մահը», «Ոգի», «Կարմիր», «Կաղանդը խենթանոցին մէջ»[13]Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. միւսները՝ Տաճարացում:: Հոս, բանդագուշականը երբեմն տրուած է ինքնիր համար, կամ իսկապէս չի զանցեր իրականը, չի հարցադրեր զայն («Ոգի», «Կարմիր»): Բայց այս շարքէն՝ տիրապետուած կտորներ հետաքրքրական «ուսումնափորձ»եր են, էթիւտներ՝ իրականի եւ բանդագուշականի սահմաններուն վրայ երթեւեկող: Երբեմն, իրենց ծալքերուն մէջ պահուած դէպի անհեթեթ փախուստի տարրը անսպասելիօրէն կ՚աճի, կը լեցնէ գրութեան ամբողջ միջոցը:
Այս էջերը երբեմն ծպտուած են տիպիկ առօրեայ սկզբնաւորութիւններով: «Պասով հասայ, իջայ, խորհելով որ մեր փողոցն է» կը սկսի «Մղձաւանջ»ի հազիւ քսանտողեայ պատումը, բայց անմիջապէս կը շարունակուի առաջին խախտումով մը՝ «… բայց չէր: Տագնապ սկսաւ հաւաքուիլ մէջս»: Այլ տեղ՝ ցուցասրահի մը պաստառներու կերպարները՝ «հսկայ մարախը», «իր թեւերուն մէջ սեղմած մարմարեայ հոլանի աղջիկը», «խաչէն վար առնուած Յիսուսը», «Միայնակ մարդը»՝ որ «կը խօսի, կը խնդրէ»,- կը հեռարձակուին՝ յաջորդող երեւութապէս անջատ-անկապ Խոկումի մանչուկին վրայ, որ «մեծ բացուած աչքերով կը նայէր ու չէր հասկնար» քանդակը՝ «աղջիկը մարախին թեւերուն մէջ»: Այդ «չհասկնալը», որ «չհասկնալ»ն է իրականի եւ երեւակայականի, իրականի եւ գեղարուեստական ֆանթասթիքի անհասկնալի առնչութեան, բախումն է, գիտակցումը այն «անկարելի հաւասարում»ին, որուն արուեստագէտը փորձեր է «բերել (ի դէպ՝ նաեւ ժամանակի՚ յատկանշական խախտումով մը՝ «տարիներ ետք»…) կեանք եւ արուեստ եզրերը»:
«Մահը», որ վերը նշեցի իբրեւ «վիպական» արձակի հակող կառուցուածք, կը յարի նաեւ այս շարքին՝ բանդագուշականի-անհեթեթի տարրերով: Երկու «իրական» կերպարներ, իրենց աշխարհը՝ դպրոց, զոյգի յարաբերութիւն, նամակներ, հանդիպումներ (նոյնիսկ տեղանունի մը յիշատակումով՝ երբեմն), կը կրկնագրուին յաջորդական բանդագուշական նամակագիրներով, եւ նամակագրական կապերու նոյնքան խորհրդաւոր, իրերայաջորդ ընդհատումներով՝ մահերով…:
…մտածողական տարրը…առաջին տեղը կը զիջի քերթողականին: … քերթողականը կը զանցէ «մտածողական»ը, ինչպէս անդին կ՚անցնի այլաբանական պատումէն եւ քնարական ասքէն՝ աւանդաբար «բանաստեղծութիւն» կոչուածէն:
Այս տիպի գրութիւններու մէջ, ուրեմն, անհեթեթի մթնոլորտը իր կարգին մատնանիշ կ՚ընէ դէպի «իրական»ի դժուարամատչելիութիւնը, դժուարասելիութիւնը:
Վերջապէս, կը խօսէի էջերու մասին, որոնք պատումը կը զանցեն՝ որովհետեւ գրելու մասին «կը պատմեն», գրուի՛լը կը գրեն…: Ինչպէս «Թռուցիկ» մը, «Պար» մը, «Dilemma» մը, «Կարճ պատմութիւն» մը, «Կաղանդի պատմութիւն» մը: Ընթերցողը գրութեան եղելոյթին վկան դարձնող, երբեմն եւ զայն մասնակցելու «հրաւիրող» այս էջերն են, որոնք զոյգ հատորներուն կու տան, կ՚ըսէի, «արուեստանոց»ի հանգամանք մը: Երբեմն անոնք զուտ «աշխատանոցային» են (հոս նշուածներէն առաջին երկուքը). բայց աւելի խորացողները հետաքրքրական են իրենց կողմնակի լուսաւորումով գրողական ծրագիրին մասին, դժուարասելի գոյութիւններու իրականութեան դէմ յանդիման… : Այդ եղելոյթը երբեմն, պարզ համեմատական ուսումնափորձով մը, էթիւտով մը, կը յղուի մտասեւեռեալ «մոլութեան» մը, գրելո՛ւն («Թռուցիկ»): Կամ՝ արարման արարքի խօլ մերկութեան, ճակատագրական առանձնութեան («Պար»): Երբեմն եւ պատմական բրտութեա՛ն ասումին, Ցեղասպանութեան պատումի անկարելիութեան՝ Սողոմոն-Սիւլէյմաններու գողգոթային դէմ յանդիման, բայց եւ անոր անհրաժեշտութեան: Անոր «անստանձնելիութեանը» անհրաժե՛շտ զանցումին..:
Բ. … ԵՒ ԶԱՆՑՈՒՄԸ ԱՆՈՆՑ
«…Քեզ ունիմ, տեսնելու համար դէմքս. բայց դուն իմ մութերս կու տաս ինծի եւ կ՚ըսես՝ նայէ՚:
«(…) կը մնայ սրբացումը, անտես, անշօշափելի եւ ապարդիւն:»
«Սըղնըխ», Մօր գոգնոցը
Իրականի անիրականացման, գոյի մենութեան, արուեստ-արարչութեան տաժանելի կենսականութեան ու միանգամայն անկարելիութեան այսպիսի ընդհանուր շրջանակի մը մէջ, կ՚աճի մտածողական տարրը, երբեմն այլաբանական միջոցներու ալ յենուող: Այս է պարագան՝ «Ընտրութիւն», «Մեղեդի եւ տարբերակներ», «Զոնթակը ինծի հիւր», ««NIRVANA»», «Կը բաւէ՞…», «Տաճարացում»[14]Առաջինը՝ Մօր գոգնոցը. միւսները՝ Տաճարացում: խորագիրներու տակ երեւցող գրութիւններուն…:
«Սըղնըխ»ն է,… որ տուեալները ունի
ամբողջականօրէն լուսաւորելու
Մարուշի վաստակին գրողական
ծրագիրը, անոր ընթացումը:
«Ընտրութիւն»ը՝ բացակայութեան եւ մահուան շուրջ՝ կշռութաւոր խորհրդածութիւն է, տեղ-տեղ մերկ-մտածողական, այլ տեղ պատկերներով բեռնաւոր: «Ճամբորդութիւն» (բացակայութիւն) եւ «Մահ» զոյգ եզրերուն միջեւ, որոնք «կը միանան տեղ մը, ոչինչի մութին մէջ», եւ «ոչինչի մութին մէջ գիտակցութեանդ կայծը կը գրէ (…) անունդ, գոյութիւնդ, ուր կարօտը քո՚ւ մահդ է, որ կ՚երգէ, եւ մահը քո՚ւ կարօտդ է որ կ՚ողբայ»:
Նմանօրինակ էջեր են միւսները եւս. «Մեղեդի եւ տարբերակներ»ը, գիրքի մը մէջ գտնուած նոթեր, քերթուածի պատառիկներ ներկայացնող իր ձեւով, կը յիշեցնէ երաժշտական «բներգի մը վրայ տարբերակում»ներու կառոյց մը: Իսկ երկրորդ հատորի աւարտին մօտ՝ «NIRVANA», «Կը բաւէ՞…» եւ «Տաճարացում» արձակները խորհրդածականի կողքին՝ կը նշեն ոճին մէջ տեղաւորումը քնարական ասքի մը, աւելի դասական տիպի, որուն մեզ չէր վարժեցուցած Մարուշ նախապէս, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի իր առաջին հատորին:
Մարուշի «կինը» չէ՛ «ընկերային»
կինը, ֆեմինիզմի պաշտպանեալը: Ո՛չ
ալ «հայուհին», ազգա-մշակութային
ստորոգելիներու էակ մը: …Անիկա
մերկ իգութիւն-գոյահոսք է, անգամ մը
եւս՝ ճգնակեցութիւն, բարձրացում…
Միսթիք ճգնակեցութիւն՝ յանուն
գոյութեան ընկալման, անոր ասումին.
յանուն՝ ասոնցմով ըլլալու մարտահրաւէրին…:
«NIRVANA»ն իրերագոյց երազային պահերու փայլակումներ կը բեմադրէ, քաղցր զառանցանքի մը եղանակով: Առաջին մաս մը՝ հպանցիկ՝ կը պատմէ բնութեան ծոցին՝ արահետէ մը՝ երկուքով էջք մը դէպի ծով – մշուշոտ վերյիշում մը կարծես Սըղնըխէն փոխառնուած (կը տեսնենք աւելի վար), բայց շատ տարբեր անկէ, անոր մենաւոր, բուռն ճարտարապետումէն…: Ապա, տեսիլքն է զրոյցի մը՝ սենեակի մը կրակարանի շուրջ, երկրորդ Նիրվանա, որուն կը հետեւի իրական կեանքը՝ իրական հանդիպումով մը. «Յետոյ Վահէն եկաւ (…), ու գիտցայ, որ ես ալ (…) միշտ սպասեր եմ զինք:»
«Կը բաւէ՞…» եւ «Տաճարացում» խորագրուած՝ հատորը փակող հատուածները, միշտ քնարական, սակայն նիրվանաներէ հեռու՝ իրական կեանքի կացութիւններ կը պատկերեն: Ինչպէս նախորդը, ասոնք եւս, նուազ հատու՝ քան առաջին հատորի կշռոյթները, աւելի բացայայտող քան թելադրող, գոյութենական տաժանագին վերելքի, առանձնութեան եւ յարակից թեմաները կը փոխարինեն հսկայ կարօտի մը կանչով, ճիչո՛վ, ուղղուած սրտակից հոգիի մը, գոյութեան մը, որ մերթ բացակայ է, թէեւ ակնկալուած. մերթ ներկայ է ֆիզիքապէս, բայց ոչ՝ խիտ, ակնկալուած ներկայութեամբ: Կարօտ ու ակնկալութիւն՝ անհաւասար հաղորդակցութիւն մը ընդունելո՛ւ գնով. ստացուած քիչի փոխարէն շատ տալու, առատօրէ՛ն տալու գնով: Ցուցաբերելով նուիրելու, նուիրուելո՛ւ բուռն կարիք մը, երգելով այդ կարօտը քնարական եղանակով, ինչպէս կ՚ըսէի: Այդքանը բաւ է՝ նուիրողը համակելու համար գագաթնային յափշտակութեան պահ-ապրումով մը. «Գերագոյն րոպէն էր այդ (…), երբ կը զգաս, որ տիեզերքը մէջդ է, որ մինակ չես բայց մէկ ես, (…) Կը զգաս, որ գոյ ես: Կը զգաս, որ գո[յ]ն ես:» Բայց միւս կողմէ, «տաճար»ին սպառնացող վտանգի մը նախազգացումով՝ կարծես, խորքերէն կը բխի «Կ՚ուզէի մեռնիլ» ճիչը: Որովհետեւ «Ո՞ւր կար տակաւին հասնելիք գերագոյն այս պահէն անդին (…) Որքա՜ն դժուար է վայրէջքը յետոյ, ա՚լ առանց տեսիլքի…»: Ապա՝ բարձր եղանակէն աստիճան մը եւս նուազումով՝ «Միասին չկրցանք ապրիլ, գոնէ միասին մեռնինք», ըսաւ դառնութեամբ: / Բայց չմեռան, որովհետեւ արդէն ամէն օր կը մեռնէին, առօրեային մէջ բանտարկուած, իրարմէ շա՜տ հեռու…»: Հանճարեղ արուեստագէտի քանդակին՝ «Տաճար»ին շուրջ կարճ երկխօսութիւն-տեսարանը, որ կը փակէ գրութիւնը (եւ հատորը), կը բանի՝ միշտ քնարական՝ նոյն «մինորէ» եղանակին վրայ, սպասելի նուազումո՚վ ալ. «Ժամանակին հետ Տաճարը քանդուեր է, եւ ոչ ոք կը յիշէ անոր գոյութիւնը: / Մնացեր է միայն գմբէթը կանգուն իր զոյգ սիւներով, ուր աղաւնիներ բոյն դրեր են: / Եւ Տաճարը կը շարունակէ ապրիլ անոնց թեւաբախումով»:
«Զոնթակը ինծի հիւր»ը ունի տարբեր շեշտեր, այլապէ՛ս տիպական: Հանդիպում-երկխօսութիւն՝ ամերիկացի-հրեայ մտաւորական գրագիտուհիին հետ, ընթերցումի մը տռամայնացուած տպաւորութիւններու գումար, անիկա կը բացայայտէ նման/տարբեր այս զոյգ հոգե-մտաւոր աշխարհները, նաեւ ընթերցող-հեղինակին վարանքները, ինքնահարցադրումները: Երկուքի յարաբերութիւնը կը յայտնուի պատկերաւոր տարազով մը՝ սկիզբէն արդէն. «Կրնայինք մայր ու զաւակ ըլլալ, այնքան էր տարբերութիւնը մեր միջեւ: Զաւակներն էինք գրականութեան, երկու տարբեր մայր-լեզուներէ սերած:» Ապա, զրուցակիցին ինքնավստահութիւնը, գիրքի ճակատին նկարուած «այս պիրկ ու բարակ մարմինը (…) որպէս մարտահրաւէր նետուած ընթերցողին քիթին-բերնին՝ ա՚ռ, եթէ կրնաս»: Եւ այդ երեւոյթի ետին՝ գրութեան խորքը, «ինքզինք ըլլալու խորունկ հաճոյքը, որ կ՚ապրէր իր իւրաքանչիւր բառին ետեւ, խայտանքով»: Եւ վերջապէս՝ սեռակից ընթերցողին ներգրաւումը անով. «Հմայիչ էր արմատապէս: Կարթուեր էի»:
«Զրոյց»ը կ՚ընթանայ՝ թեմաներու այլազանումով. յաջորդաբար կու գան կանացի կենսապայմանի երեսները, բնախօսականէն հոգեբանական եւ ընկերային, մինչ մենութեան եւ ներուժութեան ախոյեանուհին կը ջանայ-քշել տանիլ իր խօսակիցը, որ կամայ-ակամայ կը հետեւի իրեն՝ հարազատ, իր մօտ անցեալի ապրումներո՛ւն մանաւանդ այնքան հարազատ այս խառնուածքի թելադրանքին: Ետ-քայլ կ՚ընէ, ապա կրկին կ՚առաջանայ. «Ինչո՞ւ մտեր էի այս զրոյցին մէջ. ի՞նչ կ՚ուզէի. տուն-տեղ ունիմ, զաւակներ, հրատարակուած եւ հրատարակելի գիրքեր: Քերթողութիւնը երակներս կը ճանկռտէ…»: Բայց… նաեւ կը զգայ «խորունկ դժգոհութիւն»ը, որ «անսպասելի հեղեղի պէս կը ծածկէ բոլոր գիւղերն ու գաւառները գիրիս…»: Կանացի հոգին՝ իր անխորաչափելիութեամբ՝ նոյնպէս կ՚անցնի զրոյցի մակերեսէն – սեռ, ստեղծագործութիւն, ազատութիւն…: Ապա եւ ազգա-մշակութային պատկանելութեան թեման, անոր զանցումի հարցը, զանցումի ճիգին յարուցած յանցապարտութեան զգացումով մը…: Այս բոլորը՝ մտածումի կայլակներուն գիծի-գոյնի շերտերու թեթեւ, խորհրդապահ յաւելումով…
«Սըղնըխ»ի համանուագը գոյութիւնը
կը փոխաբերէ՝ իր համափոխաբերումով,
որպէս վայր, որպէս հոգեվայր:
Ասոնցմէ անդին, մտածողական տարրը, թէեւ դեռ առկայ, առաջին տեղը կը զիջի քերթողականին: Հոս կ՚արժէ, որ այլեւս զգուշութեամբ մօտենանք այս «մտածողական» բաղադրատարրին: Դժուարին ճշգրտում մը փորձեմ՝ շեշտելով, որ քերթողականը կը զանցէ «մտածողական»ը, ինչպէս անդին կ՚անցնի այլաբանական պատումէն եւ քնարական ասքէն՝ աւանդաբար «բանաստեղծութիւն» կոչուածէն: Այլ խօսքով, քերթողականով փոխակերպուած մտածումը՝ պատկեր-մտածում՝ երեւակայութեան, արուեստի ծնունդ էակ է: Մտածում չէ:
Քերթողականի տիրապետումով յատկանշուող էջեր, ինչպիսիք են «Պար», «Սըղնըխ», «Մնացեալը», այսպէս կը զանցեն «արձակ» յղացքով ընկալելի բոլոր սահմանափակումները: Արդէն, իմ կողմէ առաջիններուն քով տեղադրումը «Մնացեալը» հատուածին, որ փակումը կ՚ընէր Տարբերակներ քերթողագիրքի, ինքնին կը խօսի՝ անոնց մէջ քերթողականի տիրական առկայութեան մասին:
Այս գրութիւնները, որոնց գագաթնային համադրումն է «Սըղնըխ»ը, կը բխին մէկ եւ նոյն երակէ, բնորոշուող իր զտութեամբ, քերթողականի՛ զտութեամբ: Հոն տեղ չունին ոչ «Ընտրութիւն»ը բնորոշող խորհրդածութիւնը, նոյնիսկ «կշռութաւոր», ո՛չ ալ Տաճարացումի մէջ (հատուածին եւ հատորին) տիրապետող զգացական-քնարականը: Կը դասուին անոնցմէ անդին: Իրենց թեթեւօրէն «պատումային» ենթաշէնքը, արձակէն փոխ առնուած ժամանակային ընթացքը՝ պարզ պատրուակ են քերթուածի փայլատակումներուն, անոր յայտնութենական ճշմարտութեան ասքին համար:
«Պար»ը, ինքզինք բնորոշող՝ իբրեւ «ելոյթ» մը որ պիտի գայ պարի «կրկներեւոյթ կրկնուող շարժումներ»էն ետք, «Պարը, որ կը կոչուի առանձնութիւն»,– անկրկնելի, անվերարտադրելի խտութեամբ մը կը փոխաբերէ գոյութիւնը, մե՛րկ գոյութիւնը, որուն համար «հանդերձներու եւ շպարի կարիք չկայ». որովհետեւ «անշպար, նոյնիսկ անմորթ կը պարեմ ես պարս վերջին…»: Պարը՝ «խօլապարը բառին, որ ես եմ՝ ըլլալէ առաջ», կը պարուի՝ որովհետեւ «ա՚լ ուրիշ ձեւ չկայ ըլլալու, ուրիշ կերպ չկայ բարբառելու, եւ ուրիշ լռութիւն չկայ լռելու…»: Պարը գոյի լրիւ տարբեր ինքնընկալում ունի Տաճարացումէն (զոր կը կանխէ ժամանակագրականօրէն), անոր մէջ արձանագրուած «Դիմակից»ի կարօտէն: Փոխարէնը՝ անիկա առանձնութեան, ներշնչեալ-արարիչ ճգնակեցութեա՚ն պար է…
Ճիշդ է, որ գոյի իրականութիւնը աւելի բարդ է…: Եւ «Սըղնըխ»ը, որուն՝ «Պար»ը, իբր գոյի բառ եւ ասում՝ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ նախերգանք մը,- տիրականօրէն պիտի բանայ այդ բարդութիւնը՝ գոյահոսքի ալքերը մինչեւ…: Արդէն նշուած «Մնացեալը» եւս, Տարբերակներ քերթողագիրքի վերջաբան, կիսով արձակաձեւ, շատ աւելի կանուխ՝ արդէն նուաճած էր այդպիսի համադիր բարդութիւն մը[15]Տարբերակներ, Հալէպ, 1995:: Հոս՝ մարմնի ճամբով, սեռայինի ճամբով է որ «կ՚ելլես դուրս մարմինէդ / ու կը հասնիս աստուածութեան / այն խնծիղին որ քեզ ծնաւ ու յետոյ / ինքզինք բերաւ մարմին կոչուած մեհեանիդ (…) մինակութեան հազար հազար աստղերու / ինքնակիզումովը յստակ / (…) որպէս հովը որ կը տանի քեզ միւսներուն մինակութիւններուն անթիւ…»: Եւ յետոյ՝ անէացումն է, «ոգեղինացումը(…) վերջապէս, բայց վերջապէս միացումը ինչ որ տեղ, ինչ որ հզօր բանի հետ, որ կը տանի մինակութեան…»: Մէջբերումներու հարկադրական կտրատումին մէջ իսկ, կ՚ընթերցուի հրաշէկ հոսքը գոյին, խորքով հերկումը մարմնին՝ մարմինով, ապա եւ անոր զանցումը՝ անձի առ-անձնացումով, նոր ինքնացումով…
Գրութիւններու այս շարքը գմբէթող՝ «Սըղնըխ»ն է, ուրեմն, որ տուեալները ունի ամբողջականօրէն լուսաւորելու Մարուշի վաստակին գրողական ծրագիրը, անոր ընթացումը: Արդէն, տարբեր մօտեցում քան այդպիսի խորքային եւ ընտրովի «ընթերցում» մը՝ այս ծաւալուն, անսպառելի գրութեան, որ «Սըղնըխ»ն է, պիտի ըլլար անկարելի փորձ, անհեթեթ կրկնաբանութիւն…
«Սըղնըխ»ը՝ «նեղուածք», «այծուղի»՝ կը բացուի տարապայման խտութեամբ երկ-տողով մը. «Լեռնակուրծքը էջքիս հետ կը բացուի, ինչպէս դէմքդ այն իրիկուն կը բացուէր մարմնիս վրայ»:
Հոս են արդէն առաջին թեմաները, սխալ պիտի չըլլար ըսել՝ բներգները, միացած: Ընթացումը նեղ տեղին, կածանին վրայ, «դիմակից»ին մարմնեղէն ներկայութեան յուշը, ընթացումը փոխաբերող բնութիւնը՝ լեռնակուրծք…:
Համանուագը կը զարգանայ՝ բազմաբներգ, անկասկելի, անմեկնաբանելի՝ ինչպէս գոյահոսքը՝ ինք: Կածանը կը տանի ծովափին՝ «ծովու կիրքին եւ լեռներուն բրտութեան միջեւ». բայց գոյի ճգնաւոր ընթացողը, գերիրական ընթացումով, մերթ արդէն ծովափին է, մերթ բարձր կածանին վրայ, ներմղուող դէպի խորքը լեռան, դիմագրաւելու անոր «ժայռեղէն վանումը» — մնայուն ընթացում, անսկիզբ եւ անվախճան: Որովհետեւ «Սըղնըխի այծուղին կը սկսի մանկութեանս մթութենէն ու կը տարածուի մինչեւ յուշերուս կեդրոնը պարապ»: Որովհետեւ «Այս նեղուածքին անցումը ըրեր եմ քանի անգամներ»: Եւ յիշատակի կայլակներ, ինչպէս վերնատան մը պահը՝ հալող, հալող մոմի մը պզտիկ լոյսին մէջ, հակած «պարապ էջերով մատեանի մը» վրայ,- պիտի օգնե՞ն վերծանելու, հեգելու լեզուն, գտնելու «անցաբառը»: Կրկին կը խառնուին «բառերը խօլապարի մէջ ուրական». ընթացողը կը մենախօսէ, ապա կը զրուցէ «դիմակիցին» հետ, որ է՛, բայց հեռո՛ւ է, որովհետեւ «այստեղ է, որ ի վերջոյ կրնամ ըլլալ անկեղծ, հեռու քեզմէ, եւ քեզի հետ»: Տեւական երթեւեկ՝ ընդմէջ «Նեղուածքի» ճգնաւորի ընթացումին՝ գոյահոսքին, դէպի սիրոյ ծովափ կանչող յոյզերուն եւ կիքերուն, դիմակիցի հեռաւոր-մերձաւոր ներկայութեան…: Ապա՝ ծովախորշէն դէպի բացը թիավար՝ լաստին վրայ, ուր «խոստումի առագաստը չի գար»:
Մարմիններու մտերմութեան եւ միանգամայն իրերաջնջումի բներգներ կը ծաւալին գրութեան երկրորդ մասին մէջ, այլապէ՚ս անսպառելի, այլապէս անվերարտադրելի: Դիմակիցը կ՚ընկալուի յափշտակող, տարփալի միաւորման եւ խուսափումի երկդիմութեան մը նշաններուն տակ… Եւ՝ մինչ՝ «ցանկութիւնները կը խրխնջան, իրենց սանձերը խածնելով», «Նեղուածք»ին ճգնաւոր գոյը կը գրէ «հակառակ տողերուն, էջերուն, հակառակ լռութեան որմերուն (…), հակառակ հովերուն, որոնք կը հրեն զիս…»: «Գրել այսպէս, որովհետեւ ես միակն եմ, որ միս-մինակ Սըղնըխ գնաց»: Նոյնիսկ եթէ «բառերը պիտի մնան ի՛մ բառերս (…) եւ ոչ ոք պիտի լսէ զիրենք: / Ես ու բառերս նոյն ուղիին վրայ, նոյն հովերուն յանձնուած…»: Եւ՝ «հմայքը՝ ես իմ ձայնս լսելու, բառեր փնտռելու այս ան-վայրին, այս ան-եսութեան»:
Գոյահոսքին միւս անունը, հոս, իգութիւնն է: Իգութիւն եւ սեռ՝ որոնք մարմին են՝ փոխնիփոխ «անմարդաբնակ հիւղ» եւ «մեհեան», բայց եւ աւելի՛ն քան մարմին: Ասոր համար է, անշուշտ, որ «իգութիւնս կը սկսի ու չ՚աւարտիր քեզմով»:
Իգութիւնը, այո՛, չ՚աւարտիր սեռային դիմակիցով: Ինչպէս կը սկսէր, եւ չէր աւարտեր կանացի իրաւունքներու, «դատ»ի շուրջ անձուկ, սահմանափակ յածումներով: Մարուշի «կինը» չէ՛ «ընկերային» կինը, ֆեմինիզմի պաշտպանեալը: Ո՛չ ալ «հայուհին», ազգա-մշակութային ստորոգելիներու էակ մը: Բացարձակ իգութեան այս ընկալումը, ներապրումը չի ճանչնար ստորոգելիներ, վերադիրներ…: Անիկա մերկ իգութիւն-գոյահոսք է, անգամ մը եւս՝ ճգնակեցութիւն, բարձրացում… Միսթիք ճգնակեցութիւն՝ յանուն գոյութեան ընկալման, անոր ասումին. յանուն՝ ասոնցմով ըլլալու մարտահրաւէրին…:
Մարմինը ապրելու, սեռը ապրելու ուժեղ հակումը միանգամայն նոյնքան բուռն ձգտում է մարմինէն ու սեռէն անդին՝ մենութեան, մերկութեան: Խստակեաց բարձրացումի: Յարակարծային առնչութեամբ մը, սեռայնութիւնը հոս ի՛նք արդէն՝ զինք ապրողը կը մղէ, կը հրէ իրմէ անդին…: Եւ ձգտումն ալ դէպի Միւսը, արական Միւսը, որ եզր է ու բեւեռ հաղորդութեան, վայր հանդիպման մարմիններու եւ ներաշխարհներու,- այդ ձգտո՛ւմն ալ՝ միշտ իր ծալքերուն մէջ պահած ունի հանդիպումէն, գոյակցումէն, սեռային միացումէն «անդի՛ն» մը:
Եւ գրութի՞ւնը՝ այս բոլորին մէջ…: Կրկնուած, յարատեւուած «խօլապա՞րը բառերուն», փորձե՞րը, ձգտող՝ բռնելու դժուարասելի մը, բախող՝ անասելիի մը…: Այո՛՚, միայն՝ հոս սխալը պիտի ըլլար փնտռել աւանդական քերթողութեան «քնարական հերոս»ը, անոր ասքը: Քերթուածը՝ քնարականէն անդի՛ն է, գոյակա՛ն է, գո՛յ-ն իսկ է…: Գրութիւնը ներաշխարհի պարզ ասում չէ, գոյահոսքի ձայնն է, նոյնացած անոր հետ[16]Բնորոշ ենթատողային ներկայութիւններ կը հաստատենք Մարուշի այս գործին մէջ՝ նոյնատիպ գրագէտներու եւ … Continue reading: Գրութիւնը կը փակէ եռանկիւնը, ուր մարմինը՝ սեռ եւ զգայութիւններու աշխարհընկալում, գոյութեան եւ բառերու անմեկնելի կշռոյթով գինովցած, կը կերտէ, կը ստեղծէ… Ի՞նչ…:
* * *
«Սըղնըխ»ի համանուագը գոյութիւնը կը փոխաբերէ՝ իր համափոխաբերումով, որպէս վայր, որպէս հոգեվայր: Այն հոգեվայրերէն՝ որ ճանչցած ենք այլ քերթողական տեսիլներու մէջ. Վայրեր (նոյնանուն-անտեղանուն, եւ «ստեղծելի»՝ Պըլտեանի մը մօտ), Վենսենի անտառ (Սարաֆեանի մը), Սեւ ծովը, Հալքին. Բուրգերը (Ինտրայի մը). կամ՝ փոյթ չէ թէ նուազ անձնականացած՝ Արարատեան դաշտ մը Հռիփսիմէի կաթողիկէով (Զարեանի մը համար)…: Բոլորն ալ՝ արձակը զանցող, արձակակերպ քերթութեան աստեղային պահեր, պարագաներ:
Եւ ինչպէս ասոնք՝ հայ նոր գրականութեան դասականացած էջերուն,-« Սըղնըխ»ը նոյնպէս կ՚երեւի ինծի, միւսներու կողքին, իբրեւ հոգեվայր, իբրեւ աստեղային ժամը՝ վաստակի մը, գոյութեան մը տեւողութեան: Ըլլալով միանգամայն՝ ինքզինք ըսող գոյահոսք, իր ինքնութիւնն ու էական ծրագիր-վայրը կրող/յայտնող շողանկար…:
↑1 | «Վաւերագրումներու ժամանակը. Գրիգոր Պըլտեանի վէպերու վերհրատարակման առթիւ», Յ. Ք., in Գրիգոր Պըլտեան եւ Հայ արդի գրականութիւնը / Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine, Presses de l’INALCO, Paris, 2021: Տեսնել նաեւ «Գրիգոր Պըլտեանի վիպական արձակին առջեւ», Յ . Ք., Բագին, թիւ 1-2, 2016: |
---|---|
↑2 | Առանց այսպիսի գրաւի մը՝ շահեկանութենէ զուրկ պիտի ըլլար յածումը վաստակի մը շուրջ: Յատկապէս, բանաստեղծութեան պարագային, վաստակի մը մասին խօսիլ՝ անիմաստ կը գտնեմ՝ մինչեւ անհեթեթութիւն…: |
↑3 | Մօր գոգնոցը, Անթիլիաս, հրատ. «Գ. Մելիտինեցի մրցանակ»ի, 2003. Տաճարացում, Երեւան, 2007: |
↑4 | Այս իսկ մեկնակէտով, ներկայ խոյզը իր տեսանկիւնէն զանց կ՚առնէ որակային այսպիսի անհաւասարութիւններ, նաեւ անոնց՝ պահանջկոտ գրասէրին մէջ առթելիք հաւանական անբաւարարութեան զգացումները, ի տես աւարտունի եւ թերաւարտի կողք-կողքի ներկայութեան: |
↑5 | Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. վերջինները՝ Տաճարացում: |
↑6, ↑7 | Բոլորն ալ՝ Մօր գոգնոցը հատորէն: |
↑8 | Բոլորն ալ՝ Մօր գոգնոցը հատորէն: |
↑9 | Հոս նշեմ, կանխելով վարը բերուելիք յստակացումներ, որ այս վերջին կարգի գրութիւններու պարագային, ինչպէս վերեւ կ՚ըսէի որոշ «պատումային»ներու համար, «խորհրդածական» բնորոշումը պայմանական իմաստով կը գործածուի, ճի՛շդ անոնց կատարած ոստումին, զանցումին բերումով: |
↑10, ↑14 | Առաջինը՝ Մօր գոգնոցը. միւսները՝ Տաճարացում: |
↑11 | Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. վերջընթերը՝ Տաճարացում, իսկ վերջինը՝ Տարբերակներ քերթողագիրքի կիսով արձակակերպ փակումը: |
↑12 | Բառը Մարուշէն է. «Սթրոբէ»՝ խորագիրը Տարբերակներ քերթողագիրքի մէկ բաժինին: |
↑13 | Առաջին երեքը՝ Մօր գոգնոցը. միւսները՝ Տաճարացում: |
↑15 | Տարբերակներ, Հալէպ, 1995: |
↑16 | Բնորոշ ենթատողային ներկայութիւններ կը հաստատենք Մարուշի այս գործին մէջ՝ նոյնատիպ գրագէտներու եւ աշխարհներու – նշաններ առաքուած՝ Սարաֆեանի Վենսենի անտառըին, Վ. Օշականի «Մաշտոցին» (Խանգարուած վերելակը)… |